Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Գէշ հոտող բերնին պատճառները այլազան են` փտած ակռաներ, հիւանդ լինտեր, մարսողական հարցեր, եւ այլն… Բերնին մէջ կան միլիոնաւոր մանրէներ, որոնցմէ պէտք է ձերբազատիլ մաքուր շունչ ունենալու համար:
Ահաւասիկ քանի մը բնական միջոց` բերնին վատ հոտերը չէզոքացնելու համար:
1
Ակռաները խոզանակել
Բերնին մանրէները չէզոքացնելու համար անհրաժեշտ է ակռաները խոզանակել ճաշի ժումերէն ետք: Ակռաներուն միջեւ մնացած ուտելիքի մնացորդները գէշ հոտերու պատճառ կը դառնան:
2
Լեզուն մաքրել
Որքան ալ տարօրինակ թուի, այո՛, լեզուն պէտք է օրական մաքրել դեղարանները վաճառուող փոքրիկ իրով մը` դարձեալ զայն մանրէներէն ձերբազատելու եւ գէշ հոտերը չէզոքացնելու համար:
3
Ջուր խմել
Անհրաժեշտ է օրական առնուազն 1,5 լիթր ջուր խմել, արդարեւ, յաճախ բերնի գէշ հոտը հետեւանք է ջուրի պակասի:
4
Բերանը ցօղուել
Օրական քանի մը անգամ ձեր բերանը ցօղուեցէք պիքարպոնաթ տը սուտով կամ մեխակի գամերով պատրաստուած հեղուկներով:
5
Կիտրոն ուտել
Ազդու միջոց մըն է նաեւ կիտրոնը: Եթէ ձեր շունչը գէշ կը հոտի կեղուըուած կիտրոն կերէք կամ անոր հիւթը խմեցէք:
6
Ազատքեղ ծամել
Իւրաքանչիւր ճաշի ժումէ ետք թարմ ազատքեղ ծամեցէք ձեր շունչը թարմացնելու եւ բերնին գէշ հոտը չքացնելու համար:
7
Մեխակի գամ ծամել
Այո՛, առէք մեխակի գամ մը եւ ակռաներով ծամծմեցէք` մաքուր շունչ ապահովելու համար:
8
Կասիայի փայտիկ ծամել
Բերնին անախորժ հոտերը չքացնելու համար նոյնքան ազդու է նաեւ կասիայի փայտիկ մը ծամելը. փորձեցէ՛ք:
9
Անանուխ ծամել
Թարմ անանուխի քանի մը տերեւ ծամեցէք եւ անմիջապէս կը վերագտնէք ձեր թարմ շունչը:
10
Սուրճի հատիկներ ծամել
Չաղացուած սուրճի հատիկներ ծամեցէք, եւ ձեր բերնէն անմիջապէս կը չքանան գէշ հոտերը:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
![ՄԱՆՐ ԻՐԵՐ ԴԱՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Գրպաններով օժտուած եւ պատէն կախուող այս «կարպետը» կ՛օգնէ մեզի, որպէսզի մանր իրեր մէջտեղները «չթափառին» եւ իրենց չափին համաձայն տեղաւորուին այս կամ այն գրպանին մէջ: Այս կարպետը կարելի է իրագործել կտորներու մնացորդներով: Թէ՛ չափը, թէ՛ գոյներու ընտրութիւնը, եւ թէ գրպաններու ձեւը կախեալ են ձեզմէ:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/07/enhanced-buzz-.jpg)
ՄԱՆՐ ԻՐԵՐ ԴԱՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Գրպաններով օժտուած եւ պատէն կախուող այս «կարպետը» կ՛օգնէ մեզի, որպէսզի մանր իրեր մէջտեղները «չթափառին» եւ իրենց չափին համաձայն տեղաւորուին այս կամ այն գրպանին մէջ:
Այս կարպետը կարելի է իրագործել կտորներու մնացորդներով: Թէ՛ չափը, թէ՛ գոյներու ընտրութիւնը, եւ թէ գրպաններու ձեւը կախեալ են ձեզմէ:
![ԲԱԶԿԱԹՈՌԻՆ ԹԵՒԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՈՂ... Տան մէջ բոլորս ալ ունինք մեզի սիրելի անկիւն մը, ուր կը նստինք կարդալու, պատկերասփիւռ դիտելու կամ ասեղնագործելու: Ահաւասիկ բազկաթոռին թեւին վրայ տեղաւորուող, գրպաններով օժտուած ծածկոց մը` դասաւորելու համար մեր գիրքը, հիւսքի ճաղերը, պատկերասփիւռին հեռավարը կամ այլ իրեր: Նկարը բաւարար խօսուն է այս ծրագիրը իրագործելու համար:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/07/6a00e553bbe52e883401910432ab91970.jpg)
ԲԱԶԿԱԹՈՌԻՆ ԹԵՒԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՈՂ…
Տան մէջ բոլորս ալ ունինք մեզի սիրելի անկիւն մը, ուր կը նստինք կարդալու, պատկերասփիւռ դիտելու կամ ասեղնագործելու: Ահաւասիկ բազկաթոռին թեւին վրայ տեղաւորուող, գրպաններով օժտուած ծածկոց մը` դասաւորելու համար մեր գիրքը, հիւսքի ճաղերը, պատկերասփիւռին հեռավարը կամ այլ իրեր:
Նկարը բաւարար խօսուն է այս ծրագիրը իրագործելու համար:
![ԱՂՏՈՏ ԼԱԹԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ... Ահաւասիկ հնարամիտ գաղափար մը` աղտոտ լաթերը տեղաւորելու համար: Առէք խոշոր չափի պլուզ մը, անոր վարի մասը միացնելով կարեցէք, ապա զայն անցուցէք կախիչի մը վրայ եւ ահա՛ պատրաստ է գործածութեան: Կրնաք ընտրել ննջասենեակին կահոյքին համապատասխանող մանկական նախշերով պլուզ մը, նոյն ձեւով պատրաստել եւ ձեր զաւկին մահճակալին պատէն կախել, որպէսզի գիշերանոցը մէջը զետեղէ:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/07/11371f4bc6d33f7c4ee0212a8a2081be.jpg)
ԱՂՏՈՏ ԼԱԹԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ…
Ահաւասիկ հնարամիտ գաղափար մը` աղտոտ լաթերը տեղաւորելու համար: Առէք խոշոր չափի պլուզ մը, անոր վարի մասը միացնելով կարեցէք, ապա զայն անցուցէք կախիչի մը վրայ եւ ահա՛ պատրաստ է գործածութեան:
Կրնաք ընտրել ննջասենեակին կահոյքին համապատասխանող մանկական նախշերով պլուզ մը, նոյն ձեւով պատրաստել եւ ձեր զաւկին մահճակալին պատէն կախել, որպէսզի գիշերանոցը մէջը զետեղէ:
![ԵԼԵԿՏՐԱԹԵԼԵՐԸ ԱՄՓՈՓԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Որպէսզի ելեկտրաթելերը մէջտեղները չթափառին, կրնաք զանոնք շատ կոկիկ ձեւով ամփոփել: Առէք բաղնիքի թուղթի խաւաքարտէ քլանը, վրան ճաշակաւոր կպչուն կողք մը անցուցէք, ապա մէջը տեղաւորեցէք ձեր ելեկտրաթելը:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/07/99f35ea55ad5003cbe0526847d1edf89.jpg)
ԵԼԵԿՏՐԱԹԵԼԵՐԸ ԱՄՓՈՓԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Որպէսզի ելեկտրաթելերը մէջտեղները չթափառին, կրնաք զանոնք շատ կոկիկ ձեւով ամփոփել: Առէք բաղնիքի թուղթի խաւաքարտէ քլանը, վրան ճաշակաւոր կպչուն կողք մը անցուցէք, ապա մէջը տեղաւորեցէ
Նորաձեւութիւն
Շանէլի Աշուն-Ձմեռ Հաւաքածոն
Շանէլ նորաձեւութեան տան ձեւագէտ Քարլ Լակըրֆէլտ վերջերս Փարիզի մէջ ցուցադրեց յառաջիկայ աշուն-ձմեռ եղանակներու իր հաւաքածոն` Գրիմ եղբայրներու «Սպիտակաձիւնիկը» թեմայով:
Կաթնասպիտակ սրահին կեդրոնը զետեղուած էր ձուաձեւ խոշոր հայելի մը, իսկ տողանցող մանըքէններուն մեծամասնութիւնը կը կրէր սպիտակ հագուստներ:
Հագուստ-զանգակներ… Լակըրֆէլտ կանացի հագուստները ներկայացուցած էր բոլոր հնարաւոր մեկնաբանութիւններով, հասակներով եւ կտրուածքներով:
Բացի ճերմակէն, յատկանշական էր նաեւ պորտօ գոյնի տիրական ներկայութիւնը: Բիւրեղներ, փետուրներ եւ ասեղնագործեր կը զարդարէին Լակըրֆէլտի ստեղծագործութիւնները, որոնք հմայեցին հանդիսատեսները:
Լակըրֆէլտ չէր մոռցած նաեւ Շանէլ տան խորհրդանիշ դարձած թուիտ թայէօրները, որոնք անժամանցելի գլուխ գործոցներ են շատ շատերու համար:
Ինչպէս սովորութիւն է, փառատօնի աւարտին Քարլ Լակըրֆէլտ ներկայացուց հարսանեկան հագուստը` «յղի հարս»-ի կերպարով:
Խոհագիր
Ամառնային Պաղ Ապուր` Վարունգով
Բաղադրութիւն
- 1 քիլօ մածուն
- 2 կիտրոն
- 2 վարունգ
- 1 պճեղ սխտոր
- Թարմ անանուխի ճիւղ մը
- 2 ապուրի դգալ ձիթաիւղ
- Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Վարունգը լուալ, ապա քերոցէ անցընել: Անանուխի տերեւները լուալ, մանրել եւ աւելցնել վարունգին վրայ:
Կէս կիտրոնի հիւթը աւելցնել վարունգին վրայ, նոյնպէս` ձիթաիւղը, ճզմուած սխտորը, աղն ու պղպեղը:
Մածունը լեցնել խորունկ ամանի մը մէջ եւ պատառաքաղով «զարնել» միատարր դարձնելու համար, ապա աւելցնել վարունգին վրայ:
Խառնուրդը սառնարանը պահել առնուազն 3 ժամ: Հրամցնել ներկայանալի բաժակներու մէջ եւ զարդարել վարունգով կամ անանուխի տերեւներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Արցունքները
Արցունքներ կան շիթ շիթ տրտում մելամաղձոտ,
Որոնք կու լան թափթըփելով այտին վրայ,
Ամէն կաթիլ հեծկլտուք մը, կոծ մ՛է թախծոտ,
Իր ցօղին մէջ տառապանք մը կը թրթռայ:Արցունքներ կան պայծառ ու ջինջ եւ անխռով,
Որ արեւու նըշոյլներով կը փողփողեն,
Ծիրանածին անձրեւի պէս հանդարտ ու զով
Երբ որ տեղան, որը բոյր մը կ՛առնէ հողէն:Լուռ, անշըշուկ խորհրդաւոր արցունքներ կան,
Որ կը բերեն հոգւոյս խորէն սիրոյ կարօտ,
Անոնք ցաւեր մեզ կը պատմեն երկայն երկայն,
Թաղուած սէրեր, զոր կնքած է սուգին նարօտ:Արցունքներ կան, որոնք քրքիջ ինձ կը թըւին,
Միշտ գոռացող ամպին նըման փոթորկայոյզ,
Որ փայլակներ թօթափելով ծովին, հովին
Մշուշի պէս կը փարատին կեդրոնախոյս:Արցունք մ՛ալ կայ, որ միշտ կ՛այրէ բայց չի կաթիր,
Հեղուկ բոց մը, բուռն ըսպառիչ, ահեղ կըրակ,
Ցամքած արցունք, որ չի հատնիր մինչեւ մոխիր
Դառնան աչքերն, ըլլայ հոգին կոյտ մ՛աւերակ:Ո՛վ արցունքներ, ամէնքնիդ ալ ես կը ճանչնամ,
Թէեւ դժբախտ իմ օրերուս, յուշերն ըլլաք,
Ջերմ յուզումով ըզձեզ կ՛օրհնեմ ես յարաժամ,
Ձեզմով կը զգամ սրտիս ապրիլն ես շարունակ:ՍԻՊԻԼ