Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Յայտնի մանըքեն Նաումի Քեմպըլ մտադիր է բարեսիրական խանութ բանալ, ուր պիտի վաճառուին իր եւ իր ընկերներուն հագուստները: Վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Էպոլա համաճարակի տարածման մասին իրազեկման արշաւին:
Ֆեշըն ֆոր ռիլիֆ կարգախօսքով խանութը պիտի բացուի Լոնտոնի Ուեսթֆիլտ առեւտուրի կեդրոնին մէջ. այցելուները ընդամէնը մէկ շաբաթ ունին (նոյեմբեր 28-էն դեկտեմբեր 4) իրենց գնումները կատարելու:
Ասիկա մանըքենին առաջին խանութը չէ: 2011-ին ան նոյն կեդրոնին մէջ եւ դարձեալ բարեսիրական նպատակով խանութ բացած էր եւ մէկ շաբթուան ընթացքին հաւաքած էր 20,000 սթերլին:
2014-2015 Աշուն Ձմեռ Մազի
Սանտրուածքները
Նշանաւոր վարսայարդարներ եւ ձեւագէտներ արդէն իսկ վճռած են յառաջիկայ աշուն-ձմեռ եղանակի սանտրուածքները, որոնք կարելի է ամփոփել գլխաւոր 5 կէտերու մէջ:
![Կարճ, միջին հասակով կամ աչքերը գրեթէ ծածկող ֆրանժները կրկին նորաձեւ են յառաջիկայ եղանակներուն:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/11/owlle1.jpg)
Կարճ, միջին հասակով կամ աչքերը գրեթէ ծածկող ֆրանժները կրկին նորաձեւ են յառաջիկայ եղանակներուն:
![Շատ կարճ մազերը, տեկրատէ ֆրանժներով, կը մնան գործնական, նորաձեւ եւ ոճային:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/11/1113_coupe-garconne.jpg)
Շատ կարճ մազերը, տեկրատէ ֆրանժներով, կը մնան գործնական, նորաձեւ եւ ոճային:
![Մաքարոն կոչուած փոքրիկ մազի կծիկները ցերեկային թէ գիշերային սանտրուածքներուն մէջ կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն այս տարի:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/11/1113_Macarons.jpg)
Մաքարոն կոչուած փոքրիկ մազի կծիկները ցերեկային թէ գիշերային սանտրուածքներուն մէջ կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն այս տարի
![](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/11/coiffure-hiver-2015-westwood-one-shoulder-boucle1.jpg)
Ուան շոլտըր (մէկ ուսին վրայ հաւաքուած) սանտրուածքը եւս կը մնայ 2014-2015 եղանակի նորաձեւ յարդարանքներէն մէկը:
![Քէօ տը շըվալները իրենց բոլոր ձեւերով կը վայելեն երկար վիզ եւ գեղեցիկ ճակատ ունեցողներուն:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/11/1113_queue-cheval.jpg)
Քէօ տը շըվալները իրենց բոլոր ձեւերով կը վայելեն երկար վիզ եւ գեղեցիկ ճակատ ունեցողներու
Հոտերը ճանչնալու յատկութիւնը…
Գիտնականներ պարզած են, որ երբ ոմանց մօտ ուտելիքը արդէն ախորժաբեր չի բուրեր եւ օծանելիքին բոյրը զզուելի է, այս ազդանշանները կը վկայեն լուրջ հիւանդութեան մը զարգացման մասին:
Գիտնականներուն կարծիքով, հոտերը ճանչնալու յատկութիւնը կորսնցուցած մարդիկ յաջորդ 5 տարիներուն 6 անգամ աւելի յաճախ մահացած են:
Հոտառութեան խանգարումը ինքնին մահուան սպառնալիքը չ՛աւելցներ, սակայն անիկա կը վկայէ լուրջ հիւանդութիւններու մասին: Երբ մարդ չի ճանչնար վարդին, ձուկին, կաշիին, նարինջին, մանանեխին հոտերը, մտահոգուելու լուրջ առիթ է:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ծանօ՞թ Էք Յիշողութեան
Թշնամիներուն
Արդեօք ծանօ՞թ էք մեր յիշողութիւնը բարելաւող կամ նուազեցնող ազդակներուն. իմանալու համար կարդացէք յօդուածը:
1
Խաչբառ լուծելը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
Սխալ.- Գիտնականներ փաստած են, որ խաչափառ լուծելը կամ ոտանաւորներ գոց սորվիլը ոչ մէկ ձեւով յիշողութիւնը կը զօրացնեն. բայց եւ այնպէս, ընթերցումը եւ մտաւորական որոշ աշխատանքները թոյլ չեն տար, որ ուղեղը ծուլանայ:
2
Ոգելից ըմպելիները կը վնասեն յիշողութեան:
Ճիշդ.- Ոգելից ըմպելիներու չափազանցութիւնը տարիներու վրայ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր յիշողութեան վրայ:
3
Ձուկ ուտելը կ՛օգնէ յիշողութեան:
Սխալ.- Այս շատ ընդհանրացած համոզումը գիտականօրէն փաստուած չէ: Միւս կողմէ, սակայն, ինչ որ օգտակար է մեր մարմնին, օգտակար է նաեւ ուղեղին: Հետեւաբար առողջ եւ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը նաեւ օգտակար է ուղեղին:
4
Սթրեսը մոռացութիւն կը պատճառէ:
Ճիշդ.- Ծանր սթրեսը (ընկճախտ) կրնայ վնասել յիշողութեան: Կարճատեւ, թեթեւ ընկճախտը յիշողութիւնը կը պակսեցնէ կարճ ժամանակի վրայ եւ, հետեւաբար, անցողակի կ՛ըլլայ:
5
Հանգիստ, խոր քունը անհրաժեշտ է յիշողութիւնը պահպանելու համար:
Ճիշդ.- Ուղեղը քունի ընթացքին է, որ կը զտէ եւ կը դասէ օրուան դէպքերը: Անկանոն եւ ընդհատուած քունը արգելք կը դառնայ, որ յուշերը ամրապնդուին:
6
Օդանաւով ճամբորդութիւնը կրնայ…
Ճիշդ.- Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, օդանաւային ընկերութիւններու անձնակազմերը աւելի ենթակայ են յիշողութեան տկարութեան, քան ուրիշներ, սակայն ասիկա կրնայ պարզապէս կապուած ըլլալ անքնութեան հետ:
7
Յիշողութիւնը կը նուազի 20 տարեկանէն սկսեալ:
Ճիշդ.- Ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, յիշողութիւնը նուազելու կը սկսի պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ, միւս կողմէ` բառապաշարը եւ պերճախօսութիւնը կ՛աւելնան 70 տարեկանէն սկսեալ:
8
Կարգ մը դեղեր կրնան վնասել յիշողութեան:
Ճիշդ.- Յատկապէս` անթիտեփրեսէօր կոչուած տեսակները, որոնք հոգեկան անկումները դարմանելու կը ծառայեն, կրնան տկարացնել յիշողութիւնը, սակայն անգամ մը որ դարմանումը դադրեցուի, ամէն բան ընթացքի մէջ կը մտնէ:
9
Սոյայի կաթը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
Սխալ.- Հրաշք դեղ մը գոյութիւն չունի ուղեղին համար: Ուղեղը պէտք ունի 13 տեսակ կենսանիւթի, 15 հանքայինի եւ Օլիկօ Էլեմանի, 8 ասիտ ամինէի եւ 4 ճարպաթթուի: Այլ խօսքով, միայն այլազան եւ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը կրնայ ապահովել ուղեղին կատարել գործունէութիւնը:
10
Առտուները աւելի լաւ կ՛ըմբռնենք եւ կը յիշենք:
Ճիշդ.- Առտուն լաւագոյն ժամանակն է սորվելու, մինչդեռ յիտմիջօրէին մեր ուշադրութիւնը նուազած կ՛ըլլայ:
Առողջապահական
Ի՞նչ Ուտել Օսթէոփորոզէն
Պաշտպանուելու Համար
Իրենց զօրութիւնն ու տոկունութիւնը պահպանելու համար մեր ոսկորները պէտք ունին կիրի, բայց նաեւ` հանքայիններու, կենսանիւթերու եւ այլն…
Ոսկորները տարիներու ընթացքին կը դառնան դիւրաբեկ, քանի որ կը կորսնցնեն իրենց խտութիւնը: Այս պատճառով ճաթռտուքներ կը պատահին, իսկ դարմանումը երկարատեւ է եւ` ոչ արմատական: Ոսկորներու մաշումն ու պարպումը ծանօթ է օսթէոփորոզ անունով: Կիները 4 անգամ աւելի ենթակայ են օսթէոփորոզ ունենալու, քան տղամարդիկ:
Ոսկորներու պարպումի գործընթացը կարելի չէ կասեցնել, սակայն դեղերու, ուտելիքներու եւ մարզանքի ճամբով կարելի է դանդաղեցնել:
Ի՞նչ ուտել.-
- Կաթնեղէն
- Պտուղներ, բանջարեղէններ, ընդեղէններ եւ ընկոյզ:
- Մութ կանաչ գոյնի բանջարեղէններ եւ խոտեր:
- Սոյա, ձկնեղէն, հաւ:
- Սեւ թէյ:
Ի՞նչ բաներէ խուսափիլ.-
- Աղի ուտելիքներէն
- Չափազանցուած քանակութեամբ ոգելից ըմպելիներէն:
- Քաֆէյինէն:
- Պահածոյացուած պտուղներէն եւ բանջարեղէններէն:
Խոհագիր
Դդումով Ապուր
Քանակ` 4 անձի համար
Պատրաստութիւն` 10 վայրկեան
Եփ` 15 վայրկեան
Ծախս` չնչին
Աշխատանք` դիւրին
Բաղադրութիւն
1 քիլօ դդում
6 հատ լա վաշ քի ռի պանիր
1 լիթր ջուր
Աղ
Պատրաստութիւն
Դդումները լուալ կոթերը կտրել, ապա խորանարդաձեւ կտրտել եւ 1 լիթր աղի, եռացած ջուրի մէջ եփել:
Խաշած դդումները, եփի ջուրը եւ պանիրները հարիչէ անցընել եւ հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խեղդուելու Չափ
Պէտք Ունեմ ԵսԽեղդուելու չափ պէտք ունեմ ես
Լաւ ընկերոջ ու լաւ մարդկանց.
Ոչ մի թաւիշ շող ու շքեղ ,
Ոչ մի գունեղ մետաղ ու գանձ .
Ոչ մի թռիչք ` երկինք հասնող,
Փառքի կատար ամենախանձ,
Ու պարտադիր սուտ սէրերի,
Ոչ մի կպչուն սոսինձ ու սանձ:
Մաքուր, մաքուր ու լուսնատես,
Լուսաբացի ցուրտ օդի պէս.
Ես յոգնել եմ, յոգնել եմ ես
Ձեւացնելով ու ձգելով,
Չեղած լաւը սուտ փքելով,
Յոյս տալով ինձ, սպասելով,
Ու մեղաներ ինձ ասելով:
Տարիները եկել դիզուել`
Ծանրացել են թռիչք ու թափ,
Լաւ սրտերի պէտք ունեմ ես
Խեղդուելու չափ,
Խեղդուելու չափ:ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ