Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1
Երբ երկինքը ամպոտ է, արեւահար ըլլալու վտանգ չկայ:
Սխա՛լ: Ամպերը որոշ տոկոսով մը կը պաշտպանեն մեզ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն. հետեւաբար բոլոր նախզգուշութիւնները պէտք է առնել նոյնիսկ ամպոտ օդին:
2
Երբ հովանոցի տակ եմ, 100 տոկոսով պաշտպանուած եմ:
Սխալ: Ճիշդ է, որ հովանոցը մասամբ կը պաշտպանէ արեւէն, սակայն գետնի աւազը ճառագայթներուն մէկ մասը ետ մեզի կը ղրկէ. հետեւաբար պէտք է պաշտպանուիլ նոյնիսկ հովանոցի տակ:
3
Օրուան որոշ ժամերուն արեւը ա՛լ աւելի վնասակար է:
Ճիշդ: Ժամը 12:00-էն յետմիջօրէի ժամը 4:00-ը անդրմանիշակագոյն ճառագայթները չափազանց զօրաւոր կ՛ըլլան եւ մանաւանդ` վտանգաւոր: Եթէ այս ժամերուն ծովափը գտնուիք, պաշտպանուեցէք յատուկ սերերով, արեւի ակնոցով եւ գլխարկով:
4
Կարգ մը ուտելիքներ կ՛օգնեն, որպէսզի մորթը լաւ գոյն առնէ:
Ճիշդ: Յատկապէս` ստեպղինը, ծիրանը, լոլիկը, սեխը…
5
Երբ ջուրին մէջ ենք, արեւահար ըլլալու վտանգ չկայ:
Սխալ: Թաց մարմինը ա՛լ աւելի զգայուն կ՛ըլլայ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու թափանցումէն, իսկ ջուրի կաթիլները խոշորացոյցի դեր կատարելով` աւելի եւս կը շեշտեն ճառագայթներուն ազդեցութիւնը:
6
Երբ մորթը պղնձագոյն դարձած է, ալ կարելի է պաշտպանող սերերէն հրաժարիլ:
Սխալ: Երբեք պէտք չէ դադրիլ արեւէն պաշտպանող սեր գործածելէ, բայց կարելի է փոխել սերին տեսակը, որուն վրայ նշուած կ՛ըլլայ պաշտպանութեան աստիճանը: Հոս կ՛արժէ նշել, որ արեւէն պաշտպանող սերերը կը կրեն որոշ յապաւումներ եւ թիւեր, որոնք ցոյց կու տան անոնց պաշտպանութեան աստիճանները: Կարելի չէ նոյն սերը գործածել ծովափ երթալու առաջին երեք օրերուն եւ շաբաթ մը ետք:
7
Արեւը մորթին բշտիկները դարմանող միակ դեղն է:
Սխալ: Եթէ արեւը կը չորցնէ եւ ժամանակաւորապէս կը չէզոքացնէ բշտիկները, անգամ մը որ մորթը իր նախկին գոյնը վերագտնէ, բշտիկները կը վերայայտնուին:
8
Ծովափը ժամը անգամ մը պէտք է վերանորոգել արեւէն պաշտպանող սերը:
Ճիշդ: Արեւը, հովը, աւազն ու ջուրը պատճառ կ՛ըլլան, որ սերը իր ազդեցութիւնը կորսնցնէ, հետեւաբար թելադրելի է ժամը անգամ մը կրկին սերով օծուիլ:
Առողջապահական
Ի՞նչ Է Արեւահարութիւնը
Արեւահարութիւնը առաջին աստիճանի մորթի այրուածք է, որուն պատճառը չափազանցուած ձեւով արեւին ճառագայթներուն պարզուիլն է գեղեցիկ գոյն ստանալու նպատակով:
Արեւահարութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին վրայ կարմիր արատներ յայտնուին եւ խնդրոյ առարկայ անձին ցաւեր պատճառեն: Այս արատները կը յայտնուին արեւին պարզուելէ քանի մը ժամ ետք, ապա մորթը կը սկսի կեղուըուիլ:
Աւելի յառաջացած պարագաներու մորթին վրայ կը յայտնուին ուռեցքներ. պէտք չէ զանոնք պայթեցնել, որպէսզի բորբոքում չյառաջանայ:
Արեւահարութիւն մը միջին հաշուով 2-3 օր կը տեւէ. զայն դարմանելու համար պէտք է մորթը ծեփել յատուկ սերով, հրաժարիլ արեւին պարզուելէ եւ չփորձել պայթեցնել մորթին վրայ յայտնուած ուռեցքները:
Արեւահարութիւն մը շատ աւելի ծանր կրնայ ըլլալ, եթէ արեւին վնասակար ճառագայթները թափանցած ըլլան մորթին խոր խաւերը. նման պարագայի անպայման բժիշկին պէտք է դիմել:
Արեւահարութիւնը, յաճախակի կրկնուելու պարագային, կրնայ խնդրոյ առարկայ անձին մօտ մորթի քաղցկեղ յառաջացնել:
Փաստուած է, որ բաց գոյն մորթ ունեցող անձերը աւելի զգայուն են արեւի ճառագայթներուն եւ աւելի ենթակայ` արեւահարութեան:
Խունկը` Քաղցկեղի Դէմ Պայքարի Նոր Միջոց
Լեաթերա համալսարանի գիտնականները կը պնդեն, որ խունկը օժտուած է զարմանալի յատկութեամբ. անիկա կ՛օգնէ քաղցկեղի դէմ պայքարին:
Խունկը ունի հակաբորբոքային յատկութիւն: Գիտնականները խունկը փորձարկած են քաղցկեղի բջիջներու վրայ եւ պարզուած է, որ անիկա կը սպաննէ վերոյիշեալ բջիջները: Խունկը յատկապէս օգտակար է ձուարանի քաղցկեղի պարագային:
Խունկը կ՛օգտագործուի ոչ միայն կրօնական ծիսակատարութիւններուն, այլեւ` գեղեցկագիտական արտադրութիւններու պատրաստութեան մէջ: Անցեալին խունկը կ՛օգտագործուէր ժողովրդային բժշկութեան մէջ:
Վերջապէս նշենք, որ խունկին ծուխը ունի նաեւ հակաընկճախտային ազդեցութիւն:
Ինչո՞ւ Կարեւոր Է Մաքրել Լեզուն
Օրական լեզուն մաքրելը անհրաժեշտ է բերնին խոռոչը մաքուր եւ առողջ պահելու համար:
Լեզուին ետեւի մասին վրայ «կը բնակին» վնասակար մանրէներ, որոնք յաճախ բերնէն գէշ հոտ գալու պատճառ կը դառնան: Եթէ օրական մաքրէք ձեր լեզուն, կը վերացնէք նաեւ ակռաներու վրայի նստուածքը, մանրէները, սնունդի մնացորդները, իսկ շնչառութիւնը կը դառնայ թարմ:
Լեզուն ճիշդ ձեւով մաքրելու համար պէտք է գնել այդ նպատակին ծառայող յատուկ իր մը, որ կարելի է գտնել հանրախանութներու կամ դեղարաններու մէջ: Լեզուն պէտք է մաքրել սահուն, նուրբ շարժումներով, սկսելով ներսէն դէպի ծայրամաս: Թելադրելի է վերջաւորութեան բերանը ողողել համապատասխան հականեխիչ հեղուկով:
Աղը` Ընկճախտի Դէմ
Աղի մեծ քանակը մեր օրկանիզմին մէջ կը վնասէ առողջութեան, իսկ անոր պակասը լուրջ անդրադարձ կ՛ունենայ մեր հոգեվիճակին վրայ:
Միացեալ Նահանգներու գիտնականներ փորձ մը կատարած են մուկերու վրայ: Գիտնականները զանոնք բաժնած են երկու խումբերու, մէկ խումբին տուած են աղի բնական քանակ պարունակող սնունդ, միւս խումբին` գրեթէ անլի սնունդ:
Փորձէն քանի մը շաբաթ ետք, այն մուկերը, որոնց տրուած էր անլի կերակուր, արձանագրած են ֆիզիքական գործունէութեան նուազում: Նոյն խումբին մօտ նկատուած է նաեւ ընկճախտի նախանշաններ, զբաղումներ, որոնք նախապէս հաճելի էին, արդէն դարձած են նուազ գրաւիչ եւ մուկերը օրէ օր նուազ ժամանակ կը տրամադրէին այդ զբաղումներուն:
Աղի պակասը նման ազդեցութիւն կ՛ունենայ նաեւ մարդու օրկանիզմին վրայ: Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդիկ միշտ ալ աղի մեծ քանակութիւն կ՛օգտագործեն, քան ինչ որ բժիշկները կը թելադրեն: Իսկ վիճակագրական տուեալներով, մենք օրական կ՛օգտագործենք 10 կրամ աղ, իսկ բնական քանակը 4-8 կրամն է:
Հաւկիթը Կը Բարելաւէ Յիշողութիւնը
Ամերիկացի գիտնականները կը պնդեն, որ հաւկիթի պարբերաբար օգտագործումը կրնայ կանխել յիշողութեան կորուստի գործընթացը:
Հետազօտութեան մը ընթացքին կամաւորներուն կէսը իրենց ամէնօրեայ սննդակարգին մէջ ներառած են հաւկիթ, իսկ մասնակիցներու միւս հատուածէն պահանջած են սննդակարգէն բացառել հաւկիթը: Բոլոր մասնակիցներուն հետ յիշողութեան քննութիւն մը անցընելէ ետք պարզուած է, որ անոնք, որոնք հաւկիթ չեն կերած, յիշողութեան յստակ բացթողումներ ունեցած են, ի տարբերութիւն անոնց, որոնք ամէն օր հաւկիթ կերած են:
Գիտնականները հաւկիթի օգտագործման դրական անդրադարձը ուղեղին վրայ բացատրած են անով, որ այդ սննդամթերքին մէջ առկայ են երկու անթիօքսիտաններ:
Նշենք, որ այլ հետազօտութիւններ անցեալին ցոյց տուած են, որ հաւկիթը դրական ազդեցութիւն ունի մեր մտաւոր կարողութիւններուն վրայ:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
![2 Արդէն երկարավիզ մոյկերուն եղանակը վերջացած է: Որպէսզի զանոնք լաւ վիճակով պահէք եւ յառաջիկայ ձմեռ նորի պէս վերագտնէք, իւրաքանչիւրին մէջ մէկական կերպընկալէ շիշ զետեղեցէք, որպէսզի ծալքեր չկազմուին:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/06/9e841104f118a32f06f469fe8037e2ab.jpg)
2
Արդէն երկարավիզ մոյկերուն եղանակը վերջացած է: Որպէսզի զանոնք լաւ վիճակով պահէք եւ յառաջիկայ ձմեռ նորի պէս վերագտնէք, իւրաքանչիւրին մէջ մէկական կերպընկալէ շիշ զետեղեցէք, որպէսզի ծալքեր չկազմուին:
![Եթէ չենք ուզեր, որ ճաշի պատրաստութեան ժամանակ դգալը սահի ու կաթսային մէջ իյնայ, պարզապէս կրնանք լաթակալի մը միջոցաւ դգալը տեղը հաստատ պահել:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/06/clothespins.jpg)
Եթէ չենք ուզեր, որ ճաշի պատրաստութեան ժամանակ դգալը սահի ու կաթսային մէջ իյնայ, պարզապէս կրնանք լաթակալի մը միջոցաւ դգալը տեղը հաստատ պահել:
![4 Թուղթէ թաշկինակի պարապ տուփերը մի՛ թափէք, զանոնք օգտագործեցէք խոհանոցը, շուկայի կերպընկալէ տոպրակները անոնց մէջ տեղաւորելու համար: Այսպիսով, տոպրակները մէկիկ-մէկիկ դուրս կը քաշէք եւ կը գործածէք:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/06/enhanced-9610-1393266701-13.jpg)
4
Թուղթէ թաշկինակի պարապ տուփերը մի՛ թափէք, զանոնք օգտագործեցէք խոհանոցը, շուկայի կերպընկալէ տոպրակները անոնց մէջ տեղաւորելու համար: Այսպիսով, տոպրակները մէկիկ-մէկիկ դուրս կը քաշէք եւ կը գործածէք:
![3 Որպէսզի կանաչ սոխը երկար դիմանայ, զայն գլխիվար զետեղեցէք պաղ ջուրով լեցուն ապակեայ շիշի մը մէջ:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/06/edef0370f7958aa0285b3a7ad4df142c.jpg)
3
Որպէսզի կանաչ սոխը երկար դիմանայ, զայն գլխիվար զետեղեցէք պաղ ջուրով լեցուն ապակեայ շիշի մը մէջ:
Խոհագիր
Մածունով Դդում
Բաղադրութիւն
3-4 դդում (կլոր շերտուած)
3 հատ կանաչ սոխ (մանր մանրուած)
2 ապուրի դգալ չոր անանուխ
1/2 ապուրի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
1/2 ապուրի դգալ աղ
1/2 ապուրի դգալ սեւ, աղացուած պղպեղ
Քառորդ գաւաթ ձէթ
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել վերը յիշուած բաղադրութիւնները:
Ափսէի մը յատակը ձէթով ծեփել եւ խառնուրդը ափսէին մէջ տարածել:
Եփել 180 ջերմաստիճանով` 25-30 վայրկեան:
Հրամցնել` վրան կամ կողքին սխտոր-մածուն աւելցնելով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ատում Եմ
Ատում եմ
Ովքեր ուրիշի տուածն են քանդում`
Իրենց պէտք եղած գերանի համար.
Ովքեր ուրիշի ծառերն են ջարդում`
Մի բուռ չհասած ծիրանի համար,
Ովքեր համայնքի ծովից են խօսում,
Բայց դէպի իրենց լճակն են հոսում.
Ատում եմ նաեւ այն խելօք սուսիկ - փուսիկութիւնը,
Որտեղ դժուար է տարբերել անգամ երեսն աստարից.
Ինչ խօսքեր ասեմ ես այն ձեռագրին,
Որ չի հասկացւում, բայց կարդացւում է…
Ինչքան բան կայ կեանքում ատելի
Ես չգիտէի…Պ. ՍԵՒԱԿ