Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Իրեր, Որոնց Կարելի Է Երկրորդ Կեանք Մը Տալ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տան մէջ կարգ մը իրեր որոշ ժամանակ մը ետք կը դառնան անգործածելի, զանոնք անմիջապէս մի՛ թափէք, քանի որ անոնց երկրորդ կեանք մը կրնաք տալ` այլ նպատակով գործածելով: Ահաւասիկ` քանի մը օրինակ.

1 Լոգանքի ժամանակ մազերը ջուրէն պաշտպանող գլխարկը կարելի է ժամանակ մը ետք օգտագործել ճամբորդութեան ընթացքին մէջը զոյգ մը կօշիկ տեղաւորելով եւ ճամբորդական պայուսակին մէջ զետեղելով:

1
Լոգանքի ժամանակ մազերը ջուրէն պաշտպանող գլխարկը կարելի է ժամանակ մը ետք օգտագործել ճամբորդութեան ընթացքին մէջը զոյգ մը կօշիկ տեղաւորելով եւ ճամբորդական պայուսակին մէջ զետեղելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

2 Օճառի կերպընկալէ տուփ մը կրնայ շատ լաւ լուսանկարչական գործիքի տուփ ծառայել ծովափը` աւազէն պաշտպանելու համար, կամ` ճամբորդութեան ընթացքին:

 

3 Աչքի ոսպնեակներու տուփիկը կրնայ վերածուիլ դեղահատի տուփիկի` դիւրաւ տեղաւորուելով ձեռքի պայուսակին կամ գրպանին մէջ:

3
Աչքի ոսպնեակներու տուփիկը կրնայ վերածուիլ դեղահատի տուփիկի` դիւրաւ տեղաւորուելով ձեռքի պայուսակին կամ գրպանին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

5 Թափանցիկ ըմպեղէգներ կարելի է անցընել ծաղիկներուն ցօղուններուն վերջամասերուն, եթէ ծաղկամանին համեմատ ցօղունները կարճ են եւ չեն տեղաւորուիր:

5
Թափանցիկ ըմպեղէգներ կարելի է անցընել ծաղիկներուն ցօղուններուն վերջամասերուն, եթէ ծաղկամանին համեմատ ցօղունները կարճ են եւ չեն տեղաւորուիր:

4 Ակնոցի աման մը ժամանակ մը ետք կարելի է վերածել եղունգի խնամքի ծառայող իրերու տուփի:

4
Ակնոցի աման մը ժամանակ մը ետք կարելի է վերածել եղունգի խնամքի ծառայող իրերու տուփի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սննդագիտական

5 Համոզիչ Պատճառներ
Սխտոր Եւ Սոխ Ուտելու Համար

4a5eba292ffbfbfb0c6bfc6cb86c5fdb1

Քաղցկեղի դէմ

Թէ՛ սոխը եւ թէ՛ սխտորը կը պարունակեն ֆլաւոնոիտներ, որոնք շատ զօրաւոր անթիօքսիտաններ են. հետեւաբար մեր մարմինը կը պաշտպանեն զանազան տեսակի քաղցկեղներէ: Իսկ Չինաստանի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, առատօրէն սխտոր ուտողները 60 տոկոսով պաշտպանուած կ՛ըլլան քաղցկեղէն:

2

Ժահրերու դէմ

Սխտորը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կ՛օգնէ, որ աւելի արագ ձերբազատինք հարբուխէն եւ կրիփէն. կը թելադրուի պճեղ մը սխտոր կլլել հարբուխի  առաջին ազդանշանին հետ…

Սխտորին կողքին, սոխի ապուրը եւս կը թեթեւցնէ կրիփը:

3

Գէշ քոլեսթերոլին դէմ

Սխտորը յատկութիւնը ունի «գէշ» քոլեսթերոլին տոկոսը նուազեցնելու` միաժամանակ բարձրացնելով լաւին տոկոսը: Նոյն յատկութիւնը ունի նաեւ սոխը` հում ուտելու պարագային: Հետեւաբար կարելի է զայն օգտագործել աղցաններու եւ սենտուիչներու մէջ:

4

Սրտանօթային հիւանդութիւններուն դէմ

Սխտորը կ՛իջեցնէ արեան գերճնշումը, իսկ սոխը կ՛արգիլէ արեան թանձրացումը եւ երակներու խցումը:

5

Հանքայիններ կը հայթայթէ մարմնին

Թէ՛ սոխը եւ թէ՛ սխտորը մեր մարմնին կը հայթայթեն բազմաթիւ հանքայիններ, ինչպէս` զինկ, մանկանեզ, պղինձ եւ ծծումբ:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Գիտելիքներ

Փուռը Ինչպէ՞ս Մաքրել

cuisiniere-inductionԻւրաքանչիւր գործածութենէ ետք պէտք է հիմնովին մաքրել տան փուռը, որպէսզի իւղերն ու աղտերը չքարանան, բայց մանաւանդ մանրէները հեռու մնան:

Ահաւասիկ` քանի մը գործնական թելադրանքներ.

ա.- Փուռը գործածութենէն անմիջապէս ետք պէտք է մաքրել: Ներսի տաքութիւնը հալեցուցած կ՛ըլլայ իւղերն ու աղտերը եւ դուք նուազ ժամանակ կը տրամադրէք զայն մաքրելու համար:

բ.- Նախքան մաքրութեան սկսիլը` դուրս հանեցէք մէջի դարաններն ու ափսէները:

գ.- Փուռ մաքրելու ամէնէն դիւրին եւ արագ միջոցը խանութներու մէջ վաճառուող յատուկ սփրէյներն են. անոնց փրփրոտ բաղադրութիւնը կարճ ժամանակի մէջ կը չէզոքացնէ աղտերը:

դ.- Փուռը կարելի է մաքրել նաեւ ջուրի մէջ լուծուած պիքարպոնաթ տը սուտով:

Կարեւոր յիշեցումներ.-

Երեխաներու ներկայութեան փուռ մի՛ մաքրէք, փուռին տաքութիւնը եւ գործածուող դեղերը կրնան վնասել ձեր երեխաներուն:

Նախքան մաքրութեան ձեռնարկելը` ձեր ձեռքերը պաշտպանեցէք ձեռնոցներով, իսկ աչքերը` ակնոցով:

Դուռ-պատուհան բաց ձգեցէք, որպէսզի դեղերուն հոտերը չշնչէք:

  • Վստահ եղէք, որ մաքրութեան դեղի հետքեր չմնացին դարաններուն եւ պատերուն  վրայ, ի հարկին թաց լաթով մը կրկին մաքրեցէք:

 

Խոհագիր

Այծի Պանիրով Եւ Վարունգով
Պատառիկներ

2d529084-1159-4ce4-bbd1-da1ea4dfb8b6Բաղադրութիւն

- 2-3 վարունգ
- 250 կրամ այծի պանիր
- 250 կրամ սեւ ձիթապտուղ (կուտը հանուած)
- 1 պճեղ սխտոր (ճզմուած)
- Ձէթ
- 2 ապուրի դգալ մանրուած կանաչ սոխ
- Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Վարունգները երկայնքին կտրել` 1 սմ. թանձրութեամբ, ապա կիսել երկուքի:

Պանիրը ճզմել եւ աւելցնել մանրուած սոխը:

Ձիթապտուղները մանր կտրտել, աւելցնել ձէթը եւ ճզմուած սխտորը: Կարելի է աղը զանց ընել եւ բաւարարուիլ սեւ համեմ աւելցնելով:

Վարունգի առաջին շերտին վրայ տարածել ձիթապտուղով խառնուրդը, վրան դնել վարունգի շերտ մը եւ վրան տարածել պանիրով խառնուրդը եւ վերջացնել վարունգի երրորդ շերտով մը:

Նախքան բաց պնակի մը մէջ շարելը` ափով թեթեւ ճնշեցէք իւրաքանչիւրին վրայ:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Չես Գիտեր Հիմա

Չե՜ս գիտեր հիմա, բայց վաղը` գուցէ,
Մըտածում մը խոր` ճակատըդ պայծառ
Մութ ու ակօսուած դաշտի վերածէ,
Նետէ հոն բուռ-բուռ ցաւեր անհամար:

Վաղը, շրթներուդ կրակն այս` գուցէ,
Դառնայ անկենդան մոխրակոյտ մը լոկ.
Խենդ հով մ՛աշունի զայն քիչ-քիչ ցրուէ,
Թողու քեզ մինակ` ցուրտին անողոք:

Եւ հասակդ հըպարտ` գուցէ օրէ օր
Թեքուի դէպի հող, ծեր ծառ մը ինչպէս,
Ու դառնայ ըստուեր մ՛աներազ, անզօր,
Տրտում ալ ծաղկող կեանքերուն ի տես:

Հրայրքն աչքերուդ` օր մը, վաղ կամ ուշ,
Մարի՜ պիտի ալ, ու գոլն այսօրուան,
Գիտցիր, վերջապէս դառնայ պիտի յուշ,
Երբ շուրջդ ուրիշներ կեանքով կ՛արբենան:

Տենչերէն իր վառ, խինդերէն վայրի,
Օր մը սիրտըդ երբ ալ դատարկ ըլլայ,
Նըման հընձըւած արտին ցորեանի,
Հոգիդ այնտեղ զո՜ւր պիտի սէրն իր լայ…:

Չե՜ս գիտեր հիմա, իսկ երբ գաս ուշքի,
Պիտի ետ դառնալն անհընա՜ր ըլլայ…
Թեւաբաց տարիքդ ինչպէ՜ս կը փախչի,
Վա՜յ եթէ ապրիլ դուն զայն չկրցար:

ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>