Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1967-ին Ժոզեֆ Ստալինի արձանը փոխարինուեցաւ քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի 22 մեթրնոց պղնձեայ «Մայր Հայաստան» արձանով:
Սակայն քիչեր գիտեն, թէ հերոսութեան խորհրդանիշ կինը երեւանաբնակ Գենիա Մուրատեանն է:
Գենիա լաւ կը յիշէ, թէ ինչպէս Արա Յարութիւնեան «գեղեցկադէմ օրիորդ»-ին առաջարկեց դառնալ բնորդուհի` իր արձանին համար:
«Ես 17 տարեկան էի, շարքի կեցած էի տոմս գնելու համար, ան դէմս կեցած կը քննէր, կ՛ուսումնասիրէր… եկաւ մօրս ըսաւ, թէ պետական պատուէր ստացած է «Մայր Հայաստան» արձանը քանդակելու եւ խնդրեց մայրիկէս, որ ես ըլլամ բնորդուհին: Մայրիկս մերժեց, բայց ինք իր հեռաձայնի թիւը ձգեց եւ յայտնեց, որ արուեստանոցը կը գտնուի Քիեւեանի վրայ: Կարճ ժամանակ մը ետք, եղբայրս զիս տարաւ Յարութիւնեանի արուեստանոցը:
«4-5 անգամ գացինք անոր մօտ, ան քանդակեց արձանին դէմքը, որ շատ կը նմանէր իմ դէմքիս, բացի յօնքերէն. քանդակին յօնքերը միացած էին իրարու: Ան բացատրեց, որ ատիկա վեհ կնոջ, ուժեղ կնոջ իմաստ ունի, եւ թէ հայ կինը եղած է ուժեղ, յաղթանակող, կռուող, ազգը, հայրենիքը պաշտպանող, այդ պատճառով յօնքերը միացած են», հպարտութեամբ կը պատմէ Գենիա Մուրատեանը:
Մուրատեան, որ մասնագիտութեամբ մանկավարժ է, կը խոստովանի, որ այդ հետաքրքրական դրուագը փոխեց իր ներաշխարհը, դարձաւ աւելի ուժեղ, հայրենասէր, ազգանուէր:
«Մայր Հայաստան»-ի բնորդուհին իր հայրենիքին համար շատ աւելի լաւ ապագայ կը պատկերացնէր, ան կ՛ափսոսայ, որ իր կերպարին միջոցով որեւէ բան փոխելու անզօր է, բայց լաւատես է հայրենիքի ապագային հանդէպ. «Կ՛ուզեմ, որ մայր հայրենիքը փոխուի, ժողովուրդը լաւ ապրի, կարիքաւոր մարդ չըլլայ, երիտասարդութիւնը աշխատանք ունենայ, ոչ ոք մեկնի հայրենիքէն, ժողովուրդը միասնակամ եւ միաձուլուած ըլլայ»:
Առողջապահական
Դիւրին Միջոցներ` Լեարդը
Առողջ Պահելու Համար
Լեարդը զտիչ օրկան մըն է: Անիկա կը մաքրէ արիւնը վնասակար բաղադրիչներէ եւ կ՛օգնէ, որ սնունդը մարսուի: Լաւ աշխատող լեարդը «կ՛այրէ» մարմնին իւղը: Անիկա սնունդը կը փոխակերպէ արեան համար օգտակար բաղադրիչներու` պահելով կենսանիւթերն ու հանքայինները: Լեարդը կ՛օգնէ օրկանիզմին` պայքարելու վարակներու դէմ:
Լեարդին հետ կապուած հարցերը կրնան ըլլալ ժառանգական կամ կապուած ժահրերու հետ: Վատառողջ լեարդը զանազան անհանգստութիւններու դուռ կրնայ բանալ: Լեարդը առողջ պահելու համար պէտք է խուսափիլ ոգելից ըմպելիներէն, ծխախոտէն, պէտք է հեղուկ խմել եւ մարզանք ընել:
«Սիվիլնէթ»-էն քաղուած յօդուածի մը համաձայն, շարք մը սննդամթերքներ օգտակար են լեարդին առողջ գործունէութեան համար:
- Սխտորին բաղադրիչները կ՛օգնեն լեարդին դուրս մղելու թունաւոր նիւթերը եւ մաքրելու զայն:
- Կրիֆոն ուտելը կամ կրիֆոնի հիւթ խմելը եւս կ՛օգնէ լեարդին` ձերբազատուելու վնասակար նիւթերէն:
- Բազուկը նոյնպէս կ՛օգնէ լեարդին, որպէսզի մնայ առողջ եւ լաւ կատարէ իր դերը:
- Կանաչ տերեւները (շոմին, հազար…) մետաղները, քիմիական տարրերը, միջատասպան դեղերը չէզոքացնելու կարողութիւնը ունին եւ լեարդի պաշտպաններն են:
- Աւոքատոն մարմնին մէջ հակաօքսիտաններ արտադրելու կը նպաստէ, ինչ որ անհրաժեշտ է լեարդին` վնասակար նիւթերը հեռացնելու համար:
- Կոճապղպեղը, երիցուկի եփուկը, տանձն ու խնձորը նոյնպէս բարեգործ ազդեցութիւն ունին լեարդին վրայ:
- Քալելը եւ քնանալը դիւրին եւ անհրաժեշտ միջոցներ են լեարդը առողջ պահելու:
Տաք Խմիչքներուն Բարիքները
Ձմրան ցուրտ օրերուն, վառարանին մօտ, թէ գրասենեակը` գործի ընթացքին, չկայ աւելի հաճելի եւ հանգստացնող բան, քան գաւաթ մը տաք խմիչքը:
Ձմեռնային տաք խմիչքները` իրենց բաղադրութեան համաձայն, կրնան ունենալ զանազան յատկութիւններ` մանրէասպան, ճնշուածութեան դէմ, մարսողական…
Ստորեւ կու տանք տաք խմիչքի երեք տարբերակ` մեղրով, նարինջով, գինիով, տուրմով, թէյով… ձեզի կը մնայ ընտրել ձեր քիմքին յարմարողը:
Այս առիթով եկէք վերյիշենք վերոյիշեալ բաղադրութիւններուն բարիքները.
- Մեղր` մանրէասպան, մարմնին դիմադրականութիւնը զօրացնող, կոկորդին ցաւը մեղմացնող, անքնութիւնը չքացնող, վէրքերը սպիացնող…
- Նարինջ` Սէ. կենսանիւթով հարուստ, հարբուխը եւ կոկորդի ցաւը դարմանող:
- Գինի` յոգնութիւնը չքացնող, կրիփը, պրոնշիթը եւ հարբուխը դարմանող, մարսողութիւնը բարելաւող, ախորժակը գրգռող…
- Տուրմ` ճնշուածութեան դէմ պայքարող, լաւ եւ գէշ քոլեսթերոլը հաւասարակշռող, արեան գերճնշումը նուազեցնող…
- Թէյ` շաքարախտը կանխարգիլող, մարսողական գործունէութիւնը բարելաւող, կոկորդի ցաւը մեղմացնող…
Նարինջով Եւ Գինիով Խմիչք
Անհրաժեշտ են
– Կարմիր չոր գինի` 750 մլ.
– Նարինջի հիւթ` 500 մլ.
– Կասիայի ձողիկ` 2 հատ
– Շէկ շաքար` 125 կր.
– Նարինջ` 1 հատ
Պատրաստութիւն
Նարինջը լուալ եւ շերտերու վերածել:
Կաթսայի մը մէջ լեցնել նարինջի հիւթը, վրան աւելցնել գինին, շաքարը, կասիայի ձողիկները եւ նարինջի շերտերը:
Կաթսան դնել մեղմ կրակի վրայ եւ խառնել այնքան, որ շաքարը հալի:
Ձգել կրակին վրայ 10 վայրկեան, յետոյ կաթսան կրակին վրայէն հանել, որպէսզի բաղադրութիւնը չեռայ: Լեցնել բաժակներու մէջ եւ հրամցնել:
Մեղրով Եւ Խնձորով Թէյ
Բաղադրութիւն
– 1 բաժակ ջուր
– 1 թէյի դգալ սեւ թէյ
– Կէս խնձոր
– Կէս թէյի դգալ մեղր
Պատրաստութիւն
Թէյամանին մէջ լեցնել թէյը, կտրտուած խնձորը եւ եռացած ջուրը: Կափարիչը գոցել եւ ձգել 5-10 վայրկեան: Վերջաւորութեան քամոցէ անցընել, աւելցնել մեղրը եւ խմել:
Այս տաք խմիչքը յանձնարարելի է ձմեռնային հիւանդութիւններուն դէմ պայքարելու համար:
Շոքոլա Շօ` Չիլի Պղպեղով
Բաղադրութիւն
– 2 բաժակ կաթ
– 50 կր. սեւ տուրմ
– Չիլի պղպեղ` 1 հատ
– Մեղր` 1 ճաշի դգալ
– Փոշի կասիա` 1 պտղունց
Պատրաստութիւն
Պղպեղը կիսել, մաքրել կուտերը: Տուրմը հալեցնել մանրալիքի մէջ կամ եռացած ջուրով լեցուն կաթսայի վրայ:
Կաթը լեցնել կաթսայի մէջ, աւելցնել պղպեղը եւ տաքցնել` առանց եռացման աստիճանի հասնելու: Պղպեղը հանել կաթսայէն եւ կաթին աւելցնել հալած տուրմը եւ կրակին վրայ խառնելով մէկտեղ եռացնել քանի մը վայրկեան:
Հրամցնելու ատեն բաժակին երեսը շատ քիչ փոշի կասիա աւելցնել:
Քարամէլացուած Նարինջ
Աշնան անձրեւոտ եղանակին, բայց նաեւ ձմրան հաճելի է վայելել քարամէլացուած նարինջի շերտեր, մասնաւորաբար ձմեռնային տաք խմիչքներուն կողքին:
Ստորեւ` դիւրին եւ արագ պատրաստուող տարբերակ մը.
Անհրաժեշտ են.-
– 1 քիլօ նարինջ
– 400 կր. շէկ շաքար
– 100 մլ. ջուր
Պատրաստման եղանակը.
Նախընտրելի է ընտրել միջին չափի նարինջներ: Լուալ եւ 0.5 սմ. հաստութեամբ կլոր շերտել:
Խորունկ քասրոլի մը յատակը ծածկել շաքարով, վրան շարել նարինջի շերտերը, կրկին` շաքար, եւ այսպէս շարունակել մինչեւ որ շաքարն ու նարինջը սպառին: Վերջացնել շաքարի խաւով մը:
Քասրոլը դնել թեթեւ կրակի վրայ, աւելցնել ջուրը եւ երկու ժամ եփել: Անհրաժեշտութեան պարագային կրկին ջուր աւելցնել:
Կարելի է նոյնը պատրաստել այլ միրգերով: Շաքարը կարելի է փոխարինել մեղրով, իսկ քարամէլացուած նարինջները կարելի է կիսով թաթխել հալած տուրմի մէջ եւ հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Աբովեան Փողոց
Մի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց –
Շուրթին անունը մեր Աբովեանի,
Զգւում է, փռւում – ծառով, ծիծաղով
Կանաչ սրտի մէջ մեր Երեւանի:Բացուել են ուրիշ շքեղ փողոցներ,
Ու սերունդներ են եկել ու անցել,
Բայց նա ինչպէս հին ու առաջին սէր
Նորից ամէնից թանկն է մնացել:Տխրում է հոգին – իր գիրկն ենք գնում,
Երբ ուրախ ենք մենք այնտեղ ենք կրկին
Երբ մտերմի է սիրտը որոնում
Այնտեղ է գտնում իր որոնածին:Ու յերբ մթնում է մեր միտքը բարի
Հայոց հինաւուրց բախտի մռայլով
Մեզ սփոփում է նրա մայթերի
Կենդանութիւնը, աշխոյժը խռով:Ասես երակն է աշխարհի հայոց
Որ բաբախում է յաւէրժ կենդանի
Մի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց
Շուրթին – անունը մեր Աբովեանի…:ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
1946