Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Կենցաղավարութիւն. Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1

setting_summer_tableԵրբ ճաշի հիւր ընդունինք, պայման է, որ սեղանին սփռոցը կտորէ ըլլայ:

Ճի՛շդ. կարելի չէ թուղթէ կամ մոմլաթէ սփռոց օգտագործել երբ ճաշի հիւր ունինք: Անձեռոցիկները նոյնպէս պէտք է կտորէ ըլլան:

2

Պատառաքաղը կը զետեղենք պնակին աջին:

Ո՛չ. պատառաքաղը կը զետեղենք պնակին ձախին, ակռաները դէպի վեր, իսկ դանակը պնակին աջին` կտրող շեղբը դէպի պնակը:

3

Ջուրի գաւաթը կը զետեղենք ձախին:

Ճի՛շդ. ջուրին բաժակը, որ միւսներէն մեծ կ՛ըլլայ, կը զետեղենք ձախին, իսկ գինիին բաժակը` աջին: Գաւաթները պէտք չէ շրջել:

4

Նախքան ջուրի կամ խմիչքի բաժակը գործածելը` թելադրելի է բերանը անձեռոցիկով մաքրել:

Ճի՛շդ. ոչ միայն խմելէ առաջ, այլ նաեւ խմելէ ետք թելադրելի է բերանը անձեռոցիկով մաքրել` բաժակը կարելի եղածին չափ մաքուր պահելու համար:

5

Երբ զգանք, որ մեր բերնին մէջ փուշ կայ, պատառաքաղին ծայրով կը հանենք:

Ճի՛շդ. երբեք ձեռքով չենք հաներ բերնին փուշը: Առանց ուշադրութիւն գրաւելու` լեզուով զայն շուրթերուն կը հասցնենք եւ ապա պատառաքաղին ծայրով կը հանենք զայն ու կը զետեղենք մեր պնակին ծայրը:

6

Շատ մը ուտելիքներ կարելի է ձեռքով ուտել:

Ո՛չ. բացի հացէն, խաղողէն եւ կեռասէն` մնացեալ բոլոր ուտելիքները (կարկանդակ, պտուղ, խմորեղէն, մսեղէն…) պէտք է ուտուին դգալով, դանակով, պատառաքաղով:

7

Պէտք չէ ատամնակրկիտ զետեղել սեղանին վրայ:

Ճի՛շդ. ատամնակրկիտի գոյութիւնը թոյլատրելի չէ սեղանին վրայ, ինչպէս նաեւ` ատամնակրկիտով ակռաները մաքրելը:

8

Երբ ճաշը աւարտենք, դանակն ու պատառաքաղը զուգահեռ պնակին մէջ կը դնենք:

Ո՛չ. ճաշի աւարտին դանակն ու պատառաքաղը ժամը 4:00-ը 20 անցի ուղղութեամբ, պատառաքաղին ակռաները դէպի վար կը զետեղենք պնակին մէջ:

9

Կարելի չէ կերակուր մը մերժել, նոյնիսկ եթէ չենք սիրեր զայն:

Ճի՛շդ. անքաղաքավարութիւն է կերակուր մը մերժելը, կարելի է շատ փոքր քանակութեամբ առնել եւ ուտել:

10

Ընթրիքի աւարտին պէտք չէ յոգնութիւնը ցոյց տալ:

Ճի՛շդ. մինչեւ հիւրերը ճամբելը պէտք է մնալ ժպտուն եւ ուշադիր` իւրաքանչիւր հիւրի նկատմամբ: Հիւրերը պէտք է առաջնորդել մինչեւ դուռ, առանց աճապարանքի, անոնցմէ վայրկեան առաջ ձերբազատելու տպաւորութիւնը չձգելու համար:

 

Համոզիչ Պատճառներ Երեխան
Մօր Կաթով Սնուցանելու Համար

1

4752-20091012130305Մօր կաթը կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ է. անիկա երեխային կ՛ապահովէ ամբողջական սնունդ: Մօր կաթը նաեւ կը զօրացնէ երեխային մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կը պաշտպանէ շատ մը հիւանդութիւններէ:

2

Լուրջ ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ մօր կաթով սնած երեխաներ հետագային աւելի փայլուն արդիւնքներ կ՛ապահովեն դպրոցական քննութիւններուն:

3

Մայրական կաթը աւելի գործնական է. անիկա միշտ թարմ է, պէտք եղած ջերմաստիճանով եւ վայրկենական պատրաստ:

4

Մայրական կաթով սնուցանելը նաեւ մեծ առաւելութիւն է մօր համար, քանի որ անիկա որոշ պաշտպանութիւն մը կ՛ապահովէ ստինքի եւ ձուարաններու քաղցկեղին դէմ, նաեւ կը պաշտպանէ օսթէոփորոզէն` ոսկորներու պարպումէն եւ տկարացումէն:

5

Մայրական կաթով սնուցանելը նաեւ կ՛օգնէ մօր, որպէսզի քիչ-քիչ կորսնցնէ յղութեան պատճառով իր կուտակած քիլոները:

6

Մայրական կաթով սնուցանելը սերտ կապ կը ստեղծէ մօր եւ երեխային միջեւ: Վերջինս, անկախ ստացած հաճոյքէն, նաեւ կը զգայ աւելի շրջապատուած եւ ապահով:

7

Նաեւ խնայողական է: Այո՛, մօր կաթը աժան, գրեթէ ձրի է, մինչ շուկայէն գնուած կաթերը կոկիկ պիւտճէ մը կ՛ենթադրեն, յատկապէս` սահմանափակ մուտքով զոյգերուն համար:

8

Մայրական կաթով սնուցանելը նաեւ օգտակար է կենսոլորտին: Կաթը մօրմէն կ՛անցնի ուղղակի երեխային: Չկան աւելորդ ծրարումներ (տուփ, շիշ…), չկան նաեւ մսխում եւ ապականում:

 

Այլազան

Մարիա Շարափովա

13998Ռուս մարզիկ Մարիա Շարափովա վերջերս Փարիզի մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով շահեցաւ Ֆրանսայի թենիսի բաց առաջնութեան` «Ռոլան կարոս»-ի բաժակը:

Իր յաղթանակը վայելելէ ետք, Շարափովան երեկոյեան լուսանկարուած է Էյֆելեան աշտարակին առջեւ, ուր հարիւրաւոր լրագրողներ եւ համակիրներ հաւաքուած էին մօտէն տեսնելու եւ լուսանկարելու գեղեցիկ մարզիկը:

Շարափովա, որ երկու ձեռքով հպարտօրէն կը կրէր «Ռոլան կարոս»-ի շքեղ բաժակը, հագած էր Ճէյ Ահր կարճ հագուստ մը եւ կը կրէր Քրիսթիան Լուպութէն կօշիկներ:

Նշենք, որ եզրափակիչ խաղին Մարիա յաղթեց ռումանացի Սիմոնա Հալեփին:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

66973_344196409023436_89786465_n1

Ապահով կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշի մը մէջ նարինջի կեղեւ եւ ճերմակ քացախ լեցուցէք, կափարիչը գոցեցէք եւ շուք ու զով տեղ մը առնուազն 2 շաբաթ պահեցէք: Ստացուած հեղուկը ջրմուղ շիշի մը մէջ լեցուցէք եւ տան մէջ սփռեցէք ապականած օդը մաքրելու, կերակուրի հոտը չէզոքացնելու եւ տան մէջ հաճելի բոյր տարածելու համար:

481941_261462480630163_818920335_n2

Եթէ ձեր շապիկին կամ տաբատին վրայ մելանի արատ մը կայ, զայն մաքրեցէք հեղուկ կաթով: Խոշոր բամպակի կտոր մը կաթի մէջ թաթխեցէք եւ ապա մելանի արատին թեթեւ հարուածներ տալով ջանացէք մաքրել զայն:

1006366_419908658118877_766559033_n3

Որպէսզի ձեր երեխան ապահով խաղայ լոգարանին մէջ, զայն նստեցուցէք քառանկիւն տաշտի մը մէջ, որ առհասարակ կը գործածէք չորցած լուացքը, երեխային խաղալիքները կամ այլ իրեր դասաւորելու համար:

2405329455_36b0da5e9c_o4

Եթէ սառցարանին մէջ կերպընկալ տոպրակով յօշած միս պիտի պահէք, միսը տոպրակին մէջ զետեղելէ ետք տափակցուցէք, ապա խորովածի շամփուրի օգնութեամբ քառակուսիներ ձեւաւորեցէք: Այսպիսով, կրնաք ամէն անգամ միսէն կտոր մը գործածել` առանց ամբողջութիւնը հալեցնելու:

 

Սեխ Ընտրելու 5 Հնարքներ

2_1094432_eԶովացնող, քաղցր եւ հիւթեղ սեխը ամրան ամէնէն փնտռուած պտուղներէն մէկն է: Ահաւասիկ 5 հնարքներ` լաւ սեխ մը ընտրելու համար:

1.- Երբ սեխ մը ընտրէք, առէք ձեր ափին մէջ եւ կշռելու պէս շարժումներ ըրէք: Որքան սեխը ծանր զգաք, այնքան անիկա հիւթեղ ու քաղցր ըլլալու հաւանականութիւնը ունի:

2.- Ստուգեցէք սեխին պոչիկը, եթէ անիկա բաժնուելու վիճակին մէջ է, կը նշանակէ, թէ սեխը հասած է եւ կրնաք ուտել:

3.- Երբ սեխը ձեր ափերուն մէջ առնէք, հոտ քաշեցէք,  պէտք է որ քաղցր բոյր մը գրաւէ ձեզ:

4.- Խուսափեցէք կակուղ սեխերէն. իսկ կեղեւին ողորկ կամ խորտուբորտ ըլլալը համին վրայ չ՛ազդեր:

5.- Սեխին արտաքին, շերտաւոր գիծերը մեծ նշանակութիւն ունին: Համեղ սեխ մը առնուազն տասը գիծ պէտք է ունենայ եւ որքան գիծերը խորունկ ըլլան, այնքան սեխը համեղ կ՛ըլլայ:

 

Խոհագիր

Սեխի Գնդիկներ Քարամելով Եւ Շուշմայով

billes-de-melon-carameliseesԲաղադրութիւն

- Սեխ մը
- 3 ապուրի դգալ հանքային ջուր
- 250 կրամ կտոր շաքար
- 1 սուրճի դգալ կիտրոնի հիւթ
- 1 սուրճի դգալ կիտրոնի հիւթ
- Քիչ մը շուշմայ

Պատրաստութիւն

Յատուկ դգալով (քուիյէր փարիզիէն) սեխի գնդիկներ ձեւաւորեցէք, ապա զանոնք ցամքեցուցէք ծծուն թուղթի վրայ:

Սեխի գնդիկները զոյգ-զոյգ փայտէ ցպիկներու վրայ անցուցէք:

Հաստ յատակով կաթսայի մը մէջ դրէք շաքարը, աւելցուցէք հանքային ջուրը, կիտրոնի հիւթը եւ թեթեւ կրակի վրայ ձգեցէք` առանց խառնելու. երբ քարամէլի վերածուի, կրակին վրայէն հանեցէք եւ աւելցուցէք կիտրոնի հիւթը` քարամէլին եփը կեցնելու համար:

Ցպիկի վրայ անցած սեխերը հեղուկ քարամելին մէջ թաթխեցէք, ապա փոխադրեցէք ամանի մը վրայ եւ ձգեցէք որ քարամելը կարծրանայ:

Վերջապէս, սեխի գնդիկները զարդարել շուշմայով եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մի լուռ խորհուրդ է կատարւում իմ մէջ.
Ուզում եմ հիմա, երկիր Հայաստան,
Ճանաչել հեռուից
Քարերը քո հին,
Ճանաչել լեզուդ,
Որին հաղորդ են խորհուրդ ու գաղտնիք,
Դարերդ անցեալ,
Որոնք տեսել են
Քո կոթողների քարէ շքերթը,
Քո խաչքարերը,
Աստուածայինը քո գեղեցկութեան,
Որի ծնկները ջարդել են, աւաղ…
Մի լուռ խորհուրդ է կատարւում իմ մէջ.
Կարօտում եմ քեզ,
Թէկուզ քեզանից ես յուշեր չունեմ:
Սակայն թւում է,
Թէ այդ յուշերը եղել են ու կան
Եղունգներիս տակ
Եւ, աներեւոյթ,
Արտաբուրել են
Ծագման,
Գահերի
Եւ արեան շունչը:
Երկիր Հայաստան,
Քեզ ունեմ, առանց քեզ ունենալու…
Քո քայլքն եմ լսում,
Քո հառաչանքը,
Շառաչը ծովի,
Որ արտասուել է սեւ դագաղներով:
Եւ քո խիտ յուզման
Ծիծաղն եմ լսում:
Մի լուռ խորհուրդ է կատարւում իմ մէջ.
Ու ես փռում եմ
Իմ յուզումների մագաղաթը մեծ,
Որ նրա վրայ երգդ սկսեմ
Ճանաչելով քո քարերը վայրի:

ԱԼԻՍԻԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>