Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մարդ կը սորվի իր սխալներէն, սակայն հնարաւոր եղածին չափ պէտք է խուսափիլ անոնցմէ, իսկ խուսափելու համար պէտք է նախօրօք իմանալ, թէ ի՛նչ դժուարութիւններու եւ իրավիճակներու առջեւ կարելի է գտնուիլ:
Ահաւասիկ` քանի մը օգտակար թելադրանքներ:
-1-
Երբեք մեղաւոր մի՛ զգաք առաջնեկին հանդէպ, դուք երկու երեխայ ունիք, հաւասարապէս կը սիրէք զանոնք, երկուքին ալ արտայայտուեցէք այդ մասին, գրկեցէք, գուրգուրացէ՛ք, գորովալի խօսքեր ըսէք անոնց:
-2-
Նորածին երեխան խնամելու համար առաջնեկը ուրիշին խնամքին մի՛ յանձնէք, նոյնիսկ եթէ ան ձեր մայրը, քոյրը կամ մտերիմ ընկերուհին է:
-3-
Ձեր զաւակները իրարու հետ մի՛ համեմատէք:
Ամէն երեխայ անհատականութիւն է եւ տարբեր մօտեցում կը պահանջէ:
-4-
Յաճախ առաջնեկը կ՛ուզէ հոգ տանիլ եւ կամ գրկել նորածինը. մի՛ բարկանաք եւ մի՛ արգիլէք: Պարզապէս բացատրեցէք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ նորածինին հետ: Առաջնեկը դարձուցէք ձեր վստահելի օգնականը:
-5-
Եղէք զուսպ եւ երեխաներէն մէկը մի՛ յանդիմանէք միւսին ներկայութեան:
-6-
Եթէ ձեր երեխաները տարբեր սեռերու կը պատկանին, անոնց միջեւ տարբերութիւն մի՛ դնէք: Երկուքը սիրեցէք հաւասարապէս եւ նոյնանման վերաբերում ցուցաբերեցէ՛ք:
-7-
Յաճախ ծնողները չեն կողմնորոշուիր` միջամտե՞լ երեխաներու վէճերուն… ասիկա կախեալ է տուեալ պահու իրավիճակէն: Միջամտելու պարագային, երկուքին ալ առիթ տուէք արտայայտուելու եւ համբերութեամբ բացատրեցէք իւրաքանչիւրին սխալը:
Գործնական Գիտելիքներ.
Գէշ Հոտերը Չէզոքացնել
Առանց Քիմիականներու
Զանազան պատճառներով տան մէջ յաճախ անախորժ հոտեր ի յայտ կու գան. զանոնք չէզոքացնելու մեր առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ անուշ հոտ սփռող սփրէյ մը գործածել, քանի որ վայրկենական է եւ դիւրին: Կան սակայն նոյնքան դիւրին եւ մանաւանդ առողջապահական միջոցներ` խոհանոցէն, սառնարանէն, բաղնիքէն գէշ հոտերը վանելու:
-1-
Տան ապականած օդը մաքրելու համար տարբեր սենեակներու մէջ զետեղեցէք մէկական նարինջ, կիտրոն կամ կրիֆոն, որոնց վրայ մեխակի գամեր հաստատած ըլլաք: Անոնց շուրջ ժապաւէն մը կապելով` կրնաք նաեւ տեղէ մը կախել:
-2-
Սառնարանին մէջի կերակուրի հոտերը չէզոքացնելու համար օգտագործեցէք պիքարպոնաթ տը սուտը: Փոքրիկ, փոս ամանի մը մէջ քիչ մը լեցուցէք եւ զետեղեցէք սառնարանին մէկ անկիւնը:
-3-
Պահարաններուն մէջի ապականած օդն ու հոտը չէզոքացնելու համար թիւլ ծրարիկի մը մէջ կիտրոնի, նարինջի կտրտուած կեղեւներ զետեղեցէք եւ դրէք խոհանոցի կամ հագուստի պահարաններուն մէջ:
-4-
Մանրալիքը հականեխելու եւ գէշ հոտերը չէզոքացնելու համար դռնակը ամբողջ գիշեր մը բաց ձգեցէք, ապա 3 կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք ջուրով լեցուն փոս ամանի մը մէջ եւ գործիքը աշխատցուցէք 3 վայրկեան:
-5-
Աղբամանին գէշ հոտերը չէզոքացնելու համար, նախքան կերպընկալ տոպրակը անցընելը, յատակին քիչ մը պիքարպոնաթ տը սուտ ցանեցէք եւ կամ քանի մը կաթիլ ճերմակ քացախ կաթեցուցէք:
-6-
Ծխախոտին անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար դափնիի չոր տերեւներ այրեցէք: Գաւաթի մը մէջ թարմ նարինջի հիւթ լեցուցէք, աւելցուցէք նարինջին կեղեւին տաշուքները եւ պտղունց մը կասիա: Գաւաթը զետեղեցէք սենեակին կեդրոնը:
-7-
Ձեր գորգը անուշ չի՞ հոտիր… անոր մակերեսին պիքարպոնաթ տը սուտ ցանեցէք, ամբողջ գիշեր մը ձգեցէք եւ յաջորդ օրը փոշեծծիչով մաքրեցէք:
-8-
Բաղնիքը գէ՞շ կը հոտի, անմիջապէս 1-2 լուցկի վառեցէք եւ հոտը վայրկենական կը չքանայ:
Խոհագիր
Տուրմով Խմորեղէն
Այսօրուան խոհագիրին պատրաստութիւնը ձեզմէ ընդամէնը կը խլէ 5 վայրկեան. եփի տեւողութիւնն է 10 վայրկեան4 աժան է եւ դիւրին:
Բաղադրութիւն
– 1 ծրար ոլորուած փաթ ֆէօյըթէ խմոր
– Որեւէ տեսակի տուրմ` ըստ ճաշակի
– 1 հաւկիթ
– 50 կրամ հալած կարագ
Պատրաստութիւն
Փուռը նախապէս տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Խմորը բանալ եւ ձեւաւորել 4 քառանկիւններ` 11×13սմ.:
Վրձինով մը հալած կարագը ծեփել խմորներուն վրայ, ապա իւրաքանչիւրին երկայնքին տուրմ շարել, ոլորել եւ ծայրամասերը լաւ գոցել` հեղուկ կաթով:
Խմորները շարել իրարմէ հեռու` փուռ գացող ափսէի մը մէջ, երեսը ծեփել հաւկիթով եւ եփել տաք փուռին մէջ շուրջ 10 վայրկեան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Լոյսը
Կ՛երթամ աղբի՜ւրը լոյսին…
Ուղին երկար է, սալարկուած է ուղին
Կայծքարերով, ցանկուած` մուրտի փուշերով.
Ուղին շեղ է ճառագայթի մ՛հանգունակ:
Անկէ կ՛ելլեմ յենլով դողդոջ ծունկերուս,
Եւ ծունկերէս, զոր գամեցին եղբայրներս,
Արիւնըս տաք կը բըղխի:
Հեւքն է` կուրծքիս, թարթիչներուս վրայ` փոշին:
Սիրտըս սափորն է դատարկ,
Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին…Լոյսը մարմարն է երկնային հանքերուն,
Որով Արուեստն, անմահական երազով,
Կը քանդակէ ձիւնամարմին աստուածներ:
Իր ծոցին մէջ կը ծընին
Մռայլ Տանթէներն ու Հոմերները հըսկայ,
Զոր գիշերուան մէջ խորին
Բանաստեղծները կը խըմեն աստղերէն`
Որ նըւագեն ցերեկուան մէջ` Մարդերուն:
Ան ամէնո՜ւն զինքը կու տայ, ամէնո՜ւն
Կը բաժնըւի, եւ կը մընայ անբաժան
Նըշխարքին պէս.- ան նըշխարքն է` որ կ՛իջնէ
Ամէն առտու, սեղաններուն վըրայ մեր,
Մարդեղութեան արիւնլըւայ խորհուրդին:
Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին…ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
(Հատուած)