Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անցեալին հայերը Ամանորի կէս գիշերուան հոսող ջուրին յատուկ զօրութիւն կը վերագրէին: Որոշ տեղեր համոզուած էին, որ ճիշդ կէս գիշերին, երբ հին տարին իր տեղը կը զիջի նորին, գետերու ջուրերը պահ մը ոսկի կը հոսին:
Ընթրիքէն ետք, կէս գիշերին երիտասարդները կ՛երթան նոր, թարմ ջուր բերելու: Այսպէս, եօթը անգամ կ՛երթային եւ մէկական կուժ ջուր կը բերէին եւ կուժերը քով-քովի կը շարէին:
Ջաւախքի մէջ երիտասարդ տղաքը ձիեր հեծած` կ՛արշաւէին դէպի գետ, անոր մէջ ցորեն եւ գարի կը թափէին եւ սրբազան ջուրը տուն կը բերէին: Ժողովուրդը նաեւ կը շրջապատէր աղբիւրները, կ՛աղօթէր եւ ջուրը կը թափէր նոր տարուան բնորոշ խմորեղէնի կտորներ, գարիի, ցորենի հատիկներ` ըսելով.
– Քեզի կու տամ ցորեն, գարի,
Դուն ալ ինձ տուր բարի,
Շնորհաւոր Նոր Տարի
Առ քեզի գարի,
Տուր մեզի բարի,
Առ քեզի քէօմուր (ածուխ)
Տուր մեզի էօմիւր (կեանք):
Ուշագրաւ է, որ ջուրի հետ առնչուող սովորութիւններուն մէջ ակնյայտօրէն կը զգացուի կիներու եւ տղամարդոց որոշ տարբերութիւններ:
Ջուրը շնորհաւորելու` «ջուրը կաղնդելու» սովորութիւնը վերապահուած էր տարեց կիներուն, անոնք ջուրին մէջ հատիկներ, հացի ու խմորեղէնի կտորներ կը նետէին եւ հմայական, շնորհաւորական խօսքեր կ՛ըսէին: Կէս գիշերին ջուրը կուժերուն մէջ կը լեցնէին եւ խոտի խուրձերը ջուրի տակ կը թրջէին տղամարդիկը:
Որոշ շրջաններու մէջ Նոր տարուան գիշերը ջուրի մէջ թրջած հացի քանի մը կտոր ամբարի մէջ կը պահէին մինչեւ տարեվերջ, որպէսզի հացը առատ ըլլայ:
Գիշերը թրջուած խոտը, ինչպէս նաեւ անասուններու եւ երկրագործական գործիքներու պատկերներով թխուած հացիկները ջուրի մէջ թրջելէ ետք, առաւօտեան կը կերցնէին անասուններուն: Կերակրելու այդ պահուն բարեմաղթանքներ կը կատարուէին:
Օրինակ, Շապին Գարահիսարի մէջ հաւերուն Նոր տարուան առաջին կերը տալու ժամանակ կ՛երգէին.
– Ճու, ճու, ճու, ձագուկներ, իմ սիրելի վառեակներ,
Մօտ եկէք տամ ձեզ հատիկ, որ տաք ինծի շատ հաւկիթ…
Նոյն ձեւով, գոմին մէջ անասունները կերակրելու պահուն.
– Եկէք սիրուն բուչիկներ (հորթեր), սիրամ ու կարմիր գոյներով,
Ձեզի ալ տամ հատիկ, կեր, որ կաղնդչէք եմ բերեր:
Դուք ալ ապրիք տարիներ, ձեր սիրական զաւակով,
Համբուրեմ ձեր ճակատներ, սիւսլի՛ւ պուռմա կոտոշներ:
Կէսգիշերային ջուրի զօրութեան մասին այնքան մեծ հաւատք կար, որ ոմանք վստահ էին, որ այդ պահուն հոսող ջուրը կրնայ բուժել շատ մը հիւանդութիւններ: Ձմեռուան այդ սառնամանիքին հիւանդներ կը մերկանային եւ ակնթարթ մը մտնէին հոսող ջուրի տակ, ապա վազելով կ՛երթային եւ կը նստէին թթենիի մը տակ:
Այսքանով կը բաւարարուինք «Նոր տարուան ջուր»-ին մասին. մեր յաջորդ թիւով կարդանք «Նոր տարուան կրակ»-ին մասին:
Աւետիք Իսահակեանի
Ամանորի Խօսքը
«Նոր տարուան առիթով ցանկանում եմ, որ մեր զոհուած մարտիկների եւ կենդանի մնացածների արդար փափաքները` թշնամու ոչնչացումը, արագ կատարուի:
Ցանկանում եմ մեր քաջարի զինուորների աննկուն հաւատ եւ համոզմունք` վերջնական յաղթանակի հանդէպ:
Բարեմաղթում եմ աւելի տոկունութիւն, կորով եւ խիզախութիւն:
Համոզուած ենք, որ շուտով մեր հերոսական եղբայրների արիւնով ազատագրուած հողերի վրայ նորից կը ծաւալուի ընդհատուած խաղաղ եւ ստեղծագործ աշխատանքը»:
1942 թ. յունուար 1, Երեւան
Ձեռային Աշխատանք
Ամանորեայ Պսակներ
Ամանորեայ պսակները Կաղանդի կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն են: Մուտքի դրան վրայ կախուած` արդէն իսկ կը ստեղծեն հիւրընկալ եւ ջերմ մթնոլորտ: Եթէ ձանձրացած էք ձեր հին պսակէն եւ պատրաստ էք զայն փոխարինելու նորով մը, ահաւասիկ` հետաքրքրական նմուշներ, զորս անձամբ կրնաք պատրաստել:
Այս պսակներու պատրաստութեան համար պէտք ունիք մետաղեայ հագուստի կախիչի, ձեռնափայտի ձեւով գունաւոր շաքարներու (թիւով 22), լաթակալի, նկարի խոշոր շրջանակի, ժապաւէնի, գինիի շիշի խցանի:
Յաջողութիւն:
Խոհագիր
Անուշապուր
Անուշապուրը հայկական քաղցրաւենի է: Անիկա հայկական ամանորի սեղանի 7 պարտադիր ուտեստներէն մէկը կը համարուի: Ստորեւ` բացատրութիւնը.
Բաղադրութիւն
Կէս քիլօ ձաւար (կամ կորկոտ, կամ ցորեն)
Կէս գաւաթ չիրեր (չամիչ, ծիրան, սալոր, տանձ, խնձոր…)
Մէկ գաւաթ ընկոյզ, կաղին, նուշ
Կէս գաւաթ մեղր
Մէկ թէյի դգալ փոշի կասիա
Ջուր` եփելու համար
Նուռի հատիկներ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Ձաւարը խաշել կէս ժամ: Աւելցնել չիրերն ու ընկոյզը: Եփել թեթեւ կրակի վրայ: Կրակը անջատելէ ետք, գաղջ խառնուրդին աւելցնել մեղրն ու կասիան:
Հրամցնելու ատեն երեսը զարդարել չիրերով, միւսներով եւ նուռի հատիկներով:
Անուշապուր
Կաղանդ Պապա մը գար
Նուէրներ բերէր
Տար տար չհատնէրԾառ մը բարձրանար
Թիզ թիզ – օրէ օր –
Երկինք չհասնէրԻնչ որ կեանք կ՛ըսենք
Անուշապուր մը ըլլար ուտէինք
Կեր կեր – չհատնէրԶԱՀՐԱՏ