Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Սպանիոյ մէջ 31 դեկտեմբերի կէս գիշերին սպանացիները խաղողի 12 հատիկ կ՛ուտեն: Հատիկները կը խորհրդանշեն յառաջիկայ տարուան երջանկութիւնը եւ բախտը: Այս սովորութիւնը ո՛չ կրօնական եւ ոչ ալ մշակութային բնոյթ ունի, այլ պարզապէս` տնտեսական ծագում…
1909-ին այգեգործները այս «աւանդութիւնը» հնարած են իրենց խաղողի պահեստը սպառելու համար:
Եթէ պատահի, որ Նոր տարիի մը Մատրիտ գտնուիք, կ՛արժէ 31 դեկտեմբերի գիշերը Փուէրթա տել Սոլ երթալ եւ հազարաւոր սպանացիներու հետ բաժնել այս «աւանդութիւնը»:
***
Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ 31 դեկտեմբերի կէս գիշերուան 12 զարկերուն հետ ժողովուրդը մեծ հրապարակներու վրայ կը հաւաքուի, եւ զոյգեր երկարատեւ համբոյրներ կը փոխանակեն` ամբողջ տարին սիրալիր եւ համերաշխ ապրելու յոյսով:
***
Սիտնիի մէջ 31 դեկտեմբերի կէս գիշերին տեղի կ՛ունենան աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ եւ տպաւորիչ հրավառութիւնները: Ամէն տարի աւելի քան 1.2 միլիոն մասնակից, որոնց 300 հազարը` զբօսաշրջիկ, կը դիտեն Հարպըր Պրիճի հրաշագեղ հրավառութիւնները:ալ եւ հազարաւոր սպանացիներու հետ բաժնել այս «աւանդութիւնը»:
Հայոց Նոր Տարի
Նոր Տարուան Կրակը
Քսաներորդ դարու սկիզբը հայերուս մօտ օճախն էր, որ կը տաքցնէր տունը, օճախին վրայ էր, որ կ՛եփուէր կերակուրը: Օճախը առհասարակ տան սրբազան անկիւններէն մէկն էր, եւ անոր հետ կապուած բազմաթիւ աւանդական սովորութիւններ կ՛ապահովէին օճախին բարոյական եւ առարկայական անձեռնմխելիութիւնը:
Հայերուն Նոր տարուան օճախը առանձնայատուկ էր: Շատ մը շրջաններու մէջ խոշոր կոճղ մը կը դնէին օճախին մէջ` աստիճանաբար առաջ մղելու պայմանով, այնպէս, որ մինչեւ Ս. Ծնունդ կրակը անմար մնար: Ծնունդի երեկոյեան կոճղէն մնացած ածուխն ու մոխիրը կը տանէին եւ կը թաղէին հանքերը, որպէսզի բերքը առատ ըլլայ եւ կարկուտը չզարնէ բերքը: Տնեցիներէն ան, որ տուն մտնէր, անպայման հետը փայտի կտոր մը կը բերէր եւ օճախին մէջ կը նետէր` տօնը շնորհաւորելով:
Միայն տան մեծին բերած փայտի կտորը քիչ մը վառելէ ետք կը մարէին եւ մոխիրին մէջ կը թաղէին մինչեւ ջրօրհնէք, ապա կը տանէին ու կը թաղէին արտին ծայրը, որպէսզի հունձքը առատ կ՛ըլլայ: Այդ օրերուն օճախի կրակին պայծառութիւնը կ՛ապահովէր ընտանեկան կեանքի պայծառութիւնն ու ջերմութիւնը տարուան ընթացքին
Նոր Տարուան Հացը
«Տարի»-ն կը խորհրդանշէր Նոր տարին: Անիկա կլոր եւ տափակ հաց էր, որուն երեսին կ՛երեւէին գիծեր, ճիւղաւորումներ, որոնք թիւով 12 կ՛ըլլային եւ կը ներկայացնէին տարուան 12 ամիսները:
Հին ժամանակ սովորութիւն էր ընկոյզով եւ չամիչով զարդարել «Տարի»-ին երեսը, կարգ մը շրջաններու մէջ անոր երեսին կը գրէին տարեթիւը:
«Տարի»-ին մէջ կը դրուէր արծաթ դրամ մը` ճշդելու համար տարուան բախտաւոր անձը: Զայն կը կտրէին ընտանիքի անդամներուն թիւով եւ հրամցնէին Կաղանդի գիշերը կամ երկրորդ օրը, կամ` Ս. Ծննդեան ճրագալոյցին եւ կամ յունուար 6-ին, տնօրհնէքէն ետք:
Նոր Տարուան Յարդարանք
Պնակը Զարդարող Անձեռոցիկներ
Նոր տարուան սեղանի յարդարանքը ամբողջական չ՛ըլլար` առանց անհատական անձեռոցիկներուն: Որքան ալ պարզութիւնը սիրող անձ ըլլաք, կ՛արժէ, որ Ամանորի սեղանի անձեռոցիկները քիչ մը զարդարուն եւ ճոխ տեսք ունենան սեղանին աւելի հիւրընկալ տեսք տալու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք դիւրին իրագործելի անձեռոցիկներու նմուշներ` գոյներու եւ ձեւերու ընտրութիւնը ձգելով ձեր ճաշակին:
Խոհագիր
Գառնուկի Միս` Ծիրանաչիրով
Բաղադրիչներ
2 ապուրի դգալ կարագ
1 գլուխ մանրուած սոխ
1 պճեղ մանրուած սխտոր
կէս քիլօ գառնուկի միս, 3 սմ խորանարդաձեւ կտրտուած
2 բաժակ ջուր
2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
Կէս թէյի դգալ սեւ համեմ
1 գաւաթ չոր ծիրան (կարելի է կտրատել)
2 ապուրի դգալ մանրուած ընկոյզ
Կէս ապուրի դգալ շաքար (ըստ ճաշակի)
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ կարագը հալեցնել թեթեւ կրակի վրայ: Աւելցնել սոխն ու սխտորը, ապա կտրտուած միսը եւ տապկել մինչեւ որ չորս կողմէն կարմրի: Յետոյ աւելցնել ջուրը, կիտրոնի հիւթը, համեմը, աղը: Կափարիչը գոցել եւ մարմանդ կրակի վրայ եփել մէկ ժամ: Վերջապէս աւելցնել ծիրանը, ընկոյզը եւ շաքարը, 15 վայրկեան եւս եփել մինչեւ որ ծիրանն ու ընկոյզը քիչ մը փափկանան:
Հրամցնել բրինձով եղինձի կողքին:
Հայկական այս բաղադրատոմսը կարելի է արձանագրել Նոր Տարուան ճաշացուցակին վրայ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նոր Տարուայ Խօսք Հայաստանին
Ինչպէս մի երգ` սիրուած եւ հին, շշնջում եմ անգիր.
Շնորհաւոր Նոր տարին, իմ Հայաստա՛ն երկիր,
Կանաչ մնաս եղեւնուդ պէս, ապրես կեանքով երկար.
Եւ ինչքան Նոր տարի տեսնես դու նորանաս այնքան,
Ամէն տարի բացես սեղան եւ ամէն Նոր տարի.
Սուրբ աղաւնին խաղաղութեան քու թամադան լինի:Ես ուզում եմ, իմ Հայաստա՛ն, հզօրանաս այնքան,
Որ յոյսերդ իմ նոր լոյս տան տիեզերքին,
Անգամ ու թէ մի օր խիզախ մարդ գնա Մարսին այցի,
Ես կ՛ուզէի, որ խիզախն այդ լինէր հայաստանցի,
Փոխուես տեսքով դու այնպիսին, աճես այնպէս շռայլ,
Որ հայրն ուրիշ աշխարհ տեսնի, որդին` ուրիշ աշխարհ:Շատ ես տեսել վիշտ ու արիւն, էլ չտեսնես երբեք
Եւ ինչ իղձեր ունես կեանքում թող կատարուեն մէկ-մէկ,
Աչքս փառքի քո կատարին` շշնջում եմ անգիր.
Շնորհաւոր քո Նոր տարին, իմ Հայաստան երկիր:ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ