Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Կին Դէմքեր. Հայթէ Ռիքն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1016GinTemker«Հիացած եմ եւ յուզուած». այս էր Հայաստանի մասին գերմանացի գրագիտուհի Հայթէ Ռիքնի առաջին տպաւորութիւնը:

«Փանորամա տոթ Էյ. Էմ.»-ի հետ կատարած հարցազրոյցին ընթացքին Ռիքն կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս առաջին անգամ իմացած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ինչ զգացած է Թուրքիոյ մէջ, եւ ինչ կը ծրագրէ Գերմանիոյ մէջ` գերմանացիները աւելի մօտէն ծանօթացնելու հայերուն եւ հայկական մշակոյթին հետ:

Ստորեւ կու տանք «Փանորամա»-ի հարցազրոյցը, որ կատարուած է օգոստոսին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ որոշեցիք Հայաստան այցելել:

Հ. Ռ.- Շատ կարդացած եմ Հայաստանի մասին: Շատ կը հաւնիմ ձեր երկիրը: Կը փափաքէի անձամբ այս երկրին հոտը առնել, ճաշակել այս երկրին համը: Արդէն երկու տարիէ ի վեր կ՛երազեմ Հայաստանի առնչուած նախաձեռնութեան մը մասին: Փափաքս է Հայաստանը կարելի եղածին չափ շատ ներկայացնել գերմանացիներուն:

Կը բնակիմ Պոխում, հոն կը գործէ 1860-ին հիմնադրուած Հայ ակադեմական միութիւնը: Դիմեցի ղեկավարին` Ազատ Օրդուխանեանին, յայտնելով հայ գրականութեան եւ բանաստեղծութեան թարգմանութեամբ զբաղելու ցանկութիւնս: Ծանօթացայ Գերմանիա բնակող հայ գրող Ագապի Մկրտչեանին: Միասին թարգմանած ենք Պ. Սեւակի քանի մը բանաստեղծութիւններ: Ներկայիս, հրատարակչատուն մը ինծի պատուիրած է թարգմանել Հայաստան բնակող, արդի հայ գրողներու բանաստեղծութիւնները: Կրկին պիտի աշխատիմ Ագապիին հետ: Այս այցելութեան ընթացքին նաեւ այս ուղղութեամբ կ՛աշխատիմ:

Հ.- Հայաստանի ո՞ր շրջանները այցելած էք:

Հ. Ռ.- Այցելեցի Գառնի, Գեղարդ… երբ մտայ Գեղարդի վանքը, անսահման ուժ եւ զօրութիւն զգացի: Այցելեցի նաեւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, Մատենադարանը, Փարաճանովի թանգարանը: Տպաւորուած եմ ամէն ինչով, թանգարաններուն ճոխութեամբ: Այցելեցի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, թէեւ վերանորոգման մէջ էր:

Ինչ կը վերաբերի մարդոց, կրնամ ըսել, որ հայերը շատ հիւրասէր, բաց սիրտ եւ բարեհամբոյր են: Շատ ոգեւորուած եմ Հայաստանով եւ հայկական մշակոյթով: Վերադառնալով Գերմանիա` տպաւորութիւններս անմիջապէս թուղթին պիտի յանձնեմ:

Ինծի կը թուի, թէ ուրիշ ազգեր կը նախանձին հայերուն` անոնց բարձր մշակոյթին համար: Հրաշալի երկիր է: Մայրս միշտ գոված է Հայաստանի ճարտարապետութիւնը, ան կ՛ըսէր. «Հայերը լաւ ճարտարապետներ են, իւրօրինակ ազգ են»: Մայրս զարգացած կին էր, դերասանուհի էր:

Հ.- Առաջին անգամ ե՞րբ լսեցիք Հայոց ցեղասպանութեան մասին. արդեօք այս մասին որեւէ բան կը ծրագրէ՞ք գրել:

Ռ. Հ.- 1989-ին ուսուցիչներու խումբի մը հետ այցելած եմ Թուրքիա, գտնուած եմ Պոլիս, Տրապիզոն, Էրզրում, Կարս, Ուրֆա, եղած եմ նաեւ Արարատի ստորոտին: Գործընկերներէս մէկը պատմեց Մուսա լերան 40 օրերուն մասին: Մեզի ընկերակցող թուրք զբօսավարը նոյնպէս կը խօսէր Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այդ բոլորը իմանալէ ետք տարօրինակ զգացում մը ունեցայ` ի՞նչ պատահած է հայ ազգին եւ ես ո՛ւր կը գտնուիմ: Ներքուստ համրացայ: Երկար ժամանակ չկրցայ խօսիլ, արտայայտուիլ, այնքան որ ազդուած էի այդ ցաւով:

Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով բանաստեղծութիւն մը գրած եմ «Իմ հիւրանոցը աստղ չունի» խորագրով:

Գերմանիա դիտած եմ թատերական ներկայացում, որուն հեղինակը թուրք էր: Թատերախաղին անունը «Մօր լռութիւնը»-ն էր. ան կը պատմէր ծագումով թուրք աղջկայ մը մասին, որուն մօր մահանալէն ետք միայն ինք կը նկատէ, որ անոր վիզէն խաչ կախուած էր: Կը պարզուի, որ ան ծագումով հայ եղած է: Թատերախաղը վրաս մեծ ազդեցութիւն գործեց:

Հ.- Բացի գրելէ, ներկայիս ի՞նչով կը զբաղիք Գերմանիոյ մէջ:

Ռ. Հ.- «Հայ մշակութային աշուն» վերնագիրով նախաձեռնութեան մը կը ծրագրեմ: Գերմանիա ապրող հայ գիտնականներ պիտի հրաւիրեմ: Իսկ գարնան արդէն կ՛ունենանք «Հայ մշակութային գարուն» խորագիրով ձեռնարկը: Կը փափաքիմ Հայաստանէն արուեստագէտներ հրաւիրել եւ կազմակերպել գրական երեկոներ:

 

Առողջապահական

Մեծ Պողոտաներու Մօտ Ապրող Կիները
Կը Տառապին…

«Տէյլի մէյլ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն մեծ պողոտաներէն մինչեւ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ ապրող կիներ 22 տոկոսով աւելի ենթակայ են արեան գերճնշումի, քան` աւելի հեռու ապրողները:

Արդարեւ, ամերիկացի գիտնականները առայժմ պատասխան չունին այն հարցումին, թէ պողոտային մօտ ըլլալով, յատկապէս ի՞նչն է, որ վտանգաւոր է, արդեօք ապականած օ՞դը, աղմո՞ւկը, թէ՞ երկուքը միասին:

Տուրմին Վերագրուող
10
Յատկութիւն

1

5239_choclatՏուրմը օգտակար է սրտին: Անոնք, որոնք պարբերաբար տուրմ կ՛ուտեն 37 առ հարիւրով կը կրճատեն սրտանօթային հիւանդութիւնները:

2

Տուրմը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը:

3

10 տարի շարունակ, օրական 63 կր. տուրմ ուտող տղամարդիկ 17 առ հարիւրով կը կրճատեն սրտի կաթուածի հաւանականութիւնը:

4

Իտալացի գիտնականներ փաստած են, որ այն մարդիկ, որոնք շատ տուրմ կ՛ուտեն, ծերութեան հազուադէպօրէն կը տառապին սակաւամտութենէ:

5

Տուրմը կը չափաւորէ անօթութեան զգացումը: Բաւարար է 10 կր. սեւ տուրմ ուտել, որպէսզի անօթութիւնը անցնի:

6

Նոյնիսկ քիչ քանակութեամբ տուրմ ուտելով մարդիկ աւելի դիւրին կը լուծեն թուաբանական խնդիրներ. ասիկա ապացուցած են բրիտանացի գիտնականներ:

7

Մէկ բաժակ տաք տուրմ խմելով կը հանգստացնենք կոկորդը եւ կը չէզոքացնենք հազի ռեֆլեքսը:

8

Այն երկիրները, ուր շատ տուրմ կը սպառի` աւելի շատ նոպէլեան մրցանակակիրներ կան:

9

Տուրմը կը նպաստէ երկարակեցութեան: Տուրմի պարբերաբար օգտագործումը կրնայ աւելցնել կեանքի տարիները:

10

Սեւ տուրմը կը դանդաղեցնէ մորթին ծերութիւնը:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Ճաթռտած կրունկները դարմանելու համար պատրաստեցէք հետեւեալ խառնուրդը, ապա ձեր վնասուած կրունկները 10-էն 15 վայրկեան մէջը թրջեցէք եւ վերջապէս մաքուր լաթով մը զանոնք շփելով ցամքեցուցէք: 1/4 գաւաթ լիսթերին 1/4 գաւաթ քացախ 1/2 գաւաթ տաք կամ գաղջ ջուր

Ճաթռտած կրունկները դարմանելու համար պատրաստեցէք հետեւեալ խառնուրդը, ապա ձեր վնասուած կրունկները 10-էն 15 վայրկեան մէջը թրջեցէք եւ վերջապէս մաքուր լաթով մը զանոնք շփելով ցամքեցուցէք:
1/4 գաւաթ լիսթերին
1/4 գաւաթ քացախ
1/2 գաւաթ տաք կամ գաղջ ջուր

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Շպարի վրձինները մաքրելու համար նախ զանոնք ցօղուեցէք առատ ջուրով, ապա փոս ամանի մը մէջ սուրճի գաւաթ մը գաղջ ջուր լեցուցէք, վրձինները մէջը դրէք եւ անոնց վրայ քանի մը կաթիլ երեխաներու շամբուեն աւելցուցէք: Մատներուն ծայրամասով զգուշօրէն շփեցէք վրձիններուն ծայրամասերը, կրկին ցօղուեցէք առատ ջուրով եւ զանոնք շարեցէք չոր անձեռոցիկի մը վրայ, որպէսզի ցամքին:

Շպարի վրձինները մաքրելու համար նախ զանոնք ցօղուեցէք առատ ջուրով, ապա փոս ամանի մը մէջ սուրճի գաւաթ մը գաղջ ջուր լեցուցէք, վրձինները մէջը դրէք եւ անոնց վրայ քանի մը կաթիլ երեխաներու շամբուեն աւելցուցէք: Մատներուն ծայրամասով զգուշօրէն շփեցէք վրձիններուն ծայրամասերը, կրկին ցօղուեցէք առատ ջուրով եւ զանոնք շարեցէք չոր անձեռոցիկի մը վրայ, որպէսզի ցամքին:

Եթէ չինական կերակուր պիտի ուտէք եւ չոփսթիքները կառավարելը դժուար է ձեզի համար ահաւասիկ դիւրին եւ արագ միջոց մը` լուացքի լաթակալի մը երկաթը հանեցէք եւ նոյն սկզբունքով անցուցէք ցպիկներուն վրայ եւ հարցը լուծուած է...

Եթէ չինական կերակուր պիտի ուտէք եւ չոփսթիքները կառավարելը դժուար է ձեզի համար ահաւասիկ դիւրին եւ արագ միջոց մը` լուացքի լաթակալի մը երկաթը հանեցէք եւ նոյն սկզբունքով անցուցէք ցպիկներուն վրայ եւ հարցը լուծուած է…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Եթէ սափորով ջուր պիտի բերէք սեղան փոխանակ զայն սառոյցի կտորներով պաղեցնելու, կրնաք ջուրին աւելցնել սառած կիտրոնի շերտեր` նախապէս քափքէյքի կաղապարներու մէջ սառցարանին մէջ սառեցուած:

Եթէ սափորով ջուր պիտի բերէք սեղան փոխանակ զայն սառոյցի կտորներով պաղեցնելու, կրնաք ջուրին աւելցնել սառած կիտրոնի շերտեր` նախապէս քափքէյքի կաղապարներու մէջ սառցարանին մէջ սառեցուած:

Որպէսզի քարացած մեղրը ինքզինք վերագտնէ, շիշով միասին զայն քանի մը վայրկեան եռացուցէք ջուրով լեցուն քասրոլի մը մէջ:

Որպէսզի քարացած մեղրը ինքզինք վերագտնէ, շիշով միասին զայն քանի մը վայրկեան եռացուցէք ջուրով լեցուն քասրոլի մը մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Գետնախնձորով Կրաթէն

gratin-dauphinoisԲաղադրութիւն 6 անձի համար.

1 քիլօ գետնախնձոր
Կէս իւղոտ հեղուկ կաթ` 90 սլ.
Հեղուկ սեր` 10 սլ.
2 պճեղ սխտոր
Թարմ ծոթրինի ճիւղ մը
Դափնիի տերեւ մը
Աղ
Սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորները լուալ, ապա մանտոլին գործիքով 3 մմ. թանձրութեամբ շերտերու վերածել եւ մէկ կողմ ձգել (ոչ ջուրի մէջ):

Սխտորի պճեղները կիսել եւ անով շփել փուռ գացող ափսէէին յատակն ու պատերը:

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ եռացնել կաթը եւ սերը, աւելցնել ծոթրինն ու դափնիի տերեւը, աղն ու սեւ պղպեղը: Գետնախնձորի շերտերը աւելցնել այս խառնուրդին եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել շուրջ 20 վայրկեան (գետնախնձորները քիչ մը ամուր պէտք է մնան):

Գետնախնձորի շերտերը հանել եւ շարել ափսէին մէջ, ապա դափնիի տերեւն ու ծոթրինի ճիւղը հանել կաթով թացանին մէջէն եւ թացանը թափել գետնախնձորներուն վրայ:

Ափսէն փուռ փոխադրել եւ եփել 30-էն 40 վայրկեան:

Փուռէն հանելէ ետք ձգել, որ կէս ժամ հանգչի, ապա հրամցնել:

Այս կրաթէնը, որ ծանօթ է կրաթէն տոֆինուա անունով շատ լաւ կը յարմարի մսեղէններու կողքին հրամցնելու համար:

 

Գազել Երեւանին

1016KevokEminԵս սիրու՜մ եմ քեզ, Երեւա՛ն,
Եւ չգիտե՜մ ինչի համար.
Սիրուն ի՜նչ դատ ու ի՜նչ դիւան,
Որ իմանամ ինչի՛ համար:

Քարերը՛ քո հին բերդերի
Նոր սիւների ու զարդերի,
Ոսկեփոշի՜ն քո մայթերի-
Եւ չգիտեմ ինչի՛ համար:

Սիրու՜մ եմ քո ջահելներին,
Սիրուց այրուած, սիրուն գերի,
Որ սիրահա՜ր են մայթերի-
Եւ չգիտեմ ինչի՛ համար:

Համբոյրը քո աղջիկների,
Պաղ ջուրը՛ քո աղբիւրների,
Քո բուլվարի ծերուկների՜ն-
Եւ չգիտեմ ինչի՛ համար:

Կ՛ուզեմ լինեմ Նորքի նման,
Ծաղկեմ ամէն եկող գարնան.
Փաթաթուե՜մ քեզ ու հիանամ-
Եւ չգիտեմ ինչի՛ համար:

Կամ լինեմ այս քամին լօթի
Եւ, հարբած քո անուշ հոտից,
Քեզ զո՛վ անեմ ամրան տօթին
Ու… չիմանա՜մ ինչի համար:

Քեզ զո՜վ անեմ, դու զովանա՛ս,
Դալա՜ր մնաս ու զօրանա՛ս,
Ես քամու պէս գնամ-կորչե՜մ
Ու… չիմանա՜մ ինչի համար:

Գնա՛մ, պատմեմ նոր ու նորից,
Որ աշխարհի քաղաքներից,
Քե՜զ եմ սիրում ամէնից ջերմ-
Ու… չգիտե՜մ ինչի համար…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>