Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Լաւ Ծնողք Դառնալու 10 Պատուիրանները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

happy-family-lifeԾնողները միշտ ալ փափաքած են, որ իրենց զաւակը ունենայ երջանիկ մանկութիւն եւ պայծառ յիշողութիւններ` իր մանկութեան մասին, որոնք պիտի դառնան անոր անհատականութեան հիմքը: Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը խորհուրդ, որոնք կ՛օգնեն ըլլալու լաւ ծնող եւ երեխային ապահովել երջանիկ մանկութիւն:

1

Սէր` առանց նախապայմաններու:

Ձեր երեխան կրնայ բարկացնել, նեղացնել ձեզ, սակայն անոր նկատմամբ ձեր սէրը պէտք չէ խախտի: Նաեւ կարելի չէ երեխային ըսել, թէ զինք կը սիրէք, եթէ… Երեխան պէտք է վստահ ըլլայ, որ ինք իր ծնողներուն ուրախութիւնն է` անկախ ամէն բանէ:

2

Երեխային հետ ժամանակ անցընել:

family-playing-chessՄեծերուն ձանձրալի կը թուի երեխային հետ անցուցած ժամանակը: Մէկ-երկու ժամ կարելի է ուրախանալ երեխային խաղերով, շարժումներով, իսկ յետոյ…

Բայց իրականութիւնն այն է, որ երեխային հետ անցած իւրաքանչիւր ժամ կը հարստացնէ անոր մանկութեան յիշողութիւններուն շտեմարանը: Այնպէս որ, պարզապէս միշտ երեխայի կողքին եղէք, միասին ժամանակ անցուցէք:

3

Արգիլել միայն այն, ինչ կը սպառնայ երեխային անվտանգութեան:

Ծնողներուն համար ամենադիւրին բանը արգիլելն է. որքան երկար ըլլայ «արգիլուած»-ներու շարքը, այնքան աւելի հանգիստ կ՛ըլլան ծնողները: Սակայն այս ձեւով մանկութեան մասին երեխային կը մնան միայն «բանտային» յուշեր:

Արգիլեցէք միայն այն, ինչ կը սպառնայ երեխայի կեանքին կամ անվտանգութեան:

4

Երեխաները կ՛ընդօրինակեն իրենց ծնողները:

Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր զաւակը կոկիկ ըլլայ, պէտք է օրինակ ծառայէք անոր: Երեխաները յաճախ կ՛ընդօրինակեն իրենց ծնողները` թէ՛ լաւ եւ թէ՛ վատ արարքներով: Ձեր վարքը ամէնէն արդիւնաւէտ դաստիարակչական միջոցն է:

5

Փորձեցէք հասկնալ եւ ընդունիլ ձեր զաւկին «արկածախնդրութիւնները»:

Մեծերու չափանիշներով, բոլոր երեխաները խելագարներ են: Պարզապէս անոնց աշխարհը տարբեր է. այն, ինչ մեծերը յիմարութիւն կը համարեն, փոքրիկներուն համար չափազանց կարեւոր եւ հետաքրքրական է: Որքան ալ ծիծաղելի թուի ձեր զաւկին ցանկութիւնները, փորձեցէք լուրջի առնել եւ անոր թափը մի՛ կոտրէք:

6

Յարգեցէք երեխային անհատականութիւնը:

Ձեր երեխան լուրջի առէք: Անոր հետ յաճախ «խորհրդակցեցէք», առէք անոր կարծիքը: Դժուար թէ երեխան յստակ ձեւաւորէ իր միտքերը, սակայն տպաւորութիւնը, որ ինք կը մասնակցի որոշումներու կայացման, եւ որ իր կարծիքը նկատի կ՛առնուի, կը բարձրացնէ անոր ինքնավստահութիւնը եւ նաեւ յարգանքը` ծնողներուն հանդէպ:

7

Բացատրեցէ՛ք:

Ամէնէն գէշ պատասխանը, որ կրնաք տալ երեխային. «Դուն դեռ պզտիկ ես, չես հասկնար»-ն է: Փորձեցէք պատասխանել երեխային հարցումներուն, բացատրել անոր համար անհասկնալին, ան կը գնահատէ ձեր վերաբերմունքը:

8

Հոգատա՛ր եղէք:

Մեծերը օրական գոնէ չորս անգամ գրկխառնութեան կարիք ունին, իսկ երեխաները` շատ աւելի: Մի՛ վարանիք ձեր երեխային աւելորդ սէր ցուցաբերելու, գրկեցէ՛ք ու շոյեցէ՛ք, քաղցր խօսքեր ըսէք անոր:

9

Փափկանկա՛տ եղէք:

Մի՛ քննարկէք ձեր երեխային վերաբերող հարցերը անոր ներկայութեան. ատիկա կ՛ամչցնէ երեխան, զայն անյարմար վիճակի մէջ կը դնեն:

10

Երեխային տուէք ձեր լաւագոյնը:

Երեխային տուէք ոչ թէ աշխարհի երեսին լաւագոյնը, այլ` լաւագոյնը, որ կայ ձեր մէջ: Երբ կը փորձէք երեխային նիւթապէս ապահովել, յիշեցէք, որ միշտ ալ կը գտնուին մարդիկ, որոնց երեխաները աւելի ապահովուած են, աւելի առաւելութիւններ ունին:

Պարզապէս ձեր կարողութեան սահմաններուն մէջ օգնեցէք անոր, ձեր նուէրները թող ըլլան ձեր ուժերուն ներած չափով: Երեխան կը գնահատէ այդ մէկը եւ ձեզ կը համարէ աշխարհի լաւագոյն ծնողք:

 

Ձեռային Աշխատանք

Հինը Նորի Վերածել

Եթէ հին թի-շըրթներ ունիք, մի՛ թափէք զանոնք. մկրատի քանի մը հարուածով կրնաք վերածել սիրուն վզնոցներու. ահաւասիկ` հետաքրքրական օրինակ մը:

Ձեր թի-շըրթին վարի մասէն սկսելով` համաչափ երիզներ կտրեցէք, մինչեւ որ հասնիք թեւերուն փորուածքին:

Ձեր թի-շըրթին վարի մասէն սկսելով` համաչափ երիզներ կտրեցէք, մինչեւ որ հասնիք թեւերուն փորուածքին:

recycler_tee_shirt_collier

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խմբեցէք ստացուած բոլոր օղակները եւ հանգոյցներուն բաժինը հաստատեցէք նոյն թի-շըրթէն աւելցած երիզի կտորով մը, եւ ահաւասիկ վզնոցը պատրաստ է:

Խմբեցէք ստացուած բոլոր օղակները եւ հանգոյցներուն բաժինը հաստատեցէք նոյն թի-շըրթէն աւելցած երիզի կտորով մը, եւ ահաւասիկ վզնոցը պատրաստ է:

Ապա իւրաքանչիւր երիզ ծայրամասերէն բռնելով` քաշեցէ՛ք, որպէսզի ոլորուն դառնան:

Ապա իւրաքանչիւր երիզ ծայրամասերէն բռնելով` քաշեցէ՛ք, որպէսզի ոլորուն դառնան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ինչպէ՞ս Լաւ Պահել Պանիրները

Ինչպէս բոլոր կաթնեղէնները, պանիրները համեղ, սակայն նուրբ եւ դիւրին փճացող ուտելիքներ են: Ահաւասիկ կարգ մը թելադրանքներ` զանոնք երկար ատեն թարմ պահելու համար:

1

Boite-a-fromageԼաւ ծրարել

Իւրաքանչիւր պանիր պէտք է առանձին փաթթել, նախընտրաբար` իր իսկական ծրարին թուղթով: Կարգ մը պանիրներ կարելի է առանձին եւ կափարիչով օժտուած տուփիկներու մէջ տեղաւորել եւ սառնարանը տեղաւորել:

Թելադրելի է որոշ պանիրներ (Պրի, քամամպեր…) կերպընկալ թողթի մէջ փաթթելով «չխեղդել». անոնց կեղեւները շնչելու կարիք ունին:

2

Սառնարանը պահել

Բոլոր պանիրները սառնարանը պէտք է պահել, բանջարեղէնի գզրոցին մէջ, ուր թէ՛ ջերմաստիճանը եւ թէ՛ խոնաւութիւնը շատ յարմար են զանոնք ժամանակ մը թարմ պահելու:

Սեղան բերելու համար պանիրները 45 վայրկեան առաջ սառնարանէն դուրս պէտք է հանել, որպէսզի սենեակի ջերմաստիճանին անոնք իրենց բոյրն ու համը վերագտնեն:

groupCheese3

Արագ սպառել

Յանձնարարելի է պանիրները երկար չպահել: Նախընտրելի է քիչ քանակութեամբ գնել եւ յաճախ նորոգել զանոնք:

4

Պահել «կեղեւը»

Կարգ մը պանիրներ (Պրի, քամամպեր…) «կեղեւ» կ՛ունենան, երբե՛ք չհանէք զայն, քանի որ անիկա կը պահպանէ անոնց համն ու բոյրը:

 

Պանիրները Ինչպէ՞ս Հրամցնել

plateau-de-fromagesԵթէ ճաշի մը աւարտին պանիր պիտի հրամցնէք, զանոնք շարեցէք պանիրի յատուկ բաց ամանի մը մէջ, որ ապակեայ կամ փայտեայ կրնայ ըլլալ:

Պանիրի ափսէ մը յարդարելը քիչ մը ճաշակ, քիչ մըն ալ երեւակայութիւն կ՛ենթադրէ:

Կարելի է պանիրի ափսէն զարդարել ընկոյզով, խաղողի փոքրիկ ողկոյզներով, պակեթ հացի շերտերով, չոր միրգերով, անշուշտ` առանց շատ խճողելու:

Կարգ մը պանիրներ, ինչպէս` ռոքֆորն ու պլէօն, լաւ կը յարմարին թուզին հետ:

 

Խոհագիր

Դդումով Եւ Ոլոռնով Ձուածեղ

18346_lԲաղադրութիւն

- Դդում մը` խորանարդաձեւ կտրտուած
- Կէս գաւաթ սառած ոլոռն
- Կանաչ սոխ մը` մանր մանրուած
- Ապուրի դգալ մը ձէթ
- Ապուրի դգալ մը կարագ
- 6 հատ զարնուած հաւկիթ
- 50 կրամ ֆեթա փշրուած պանիր
- Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Յատակը չփակչող, 25 սմ. տրամագիծով տապակի մը մէջ տաքցնել ձէթը, աւելցնել դդումը, սոխն ու ոլոռնը: 10 վայրկեան ետք կրակին վրայէն հանել եւ մէկ կողմ դնել:

Նոյն տապակին մէջ, յատակը թուղթէ թաշկինակով մաքրելէ ետք, հալեցնել կարագը, աւելցնել հաւկիթը, աղել, համեմել: Միջակ կրակի վրայ 2-3 վայրկեան եփել, փայտեայ դգալով մը տեղ-տեղ ճեղքեր բանալով: Երբ զգաք, որ ձուածեղը եփած է պանիրին կէսը վրան տարածել:

Ձուածեղին երկայնքին դդումով միջուկը տարածել, աւելցնել մնացեալ պանիրը եւ ձուածեղին երկու կողմերը դէմ-դիմաց ծածկել:

Հրամցնել աղցանի եւ խորոված հացի շերտերու կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Եւ Արժէ՞ր Արդեօք

… Եւ արժէ՞ր արդեօք, որ աշխարհ գայիր:
Մի տուն, մի գլուխ պահելու համար,
Ժամանակաւոր
Մի անմահութիւն շահելու համար
Արժէ՞ր, որ այդքան կորուստներ տայիր:

Արժէ՞ր, որ այդքան ժայռեր փշրէիր
Քարքարոտ մի հուն մտնելու համար,
Պարզ ու նախնական
Մի ճշմարտութիւն կրկնելու համար,
Մի բուռ ինքնութիւն գտնելու համար
Արժէ՞ր, որ այդքան, այդքան փրփրէիր:

Արժէ՞ր, որ այդքան դու քեզ քրքրէիր,
Երբ որ ուժերդ չէին ներելու`
Քո իսկ էութեան
Փախած բեւեռներն իրար բերելու,
Արժէ՞ր, որ այդքան հոգսեր կրէիր:

Երբ ամպրոպի պէս չէիր պայթելու,
Չէիր վանելու այս մեղկ մարդկութեան
Եւ մարդու մեղքերն` աշխարհից հեռու,
Արժէ՞ր, որ այդքան դու որոտայիր,
Եւ արժէ՞ր արդեօք, որ աշխարհ գայիր:

Հ. ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>