Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Առողջապահական. Աւելի Աշխուժ Ուղեղ Մը Ունենալու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ահաւասիկ 10 դիւրին միջոցներ` աւելի աշխուժ եւ արթուն ուղեղ ունենալու համար

-1-

graine-germee-salade

 

 

 

 

 

 

Օրական ծլած հատեղէն կերէք, անոնք չափազանց հարուստ են կենսանիւթերով եւ հանքայիններով: Զանոնք գործածեցէք կերակուրներու, աղցաններու, կարկանդակներու եւ ապուրներու պատրաստութեան մէջ:

 -2-

Խորո՛ւնկ շնչեցէք, թթուածինը ուղեղին 2 գլխաւոր «վառելանիւթերէն» մէկն է: Խուսափեցէք ապականած վայրերէ եւ բնութեան գիրկը ապաստանեցէք հոն մաքուր օդ շնչելու համար:

-3-

Օրական նուազագոյնը 7 ժամ քնացէք. քունը կը հանգստացնէ յոգնած ուղեղը, կը բարելաւէ կեդրոնացումն ու յիշողութիւնը:

- 4-

Շաքա՛ր կերէք: Այո՛, շաքարէ մի՛ զրկէք ձեր ուղեղը. անիկա կը գործածէ մարմնին կլիւքոզին 60 առ հարիւրը: Անշուշտ պէտք է խուսափիլ շաքարի որոշ տեսակներէն եւ նախընտրութիւնը տալ թարմ պտուղներուն եւ ան ալ` չափաւո՛ր:

-5-

909e5297

 

 

 

 

 

 

Մոցարթ մտիկ ըրէք: Հաստատուած է, որ երաժշտութեան ունկնդրութիւնը կը խթանէ մեր երեւակայութիւնը, յուզումներն ու տրամաբանութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ Մոցարթի գործերը ունկնդրող անձերը աւելի խելացի կ՛ըլլան. եւ ինչո՞ւ չփորձել…

- 6 -

Դուրս եկէք միօրինակ կեանքէն: Միշտ նոր ծրագիրներ մշակեցէ՛ք, ճամբորդեցէ՛ք, մարզաձեւի մը հետեւեցէ՛ք, գծագրութեան կամ ծաղկայարդարանքի դասընթացքներու արձանագրուեցէ՛ք, միութեան մը կամ բարեսիրական կազմակերպութեան մը անդամակցեցէ՛ք:

-7-

manger-du-poisson-ferait-vivre-plus-vieux

 

 

 

 

 

 

Լաւ տեսակի իւղեր սպառեցէք: Լաւ տեսակի ըսելով` կը հասկնանք Օմեկա 3, Օմեկա 6: Առանց վարանումի` կերէք աւոքատօ, ձկնեղէն եւ սպառեցէք ընկոյզի եւ քոլզայի իւղ:

- 8 -

Ամէն առտու հայելիին առջեւ ժպտեցէ՛ք: Արդէն գիտենք խնդուքին բարեգործ ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ: Սակայն, տրուած ըլլալով որ մեր օրերուն մարդիկ շատ ալ խնդալու պատճառ չունին, առնուազն ժպտելու պզտիկ փորձ մը ըրէք ձեր ուղեղին օգտին համար:

-9-

Shopping1_-_Fotolia_36661695_XS

 

 

 

 

 

Սթրես, ապականում, ծխախոտ… այս բոլորը կը նպաստեն ուղեղին կանխահաս ծերութեան: Պաշտպանուելու համար կերէք կենսանիւթերով եւ մասնաւորաբար Սէ. կենսանիւթով հարուստ պտուղներ եւ կանաչեղէններ:

-10-

Հրաժարեցէք ծխախոտէն, խմիչքէն, քնաբեր եւ հանդարտեցուցիչ դեղահատերէն. բոլորն ալ կը վնասեն ուղեղին:

 

 

 

Գեղեցկագիտական

Կիտրոնով Դիմակներ

14618Կիտրոնով պատրաստուած շատ մը դիմակներ կրնան լուծել դէմքի մորթին հետ կապուած հարցեր.

ա.- Մորթին ծակտիկները սեղմելու համար

Հաւկիթի դեղնուցին աւելցուցէք ապուրի դգալ մը մածուն եւ ապուրի դգալ մը ալ կիտրոնի հիւթ, միատեղ խառնեցէք եւ ստացուած միատարր նիւթով ծեփեցէք ձեր դէմքը:

Այս դիմակը կ՛օգնէ մորթին ծակտիկները սեղմելու եւ մանր բշտիկները դարմանելու:

***

Բ.- Մորթը սնուցանելու համար

Կէս կիտրոնի հիւթին աւելցուցէք ապուրի դգալ մը մեղր եւ թէյի դգալ մը ձէթ: Խառնեցէք եւ ստացուած միատարր նիւթով ծեփեցէք ձեր դէմքը:

Այս դիմակը կը սնուցանէ մորթը եւ զայն կը դարձէ աւելի թարմ եւ առողջ:

***

Գ.- Կնճիռները թեթեւցնելու համար

Սուրճի գաւաթ մը խաշած կարմիր լուբիան մաղէ անցուցէք, աւելցուցէք քիչ մը ձէթ եւ կէս կիտրոնի հիւթ, ստացուած խիւսով ծեփեցէք ձեր դէմքը, յատկապէս` կնճռոտ մասերը:

Այս ծեփուկը կը թեթեւցնէ կնճիռները եւ կ՛ուշացնէ նորերուն յայտնութիւնը:

 

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

Ինչպէ՞ս Կտրել
Տարբեր Տեսակի Պանիրները

Երբ պանիրի ափսէն սեղան կը բերուի, կարելի է պանիրները կտրտուած բերել, բայց ինչպէ՞ս կտրտել տարբեր ձեւի, չափի եւ տեսակի պանիրները:

Նախ եւ առաջ պայման է, որ պանիրներու ափսէին կողքին սեղան բերուի յատուկ դանակ կամ դանակներ: Մէկ դանակ բերուելու պարագային նախընտրելի է, որ անոր ծայրամասը երկուքի բաժնուած ըլլայ կտրուած պանիրի կտորը բռնելու եւ պնակին մէջ տեղաւորելու համար:

Կարգ մը պանիրները դիւրին կտրելու համար, պանիրի դանակը տաք ջուրի տակ բռնել, չորցնել եւ ապա գործածել:

Ստորեւ տրուած նկարին վրայ բաւական յստակ կ՛երեւին տարբեր ձեւի պանիրներու կտրուածքները:

 

 

set-couteaux-a-fromage

fromage-decoupe

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Արագ Լուծումներ

Աղի Կերակուր

Եթէ կերակուրի պատրաստութեան ժամանակ սխալմամբ աղի քանակը «փախաւ», մի՛ տագնապիք, առէք միջակ գետնախնձոր մը, կեղուեցէք, լուացէք եւ ապա զայն աւելցուցէք կերակուրին մէջ եւ ձգեցէք, որ հետը եփի: Աւարտին, գետնախնձորը հանեցէք եւ պիտի նկատէք, որ ձեր կերակուրը նախկինին նման աղի չէ:

Եթէ կերակուրի պատրաստութեան ժամանակ սխալմամբ աղի քանակը «փախաւ», մի՛ տագնապիք, առէք միջակ գետնախնձոր մը, կեղուեցէք, լուացէք եւ ապա զայն աւելցուցէք կերակուրին մէջ եւ ձգեցէք, որ հետը եփի: Աւարտին, գետնախնձորը հանեցէք եւ պիտի նկատէք, որ ձեր կերակուրը նախկինին նման աղի չէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Թա՞րմ, Թէ՞

Good-ok-Bad-Egg

Եթէ ժամանակէ մը ի վեր սառնարանը հաւկիթ ունիք եւ կ՛ուզէք ստուգել անոնց թարմութիւնը, խոշոր փոս ամանի մը մէջ ջուր լեցուցէք եւ հաւկիթները մէջը աւելցուցէք: Անոնք, որոնք ամանին յատակը մնացած են, թարմ են: Անոնք, որոնք ջուրին երեսը բարձրացած են, պէտք է անմիջապէս թափել: Անոնք, որոնք ջուրին կէսերուն են, կարելին է առաջին առիթով օգտագործել, սակայն` ո՛չ հում, ո՛չ ալ թերխաշ:

 

 

 

 

 

Այրած Տապակ

dirty-pans

Եթէ ձեր տապակին յատակը այրած է, ճերմակ քացախ եւ պնակեղէն լուալու հեղուկ դեղ դրէք եւ տապակը թեթեւ կրակի վրայ ձգեցէք քանի մը վայրկեան: Տապակը կրակին վրայէն հանեցէք եւ յատուկ սպունգով մը շփելով` մաքրեցէք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Սխտորով Հաց

59456106Բաղադրութիւն

- Ֆրանսական պակեթ հաց կամ որեւէ տարբերակ
- 100 կրամ սենեակի ջերմութեամբ կակուղ կարագ
- Ապուրի դգալ մը մանրուած ազատքեղ
- 4 պճեղ ճզմուած սխտոր
- Սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Փուռը նախապէս տաքցնել 200 ջերմաստիճանով:

Ամանի մը մէջ դնել կակուղ կարագը, ճզմուած սխտորը եւ պատառաքաղով մը ճզմել ու խառնել` միատարր խիւս մը ունենալու համար: Աւելցնել մանրուած ազատքեղը եւ սեւ համեմը ու դարձեալ խառնել:

Շերտուած հացերուն երեսները ծեփել այս խիւսով, ապա իրարու միացնել` հացին սկզբնական ձեւին վերածելով:

Ալիւմինիոմ թուղթի մէջ փաթթել շերտերը եւ տաք փուռին մէջ եփել 5-6 վայրկեան, ապա ալիւմինոմ թուղթը հանել եւ 5 վայրկեան եւս փուռը եփել, որպէսզի հացը քիչ մը կարծրանայ եւ գոյն ստանայ:

Հացի այս շերտերը կը հրամցուին աղցաններու, մսեղէններու եւ ապուրներու կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Երկարիր, Ամպրոպ…

p381Երկարի՛ր, ամպրոպ, եւ հնար տուր ինձ,
Որ կարողանամ քո մէջ մխրճուել.
Որ կարողանամ նորից ու նորից
Քեզ հետ տառապել ու քեզ հետ հրճուել:

Ես յոգնած եմ շատ… հոգուս մէջ աղօտ
Ցոլում է միայն լոյսը թախծութեան,
Իսկ դու խաւարիդ ու հրիդ խաղով
Նման ես այնպէս նախաստեղծութեան:

Ամպերիդ տակից մերթ – մերթ շառաչով,
Շողում, դողում են հրեղէն ծառեր,
Թւում է, թէ մէկն իր ահեղ աջով
Ուզում է այդտեղ դրախտ արարել:

Պարզի՛ր կայծակէ քո ձեռքը մաքուր,
Օգնական եղիր, որ քո գիրկը գամ,
Թափառեմ քո մէջ որպէս շանթ ու հուր
Եւ ամպի նման մի կուշտ հեկեկամ:

Մարգարէները` երկրից հալածուած,
Քո մէջ են, գիտեմ, գտել ապաստան,
Ու թող ինձ որպէս կայծակի հարուած,
Իրենց հրեղէն պատգամները տան:
Ես մաքրութեան եմ այնպէս կարօտել,
Ինձ ոտից գլուխ նորիր ու կնքիր,
Տո՛ւր իմ երակին շանթի շէկ մի թել,
Տո՛ւր խորհրդաւոր հուրը երկնքի:

Եւ այդպէս կնքուած, ցած բեր ինձ վերից,
Դի՛ր իմ հայրենի քարափի թեւին,
Որ կարողանամ ապրել ես նորից,
Որ կարողանամ այրուել ոգեւին…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>