Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Նկարչութիւն, պար, դաշնակ, պասքեթպոլ… մեր օրերու երեխաներուն զբաղումներու ցանկը շա՜տ երկար է: Շատ մայրեր երեխային օրն անգամ նախօրօք կը ծրագրեն, որպէսզի ան ամէն ինչի հասնի:
Բազմազբաղ երեխաներուն առաւօտը կը սկսի «պիտի ուշանաս» զգուշացումով եւ կ՛աւարտի «աճապարէ՛» հրահանգով: Մինչդեռ երեխան կ՛ուզէ խաղալ, վազվզել, չմտածել ժամանակի մասին:
Հոգեբաններու կարծիքով, երեխան արտադպրոցական զբաղումներով ծանրաբեռնելով` ծնողները բազմատաղանդ զաւակներ կ՛ուզեն մեծցնել, նաեւ` իրենց չըրածը իրենց զաւակներուն ճամբով իրականացնել: Մինչդեռ երեխան ծանրաբեռնելով` ծնողները կը խլեն խեղճ երեխաներուն մանկութիւնը, իսկ չափազանցելու պարագային` առողջութիւնը: Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու ծնողքին ակնկալութիւնները չիրագործելու տագնապը` յառաջացնելով աւելորդ վախեր եւ մտահոգութիւններ:
Յաճախ ծնողները միայն ծանրաբեռնելով ալ չեն բաւարարուիր, կ՛ընեն հնարաւորն ու անհնարինը, որպէսզի իրենց զաւակը ըլլայ առաջինը, յաղթէ մրցոյթներուն, ապացուցէ, որ ինք լաւագոյնն է: Հոս եւս կը դրսեւորուի այն իրականութիւնը, որ ծնողները յաճախ կը փորձեն իրենց չիրականացուցած երազները իրենց զաւակներուն ճամբով իրագործել:
Հոգեբանները նաեւ չեն բացառեր, որ այլազան զբաղումներով երեխան ծանրաբեռնելով` վերջինս չի կրնար դրսեւորուիլ յատուկ ուղղութեան մը մէջ:
Ծանրաբեռնուած երեխան չի կրնար ուրախ ըլլալ, օրին մէկը ան կ՛ընդվզի, կը պոռթկայ եւ կ՛որոշէ հրաժարիլ իրեն պարտադրուած բոլոր զբաղումներէն: Անոր առիթ պէտք է տրուի, որպէսզի ընտրէ ի՛ր սիրածը եւ թիւով երկուքը չանցնի:
Պաղ Լոգանքի Բարիքները
Բազմաթիւ ազգեր` ֆինլանտացի, ռուս, թայլանտցի, ճափոնցի, քորէացի, եւ այլն կը հաւատան պաղ լոգանքի բարիքներուն:
Գիտական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ պաղ լոգանքը բարեգործ ազդեցութիւն ունի մեր առողջութեան վրայ:
Սկզբունքը հետեւեալն է. պաղ լոգանք մը առնել առտուն կամ իրիկունը: Սկսիլ տաք կամ գաղջ ջուրի տուշով մը, որ աստիճանաբար պիտի պաղի: Ապա երեք վայրկեան մնալ պաղ ցնցուղին տակ: Անշուշտ նախքան նման քայլի մը ձեռնարկելը` հարկաւոր է դիմել ձեր բժիշկին եւ առնել անոր կարծիքը:
Ահաւասիկ` պաղ լոգանքի բարիքներուն ցանկը.
- Պաղ ջուրը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
- Պաղ լոգանքը կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը:
- Պաղ լոգանքը կ՛այրէ մարմնին իւղերը եւ կ՛օգնէ նիհարնալու:
- Պաղ լոգանքը սքանչելի քնաբեր մըն է:
- Պաղ լոգանքը կը ձերբազատէ ընկճախտէն:
- Պաղ ջուրը փայլք կու տայ մորթին եւ մազերուն:
- Պաղ լոգանքը կը նպաստէ շնչառութեան:
Խոհանոցի Գաղտնիքներէն
Ինչպէ՞ս Կտրտել Եւ
Հրամցնել Սեխը
Ամրան համեղ եւ հիւթեղ պտուղներէն սեխը կարելի է սեղան բերել տարբեր ձեւերով. անոնցմէ ամէնէն ընթացիկը կեղուըուած եւ շերտուած տարբերակն է. սակայն կարելի է միշտ ալ նոր ձեւերու մասին մտածել եւ զարմացնել հիւրերը: Ահաւասիկ` 4 հետաքրքրական գաղափարներ:
![Փայտեայ ցպիկներու վրայ անցած` խոզապուխտի հետ:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/07/melon_au_jambon_de_bayonne.jpg)
Փայտեայ ցպիկներու վրայ անցած` խոզապուխտի հետ:
![Գնդիկներու վերածուած եւ փորուած պատեանին մէջ լեցուած:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/07/melon-porto-640.jpg)
Գնդիկներու վերածուած եւ փորուած պատեանին մէջ լեցուած:
![Վարդի տեսքով:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/07/melon310.jpg)
Վարդի տեսքով:
![Ձմերուկի եւ մոցարելլա պանիրի գնդիկներու հետ:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/07/118737-1.jpg)
Ձմերուկի եւ մոցարելլա պանիրի գնդիկներու հետ:
Խոհագիր
Ստեպղինով Եւ Ճակնդեղով
Աղցան
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
- 500 կրամ քերոցէ անցած ստեպղին
- 500 կրամ քերոցէ անցած ճակնդեղ
- Ապուրի դգալ մը մանրուած անանուխ
- Աղ
- Սեւ համեմ
- Ձէթ
- Քացախ
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը, վրան աւելցնել տաշուած ստեպղինն ու ճակնդեղը եւ խառնել:
Փոխադրել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ եւ երեսը զարդարել մանրուած անանուխով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անյիշատակ Յիշատակներ
Ձեռքեր, դէմքեր, նայուածքներ` կեանքիս մշշոտ խորերէն.
- Լոյսեր, թուփեր ընդծովեայ` որոնք կ՛անցնին յուսաբեկ.
Մերթ կը փորձեն խօսիլ ինձ. կը մօտենան յամրօրէն,
Ու կը դողան, կը հալին, կ՛այլակերպին մէկ առ մէկ:Արնոտ տօներ, անձրեւ, ձիւն, ցեխոտ դիեր. ռումբերէն
Լուսաւորուած քաղաքներ… – Մղձաւանջներ կը կռուին
Հոսանքին դէմ, մերթ վըրաս յամառօրէն կը խուժեն,
Բզկտելով իրար, լուռ` կը յանձնըւին խաւարին:Աչքերս ի զուր կը նային. անհունութիւնն է մահուան.
Ամայութիւն: – Ոչ ծընունդ, ոչ մանկութիւն, այլ անծայր,
Անյիշատակ գոյութիւն: Ոչ հայրենիք, ոչ հայր, մայր,
Այլ անջրպետ մը լըռին, ուր լոկ շուքեր կը ծըփան:Ո՛չ, անցեալի մը չեղան խարիսխ յուշերըս երբեք,
Որ պիտի յոյս տային ինձ, իմաստութիւն. այլ աղօտ`
Կը զգացընեն անոնք միշտ, թէ կեանքը վիհ է ու մէգ,
Եւ ամուլ է ամէն վիշտ, ամէն վայելք ու կարօտ:ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ