Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Առողջապահական

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Աւոքատոյին պարունակած ասիտ ամինէներուն 70 առ հարիւրը կը գտնուի անոր խոշոր կորիզին մէջ: Կորիզը ինքնին բարիքներու հանք մըն է եւ աժան դեղ մը` շատ մը առողջական հարցերու:

Աւոքատոյին Կորիզին Բարիքները`
Մեր Առողջութեան

1007AvicadoԱնիկա անթիօքսիտան մըն է եւ կ՛ուշացնէ բջիջներուն ծերացումը:

Կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն:

Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:

Կ՛օգնէ ճարպերը այրելու եւ նիհարնալու:

Կը դարմանէ փորհարութիւնը եւ աղիքային անհանգստութիւնները:

Կը թթեւցնէ յօդային եւ մկանային ցաւերը:

Կ՛արգիլէ որոշ ուռերու կազմութիւնն ու զարգացումը:

Կը դարմանէ դէմքին բշտիկները:

Կը պահպանէ մորթին թարմութիւնը եւ զայն երիտասարդ կը պահէ:

Ինչպէ՞ս Գործածել

Աւոտաքոյին կորիզը գործածելու համար նախ հանեցէք անոր բարակ մաշկը, ապա զայն քերոցէ անցուցէք, ստացուած նիւթը թեթեւ կրակի վրայ խորովեցէք եւ պիտի ստանաք կարմրաւուն փոշի մը: Այս փոշիով կրնաք պատրաստել եփուկներ. փոշին 10 վայրկեան եռացնելէ ետք ձգեցէք, որ 5 վայրկեան հանգչի, ապա քամոցէ անցուցէք եւ օրուան ընթացքին խմեցէք:

Նոյն այս փոշին օգտագործեցէք ձեր աղցաններուն, ապուրներուն եւ եղինձներուն մէջ:

Ուշադի՛ր, աւոքատոյի կորիզին չափազանցուած սպառումը կրնայ պնդութիւն պատճառել:

 

Պիստակ Կերէք

1007l-pistache-2Պիստակը գոյութիւն ունէր Ք.Ա. 7000 թուականներուն: Անիկա մշակուած է միջերկրականեան երկիրներու եւ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ: Պիստակը Եւրոպա մուտք գործած է Լուի 14-րդի. օրով, իսկ 20-րդ դարու սկիզբը զայն մշակած են Մ. Նահանգներու մէջ, յատկապէս` Քալիֆորնիա:

Ներկայիս աշխարհի մէջ պիստակի մեծագոյն արտադրողներն են` Իրանը, Մ. Նահանգները, Թուրքիան, Սուրիան, Չինաստանը եւ Յունաստանը:

Բոլորէն սիրուած եւ գնահատուած պիստակը հարուստ է աւելի քան 30 տեսակի կենսանիւթերով եւ հանքայիններով, բայց նաեւ` անթիօքսիտաններով եւ ճարպաթթուներով: Հետեւաբար օրական չափաւոր պիստակ կերէք:

ա.- Հոգեկան ընկճումէ ձերբազատելու համար:

բ.- Լաւ քոլեսթերոլին տոկոսը բարձրացնելու եւ գէշ քոլեսթերոլը պակսեցնելու համար:

գ.- Անակնկալ ակռայի ցաւը մեղմացնելու համար:

դ.- Թոքերու քաղցկեղի հաւանականութիւնը պակսեցնելու համար:

ե.- Տարիքի հետ կապուած աչքի որոշ հիւանդութիւններէ պաշտպանուելու համար:

զ.- Եթէ մարզիկ էք:

է.- Եթէ սննդականոնի կը հետեւիք: Սննդագէտներ կ՛արտօնեն օրական 30 կրամ պիստակ ուտել, ինչ որ կը համապատասխանէ շուրջ 45 պիստակ եւ համազօր է 160 ջերմուժի:

 

Կարմիր Բողկը` Լաւագոյն Ուտելիք

radis_webԳիտնականներն ու սննդագէտները խորհուրդ կու տան կարմիր բողկ ուտել` իր բազմազան յատկութիւններուն համար:

Որքան ալ զարմանալի թուի, կարմիր բողկը արժանացած է լաւագոյն ուտելիքի գնահատանքին:

Բողկի յաճախակի գործածութիւնը կ՛օգնէ հազի, արեան բարձր ճնշման եւ ցած դիմադրողականութեան պարագաներուն: Սէ. կենսանիւթերով եւ կիրով հարուստ այս բանջարեղէնը նաեւ հակաքաղցկեղային ազդեցութիւն ունի, իսկ շնորհիւ մանրաթելերուն` անիկա օգտակար է շաքարախտաւորներուն եւ ստամոքսաաղիքային հարցեր ունեցողներուն:

Բացի կիրէն, կարմիր բողկը հարուստ է այլ հանքայիններով եւ օլիկօ էլեմաններով, ինչպէս` փոթասիոմ, երկաթ, ֆոսֆոր: Եւ բացի Սէ. կենսանիւթէն, անիկա կը պարունակէ Պէ. խումբի (Պէ. 9, Պէ. 3 եւ Պէ. 6) կենսանիւթերը:

Այլ Գործածութիւններ

Ճերմակ բողկին հիւթը օգտագործել դէմքի մորթին գոյնը բանալու համար:

Նոյն նպատակով կարելի է ծեփուկ մը պատրաստել եւ քսել դէմքին, սպասել քառորդ ժամ, ապա առատօրէն ցօղուել: Ծեփուկը պատրաստելու համար պէտք ունիք քերոցէ անցած ճերմակ բողկի, ձէթի եւ կիտրոնի հիւթի:

 

5 Բնական Միջոցներ Արեւի Այրուածքները
Դարմանելու Համար

1007coups-de-soleilԵրկար ժամանակ արեւին տակ մնալէ ետք, եթէ ձեր մորթը չափազանց կարմրած է եւ կը ցաւի, փորձեցէք ստորեւ տրուած հինգ հնարքները:

1

Պիքարպոնաթ տը սուտ

Արեւի այրուածքը մեղմացնելու համար քառորդ գաւաթ գաղջ ջուրի մէջ ապուրի դգալ մը պիքարպոնաթ տը սուտ լուծեցէք եւ ապա մաքուր անձեռոցիկի մը միջոցով այրուածքները զովացուցէք այդ ջուրով:

2

Մածուն

Այրուած մորթին վրայ մածուն քսեցէք եւ ձգեցէք առնուազն քառորդ ժամ, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով: Մածունը թէ՛ կը զովացնէ եւ թէ՛ կը ցաւազրկէ:

3

Ալոէ վերա

Ալոէ վերա բոյսէն պատրաստուած ժելը անվնաս դեղ մըն է արեւի եւ այլ այրուածքներ մեղմելու համար:

4

Գետնախնձոր

Թեթեւ այրուածքներու պարագային, կեղուըւած հում գետնախնձորը քերոցէ անցընել եւ ապա տարածել մորթին վրայ: Օրուան ընթացքին քանի մը անգամ կրկնել:

5

Մեղր

Թեթեւ կարմրութիւններն ու ցաւերը կարելի է մեղմացնել մեղրով: Հեղուկ մեղրը տարածեցէք մորթին վրայ, 10 վայրկեան ձգեցէք, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:

Նաեւ կը թելադրուի`

  • շատ ջուր խմել
  • այրուածքին վրայ սառոյցի կտորներ չդնել
  • բժիշկին դիմել, եթէ այրուածքները ծանր աստիճանի են:

 

Գեղեցկագիտական

Խնձորի Քացախը Կնճիռներու Դէմ

astuces-avec-vinaigre-de-cidreՔիչեր գիտեն, որ խնձորի քացախը երիտասարդութիւնն ու գեղեցկութիւնը պահպանելու ամէնէն արդիւնաւէտն է: Ահաւասիկ պարզ եւ աժան դեղ մը` կնճիռներուն դէմ պայքարելու համար:

Ապուրի դգալ մը խնձորի քացախը աւելցուցէք կէս բաժակ սպեպղինի հիւթին, խառնեցէ՛ք եւ այս հեղուկը քսեցէք ձեր դէմքին` առտու եւ իրիկուն:

Խնձորի քացախը նաեւ խթանող է:

Ամէն առտու ձեր դէմքը օծեցէք բաժակ մը ջուրի հետ լուծուած ապուրի դգալ մը խնձորի քացախով: Եթէ զգայուն մորթ ունիք, ջուրին քանակը աւելցուցէք: Խնձորի քացախը կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը, կը մաքրէ մորթին արատները եւ կ՛ոչնչացնէ մանրէները: Վերջապէս, խնձորի քացախին պարունակած օրկանական թթուները կը հարթեն կնճիռները:

Նշուած հեղուկը կարելի է օգտագործել ամէն առտու` դիմայարդարումէ առաջ: Մէկ շաբաթ ընդմիջումէ ետք կարելի է կրկին օգտագործել:

 

Բնական Միջոցներ Գլխու Ցաւը
Չքացնելու Համար

1007migraineԳլխու ցաւին դէմ պայքարելու համար պէտք է գործի անցնիլ առաջին իսկ ազդանշաններէն. ահաւասիկ` քանի մը բնական միջոցներ, զորս կ՛արժէ փորձել:

1

Խնձորի քացախ

Եթէ գլխու ցաւ ունիք, պաղ ջուրի մէջ ապուրի դգալ մը խնձորի քացախ լուծեցէք, մաքուր անձեռոցիկ մը թաթխեցէք մէջը եւ ապա զայն տեղաւորեցէք ձեր ճակտին եւ քունքերուն: Ապա, հանգստացէք մութ սենեակի մը մէջ:

2

Ոտքերու լոգանք

Տաք ջուրով լեցուն տաշտի մը մէջ գաւաթ մը խնձորի քացախ լեցուցէք եւ տասը վայրկեան ձեր ոտքերը մխրճեցէք այդ ջուրին մէջ:

3

Կիտրոնի շերտեր

Կիտրոնը կլոր շերտեցէք եւ շերտերը շարեցէք ձեր ճակտին եւ քունքերուն վրայ: Ձգեցէք առնուազն 15 վայրկեան:

4

Կիտրոնի նիւթ

Մաքուր անձեռոցիկ մը թաթխեցէք կիտրոնի հիւթին մէջ եւ ապա զայն զետեղեցէք ձեր ճակտին եւ քունքերուն վրայ առնուազն քառորդ ժամ:

5

Գետնախնձոր

Գետնախնձորը կեղուել, լուալ, ապա կլոր շերտել եւ շերտերը շարել ճակտին եւ քունքերուն վրայ: Պայման է, որ այս միջոցին դիմէք ցաւի առաջին իսկ ազդանշաններուն:

6

Լաւանտի իւղ

Խոշոր, փոս ամանի մը մէջ տաք ջուր լեցնել, աւելցնել քանի մը կաթիլ լաւանտի իւղ (huile essentielle): Գլուխն ու ամանը անձեռոցով մը ծածկել եւ շնչել առնուազն 7-10 վայրկեան:

7

Կոճապղպեղ

Գլխու ցաւը չքացնելու համար 150 միլլիլիթր ջուր եռացուցէք, աւելցուցէք կէս սուրճի դգալ փոշի կոճապղպեղ եւ մէկ սուրճի դգալ մեղր. խառնեցէք, լուծեցէք եւ խմեցէք:

8

Նուշ

Գլխու ցա՞ւ ունիք. նո՛ւշ կերէք: Անիկա նոյնքան ազդու է, որքան` ասփիրինը, քանի որ երկուքն ալ սալիսին կոչուած նիւթը կը պարունակեն: Հետեւաբար ասփիրին կլլելու փոխարէն` 10-12 հատ նուշ կերէք:

9

Շնչել եւ արտաշնչել

Առէք թուղթէ տոպրակ մը (կերպընկալէ հրաժարիլ) ձեր քիթն ու բերանը դրէք անոր ծայրամասին եւ սեղմեցէք. ապա խորունկ շնչեցէք եւ արտաշնչեցէք տոպրակին մէջ: Ասիկա շատ ազդու միջոց է շատերուն համար. սակայն եթէ անհանգիստ զգաք, մի՛ շարունակէ՛ք:

 

Խոհագիր

Մեքսիքական Աղցան

1007Mexican-Bean-SaladԲաղադրութիւն` 4 անձի համար

- 200 կրամ կարմիր լուբիա
- Պզտիկ տուփ մը եգիպտացորեն
- Կէս հատ թարմ կանաչ պղպեղ
- Կէս հատ թարմ կարմիր պղպեղ
- 1 սոխ
- 1 պճեղ սխտոր
- 12 հատ կուտը հանուած սեւ ձիթապտուղ
- Ապուրի դգալ մը մանրուած ազատքեղ
- 3 ապուրի դգալ ձէթ
- 1 սուրճի դգալ պալսամիք քացախ
- 1 ապուրի դգալ քեչափ
- Քիչ մը թապասքօ (կծու թացան)
- Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Սոխը մանրել, սխտորը ճզմել եւ պղպեղները քառակուսի կամ բարակ ցպիկներու ձեւով կտրտել:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` խառնելով քացախը, աղը եւ սեւ համեմը: Աւելցնել ձէթն ու քեչափը եւ պատառաքաղով մը ուժգին խառնել: Թապասքոն աւելցնել ըստ ճաշակի:

Աղցանի ամանին մէջ խառնել լուբիան եւ եգիպտացորենը, աւելցնել մանրուած պղպեղները, սոխն ու սխտորը: Աւելցնել թացանը եւ խառնել:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Տաղ Անձնական

1007Yeghishe TcharentsԹողած Կարսում գետի ափին, տունս` շինուած անտաշ քարով,
Կարսը թողած, Կարսի այգին ու հայրենի երկինքը մով
Եւ Կարինէ Քոթանճեանին անգամ չասած մնաս բարով -
Անց եմ կենում հիմա օտար քաղաքների ճանապարհով:

Անց եմ կենում, շուրջս մարդիկ, շուրջս դէմքեր հազա՜ր-հազա՜ր:
Շուրջս աշխարհն է աղմկում, մարդկային կեանքն անհաւասար.-
Եւ ո՞վ կ՛ասի` ինչո՞ւ ես դու,- ո՞վ կ՛ասի, թէ ուր հասար,
Դէմքերը ախ, բութ են այնպէս` կարծես շինուած են տապարով:

Գորշ, տաղտկալի ու խելագար երգ է կարծես այս կեանքը մի,
Ինչ որ մէկի սրտում բացուած վէրք է կարծես այս կեանքը մի,
Եւ ո՞ւմ համար, էլ ո՞ւմ համար կարօտակէզ երգ է հիմի
Սիրտս` լցուած տարիների սեղմ արճիճով ու կապարով:

Բայց շուրջս թող որքան կ՛ուզէ աշխարհը այս խնդայ, ցնդի
Ես հաշմանդամ ու խելագար ու յաւիտեան վտարանդի`
Դէպի երկի՜նք պիտի գնամ, դէպի եզերքը Ամենտի -
Իմ բարձր, հին ու աստղային երազների ճանապարհով…

Ու էլ ամէ՛ն մեղքի համար սիրտս հիմա ունի ներում.
Պիտի անդարձ ես հեռանամ, պիտի գնամ` ա՛չքս է հեռուն.
Թէ Կարինէ Քոթանճեանին տեսնէք Կարսի փողոցներում -
Ասէ՛ք նրան Չարենցն ասաւ – մնաս բարո՜վ, մնաս բարո՜վ…

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>