Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Կին Դէմքեր. Անահիտ Մովսիսեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

payt3Անահիտ Մովսիսեանը փայտագործութեամբ կը զբաղի: Ան ոչ միայն փայտեայ իրեր եւ զարդեր կը ստեղծագործէ, այլեւ փայտագործութիւն կը դասաւանդէ երկու դպրոցներու մէջ: «Զարուհի» հանդէսը հարցազրոյց մը ունեցած է հայ երիտասարդ արուեստագիտուհիին հետ, այսօրուան սիւնակով կու տանք բաժիններ այդ հարցազրոյցէն:

ԶԱՐՈՒՀԻ.- Ուրկէ՞ ծագեցաւ սէրը դէպի փայտագործութիւն:

ԱՆԱՀԻՏ Մ.- Մեծ հայրս եկած է Պարսկաստանէն: Ան եղած է պալատական երգիչ, նաեւ իր 5 եղբայրերուն հետ զբաղած է կահուքագործութեամբ: Յետոյ այս արհեստը անցած է հօրս, հօրմէս ալ` ինծի: Մանկութենէս մուրճն ու մնացեալ գործիքները գրաւեր էին զիս:

ԶԱՐՈՒՀԻՆ.- Միշտ փոքր տարիքին աղջիկներն ու տղաքը հետաքրքրական երազներ կ՛ունենան: Ձեր երազը փայտագործութիւ՞նն էր:

payt4ԱՆԱՀԻՏ Մ.- Որպէս երազ` միշտ փափաքեր եմ ուսուցչուհի դառնալ եւ դարձեր եմ: Ներկայիս կը դասաւանդեմ Երեւանի երկու տարբեր դպրոցներու մէջ, տղաքը շատ հետաքրքրուած են փայտագործութեամբ: Անոնք աւելի եւս կ՛ոգեւորուին, երբ կը տեսնեն, որ ես ալ իրենց հետ կ՛աշխատիմ: Այսպիսով, անոնք կը տեսնեն աշխատանքի ընթացքն ու աւարտը: Բան մը, որ շատ կարեւոր է, քանի որ տակաւին նոր կը սկսին աշխատիլ, յաճախ կը փճացնեն, կը կոտրեն, կը յուսահատին, իսկ երբ կը տեսնեն լաւ աշխատանքը, կը մտածեն, որ պէտք է իրենք ալ հասնին այդ վարպետութեան:

ԶԱՐՈՒՀԻ.-  Աշխատանք դպրոցին մէջ, յետոյ արհեստանոցին… փաստօրէն հանգստեան օրեր չկան: Այս պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կը հասնիք կարգաւորելու ձեր անձնական կեանքը:

ԱՆԱՀԻՏ Մ.- Ինծի շատ օգնեցին ծնողներս, ամէն ինչի հասեր եմ շնորհիւ անոնց: Եթէ իրենք չօգնէին, բնականաբար պիտի չկարենայի մասնակցիլ մրցոյթներու, ցուցահանդէսներու եւ այսքան ստեղծագործել: Մայրս կը զբաղի իմ զաւակներովս, իսկ հայրս կ՛օգնէ ինծի ստեղծագործ աշխատանքիս մէջ: Այնպէս որ, իրենց դերը շատ մեծ է. մինակ պիտի չկարենայի գլուխ հանել: Տեղ մը բան մը պիտի տուժէր` կա՛մ աշխատանքը, կա՛մ ընտանիքը: Իսկ հիմա կը համադրեմ երկուքն ալ եւ կը կարծես` յաջողած եմ:

ԶԱՐՈՒՀԻ.- Այս պահուն շուրջս կը նայիմ եւ ակամայ կը յիշեմ Փինոքիոյի մասին ժապաւէնը, ուր փայտագործը կեանք կու տայ կտոր մը տախտակի:

ԱՆԱՀԻՏ Մ.- Կը կարծեմ, որ փայտը անշունչ չէ: Փայտին մէջ, իրօք կեանք կայ, ուղղակի պէտք է զգալ ատիկա: Փայտը կը վերցնէ ե՛ւ քու բնաւորութիւնդ եւ այդ պահին քու հոգեվիճակդ: Ես միշտ աշակերտներուս կ՛ըսեմ, «Նայեցէ՛ք, ասիկա կտոր մը տախտակ է, որ կրնաք ե՛ւ մէկ կողմ նետել, ե՛ւ վառել, բայց քանի մը օր վրան աշխատելէ ետք անիկա կրնայ դառնալ արուեստի նմուշ, որ կ՛ուրախացնէ ձեր ընտանիքները»: Չէ՞ որ փայտը նիւթ է, որմէ կարելի է ստանալ այն, ինչ որ այդ պահուն մարդուն մտքին մէջ կայ: Իսկ փայտը բնաւ մահացած չէ:

 

Սննդագիտական-Առողջապահական

Աշնան Եղանակի Լաւագոյն Մթերքները

1030fruitsՍննդագէտներու կարծիքով, շատ կարեւոր է աշնան եղանակին ճիշդ ձեւով սնանիլը: Արդարեւ, «մետիքֆորում»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածով սննդագէտներ կը թելադրեն աշնան ուտել հետեւեալ մթերքները.

Խնձոր, հապալաս (պլուպըրի), հաց, կարմիր եւ նարնջագոյն պտուղներ եւ բանջարեղէններ, գետնախնձոր, պանան, ընկոյզ, տուրմ: Ասոնք եղանակային թարմ սննդամթերքներ են, որոնք կ՛ապահովեն մեր մարմնին անհրաժեշտ կենսանիւթերու եւ միքրոտարրերու պահանջը:

Այս մթերքները նաեւ կ՛օգնեն սերոթոնինի արտադրութեան, ինչ որ կը հաւասարակշռէ մեր ախորժակը, տրամադրութիւնը եւ հակասթրեսային յատկութիւն ունի:

Հաւկիթը Կը Բարելաւէ Յիշողութիւնը

how-should-you-celebrate-Եթէ յիշողութեան հարցեր ունիք, անհրաժեշտ է, որ ձեր ճաշացուցակին մէջ ներառէք հաւկիթը:

Ամերիկացի գիտնականներ կը պնդեն, որ հաւկիթի պարբերաբար օգտագործումը կրնայ կանխել յիշողութեան կորուստի գործընթացը:

Կատարուած է հետազօտութիւն, որուն ընթացքին կամաւորներու կէսին օրական հաւկիթ մը պարտադրուած է ուտել: Միւս կէսէն պահանջուած է բացառել հաւկիթը: Յետոյ բոլոր մասնակիցները յիշողութեան քննութիւն անցուցած են եւ պարզուեր է, որ անոնք, որոնք հաւկիթ չեն կերած շատ տկար արդիւնքներ ձեռք բերած են, մինչդեռ հաւկիթ ուտողներուն մօտ արդիւնքները եղած են գոհացուցիչ:

Գիտնականները հաւկիթի օգտագործման դրական անդրադարձը ուղեղին վրայ բացատրած են անով, որ հաւկիթը կը պարունակէ երկու տեսակի անթիօքսիտաններ:

Այլ հետազօտութիւններ ապացուցած էին, որ հաւկիթը դրական անդրադարձ կ՛ունենայ մարդու մտաւոր կարողութիւններուն վրայ:

Ընկերութիւնը Կ՛օգնէ Մեր Առողջութեան

1030friendshipԸնկերները մեծ դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ: Ընկերութիւնը կը բարելաւէ մարդոց ոչ միայն հոգեբանական, այլեւ ֆիզիքական առողջութիւնը:

Այսպէս, ամերիկացի գիտնականներ փաստած են, որ այն մարդիկը, որոնք յաճախ ընկերական յարաբերութիւններ կը մշակեն իրենց շրջապատին հետ, աւելի երջանիկ են եւ հոգեպէս` աւելի հանգիստ, քան անոնք, որոնք ընկերներ չունին կամ քիչ ունին:

Հետազօտութիւններու արդիւնքը հաստատած է, որ ընկերութիւնը`

Կը կանխարգիլէ սրտի զարկերու խանգարումը
Կը կարգաւորէ արեան ճնշումը
Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը
Կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը
Կը նպաստէ ուրախութիւն պատճառող հորմոններու արտադրութեան

Նշենք, որ 2011-ին ՄԱԿ-ը յուլիս 30-ը հռչակած է Ընկերութեան միջազգային օր:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Պանիրներու Ջերմուժի Ցուցակը

Դժուար է փորձութեան չմատնուիլ պանիրներու ճոխ տեսականիի մը դիմաց. այսուհանդերձ, կարելի է ուտել համեմատաբար քիչ ջերմուժ պարունակող տեսակները եւ մասամբ մեղմել «յանցանքը»: Ներկայացուած ջերմուժի ցուցակը նկատի ունի իւրաքանչիւր 100 կրամը:

- Ռիքոթա 160 - Էմանթալ 370
- Մոցարելլա 259 - Քանթալ 371
- Ֆեթա 264 - Ռոքֆոր 374
- Քամամպեր 270 - Չետըր 403
- Այծի պանիր 339 - Կրիւյէր 414
- Պրի 339 - Փարմըզան 441
- Կուտա 363 - Քոնթէ 447

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Հագուստի Պահարանը
Կազմակերպելու Համար…

 

Ձմեռնային մոյկերը կանոնաւոր շարելու համար օգտագործեցէք տափատի յատուկ կախիչներ, որոնք օժտուած են զոյգ բռնակներով: Մոյկերը լաւ պահպանելու երկրորդ միջոց մըն է անոնց մէջ հանքային ջուրի պարապ շիշեր տեղաւորելը:

Ձմեռնային մոյկերը կանոնաւոր շարելու համար օգտագործեցէք տափատի յատուկ կախիչներ, որոնք օժտուած են զոյգ բռնակներով:
Մոյկերը լաւ պահպանելու երկրորդ միջոց մըն է անոնց մէջ հանքային ջուրի պարապ շիշեր տեղաւորելը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Վզկապերը կանոնաւոր շարելու եւ զանոնք դիւրին գտնելու համար պարզապէս նկարին վրայ նշուած ձեւով հաստատեցէք հագուստի կախիչի մը վրայ:

Վզկապերը կանոնաւոր շարելու եւ զանոնք դիւրին գտնելու համար պարզապէս նկարին վրայ նշուած ձեւով հաստատեցէք հագուստի կախիչի մը վրայ:

Մուճակները պահարանին մէջ դասաւորելու համար օգտագործեցէք մետաղեայ հագուստի կախիչները` անոնց ծայրամասերը դէպի վեր ծալելով:

Մուճակները պահարանին մէջ դասաւորելու համար օգտագործեցէք մետաղեայ հագուստի կախիչները` անոնց ծայրամասերը դէպի վեր ծալելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Նուռով Աղցան

156363_443831782411838_2054218130_nԱյսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք հետաքրքրական աղցանի մը բաղադրատոմսը, որուն հեղնակն է յայտնի խոհարար Մկրտիչ Սարգսեանը: Ան «Քարից փափուկ» հաղորդաշարի խոհարարն է:

Բաղադրութիւն

Նուռի հատիկ` 3-4 ապուրի դգալ
Ոլոռն` 1 միջակ տուփ
Կանաչ խնձոր մը
Վարունգ մը
Թթուաշ վարունգ մը
Կանաչ սոխ`3-4 ցօղուն
Ձէթ` 2 ապուրի դգալ
Պալսամիք քացախ` 1 թէյի դգալ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Խնձորը մաքրել եւ մահիկաձեւ, բարակ շերտերու վերածել, փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ, ապա աւելցնել նոյնպէս բարակ շերտուած վարունգը, թթուաշ վարունգը եւ սոխը: Ոլոռնը քամոցէ անցընել, ցօղուել եւ աւելցնել խառնուրդին, նոյնպէս ալ` նուռի հատիկները:

Թացանը պատրաստելու համար փոս ամանի մը մէջ խառնել քացախն ու ձէթը, աւելցնել համեմները եւ ստացուած միատարր խառնուրդը թափել աղցանին վրայ եւ զգուշօրէն խառնել ու մատուցել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Որդուս

BarouyrSevag5Դու սիրոյ հետ միշտ հաշտ ապրիր, բայց խոյս մի՛ տա տառապանքից.
Նա սրբում է աչքը փոշուց, նա մաքրում է հոգին ժանգից:
Տառապանքից չեն մեռնում, չէ՛, այլ աւելի են պնդանում:
Ապաքինուած սիրտը յետոյ գալիք ցաւը հեշտ է տանում:
Ա՜խ մի՛ նուա: Հայրդ երբեք չի հանդուրժում նուացողին…
Շատ աւելի լաւ է, տղա՛ս, դառն արցունքով աչքդ ցողիր
Ու քո ճամբան շարունակիր: Թո՛ղ որ լինի նա քարքարոտ,
Բայց քո հոգում եթէ լինի բարո՛ւ, լաւի՛, սիրո՛յ կարօտ,
Դու չե՜ս յոգնի, դու կը քայլես. կը բարձրանաս դու սարն ի վեր:
Դրա համար ոգի է պէտք, դրա համար պէտք չեն թեւեր:

Ազնի՛ւ եղիր ամէն ինչում-ո՞վ է կեանքում սովից մեռել:
Ճշդի համար աքսոր չկայ-սրտի հանդէպ ինչու լռել:
Իսկ մեր շուրջը դեռ կան մարդիկ, որ երբ պէտք է մէջք են ծռում,
Երբ որ պէտք է, հռհռում են, պէ՞տք է` ժպտամ, պէ՞տք է լռում,
Պէ՞տք է` իրենց մութն են տնկում… Դու մի՛ եղիր կեանքը տհաս`
Դու հասկացի՛ր հէնց այս գլխից, մի՛ մոռացիր երբեք, տղաս,-
Ազնըւութիւնն այն է միայն, որ չի փոխւում` ոնց էլ խուռ տաս,-
Նա մի ճերմակ երես ունի, ոչ թէ եօթ-ութ գունեղ աստառ…

Պ. ՍԵՒԱԿ

(Հատուած)

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>