Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Տօներ-Աւանդութիւններ. Վարդավառի Տօնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

24-07_Vartavar11Վարդավառի տօնը հազարամեակներու պատմութիւն ունի: Անիկա հայ ժողովուրդի ամենասիրելի տօներէն մէկն է: Նուիրուած է սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկին:

Ինչպէս շատ մը նախաքրիստոնէական տօներ, Վարդավառն ալ վերանուանուած է Պայծառակերպութեան եւ այլակերպութեան տօն, քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունուելէ ետք, սակայն, պահպանած է նաեւ Վարդավառ անուանումը:

Վարդավառի տօնը շարժական է, կը նշուի Զատիկին յաջորդող 14-րդ կիրակին: Ինչպէս խաղողօրհնէքի օրը աւանդաբար կը համարուի խաղողի առաջին համտեսի օր, այնպէս ալ Վարդավառի օրը խնձորի առաջին համտեսի օրն է:

24-07_vardavarԱռասպելի մը համաձայն, անգամ մը Աստղիկ աստուածուհին կը լսէ, որ իր սիրեցեալ Վահագնը ծանր վիրաւորուած է, բոպիկ կը վազէ անոր մօտ: Ճանապարհին, վազելով վարդենիներու մէջէն կը վիրաւորէ ոտքերը, եւ անոր արիւնով կը ներկուին վարդերը: Այդ օրէն կարմիր վարդը սիրոյ խորհրդանիշ համարուած է Հայաստանի մէջ:

Վարդավառի մասին շատ գեղեցիկ տաղ յօրինած է Ժ. դարու բանաստեղծ, փիլիսոփայ, երաժիշտ Գրիգոր Նարեկացին: Ահա այդ տաղէն քառեակ մը.

Գոհար վարդն վառ առեալ ի վեհից վարսիցն արփենից:
Ի վեր ի վերայ վարսից ծաւալէր ծաղիկ ծովային:
Ի համատարած ծովէն պղպջէր գոյնն այն ծաղկին,
Երփին երփնունակ ծաղկին շողշողէր պտուղն ի ճղին:

Բանաստեղծ Յ. Թումանեան իր կարգին գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը ունի «Հիմն Աստղիկին» խորագրով. ահա այդ հիմնէն քառեակ մը.

«Ելնում է ահա Նազելի փառքով
Երկնի խորքերից Սիրոյ Դիցուհին,
Պճնուած կոյսի ճերմակ շղարշով,
Վառուելով իր սուրբ շողերի միջին»:

Կարգ մը ազգագրագէտներու կարծիքով, անցեալին այս տօնը եղած է շատ բազմազան, որմէ այսօր պահպանուած է միայն ջրցօղումը: Իրարու վրայ ջուր ցօղելով` մեր նախահայրերը կը հաւատային, որ կը պաշտպանուէին վախէն եւ հիւանդութիւններէն: Տօնին առիթով նաեւ աղաւնի մը կը թռցնէին եւ տօնածառ կը պատրաստէին` զարդարելով ժապաւէններով, վարդերով, վարունգով եւ խորոված խնձորով:

Տօնին ծիսական ու ուտեստը խորոված խնձորն էր: Հայերը գիշերը պարտադիր խարոյկ կը վառէին եւ խնձոր կը խորովէին: Եկեղեցիներուն դռներն ալ կը զարդարէին վարունգով, վարդով եւ խորոված խնձորով:

 

Աստղիկ Աստուածուհին

24-07_aohrodite_awsomeՀայերու սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհին Աստղիկը, Վահագն աստուծոյ սիրուհին էր: Անոր գլխաւոր մեհեանը կը գտնուէր Տարօն գաւառի Աշտիշատ աւանը եւ կը կոչուէր Աստղկան տաճար:

Աւանդութեան մը համաձայն, երբ Աստղիկը Արածանիի ջուրերուն մէջ կը լոգնար, հայ կտրիճները անոր գեղեցկութեամբ հիանալու համար բլուրներուն վրայ կրակ կը վառէին լոգանքի վայրը լուսաւորելու համար: Բայց աստուածուհին իր շրջապատը մշուշ կը գոյացնէր քողարկելու համար իր մերկութիւնը: Այդ օրէն գաւառը կը կոչուի Մշուշ, իսկ հետագային` Մուշ:

Աստղիկ աստուածուհիի անունը կը կրէ հայկական տոմարի իւրաքանչիւր ամսուան եօթներորդ օրը:

Աստղիկը կը համապատասխանէ յունական Աֆրոտիթէ եւ Հռոմէական Վեներա աստուածուհիներուն:

 

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

Ինչպէ՞ս Կտրտել Եւ Հրամցնել Մանկան

Համեղ, հիւթեղ եւ բուրաւէտ այս պտուղը կտրտելն ու հրամցնելը որոշ ճարտարութիւն կը պահանջէ:

Ճաշի աւարտին, եթէ այլ պտուղներու կողքին մանկա պիտի հիւրասիրէք, թելադրելի է զայն կտրտուած վիճակի մէջ սեղան բերել. իսկ ներկայանալի ձեւով կտրտելու համար հետեւեցէք ստորեւ տրուած երեք նկարներուն, որոնք բաւական յստակ գաղափար մը կու տան ձեզի մանկան կտրտելու տարբեր հանգրուաններուն մասին:

24-07_comment-couper-une-mangue-1

24-07_comment-couper-une-mangue-3

 

 

 

 

 

 

 

 

 

24-07_comment-couper-une-mangue-2

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Դեղձի Անուշ Ելակով
Եւ Կոճապղպեղով

24-07_Peach-Jam1Բաղադրութիւն

- 500 կրամ դեղձ
- 300 կրամ ելակ
- 400 կրամ շաքար
- 15 կրամ թարմ կոճապղպեղ
- 1 կիտրոնի հիւթ

Պատրաստութիւն

Պտուղները լուալ, կեղուել, կուտը հանել եւ կտրտել: Կոճապղպեղը կեղուել եւ շատ մանր մանրել:

Կաթսայի մէջ փոխադրել կտրտուած պտուղները, շաքարը, կոճապղպեղն ու կիտրոնի հիւթը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել շուրջ 40 վայրկեան, մինչեւ որ խառնուրդը քիչ մը թանձրանայ:

Ստուգելու համար, որ եփած է, պաղ պնակի մը մէջ դգալ մը անուշ դնել, պէտք է որ անմիջապէս «քարանայ» եւ չտարածուի:

Պաղէլէն ետք առնուազն մէկ օր սառնարանը պահել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կեանքիս Հեքիաթը

Կեանքիս հեքիաթն ահաւասիկ, պզտի՜կ տղաս.
- Լացող ուռի մը հովանի կ՛ընէր վրաս:

Ծընայ հեռո՜ւն, գետի մ՛ափին կանանչաւէտ,
Ծաղկեցաւ սիրտս` Աստուածածնայ վարդերուն հետ:

Ու ծընած օրս, նրբահասակ հարսի մը պէս,
Կեռասենի մը այգիէն բերին պարտէզ:

Որբ եղնիկի մը նետահար սրտէ՞ն արդեօք
Ծըլած էր այն կեռասենին սրտամորմոք…

Ան կը մեծնար, կը մեծնայի երազօրէն,
Շնչաւորուած աշխարհի սուրբ գաղտնիքներէն:

Դեռ կը ծաղկի՞ ծառը չքնաղ` որ զիս առտուն
Իր ոստերուն մէջ կը ծածկէր իբրեւ թռչուն…

Թեթեւ էի, եւ ձմեռին ճամբաներէն,
Դէպի գարուն կը վազէի զըւարթօրէն:

Օր մըն ալ մեծ փոթորիկէ մը տարուբեր`
Գտայ ինքզինքս անապատին այս առընթեր:

Չեմ գիտեր, ո՞ւր, չեմ գիտեր, ե՞րբ կը վերջանայ
Կեանքիս գիշերն` որուն պայծառ այգն ես հիմա…

Պիտի կրնա՞ս գոցել աչքերն իմ սեւեռուն
Կարօտավառ, հայրենաբաղձ հեռուներուն:

Օտարութեան ցուրտ ափին վրայ, պզտի՜կ տըղաս,
Արմաւենի մը երբ որ շուք ընէ վըրաս…

ԱՐՍԷՆ ԵՐԿԱԹ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>