Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայ ամենանշանաւոր օփերայի երգչուհի, հիասքանչ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան 1991-էն ի վեր հաստատուած է Վիեննա. 1993-էն սկսեալ զինք ճանչցան Եւրոպան, Ամերիկան, Ճափոնը… Ան նուաճեց աշխարհի մեծագոյն երաժշտական բեմերը եւ դարձաւ մեր հայրենիքին մշակութային դեսպանը:
Շուրջ քառորդ դար առաջ ան աւարտեց Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը. անոր ցանկութիւնը ջութակահար դառնալ էր, բայց Տաթեւիկ Սազանդարեանը լսելով զինք` խորհուրդ տուաւ երգեցողութեամբ զբաղիլ: Ատիկա շատ ճիշդ որոշում էր, եւ Յասմիկը դարձաւ միջազգային երգչուհի:
Յասմիկ Պապեան երկու անգամ այցելած է Լիբանան, 2008-ին ելոյթ ունեցած է Պաալպեքի փառատօնին, իսկ 2012-ին` «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ:
Հակառակ իր ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցին` Յասմիկ Պապեան տեւաբար կը կրկնէ, թէ ինք Հայաստանէն չէ հեռացած, միշտ կը վերադառնայ հայրենիք` համերգով կամ հարազատներուն այցելելու: Ան ելոյթներ կ՛ունենայ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Արցախի մէջ. «Ես երկարատեւ գործուղման մէջ եմ», կ՛ըսէ ան, բայց այդ գործուղումը հայ երգչուհին բացայայտեց ամբողջ աշխարհին, անոր բացառիկ տաղանդը մեր երկրին շնորհեց ճանաչում եւ փառք:
Ստորեւ կու տանք Յասմիկ Պապեանին հետ կատարուած հարցազրոյցէ մը բաժիններ` քաղուած «Զարուհի» կնոջական հանդէսէն:
«ԶԱՐՈՒՀԻ».- Դուրս գալով բեմ` ի՞նչ կը սպասէք հանդիսատեսէն:
ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ.- Ազնիւ գնահատական, նոյնիսկ` խստութիւն, ինչպիսին են ֆրանսացիները:
«Զ.».- Որո՞նք են ձեր կեանքի երեք ամենաերջանիկ օրերը:
Յ. Պ.- Երբ որոշեցի երգչուհի դառնալ, առաջին ելոյթս Մեթրոփոլիթընի մէջ, աղջկաս` Սիրանուշի ծնունդը:
«Զ.».- Ո՞րն է ձեր ամենասիրելի դերը:
Յ. Պ.- Շատ են, բայց նշեմ` «Այտան», «Նորման» եւ «Վիոլէթթան»:
«Զ.».- Ո՞րն է ձեր տկար կէտը:
Յ. Պ.- Չեմ կրնար մերժել` յաճախ վնասելով ինքզինքիս:
«Զ.».- Իսկ ձեր ո՞ւժը:
Յ. Պ.- Ինքնազգացողութեան պատրաստ:
«Զ.».- Ո՞րն է ձեր երջանկութեան սկզբունքը:
Յ. Պ.- Բաւարարուիլ այն ինչով, որ տրուած է քեզի: Ես միշտ ճիշդ ընտրութիւն կատարած եմ:
«Զ.».- Որքանո՞վ դո՛ւք որոշեր էք ձեր բախտը:
Յ. Պ.- Անշուշտ կայ յաջողութեան պահը, բայց դուն պէտք է բռնես զայն: Ես ատոր ատակ եմ. տաղանդին հետ խելք ալ պէտք է:
«Զ.».- Կարելի՞ է յոգնիլ փառքէն, երաժշտութենէն, բեմէն:
Յ. Պ.- Երաժշտութենէն եւ բեմէն երբեք չեմ յոգնիր: Երաժշտութիւնը կը լսեմ եւ անմիջապէս կերպարին մէջ կը մտնեմ: Շատ կը սիրեմ Վերտի եւ Վակներ:
«Զ.».- Արուեստի մէջ ո՞վ կը դասէք որպէս ամենամեծը:
Յ. Պ.- Շատեր, բայց Փլասիտօ Տոմինկոն կ՛երգէ եւ կը շնչէ քեզի հետ, իսկ Ռիքարտօ Մութթին մեծ արհեստավարժ մըն է:
«Զ.».- Ելոյթ կ՛ունենաք տարբեր երկիրներու մէջ, ո՞ր հանդիսատեսն է ամենալաւը, բարին…
Յ. Պ.- Ամերիկացիներն են, ամենադժուարը Հայաստանի մէջ է:
«Զ.».- Ձեր խճողուած ժամանակացոյցը չի՞ խանգարեր ձեր ընտանեկան կեանքը:
Յ. Պ.- Ամուսինս` Քոնրատը, գերմանացի է, շատ լաւ հայր է եւ մեր դուստրը` Սիրանուշը, որ 12 տարեկան է, ուշադրութեան պակասէ չի գանգատիր: Մայրս յաճախ մեր մօտ է: Աղջիկս հիանալի հայերէն գիտէ, անշուշտ` գերմաներէն ալ: Ազատ ժամերուս ես միշտ իրեն հետ եմ:
«Զ.».- Ձեր ամուսինն ալ հայերէն կը խօսի՞:
Յ. Պ.- Այո՛, նոյնիսկ հայերէնով նամակներ կը գրէ ինծի: Կը հաւատամ, որ ամուսնութիւնը կը կատարուի երկինքին մէջ:
«Զ.».- Ատիկա սիրոյ արտայայտութի՞ւն է:
Յ. Պ.- Դուք ճիշդ հասկցաք: Քոնրատը կ՛ըսէ, որ ճիշդ հասկնալու համար սիրած կնոջ սիրտը` անպայման պէտք է սորվիս անոր հարազատ լեզուն:
«Զ.».- Առանձնութիւնը կը սիրէ՞ք:
Յ. Պ.- Միայն բեմ ելլելէ առաջ:
«Զ.».- Բարի խօսքերը, ծափահարութիւնները կ՛օգնե՞ն:
Յ. Պ.- Անշո՛ւշտ, բայց ամէն բան պէտք է չափաւորուած ըլլայ, որպէսզի գլուխդ չկորսնցնես: Անկասկած որ բարի խօսքերը շատ հաճելի են:
«Զ.».- Ո՞ր դերին մէջ դուք ձեզ կը զգաք այնպէս, ինչպէս` ձուկը ջուրին մէջ:
Յ. Պ.- Պելլինիի «Նորմա»-ին մէջ:
«Զ.».- «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը գրած է. «Յասմիկ Պապեանի ձայնը հզօր գործիք է, մաքուր, անսահման հնարաւորութիւններով, զարմանալի կենդանի եւ հսկայական պաշարով…»: Ի՞նչն է աւելի կարեւոր` բնական տաղա՞նդը, թէ՞ աշխատանքը:
Յ. Պ.- Վոքալի մէջ առաջին հերթին` բնական կարողութիւնները, Աստուծոյ տուածը, բայց յաջողութիւնը հսկայական եւ ծանր աշխատանքի արդիւնք է:
«Զ.».- Ո՞րն է ձեր առածը:
Յ. Պ.- «Երբեք ուշ չէ»:
«Զ.».- Կը զգա՞ք, որ դուք աստղ էք:
Յ. Պ.- Բեմի վրայ` այո՛, իսկ կեանքի մէջ` ո՛չ:
«Զ.».- Հայելին կը սիրէ՞ք:
Յ. Պ.- Ո՛չ, չեմ սիրեր: Կ՛երեւի այն պատճառով, որ շատ կը նստիմ հայելիին առջեւ` գործի բերումով, կ՛ուզեմ ինքզինքս տեսնել ուրիշին աչքերով:
«Զ.».- Ճակատագրին կը հաւատա՞ք:
Յ. Պ.- Կը հաւատամ: Ես ջութակահար էի, ուսանած եմ Ռուբէն Ահարոնեանի մօտ… Իսկ փառքը եկաւ երգեցողութեան մէջ:
«Զ.».- Կ՛ըսեն` մարդը կը սկսի իր մանկութենէն…
Յ. Պ.- Ինծի համար մարդը կը սկսի իր գործէն:
«Զ.».- Քաղաքականութիւնը եւ արուեստի մարդը…
Յ. Պ.- Ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, բայց կը հաւատամ, որ քաղաքականութեամբ զբաղող մարդոցմէ կախուած է ժողովուրդին բախտը, եւ շատ կ՛ուզեմ, որ անոնք ըլլան ազնիւ:
«Զ.».- Ի՞նչը չէք կրնար ներել:
Յ. Պ.- Դաւաճանութիւնը:
«Զ.».- Ինչո՞վ կը հանգստանայ ձեր սիրտը:
Յ. Պ.- Հաւատալով, որ աշխարհը հիանալի է:
Առողջապահական
Վարժութիւններ Յոգնած
Աչքերու Համար
1
Նկարել բաց աչքերով անսահմանութեան նշանը, աչքերը կկոցելով: 10 անգամ ուղղահայեաց, 10 անգամ հորիզոնական:
2
Խոր շունչ քաշել` աչքերը շատ ուժեղ սեղմած: Շունչը պահել 5 – 7 երկվայրկեան եւ փորձել զգալ գլխու, դէմքի եւ վիզի մկանները: Ապա անմիջապէս արտաշնչել` աչքերը լայն բացած: Կրկնել օրը 3 անգամ:
3
Թեթեւ սեղմել բաժակը մատներուն ծայրով եւ աչքերը կկոցել 15 վայրկեան: Յետոյ հանգստանալ աչքերը փակ վիճակի մէջ: Ասիկա կրկնել 2 – 3 անգամ:
4
Փակել աչքերը, դէմքը թուլացնել, ապա շարժել աչքերը 10 անգամ ձախէն աջ, 10 անգամ` աջէն ձախ: Կատարել 2 – 3 անգամ:
5
Փակել աչքերը, երկու ձեռքերու ցուցամատերը դնել յօնքերուն, իսկ բութամատը` աչքի տակի փոսին մէջ: Յետոյ զգուշ մարձել այդ մասերը 15 – 20 վայրկեան:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Խոհագիր
Միսով «Բոյներ»
Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք միսով լեցուած թակլիաթել դդմաճի բոյներու դիւրին եւ հետաքրքրական բաղադրատոմսը:
Անհրաժեշտ են
– 1 տուփ թակլիաթել դդմաճ
– 500 կրամ կովու յօշած միս
– 1 ստեպղին
– Նեխուր (վայրի կարոս) 2 ցօղուն
– Սոխ 2 գլուխ
– Սխտոր 2 պճեղ
– Պանիր 400 կրամ
– Բուսաիւղ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութեան եղանակը
Մանրուած սոխը բուսաիւղով տապկել` մինչեւ թափանցիկ դառնալը, աւելցնել քերոցէ անցած ստեպղինը, մանր կտրտուած նեխուրի ցօղունները եւ 2 վայրկեան տապկել, ապա աւելցնել մանրուած միսը, շարունակել տապկել, մինչեւ որ միսին հիւթը քաշուի:
Կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ թակլիաթելի կծիկները մէկէն մէկուկէս վայրկեան իջեցնել մէջը. ջուրէն զգուշօրէն հանել, որպէսզի ձեւը պահպանուի, եւ տեղափոխել իւղուած ափսէի մը մէջ:
Տապկուած միսին մանր կտրտուած սխտոր, աղ եւ պղպեղ աւելցնել, խառնել: Այս խառնուրդով լեցնել «բոյները»: Ափսէին մէջ դդմաճի եփաջուր լեցնել այնքան մը, որ մէկ երրորդով ծածկէ «բոյները»: Ափսէին երեսը ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել եւ նախապէս 200 ջերմաստիճանով տաքցուած փուռին մէջ եփել 25 վայրկեան: Յետոյ հանել ալիւմինիոմ թուղթ, «բոյներուն» վրայ քերած պանիր աւելցնել եւ 10 վայրկեան եւս եփել, մինչեւ որ պանիրը հալի եւ շէկ գոյն ստանայ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նոյնն Է Ճամբան
Դուք, որ մեռաք հինգ դար առաջ,
Դուք, որ այսօր կը մահանաք,
Նոյն ծառին ծիլն էիք կանաչ
Եւ դարձաք նոյն հողին ճարակ…Հինգ դար առաջ, հինգ դար յետոյ,
Նոյն անցորդն էք անվերադարձ.
Կ՛իջնէ անյոյս մութ երեկոյ
Ձեր աչքերուն վրայ սառած…Ծառին համար եւ այս հողին
Նոյնն էր երէկ, նոյնն է այսօր
Նոյն ծաղկումն է գարնանային
Եւ աշնան նոյն տերեւը չոր:Դուք, որ յաճախ արտասուեցիք
Եւ դուք, որ շատ զուարճացաք,
Դուք, որ տուիք փուշ ու ծաղիկ`
Նոյն խաւարին դարձաք բանակ…Նոյնն է հիմա դար ու վայրկեան,
Երբ որ չկայ երթ ու գալիք.
Համայնական նոյնն է ճամբան,
Երբ որ չկայ կեանքի ալիք…ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ