Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կը սիրեմ ճամբորդել զանազան վայրեր, յաճախ եւ փոխադրական բոլոր միջոցներով: Կը սիրեմ կարդալ եւ ժամանակ անցընել ընտանիքիս եւ սիրած անձերուս հետ»: Ահա այսպէս կը ներկայացնէ ինքզինք Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որ յառաջիկայ նոյեմբեր 1-ին եւ 5 տարուան համար պիտի ստանձնէ եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատարի պաշտօնը:
41 տարեկան Մողերինին ծնած է Հռոմ, քաղաքական գիտութիւններ ուսանած է տեղւոյն Սափիենզայի համալսարանին մէջ եւ կը տիրապետէ 4 լեզուներու:
21 տարեկանէն սկսեալ Մողերինին նետուած է քաղաքական ասպարէզ, անդամկացած է զանազան կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու: 35 տարեկանին ընտրուած է երեսփոխան, իսկ փետրուար 2014-ին նշանակուած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար: Ան Էմմա Պոնինոյէն եւ Սուսաննա Ակնելլիէն ետք երրորդ կինն է, որ ստանձնած է այս կարեւոր պաշտօնը:
Մողերինին պիտի յաջորդէ Քեթըրին Աշթընին, բայց արդէն իսկ ամբաստանուած է ռուսամէտ կեցուածքներ ունենալու յանցանքով: Շատեր ալ զինք շատ երիտասարդ եւ անփորձ կը համարեն նման պաշտօնի մը համար: Կը մնայ, որ երիտասարդ իտալուհին ինքզինք փաստէ, եւ օրերը ցոյց տան, թէ ինք ատա՞կ է այս պատասխանատու պաշտօնը վարելու:
Խոհանոցի Գաղտնիքներէն
Զուարճալի Դդմաճներ
Կ՛արժէ երբեմն երեխաները զուարճացնել` անոնց համար պատրաստելով անսովոր կերակուրներ: Թէեւ երեխաներուն եւ մեծերուն այնքա՛ն սիրելի հաթ տոկը այդքան ալ առողջապահական եւ յանձնարարելի ուտելիք մը չէ, բայց եւ այնպէս քանի մը ամիսը անգամ մը զայն ուտելով` մահացու մեղք չենք գործեր: Ահաւասիկ շատ հետաքրքրական ձեւ մը` դդմաճով հաթ տոկ պատրաստելը: Նկարը ինքնին խօսուն է եւ բացատրութեան չի կարօտիր, կը մնայ, որ հրամցնելու ժամանակ վրան աւելցնէք տաշուած պանիր կամ քեչափ:
Ներկայանալի Ձեւով Մատուցուած
Տապկուած Հաւկիթ
Որպէս նախաճաշ, ճաշ կամ ընթրիք` շատերուն սիրելի տապկուած հաւկիթը կրնաք այսուհետեւ մատուցել աւելի գեղեցիկ եւ ախորժաբեր տեսքով:
Կրնաք թարմ պղպեղները (դեղին, կանաչ, կարմիր) 2 սմ. թանձրութեամբ օղակաձեւ շերտել, տապակին մէջ շարել եւ հաւկիթները այդ օղակներուն մէջ կոտրելով` տապկել:
- Կրնաք նոյն ձեւին դիմել թարմ պղպեղները սոխի օղակներով փոխարինելով:
Ծաղկաձեւ Կիտրոնի Շերտեր
Շատ մը կերակուրներ մատուցելու ժամանակ կ՛օգտագործենք կիտրոնի շերտեր: Այսուհետեւ մեր մատուցման ամանները աւելի գեղեցիկ տեսք կրնան ունենալ, եթէ օգտագործէք այս քերիչ-դանակը, որուն շնորհիւ կիտրոնին կեղեւին վրայ կարելի է փոքր ակօսներ ձեւաւորել եւ զայն շերտելու ժամանակ ծաղկաձեւ շերտեր ստանալ:
Համեղ Պաղ Սուրճ
Ամրան եղանակին շատեր կը սիրեն պաղ սուրճի տեսակներ խմել եւ հիւրասիրել: Ոմանք պաղ սուրճին մէջ նոյնիսկ սառոյցի կտորներ կ՛աւելցնեն, բայց այդ պարագային կարճ ժամանակի ընթացքին սուրճը կը կորսնցնէ իր համը եւ կը դառնայ ջրիկ… Ահաւասիկ հետաքրքրական ձեւ մը` սուրճը թէ՛ պաղեցնելու եւ թէ՛ զայն աւելի համեղ դարձնելու համար:
Առէք օրէօ կոչուած բոլորիս ծանօթ կրկնեփները, զանոնք մանրեցէք եւ լեցուցէք սառցամանին բաժանումներուն մէջ, ապա վրան հեղուկ կաթ աւելցուցէք եւ սառցարանը տեղաւորեցէք: Ստացուած սառերը օգտագործեցէք պաղ սուրճին մէջ:
Ֆրանսական Համեղ Հաց
Առէք ֆրանսական կլոր կամ ձուաձեւ խոշոր հաց մը եւ անոր լայնքին եւ երկայնքին դանակով ուղղահայեաց եւ հորիզոնական ճեղքեր բացէք: Ընտրեցէք ձեր քիմքին համապատասխանող դեղին պանիր կամ պանիրներ, կտրտեցէք եւ տեղաւորեցէք վերոյիշեալ ճեղքերուն մէջ, երեսը տարածեցէք մանրուած կանաչ սոխ եւ փուռին մէջ եփեցէք, մինչեւ որ պանիրը հալի:
Ձեր երեւակայութեան քիչ մը զարկ տալով` կրնաք հացի ճեղքերուն մէջ աւելցնել կարագ, սխտոր, տարբեր տեսակի համեմներ, թացաններ եւ այլն…
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Եթէ բացօթեայ հիւրասիրութիւն պիտի կատարէք եւ կը փափաքիք խմիչքի բաժակները պաշտպանել թռչող միջատներէ, փոշիէ եւ այլն, դիմեցէք այս հնարքին. բաժակներուն բերանները ծածկեցէք շուկան վաճառուող քափ քէյքի թուղթէ ամաններով եւ իւրաքանչիւրին կեդրոնը ըմպեղէգ մը զետեղեցէք: Շատեր պիտի գնահատեն ձեր հնարամտութիւնը:
*
* *
Ձեր մարզանքի կօշիկներուն քաուչուկէ պատրաստուած ճերմակ բաժինը մաքրելու լաւագոյն «դեղը» ակռայի դեղն է: Զայն հին ակռայի խոզանակի մը միջոցով ամուր շփեցէք քաուչուկի ամբողջ տարածքին, ապա ցօղուեցէք առատ ջուրով եւ չորցուցէք:
*
* *
Կոտրած ապակեայ բաժակի մը կամ լամբի մը փշրանքները մաքրելու համար օգտագործեցէք հացի շերտ մը: Խօսքը անշուշտ ֆրանսական հացի մասին է, այս միջոցին դիմելով` կը ձերբազատիք ամենափոքրիկ փշրանքէն իսկ:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Պտուղներու Ջերմուժի Ցուցակ
Հիւթեղ, համեղ եւ կենսանիւթերով հարուստ պտուղները թէ՛ սննդարար են եւ թէ՛ ախորժակը չափաւորող: Իսկ եթէ սննդականոնի կը հետեւիք, բնականաբար պիտի ընտրէք քիչ ջերմուժ պարունակող տեսակները:
Ահա թէ որքա՛ն ջերմուժ կը պարունակէ իւրաքանչիւր 100 կրամ պտուղ.
– Լոլիկ 16,4
– Ելակ 28,5
– Սեխ 32,1
– Ձմերուկ 34
– Կիտրոն 34,3
– Նեքթարին 42,6
– Նարինջ 46,5
– Մանտարին 48,5
– Ծիրան 49,1
– Տանձ 53
– Խնձոր 53,2
– Դեղձ 54
– Քիուի 57,7
– Սեւ խաղող 62,1
– Մանկա 63,5
– Ճերմակ խաղող 70
– Կեռաս 70,8
– Անանաս 81,9
– Պանան 93,6
Խոհագիր
Պրուսքեթթա
Պրուսքեթթան իտալական նախուտեստ մըն է. անիկա համեղ եւ արագ պատրաստուող ուտելիք մըն է` գնահատուած փոքրերուն եւ մեծերուն կողմէ:
Հիմնականին մէջ պրուսքեթթան խորոված հացի կտոր մըն է, զոր պէտք է շփել կիսուած սխտորի կտորով մը` աւելցնելով քանի մը կաթիլ ձէթ: Այս խրթխրթան հացին վրայ ընդհանրապէս կ՛աւելցուին թարմ լոլիկի խորանարդներ, թարմ ռեհան եւ տաշուած փարմըզան պանիր: Ասիկա դասական պրուսքեթթան է, սակայն կարելի է տարբեր բաղադրութիւններով պրուսքեթթաներ պատրաստել` հացին բաղադրութիւնը նոյնը պահելով: Այսօրուան սիւնակով կու տանք խորոված պղպեղներով եւ խոզապուխտով պրուսքեթթայի բաղադրատոմսը:
4 անձի համար անհրաժեշտ է
4 շերտ ֆրանսական հաց
Պճեղ մը սխտոր
Ձէթ
Դեղին եւ կարմիր խորոված պղպեղ
4 շերտ խոզապուխտ (նախընտրաբար` ժամպոն տը փարմ)
4 խորոված ծնեփեկ
4 պզտիկ կտոր խորոված հաւ
Սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռէն ելած խրթխրթան հացի շերտերը շփել կիսուած սխտորի կտորով եւ քանի մը կաթիլ ձէթ աւելցնել: Ապա շարել խորոված պղպեղի երկու կտոր եւ համեմել սեւ պղպեղով, աւելցնել հաւու կտորը, խոզապուխտը եւ ծնեփեկը եւ կրկին սեւ պղպեղ աւելցնել ու անմիջապէս հրամցնել:
Կարելի է հաւը կամ խոզապուխտը զանց առնել եւ բաւարարուիլ մէկ տեսակով, իսկ ծնեփեկը կարելի է փոխարինել թարմ սունկով:
Բարի՛ ախորժակ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
«Ամէն ինչ չափի մէջ է գեղեցիկ»
Իսկ ո՞րն է չափը, ո՞վ է սահմանել,
Ո՞վ է այդ չափը չափել ու կտրել…
Ամէն ինչ չափի մէջ է գեղեցիկ…
Իսկ ես ուզում եմ նուիրուել անչափ,
Ուզում եմ տարուել ու սիրուել անչափ,
Եթէ ուրախ եմ ճչալ եմ ուզում,
Տխուր եմ` անզուսպ լացել եմ ուզում…
Չեմ ուզում տրուել չափին գեղեցիկ,
Չափի մէջ ձեւուած կեղծաւոր մարդիկ
Ամէնուրեք են…
Չափով են խօսում, չեն անկեղծանում
Չափով են ժպտում կամ ուրախանում
Ու մտածում են.
– Չէ, շատ ժպտացի, թէ երես կը տամ
Աւելի լաւ է չափաւոր խնդամ,
Չափաւոր սիրեմ, չափաւոր ներեմ…
Յոգնել եմ այդ կեղծ չափից ու ձեւից,
Այդ չափաւոր ու անվերջ չափչփող
Չափուած ու ձեւուած առարկաներից…Պ. ՍԵՒԱԿ