Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով. Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քունը վճռորոշ դեր կը խաղայ երեխային ֆիզիքական, ճանաչողական եւ յուզական զարգացման մէջ: Բաւարար եւ որակեալ քունը կարեւոր է` անոր աճին, յիշողութեան ամրապնդման, յուզական կարգաւորման եւ դիմադրողական համակարգի առողջ գործունէութեան համար: Դժբախտաբար շատ մը երեխաներ բաւարար չեն քնանար, ինչ որ բացասաբար կ՛ազդէ անոնց առողջութեան, վարքին եւ դպրոցական յառաջդիմութեան վրայ:

Քունի տեւողութիւնը կը տարբերի` նայած երեխայի տարիքին: Նորածինները կրնան քնանալ օրական մինչեւ 17 ժամ, մինչդեռ դպրոցական երեխաներուն անհրաժեշտ է 9-11 ժամ: Այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր երեխայ եզակի է եւ կարելի չէ քունի կտրուկ ժամեր ճշդել:

Ծնողները պէտք է զգօն ըլլան իրենց երեխային յոգնածութեան եւ անբաւարար քունի նշաններուն նկատմամբ, ինչպիսիք են` դիւրագրգռութիւնը, կեդրոնանալու դժուարութիւնը կամ ցերեկային չափազանց քնկոտութիւնը:

Գործնական Խորհուրդներ

– Հետեւողական քունի արարողակարգի մը հաստատումը երեխաներուն համար որակեալ քունի հիմնաքարն է: Կարեւոր է երեխային մարմինն ու միտքը նախապատրաստել քունի` ստեղծելով խաղաղութեան եւ ապահովութեան զգացում, որ կը նպաստէ թուլացման եւ այսպէս` տաքուկ լոգանք մը, պատմութեան ընթերցում մը, հօր կամ մօր հետ մտերմիկ զրոյց մը, «ջերմ պաչիկ» մը, «տաքուկ փաթթուկ» մը եւ գորովալի խօսքեր արդէն իրենց դրական ազդեցութիւնը կը գործեն… Սակայն շատ կարեւոր է ամէն իրիկուն պահպանել այս արարողութիւններու յաջորդականութիւնը, քանի որ հետեւողականութիւնը կ՛ամրապնդէ երեխային ուղեղին քունի  ազդանշանները: Ճշդուած քնանալու ժամը պէտք է անփոփոխ մնայ նոյնիսկ արձակուրդներու ժամանակ: Քունի անկանոն ժամերը կրնան խաթարել երեխային կենսաբանական ժամացոյցը եւ ազդել անոր քունի որակին:

– Այն միջավայրը, ուր երեխան կը քնանայ, վճռորոշ դեր կը խաղայ անոր քունի որակին վրայ: Սենեակը պէտք է ըլլայ մութ (կամ կիսամութ), հանգիստ եւ զով:

Կարեւոր է նաեւ երեխային տարիքին համապատասխան յարմարաւէտ ներքնակի եւ բարձի ընտրութիւնը:

– Վերջապէս, ելեկտրոնային սարքերու սահմանափակումը բարենպաստ դեր կը խաղայ երեխային քունի որակին կապակցութեամբ: «American Academy of Pedriatrics»-ը ծնողներուն կը յանձնարարէ երեխային քնանալէն առնուազն մէկ ժամ առաջ անջատել պատկերասփիւռն ու ելեկտրոնային բոլոր տեսակի սարքերը`  սենեակին մէջ ստեղծելով «պաստառներէ զերծ գօտի» եւ խրախուսել այլընտրանքային զբաղումներ, օրինակ` կարդալ, մեղմ երաժշտութիւն լսել եւ այլն…

Տան Մէջ Յասմիկ Պահելու
Համոզիչ Պատճառներ

Յասմիկը շատ գնահատուած է իր բուրաւէտ ճերմակ ծաղիկներուն եւ փարթամ կանաչ տերեւներուն համար: Բայց արդեօք գիտէ՞ք, թէ անիկա օժտուած է առողջարար օգուտներով. յասմիկի բոյսը ձեր կենսամիջավայրին մէջ ներառելը կրնայ զգալիօրէն բարելաւել ձեր բարեկեցութիւնը ոչ միայն բոյր եւ գեղեցկութիւն հաղորդելով, այլ նաեւ` առողջ միջավայր ստեղծելով:

Ստորեւ համոզիչ պատճառներ` տան մէջ յասմիկի բոյս մը պահելու համար.

ա.- Կը բարելաւէ քունի որակը: Ապացուցուած է, որ յասմիկին հանգստացնող բոյրը կը բարելաւէ քունի որակը, կը նուազեցնէ անհանգստութիւնն ու լարուածութիւնը, որոնք անքնութեան հիմնական պատճառներէն են: Ձեր ննջարանին մէջ յասմիկի բոյս մը ունենալը ձեզի կը պարգեւէ խոր եւ հանգիստ քուն:

***

բ.- Կը նուազեցնէ ընկճախտի աստիճանը: Հաստատուած է, որ յասմիկին հանգստացնող բոյրը զգալի ազդեցութիւն ունի տրամադրութեան վրայ` թեթեւցնելով ընկճախտն ու անհանգստութիւնը:

***

գ.- Կը բարձրացնէ ճանաչողական գործառոյթը: Յասմիկին բոյրը ոչ միայն կը հանգստացնէ միտքը, այլեւ կը բարելաւէ զգօնութիւնն ու կեդրոնացումը:

***

դ.- Օդը մաքրող բնական միջոց է: Յասմիկը նաեւ տան օդը մաքրելու յատկութիւն ունի: Ան կը կլանէ բնածխական կազը եւ թթուածին կ՛արձակէ` ձեր ներքին միջավայրը դարձնելով աւելի մաքուր եւ շնչող: Օդի մաքրութեան այս բնական միջոցը կը նպաստէ շնչառական համակարգի առողջութեան:

***

ե.- Կը նուազեցնէ հոգեբեկումը: Յասմիկէն ստացուած եթերային իւղերը մինչեւ օրս կ՛օգտագործուին հոգեկան խանգարումներու բուժման մէջ:

Եւ այսպէս, յասմիկի բոյսը ձեր տան միջավայրին մէջ ներառելը բնական միջոց է ձեր ֆիզիքական եւ մտաւոր առողջութիւնը բարձրացնելու համար: Քունի որակի բարելաւումէն մինչեւ անհանգստութեան նուազում, ճանաչողական համակարգի զօրացում, օդի մաքրութիւն եւ հոգեբեկման ախտանիշներու մեղմացում, այս գեղեցիկ բոյսին օգուտները շատ աւելին են, քան` իր արտաքին գրաւչութիւնը: Այսօր իսկ տուն բերէք յասմիկի բոյս մը` օգտուելու համար անոր այլազան բարիքներէն:

Գիտէ՞ք, Թէ

– 10-12 հատ նուշը համազօր է երկու ասփիրինի: Այսուհետեւ կարելի է գլխացաւը դարմանել նուշով:

– Առաւօտեան բաժակ մը կիտրոնով ջուր խմելը կը թարմացնէ շունչը, կը կանխէ երիկամներուն մէջ քարերու յառաջացումը, կ՛օգնէ նիհարնալու, կ՛ապահովէ մորթին առողջութիւնը, կը նպաստէ մարսողութեան, կը դարմանէ բշտիկները եւ կը պահպանէ տեսողութիւնը:

– Հալէպի պիստակը կը պահպանէ արեան անօթներու առողջութիւնը, կը կայունացնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը, կը նուազեցնէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը, կը պահպանէ մորթին առողջութիւնը, կը նուազեցնէ մորթի քաղցկեղի հաւանականութիւնը, կ՛օգնէ փարթամ մազերու աճին:

– Հետազօտական տուեալնեու համաձայն, կան բնական ցաւազերծիչներ, որոնք կրնան փոխարինել դեղահատերը եւ, այսպէս, մեխակի գամերը` ակռայի ցաւի համար, մեղրը` կոկորդի ցաւի, սխտորը` ականջի եւ ստամոքսի ցաւի, խաղողը` կռնակի ցաւի եւ, վերջապէս, քրքումը` մնայուն (քրոնիք) ցաւերու:

– Բերանի տհաճ հոտը ունի զանազան պատճառներ` ուտելիքներ (սխտոր, սոխ…), փտած ակռաներ, առողջական հարցեր: Տհաճ հոտը արագ եւ ժամանակաւոր չէզոքացնելու համար`

Ա.- Խնձոր մը` ուտել խածնելով:
Բ.- Ազատքեղ, անանուխ կամ սուրճի հատիկներ ծամել:
Գ.- Մեխակի գամ ծամել:
Դ.- Ակռաները յաճախ խոզանակել:

Խոհագիր

Հայկական Չէօրեկ-Կաթնահունց

Բաղադրիչներ

1 քիլօ մաղէ անցած ալիւր
1,5 գաւաթ շաքար
1 գաւաթ գաղջ կաթ
1 գաւաթ հալած կարագ
4 հաւկիթ
2 ապուրի դգալ թթխմոր
1 ապուրի դգալ մահլեպ
1 թէյի դգալ մեզտեքի
2 հարած հաւկիթ` ձեւաւորուած խմորները ծեփելու համար
Շուշմայ զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Գաղջ կաթին մէջ աւելցնել թթխմորը եւ ապուրի դգալ մը շաքար, խառնել եւ ձգել սենեակի ջերմաստիճանով շուրջ կէս ժամ, մինչեւ երեսին փրփուր գոյանայ:

Խորունկ ամանի մը մէջ հարել հաւկիթներն ու շաքարը, ապա աւելցնել` կաթը, կարագը, ալիւրը, մահլեպն ու մեզտեքէն եւ հունցել շուրջ 10 վայրկեան, մինչեւ որ ստացուի ձեռքերուն չկպչող հարթ մակերեսով, առաձգական խմոր մը: Զայն փոխադրել տաշտակի մը մէջ, երեսը ծածկել եւ տաք տեղ մը զետեղել` սպասելով, որ խմորին ծաւալը կրկնապատկուի:

Հասած խմորը անգամ մը եւս շաղել, փոքր գունդերու վերածել եւ ձեւաւորել ըստ ճաշակի` կլոր, հիւսուած կամ պսակաձեւ: Ձեւաւորուած խմորները իրարմէ բաւական հեռու շարել մոմ թուղթով ծածկուած ափսէի մէջ, կրկին երեսը ծածկել եւ ձգել որ կէս ժամ հանգստանան:

Հարած հաւկիթի դեղնուցով ծեփել ձեւաւորուած խմորները եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել շուրջ 20 վայրկեան (նայած` փուռի տեսակին), մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Ըստ ճաշակի, կարելի է խմորը հունցելու ժամանակ խմորին չամիչ աւելցնել:

Գիտէ՞ք, Թէ

Կաթնահունցը կլոր, հիւսքի տեսքով թխուածք է: Կլորը կը խորհրդանշէ յաւերժութիւնը:

Հիւսքը կը խորհրդանշէ բնութեան վերածնունդը եւ կեանքի շարունակականութիւնը:

Այլ վարկածի մը համաձայն, հիւսքը նաեւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի փուշէ պսակը: Իսկ հեթանոսական ժամանակ հիւսք գործելը եւ կաթնահունց պատրաստելը Անահիտ աստուածուհիին ուղղուած խնդրանք էր, որպէսզի տարին բերքառատ ըլլայ:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Գարնանամուտ

Մանուշակներ ոտքերիս ու շուշաններ ձեռքերիս,
Ու վարդերը այտերիս, ու գարունը կրծքիս տակ,
Ու երկինքը հոգուս մէջ, ու արեւը աչքերիս,
Ու աղբիւրները լեզուիս` սարից իջայ ես քաղաք,-
Ու քայլեցի խայտալով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու շուշաններ ձիւնաթոյր,
Ու մարդիկ ինձ տեսնելով` իրենց յոգնած աչքերին
Տեսան ուրիշ մի աշխարհ, գարուն տեսան նորաբոյր,
– Ի՜նչ թարմութիւն,- ասացին,- ի՜նչ թարմութիւն,-
ու բացին
Լուսամուտներն իմ առջեւ, ու ես իմ սիրտը բացել`
Անցնում էի երգելով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու յասմիկներ հոգեթով,
Կարծես մի ողջ բնութիւն մի պատանի էր դարձել,
Քաղաք իջել լեռներից` կ՛անցնէր զմրուխտ հեքիաթով
Երկրէ-երկիր շաղ տալով կակաչներն իր ձեռքերի,
Մեր երգերի լուսաբացն ու գարունը լեռների:

 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

 

 


Երեխայի Դաստիարակութիւն. Մանկավարժներու Կարծիքով

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

– Մի՛ վախնաք ձեր երեխան դաստիարակելէ եւ պարբերաբար անոր հետ խիստ շեշտով եւ բարձրաձայն խօսելէ: Իմացէք, որ ամենամեծ սէրը խրատին մէջ թաքնուած է դառնահամ դեղի պէս, որուն նպատակը հիւանդը բուժելն է:

Մի՛ վախնաք երեխային «Ոչ» ըսելէ, տեւական «Այո»-ն դրական արդիւնքի չի յանգեցներ, այլ կը սնուցանէ ու կը մեծցնէ եսասէր եւ կամակոր երեխայ, որ հետագային ոչ մէկ մերժում կը հանդուրժէ:

* * *

– Երեխայ դաստիարակել` չի նշանակեր անոր հետ պոռալով խօսիլ, մանաւանդ երբ պոռալը սովորութիւն կը դառնայ: Երեխան դաստիարակելու ժամանակ պէտք է յստակ եւ հասկնալի նախադասութիւններ գործածել, հանդարտ եւ համբերատար ըլլալ եւ մանաւանդ` հետեւողական:

Իմացէ՛ք, որ հեղինակութիւնը ձայնին մէջ չէ, այլ` ձեր վարուելակերպին: Տեւական պոռչտուքը մի միայն յարաբերութիւններու լարուածութիւն կը ստեղծէ, որուն պատճառով ձեր երեխան կը դառնայ երկչոտ ու ինքնամփոփ, եւ կամ իր կարգին կ՛ընդվզի ու կը պոռթկայ…

* * *

– Ինքնավարութիւնը երկինքէն չ՛իյնար: Երեխան ինքնավար կը դառնայ` ընտրութիւններ կատարելով, սխալելով, վերսկսելով: Բայց եթէ դուք իրեն փոխարէն որոշէք, թէ ի՛նչ պիտի ուտէ, հագուի, մտածէ, խօսի… ան կամաց-կամաց կը վարժուի հնազանդելու եւ ոչ թէ` մտածելու եւ դատելու: Անշուշտ որ, որպէս ծնողք, ընդհանուր սահմաններ պիտի ճշդէք, սակայն ընտրութեան հնարաւորութիւն ստեղծելու չմոռնաք:

* * *

– Տարիներ անց չափահաս դարձած ձեր երեխան հազիւ թէ յիշէ ձեր մաքուր ու կոկիկ հիւրասենեակը, ձեր գնած խաղալիքները կամ ձեր ինքնաշարժին մակնիշը… Ասոնք շատ չնչին տեղ պիտի գրաւեն անոր մանկութեան յուշերուն մէջ, մինչդեռ ձեզի հետ անցուցած իր ժամանակը, ձեր յարաբերութիւններուն որակը եւ ընտանեկան աւանդութիւնները յաւիտեանս պիտի դրոշմուին անոր մտքին մէջ:

Մի՛ դժգոհիք, եթէ շաբաթավերջին ձեր նստասենեակը տակնուվրայ է, կամ լուացարանին մէջ պնակները դիզուած են, ասոնք լուծելի խնդիրներ են, մինչդեռ ձեր երեխային հետ անցուցած ժամանակը անդարձ հարստութիւն է թէ՛ ձեր եւ թէ՛ իրեն համար, եւ տարիներ ետք այս վերջիններն են, որ պիտի յիշէ ու փնտռէ:

Հետազօտութիւնները Կը Վկայեն

 Ընթերցումը Ազդու Դեղ`
Ընկճախտը Թեթեւցնելու Համար

Արդեօք կը յիշէ՞ք, թէ ե՛րբ վերջին անգամ գիրք կարդացեր էք… եւ ինչո՞ւ չվերադառնաք ընթերցելու ձեր հին սովորութեան ու վայելէք ընթերցումի անհամար բարիքները:

Սիւսեքս համալսարանին կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ընթերցումը լաւագոյն միջոցն է ընկճախտը թեթեւցնելու համար: Արդարեւ, 10 վայրկեան գիրք կարդալը բաւարար է մեզ հանդարտեցնելու, մեր շրջապատէն անջատելու եւ 65 առ հարիւրով պակսեցնելու մեր ընկճախտը:

Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, այս միջոցը շատ աւելի ազդու է, քան` երաժշտութիւն ունկնդրելը, պտտիլը, սուրճ կամ թէյ խմելը` ներքին լարուածութիւնը պարպելու համար:

Այս առիթով, եկէք, վերյիշենք գիրք կարդալու բարիքները.

– Կը բարելաւէ գիտելիքները:
– Կը հարստացնէ բառապաշարը:
– Կը զարգացնէ երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական միտքը:
– Կը զարգացնէ շարադրական ունակութիւնը:
– Կ՛աշխուժացնէ ուղեղը:
– Կը բարելաւէ ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը:
– Կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
– Կը խթանէ քննական միտքը:

Թուղթէ՞, Թէ՞ Ելեկտրոնային Գիրք

21-րդ դար… համացանց… ելեկտրոնային գիրքեր:

Այսօր ելեկտրոնային գիրքերը շատ տարածուած են: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ ելեկտրոնային գիրքերը շատ աւելի պահանջուած են, քան` անոնց թուղթէ տարբերակները:

Ելեկտրոնային գիրքը անշուշտ չունի թուղթին հոտը, զայն չենք կրնար շօշափել, թերթել կամ էջանիշ դնել, բայց ելեկտրոնայինը նոյնպէս ունի իր առաւելութիւնները: Նախ` կարելի է զայն անվճար գտնել, վայրկեաններու ընթացքին զայն ձեռք բերել, հնարաւոր է մէկ համակարգիչի մէջ հազարաւոր գիրքեր պահել եւ դիւրաւ զանոնք տեղափոխել…

Նշենք նաեւ, որ ելեկտրոնային գիրք կարդացողներուն աչքերը աւելի արագ կը յոգնին,  եւ անոնք չեն կրնար երկար կարդալ. այս պատճառով ալ, որքան ալ արհեստագիտութիւնը կը զարգանայ, թուղթէ գիրքի աւանդական տարբերակը շատերուն համար առաջնայինը կը մնայ:

Պահածոյի Թիթեղեայ Տուփերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Եթէ ձեռքի տակ ունիք պահածոյի թիթեղեայ տուփեր, այսուհետեւ, նախքան անոնցմէ ձերբազատիլը, մտածեցէք երկրորդ կեանք մը տալու մասին:

Տեսէք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպիսի՛ լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են, եւ անոնց ստեղծագործ միտքը որքա՜ն հեռուն գացած է: Վստահաբար շատեր անտարբեր պիտի չմնան եւ պիտի փորձեն իրականացնել ներկայացուած տարբերակներէն մէկը:

1.- Սիրուն Թաղարներ. թիթեղեայ տուփերը լաւ լուալէ ետք անոնց յատակէն մէկ-երկու բացուածք բացէք, հող լեցուցէք եւ ձեր նախասիրած խոտաբոյսերը աճեցուցէք:

2.- Գրենական Պիտոյքներու Դասաւորում. Գաղափարը շատ պարզ եւ գործնական է, թիթեղեայ տուփերը ըստ ճաշակի ներկեցէք եւ ապա զանոնք օգտագործեցէք շպարի վրձինները, գրենական պիտոյքները եւ այլ իրեր խմբելու համար:

3.- Դգալեղէնի Դասաւորում. լուացուած, մաքուր տուփերուն վրայ սիրուն պիտակներ փակցուցէք եւ առանձին խմբեցէք ձեր դգալները, դանակներն ու պատառաքաղները:

4.- Գործիքներու Դասաւորում. թիթեղեայ տուփերը ամրացուցէք տախտակին վրայ, ապա հաստատեցէք պատին եւ տեղաւորեցէք աքցանները, պտուտակահանները եւ նմանատիպ այլ գործիքներ:

Խոհագիր

Կարմիր Սոխի Թթուաշ

Բաղադրիչներ

– 2 կարմիր սոխ` օղակաձեւ շերտուած
– 1,5 գաւաթ ջուր
– 1,5 գաւաթ ճերմակ քացախ
– 1 թէյի դգալ շաքարաւազ
– 2 թէյի դգալ քարաղ

Ընտրովի բուրաւէտիչներ (ընտրել մէկը կամ մէկ քանին)

– Սեւ պղպեղի հատիկներ
– 2 ճիւղ թարմ խնկունի
– 2 ճիւղ թարմ ուրց
– Կծու թարմ կարմիր պղպեղ
– Սխտորի պճեղներ

Պատրաստութիւն

Շերտուած սոխերը լեցնել կափարիչով օժտուած ապակեայ մաքուր բղուղի (շիշ) մը մէջ:

Փոքր կաթսայի մը մէջ խառնել քացախը, ջուրը, շաքարն ու աղը: Աւելցնել մէկ կամ աւելի բուրաւէտիչներ` ըստ ցանկութեան: Խառնուրդը հասցնել եռման աստիճանի, ապա աւելցնել սոխին վրայ: Կափարիչը փակել, շիշը գլխիվայր դիրքով ձգել` մինչեւ բաղադրութիւնը պաղի սենեակի ջերմաստիճանով:

Շիշը փոխադրել սառնարան եւ սպասել առնուազն 12 ժամ` նախքան օգտագործելը:

Այս թթուաշը կը պարունակէ` ածխաջուր, մանրաթել, կիր, երկաթ, փոթասիոմ, սպիտակուց, աղ եւ շաքար:

Կարմիր սոխին 10 առողջապահական առաւելութիւնները.

  1. Կը բարելաւէ սրտին առողջութիւնը:
  2. Կ՛օգնէ կանխելու քաղցկեղը:
  3. Կը խթանէ մարսողական համակարգը:
  4. Կը բարելաւէ մարմինին դիմադրողականութիւնը:
  5. Կը կարգաւորէ արեան շաքարի մակարդակը:
  6. Կ՛ապահովէ ոսկորներուն առողջութիւնը:
  7. Կը բարելաւէ մորթին եւ մազերուն առողջութիւնը:
  8. Հակաբորբոքային յատկութիւն ունի:
  9. Կը մեղմացնէ դաշտանի ցաւը:
  10. Կը նուազեցնէ արեան բարձր ճնշումը:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մեր արդար հունձքը մնայ մեր հողում,
Կասկածը մեզնից թող հեռու գնայ:

Թող արծիւ դառնայ նոյեան աղաւնին,
Մեր բարձունքներին թառելու գնայ:

Թող նժդեհանայ ռազմի մեր ոգին,
Սիւնեաց լեռները պահելու գնայ:

Փորձուած մեր փորձը մեզ այս անելից
Ելքի մի հնար ճարելու գնայ:

Մեր կամքն ապրելու` մեր սահմաններում,
Վառուած հրդեհը մարելու գնայ:

Մեր սուրբ հաւատը սուրբ տաճարներում
Իր սուրբ մոմերը վառելու գնայ:

Իսկ քամի թէ կայ, սատանաների
Հարսանիքներում պարելու գնայ:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

Գեղեցկագիտական. 5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Դէմքի բնական ծեփուկները հիանալի այլընտրանք են թանկարժէք գեղեցկութեան միջոցներուն: Ստորեւ կը  ներկայացնենք 5 բնական հակատարիքային դիմակներ:

1

Աւոքատոյի եւ ձիթապտուղի դիմակ.

Աւոքատոն հարուստ է ճարպաթթուներով եւ ԷՕ. կենսանիւթով, որոնք անհրաժեշտ են մորթին սնուցման եւ խոնաւցնելու համար: Խառնեցէք հասուն աւոօքատոյին միջուկը, մէկ ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթի հետ, խառնուրդը քսեցէք ձեր դէմքին, սպասեցէք քառորդ ժամ` նախքան գաղջ ջուրով լուալը:

2

Մեղրով եւ մածունով դիմակ.

Մեղրը հիանալի բնական խոնաւցնող միջոց է, իսկ մածունը` հարուստ կաթնաթթուով, որ նրբօրէն կը մաքրէ մորթը` միաժամանակ խթանելով բջիջներու նորացումը: Խառնեցէք երկու ապուրի դգալ մեղր մէկ ապուրի դգալ սովորական մածունի հետ, քսեցէք ձեր դէմքին, սպասեցէք քառորդ ժամ` նախքան գաղջ ջուրով լուալը:

3

Վարունգով եւ անանուխով դիմակ.

Վարունգը թարմացնող եւ խոնաւցնող է, անանուխը` նոյնպէս թարմացնող, բայց նաեւ կազդուրող յատկութիւններ ունի: Առողջ եւ լաւ լուացուած վարունգը քանի մը թարմ անանուխի տերեւներու հետ հարեցէք` միատարր մածուկ մը ստանալու համար, զայն տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ, սպասեցէք քառորդ ժամ` նախքան պաղ ջուրով լուալը:

4

Մեղրով եւ պանանով դիմակ.

Պանանը հարուստ է հակաօքսիտաններով եւ սննդարար նիւթերով, որոնք անհրաժեշտ են երիտասարդ, փայլուն մորթի համար: Հասուն պանանը ճզմեցէք մէկ ապուրի դգալ մեղրով, խիւսը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ, սպասեցէք քառորդ ժամ` նախքան գաղջ ջուրով լուալը:

5

Մածունով եւ կիտրոնով դիմակ.

Մածունը կը խոնաւցնէ եւ կը փափկացնէ մորթը, մինչդեռ կիտրոնը կը լուսաւորէ ու կը պայծառացնէ զայն: Խառնեցէք երկու ապուրի դգալ սովորական մածունը մէկ ճաշի դգալ կիտրոնի հիւթի հետ, ծեփուկը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ, սպասեցէք 10 վայրկեան` նախքան գաղջ ջուրով լուալը:

Սննդագիտական-Առողջապահական

Դանդաղ Ուտելուն Առաւելութիւնները

Մեր օրերուն ուտելուն ժամանակ յատկացնել դարձեր է պերճանք. արագութեան ու հեւքի այս դարուն ժամանակին տեղ հասնելու (աշխատավայր, դպրոց, մարզասրահ, շուկայ…) մղձաւանջը ուտելը դարձուցած է պարտականութիւն եւ ոչ` վայելք: Մինչդեռ ոտքի վրայ եւ արագ ուտելը յաճախ վնասակար հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեր առողջութեան վրայ: Արագ ուտելը կրնայ յանգեցնել` մարսողական խանգարումներու եւ ազդել մեր տրամադրութեան, արտադրողականութեան, ծանրութեան եւ նոյնիսկ քունին վրայ:

Դանդաղ ուտելը կարեւոր է թէ՛ մեր ֆիզիքական եւ թէ՛ մտաւոր առողջութեան համար. ստորեւ 6 համոզիչ պատճառներ` դանդաղ ուտելու համար:

1.- Դանդաղ ուտել` կուշտ զգալու համար:

Գիտէ՞ք, թէ մեր ուղեղին 20 վայրկեան պէտք է արձանագրելու համար, որ մենք կշտացած ենք: Եթէ մենք շատ արագ ուտենք, մեր ուղեղը ժամանակ չ՛ունենար ստանալու ազդանշանը, որ մեր ստամոքսը լեցուն է: Մենք անօթի կը զգանք, նոյնիսկ եթէ մեր ստամոքսը լեցուն է:

2.- Դանդաղ ուտել` ծանրութիւն կորսնցնելու համար:

Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ աւելի դանդաղ ուտելով` քիչ ջերմուժ կը սպառենք, ինչ որ դրական անդրադարձ կ՛ունենայ մեր առողջութեան վրայ: Տուեալներու համաձայն, «արագ» ուտողները միջին հաշուով կը սպառեն 645 ջերմուժ, մինչդեռ դանդաղ ուտողները` ընդամէնը 579 ջերմուժ (66 ջերմուժ պակաս): Գիտնականները հնարաւոր կը համարեն մէկ տարուան ընթացքին 9 քիլօ նիհարնալ` առանց որեւէ ուրիշ բան ընելու, պարզապէս` աւելի դանդաղ ուտելով:

3.- Դանդաղ ուտել` ուտելիքը վայելելու համար:

Դանդաղ ուտելը ոչ միայն ծանրութեան կորուստի լաւ տարբերակ է, այլեւ միջոց` վայելելու մեր կերակուրը: Տարբեր համեր համտեսելու եւ ուտելիքին բոյրը վայելելու հաճոյքը յուզական բաւարարութիւն կը պարգեւէ մեզի:

4.- Դանդաղ ուտել` ընկճախտը պակսեցնելու համար:

Դանդաղ ուտելը եւ կերածը վայլելը զգալիօրէն կը նուազեցնեն ընկճախտը եւ, հետեւաբար, անոր բոլոր բացասական հետեւանքները` մեր առողջութեան վրայ:

5.- Դանդաղ ուտելը` մարսողութիւնը բարելաւելու համար:

Դանդաղ ուտել` նաեւ կը նշանակէ աւելի լաւ ծամել սնունդը, ինչ որ կը բարելաւէ մարսողութիւնը: Կարեւոր է գիտակցիլ, որ մարսողութիւնը կը սկսի բերնէն, որքան դանդաղ ուտենք, որքան շատ ծամենք, այնքան կը դիւրացնենք մեր ստամոքսին աշխատանքը եւ կը բարելաւենք մարսողական համակարգը:

6.- Դանդաղ ուտել` կենսակերպը բարելաւելու համար:

Դանդաղ ուտելը առիթ է նաեւ մենք մեզի ժամանակ տրամադրելու: Ժամանակ յատկացնելը մեր «արագընթաց» կենսակերպին վերջ դնելու միջոց է: Այսպիսով, դանդաղ ուտելը կը դառնայ ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը. խօսքը պարզ եւ փոքր արարքներով կեանքը լիարժէք գնահատելու մասին է:

«Իւրաքանչիւր Մարզաձեւ Կեանքի Դպրոց Է»

Փարիզի «Քլինիք ժեներալ տիւ սփոր»-ի մանկաբուժ եւ երեխաներու ու դեռահասներու մարզական բժիշկ Միշէլ Պինտերի կարծիքով, բոլոր երեխաներն ալ պէտք է մարզաձեւի հետեւին, քանի որ իւրաքանչիւր մարզաձեւ կեանքի դպրոց է: Ան կը հաստատէ, որ մարզախաղի ճամբով երեխան իր մէջ կը զարգացնէ ջանքի, կամքի ուժի եւ յաջողութեան հասնելու, բայց նաեւ տեւաբար ինքզինք բարելաւելու ցանկութիւն:

Միշել Պինտեր կը շեշտէ, որ մրցակիցներու հետ հանդիպիլը եւ խմբակիցներու հետ խաղալը կ՛օգնէ երեխային զարգացնելու խմբական ոգին, ինչպէս նաեւ յարգանքը` ուրիշներու հանդէպ: Անոր կարծիքով, մարզախաղերը երեխային կը սորվեցնեն  աւելի լաւ ընդունելու պարտութիւնը. ան իր մարզական փորձառութեան միջոցով կը հասկնայ, որ կարելի չէ միշտ յաղթել, եւ քիչ-քիչ կը ստիպուի հակազդեցութիւնները ճիշդ դրսեւորելու եւ ընդունելու իր պարտութիւնը: Այս դաստիարակիչ փորձառութիւնը կ՛օգնէ երեխային` ապագային աւելի լաւ արձագանգելու կեանքի տարբեր մարտահրաւէրներուն:

Վերջապէս, Պինտեր կը հաստատէ, որ մարզախաղերը շատ օգտակար են դժուարութիւններ ունեցող դպրոցականներուն համար` անոնց ինքնագնահատականը բարձրացնելու իմաստով: Կրթական դժուարութիւն ունեցող, բայց մարզանքի մէջ յաջողակ երեխան ինքնավստահութիւն ձեռք կը բերէ եւ գլուխը բարձր կը պահէ իր դասընկերներուն մօտ` մէկ այլ տեղ փայլած ըլլալու գոհունակութեամբ:

Մարզանքին Առաւելութիւնները

– Մարզանքը երեխային կ՛օգնէ բարելաւելու` որոշումներ կայացնելը, ճիշդ եւ արագ կողմնորոշուիլը եւ կեդրոնացման ունակութիւնները:

– Մարզանքը երեխային համար լաւ միջոց է յոյզերը կառավարելու` յաղթանակ, պարտութիւն, մարտական տրամադրութիւն, լարուածութիւն, ընճախտ, հրճուանք, յուսախաբութիւն…

– Մարզանքը հիանալի միջոց է ընկերներ ձեռք բերելու եւ դպրոցէն դուրս ընկերային շրջանակ ստեղծելու համար, երեխան պէտք է թէեւ յարգէ ուրիշները, յարմարի օրէնքներուն եւ ըլլայ արդարադատ…»

– Մարզանքը կը զարգացնէ երեխային մարմնին համակարգումը, հաւասարակշռութիւնը, արագութիւնն ու ճկունութիւնը: Ան կը զօրացնէ` սիրտը, թոքերը, ոսկորներն ու մկանները: Մարզանքին մէկ այլ առաւելութիւնն ալ այն է, որ կը կանխէ ճարպակալումը եւ կը կարգաւորէ աւելորդ ծանրութիւնը:

Խոհագիր

Կանկառով Աղցան

(Մարոքեան Խոհանոց)

Բաղադրիչներ

– 8 կանկառի յատակները
– 2 պճեղ սխտոր
– 4 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած գինձ
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Կանկառներուն յատակները շերտ մը կիտրոնի եւ ջուրով լեցուն կաթսայի մը մէջ 15 վայրկեան եփել, ապա իւրաքանչիւրը 4-ի բաժնել:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել` ազատքեղը, գինձը, կիտրոնի հիւթը, ճզմուած սխտորը, ձիթապտուղի ձէթը, աղն ու սեւ պղպեղը:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ զետեղել կանկառի կտորները, վրան թափել թացանը եւ ձգել քառորդ ժամ` նախքան մատուցելը:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Փրկեցին Մեր Անունը, Բայց Մնացին Անանուն

Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ վիրաւոր ետ դարձան:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ այլեւս չդարձան:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ զաւակներ կորցրին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ ծնողներ կորցրին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ չունեցան ամուսին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ ունեցան – կորցրին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ կորցրին եղբայրներ:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ կորցրին ընկերներ:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ կորցրին մանկութիւն:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ փրկեցին մանկութիւն:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ ճակատում եղան քաջ:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ թիկունքում եղան քաջ:
Խոնարհւում եմ ես վերջապէս` նրանց առաջ աշխարհում,
Որ փրկեցին մեր անունը, բայց մնացին անանուն…

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

 

 

 

Առողջապահական. Ուղեղի 7 Վարժութիւններ, Որոնք Կը Սրեն Յիշողութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ձեր ուղեղը պէտք է պարբերաբար մարզուի սուր մնալու համար, ինչպէս որ ձեր մարմինը պէտք է մարզուի առողջ մնալու համար: Ստորեւ` 7 արդիւնաւէտ վարժութիւններ, որոնք կը բարելաւեն յիշողութիւնը եւ կեդրոնացումը:

– Փազըլներ լուծեցէք: Փազըլները կը բարելաւեն կարգ մը ճանաչողական հմտութիւններ եւ կը պաշտպանեն տեսողական-տարածական ճանաչողական անկումէն:

Երբ կ՛աշխատիք փազըլին վրայ, դուք կը փորձէք վերլուծել տարբեր մասեր եւ պարզել, թէ իւրաքանչիւրը ո՛ւր տեղադրուած է ընդհանուր պատկերին մէջ: Ասիկա խթանող մարտահրաւէր է եւ հիանալի մարզում` ձեր ուղեղին համար:

– Հարստացուցէք ձեր բառապաշարը:

Ձեր բառապաշարի հարստացումը հետաքրքրական միջոց է ձեր ուղեղը ներգրաւելու համար: Բառապաշարի ընդլայնումը կը խթանէ ձեր ուղեղին որոշ հատուածները եւ կը բարելաւէ ճանաչողական գործունէութիւնը:

– Լուծեցէք բառերու կամ թիւերու հետ կապուած խաղեր:

Սուտոքու, սքրապլ եւ նմանօրինակ խաղեր կը բարելաւեն ձեր լեզուական հմտութիւնները, կեդրոնացումը եւ թուային յիշողութիւնը:

– Պարային շարժումներ սորվեցէք:
Պարային շարժումներու ընթացքին ներգրաւուած կ՛ըլլան ուղեղի քանի մը մասերը, որոնք կ՛աշխուժացնեն ձեր յիշողութիւնը, ուշադրութիւնը եւ համադրական ունակութիւնը:

– Ցուցակներ կազմեցէք եւ փորձեցէք գոց սորվիլ:
Կազմեցէք ընելիքներու կամ գնումներու ցուցակներ, փորձեցէք զանոնք գոց սորվիլ եւ յիշել` առանց թուղթին նայելու: Այս վարժութիւնը եւս կը սրէ ձեր յիշողութիւնը:

– Թղթախաղեր խաղացէք:
Թղթախաղ խաղալը պարզապէս հաճոյք չէ, այլ` յիշողութիւնը եւ ուղեղի կարողութիւնները զարգացնելու արդիւնաւէտ միջոց: Քարտային խաղերը` ռամմին, սոլիթերը, պրիճը, ունոն եւ ուրիշներ կը պահանջեն ռազմավարութիւն, կեդրոնացում եւ յիշողութիւն. ասոնք կը նպաստեն ուղեղին արթնամտութեան:

– Կրկնեցէք ու յիշեցէք:
Արձակ կամ չափածոյ կարճ գրութիւն մը քանի մը անգամ կարդացէք, կրկնեցէք, ապա փորձեցէք յիշել ու վերարտադրել: Յանձնարարելի է սկսիլ քառեակներով եւ, ինչո՞ւ չէ, Թումանեանի քառեակներով:

Այլազան

 «Քեթրինի Վարդ»

Վարդը անուանակոչուած է Ուելսի արքայադստեր Քեթրինի անունով` բնութեան բուժիչ ուժը ընդգծելու համար:

Օրեր առաջ Բրիտանիոյ թագաւորական Այգեգործական ընկերութիւնը (RHS) յայտարարեց, որ արդէն հասանելի են «Քեթրինի վարդ»-երը` մարդոց մտաւոր, ֆիզիքական եւ հոգեւոր բարեկեցութեան համար բնութեան դերին մասին իրազեկութիւնը բարձրացնելու նպատակով: Վարդերուն վաճառքէն ստացուած հասոյթը պիտի փոխանցուի Royal Marsden Cancer Charity-ին` քաղցկեղով տառապողներու համար մասնագիտացուած վերականգնողական ծրագրի ֆինանսաւորման նպաստելու համար:

RHS-ի գլխաւոր տնօրէն Քլար Մաթըրսոնի խօսքով, ծաղիկը կը բարձրացնէ իրազեկութիւնը այն մասին, թէ ինչպէ՛ս բնութիւնն ու այգեգործութիւը կ՛օգնեն բուժելու:

Նշենք, որ բնութեան ուժի ջատագով Ուելսի իշխանուհիին մօտ անցեալ մարտին քաղցկեղ ախտորոշուած էր, ան արդէն ապաքինման փուլի մէջ է: Քեթրին քաղցկեղէ տառապողները կը վստահեցնէ, որ` «Փապուղիին վերջաւորութեան լոյս կայ»:

Ատրինէ Աճեմեան Հայաստանը Կը Ներկայացնէ

Երեք տարուան ընդմիջումէ ետք, Հայաստանը կրկին կը մասնակցի «Միս Ուըրլտ» գեղեցկութեան մրցոյթին, որուն այս տարի Հայաստանը կը ներկայացնէ 19 տարեկան Ատրինէ Աճեմեանը:

Ատրինէ արդէն իսկ մեկնած է Հնդկաստանի Թելանկանա նահանգը. 130 երկիրներու ներկայացուցիչներ 7-31 մայիսի ընթացքին պիտի անցնին մարզումի տարբեր փուլերէ, իսկ մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 31 մայիսին:

Ատրինէն երկրորդ տարուան ուսանողուհի է Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկին մէջ, ան շատ լաւ կ՛երգէ, նաեւ 12 տարի հետեւած է պարի դասընթացքներու:

Երբ Ատրինէին հարց տրուած է, թէ մրցոյթին ի՞նչ կարեւոր խնդրի վրայ կը կեդրոնացնէր աշխարհի ուշադրութիւնը, ան յայտնած է, որ` «Պատերազմական իրավիճակում յայտնուած իւրաքանչիւր փոքր երկրին աշխարհի օգնութիւնն է պէտք, խաղաղութիւն է պէտք»:

Նշենք, որ Ատրինէ «Միս Ուըրլտ»-ի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայացաւ ազգային պարով եւ 19-րդ դարու երեւանեան ազգային տարազով, որուն հեղինակն է ձեւագէտ-ոճաբան Գէորգ Շաթոյեան:

Թելանկանա մեկնած է նաեւ Լիբանանի գեղեցկուհի Քարեն Քուսան: Յաջողութիւն` մեր գեղեցկուհիներուն:

Սննդագիտական

Գիտէ՞ք, Թէ…

– Եթէ զանազան պատճառներով հաւկիթը զեղչած էք ձեր ճաշացուցակէն, ապա իմացէք, որ անիկա սքանչելի սնունդ մըն է եւ ունի անհամար յատկութիւններ: Զայն պէտք է ամբողջութեամբ ուտել, քանի որ դեղնուցը կը հայթայթէ անոր պարունակած կիրին եւ երկաթին 90 առ հարիւրը, իսկ սպիտակուցը` բնասպիտներուն գրեթէ կէսը:

– Հաւկիթը հարուստ է կենսանիւթերով: Անիկա կը պարունակէ Պէ. 2 կենսանիւթը, որ կ՛օգնէ մարմինին ուտելիքները ուժանիւթի վերածելու: Պէ. 12-ը, որ կենսական է կարմիր գնդիկներու արտադրութեան, Ա. կենսանիւթը, որ չափազանց օգտակար է տեսողութեան եւ էօ. կենսանիւթը, որ կը պայքարի քաղցկեղ յառաջացնող մասնիկներու դէմ:

– Հաւկիթը կը կանխարգիլէ եւ կը պաշտպանէ ստինքի քաղցկեղէն: Հարվըրտ համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ արբունքի տարիներուն օրական հաւկիթ ուտողը պաշտպանուած է չափահաս տարիքին ստինքի քաղցկեղ ունենալու հաւանականութենէն:

– Հաւկիթը կը պահպանէ յիշողութիւնը: Հաւկիթի դեղնուցին կարգ մը բաղադրիչները կ՛օգնեն, որպէսզի ուղեղը պահպանէ յիշողութեան իր կարողութիւնը: Հետեւաբար երեխաները չզրկէք հաւկիթէն:

– Հաւկիթը հարուստ է հանքայիններով: Անիկա կը պարունակէ երկաթ եւ զինկ, որոնք կարեւոր են բոլորին, բայց մանաւանդ` դաշտանի օրերուն, երբ կիները աւելի յոգնած ու դիւրագրգիռ կը դառնան: Թելադրելի է զայն ուտել առաւօտեան, թերխաշ, կտոր մը հացի հետ:

– Հաւկիթին կեղեւը ծակոտկէն է, այդ պատճառով ալ սառնարանին մէջ դնելով` անիկա կրնայ կլանել բոլոր հոտերը եւ որակազրկուիլ:

– Բոլոր հաւկիթները նոյն գոյնի չեն. ասիկա հաւկիթի որակին հետ կապ չունի: Կեղեւին գոյնը կախեալ է հաւուն ցեղատեսակէն եւ անոր տրուած սնունդէն:

– Երբեք պէտք չէ լուալ հաւկիթները, եթէ անոնց վրայ կեղտի հետքեր տեսնէք, մի՛ անհանգստանաք, կեղեւին վրայի պաշտպանիչ թաղանթը կ՛արգիլէ մանրէներուն դէպի ներս թափանցումը: Մինչդեռ լուալով` այս պաշտպանիչ պատնէշը իր դերը չի կատարեր:

– Հաւկիթին թարմութիւնը ստուգելու համար պարզապէս զայն դրէք ջուրով լեցուն բաժակի մը մէջ: Եթէ հաւկիթը յատակը իջնէ կը նշանակէ թարմ է, եթէ ծփայ կը նշանակէ պէտք է թափէք, իսկ յատակին եւ երեսին միջեւ մնացողը պէտք է արագ սպառել:

Խոհագիր

Նարինջով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

1 մեծ նարինջի հիւթ եւ կեղեւի տաշուք
3 մեծ հաւկիթ
2/3 բաժակ հալած կարագ
3/4 բաժակ փոշի շաքար
1 եւ 1/3 բաժակ մաղէ անցած ալիւր
1/2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր

Պատրաստութիւն

Փուռը նախապէս տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խորունկ ամանի մը մէջ հարել հաւկիթներն ու շաքարը, մինչեւ միատարր, փափուկ զանգուած մը ստացուի:

Մաղուած ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը քիչ-քիչ աւելցնել հաւկիթներուն վրայ եւ շարունակել հարել:

Յաջորդաբար աւելցնել հալած կարագը, նարինջին հիւթն ու տաշուքը եւ փայտեայ դգալով մը խառնել, մինչեւ միատարր խմոր մը ստացուի, զայն փոխադրել նախապէս կարագով եւ ալիւրով ծեփուած կաղապարի մը մէջ եւ թխել շուրջ 40 վայրկեան:

Կարկանդակը փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ լաւ պաղի` նախքան շերտելն ու մատուցելը:

Կարելի է կարկանդակին երեսը զարդարել փոշի շաքարով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Դուն Միացար Մեր Հողին

Մայր իմ` արեւ ու հեռանուշ լուսնկայ,
Դարձար նշխար ու միացար մեր հողին,
Եւ հողն անուշ հայրենիքին հնամեայ,
Քիչ մ՛աւելի անուշցաւ…

Մայր իմ` երկինք եւ առաւօտ սրբալոյս,
Դուն մեր հողին տուիր հոգիդ խնկաբոյր,
Եւ հողը սուրբ` լուսապսակ պապերուս
Քիչ մ՛աւելի սրբացաւ…

Մայր իմ, դուն գանձ եւ անսպառ ոսկեհանք,
Դարձար խորհուրդ եւ հողակոյտ աննշան,
Բայց գանձն անխոյզ մեր հողերու լանջքին տակ
Քիչ մ՛աւելի աճեցաւ…

Մայր իմ` աղբիւր անհաս հրաշքին,
Գացիր ննջել Լուսաւորչի աստղին տակ,
Եւ սիրտն անհուն Հայաստանի մայր հողին
Քիչ մ՛աւելի մայրացաւ…

Մայր իմ` երդիք, մայր իմ` սեղան տոհմական,
Հարազատ բառ եւ սուրբ բարբառ մայրենի,
Քեզմով հիմա աշխարհն հայոց աննման
Քիչ մ՛աւելի հայացաւ…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

 

 

 

 

Երեխան Ինչո՞ւ Կը Ստէ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մանուկներու հոգեբան Ժագ-Ֆուրնիէի կարծիքով, սուտը մաս կը կազմէ երեխային բնական զարգացման. կոպտօրէն հակազդելու կամ պատժելու փոխարէն` նախընտրելի է հասկնալ, թէ ան ինչո՛ւ կը ստէ, եւ աստիճանաբար անոր սորվեցնել պարկեշտութեան կարեւորութիւնը: Վստահութեան մթնոլորտը եւ հոգատար մօտեցումը կ՛օգնեն երեխային ազատօրէն արտայայտուելու եւ նուազեցնելու ստելու կարիքը:

Երեխային մօտ ստելը կը զարգանայ անոր ճանաչողական եւ յուզական զարգացման համապատասխան:

2 – 4 տարեկան երեխան կը սկսի ստել տարրական ձեւով: Օրինակ` ան կրնայ հերքել, որ տուրմ կերած է, նոյնիսկ եթէ բերնին շուրջ տուրմի հետքեր կան:

5 – 8 տարեկան երեխան աւելի հմուտ կը դառնայ հետքերը թաքցնելու եւ յոյզերը վերահսկելու`  բացայայտուելէ խուսափելու համար:

9 – 10 տարեկան երեխան կրնայ աւելի համոզիչ եւ մտածուած ստել. միաժամանակ ան կը սկսի հասկնալ սուտի բարոյական հետեւանքները:

Ինչո՞ւ երեխան կը ստէ

Ա.- Պատիժէ խուսափելու համար, քանի որ կը վախնայ հետեւանքներէն:

Բ.- Բան մը ձեռք բերելու համար, քանի որ կը մտածէ, թէ այլ կերպ պիտի չստանայ զայն:

Գ.- Յուսախաբ չընելու համար, մանաւանդ երբ ծնողները իրմէ մեծ ակնկալիքներ ունին:

Դ.- Ծնողները պաշտպանելու համար. ան գաղտնի կը պահէ իր ձախող նիշերը, ընկերներուն հետ հարցերը… կը ստէ, որպէսզի ծնողները չմտահոգէ եւ զանոնք չնեղացնէ իր հարցերով:

Ե.- Վառ երեւակայութեան պատճառով. երեխաներուն մօտ իրականութեան եւ երեւակայութեան միջեւ սահմանը երբեմն մշուշապատ կ՛ըլլայ: Ան երեւակայական պատմութիւններ կը յօրինէ` ոչ անպայման խաբելու մտադրութեամբ, այլ պարզապէս որովհետեւ կը հաւատայ անոնց:

Զ.- Ուշադրութիւն գրաւելու համար: Անտեսուած զգացող երեխան ծնողներուն կամ ընկերներուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար սուտի կը դիմէ. երբեմն ան չափազանցուած կամ հեքիաթային պատմութիւններ կը յօրինէ տպաւորելու կամ իր ներկայութիւնը փաստելու համար:

Ժագ-Ֆուրնիէի կարծիքով, ստելը երեխային մօտ սխալ դաստիարակութեան կամ անպարկեշտութեան նշան չէ, այլ պարզապէս` ինքզինք պաշտպանելու անճարակ փորձ…

Ստախօս երեխան պատժելը ապարդիւն է: Կարեւոր է հասկնալ անոր վարքագիծին պատճառը եւ ըստ այնմ լուծումներ փնտռել:

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

 Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

– Լոլիկը օգտակար է տեսողութեան:

ՃԻՇԴ. Ա. կենսանիւթով հարուստ լոլիկը կրնայ բարելաւել տեսողութիւնը, մանաւանդ` կանխարգիլել «մեքիւլըր տեճեներէյշըն» կոչուած ծանր ու անբուժելի աչքի հիւանդութիւնը:

* * *

– Սառնարանին մէջ լոլիկը աւելի երկար կը պահպանուի:

ՍԽԱԼ. ցուրտ միջավայրի մէջ լոլիկին համն ու բոյրը կը տուժեն, զայն պէտք է պահել սենեակի ջերմութեամբ արեւի ճառագայթներէն հեռու:

* * *

– Լոլիկը լուալու ատեն պէտք չէ հանել անոր պտղակոթը:

ՃԻՇԴ. թելադրելի է, որ լոլիկը լուացուի գործածութենէն անմիջապէս առաջ` պտղակոթը վրան, որպէսզի մէջը ջուր չլեցուի ու համը պահպանուի:

* * *

– Սուրճը կ՛օգնէ մտային կարողութեան:

ՃԻՇԴ. բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ օրական 3 գաւաթ սուրճ խմող մարդիկ տարիներու ընթացքին կը պահպանեն իրենց մտային կարողութիւնները եւ աւելի պաշտպանուած կ՛ըլլան «Ալզայմըր» հիւանդութենէն:

* * *

 – Սուրճը կ՛այրէ ճարպերը:

ՃԻՇԴ. կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, սուրճին պարունակած «Փոլիֆենոլ»-ները կ՛օգնեն մարմնին` արագ այրելու կուտակուած ճարպերը: Թունդ սուրճը նաեւ ախորժակ կտրելու յատկութիւն ունի: Բայց ուշադիր, սուրճին պէտք չէ աւելցնել շաքար, կաթ կամ սեր…

* * *

– Սուրճը կը խանգարէ քունը:

ՃԻՇԴ եւ ՍԽԱԼ. ոչ միշտ, քանի որ բոլորին մօտ, քաֆէինը նոյն ձեւով չ՛իւրացուիր: Ոմանք երեկոյեան գաւաթ մը խմելով, կը վնասեն իրենց քունին, մինչ ուրիշներ շատ հանգիստ կը քնանան:

* * *

– Ջուր խմելու համար պէտք չէ սպասել ծարաւին:

ՃԻՇԴ. Այս ազդանշանը տեղի կ՛ունենայ, երբ մարմինը արդէն ջրազրկուած է: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ջուր խմել կանոնաւոր կերպով` անկողինէն ելլելէ անմիջապէս ետք, ճաշի ժումերուն միջեւ, մարզանքի ընթացքին եւ այլն…

* * *

– Պաղ ջուր խմելը վնասակար չէ:

ՍԽԱԼ. շատ պաղ ջուրը կը վնասէ ակռաներուն (յատկապէս եթէ գերզգայուն են), կոկորդին եւ մարսողական համակարգին: Տաք եղանակին 8-12 ջերմաստիճան ջուրը իտէալական է:

* * *

– Ջուրը դեղ է:

ՃԻՇԴ. օրական 5 բաժակ ջուր խմելը 4,5 տոկոսով կը նուազեցնէ յամրաղիի քաղցկեղի հաւանականութիւնը, 75 տոկոսով ստինքի եւ 50 տոկոսով` միզամանի քաղցկեղի հաւանականութիւնը:

* * *

– Անբաւարար քունը կը գիրցնէ:

ՃԻՇԴ. ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ անբաւարար քունը կը նպաստէ ախորժակի բարձրացման, քանի որ շատ կարճ գիշերէ մը ետք, «լեփթին» կոչուած հորմոնը (յագեցումի հորմոն) որոշ խախտումներ կ՛արձանագրէ, մինչ անօթութեան պատասխանատու հորմոնը կը գերիշխէ: Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, քունի պակասը կը նպաստէ գիրութեան եւ սոնքութեան, մասնաւորաբար` գիշերային ժամերու աշխատողներուն եւ երեխաներուն մօտ::

* * *

– Լոյսը կը խանգարէ քունը:

ՃԻՇԴ. լոյսը կը դանդաղեցնէ «մելաթոնին» կոչուած հորմոնին գործընթացը, իսկ այս հորմոնը ծանօթ է որպէս քունի հորմոն: Լոյսը նաեւ կ՛աւելցնէ յաճախակի զարթնումի հաւանականութիւնը եւ կը խանգարէ քունի ընթացքը:

* * *

– Ոգելից ըմպելիները կ՛օգնեն քունին:

ՍԽԱԼ. թէեւ ալքոլը կ՛օգնէ, որ ենթական թմրի ու քունի անցնի, սակայն այդ քունը կ՛ըլլայ անորակ եւ յաճախակի ընդհատումներով:

Գործնական Թելադրանքներ

 Ինչպէ՞ս Հիմնովին Մաքրել Փուռը

Իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք պէտք է հիմնովին մաքրէք ձեր խոհանոցին փուռը, որպէսզի իւղերն ու աղտերը չքարանան եւ յաջորդ գործածութեան ան թէ՛ մաքուր եւ թէ՛ մանրէազերծուած ըլլայ: Ստորեւ` քանի մը գործնական թելադրանքներ.

– Փուռը պէտք է մաքրել գործածութենէն անմիջապէս ետք, քանի որ ներսի տաքութիւնը հալեցուցած կ՛ըլլայ իւղերն ու աղտերը, եւ դուք նուազ ժամանակ կը տրամադրէք եւ նուազ ճիգ կը գործադրէք զայն մաքրելու համար:

– Նախքան մաքրութեան ձեռնարկելը` դուրս հանեցէք մէջի դարաններն ու ափսէները:

– Փուռ մաքրելու ամէնէն դիւրին եւ արագ միջոցը խանութները վաճառուող յատուկ սփրէյներն են. անոնց փրփրոտ բաղադրութիւնը կարճ ժամանակի մէջ կը չէզոքացնէ աղտերը:

– Փուռը կարելի է մաքրել նաեւ` սոտայով, կիտրոնի շերտերով, քացախով, քարաղով եւ տաք ջուրով:

Ձեր Անվտանգութեան Համար

Նախքան մաքրութեան սկսիլը` ձեր ձեռքերը պաշտպանեցէք ձեռնոցներով, աչքերը ակնոցով, իսկ քիթն ու բերանը` դիմակով: Քիմիական դեղերը կրնան շնչառական արկածներ պատճառել, վնասել ձեր մորթին ու աչքերուն:

Երեխաներուն ներկայութեան փուռ մի՛ մաքրէք, փուռին տաքութիւնը եւ քիմիական դեղերը զանազան անհանգստութիւններ կրնան պատճառել:

Դուռ-պատուհան բացէք, որպէսզի դեղերուն հոտերը չշնչէք եւ չանհանգստանաք:

Գիտէ՞ք, Թէ

Ի՞նչ յաճախականութեամբ պէտք է մաքրել խոհանոցին սարքերն ու իրերը.

– Սառնարանը` շաբաթական դրութեամբ, քանի որ խճողուածութիւնն ու փճացած մթերքը կրնան տհաճ հոտեր յառաջացնել եւ մանրէներու յարմար միջավայր ստեղծել: Սառնարանի մեծ եւ ընդհանուր մաքրութիւն յանձնարարելի է կատարել 3-4 ամիսը անգամ մը:
– Խոհանոցի աշխատասեղանը եւ լուացարանը պէտք է մաքրել օրական, ի հարկին` քանի մը անգամ:
– Խոհանոցի ձեռքի եւ ամանեղէնի սրբիչները պէտք է առնուազն 2 օրը անգամ մը փոխարիլել նորով մը, իսկ ինչ կը վերաբերի պնակեղէններու սպունգին, զայն պէտք է փոխել շաբաթական դրութեամբ:
– Խոհանոցը զետեղուած աղբի դոյլը պէտք է օճառ-ջուրով լուալ օրական աւելորդ է ըսել, որ ան մանրէներու բոյն է եւ յարմար միջավայր` ճանճերու, բողոճներու եւ այլն…
– Մարալիքը պէտք է մաքրել շաբաթական դրութեամբ, բացի եթէ ուտելիքի մասնիկներ, ճարպի մնացորդներ փակած են անոր ներսի պատերուն:

Խոհագիր

Ձիթապտուղով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

Խմորին համար`

– 4 գաւաթ ալիւր
– 1 գաւաթ նարինջի հիւթ
– 1 գաւաթ ձէթ
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 թէյի դգալ աղ

Միջուկին համար

– 400 կ մանրուած սեւ ձիթապտուղ
– 2 սոխ բարակ շերտուած
– 1 ապուրի դգալ լոլիկի մածուկ
– 1 ապուրի դգալ պղպեղի մածուկ
– 1 ապուրի դգալ փոշի անանուխ

Պատրաստութիւն

Խմորը լաւ շաղել, բաժնել 4 հաւասար գունդերու եւ կէս ժամ հանգչեցնել:

Իւրաքանչիւր գունդ 1 սմ հաստութեամբ գլանով բանալ եւ վրան տարածել միջուկը, ապա ոլորել ու ափսէին մէջ փոխադրել: Ոլորուած խմորները իրարմէ քիչ մը հեռու շարել, իւրաքանչիւրին երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել ու շուշմայ ցանել:

Եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 180 ջերմաստիճանով, շուրջ 35 վայրկեան: Սպասել, որ քիչ մը պաղի` նախքան շերտելն ու մատուցելը:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հոգեխառն Ձօն Ծերութեանը

Ինչ լա՛ւ է լինել ութսուն տարեկան,
Հանդարտ զննել անցեալն ու ներկան,
Կեանքից լողալ դուրս ու կանգնել ափին,
Հեռացած նայել քո անցած ճամբին:
Ամէն ինչի հետ` սէր, խանդ ու արկած
Անդարձ, հիմնովին հաշիւը փակած,
Անցած սէրերիդ ժպիտով նայել,
Ինքդ քեզ գթալ, ինքդ քեզ ծաղրել,
Որ տառապել ես փուչ մարդկանց համար,
Եղել միամիտ, եղել ես յիմար,
Հաւատացել ես սուտ գաղափարին,
Ինքդ էլ չես ջոկել քո չարն ու բարին:
Ի՛նչ լաւ է` պարպուած սիրելու բեռից`
Չնկատե’լ իսկ հակառակ սեռին,
Զգացմունքներից խօսել հեգնանքով,
Դինջ, անմասնակից ու երրորդ դէմքով,
Ապրել հէնց այնպէս, ազատ, անփական,-
Ինչ լա՛ւ է լինել ութսուն տարեկան:
Ինչ լա՛ւ է լինել ութսուն տարեկան,
Վերանալ հողից ու քեզնի՛ց անգամ,
Լինել մի ծերուկ, մի պարզուկ պառաւ,
Քեզանով չափել աշխարհը արար,
Գլխացաւանքից քեզ հեռու պահել,
Միշտ տրտնջալու իրաւունք շահել,
Լինել մի քիչ խուլ, խռովկան մի քիչ.
Գլուխ չհանել նոր ժամանակից
Ու կամաց-կամաց հասկանալ, զգալ,
Որ նայում են քեզ` որպէս մի մանկան,
Որ արդէն տալիք-առնելիք չունես,
Որ կեանքում արդէն անելիք չունես,
Որ լաւ կը լինի ինքդ քեզ յարգես,
Ինքդ քո ձեռքով իրերդ կապես,
Ճանապարհ ընկնես հաշտ ու ինքնակամ…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Դուք Էք Բժիշկը Ձեր Ուղեղին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ուղեղը մարդու մարմնին ամենաբարդ օրկանն է: Ան մեր զգացողութիւններուն, մեր միտքերուն, մեր յոյզերուն շտեմարանն է, եւ` մեր շարժումներուն տիրակալը: Այլ խօսքով, ջղային համակարգի հիմնական տարրն է:

Նախքան թուելը այն 10 պարզ միջոցները, որոնց շնորհիւ դուք կրնաք ապահովել ձեր ուղեղին առողջութիւնը, ծանօթացէք ձեր ուղեղին առողջութեան սպառնացող վտանգներուն:

Ա.- Ոգելից խմիչքներու, ծխախոտի եւ թմրանիւթերու օգտագործում,
Բ.- Ընկճախտ,
Գ.- Անբաւարար քուն,
Դ.- Գերծանրաբեռնուած աշխատանք` առանց դադարի կամ հանգիստի,
Ե.- Ապականած միջավայր,
Զ.- Ուղեղին անհրաժեշտ սննդանիւթերու պակաս (հակաօքսիտաններ, կենսանիւթեր, հանքայիններ,  Օմեկա 3, եւ այլն…),
Է.- Նստակեաց ապրելակերպ,
Ը.- Հանդարտեցուցիչ դեղերու չարաշահում:

Ստորեւ` 10 դիւրին միջոցներ, որոնց շնորհիւ կը վերահսկէք ձեր ուղեղին առողջութիւնը:

– 1 –

Հրաժարեցէք` ծխախոտէն, ոգելից խմիչքներէն, քնաբեր եւ հանդարտեցուցիչ դեղահատերէն, որոնք ժամանակի ընթացքին կը բթացնեն ուղեղը:

– 2 –

Ընկճախտ, ապականում, ծխախոտ… բոլորն ալ կը նպաստեն ձեր կանխահաս ծերութեան: Պաշտպանուելու համար կերէք կենսանիւթերով եւ յատկապէս Սէ. կենսանիւթով հարուստ մթերքներ:

– 3 –

Օրական ծլած հատեղէն կերէք: Կենսանիւթերով, հանքայիններով եւ հակաօքսիտաններով հարուստ այս ծիլերը օգտագործեցէք ձեր աղցաններուն եւ ապուրներուն պատրաստութեան մէջ:

– 4 –

Խորունկ շնչեցէք, թթուածինը ուղեղին 2 գլխաւոր «վառելանիւթերէն» մէկն է: Խուսափեցէք ապականած վայրերէն եւ հնարաւորինս բնութեան գիրկը ապաստանեցէք մաքուր օդ շնչելու համար:

– 5 –

Օրական նուազագոյնը 7 ժամ քնացէք. քունը կը հանգստացնէ գերծանրաբեռնուած ուղեղը, նաեւ կը բարելաւէ յիշողութիւնն ու կեդրոնացումը:

– 6 –

Մոցարթ ունկնդրեցէք: Հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ երաժշտութիւնը կը խթանէ երեւակայութիւնը, յոյզերն ու տրամաբանութիւնը: Կայ վարկած, որուն համաձայն, Մոցարթի գործերը ունկնդրող անձերը աւելի խելացի կ՛ըլլան… կ՛արժէ մտածել:

– 7 –

Դուրս եկէք միօրինակ կեանքէն: Միշտ նոր ծրագիրներ մշակեցէք, ճամբորդեցէք, մարզաձեւի մը հետեւեցէք, գծագրութեան կամ ծաղկայարդարանքի դասընթացքներու արձանագրուեցէք, միութեան մը կամ բարեսիրական կազմակերպութեան մը անդամակցեցէք:

– 8 –

Լաւ, առողջ տեսակի իւղեր օգտագործեցէք, ինչպիսիք են Օմեկա 3-ը, Օմեկա 6-ը: Առանց վարանումի` կերէք աւոքատօ, ձկնեղէն, ընկուզեղէն, ձիթապտուղի ձէթ եւ այլն…

– 9 –

Ամէն առտու հայելիին առջեւ ժպտեցէ՛ք: Արդէն ծանօթ էք խնդուքին բարեգործ ազդեցութեան. սակայն տրուած ըլլալով, որ շատ շատեր ցաւօք խնդալու պատճառ չունին, առնուազն ժպտելու պզտիկ փորձ մը ըրէք, թէկուզ` ձեր ուղեղին օգտին համար: Մի՛ վարանիք պարբերաբար ծիծաղաշարժ ժապաւէններ դիտելու:

– 10 –

Շարժեցէ՛ք: «Տը լենսեթ հելթի լոնկեվիթի» ամսաթերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւն մը կը շեշտէ կարեւորութիւնը ֆիզիքական աշխուժութեան` թուելով անոր առաւելութիւնները`

– Բարելաւում յիշողութեան եւ կեդրոնացումի,
– Ճանաչողական անկման նուազում:

Շաբաթական 5 անգամ առնուազն կէս ժամ տրամադրեցէք` քալելու, լողալու, հեծանիւ քշելու եւ այլն…

Ինչպէ՞ս Կազմակերպել Երեխային Սենեակը`
Հանգիստ Քուն Ապահովելու Համար

Քունը երեխայի աճման կարեւոր մէկ մասնիկն է, եւ այն միջավայրը, ուր ան կը քնանայ, մեծ դեր կը խաղայ անոր քունի որակին մէջ: Լաւ կազմակերպուած եւ յարմարաւէտ սենեակը կրնայ օգնել ձեր երեխային` աւելի դիւրին քնանալ եւ աւելի խաղաղ գիշերներ անցընել:

Ձեր երեխային սենեակը հանգիստ, անվտանգ եւ գործնական ձեւով կահաւորելը կ՛օգնէ քունի բարենպաստ միջավայրի ստեղծման, ինչ որ շատ կարեւոր է ձեր փոքրիկին առողջութեան եւ բարեկեցութեան համար:

Մեր օրերուն հիւանդանոցէն տուն բերուած մանուկը արդէն իսկ ունի իր առանձին սենեակը եւ հոն ալ կը քնանայ առաջին իսկ օրէն: Այսուհանդերձ, շատ մը մանկաբուժներու կարծիքով, երեխան գոնէ մինչեւ 6 ամսու ըլլլաը պէտք է քնանայ ծնողներուն սենեակը եւ մօտիկ` իր մօրը, քանի որ մայր-երեխայ կապը այս շրջանին շատ կարեւոր է երեխային հոգեկան եւ ֆիզիքական զարգացման համար:

Նորածինին առաջին գիշերները դժուար թէ հեզասահ անցնին. լաց, խուճապի մատնուած ծնողներ, լարուած մթնոլորտ… Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի ձեր մանուկը առաջին իսկ օրերէն սիրէ իր մահճակալը, հանգիստ ու ապահով զգայ իր նոր բոյնին մէջ, եւ վերջ գտնեն գիշերային մղձաւանջները:

Ա.- Ընտրեցէք զինք «ընկալող» մահճակալ մը:

Երեխային մահճակալը պէտք է ըլլայ փոքրիկ` իր չափերուն համապատասխան: Մօր արգանդէն նոր դուրս եկած երեխան պէտք է ապահով զգայ իր բոյնին մէջ: Մահճակալը թող օժտուած ըլլայ բամպակեայ փափուկ բարձով, սաւանեղէնով եւ ծածկոցով: Ձեր թեւերուն մէջ թէ մահճակալին` երեխան հաճոյք կ՛առնէ, երբ պարուրուած կը զգայ: Մինչդեռ մեծ չափի մահճակալի մը մէջ ան խորթ պիտի զգայ եւ բնականաբար պիտի լայ:

Կարեւոր է նաեւ, որ երեխային մահճակալը թէ՛ սենեակին մէջ եւ թէ՛ սենեակէն դուրս տեղէ տեղ չփոխադրուի. մանուկը պէտք է ընտելանայ իր անկիւնին եւ միջավայրին եւ քանի մը օրը անգամ մը տեղ չփոխէ:

Երեխային մահճակալը տեղադրելու ատեն պէտք է նկատի առնէք հետեւեալ կէտերը.

Ա.- Մահճակալը պէտք է հեռու գտնուի ջեռուցման սարքերէն.
Բ.- Երեխային ննջասենեակին իտէալ ջերմաստիճանը 18-22 է:
Գ.- Երեխային մահճակալին մօտ պէտք չէ գտնուին գորգեր, թանձր վարագոյրներ, փափուկ (փըլիւշ) խաղալիքներ, որոնք փոշիի բոյն են:
Դ.- Երեխային սենեակը պէտք է զերծ ըլլայ ծխախոտի ծուխէն եւ օրական օդափոխուի:
Ե.- Երեխային մահճակալը պէտք է տեղադրուի այնպիսի տեղ մը, որ պաշտպանուած ըլլայ օդի հոսանքէ, բայց նաեւ` խոհանոցի բոլոր տեսակի հոտերէն:
Զ.- Երեխային ապահովութեան համար մահճակալը պէտք չէ դրուի պատուհանի մօտ, եթէ ապահովութեան ճաղերով օժտուած չէ:

Թելադրելի է երեխային մահճակալը լուսաւոր տեղ մը դնել, իսկ որքան այլազան ըլլայ մահճակալէն բացուող տեսարանը, այնքա՛ն աւելի լաւ, քանի որ երեխաները շատ կը հետաքրքրուին նորութիւններով:

Քնացնելու ժամանակ պարտադիր չէ, որ սենեակին մէջ խոր լռութիւն տիրէ, զայն վարժեցուցէք քնանալու մեղմ ձայներով շրջապատուած: Մօր արգանդին մէջ անոր կը հասնէին դուրսի աշխարհի բոլոր ձայները, որոնց հետ ան արդէն ընտելացած է: Ան պէտք է վարժուի իր շուրջ տիրող ձայներուն, ընտելանայ անոնց հետ, այլապէս հետագային դժուարութիւններ կրնաք դիմագրաւել:

Ինչպէս նկատեցիք, ձեզմէ պահանջուածը մեծ բան չէ, երբ հարցը կը վերաբերի ձեր սրտի հատորին:

Հետաքրքրական

 «Յիշողութեան Սլաքներ»

Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը մայիս 31-էն մինչեւ յուլիս 30-ը կը ցուցադրէ հայ մեծերու` գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնի եւ շարժապատկերի երեւելի անձերու ժամացոյցները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին սլաքը կանգ առած է յիշողութեան ակնթարթի մը մէջ:

Ցուցադրուած 60 ժամացոյցներուն շարքին են Միքայէլ Նալբանդեանին, Յովհաննէս Թումանեանին, Ակսէլ Բակունցին, Վահրամ Փափազեանին, Մարտիրոս Սարեանին եւ մեծերու ժամացոյցները, իւրաքանչիւրը իր պատմութեամբ ու խորհուրդով:

Ներկայացուած հաւաքածոյին մէջ միայն Բարսեղ Կանաչեանի ժամացոյցն է, որ կը շարունակէ աշխատիլ մինչեւ օրս` դառնալով ժամանակի խօսուն վկան:

Թանգարանի տնօրէն Սուզաննա Խոջամիրեանի խօսքով, այս ժամացոյցները ուղեկցած են մեր մեծերուն ստեղծագործական ամբողջ կեանքին, իսկ անոնց սլաքները այսօր ցոյց կու տան ոչ թէ թիւեր, այլ` պատմութիւններ, ապրած պահեր եւ յիշողութիւններ:

Greggs-ի Խմորապատ Նրբերշիկի Քանդակը

Այսօրուընէ Լոնտոնի նշանաւոր Մատամ Թուսոյի թանգարանը կը ցուցադրէ իր առաջին… սննդամթերքը: Այցելուները պիտի տեսնեն Greggs ցանցի բրիտանական խորհրդանշական խմորապատ նրբերշիկի քանդակը:

Թանգարանի աղբիւրներուն համաձայն, այս առաջին սնունդի առարկան է, որուն առանձին տեղ կը յատկացուի բրիտանական մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսին: Greggs-ի նրբերշիկի գլանակը դարձած է բրիտանական առօրեայ մշակոյթի հոմանիշ: Նշենք, որ Greggs-ի ցանցերէն ներս օրական մէկ միլիոն խմորապատ նրբերշիկ կը վաճառուի, իսկ քանդակը նուիրուած է նրբերշիկի գլանակի ազգային օրուան, որ Բրիտանիոյ մէջ կը նշուի յունիսի սկիզբը:

Խոհագիր

Խնձորով Եւ Արմաւով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

2 գաւաթ մանրուած խնձոր
3/4 գաւաթ մանրուած արմաւ
2 գաւաթ ալիւր
1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
1/2 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
1/2 գաւաթ կարագ
1/2 գաւաթ շաքար
1 հաւկիթ
1/2 գաւաթ կաթ
1/2 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
Վանիլլա

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել` ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, պէյքինկ սոտան:

Երկրորդ խորունկ ամանի մը մէջ հարիչով հարել կարագն ու շաքարը, մինչեւ փրփրին: Աւելցնել հաւկիթն ու վանիլլան եւ շարունակել հարել: Երկու անգամով աւելցնել ալիւրը եւ փայտեայ դգալով խառնել: Վերջապէս, աւելցնել մանրուած խնձորն ու արմաւը:

Կարկանդակի կաղապարը կարագով եւ ալիւրով ծեփել, խմորը մէջը լեցնել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել շուրջ մէկ ժամ` 180 ջերմաստիճանով:

Շերտել եւ մատուցել լաւ պաղելէն ետք:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Երկիր

Սիրահարդ լինեմ երկիր,
Սրտիս խորքում քեզ տեղ անեմ,
Դու հորովել միայն երգիր,
Ես քո անուշ ցաւը տանեմ,
Թէ կարող ես ներող եղիր,
Որ քարիցդ հաց չեմ քամել,
Փոխարէնը պարարտ հողից
Ինքնամոռաց սէր եմ քաղել,
Ու չեմ պահել սաստիկ հողմից,
Վերջալոյսի նման մարել,
Երկիր գրկիր որբիս նորից,
Մի՛ թող ներսից շանթահարուեմ:

ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԿՏԱՆԵԱՆ

Առողջապահական

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 Կիտրոնով Ջուր Խմեցէք
Դեղահատեր Օգտագործելու Փոխարէն

Բժշկական հետազօտութիւններ կը հաստատեն, որ կիտրոնով ջուրի ամէնօրեայ օգտագործումը անհամար բարիքներ կ՛ապահովէ մեր առողջութեան, եւ ի զուր չէ, որ այս խմիչքը դարձեր է աշխարհի բազմաթիւ մարդոց ամենատարածուած առաւօտեան սովորութիւններէն մէկը:

Կիտրոնով ջուրը հարուստ է` Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով, փոթասիոմով եւ ածխաջուրերով: Այս առողջապահական, մատչելի եւ աժան խմիչքը իսկական դեղ է շատ մը առողջական խնդիրներու համար:

Առաւօտեան կիտրոնով ջուր խմելու 11 օգտակար յատկութիւնները:

1 – Կը նուազեցնէ բորբոքումը:
2 – Կը բուժէ մկանային ցաւերը:
3 – Կը նուազեցնէ յօդերու ցաւը:
4 – Կը բուժէ կրիփը:
5 – Կը կանխէ երիկամներու քարերու յառաջացումը:
6 – Կը թեթեւցնէ բշտիկներու յառաջացումը:
7 – Կը կանխէ սննդային թունաւորումը:
8 – Կը դիւրացնէ մարսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ լեարդը:
9 – Կ՛օգնէ նիհարնալու:
10 – Կ՛ամրապնդէ դիմադրողական համակարգը:
11 – Մորթին փայլք եւ առողջ տեսք կը հաղորդէ:

Հողաթափերը Ամենավնասակար
Կօշիկները Կը Համարուին

Topical BioMedics-ի բժիշկներուն կարծիքով, թէեւ հողաթափեր կրելը յարմարաւէտ է, սակայն անոնք կը վնասեն ոտքերուն, երբ մարդիկ զանոնք կը կրեն ոչ թէ լողափին, այլ ամէնուրեք եւ երկար ժամանակ:

Այդ տիպի կօշիկները չեն կրնար ապահովել ոտնաթաթի դիրքը, առաջին տուժողները կ՛ըլլան մատներն ու կրունկը, իսկ այս բոլորը կը յանգեցնեն ծունկի յօդերու, կոնքի եւ մէջքի բարդութիւններու, կը գրէ Our Windsor պարբերաթերթը:

Հողաթափերու ներբանը սովորաբար բարակ է, այդ իսկ պատճառով ոտքը աւելի զօրաւոր կը խփուի գետնին, բան մը, որ անվտանգ չէ ոսկորներուն եւ յօդերուն համար: Միւս կողմէ` յետնամասի բացակայութեան պատճառով աւելի մեծ ուժ կը գործադրուի հողաթափը ոտքի վրայ պահելու համար:

Յաճախ կօշիկի այս տեսակի սիրահարներուն մօտ կոտրուածքները աւելի յաճախակի են, քանի որ հողաթափերը ոտքերը կը ձգեն բոլորովին անպաշտպան:

Ֆիզիքական Վարժութիւնները
Կը Կանխարգիլեն Երիկամի Քարերը

Քալիֆորնիոյ համալսարանի խումբ մը մասնագէտներ ուսումնասիրած են 50 տարիքը թեւակոխած մօտ 85 հազար կիներու տուեալները: 8 տարուան վրայ երկարող ուսումնասիրութեան աւարտին անոնք յանգած են այն եզրակացութեան, որ ֆիզիքական վարժութիւնները յստակօրէն կը նուազեցնեն երիկամներու քարերու յառաջացման հաւանականութիւնը, մինչդեռ նստակեաց ապրելակերպը կը նպաստէ անոնց յառաջացման:

Մասնագէտներուն կարծիքով, հետեւողական ֆիզիքական վարժութիւնը եւ բարձր ջերմուժ պարունակող ուտելիքներէն հրաժարումը կը պաշտպանեն երիկամները քարերէն եւ կ՛ապահովեն անոնց առողջութիւնը:

Մաշկաբանին Կարծիքով

Սովորութիւններ, Որոնք
Կը Ծերացնեն Դէմքին Մորթը

Գաղտնիք չէ, որ մորթին ճիշդ խնամքը կ՛օգնէ երկարաձգելու անոր երիտասարդութիւնը: Մաշկաբանները թուեր են հինգ հիմնական սխալներ, որոնք կը նպաստեն դէմքի մորթին վաղաժամ ծերացման:

– Խոնաւեցնող սերերու անտեսումը կ՛արագացնէ մորթին ծերացման գործընթացը: Ընտրեցէք որակեալ տեսակը եւ զայն օգտագործեցէք հետեւողական ծեւով:

– Արեւապաշտպան միջոցներու անտեսումը կը յանգեցնէ մորթին չորացման եւ վաղ կնճիռներու յառաջացման: Արեւապաշտպան միջոցները պէտք է օգտագործէք ոչ միայն լողափին կամ արեւոտ օրերուն, այլեւ` ձմրան եղանակին, քանի որ արեւային ճառագայթները կը շարունակեն բացասաբար ազդել մորթին վրայ:

– Քնանալէ առաջ մորթը մաքրելու անտեսումը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին ծակտիկները աստիճանաբար ընդլայնին, եւ անոնց մէջ ներթափանցեն շպարի միջոցներու, իւղի եւ աղտի մնացորդներ, ինչ որ ձեր դէմքը կը զրկեն թարմութենէ:

– Դէմքի խնամքի միջոցներու յաճախակի փոփոխութիւնը, քանի որ մաշկաբաններու կարծիքով, 1-2 շաբաթ կը պահանջէ, որպէսզի մորթը ընկալէ գեղեցկագիտական սերերը, իսկ անոնց արդիւնաւէտութիւնը կարելի է գնահատել օգտագործումէն քանի մը ամիս ետք: Հետեւաբար չ՛արժեր մորթը յոգնեցնել գեղեցկագիտական միջոցներու յաճախակի փոփոխութեամբ:

– Գեղեցկագիտական եւ մաքրող միջոցներու չարաշահումը: Մի՛ օգտագործէք այնպիսի միջոցներ, որոնք չեն համապատասխաներ ձեր տարիքին կամ մորթի տեսակին: Ջանացէք շպար չօգտագործել, եթէ անոր կարիքը չկայ: Եւ որպէս ոսկի կանոն` օգտագործեցէք որակեալ գեղեցկագիտական եւ մաքրող միջոցներ:

Պարտիզպանական 8 Հնարքներ,
Որոնց Մասին Շատերը Չեն Գիտեր

Պարտզպանութիւնը ե՛ւ արուեստ է ե՛ւ գիտութիւն, որ կը պահանջէ գիտելիքներու, համբերութեան եւ ստեղծագործութեան նուրբ հաւասարակշռութիւն:

Մինչ շատար կ՛ապաւինին առեւտրային պարարտանիւթերուն, որոնց մեծ մասը կը պարունակէ թունաւոր քիմիական նիւթեր, կան բազմաթիւ բնական այլընտրանքներ, որոնք կրնան բարելաւել բոյսերուն աճը եւ առողջութիւնը: Այս հնարքները ոչ միայն գումար կը խնայեն, այլեւ կը խթանեն պարտիզպանութեան աւելի առողջ մօտեցումը:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք պարտիզպանական 8 հնարքներ, որոնց մասին քիչերը գիտեն:

1.- ՍՈՏԱՆ բազմակողմանի կենցաղային նիւթ մըն է,  որ կրնայ նաեւ հրաշքներ գործել բոյսերուն համար: Սոտան յատկապէս օգտակար է ծաղկող բոյսերուն համար: Ծաղիկներուն առողջ աճը ապահովելու համար 1 ապուրի դգալ սոտան լուծեցէք 4 լիթր ջուրի մէջ եւ ամիսը անգամ մը ջրեցէք ձեր բոյսերուն հողը:

Սոտան նաեւ կրնայ կանխել սնկային հիւանդութիւնները` օրինակ փոշոտ բորբոսը: 1 թէյի դգալ սոտան լուծեցէք մէկ լիթր ջուրի մէջ, աւելցուցէք քանի մը կաթիլ աման լուալու հեղուկ, եւ ցօղացիր շիշի օգնութեամբ պարբերաբար ցօղեցէք հիւանդ տերեւները:

2.- ԷՓՍՈՄ ԱՂԸ յայտնի միջոց է կանաչ տերեւներ եւ առողջ բոյսեր աճեցնելու համար: Երկու ապուրի դգալ էփսոմ աղը լուծեցէք 4 լիթր ջուրի մէջ եւ երկու շաբաթը անգամ մը ցօղեցէք ձեր բոյսերուն տերեւները:

3.- ՍՈՒՐՃԻ ՄՐՈՒՐԸ հարուստ է ազոթով, հետեւաբար կարեւոր սննդանիւթ է ձեր բոյսերուն աճին համար: Սուրճի մրուրը նաեւ կ՛օգնէ, որ հողը չքարանայ, այլ, ընդհակառակը, փափկանայ ու շնչէ: Ձեր բոյսերը քանի մը օրը անգամ մը ջրեցէք ջուրի մէջ լուծուած սուրճի մրուրով: Այս խառնուրդը կրնայ նաեւ բոյսը պաշտպանել որոշ տեսակի ճճիներէն եւ խխունջներէն:

4.- ՀԱՒԿԻԹԻՆ ԿԵՂԵՒԸ կիրի հիանալի աղբիւր է, ինչ որ կարեւոր է բոյսերու բջիջներուն աճին եւ ամրութեան համար: Հաւկիթներուն կեղեւները մաքրեցէք, մանրեցէք եւ տարածեցէք ծեր բոյսին հողին մակերեսին եւ կամ պարզապէս խառնեցէք հողին հետ: Այս միջոցը ոչ միայն կիր կ՛ապահովէ ձեր բոյսին, այլեւ կ՛օգնէ բարելաւելու հողին օդափոխութիւնը:

5.- ԿԱԹԸ բնական միջոց է փոշոտ բորբոսի եւ սնկային հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու համար: 1 բաժակ կաթին 2 բաժակ ջուր աւելցուցէք եւ ցօղացիրի միջոցով ցօղեցէք վարակուած բոյսերը իւրաքանչիւր 10-14 օրը անգամ մը: Կաթին սպիտակուցները, որպէս հականեխիչ, կ՛օգնեն ոչնչացնելու սնկային գոյակցութիւնները եւ կանխելու անոնց տարածումը:

6.- ԱՍՓԻՐԻՆԸ կ՛օգնէ բարձրացնելու բոյսերուն դիմադրողականութիւնը: 1 ասփիրին լուծեցէք չորս լիթր ջուրի մէջ եւ ցօղեցէք ձեր բոյսերը 3 շաբաթը անգամ մը: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ ասփիրինը կրնայ խթանել բոյսերուն աճը եւ բարձրացնել բերքատուութեան մակարդակը. այսուհանդերձ, կարեւոր է զայն չափաւոր օգտագործել` բացասական հետեւանքներէ խուսափելու պամար:

7.- ԿԱՍԻԱՆ բնական հակասնկային միջոց է` կանխելու կամ բուժելու բոյսերուն սնկային հիւանդութիւնները: Զայն պարզապէս ցանեցէք բոյսին շուրջը գտնուող հողին մակերեսին. այս պարզ միջոցով կրնաք նաեւ հեռացնել ձեր բոյսերուն առողջութիւնը վտանգող մրջիւնները:

8.- ՊԱՆԱՆԸ հարուստ է փոթասիոմով, որ կարեւոր նիւթ է ծաղկող բոյսերուն համար: Փոթասիոմը կ՛ամրացնէ բոյսերուն բջիջային պատերը, կ՛ամրացնէ անոնց դիմադրողականութիւնը եւ կը խթանէ ծաղկումը:

Պանանին կեղեւը որպէս պարարտանիւթ օգտագործելու համար զայն կտրատեցէք եւ թաղեցէք ձեր բոյսերուն եւ յատկապէս վարդի թուփերուն շուրջ:

Խոհագիր

«Pain Perdu »
Ֆրանսական Աղանդեր

Եթէ ձեռքի տակ ֆրանսական հացի (պակեթ կամ Փեն տը մի) օթեկ մնացորդներ ունիք, մի՛ թափէք զանոնք, այլ պատրաստեցէք այս դիւրին եւ աժան անուշեղէնը, որ ֆրանսացիներուն սիրելի աղանդերն է:

Բաղադրիչներ`

– 2 հաւկիթ
– Կէս լիթր կաթ
– 1 ապուրի դգալ շաքար
– Քանի մը կաթիլ ուիսքի կամ ռոմ
– Քիչ մը վանիլլա
– 6 շերտ փեն տը մի
– 100 կ կարագ
– Փոշի շաքար եւ կասիա` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ` հարել հաւկիթները, աւելցնել շաքարը, խմիչքը, կաթն ու վանիլլան եւ բոլորը խառնել` ձեռքի թել հարիչով:

Հացի շերտերը երկու երեսով թաթխել խառնուրդին մէջ, այնքան մը, որ լաւ ծծեն, բայց չփափկանան:

Տապակին մէջ հալեցնել կարագը եւ երկու երեսով տապկել հացի շերտերը, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել հացի շերտերը, երեսը զարդարել փոշի շաքարով եւ կասիայով ու ինչո՞ւ չէ, նաեւ` թարմ պտուղներով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Պատահել Է

Պատահել է հաց չեմ կերել,
Սովից` հացի տաշտն եմ քերել:
Բայց սեփական`
Ո՛չ ուրիշի…

Պատահել է ցրտից մրսել,
Լուռ` պատի տակ կուչ եմ եկել:
Ի՜մ տան պատի`
Ո՛չ ուրիշի…

Պատահել է ցաւս կոծկել,
Թաքուն, մենակ լաց եմ եղել:
Պղտորելով աչքերը իմ`
Ո՛չ ուրիշի…

Պատահել է որ չեմ ապրել,
Կլոր տարում անգամ մէկ օր:
Բայց շնչել եմ, իմ իսկ բաժին թթուածնով,
Ո՜չ ուրիշի:

ՆԱՒԱՍԱՐԴ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

 

 

 

 

Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բազմազաւակ ծնողները երեխաներուն հետ կապուած շատ մը հարցերու վերաբերեալ արդէն իսկ եզրակացութիւններու յանգած են` շնորհիւ տարիներու ընթացքին ձեռք բերած իրենց փորձառութեան. մինչդեռ պարագան նոյնը չէ առաջին անգամ ծնողք դարձած զոյգերուն: Անոնք չսխալելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու համար կարիքը ունին մասնագէտ կամ   փորձառու անձերու կարծիքին:

Ստորեւ` այս նիւթին հետ կապուած քանի մը հարցում-պատասխան.

Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ Առանձին Լոգնալ

Հինգ-վեց տարեկան երեխան արդէն ինքնաբաւ կարելի է համարել, որպէսզի առանձինը լոգնայ ու հագուի:

Ծնողները պէտք է նախօրօք որոշ ցուցմունքներ տուած ըլլան, իսկ լոգանքի ատեն երեխան ձեռքի տակ պէտք է ունենայ անհրաժեշտ պիտոյքները` շամփուէն, օճառ, սպունգ եւ այլն…

Միւս կողմէ` լոգարանը պէտք է ըլլայ ապահով, օժտուած` յատուկ գորգով, հեռու` ելեկտրական գործիքներէ, իսկ ջուրին ջերմաստիճանը` ճշդուած:

Պէտք է յարգել երեխային մտերմութիւնը, փակել, բայց երբեք չկղպել բաղնիքին դուռը:

Լոգարանին առջեւ երեխան պէտք է մարմինը  ցամքեցնէ, փոքրիկ գորգին վրայ կանգնած, կողքին` մուճակներն ու հագուստները:

Հոս կարեւորութեամբ ընդգծենք, որ տարիքը միակ հաշուի առնուելիք գործօնը չէ. երեխային յուզական եւ եւ ճանաչողական հասունութիւնը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղան: Նախքան երեխային առանձին լոգնալու թոյլտուութիւն տալը` կարեւոր է գնահատել, թէ արդեօ՞ք ան ունակ է`

– հետեւելու պարզ եւ ճշգրիտ հրահանգներու,
– ճանչնալու վտանգը եւ համապատասխան հակազդեցութիւն ցոյց տալու,
– Օգնութիւն խնդրելու անհրաժեշտ պարագային,
– Մնալու կեդրոնացած եւ երբեք չշեղուելու:

Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ Առանձին Խանութ Երթալ

Եօթը տարեկան երեխան կարելի է առանձին խանութ ղրկել, եթէ ճամբան կտրելու անհրաժեշտութիւն չկայ:

Երեխան կարելի է գնումի ղրկել մօտակայ խանութպանին մօտ, որուն վրայ վստահութիւն ունիք:

Երեխային ձեռքը մեծ գումար տալու չէ, որպէսզի ան կարենայ դիւրաւ հաշուակցիլ:

Այսպիսով, երեխան հպարտ եւ պատասխանատու կը զգայ եւ քիչ-քիչ անոր մէջ ինքնավստահութիւն կը ձեւաւորուի:

Թելադրելի է երեխային մէկ-երկու անգամ ընկերակցիլ եւ քանի մը ցուցմունք կատարել. օրինակ` անծանօթ մարդու հետ չզրուցել, մայթին անկիւնը նստած շնիկով չտարուիլ, վտանգ զգալու, պարագային օգնութիւն խնդրել եւ այլն…

Ո՞ր Տարիքի Երեխային Կարելի Է, «Գրպանի Դրամ» Տալ

Եօթը-ութ տարեկան երեխաները կը սկսին դրամ ուզել իրենց ծնողներէն, որպէսզի դպրոցի կրպակէն իրենց սիրած սենտիուիչը գնեն կամ խնայեն, որպէսզի սիրած մէկ խաղալիքը գնեն:

Շաբաթական դրութեամբ երեխային դրամ տալով` կարելի է անոր վարժեցնել, որ ինքզինք «կազմակերպէ» ծախսերը, «տնտեսէ», խնայել սորվի եւ այլն:

Կարգ մը երեխաներ քանի մը օրէն կը ծախսեն իրենց տրուած դրամը, ուրիշներ` ընդհակառակը, կը պահեն:

Պէտք չէ գրպանի դրամը կապել պատիժի կամ վարձատրութեան հետ:

Ինչ կը վերաբերի գումարի չափին, այդ արդէն ծնողքին որոշումն է:

Գեղեցկագիտական

 Ինչպէ՞ս Խնամել Եղունգները

Տնային գործերը, քիմիական նիւթերը, ձեռքերը չափազանց լուալը եւ նոյնիսկ կլիմայական պայմանները կրնան վնասել ձեր եղունգներուն` զանոնք դարձնելով փափուկ, փխրուն եւ անփայլ:

Ստորեւ գործնական եւ օգտակար խորհուրդներ` գեղեցիկ եւ առողջ եղունգներ ունենալու համար:

– Ամուր եղունգներ ունենալու համար զանոնք շփեցէք գետնախնձորի խիւսով, որուն քիչ մը կաթ եւ քանի մը կաթիլ քացախ աւելցուցած ըլլաք:

– Դիւրաբեկ, եւ փխրուն եղունգները ամբողջ շաբաթ մը առաւօտեան եւ երեկոյեան շփեցէք կիտրոնի շերտով մը:

– Փխրուն եղունգները ամրացնելու համար շաբաթը քանի մը անգամ զանոնք օծեցէք ձիթապտուղի ձէթով, որուն քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցուցած ըլլաք:

– Եղունգներուն առողջ աճին եւ ամրութեան համար կերէք Ա. Տէ. կենսանիւթերով, սպիտակուցներով եւ Օմեկա 3-ով հարուստ մթերքներ, ինչպիսիք են` ձուկը, ընկոյզը, աւոքան, ընդեղէնները, պտուղներն ու բանջարեղէնները:

– Տան մաքրութեան ժամանակ կերպընկալ ձեռնոցներ կրեցէք ձեռքերն ու եղունգները քիմիական նիւթերէն պաշտպանելու համար:

– Պարտիզպանութեան ժամանակ նոյնպէս ձեռնոցեր կրեցէք հողի մնացորդներէն եւ մանրէներէն եղունգները պաշտպանելու համար:

– Զգուշութեամբ ընտրեցէք մատնայարդարման սրահները, ինչպէս նաեւ` մատնայարդարման ձեր պիտոյքները: Զանոնք իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք հականեխեցէք եւ ուրիշին փոխ չտաք, ոչ ալ ուրիշէն փոխ առնէք:

– Վերջապէս, յիշեցէք որ եղունգներու խնամքը միայն գեղագիտական նպատակ չունի, այլեւ` առողջական: Դուք կրնաք ձեր եղունգներուն միջոցով առողջական խնդիրներ յայտնաբերել: Անոնց գոյնը, կառուցուածքը եւ ձեւը կարեւոր ցուցանիշեր են, որոնց նկատմամբ անտարբեր կարելի չէ մնալ:

Փողկապներուն Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Հինէն ի վեր փողկապը եղած է հեղինակութեան, մշակութային գերազանցութեան, վայելչութեան եւ նրբագեղութեան խորհրդանիշ: Այս անժամանցելի աքսեսուարը ոճաբաններու որոշումով կրնայ տարուէ տարի ձեւ, չափ, նախշ, գոյն կամ հիւսուածք փոխել, այնուհանդերձ մնալով տղամարդոց սիրելի եւ անփոխարինելի աքսեսուարը:

Եթէ ձեր մեծ հօր, հօր կամ ամուսինին պահարանին մէկ անկիւնը դիզուած են հնաձեւ համարուած փողկապներ, մի՛ նետէք զանոնք, անոնցմէ շատեր շատ հաւանաբար կապուած են յիշատակներու հետ` պսակ, տարեդարձ, առաջին վկայական եւ այլն… մտածեցէք զանոնք անմահացնելու մասին` անոնց երկրորդ կեանք մը տալով: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս հնարամիտ եւ ստեղծագործ մարդիկ հին փողկապներէն պատրաստած են`

Ա.- Սեղանի ծածկոց,
Բ.- «Փոշեթ» պայուսակ,
Գ.- Հագուստի օձիք,
Դ.- Բջիջային եւ քարտերու պահպանակ:

Խոհագիր

 Առողջապահական Եւ
Յագեցնող Աղցան

Բաղադրիչներ

1 տուփ խաշած սիսեռ
2 միջակ չափի խաշած ճակնդեղ
Հաստ շերտ մը ֆեթա պանիր
1/4 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
1 պճեղ ճզմուած սխտոր
Աղ, սեւ պղպեղ
Մանրուած ազատքեղ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել սիսեռն ու խորանարդաձեւ կտրատուած ճակնդեղը:

Երկրորդ ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը խառնելով կիտրոնի հիւթը, ձիթապտուղի ձէթը, ճզմուած սխտորը, աղն ու սեւ պղպեղը.

Թացանը պարպել սիսեռին եւ ճակնդեղին վրայ, լաւ խառնել, ապա աւելցնել ֆեթա պանիրի  կտորները եւ, վերջապէս, զարդարել մանրուած ազատքեղով:

Գիտէ՞ք, թէ…

Ֆեթա պանիրը ոչ միայն հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով, այլեւ` կիրով եւ սպիտակուցով, որոնք կ՛ապահովեն մեր ոսկորներուն առողջութիւնը: Իսկ այս սննդանիւթերու բաւարար օգտագործումը կրնայ նաեւ կանխել ոսկորներու կոտրուածքները եւ օսթեոփորոզը:

Ճակնդեղը հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով, միեւնոյն ատեն ան քիչ ջերմուժ եւ ճարպ կը պարունակէ: Այս շատ սննդարար մթերքը կրնայ վերահսկել արեան բարձր ճնշումը, նպաստել մարսողական համակարգի խթանման եւ բարելաւել ուղեղին ճանաչողական կարողութիւնը եւ այլն…

Սիսեռը հարուստ է մանրաթելերով, սպիտակուցներով, կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով: Ան կ՛օգնէ կարգաւորելու արեան մէջ շաքարի մակարդակը, կը բարելաւէ մարսողութիւնը, կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի մակարդակը, կը նուազեցէ քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը եւ այլն…

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 ԸսաւԸսինք

Ձեզի բան մը պիտի ըսեմ – ըսաւ –
Ըսէ – ըսինք –
Ըսելիք բան չգտաւ –
– Ինչ դժբախտ բան է
ըսելիք մը չունենալ – ըսաւ –
– Հապա եթէ ըսելիք մը ունիս
եւ չկարենաս ըսել – ըսինք –
– Ճիշդ ըսիք – ըսաւ –
Ամէնուն պիտի ըսեմ ասկէ վերջ –
– Բարիով ըսես – ըսինք
– Բայց ըսելէ առաջ
պէտք է խորհիմ – ըսաւ –
– Նայէ որ ըսես առանց խորհելու – ըսինք –
Քանի որ խորհիլը ընդհանրապէս արգելք է
ըսելիքդ ըսելու –
Մտածել սկսաւ –
– Աւելի լաւ է որ չըսեմ – ըսաւ –
հեռացաւ

ԶԱՀՐԱՏ

ԴԴՈՒՄԻ ՀԱՄ
յետմահու ժողովածուէն

 


Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Երեխան Բռնածաղրէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Շատ ցաւալի է, երբ ծնողը կ՛անդրադառնայ, որ իր երեխան բռնածաղրի պատճառով մարմնական եւ յուզական ցաւ կ՛ապրի: Շատ ծնողներ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս օգնեն իրենց երեխային` պաշտպանուելու բռնութենէն: Անշուշտ որ առաջին հերթին պէտք է խօսիլ երեխային հետ, ուշադրութիւն դարձնել որոշ նշաններու եւ, վերջապէս, ձեռնարկել գործնական քայլերու:

Ո՞ր նշաններէն պէտք է զգուշանալ

Երեխաները յաճախ չեն կրնար բանաւոր արտայայտել իրենց անհանգստութիւնները, հետեւաբար կարեւոր է ուշադիր ըլլալ հետեւեալ նշաններուն.

Ա.- Ֆիզիքական հետքեր. անյայտ պատճառներով կապտուկներ, ճանկռտուածքներ, սպիացող վէրքեր…
Բ.- Դպրոց երթալու վախ. երեխան կրնայ խուսափիլ դպրոց երթալէ կամ դպրոցական ձեռնարկներէ,
Գ.- Յուզական անկայունութիւն. տագնապի, լարուածութեան եւ ջղագարութեան տեսարաններ,
Դ.- Ընկերային մեկուսացում. սակաւաթիւ դասընկերներ կամ ընկերներու յանկարծակի բացակայութիւն,
Ե.- Ֆիզիքական ցաւեր,
Զ.- Շեշտուած գաղտնապահութիւն,
Է.- Բարկացկոտութիւն կամ յանկարծակի զայրոյթի պոռթկումներ:

Ի՞նչ ընել, եթէ երեխան բռնածաղրի զոհ է

Եթէ հաստատուի, որ երեխան բռնածաղրի կ՛ենթարկուի, պէտք է դիմել հետեւեալ քայլերուն

Ա.- Կարեւոր է բաց եւ անկեղծ հաղորդակցութիւն ստեղծել, որպէսզի երեխան կարենայ պատմել իրեն հետ կատարուածի մասին:
Բ.- Լսել երեխան` առանց մեղադրանքներու կամ հարցին պատճառը քննարկելու: Հաւաստիացնել, որ ինք մեղաւոր չէ եւ շուտով օգնութիւն պիտի ստանայ:
Գ.- Դպրոցին հետ կապ պահել եւ գործակցիլ դպրոցի հոգեբանին հետ:
Դ.- Որպէս ծնողք` սատարող ըլլալ եւ ցոյց տալ երեխային, որ միշտ իրեն կողքին են:

Ինչո՞ւ կարեւոր է միջամտել

Բռնածաղրը կրնայ երեխային ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան վրայ լուրջ բացասական ազդեցութիւն ունենալ: Ան կրնայ յանգեցնել` տագնապի, հոգեկան անկումի, ուսումնական արդիւնքներու նահանջի:

Կանխարգելում

Բարեբախտաբար դպրոցներէն ներս յաճախ կ՛արծարծուի բռնածաղրի երեւոյթը, բայց շեշտենք, որ ծնողքին դերն ալ շատ կարեւոր է: Երեխային սատարելով եւ ճիշդ ուղղութեամբ ուղղորդելով` ծնողները կ՛օգնեն անոր` յաղթահարել այս դժուարութիւնը:

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

 Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Շաքարի Մասին

Առողջութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (OMS) կը յանձնարարէ օրական 50 կրամէն աւելի շաքար չսպառել: 50 կրամ շաքարը կը համապատասխանէ 10 կտոր խորանարդաձեւ շաքարի:

Շաքարի չարաշահումը կը խաթարէ նիւթափոխականութիւնը, աստիճանաբար կը ճարպակալէ լեարդը, դուռ կը բանայ շաքարախտի ու սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ անդարձ վնասներ կը պատճառէ մեր տեսողութեան:

Ստորեւ` ճիշդ եւ սխալ կարծիքներ շաքարի մասին:

– Շաքար կայ բոլոր սննդամթերքներուն մէջ:

Ճիշդ. կան «անմեղ» համարուած ուտելիքներ, որոնք թէեւ հարուստ են շաքարով, բայց հակառակ տպաւորութիւն ձգած են շատերու վրայ: Հետեւաբար պէտք է զգուշանալ` չոր պտուղներէն, քաղցր մածուններէն, սուշիէն,  պահածոյ բանջարեղէններէն, բրինձով շօթերէն, խեչափառի ցպիկներ թիթեղեայ կամ ապակեայ շիշերով վաճառուող պաղ թէյերէն, քորն ֆլեքսներէն, հացահատիկի ցպիկներէն եւ այլն…

– Շէկ շաքարը աւելի լաւ է, քան` ճերմակ շաքարը:

մասամբ ճիշդ. ամբողջական կամ շէկ շաքարը, որ զտման կամ մշակման չէ ենթարկուած, քանի մը կենսանիւթեր եւ հանքայիններ կը պարունակէ եւ աւելի արտայայտիչ համ ունի, բայց` զգո՛ւշ, շէկ շաքարը կամ նոյն բացասական ազդեցութիւնները ունի, որքան` ճերմակը: Նաեւ պէտք է զգուշանալ շեշտուած շէկ շաքարներէն, որոնք խարդախուած եւ քարամելով գունաւորուած ճերմակ շաքար են:

***

Քաղցրացուցիչները շաքարը փոխարինող լաւ այլընտրանք են:

Սխալ. քաղցրացուցիչները (ասփարթամ, սիսքթալոզ, սթեւիա եւ այլն…) յաճախ կ՛օգտագործուին որպէս շաքարը փոխարինողներ, քանի որ գրեթէ ջերմուժ չեն պարունակեր: Սակայն մուկերու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններ վկայած են, որ երկար ժամանակի վրայ վերոյիշեալ քաղցրացուցիչներու օգտագործումը կը խաթարէ աղիքային միքրօֆլորային կազմը եւ կը նպաստէ ճարպակալման ու շաքարախտի առաջացման:

Նոյն այս քաղցրացուցիչներէն, ոմանք, օրինակ` ասփարթամի օգտագործումը մուկերուն մօտ նպաստած է որոշակի ուռուցքներու յառաջացման:

***

Ամենավատ շաքարը թաքնուած է վերամշակուած մթերքներուն մէջ:

Ճիշդ. ոչ թարմ, այլ վերամշակուած ուտեստները ինչպիսիք են` խոզապուխտի բոլոր տարբերակները, պատրաստ կերակուրներն ու քաղցրաւենիքները, պաղպաղակներն ու քորն ֆլեքսները. այլ խօսքով, գերմշակուած մթերքները թաքնուած շաքարի բոյն են: Յանձնարարելի է սահմանափակել անոնց սպառումը եւ հնարաւորինս տունը պատրաստել փիցան, կարկանդակները, երշիկը. հրաժարիլ պահածոներէն եւ նախապատուութիւնը տալ թարմ կամ սառեցուած բանջարեղէններուն եւ պտուղներուն, որոնց մէջ աւելցուած շաքար եւ պահպանիչներ չկան:

Ճիշդ Կեցուածքին Առաւելութիւնները

Ճիշդ կեցուածքը կարեւոր է բոլորին համար:

Ճիշդ կեցուածքը մեզի անմիջապէս աւելի գրաւիչ, կանացի, ինքնավստահ եւ նրբագեղ տեսք կը հաղորդէ:

Կինը կրնայ հագուիլ ամենասուղ հագուստը, կրել ամենաթանկ գոհարեղէնները, ունենալ ամենագեղեցիկ սանտրուածքը, բայց եթէ անոր կեցուածքը վատ է, կախարդանքը կը կորչի…

Իսկական նրբագեղ կինը չի կրնար աշխատանքային հանդիպման ժամանակ, ձեռքերը խաչաձեւ ծալած չի նստիր խօսակիցին դիմաց, ձեռքը երեսին` խեղճացած տեսք չ՛որդեգրեր, աթոռին նստած` կռնակը ուղիղ կը պահէ եւ կքած դիրքէ կը խուսափի եւ վերջապէս երբ ոտքի դիրքով է գլուխը բարձր կը պահէ, ուսերը` դէպի ետ, իսկ ձեռքերուն անկաշկանդ տեսք կու տայ:

Ճիշդ կեցուածքի օրինակները շատ են, այսօրուան սիւնակով կը բաւարարուինք 5 պարզ օրինակներով:

Խոհագիր

Ձմերուկի Աղցան

Բաղադրիչներ

Կէս ձմերուկ` խորանարդաձեւ կտրատուած
200 կ ֆեթա պանիր` խորանարդաձեւ կտրատուած
100 կ սեւ ձիթապտուղ` կորիզազերծուած
5 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
1 թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ
1 թէյի դգալ պալսամիք քացախ
Աղ
Թարմ անանուխի տերեւներ

Պատրաստութիւն

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել խորանարդաձեւ կտրատուած ձմերուկն ու ֆեթա պանիրը: Աւելցնել ձիթապտուղը եւ անանուխի տերեւները (ընտրել ցօղունին գլխիկները):

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ձէթը, կիտրոնի հիւթը, պալսամիք քացախն ու աղը: Ստացուած միատարր թանձրուկը աւելցնել աղցանին, զգուշութեամբ խառնել եւ սառնարանը պահել մինչեւ մատուցման ժամը:

Ձմերուկին օգտակար յատկութիւնները.

– Ձմերուկը ծարաւը կը յագեցնէ: 92 առ հարիւր ջուր պարունակող ձմերուկը տաք եղանակին զովանալու եւ ծարաւը յագեցնելու համեղ միջող է:

– Ան կը խթանէ դիմադրողական համակարգը:

– Փոթասիոմով եւ Պէ. 6-ով հարուստ ձմերուկը կը զօրացնէ մկանները: Հետեւաբար ձմերուկը յանձնարարելի է մարզիկներուն` մարզումներէն առաջ եւ ետք:

– Ձմերուկը Ա. կենսանիւթ կը պարունակէ, ինչ որ կ՛աշխուժացնէ քոլլաժենի եւ էլասթինի արտադրութիւնը, որ իր կարգին կ՛ապահովէ մորթին առաձգականութիւնը եւ երիտասարդութիւնը:

– Պէ. խումբի կենսանիւթեր (Պէ.1, Պէ.5 եւ Պէ. 6) պարունակող ձմերուկը կը նպաստէ սերոթոնինի, մելաթոնինի եւ տոփամինի արտադրութեան, իսկ այս երեքը յայտնի են որպէս անհանգստութիւնը, վախը եւ ընկճախտը կարգաւորողներ:

Ձմերուկը, 100 կրամի մէջ` 40 ջերմուժով, 10-ը ամենացած ջերմուժ պարունակող պտուղներէն մէկն է. այսուհանդերձ,  շաքարախտաւորները պէտք չէ չարաշահեն անոր սպառումը:

Փորձառուներու Կարծիքով

Ձմերուկ ընտրելու ատեն ուշադիր եղէք, որ անոր վրայ դեղնաւուն բիծ ըլլայ: Որքան դեղին է բիծը, այնքան աւելի համեղ կ՛ըլլայ ձմերուկը:

Ձմերուկին պտղակոթը եթէ կանաչ է, կը նշանակէ, որ ան ժամանակէն առաջ քաղուած է: Ընտրեցէք չորցած պտղակոթով տարբերակը, որ թէ՛ հիւթեղ եւ թէ՛ համեղ կ՛ըլլայ:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ռումբեր են կախուել աշխարհի գլխին,
Նստած է աշխարհն ռումբերի վրայ…
Աշխարհը մօր պէս դողում է կրկին
Իր ձեռով ցանած հունդերի վրայ:

Հոգուս մէջ առել տագնապն աշխարհի
Ու միտք եմ անում իմ դերի վրայ.
Ամենաահեղ ռումբը դառնայի,
Պայթէի բոլոր ռումբերի վրայ:

Հ. ՍԱՀԵԱՆ

 

 

10 Նշան, Որ Դուք Բաւարար Ջուր Չէք Խմեր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տարիքի հետ ծարաւի զգացողութիւնը երբեմն կը նուազի: Միւս կողմէ` ջուրին համ չունենալը միշտ չէ, որ մարդիկը կը խրախուսէ զայն խմել: Սակայն ջուրին քանակը պահպանելը կարեւոր է ձեր մարմնին պատշաճ գործունէութիւն ապահովելու համար: Անբաւարար ջուր խմելը կը յանգեցնէ ջրազրկման, որ իր կարգին դուռ կը բանայ առողջական հարցերու:

Ջրազրկումը կրնայ դրսեւորուիլ տարբեր ձեւերով, որոնցմէ մէկ քանին կրնան ակնյայտ չըլլալ: Ստորեւ` 10 տարածուած նշաններ, որոնք ցոյց կու տան, որ դուք բաւարար ջուր չէք խմեր:

1

Ճաքճքած շուրթեր: Երբ մարմինը ջուրի պակաս ունի, մորթը եւ բնականաբար շուրթերը կը չորնան: Ճաքճքուն շուրթերը ջրազրկման տարածուած նշան են եւ կրնան մինչեւ իսկ արիւնահոսութիւն պատճառել:

2

Մութ գոյնի մէզ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ ձեր երիկամները բաւարար ջուր չեն ստանար թունաւոր նիւթերը արդիւնաւէտօրէն հեռացնելու համար: Բայց որոշ մթերքներ, ինչպէս` ճակնդեղը եւ կարգ մը կարմիր հատապտուղներ, կրնան ժամանակաւորապէս գունաւորել մէզը:

3

Փորկապութիւն: Ջուրը կարեւոր է աղիքներու դատարկման համար, անոր պակասը կրնայ պնդութիւն պատճառել: Օրական առնուազն 1,5 լիթր ջուր խմեցէք եւ կերէք մանրաթելերով ու ջուրով հարուստ հում բանջարեղէններ եւ պտուղներ` վարունգ, լոլիկ, սեխ, ձմերուկ եւ այլն…

4

Երիկամի քարեր եւ «սիսթիթ»: Ջրազրկումը կրնայ յանգեցնել լուրջ բարդութիւններու, ինչպիսիք են երիկամներու քարերը եւ «սիսթիթ»-ը: Ուշադիր եղէք այս հիւանդութիւններու ախտանշաններուն նկատմամբ: Երիկամային քարերը կը դրսեւորուին մէջքի միջին հատուածի կայուն ցաւով եւ միզելու յաճախականութեամբ: Իսկ «սիսթիթ»-ը ցաւ կը պատճառէ միզելու ժամանակ եւ յաճախակի միզելու ցանկութիւն կը յառաջացնէ: Այս խնդիրները կանխելու համար առատ ջուր խմեցէք եւ անյապաղ բժիշկին դիմեցէք:

5

Գլխացաւեր: Ուղեղը, որուն 70 առ հարիւրը կազմուած է ջուրէ, առանձնապէս ենթակայ է ջրազրկման: Ջուրի պակասը կրնայ յանգեցնել ուղեղին հասանելի թթուածինի քանակի նուազեցման, որ իր կարգին կը յառաջացնէ` գլխացաւ, գլխապտոյտ, տրամադրութեան անկում եւ յոգնածութիւն:

6

Յօդերու ցաւ: Ջուրը կենսական դեր կը խաղայ յօդերուն միջեւ օճառի պահպանման գծով` նուազեցնելով մաշուածութիւնը եւ պատռուածքը: Ջրազրկումը կրնայ օճառը դարձնել նուազ հարթ` յառաջացնելով քայքայում եւ բորբոքում շարժումի ժամանակ եւ յանգեցնել յօդացաւի:

7

Դիմադրողական համակարգի թուլացում: Ջուրը կարեւոր է ձեր մարմնին թունաւոր նիւթերը դուրս մղելու եւ լուրջ հիւանդութիւններու, ինչպիսիք են` սրտի կաթուածը, քաղցկեղը, երիկամային անբաւարարութեան վտանգը նուազեցնելու համար: Ջուրի պակասը կը թուլացնէ մարմինը` զայն աւելի խոցելի դարձնելով տարբեր խանգարումներու նկատմամբ, ինչպէս` պնդութիւն, մորթի չորութիւն, երիկամներու քարեր, յոգնածութիւն եւ նոյնիսկ անկում:

8

Կնճիռներ եւ չոր մորթ: Երբ ձեր մարմնին մէջ ջուրի պակաս կայ, մորթին տարբեր շերտերուն միջեւ նիւթափոխականութիւնը կը խաթարուի, ասիկա կրնայ քոլլաժենի եւ էլասթինի մանրաթելերը աւելի կոշտ դարձնել, իսկ մորթը` աւելի խոցելի: Կնճիռներու յայտնութիւն, «բսորիազիս» եւ այլ մորթային խանգարումներ ձեզի կը յուշեն, որ ձեր մարմինը ջուրի կարիք ունի:

9

Վատ շունչ եւ չոր բերան: Ջրազրկումը կրնայ յանգեցնել թուքի արտադրութեան նուազումի` պատճառելով բերանի չորութիւն եւ տհաճ    հոտ: Թուքը ունի մանրէները սպաննելու յատկութիւն, որ կ՛օգնէ ձեր բերանը մաքուր պահելու. առանց բաւարար թուքի` մանրէները կրնան բազմանալ եւ տհաճ հոտ յառաջացնել:

10

Գլխապտոյտ: Գլխապտոյտ կամ թեթեւ գլխապտոյտի զգացում կրնայ յառաջացնել, երբ մարմինը ջրազրկուած է, քանի որ այդ կ՛ազդէ արեան ճնշման եւ արեան շրջագայութեան վրայ: Երբ դուք բաւարար ջուր չէք խմեր, արեան ծաւալը կը նուազի, ինչ որ իր կարգին կը յանգեցնէ արեան ճնշման նուազեցման, ինչպէս նաեւ ուղեղի արեան հոսքի նուազեցման:

* * *

Թէեւ շատեր գիտեն «օրական ութէն տասը բաժակ» ջուր խմելու կանոնը, սակայն մասնագէտները կը շեշտեն, որ ջուր խմելու ՁԵՒԸ նոյնքան կարեւոր է, որքան` ՔԱՆԱԿԸ:

Խուսափեցէք այս տարածուած սխալներէն` ջուր խմելու ժամանակ,

– ջուր խմել ոտքի դիրքով (յանձնարարելի է նստած դիրքով խմելը)
– ջուր խմել չափէն աւելի:
– ջուր խմել արագ եւ մեծ ումպերով:
– ջուր խմել ուտելու ընթացքին:
– ջուր խմել միայն ծարաւ զգալու ատեն:
– ջուր խմել ճաշէն անմիջապէս առաջ:
– օրուան ջուրի չափաբաժինին մեծ մասը խմել երեկոյեան:
– պաղ ջուր խմել:
– արհեստական քաղցրացուցիչներով ջուր խմել:

Կեռաս Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ

Քաղցրահամ եւ հիւթեղ կեռասը եղանակի ամենասիրելի պտուղներէն մէկն է: Սպիտակուցով, բնաթելով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ կեռասին բարիքները անհամար են: Սննդաբաններու կարծիքով`

– Կեռասը կ՛երկարաձգէ երիտասարդութիւնը. շնորհիւ Սէ. կենսանիւթին եւ կարգ մը հակաօքսիտաններու` ան կը կանխէ կնճիռներու յառաջացումը:

– Կեռասը կրնայ նուազեցնել քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը: Այս հատապտուղին «փոլիֆենոլ»-ները կրնան հակաքաղցկեղային ազդեցութիւն ունենալ:

– Կեռասը կը պաշտպանէ սիրտը: Անոր հակաբորբոքային միացութիւնները (composes) կ՛իջեցնեն գէշ քոլեսթերոլի, թրիկլիսերիտի եւ արեան ճնշման մակարդակները: Հետեւաբար կեռասը լաւ միջոց է սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ կաթուածի կանխարգիլման համար:

– Կեռասը նաեւ կը դանդաղեցնէ ճանաչողական ունակութիւններու վատթարացումը, կը բարելաւէ ուղեղին աշխատանքը եւ յիշողութիւնը:

– Կեռասը կը նպաստէ հանգիստ քունին: Վատ քունը պայմանաւորուած է հորմոններու անհաւասարակշռութեամբ, ընկճախտով, քունի հետ կապուած սխալ սովորութիւններով. իսկ կեռասը շնորհիւ մելաթոնին կոչուած հորմոնին` հանգիստ քուն կ՛ապահովէ:

– Կեռասը կը թեթեւցնէ յօդացաւը. կանոնաւոր օգտագործման պարագային, 35-50 տոկոսով կը նուազեցնէ յօդացաւի տագնապներու հաւանականութիւնը:

– Կեռասի բարիքներուն շարքը երկար է, բայց ինչպէ՞ս չյիշել նաեւ, որ ան կը թեթեւցնէ գլխացաւը, կ՛օգնէ մկաններու վերականգնման, կը բուժէ արեան տկարութիւնը, կը նպաստէ մազերուն առողջութեան, կը բուժէ որոշ մաշկային հիւանդութիւններ:

Մի՛ Թափէք Կեռասին Կոթերը

Յաճախ բնազդաբար աղբաման թափուող կեռասին կոթերը լեցուն են անսպասելի օգտակար յատկութիւններով: Անոնք կը պայքարին մարմնի բջիջներու ծերացման դէմ, միզամուղ են, կը դարմանեն միզուղիներու խանգարումները եւ, վերջապէս, ունին հակաբորբոքային յատկութիւններ:

Կեռասի կոթերուն յատկութիւններէն օգտուելու համար կարելի է պատրաստել թուրմ, խմիչք, որ թէ՛ առողջապահական է, թէ՛ բնական եւ թէ՛ աժան: Բաղադրատոմսը պարզ է:

– 4 ապուրի դգալ լուացուած կեռասի կոթերը թրջել 50 մլ եռացող ջուրի մէջ, անջատել կրակը, սպասել 20 վայրկեան, քամոցէ անցընել եւ խմել տաք կամ պաղ:

Յիշենք, որ ամէն բան չափի մէջ է լաւ. պէտք չէ չարաշահել թէ՛ կեռասին եւ թէ՛ կոթերու թուրմին օգտագործումը` անբաղձալի հետեւանքներէ խուսափելու համար:

Կարեւորութեամբ շեշտենք, որ յիշուած տեղեկութիւնները չեն փոխարիներ բժիշկին խորհուրդները եւ նախատեսուած չեն ինքնաբուժման համար:

Ժիւլիա Սեթեֆճեան Փարիզեան Ճաշարանը
Կրկին Արժանացեր Է Միշլեն Աստղին

Ժիւլիա Սեթեֆճեանի «Baieta» ճաշարանը կրկին արժանացեր է Միշլեն աստղին:

Սիկիլիացի հայ խոհարարը Ֆրանսայի ամենաերիտասարդ խոհարարն է, որ Միշլեն աստղին արժանացած է, առաջինը` 21 տարեկանին:

«Ի՜նչ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է տեսնել, որ իմ ճաշարանս կը շարունակէ արժանանալ Միշլենի ուղեցոյցի աստղին: Այս ճանաչումը յարգանքի տուրք է տարիներու քրտնաջան աշխատանքին, կարգապահութեան եւ կիրքին: Կը ցանկամ սրտիս խորքէն շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օրական իմ կողքին են: Այս աստղը համատեղ ջանքերու արդիւնք է», յայտարարեր է Ժիւլիան:

Նշենք, որ Միշլենի աստղը կը շնորհուի այն ճաշարաններուն, որոնք կ՛առաջարկեն բացառիկ խոհարարութիւն: Հաշուի կ՛առնուին հինգ համընդհանուր չափանիշներ` բաղադրիչներու որակը, համերու ներդաշնակութիւնը, խոհարարական վարպետութիւնը, խոհարարին անհատականութիւնը, որ կ՛արտայայտուի խոհագիրներուն ընդմէջէն եւ, վերջապէս, հետեւողականութիւնը` ինչպէս ամբողջ ճաշացուցակին ընթացքին, այնպէս ալ` ժամանակի ընթացքին:

Խոհագիր

Կեռասի Մրգանուշ
Կասիայով Եւ Կիտրոնով

Բաղադրիչներ

1 քիլօ կեռաս
1 շերտ կիտրոն
1 կասիայի փայտիկ
200 կ շաքարաւազ
2,5 լիթր ջուր

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ եռացնել ջուրը, աւելցնել կասիայի փայտիկն ու կիտրոնի հիւթը: 5 վայրկեան ետք աւելցնել լուացուած կեռասը եւ շաքարաւազը:

Եռալէն ետք 4 վայրկեան եւս եփել, ապա կրակը անջատել, կաթսային կափարիչը փակել եւ ձգել, որ հանգչի առնուազն կէս ժամ:

Մատուցել նախընտրաբար պաղ:

***

Շաբթուան Մտածումը

Բառը քարի նման է. եթէ իր տեղը չի դրւում, դիմադրում է: Բառը քարից աւելի յամառ է: Քարը կարելի է տաշել-տաշտշել, յարմարեցնել, բառը միայն իր տեղն է ուզում:

Եւ ինչ բառեր են մեռնում, երբ դրւում են ոչ իրենց տեղում…

Բառը քարի նման է. բառերից էլ կարելի է տաճար կառուցել, տաճար, որտեղ կը մաքրուի ու կը վեհանայ մարդու հոգին, նաեւ կարելի է բառը դնել պարսատիկի մէջ եւ, դիպուկ լինելու դէպքում, բառով մարդ սպաննել:

Չմոռանաք, որ բառը քարի նման է, մանաւանդ, մեր քարաստան-Հայաստանում…

ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

Հետաքրքրական. Ո՞վ Էր Յովհաննէս Թումանեանի Մայրը` Սարի Աղջիկ Սոնան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Յովհաննէս Թումանեանի մօր` Սոնային մասին քիչ տեղեկութիւն կայ. ան դսեղցի քոչարեաններու տոհմէն էր: Անոր հայրն ու մեծ հայրը գիւղի առաջին հովիւներն էին, եւ իրենց ամբողջ կեանքը անցուցեր են սարերը. այդ պատճառով ալ անոնց տունը կոչուեր է «սարըցու տուն»:

Տարբեր յուշերէ պատառիկներու համաձայն, Սոնան բարձրահասակ, գեղեցիկ, եռանդուն եւ աշխատասէր կին էր: Ան առանձին կառավարեր էր տան ամբողջ տնտեսութիւնը. սարի եւ դաշտի աշխատանքէն բացի` կատարեր է բազմանդամ ընտանիքին մանուածքն ու գործուածքը:

«Սարերը աչքը բացած եւ սարերը մեծցած» Սոնան նաեւ ջերմ ու գուրգուրոտ մայր էր: Որպէս զրոյցը սիրող եւ պատմելու շնորհք ունեցող կին` ան իր երեխաներուն պատմեր է հեքիաթներ, առասպելներ, առակներ եւ իր երիտասարդութեան յուշերը` համեմուած ժողովրդական ոճով ու դարձուածքներով:

Նաեւ կը պատմուի, որ Սոնան իւրայատուկ հոգատարութեամբ խնամեր է իր առաջնեկը` Յովհաննէսը այնքան, որ միշտ թեւերուն մէջ պահեր ու երբեք օրօրոցը չէ դրեր` ըսելով. «Թող փոքրիկիս միտքը պայծառ մնայ, չօրօրուի…»:

Սննդամթերքի
Անվտանգութեան Հետ Կապուած
Տարրական Գիտելիքներ

Սննդային թունաւորումները կը քառապատկուին ամրան եղանակին, քանի որ բարձր ջերմաստիճանը կը նպաստէ մանրէներու աճին եւ բազմացման: Հետեւաբար սառեցումը կարեւոր է սննդամթերքի անվտանգութեան համար:

Սնունդը պէտք է պահել ճիշդ ջերմաստիճանով. սառնարանին ջերմաստիճանը պէտք է ըլլայ + 4-էն ոչ աւելի, իսկ սառցախցիկինը` -18 եւ վար:

Սառեցուած սնունդը պէտք չէ հալեցնել սենեակի ջերմաստիճանով: Հալեցնելու 3 անվտանգ տարբերակ կայ:

ա.- Սառնարանին մէջ
բ.- Սառ ջուրի մէջ
գ.- Մանրալիքի մէջ

Պէտք է ջանալ եփել այնքան սնունդ, որքան սպառելու է, բայց եթէ յամենայն դէպս աւելնայ, սառնարանը կարելի է պահել մինչեւ 3 օր` կափարիչով օժտուած տուփի մէջ: Իսկ սառցախցիկին մէջ մինչեւ 4-6 ամիս` ըստ բաղադրիչներուն:

Եւ այսպէս`

– Թարմ միսը սառնարանը կարելի է պահել 3-5 օր, իսկ սառցախցիկին մէջ մինչեւ 10 ամիս:
– Աղացած միսը` 1-2 օր, իսկ սառցախցիկին մէջ` 3-4 ամիս:
– Թարմ թռչնամիսը սառնարանը կարելի է պահել 1-2 օր, սառցախցիկին մէջ` 9-12 ամիս:
– Թարմ ձուկը` 1-2 օր, սառցախցիկին մէջ` 6 ամիս:

Ձմերուկով Ամառնային 5 Դիմակներ

Գեղեցիկ, թարմ եւ առողջ մորթ ունենալու համար մեծ գումարներ վատնելու կարիք չկայ, քանի որ բնութիւնը արդէն իսկ մեզի տուած է անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչները: Գեղեցկագիտական դիմակներ պատրաստելու համար կարելի է օգտագործել տունը, ձեռքի տակ գտնուող բանջարեղէններն ու պտուղները: Օրինակ` հիանալի խնամքի միջոց է եղանակի պտուղներէն ձմերուկը, որ այս օրերուն բոլորիս սառնարաններուն մէջ առկայ է:

Գաղտնիք չէ, որ ձմերուկը բազմաթիւ օգտակար յատկութիւններ ունի ոչ միայն ընդհանուր առողջութեան, այլեւ մորթին համար: Ամրան խորհրդանիշ հանդիսացող այս համեղ պտուղը կարելի է օգտագործել դէմքի տարբեր ծեփուկներ պատրաստելու եւ մորթի հետ կապուած խնդիրներ լուծելու համար: Եւ այսպէս`

Ա.- Դիմակ` բշտիկներու եւ տարիքային արատներու դէմ պայքարելու համար:

Քերել պանանի կեղեւին ներսի մասը եւ աւելցնել 2 ապուրի դգալ ձմերուկի հիւթին: Ստացուած նիւթը քսել բշտիկներուն կամ արատներուն վրայ, սպասել 20 վայրկեան, ապա լուալ:

Բ.- Դիմակ` կնճիռներուն դէմ պայքարելու համար:

Քանի մը կտոր ձմերուկը լաւ ճզմել, կանաչ թէյ աւելցնել, խառնուրդը լեցնել սառոյցի կաղապարի մէջ եւ սառեցնել: Առաւօտեան դէմքը շփել սառոյցէ խորանարդով մը:

Գ.- Դիմակ` վնասուած, յոգնած մորթը վերականգնելու համար:

Խառնել երկու հաւասարաբաժին ձմերուկի հիւթ եւ մեղր: Ծեփուկը տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ: Սպասել 20 վայրկեան, ապա լուալ:

Դ.- Դիմակ` չոր մորթի համար:

Խառնել 2 ձմերուկի խորանարդիկ կէս աւոքատոյի հետ, լաւ ճզմել եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքը եւ սպասել քառորդ ժամ, ապա լուալ: Այս գերօգտակար դիմակը առողջ եւ հանգիստ տեսք պիտի հաղորդէ դէմքին:

Ե.- Դիմակ` մորթին մեռած բջիջները եւ սեւ կէտերը մաքրելու համար:

Կտոր մը ճզմուած ձմերուկին ապուրի դգալ մը մածուն աւելցնել եւ լաւ խառնել: Ստացուած խիւսով ծեփել դէմքը, սպասել 20 վայրկեան, ապա լուալ:

Ճանճերուն Դէմ Պայքարելու Գործնական Քայլեր

Ամրան տաք եղանակին հետ ի յայտ կու գան զզուելի ճանճերը: Այս արագ բազմացող եւ մանրէներու բոյն միջատները առաւելաբար կը նուաճեն մեր խոհանոցները` մերթ թառելով ուտելիքներուն վրայ, մերթ` աղբամանին:

Ահա թէ ինչպէ՛ս ձերբազատիլ անոնցմէ

– Խոհանոցը մաքուր պահել, օրական թափել աղբը, իւրաքանչիւր օգտագործումէ ետք մաքրել աշխատանքի սեղանը, լուացարանին մէջ աղտոտ ամանեղէն չկուտակել:

– Պատուհաններուն եւ պատշգամներուն եզրին ռեհանի, անանուխի, լաւանտրի թաղարներ զետեղել:

– Տան դռներն ու պատուհանները օժտել մժեղարգել ցանցերով:

– Խոհանոցին տարբեր անկիւնները զետեղել սոխի գլուխներ, որոնց վրայ հաստատուած ըլլան մեխակի գամեր: Սոխը կարելի է փոխարինել նարինջով:

– Ճանճերը քշելու լաւ միջոց են նաեւ սխտորի պճեղները:

– Կափարիչով օժտուած աղբամանին կերպընկալ տոպրակները յաճախակի փոխել, իսկ աղբամանը օճառ-ջուրով լուալ:

– Ճանճի թակարդ պատրաստել` օգտագործելով կերպընկալ ջուրի շիշ եւ որեւէ քաղցր հեղուկ:

Ինչպէ՞ս Կազմակերպել Ամառնային Յաջող Փիքնիք Մը

Ամրան եղանակին միայն ծովափը չէ, որ կը խանդավառէ մարդիկ, այլեւ բացօթեայ պտոյտները` բնութեան գիրկը:

Փիքնիքը սովորական պտոյտ մը չէ, անիկա պէտք է ծրագրել ժամանակ առաջ, որպէսզի յաջող եւ հաճելի անցնի:

Փորձառուներու կարծիքով, առաջին հերթին պէտք է առնուազն շաբաթ մը առաջ տեղեակ պահել փիքնիքին մասնակիցները, ապա ճշդել վայրը եւ ի հարկին` բաժնուիլ գործերը:

Ամառնային փիքնիքները կրնան մասնակիցները անհաճոյ կացութիւններու առջեւ դնել` արեւահարութիւն, ուտելիքներէ թունաւորում եւ այլն… Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է ընտրել ծառապատ վայր մը, կամ ունենալ կտաւէ ծածկ մը, իսկ ուտելիքներուն համար` յատուկ սառնարան:

Կարեւոր է ժամանակ առաջ ցանկագրել անհրաժեշտ պիտոյքները` ամանեղէն, թուղթէ թաշկինակ, սփռոց, դեղորայք… Նախատեսել մեծ սաւան կամ կարպետ` հանգիստ տեղաւորուելու համար: Իսկ եթէ տարեցներ կան խումբին մէջ, ճարել ծալուող աթոռակներ:

Փորձառուներ կը թելադրեն, որ ուտելիքները ըլլան սերտուած` մսեղէն, բանջարեղէն, պտուղ, պտուղի հիւթ, խմիչքներ եւ անշուշտ` առատ ջուր: Խիստ թելադրելի է, որ թացանով ուտելիքներ եւ առատ սերով կարկանդակներ զանց առնուին, քանի որ անոնք հակամէտ են տաքէն փճանալու:

Ուտելիքները պէտք է փոխադրուին յատուկ սառնարաններով. այսպիսով, մսեղէնները կը մնան ապահով, իսկ բանջարեղէններն ու պտուղները կը պահեն իրենց թարմութիւնը, ախորժաբեր տեսքը եւ համը:

Երեխաներուն համար ցանկալի է նախատեսել խաղեր, զբաղումներ: Օրուան մը համար թող հրաժարին իրենց ելեկտրոնային խաղերէն եւ խաղան ռաքեթով, գնդակով, չուանով կամ հեծանիւով:

Փիքնիքի ընթացքին պայման է առատ ջուր խմել, գլխարկ ու ակնոց կրել եւ մորթը պաշտպանել յատուկ սերով:

Նայած փիքնիքի վայրին, թելադրելի է ունենալ միջատասպան սփռիչներ, բայց մանաւանդ` խայթուածքի դեղեր:

Վերջապէս, փիքնիքի յաջողութեան նախապայմաններէն մէկը մաքրութիւնն է: Ուտելիքները պատրաստելու ժամանակ պէտք է կրել կերպընկալ ձեռնոցներ, յաճախ օճառուիլ կամ մաքրուիլ հականեխուած թաշկինակներով:

Անշուշտ չմոռնալ աղբերը կերպընկալ մեծ տոպրակներու մէջ հաւաքելու, ոչ միայն ճանճերէն պաշտպանուելու, այլեւ բնութիւնը մաքուր պահելու համար:

Խոհագիր

 Զովացնող Խմիչք`
Անանուխով, Կիտրոնով Եւ Վարունգով

Բաղադրիչներ

1 վարունգ` կտրատուած
2 կիտրոնի հիւթ
10 թարմ անանուխի տերեւ
1 բաժակ պաղ ջուր
1 ապուրի դգալ մեղր
Սառոյցի կտորներ

Պատրաստութիւն

Վերը յիշուած բոլոր բաղադրիչները, բացի սառոյցէն, ելեկտրական հարիչով հարել միատարր հեղուկ մը ստանալու համար: Աւելցնել սառոյցի կտորները եւ շարունակել հարել:

Խմիչքը լեցնել բաժակի մը մէջ եւ զարդարել վարունգի կամ կիտրոնի շերտով եւ անանուխի տերեւներով:

Յիշե՛նք, Որ

Ա.- Վարունգը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ եւ հարուստ է հանքայիններով ու կենսանիւթերով: Անոր հիւթը կը խթանէ մարսողական համակարգը եւ կը նպաստէ աղիքներու առողջ գործունէութեան:

Բ.- Անանուխը կը բուժէ որոշ մարսողական խանգարումներ, հակաբորբոքային եւ մանրէասպան յատկութիւններ ունի:

Գ.- Կիտրոնը կը զօրացնէ դիմադրողականութիւնը, կը պայքարի վարակներուն դէմ եւ կը պահպանէ մորթին առողջութիւնը:

Դ.- Մեղրը կը բարձրացնէ դիմադրողականութիւնը, կը բուժէ կոկորդի ցաւը եւ հազը, կը պաշտպանէ սիրտը, կը կարգաւորէ քոլեսթերոլը:

*
*  *

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՉԵ՛Ս ՎԵՐԱՆՈՒՄ

Քեզ սիրելը… ծխախոտի նման
Թուլացնում է ու ծխի հետ օտարացնում,
Ես չգիտեմ ինչքան հեռու գնամ,
Որ մոռանամ… Ինչ արեցի, դու չես անցնում:

Եւ սուրճի հետ միտքս արթնանում է,
Գրքերիս մէջ դու մաշւում ես ու հեռանում,
Բայց գնալով իմ վիճակը բարդանում է,
Երբ աչքերս փակ են… չե՛ս վերանում:

ԾՈՎ alize ԲԱՆՈՒՉԵԱՆ

 

 

 

Եղանակի Հիւանդութիւններէն. Արեւահարութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Արեւահարութիւնը մորթի այրուածքն է, որ կը յառաջանայ արեւին կողմէ արձակուող անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ծանր ազդեցութեան պատճառով: Երբ մորթը երկար ժամանակ ենթարկուի արեւի ազդեցութեան` առանց բաւական պաշտպանութեան, ինքնաբերաբար կը յայտնուին մորթային ախտաբանական փոփոխութիւններ եւ հիւանդութիւններ, ինչպիսիք են` մորթի ծերացում, կնճիռներու յայտնութիւն, արեւահարութիւն, մորթային վատորակ ուռեր եւ այլն…

Ամրան եղանակին բոլո՛րը, բայց մանաւանդ ծովափի սիրահարները պէտք է զգուշանան արեւահարութենէն, որուն ախտանշաններն են`

Ա.- Մորթի կարմրութիւն, այրուածք, ցաւ, բշտիկներ,
Բ.- Ջերմ, դող, յոգնածութիւն,
Գ.- Սրտի տրոփում, շնչասպառութիւն,
Դ.- Գիտակցութեան խանգարում,
Ե.- Մարմնական ցնցումներ,
Զ.- Գիտակցութեան կորուստ, մահաքուն:

Մարդիկ նոյն չափով եւ նոյն ձեւով չեն վնասուիր արեւին ճառագայթներէն, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ զգայնութիւն եւ այս ճառագայթներուն հակազդելու ձեւ:

Գիտէ՞ք, Թէ

– Ճիշդ է այն կարծիքը, որ օրուան որոշ ժամերուն արեւը ա՛լ աւելի վնասակար է: Ժամը 12:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ը անդրմանիշակագոյն  ճառագոյթները աւելի զօրաւոր եւ վտանգաւոր կ՛ըլլան: Այս ժամերուն ծովափ գտնուելու պարագային պէտք է օգտագործել արեւապաշտպան սերեր, կրել արեւի ակնոցներ ու գլխարկ եւ պաշտպանուիլ ծածկի կամ հովանոցի տակ:

– Սխալ է այն կարծիքը, որ երբ երկինքը ամպոտ է, արեւահարութեան վտանգ չկայ: Թէեւ ամպերը որոշ տոկոսով կը պաշտպանեն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն, բայց եւ այնպէս, վտանգը կը մնայ վտանգ:

– Սխալ է այն կարծիքը, որ հովանոցի տակ հարիւր տոկոսով պաշտպանուած ենք արեւահարութենէն: Թէեւ մեծ հովանոցը մասամբ կը պաշտպանէ արեւէն, սակայն գետնի աւազը կ՛արտացոլացնէ անոր ճառագայթներուն մէկ մասը. հետեւաբար արեւապաշտպան սերերէն պէտք չէ հրաժարիլ նոյնիսկ հովանոցի տակ:

– Սխալ է այն կարծիքը, որ ջուրին մէջ արեւահար ըլլալու վտանգ չկայ: Մասնագէտներու կարծիքով, թաց մորթը ա՛լ աւելի զգայուն, կ՛ըլլայ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներուն, իսկ ջուրի կաթիլները խոշորացոյցի դեր կատարելով` աւելի եւս կը շեշտեն վերոյիշեալ ճառագայթներուն վնասակար ազդեցութիւնը:

– Ճիշդ է այն կարծիքը, որ ծովափը ժամը անգամ մը պէտք է վերանորոգել արեւապաշտպան սերը: Արեւը, հովը, աւազն ու ջուրը պատճառ կ՛ըլլան, որ սերը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը, հետեւաբար յանձնարարելի է զայն քանի մը անգամ նորոգել:

– Ճիշդ է այն կարծիքը, որ արեւահարութիւնը 2-5 օրէն կը դարմանուի. ախտանշանները չմեղմանալու պարագային անյապաղ պէտք է դիմել բժիշկին:

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

 Աշոտ Գրիգորեան «Տոլչէ Է Կապանա»
Նորաձեւութեան Տան Մանըքեն

Վերջերս (յուլիս 18-ին) հռոմէական «Տը Ուէսթին էքսէլշըր Ռոմ» պանդոկին մէջ կայացաւ աստղային երեկոյթ` կազմակերպուած աշխարհահռչակ «Տոլչէ է Կապանա» նորաձեւութեան տան կողմէ:

Ձեռնարկին գլխաւոր հիւրը 79-ամեայ երգչուհի Շերն էր, որ ելոյթ ունեցաւ երեք տարբեր բեմական կերպարներով ու երգեց իր ծանօթ երգերէն փունջ մը:

Հռոմի մէջ կայացած ձեռնարկին նաեւ ցուցադրուեցաւ «Տոլչէ է Կապանա»-ի տղամարդոց «Հոթ քութիւր»-ի հաւաքածոն: Տողանցող մանըքեններու շարքին էր 24-ամեայ բռնցքամարտիկ եւ մոտել Աշոտ Գրիգորեանը, որ Վանաձոր ծնած է եւ մեծցած է Ֆրանսայի Սենթ Էթիեն քաղաքը:

«Ես կը փափաքէի Հայաստանի մէջ ալ նման ցուցադրութիւններու մասնակցիլ: Մինչ այդ ես հպարտութեամբ կը ներկայացնեմ Հայաստանը առաջատար ապրանքանիշներու ցուցադրութիւններուն ընթացքին. ասիկա մեծ պատասխանատուութիւն եւ պատիւ է», նշած է Աշոտ Գրիգորեանը:

Ոճաբանին Կարծիքով

 Սլացիկ Տեսք Ունենալու Համար

Բարձրահասակ ըլլալը շատերու երազանքն է. եթէ կ՛ուզէք աւելի բարձրահասակ երեւիլ եւ սլացիկ տեսք ունենալ, պարտադիր չէ, որ օրական բարձրակրունկ կօշիկներ կրէք. կան գործնական հնարքներ, որոնք ձեր ուրուագիծը երկարելու պատրանք կը ստեղծեն:

Ստորեւ ոճաբանին դիւրին եւ արդիւնաւէտ խորհուրդներ` աւելի սլացիկ տեսք ունենալու համար:

– Հրաժարեցէք ցած մէջքով տաբատներէն. բարձր մէջքով տարբերակները աւելի սլացիկ տեսք կը հաղորդեն:

– Խուսափեցէք մեծ, ծաւալուն պայուսակներէն, գլխարկներէն եւ զարդեղէններէն. կրեցէք միջին չափի տարբերակները:

– Հրաժարեցէք մէջքը սեղմող լայն գօտիներէն, զանոնք փոխարինեցէք բարակ տարբերակներով: Լայն գօտիներուն մեծ, աչքառու փականները եւս յանձնարարելի չեն, քանի որ «կը կտրեն» ձեր ուրուագիծը:

– Մի՛ կրէք մեծ նախշերով գունաւոր հագուստներ, նախապատուութիւնը տուէք միագոյն հագուստներուն, որոնք ձեր ուրուագիծը երկարելու յատկութիւն ունին:

– Հրաժարեցէք հորիզոնական գիծով հագուստներէն, նախընտրեցէք ուղղահայեաց գիծով տարբերակները:

– Խուսափեցէք կապով օժտուած կամ կլոր քիթով կօշիկներէն: Կրեցէք սուր քիթով եւ նախընտրաբար մորթի գոյն տարբերակները, որոնք աւելի երկար սրունքներու պատրանք կը ստեղծեն:

– Խուսափեցէք կլոր, գոց օձիքներէն, կրեցէք «վէ» օձիքով վերնաշապիկներ կամ հագուստներ: «Վէ» օձիքները կ՛երկարեն վիզը եւ իրանին սլացիկ տեսք կը հաղորդեն:

– Հրաժարեցէք ծաւալուն կամ չափազանց մեծ աքսեսուարներէն, որոնք հակուած են ծանրաբեռնելու ձեր ուրուագիծը: Մինչդեռ նուրբ ականջօղերը, մանեակները, ապարանջաններն ու մատանիները կը նպաստեն նրբագեղ տեսքին:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
6 Գործնական Թելադրանքներ

1

Եթէ շուկայէն գնուած պահածոյ թթուաշը չափազանց աղի է, զայն փոխադրեցէք քացախով լեցուն այլ շիշի մը մէջ, ապա քանի մը փոքրիկ սոխ եւ թէյի դգալ մը շաքարաւազ աւելցուցէք:

2

Եթէ տապկոցի ընթացքին ձէթը փրփրի ու յորդի, անմիջապէս պզտիկ սոխ մը կեղուեցէք եւ տապակին մէջ նետեցէք:

3

Պահածոյ ոլոռնին թարմ համ հաղորդելու համար թէյի դգալ մը շաքարաւազ աւելցուցէք եփի թացանին:

4

Եթէ թացանի պատրաստութեան համար ձեռքի տակ ճերմակ գինի չունիք, ճերմակ քացախին քիչ մը ջուր եւ երկու կտոր շաքար խառնեցէք, եւ հարցը կը լուծուի:

5

Մարզանքի կօշիկներուն տհաճ հոտը չէզոքացնելու համար երեկոյեան կիտրոնի կեղեւներ զետեղեցէք անոնց մէջ եւ ձգեցէք մինչեւ յաջորդ առտու: Նոյն նպատակով` փոշի սոտա ցանեցէք եւ ձգեցէք մինչեւ յաջորդ առտու:

6

Շպարի վրձինները, մազի խոզանակները մաքրելու համար զանոնք քանի մը ժամ մխրճեցէք սոտայով լուծուած տաք ջուրի մէջ, ապա ցօղուեցէ՛ք ու ցամքեցուցէ՛ք:

Խոհագիր

 Սուտ Մանթի

Բաղադրիչներ

– 200 կ աղացած միս
– 1 գլուխ մանրուած սոխ
– 1 ապուրի դգալ լոլիկի մածուկ
– 1/4 գաւաթ ջուր
– Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
– 250 կ խաշած դդմաճ
– 200 կ մածուն + 1 պճեղ ճզմուած սխտոր + աղ
– Շերտ մը կարագ + կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Բուսական ձէթի մէջ տապկել սոխը, աւելցնել միսը եւ համեմները, ապա` լոլիկի մածուկն ու ջուրը: 5 վայրկեան կրակին վրայ եփել եւ մէկ կողմ դնել:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել մածունը, սխտորն ու աղը:

Տապակի մը մէջ հալեցնել շերտ մը կարագ, աւելցնել կարմիր փոշի պղպեղ: Երկու վայրկեան կրակին վրայ ձգել, ապա կրակը անջատել:

Մատուցելու պահուն ներկայանալի ամանի մը յատակը ծածկել խաշած դդմաճով, վրան տարածել մածունը, ապա` միսով խառնուրդը: Վերջապէս, երեսին աւելցնել հալած կարագը եւ անմիջապէս մատուցել:

Ոմանք երեսը կը զարդարեն մանրուած ազատքեղով եւ լոլիկով, ուրիշներ` պարզապէս աղտորով:

Բարի՛ ախորժակ:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կամ թողէք ապրեմ, կամ իմ տեղն ապրէք,
Թող որ ինքնուրոյն իմ կեանքը վարեմ,
Կամ ինձ ազատէք, կամ յաւերժ կապէք,
Թող որ երբեմն նաեւ սխալուեմ…
Եւ գուցէ սխալից դասեր չքաղեմ,
Բայց դուք ձեր ճիշդը բուկս մի՛ խցկէք,
Մի՞ թէ չէք տեսնում, որ խեղդում է ինձ,
Դուք իմ փոխարէն ոտքի մի՛ կանգնէք,
Այդ ձեր ճանաչած մեծերի առաջ,
Ու իմ փոխարէն երբեք մի չոքէք,
Նոյն ձեր յօրինած կուռքերի առաջ,
Թողէք, որ ինքս մեծեր ճանաչեմ,
Թող որ ինքնուրոյն կուռքեր յօրինեմ:
Դուք ինձ մի՛ ասէք ում դէմքին ժպտամ,
Գուցէ նրա մէջ ինձ դուշման գտնեմ,
Ու մի պարտադրէք, թէ ում անտեսեմ,
Գուցէ քշուածում հարազատ գտնեմ…
Որը ինձ ոչինչ չի պարտադրելու,
Կամ իմ տեղն ապրէք, կամ թողէք ապրեմ,
Որ այս աշխարհում ես իմը թողնեմ…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հետաքրքրական.  Լուսիկը` Մարտիրոս Սարեանի Մուսան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մարտիրոս Սարեանի յիսունվեց տարուան ընկերուհին, անոր յաւերժական սէրը` Լուսիկ Աղայեանը, իր պայծառ կերպարով ոգեշնչած է նկարիչը:

Սարեանի թոռնուհին` Ռուզան Սարեան կը պատմէ, թէ Մարտիրոս Սարեան առաջին հայեացքէն սիրահարեր է գրող, հեքիաթագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Ղազարոս Աղայեանի դստեր` Լուսիկ Աղայեանին` համոզուելով, որ Լուսիկը կանացի գեղեցկութեան իր իտէալն է: Երբ աւելի լաւ ճանցչեր է Լուսիկը, համոզուեր է, որ անոր արտաքինն ու ներքինը համահունչ են, եւ ա՛լ աւելի սիրած է զայն:

Այդ սէրը ապրած է յիսունվեց տարի, իրարու յենարան եղած են եւ համատեղ ջանքերով յաղթահարած կեանքի շատ մը դժուարութիւններ:

Մեծ նկարիչին համոզումով, Լուսիկը պէտք էր տունը մնար, ընտանիքին հոգ տանէր եւ ամուսինին թիկունք կանգնէր: Լուսիկ` յանուն իր հանճարեղ ամուսինին, զոհաբերեց երգչուհի դառնալու իր երազանքը. ան ամբողջապէս գիտակցելով իր առաքելութիւնը, երբեք չըմբոստացաւ եւ դարձաւ Սարեանի մուսան:

Մարտիրոս Սարեանի եւ Լուսիկ Աղայեանի սիրոյ պատմութեան նկարիչի տուն-թանգարանը անդրադարձած է ցուցահանդէսներով: Նաեւ հրատարակուած է «Լուսիկը` Սարեանի մուսան» ալպոմը, ուր Սարեանի եւ Լուսիկի փոխադարձ նամակները ամփոփուած են: Ստորեւ այդ նամակներէն օրինակ մը.

«Եղիր այնպէս, ինչպէս որ կաս, իմ սիրականս` համեստ, ազնիւ: Քեզ արհեստական ոչ մի բան պէտք չէ, արտաքին շքեղութիւնը ներքին պակասութիւն է: Ես քեզ հաւանեցի եւ սիրեցի ամենապարզ, ամենահամեստ քո շորերով, ես քեզ տեսայ իսկոյն: Գուցէ շքեղ շորերի մէջ քեզ իսկոյն չնկատէի»:

Ինչպէ՞ս Դիմակայել Ամրան Տապին

Ամառը հաճելի պահերէն, հանգիստէն, բնութեան գիրկը ըլլալու հնարաւորութենէն, թարմ պտուղներու եւ բանջարեղէններու առատութենէն բացի` իրեն հետ կը բերէ առողջական խնդիրներ:

Ամառնային եղանակը մարդու մարմնին վրայ  իր բարերար դրական ազդեցութեան հետ մէկտեղ, կրնայ նաեւ յառաջացնել առողջական վիճակի տարաբնոյթ խանգարումներ, յատկապէս երբ օդի ջերմաստիճանը կը գերազանցէ մարդու բնական կենսագործունէութիւնը ապահովող միջին ջերմաստիճանային ցուցանիշը:

Ոմանք ամրան տապէն պաշտպանուելու համար ծովափ կը շտապեն, գիւղ կը մեկնին, սակայն բոլորը հնարաւորութիւնը չունին իրենց գործը ձգելու եւ հանգիստի մեկնելու: Ահա գործնական խորհուրդներ` բոլոր անոնց, որոնք ստիպուած են ամառը անցընել քաղաքը եւ դիմակայել ամրան տապին:

– Օրուան տաք ժամերուն, երբ արեւը կիզիչ է, շատ լաւ փակել փեղկերն ու պատուհանները: Իսկ օրուան զով ժամերուն` առաւօտեան եւ երեկոյեան, կրկին բանալ զանոնք` տան օդը թարմացնելու համար:

* * *

– Ելեկտրական հովահար կամ օդափոխիչ օգտագործել` առանց չարաշահելու:

* * *

– Գաղջ կամ պաղ ցնցուղներ ընդունիլ եւ պաղ ջուրով զովացնել արմուկները, թեւերն ու դաստակը:

* * *

– Առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ը տունէն չելլել եւ ինքզինք պաշտպանել արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն:

* * *

– Տան մէջ զով անկիւն մը չունենալու պարագային, ջանալ ժամանակը անցընել զովացուած վայրերու մէջ` հանրախանութներ, շարժապատկերի սրահներ, ցուցասրահներ եւ այլն…

* * *

– Օրուան մէջ տունէն դուրս ելլելու պարագային ակնոց եւ գլխարկ կրել եւ անպայման շիշ մը ջուր վերցնել:

* * *

– Թելադրելի է, որ երեխաները, յղիները, տարեցներն ու քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցողները ցերեկային շոգ ժամերուն քնանան կամ պառկին, քանի որ պառկած դիրքով կը դիւրանայ արեան շրջագայութիւնը եւ մարմնին ջերմաստիճանը վերահսկելու կարողութիւնը:

* * *

Գիտէ՞ք, Թէ…

Առատ ջուր խմելը, բաց գոյնի հագուստ կրելը, գաղջ ջուրով լոգանքը, զովացուած վայրեր այցելելը, օրուան տաք ժամերուն դուրսերը չթափառիլը լաւ սովորութիւններ են ամրան շոգին դիմակայելու համար: Ասոնց կողքին, սակայն, սննդագէտները կը յանձնարարեն վերատեսութեան ենթարկել ճաշացուցակը եւ հրաժարիլ որոշ մթերքներէ: Այսպէս, տաք օրերուն պէտք է խուսափիլ`

ա.- Իւղոտ ուտելիքներէն եւ կարմիր միսէն, քանի որ անոնք մարսուելու համար յաւելեալ ճիգ կը պահանջեն մարմնէն, ինչ որ իր կարգին կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը:

բ.- Միզեցնող խմիչքներէն, որոնք կը նպաստեն մարմնին ջրազրկման: Այսպէս, թելադրելի է չափաւորել թէյը, սուրճը, գարեջուրը եւ նախապատուութիւնը տալ սովորական ջուրին:

գ.- Շաքարէն եւ ոգելից ըմպելիներէն, ասոնք եւս հակում ունին մարմնին ջերմաստիճանը բարձրացնելու: Տաք օրերուն յանձնարարելի է հրաժարիլ` աղանդերներէն, պաղպաղակէն, պտուղի հիւթերէն եւ նախապատուութիւնը տալ թարմ պտուղներուն: Իսկ բաժակ մը խմիչք խմելու պարագային` բաւարարուիլ բաժակ մը «ռոզէ» գինիով:

դ.- Խուսափիլ բացօթեայ (փողոցները, բակերը, կրպակները…) պատրաստուող եւ վաճառուող մթերքներէն, որոնք պատրաստման եւ պահպանման յատուկ պայմաններ կը պահանջեն, ինչպիսիք են` պաղպաղակը, սերով քաղցրաւենիքները, պտուղի հիւթերը եւ այլն…

Մանկավարժին Կարծիքով

 Խաղալիքները Հաւաքել Մերժող Երեխան

Եթէ ձեր երեխան կը մերժէ իր խաղալիքները հաւաքել, մի՛ պոռաք, մի՛ սպառնաք, մի՛ պատժէք, պարզապէս`

ա.- Նուազեցուցէ՛ք խաղալիքներուն թիւը:
բ.- Տուփեր, կողովներ տրամադրեցէք, որպէսզի դիւրացնէք անոր գործը:
գ.- Ձեռք երկարեցէ՛ք, օգնեցէք:

Դրական մօտեցումը աւելի՛ արդիւնաւէտ է:

Երեխային Սխալ Վարքագիծը

Ձեր երեխային վատ վարքագիծը ՊԱՏԳԱՄ է, եւ ոչ թէ` գրգիռ: Ան ձեզի կ՛ըսէ, «Ես չեմ հասկնար», «Ես շուարած եմ», «Ես կը վախնամ», «Ես օգնութեան կարիք ունիմ»…

Նախքան զայրանալն ու պատժելը` դուք ձեզի հարց տուէք. «Ի՞նչ կը փորձէ ըսել ինծի իր այս վարքագիծով»:

Ծնողին դերը պատժել չէ, այլ` վերլուծել եւ պարզել:

Երեխան Ինքնիրեն Հետ Կը Խօսի

Եթէ խաղալու ընթացքին ձեր երեխան ինքնիրեն հետ կը խօսի, սա լաւ նշան է, որովհետեւ կը մարզէ մտածելու իր ունակութիւնը:

Երբ երեխան բանաւոր կ՛արտայայտէ իր արարքները, ան կը կառուցէ իր միտքերը, կը զարգացնէ լեզուն, կը սորվի խնդիրներ լուծել: Սա ինքնակառավարման ձեւ մըն է… Ան կը կազմակերպէ իր միտքերը, աւելի լաւ կը կեդրոնանայ իր խաղին վրայ եւ աստիճանաբար կը զարգացնէ իր դատողութիւնը:

Փոխանակ ըսելու` «Առանձին մի՛ խօսիր», ըսէք` «Ապրի՛ս, ի՛նչ լաւ կը բացատրես ըրածներդ», այս խօսքերը վստահութիւն կը ներշնչեն եւ կ՛օգնեն, որ լաւ մտածող դառնայ:

Խոհագիր

 Սուրճի Հետ Մատուցուող Խմորեղէն

Բաղադրիչներ

– 3,5 – 4  գաւաթ ալիւր (նայած ալիւրի տեսակին)
– 1 գաւաթ գաղջ կաթ
– 1 գաւաթ շաքար
– 1 գաւաթ բուսական ձէթ
– 2 ծրար պէյքինկ փաուտըր
– Քառորդ թէյի դգալ աղ
– Քառորդ թէյի դգալ վանիլլա
– 1 կիտրոնի տաշուք
-1 գաւաթ եգիպտացորենի ալիւր
– 1 հաւկիթի դեղնուց եւ շաքարաւազ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ լուծել գաղջ կաթն ու շաքարաւազը, լաւ խառնել, ապա աւելցնել ձէթը եւ շարունակել խառնել` քիչ-քիչ աւելցնելով աղը, վանիլլան եւ կիտրոնի տաշուքը:

Ստացուած խառնուրդին աւելցնել եգիպտացորենի ալիւր ձեռքի հարիչով լաւ խառնել, ապա աւելցնել մաղէ անցած ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը եւ ձեռքով շաղել, մինչեւ որ կպչուն խմոր մը ստացուի:

Խմորը երկու մասի բաժնել եւ գրտնակել 1 սմ թանձրութեամբ, ապա փոքրիկ կաղապարներով ձեւաւորել եւ շարել մոմ թուղթով ծածկուած ափսէի մը մէջ: Իւրաքանչիւրին երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել եւ պտղունց մը շաքարաւազ ցանել: Եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 180 ջերմաստիճանով: Երբ յատակները կարմրին, փոխել կրակին ուղղութիւնը, որպէսզի երեսները ոսկեգոյն դառնան:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հաշիւը

Հաշիւով պիտի ընես ամէն բան –
Հաշիւով պիտի ուտես
Հաշիւով պիտի խմես
Հաշիւով պիտի ելլես
Հաշիւով պիտի նստիս
Հաշիւով պիտի խօսիս
Հաշիւով պիտի խնդաս
Ամէն ինչ հաշիւով…
Սարսափելի հաշուագէտ պիտի կտրիս ամէն տեղ
Ապա թէ ոչ` հաշիւդ շո՛ւտ կը մաքրեն.
Մեռնիլ անգամ չկա՜յ անժամ անհաշիւ
Վերջը – խորհէ՛ – դուռ դրացի ի՞նչ կ՛ըսեն…
Կամաց դանդաղ անզգալի անշշուկ
Ամէն օր ամէն վայրկեան
Հաշիւով պիտի մեռնիս:

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 

 

 

 

 

 

Հետաքրքրական. Քանդակի Մը Պատմութիւնը «Հիրոշիմա»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քանատահայ քանդակագործ եւ նկարիչ,  Քանատայի Արուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ Արտօ Չաքմաքչեանի մէկ հարցազրոյցէն կ՛իմանանք`

«1960-ական թուականներու սկիզբը Խորհրդային Հայաստանէն Եղեռնի յուշահամալիրին համար քանդակի պատուէր ստացայ: Մէկ գիշերուան ընթացքին քանդակեցի, եկան, տեսան ըսին` խեղկատակութիւն է, վիրաւորեցին եւ չընդունեցին: Ըսին` այս ի՞նչ է, մէկ աչքը կայ միւսը, չկայ: Քանդակի էութեան ոչ ոք ուշադրութիւն չէր դարձներ, անոնց համար կարեւորը այն էր, որ քիթը, բերանը, աչքերը իրենց տեղը ըլլային:

Ես լռեցի, անցաւ որոշ ժամանակ, Մոսկուայի մէջ պատահաբար իմացայ, որ Հիրոշիմայի աղէտը խորհրդանշող քանդակներու մրցոյթ յայտարարուած է, ներկայացայ այդ նոյն արձանով, եւ պատկերացուցէք, առաջին մրցանակը շահեցայ: Ժամանակ անցաւ, ես Ճափոնէն նամակ ստացայ, որ որոշեր են «Հիրոշիմա» քանդակս 20 մեթր բարձրութեամբ ձուլել…»:

Արտօ Չաքմաքչեանի «Հիրոշիմա» քանդակը ներկայիս կը գտնուի Ճափոնի Ազգային թանգարանը:

Մէկ այլ հարցազրոյցի մէջ Չաքմաքչեան կը պարզաբանէ. «Իմ դիմաքանդակային ստեղծագործութիւններուս մէջ կան գործեր, որոնք դուրս են դիմաքանդակ հասկացողութեան ընդունուած չափանիշներէն. անոնք պայմանաւորուած չեն բնորդով, անոնց կը բացակայի ֆիզիքականը: Անոնք զուտ իմ մտայղացումով ստեղծուած կերպարներ են: Դիմապատկերներ ստեղծելու ժամանակ մարդուն ֆիզիքականը աւելի քիչ կը հետաքրքրէ զիս. ես աւելի շատ կը տեսնեմ մարդկային ներաշխարհը»:

Բանաստեղծութեան Դրական
Ազդեցութիւնը Երեխաներուն Վրայ

Երեխաներուն գեղեցիկ բանաստեղծութիւններ կարդալով` կը զարգացնենք անոնց ճաշակը, կը փոխանցենք արժէքներ եւ կ՛աշխուժացնենք անոնց միտքը, կ՛ըսէ լիբանանցի մտաւորական եւ բանաստեղծ Հանրի Զուղէյպ:

Զուղէյպի կարծիքով, երեխաները բանաստեղծութեան հետ պիտի ընտելանան տունը, դպրոցը, ինչպէս նաեւ` մշակութային ձեռնարկներու ճամբով: Բայց ամէնէն կարեւորը անոնց գեղեցիկ եւ լաւ կտորներ մատուցելն է:

Շատ փոքր տարիքէն կարելի է երեխաներուն սիրել տալ բանաստեղծութիւնը: Անոր յանգերը, երաժշտականութիւնը, գեղեցիկ պատկերներն ու հարուստ բառապաշարը կրնան հրաշքներ գործել երեխաներուն վրայ,  կ՛ըսէ բանաստեղծը` աւելցնելով. «Բանաստեղծութիւններ գոց սորվեցնելը ոչ միայն օգտակար, այլ անհրաժեշտ է երեխաներուն համար: Գեղեցիկ կտորներ գոց սորվիլը կը նրբացնէ անոնց ճաշակը, կ՛ազնուացնէ հոգիները, կը հարստացնէ բառապաշարը եւ թռիչք կու տայ անոնց երեւակայութեան»:

Վերջապէս, Հանրի Զուղէյպ կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ պէտք է ընտրել երեխաներուն մատչելի, հասկնալի եւ ոչ երկար բանաստեղծութիւններ, ստեղծել յարմար միջավայր: Անոր կարծիքով, բանաստեղծութիւնը կարելի է լսել երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, կարելի է կտորին հետ կապուած գծագրութիւն մը պահանջել, եւ կամ, ինչո՞ւ չէ, զայն բեմականացնել:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Մրջիւնները հեռացնելու համար սփռիչ շիշի մը մէջ հաւասար քանակութեամբ ջուր եւ քացախ լեցուցէք եւ կէս թէյի դգալ փոշի կասիա աւելցուցէք: Լաւ ցնցեցէք եւ ապա ստացուած խառնուրդը սփռեցէք հոն, ուր մրջիւնները կ՛երթեւեկեն…

***

Որպէս մաքրութեան բնական միջոց` ապակեայ շիշի մը մէջ ճերմակ քացախ լեցուցէք եւ կիտրոնի կեղեւ աւելցուցէք. կափարիչը փակեցէք եւ ձգեցէք մէկ շաբաթ: Հեղուկը փոխադրեցէք սփռիչ շիշի մէջ, խնկունիի ճիւղ մը աւելցուցէք` անուշ բոյր հաղորդելու համար: Այս բնական միջոցով մաքրեցէք խոհանոցի աշխատանքի սեղանը, լուացարանը, տան մէջ զանազան մակերեսներ եւ նոյնիսկ` ապակիները: Իւրաքանչիւր գործածութենէ առաջ շիշը լաւ ցնցեցէք:

***

Երբ տապկոց կ՛ընէք, կամ շեշտուած հոտով որեւէ կերակուր կը պատրաստէք, քովի կաթսային մէջ ջուր եռացուցէք եւ 2-3 ապուրի դգալ քացախ աւելցուցէք: Ձգեցէք, որ ջուրը շոգիանայ, այդ ընթացքին դուք ձեր տապկոցը շարունակեցէք: Քացախով ջուրը պիտի կլանէ անախորժ հոտը:

***

Պտուղներն ու բանջարեղէնները ախտահանեցէք սոտայով: Փոքրիկ տաշտի մը մէջ ջուր լեցուցէք, աւելցուցէք 2 թէյի դգալ սոտա, լաւ լուծեցէք, ապա պտուղները կամ բանջարեղէնները 10-15 վայրկեան թրջեցէք նախքան հոսող ջուրի տակ ցօղուելը:

***

Հաւի խաշած սպիտակ միսը բարակ թելերու վերածելու համար զայն դրէք փոս ամանի մէջ եւ հարեցէք ձեռքի ելեկտրական հարիչով: Արագ եւ դիւրին միջոց մը` սենտուիչներ, «թաքօ»-ներ եւ աղցաններ պատրաստելու պարագային:

***

Խոտաբոյսերը երկար ժամանակ թարմ պահելու համար զանոնք փաթթեցէք խոնաւ թուղթէ անձեռոցիկներու մէջ եւ պահեցէք կերպընկալ «զիփլոք» տոպրակներու կամ կափարիչով օժտուած տուփերու մէջ:

***

sԱւելցած գինին լեցուցէք սառոյցի կաղապարի մէջ, ստացուած խորանարդները փոխադրեցէք «զիփլոք» տոպրակի մէջ. զանոնք աւելի ուշ օգտագործելու համար կերակուրներու, ապուրներու եւ թացաններու պատրաստութեան մէջ:

Եղանակի Պտուղներէն

Սեխը

Ամառը սեխի եղանակ է. զայն կարելի է համադրել մոցարելլա պանիրի, ռեհանի, խոզապուխտի, պալզամիք քացախի հետ… Ան ոչ միայն համ կը հաղորդէ մեր ուտեստներուն, այլեւ հիանալի է մեր առողջութեան համար:

Սեխը քիչ ջերմուժ պարունակող, բայց միեւնոյն ատեն յագեցնող, զովացնող եւ քաղցրահամ պտուղ է: 100 կ սեխը ընդամէնը 34 ջերմուժ կը պարունակէ:

Սեխը հարուստ է ֆլաւոնոիտներով` հակաօքսիտաններ, որոնք պաշտպանիչ դեր կը խաղան մասնաւորապէս կրծքագեղձի եւ հաստ աղիքի քաղցկեղի դէմ:

Ա. կենսանիւթով հարուստ սեխը կ՛օգնէ մորթի բջիջներու վերականգնման եւ կ՛արգիլէ կնճիռներու կանխահաս յայտնութիւնը: Սեխին մէջ առկայ Ա. կենսանիւթը նաեւ կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնը եւ տեսողութիւնը:

Սէ. կենսանիւթով հարուստ սեխը կ՛օգնէ պայքարելու վարակներու դէմ:

Սեխը կը պայքարի ջուրի կուտակման դէմ: Տաք եղանակին, երբ ձեռքերն ու մանաւանդ ոտքերը կ՛ուռին, սեխը դիւրին միջոց է ջուրի կուտակման դէմ պայքարելու համար: Հանքային աղերով, կիրով եւ փոթասիոմով հարուստ սեխը կ՛օգնէ մարմնէն դուրս բերել աւելորդ ջուրը եւ նուազեցնել ուռեցքները:

Այս հրաշք պտուղը նաեւ միզամուղ է. կ՛օգնէ մարմինէն հեռացնելու թունաւոր նիւթերը եւ կը պահպանէ երիկամներուն առողջութիւնը:

Չմոռնալ սեխին մէկ այլ առաւելութիւնը` ան կ՛օգնէ վերահսկելու արեան ճնշումը:

Փորձառուներու Կարծիքով

Լաւ սեխ ընտրելու համար պէտք չէ շտապել: Զայն պէտք է առնել ափին մէջ եւ զգալ անոր ծանրութիւնը. ծանր սեխը ենթադրուած է աւելի համեղ ըլլալ: Ճանչնալու համար, թէ արդեօք սեխը բաւարար հասո՞ւն է, պէտք է մատով թեթեւակի սեղմել պտղակոթին կողքը, եթէ մատը քիչ մը խրի, սեխը հասուն է…

Սեխի ընտրութեան ժամանակ պէտք է անպայման զգալ անոր ուժեղ եւ քաղցր բոյրը:

Տուն բերելէ ետք թելադրելի է սեխը մէկ-երկու օրուան ընթացքին սպառել եւ սառնարանը չպահել` անոր համն ու բոյրը առաւելագոյնս պահպանելու համար:

Սեխը Մատուցելու Տարբերակներ

Սեխը գեղեցիկ տեսքով մատուցելը ինքնին արուեստ է: Ահաւասիկ` հետաքրքրական տարբերակներ, յատկապէս եթէ հիւրեր պիտի ընդունիք եւ պիտի տպաւորէք զանոնք:

Ա.- Մոցարելլա պանիրով եւ ռեհանի տերեւներով տարբերակ,

Բ.- Խնկունիի ցօղուններու վրայ, խոզապուխտի հետ մատուցուող տարբերակ,

Գ.- Բարակ շերտուած եւ վարդի տեսքով ձեւաւորուած տարբերակ,

Դ.- Պաղ ապուրի, խիւսի վերածուած տարբերակ:

Խոհագիր

Ձմերուկով Օշարակ

Բաղադրիչներ

4 գաւաթ կտրատուած ձմերուկ` առանց կուտի
1/2 գաւաթ թարմ կիտրոնի հիւթ
1/4 գաւաթ մեղր, կամ շաքար` ըստ ճաշակի
2 գաւաթ պաղ ջուր
Սառոյցի կտորներ
Կիտրոնի շերտեր եւ թարմ անանուխի տերեւներ` զարդարանքի համար:

Պատրաստութիւն

Ձմերուկը հարիչէ անցընել եւ փոխադրել սափորի մէջ: Աւելցնել ջուր, կիտրոնի հիւթն ու մեղրը եւ լաւ խառնել:

Սափորը սառնարան փոխադրել եւ ձգել առնուազն կէս ժամ:

Մատուցման պահուն աւելցնել կիտրոնի շերտերը, անանուխի տերեւները եւ քանի մը կտոր սառոյց:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Անհաշիւ

(Զարեհ Խրախունիին)

Անհաշիւ
Անհաշիւ պիտի սիրես ամէն ինչ
Ամէն ինչ – սուտ կամ իրաւ –
Թէ ոչ օր մ՛ալ հովուն ծովուն ինչպէս հաշիւ պիտի տաս
Անհաշիւ
Պիտի խաբես կամ խաբուիս
Ամէն օր – տիւ կամ գիշեր –
Թէ ոչ օր մ՛ալ հողին ջուրին ինչպէս հաշիւ պիտի տաս
Ու պիտի
Սիրաբանած աղջիկներուդ թիւը ճշգրիտ չգիտնաս
Կամ չգիտնաս թէ քանի զարկ սիրտն աւելի կը զարնէ
Երբ հոտն առնէ նոր սիրոյ մը խոստումին
Ապա թէ ոչ լիալուսնին ինչպէս հաշիւ պիտի տաս
Եւ օրերէն օր մըն ալ
Երբ Հաշուակալն յանկարծ քաշէ հաշուեփակին գիծը սէգ
Դարձեալ պէտք չէ որ գիտնաս
Քանի տարի քանի ամիս քանի օր
Ապա թէ ոչ այդ բոլորին հաշիւն ինչպէս պիտի տաս

ԶԱՀՐԱՏ

 

Մանկական Հոգեբանութիւն. Օգտակար Խորհուրդներ` Ծնողներուն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մանկական հոգեբան Ժիւլի Ռեմոն կը յորդորէ ծնողները…

– Յարգելի՛ ծնողներ, մի՛ դառնաք ձեր երեխային առաջին բռնարարը: Դուք կրնաք չնկատել, բայց այն խօսքերը, զորս դուք կ՛ըսէք զայրոյթի ժամանակ, այն շեշտը, որ կ՛օգտագործէք հիասթափութեան պահուն, այն կատակները, զորս դուք անվնաս կը համարէք… բոլորն ալ կրնան անտեսանելի վէրքեր բանալ:

Հոգեպէս փխրուն ձեր երեխան տակաւին նոր կը սորվի, թէ ո՛վ է ինք եւ կը սպասէ, որ դուք ձեր խօսքերով եւ արարքներով առաջնորդէք զինք: Կ՛ուզէ սիրուած եւ կարեւոր զգալ:

Մի՛ կոտրէք անոր սիրտը, մի՛ ձգէք, որ ձեր ձայնը դառնայ այն, ինչէն ինք կը վախնայ, մի՛ ձգէք, որ ձեր քննադատութիւնը աելի բարձր արձագանգէ, քան` ձեր սէրը:

* * *

– Յարգելի՛ ծնողներ, դժուար իրագործելի ակնկալիքներ մի՛ պարտադրէք ձեր զաւակներուն:

Մի՛ կեդրոնանաք մի՛միայն անոր դպրոցական արդիւնքներուն եւ նիշերուն վրայ: Ան այլ արժանիքներ ունի:

Մի՛ կաշկանդէք ձեր երեխային անկախութիւնը, առիթ տուէք, որպէսզի նախաձեռնէ, ընտրութիւն կատարէ:

Վերջապէս, մի՛ արհամարհէք անոր հետ զրուցելու եւ ժամանակ անցընելու կարեւորութիւնը:

Տան Յարդարանք

 Ասեղնագործներուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Շատ մը տուներու փակ գզրոցներուն մէջ խնամքով պահուած, բայց նաեւ մոռացութեան մատնուած ասեղնագործներ կան` մեծ մօրմէ կամ մօրմէ մնացած յիշատակի մասունքներ… Զանոնք գզրոցներու մէջ պահելը անիմաստ է. ինչո՞ւ չօգտագործել եւ չվայելել… այդպիսով թէ՛ զանոնք գործողները պատուած եւ յիշած կ՛ըլլանք եւ թէ՛ արժեւորած այդ փոքրիկ գլուխ գործոցները: Եկէք` տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են իրենց մեծերէն ժառանգած ասեղնագործներուն:

Ա.- Ասեղնագործները տեղադրած են տարբեր չափի նկարի շրջանակներու մէջ եւ վերածած` պատի զարդի:
Բ.- Տարբեր չափի ասեղնագործները իրարու միացուցած եւ վերածած են սեղանի կեդրոնական ծածկոցի:
Գ.- Ասեղնագործները ըստ չափի հաստատած են կլոր շրջանակներու մէջ եւ վերածած` պատի գեղեցիկ յարդարանքի:

Սննդագիտական – Առողջապահական

Կանաչ Սխտորին Բուժիչ
Յատկութիւնները

Կանաչ սխտորը սովորական սխտորէն կը զանազանուի իր իւրայատուկ համով. անոր համը նուազ շեշտուած է, իսկ եփելէ ետք կը դառնայ աւելի քաղցր` կերակուրին տալով իւրօրինակ համ եւ բոյր:

Կանաչ սխտորը կարելի է օգտագործել թէ՛ հում, թէ՛ եփած` կերակուրներու, ապուրներու եւ աղցաններու մէջ: Անոր յաճախակի օգտագործումը ունի առողջարար յատկութիւններ. եւ այսպէս`

Ա.- Կը խթանէ մարմնին դիմադրողականութիւնը:
Բ.- Կը խթանէ մարսողական համակարգը:
Գ.- Կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը:
Դ.- Կը նպաստէ սիրտի առողջ աշխատանքին:
Ե.- Կը պայքարի աղեստամոքսային բորբոքումներուն դէմ:
Զ.- Կը բուժէ` կրիփը, պրոնշիթի որոշ տեսակները, գրգռուած կոկորդը եւ այլն…
Է.- Ունի միզամուղ յատկութիւն:
Ը.- բարենպաստ ազդեցութիւն ունի շնչառական համակարգին վրայ:
Թ.- Կը նպաստէ քաղցկեղի կանխարգիլման:

Քաղցկեղէն Պաշտպանող
Մթերքներ

Քաղցկեղի դէմ հետազօտութեան համաշխարհային ֆոնտին (Fond mondial de recherche contre le cancer, FMRC) կողմէ հրապարակուած տեղեկագրութեան համաձայն, կարգ մը ուտելիքներ մեզ կը պաշտպանեն քաղցկեղէն ընդհանրապէս, բայց մանաւանդ`  կրծքագեղձի քաղցկեղէն. ծանօթանանք մէկ քանիին.

– ԴԵՂՁԸ շնորհիւ իր պարունակած ֆլաւոնոիտներուն` մարմինը կը պաշտպանէ քաղցկեղի յառաջացումէ. կը վերացնէ քաղցկեղի բջիջները` առանց առողջներուն վնասելու:

– ՊՐՈՔՈԼԻին պարունակած սիւլֆորաֆանը ունի հակաքաղցկեղային յատկութիւններ: Ան կրնայ կանխարգիլել քաղցկեղի բջիջներու յառաջացումը, ինչպէս նաեւ` վերացնել անոնց «բոյնը»:

– ՇՈՄԻՆԸ շնորհիւ իր պարունակած քարեթոնոիտներուն` հակաքաղցկեղային ազդու զէնք մըն է: Շուրջ 500 հազար անձերու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ յաճախակի շոմին ուտող անձերը բաւական լաւ պաշտպանուած են կոկորդի, բերնի, ստամոքսի եւ ձուարաններու քաղցկեղէ:

– ԸՆԿՈՅԶԸ կը պարունակէ օմեկա 3 ճարպաթթուներ, որոնք ոչ միայն կը կարգաւորեն սրտի աշխատանքը, այլեւ կը դադրեցնեն չարորակ բջիջներու գոյակցութիւններու յաջառացումը

– ՍՏԵՊՂԻՆԸ նոյնպէս քաղցկեղի դէմ պայքարելու լաւ զէնք կը համարուի: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ այն կիները, որոնք շաբաթը առնուազն 3 անգամ ստեպղին կերած են, 17 առ հարիւր պաշտպանուած են կրծքագեղձի քաղցկեղէն:

* * *

Հակաքաղցկեղային յատկութիւն ունին նաեւ` լոլիկը աւոքատոն, սեւ տուրմը, քրքումը, սուրճը, կանաչ թէյը, սարտինը, ձիթապտուղի ձէթը, սոյան, կարմիր հատապտուղները եւ այլն…

Խոհագիր

Կարմիր Ոսպով Հըմմոս

Բաղադրիչներ

– 3 գաւաթ կարմիր ոսպ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 3 ապուրի դգալ թահին
– 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– Քառորդ գաւաթ ջուր
– Քառորդ թէյի դգալ քիմիոն
– Կէս թէյի դգալ աղ
– Ձիթապտուղի ձէթ, կարմիր փոշի պղպեղ եւ մանրուած թարմ ազատքեղ (կամ գինձ)` զարդարանքի համար:

Պատրաստութիւն

Ոսպը լուացէք եւ ապա խաշեցէք, մինչեւ որ փափկանայ:

Ելեկտրական հարիչի մէջ փոխադրեցէք ոսպն ու մնացեալ բոլոր բաղադրիչները եւ հարեցէք միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար: Թանձրուկը կարելի է նօսրացնել 1 կամ 2 ապուրի դգալ ջուր աւելցնելով:

Ոսպով թանձրուկը փոխադրեցէք մատուցման ամանին մէջ եւ զարդարեցէք ձիթապտուղի ձէթով, կարմիր փոշի պղպեղով եւ մանրուած ազատքեղով:

Գիտէ՞ք, թէ…

– Կարմիր ոսպը հարուստ է սննդային մանրաթելով, ինչ որ կը նպաստէ մարսողութեան համակարգի առողջութեան` կանխելով փքուածութիւն, կծկումներ եւ աղիքային որոշ խանգարումներ:

– Կարմիր ոսպը կը պարունակէ բուսական սպիտակուցի լաւ քանակ, հետեւաբար անով պատրաստուած հըմմոսը իտէալ սնունդ է բուսակերներուն համար:

– Կարմիր ոսպով հըմմոսը կը պարունակէ լաւ ճարպեր. ձիթապտուղի ձէթի եւ թահինի առողջ ճարպերը կը նպաստեն սրտի առողջութեան եւ ճարպերու մէջ լուծուող կենսանիւթերու կլանման:

Մատուցման առաջարկներ

Ա.- Մատուցել կտրատուած ստեպղինի, վարունգի, նեխուրի, պուլկարական պղպեղի կամ ծաղկակաղամբի հետ` որպէս առողջարար խորտիկ կամ նախուտեստ:

Բ.- Մատուցել թոսթ հացի վրայ կամ սենտուիչներու մէջ:

Գ.- Մատուցել որպէս թաթխան` խրթխրթան հացի, աղի կրկնեփներու կամ չիփսի կողքին:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ելք Չունենք

Մեր հողը վաղուց խլուած,
Մեր տունը վաղուց փլուած…
Հող չունենք ու տուն չունենք:
Քար քաշում, քար ենք տաշում,
Քարի հետ կեանք ենք մաշում,
Յենուելու մի սիւն չունենք:
Յետեւում խաբկանք ու սուտ,
Առջեւում վիհեր են մութ,
Ելք չունենք ու հուն չունենք:
Տղերք կան պինդ, պնդակուռ,
Ում տեսնես` մի Սասնայ ծուռ…
Ծռեր կան, Սասուն չունենք:
Ամէն մի Դաւթի համար
Ունքերը կեռ ու կամար
Մի Խանդութ Խաթուն չունե՞նք:
Յոգնած ու խմած էինք,
Խաբուած ու քնած էինք,
Արթնացանք, էլ քուն չունենք:
Փակուած ենք անձաւի մէջ,
Տապակուած մեր ցաւի մէջ,
Ցաւ ունենք, խնդում չունենք:
Մենք մերը չե՞նք լինելու,
Մեր տէրը չե՞նք լինելու,
Մեր ցանած ածուն չունե՞նք:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

 


Նուռին Խորհուրդը Հայերուս Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հայկական աւանդութեան մէջ նուռը կեանքի, ծաղկման, առատութեան եւ պտղաբերութեան խորհուրդ ունի: Պատահական չէ, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հարսանիքներու ժամանակ հարսը կուժի փոխարէն` նուռը կը զարնէր գետին եւ կտորներու կը բաժնէր: Նուռին ցրուած հատիկները կ՛երաշխաւորէին, որ հարսը անպայման երեխայ պիտի ունենայ: Իսկ Վանի մէջ այն կիները, որոնք կը փափաքէին տղայ ունենալ, նուռի հատիկներով խառնուած խմորով լոշիկ կ՛ուտէին:

Արարատեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանին հայերը նուռը պաշտեր են` որպէս կենաց ծառի պտուղ: Քրիստոնէութեան շրջանին մինչեւ 7-րդ դար նուռի զարդաքանդակներ չենք ունեցած, միակ բացառութիւնը Զուարթնոցի տաճարն է: Պատճառը այն է, որ քրիստոնէութիւնը նոր խորհրդանիշներ բերաւ, եւ նուռը իր տեղը զիջեցաւ խաղողին, իսկ Անահիտ աստուածուհիին նուռ նուիրաբերելու մեր նախնիներուն սովորութիւնը փոխուեցաւ Ս. Աստուածածնի պաշտամունքով:

Նուռը ե՛ւ իր խորհրդանշական իմաստով եւ որպէս ազգային զարդատեսակ` շատ օգտագործուած է հայկական ճարտարապետութեան, գորգագործութեան, մանրանկարչութեան եւ կիրառական արուեստի մէջ: Նուռը ներշնչած է նաեւ հանճարեղ Սերգէյ Փարաջանովը, որուն հանրայայտ ժապաւէնը` «Նռան գոյնը», անոր գլուխ գործոցներէն կը համարուի:

Արդի հայ կերպարուեստին մէջ որպէս հայկական յուշանուէր` շատ տարածուած են փայտէ, կաւէ եւ արծաթէ պատրաստուած նուռի գեղօրները, կանացի զարդարանքները եւ այլն…

Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս Հայաստանի մէջ նուռը կ՛օգտագործուին բուժիչ նպատակներով, իսկ նուռի գինին իր ուրոյն տեղը ունի հայկական գինեգործութեան մէջ: Նուռը նաեւ հայկական ազգային խոհանոցի հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է:

Մանկական Խնամք

 Առողջ Մեծնալու Գրաւականը`
Քիչ Նստիլ Եւ Շատ Շարժիլ

 

Առողջապահական հետազօտութիւններ կը վստահեցնեն, որ առողջ մեծնալու գրաւականն է քիչ նստիլ եւ շատ շարժիլը: Մինչդեռ ներկայիս դժբախտաբար ճիշդ հակառակը կը նկատուի երեխաներուն մօտ. անոնք օրուան մեծ մասը ելեկտրոնային գործիքներու եւ պաստառներու դիմաց են, ինչ որ իսկական վտանգ է անոնց առողջութեան համար:

Մանկաբուժներու եւ հոգեբաններու կարծիքով, երկար ժամեր պաստառներու առջեւ ժամանակ անցընող երեխաներուն մօտ կը յառաջանան`

– Հոգեբանական  խնդիրներ,
– Քունի խանգարում,
– Տեսողութեան վատթարացում,
– Կեցուածքի ձեւափոխում,
– Ընկերային յարաբերութեան դժուարութիւն,
– Ելեկտրոնային գործիքներէ կախուածութիւն:

Մանկաբուժներու ամերիկեան ակադեմիան (AAP) խորհուրդ կու տայ ծնողներուն, որ սահմանափակեն ոչ միայն պաստառներու առջեւ երեխաներուն անցուցած ժամանակը, այլեւ` իրենցը: Ծնողքին վարքը ամենաօրինակելին է երեխային համար, կը հաստատեն մասնագէտները` աւելցնելով, որ եթէ ծնողները երկար ժամանակ կ՛անցընեն բջիջայինի վրայ, անխուսափելի է, որ հոգեյուզական կապի խախտում եւ ուշադրութեան պակասի զգացում յառաջանայ երեխային մօտ:

Ելեկտրոնային Գործիքներու Օգտագործման
Այլընտրանքներ

Մանկաբուժներու ամերիկեան ակադեմիան (AAP) խորհուրդ կու տայ`

Ա.- Օգնեցէք ձեր երեխաներուն` գտնելու զուարճանքի այլընտրանքային ձեւեր` պաստառներուն առջեւ անցուցած ժամանակը կրճատելու համար. օրինակ` զբաղիլ այգեգործութեամբ, տան բոյսերը խնամել, բազմացնել, սերմեր տնկել… համբերութիւն եւ խնամք պահանջող գործընթաց է:

Բ.- Մարզաձեւի մը հետեւիլ, փորձերու երթալ, մրցումներու մասնակցիլ: Օգտակար միջոց մը` երեխան նստակեաց առօրեայէն դուրս բերելու եւ մարմինը շարժումի մէջ դնելու:

Գ.- Նուագարան մը` դաշնամուր, սրինգ, կիթառ կամ այլ գործիքներ նուագել: Նուագելը կը զարգացնէ դասական երաժշտութեան սէրը, նաեւ երեխայէն կը պահանջէ յաւելեալ մարզումներ` ինքզինք բարելաւելու եւ յառաջդիմելու համար, բաներ, որոնք ինքնաբերաբար պիտի նուազեցնեն պաստառներու առջեւ ժամանակի վատնումը:

Պարզ Հնարքներ, Որպէսզի
Ձեր Տունը Անուշ Բուրէ

Ինչո՞ւ դիմել քաղցկեղածին բաղադրիչներուն, տհաճ գոլորշիներուն եւ օդը թարմացնող սուղ միջոցներուն, երբ կարելի է զանոնք փոխարինել անվտանգ, աժան եւ արդիւնաւէտ այլ միջոցներով:

Սոտա Օգտագործեցէք

Նախքան տունը արհեստական բոյրերով օծանելը` փնտռեցէք տան տհաճ հոտերուն բուն աղբիւրները եւ ջանացէք առաջին հերթին զանոնք չէզոքացնել:

Սոտան հոտերը կլանելու յատկութիւն ունի: Ան ոչ միայն կը ծածկէ գէշ հոտերը, այլեւ ամբողջութեամբ կը չէզոքացնէ զանոնք: Եւ այսպէս, սոտա ցանեցէք`

Ա.- Ձեր կօշիկներուն եւ յատկապէս մարզանքի կօշիկներուն մէջ. ձգեցէք ամբողջ գիշեր մը եւ յաջորդ առտու թօթուեցէք զանոնք:
Բ.- Աղբամաններուն յատակին` նախքան կերպընկալ տոպրակ զետեղելը:
Գ.- Լուացարաններու անցքերուն մէջ:
Դ.- Սառնարանը` փոքրիկ փոս ամանի մը մէջ:
Ե.- Կատուի աւազի տուփին յատակը:
Զ.- Ներքնակներուն եւ գորգերուն վրայ:

Օդափոխեցէք Սենեակները

Կանոնաւոր օդափոխութիւնը կարեւոր է օդը թարմացնելու եւ տհաճ հոտերը վերացնելու համար:

Սովորութիւն դարձուցէք օրական առնուազն քառորդ ժամ պատուհանները բանալը, ամառը` նախըտրաբար երեկոյեան զով ժամերուն, ձմեռը անձրեւէն անմիջապէս ետք, մնացեալ եղանակներուն` առաւօտեան կանուխ ժամերուն:

Կիտրոն, Կասիա Օգտագործեցէք:

Կրակին վրայ եռացող ջուրին մէջ կիտրոնի կամ նարինջի շերտեր, կասիայի փայտիկ եւ մեխակի գամեր աւելցուցէք եւ շատ չանցած տունը պիտի լեցուի հաճելի բոյրով մը:

Քացախ Օգտագործեցէք:

Ճերմակ քացախը ոչ միայն հոտազրկիչ է, այլեւ` ախտազերծող: Սփռիչ շիշի մէջ հաւասար համեմատութեամբ ճերմակ քացախ եւ ջուր լեցուցէք, կիտրոնի կեղեւ կամ քանի մը կաթիլ եթերային իւղ աւելցուցէք եւ այդ լուծոյթը սփռեցէք այն մակերեսներուն վրայ, ուրկէ տհաճ հոտ կ՛առնէք:

Նարինջ Եւ Մեխակի Գամեր Օգտագործեցէք:

Այս մէկը շատ հին հնարք է: Նարինջին կեղեւին մեխակի գամեր խրել եւ սպասել, որ այս բնական խառնուրդը կծու, ջերմացնող եւ հանգստացնող բոյր արձակէ:

Սովորութիւն Դարձուցէք

Ա.- Օրուան աւարտին աղբը թափել եւ աղբամանը մաքրել:
Բ.- Օրուան աւարտին խոհանոցին լուացարանը պարպել եւ մաքրել:
Գ.- Աղտոտ լաթերը օրերով չկուտակել, (յատկապէս` տաք եղանակին), զանոնք անմիջապէս լուալ` քրտինքի եւ բորբոսի հոտերը կանխելու համար:
Դ.- Թէկուզ հարեւանցի, օրուան աւարտին մաքրել զուգարանը` անկախ շաբաթական հիմնական մաքրութենէն:

Մի՛շտ յիշեցէք, որ տան մէջ թարմ, հաճելի բոյրը կը նպաստէ ձեր բարեկեցութեան եւ կը ստեղծէ հանգիստի համար նպաստաւոր միջավայր:

Խոհագիր

Կաղամբով Եւ Խնձորով Աղցան

Բաղադրիչներ` ըստ անձերու թիւին

Մանր ջարդուած կարմիր եւ ճերմակ կաղամբ
Խաշած սիսեռ
Մանրուած կանաչ սոխ
Խնձոր` բարակ ցպիկներու տեսքով կտրատուած
Մեղրադդումի հունտեր
Մանրուած ազատքեղ
Քրանպըրի կամ չամիչ (ըստ ճաշակի)
Մանրուած կարոսի ցօղուններ
Թահինով թացանին համար`

Փոս ամանի մը մէջ խառնել` թահինը, կիտրոնի հիւթը, աղը, ճզմուած սխտորն ու ջուրը: Ստացուած միատարր թանձրուկը սառնարանը պահել մինչեւ մատուցման պահը:

Մատուցում`

Վերը յիշուած բոլոր բաղադրիչները փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, աւելցնել թացանը, զգուշութեամբ խառնել եւ մատուցել:

Յիշեցում`

– Մեղրադդումի հունտերը հարուստ են` մակնեզիոմով, փրոթէինով, ՔԱ. կենսանիւթով եւ առողջ իւղերով:

– Կենսանիւթերով եւ հակաօքսիտաններով հարուստ կաղամբը կը պահպանէ սրտին եւ ոսկորներուն առողջութիւնը, կը կանխարգիլէ հաստ աղիքի քաղցկեղը եւ ուղեղին ծերացումը: Այսուհանդերձ, անոր չափազանցութիւնը կազեր եւ փքուածութիւն կրնայ պատճառել:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Արի

Ու եթէ անգամ բոլորը գնան
Դու արի:
Արի, որ շնչեմ քեզ,
Որ թթուածինս չպակասի,
Որ չնուազեմ:
Ժամանակն է արդէն տէր կանգնելու այն ամէնին` ինչն աչքաթող ենք արել:
Արի, որ զատես իրարից հին ու նոր յիշողութիւններս,
Ինչպէս տէր ողորմեան են համրում աղօթք անելիս:
Արի, որ գիշերներս չի երկարեն առանց քեզ, իսկ ցերեկներս  կարճանան,
Որ մկրտես իմ վերածնունդն ու արթնացումը նոր,
Որ այս քաղաքը չտխրի առանց քեզ,
Որ ես մենակ չմնամ…
Ես չեմ ծնուել մենակ մնալու համար,
Որովհետեւ իմ ճակատագիրը հենց երջանկութիւնն է եղել

Ու դու ես եղել այդ երջանկութեան թէ՛ սերմացուն եւ թէ՛ մշակը
Անգա՛մ անցեալ դարում, դեռ անյիշելի ժամանակներից:
Արի, որ չմնամ կեանքի յատակում
Եւ տեսնեմ թուլութիւնն աշխարհի
Նուիրաբերելով նրան պոռթկումներս:
Այս անգամ արի եւ ոչինչ մի խոստանայ,
Որովհետեւ խոստումները ձեւափոխուելու յատկութիւն ունեն.
Բայց դու նոյնն ես ու ես եմ նոյնը
Նոյնանման ենք…
Արի ու խեղդիր խաւարը սովորութեանդ համաձայն
Հասկացիր ու հասկացրու, որ քեզ էլ ոչինչ չի թւում
Որ ընդամէնը ունես այն ինչ ունես
Դէհ իսկ ես թող դարձեալ ողջունեմ քեզ ու քո վերադարձը
Արի՛, միայն թէ արի՛:

ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԿՏԱՆԵԱՆ

 

 

 

 

Հետաքրքրական. Հռչակաւոր Մարդիկ Եւ…Սուրճը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Սուրճը ջուրէն ետք աշխարհի ամենաշատ օգտագործուող ըմպելիքն է: Մեզմէ շատերկը դժուարանան պատկերացել կեանքը առանց սուրճի:

Սուրճին հանդէպ անտարբեր չեն եղած նաեւ աշխարհահռչակ մարդիկ, որոնց կեանքին ու գործունէութեան վրայ մեծ ազեցութիւն ունեցեր է ուժեղ, բուրումնաւէտ, ոգեշնչող եւ կազդուրող այս սեւ ըմպելիքը:

  • Վոլթեր

Ֆրանսացի մեծ փիլիսոփայ, գրող, երգիծաբան եւ պատմաբան Վոլթերը սուրճի իսկական մոլի մըն էր: Կ՛ըսեն, որ ան օրական 45-50 գաւաթ սուրճ կը խմէր: Ան ապրեցաւ 84 տարի, հակառակ անոր որ բժիշկները սուրճի հանդէպ փիլիսոփային ունեցած մեծ կիրքին պատճառով վաղաժամ մահ նախատեսեր էին…

  • Պետրոս Առաջին

Պետրոս Առաջինը կը խմէր չափազանց թունդ սուրճ` առանց կաթի եւ շաքարի:

Ռուս կայսեր սէրը սուրճի հանդէպ այնքան մեծ էր, որ որոշեց զայն տարածել ամբողջ Ռուսաստանի տարածքին: Անոր շնորհիւ` գրաւիչ այս ըմպելիքը նորաձեւ դարձաւ նախ բարձր խաւին մէջ, ապա աստիճանաբար ներթափանցեց միւս խաւերէն ներս:

  • Վիքթոր Հիւկօ

«Թշուառները» գործի յայտնի հեղինակը լիթրերով սուրճ կը խմէր: Խմելէ բացի` ան շատ յաճախ սուրճին մրուրը կ՛օգտագործէր թանաքի եւ ներկի փոխարէն: Մրուրով ստեղծուած են Հիւկոյի «սրճային» կտաւները, որոնց մեծ մասը պահուած են Լուվրի թանգարանը:

  • Նափոլէոն Պոնափարթ

Նափոլէոնին սէրը սուրճի հանդէպ կիրքի նման էր: Ան կը պաշտէր այս ըմպելիքը: Երբ քաղաքական նկատումներէ մղուած` կ՛արգելափակէր Անգլիայէն եկող մատակարարումները, ան ամէնէն աւելի կը տանջուէր սուրճի պակասէն, քանի որ սուրճը Ֆրանսա կու գայ Անգլիայէն:

Ֆրանսացի կայսրը սուրճը կը գերադասէր աշխարհի բոլոր գանձերէն, եւ երբ աքսորուեցաւ Սուրբ Հեղինէ կղզին, միակ բանը, որ զինք հաշտեցուցած էր ստեղծուած իրավիճակին հետ, իր սիրելի սուրճին առատութիւնն էր…

Երեխան Աւելի Դիւրին Կ՛ընկալէ Հեքիաթը,
Քան` Ծնողքին Դաստիարակչական Քարոզները

Բոլոր երեխաներն ել հեքիաթ կը սիրեն: Հեքիաթը երեխային զարգացման հոլովոյթին մէջ նոյնքան մեծ նշանակութիւն ունի, որքան` խաղը: Հեքիաթներուն միջոցով երեխան կը ծանօթանայ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն, աշխարհի կառուցուածքին, ինչպէս նաեւ` լաւի ու վատի, բարիի ու չարի, քաջի, արդարութեան ու յաղթանակի գաղափարներուն: Ան ինքզինք կը նոյնացնէ հեքիաթի անվախ հերոսին հետ, կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները, կ՛անցնի փորձառութիւններէ, անոր հետ կը վայելէ յաղթանակի բերկրանքը:

Հեքիաթներուն դերը երեխաներու զարգացման մէջ բազմազան է. սկսելով երեւակայութիւնը զարգացնելէն մինչեւ ճիշդ խօսքի ձեւաւորումը:

Երեխային հեքիաթ պատմելու յարմարագոյն տարիքը 3 տարեկան է: Պէտք է ընտրել համեմատաբար պարզ նիւթով հեքիաթներ, ուր վախազդու պատկերներ չկան, որպէսզի ան գիշերը մղձաւանջներ չունենայ:

Հեքիաթները երեխաներուն մատչելի լեզուով «կեանք» կը սորվեցնեն, կը պատմեն չարի եւ բարիի մասին: Երեխաները աւելի դիւրին կ՛ընկալեն հեքիաթը, քան` մեծերուն դաստիարակչական քարոզները:

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ փոքր տարիքէն հեքիաթ լսած երեխաները աւելի կանուխ կը սորվին իրենց միտքերը ճիշդ ձեւաւորել ու արտայայտել:

Հեքիաթներուն գլխաւոր նպատակն է զարգացնել երեխային երեւակայութիւնը եւ ստեղծագործական ունակութիւնները: Մանկական հեքիաթները կը հարստացնեն երեխային բառապաշարը, տրամաբանութիւնը, յուզական աշխարհը:

Մասնագէտներու կարծիքով, երեխաներուն հեքիաթ պէտք է պատմել օրական եւ նախընտրաբար նոյն ժամուն, այսինքն` երեկոյեան, անկողին մտնելէն ետք: Թող երեխաները կանուխէն ծանօթանան մեր հայ հեքիաթագիրներու` Յ. Թումանեանի, Ղազարոս Աղայեանի, Աթաբեկ Խնկոյեանի, ինչպէս նաեւ օտար հեքիաթասացներու գլուխ գործոցներուն:

ՍննդագիտականԱռողջապահական

 Ծանօթ Է՞ք Այս 4 Սերմերու
Բուժիչ Յատկութիւններուն

Կենսանիւթերով, հանքայիններով եւ օգտակար իւղերով հարուստ սերմերը ունին անհամար օգտակար յատկութիւններ. սննդագէտներ խորհուրդ կու տան զանոնք յաճախ օգտագործել կերակուրներու, աղցաններու, ապուրներու, խմիչքներու պատրաստութեան մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 4 սերմեր, որոնց յաճախակի օգտագործումը կրնայ լուծել կարգ մը առողջական հարցեր:

1

Մեղրադդումի սերմերը

– Կ՛ամրապնդեն դիմադրողականութիւնը` շնորհիւ զինկին:
– Կը մեղմացնեն ընկճախտը եւ կը բարելաւեն քունին որակը` շնորհիւ մակնեզիոմին:
– Կը նպաստեն շագանակագեղձի եւ սրտի առողջութեան:

Մեղրադդումի սերմերը կարելի է ուտել որպէս խորտիկ` 1-2 ապուրի դգալ եւ կամ ցանել աղցաններու եւ ապուրներու վրայ:

2

Արեւածաղիկի սերմերը

– Կը պահպանեն մորթին առողջ եւ փայլուն տեսքը եւ կը պաշտպանեն կանխահաս ծերութենէ` շնորհիւ ԷՕ. կենսանիւթին:
– Կը պահպանեն դիմադրողական համակարգը` շնորհիւ սելենիոմին:
– Հակաբորբոքային յատկութիւն ունին:

Արեւածաղիկի սերմերը կարելի է ուտել որպէս խորտիկ կամ աւելցնել աղցաններու վրայ:

3

Չիա սերմերը

– Օգտակար են ուղեղի եւ սրտի առողջութեան` շնորհիւ Օմեկա 3 եւ Օմեկա 6 ճարպաթթուներուն:
– Կը նպաստեն մարսողութեան եւ կուշտ կը պահեն` շնորհիւ մանրաթելերուն:
– Կ՛օգնեն արեան մէջ շաքարի մակարդակի վերահսկման:

Չիա սերմերը օգտագործելէ առաջ զանոնք առնուազն կէս ժամ պէտք է թրջել ջուրի մէջ (նախընտրաբար` ամբողջ գիշեր մը) եւ ապա աւելցնել սմութիներու կամ փուտինկներու, ինչպէս նաեւ պտուղով աղցաններու վրայ:

4

Կտաւատի սերմերը

– Կ՛ապահովեն աղիքներու առողջ գործունէութիւնը եւ կը բուժեն փորկապութիւնը` շնորհիւ մանրաթելերուն:
– Յաճախակի օգտագործումը կը բարելաւէ արեան մէջ շաքարի կարգաւորումը եւ կը նուազեցնէ սրտի հետ կապուած հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:
– Կը նպաստեն հորմոնային հաւասարակշռութեան եւ բարենպաստ դեր կրնան խաղալ կրծքագեղձի քաղցկեղի կանխարգիլման մէջ:

Սննդագէտները խորհուրդ կու տան միշտ բովել եւ փոշիի վերածել կտաւատի սերմերը, քանի որ հում վիճակի մէջ անոնք դժուարամարս են:

Խոհագիր

 Շոմինով Եւ Ֆեթա Պանիրով
Պէօրէկ

Բաղադրիչներ

Խմորին համար`

– 2 գաւաթ ալիւր
– 1 ապուրի դգալ թթխմոր
– 1 ապուրի դգալ շաքար
–  1,5 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Կէս գաւաթ գաղջ ջուր

Միջուկին համար`

– 200 կ շոմին
– Կէս գաւաթ մանրուած սոխ
– 100 կ ֆեթա պանիր
– Կէս թէյի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
– Կէս թէյի դգալ աղ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ

Երեսը զարդարելու համար`

Հաւկիթի դեղնուց, շուշմայ, սեւագնդիկ

Պատրաստութիւն

Խմորը շաղել, երեսը ծածկել եւ ձգել, որ 1 ժամ հանգչի:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել միջուկին բաղադրիչները եւ թեթեւ շաղել:

Խմորը երկուքի բաժնել, գրտնակել, առաջինը տեղաւորել ափսէին յատակին, պատառաքաղով ծակծկել եւ վրան տարածել միջուկը: Երկրորդ կտորով ծածկել միջուկը եւ մատներով սեղմել խմորին ծայրամասերը, որպէսզի յատակի խմորին փակչի եւ միջուկը եփի ժամանակ դուրս չելլէ:

Խմորին երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել, ապա շուշմայ եւ սեւագնդիկ ցանել եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել, մինչեւ երեսը ոսկեգոյն դառնայ:

Գիտէ՞ք, Թէ

Հակառակ տարածուած կարծիքին, շոմինը երկաթի լաւագոյն աղբիւրը չէ: Սակայն անիկա ունի այլ օգտակար յատկութիւններ. ծանօթանանք մէկ քանիին.

Ա.- Լիւթէինով հարուստ շոմինը կը պահպանէ լաւ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:

Բ.- Սէ. կենսանիւթով եւ երկաթով հարուստ շոմինը կը պայքարի յոգնածութեան դէմ:

Գ.- Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ շոմինը քիչ ջերմուժ եւ ճարպ կը պարունակէ` հետեւաբար յանձնարարելի է նիհարնալ փափաքողներուն եւ առողջ սննդակարգի հետեւողներուն:

Դ.- Հակաօքսիտաններով հարուստ շոմինը կը դանդաղեցնէ տարիքի յառաջացման հետ կապուած յիշողութեան տկարացումը:

Շոմինը կարելի է ուտել հում կամ եփած` երկու տարբերակներն ալ օգտակար են առողջութեան: Եփած շոմինը աւելի հարուստ է` կիրով, Ա. կենսանիւթով, մանրաթելով, բնասպիտով, երկաթով եւ զինկով, մինչդեռ հում շոմինը աւելի հարուստ է լիւթէինով, ֆոլաթթուով եւ Սէ. կենսանիւթով:

*
*  *

Շաբթուան Մտածումը

Որդիս, ահա թէ ինչ կ՛ասեմ, դու ապրում ես իբրեւ գնացքի ուղեւոր, անիւների վրայ: Իջիր որեւէ կայարանում, ապրիր իբրեւ ծառ, արմատներ գցիր, ճիւղեր տուր: Ճիւղերով պիտի տեսնես աշխարհը, իսկ ճիւղերը արմատով են կենդանի: Եթէ արմատ չունենաս, ոչինչ չես տեսնի, եթէ անգամ ողջ կեանքդ անիւների վրայ ապրես:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

 

Տարածուած Խոհարարական Սխալներ Եւ Զանոնք Սրբագրելու Հնարքները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Խոհանոցին մէջ շատ բաներ կրնան սխալ ընթանալ, որոշ բաներ կարելի չէ սրբագրել, բայց շատերը կարելի է դիւրութեամբ կանխել:

Անկախ անկէ, որ սկսնակ խոհարար ենք թէ փորձառու, բոլորս ալ կերակուր պատրաստելու ժամանակ սխալներ կը գործենք. բարեբախտաբար անոնց մեծ մասը լուծումներ ունի: Ստորեւ կը ներկայացնենք խոհարարութեան մէջ ամենատարածուած սխալները եւ զանոնք սրբագրելու եղանակները:

ԱՂԻ կերակուրին աւելցնել`

– Կիտրոնի հիւթ, քացախ կամ որեւէ թթուային լուծոյթ` աղը նուազեցնելու համար:
– Քիչ մը ջուր` ապուրի պարագային:
– Կաթ, սերուցք կամ քիչ մը թթուասեր` աղին համը նուազեցնելու համար:
– Գետնախնձորի կտորներ, որպէսզի աղին համը կլանուի:

ՔԱՂՑՐ կերակուրին աւելցնել կիտրոնի հիւթ, քանի մը կաթիլ քացախ, պտղունց մը աղ, ինչպէս նաեւ` ձիթապտուղի կամ աւոքատոյի ձէթ:

ԹԹՈՒ կերակուրին կրնաք աւելցնել` քիչ մը շաքար, մեղր, սերուցք կամ ստեպղինի կտորներ` թթուն կլանելու համար:

ԿԾՈՒ կերակուրին կրնաք աւելցնել` քիչ մը սեր, ապուրի դգալ մը մածուն, կաթ, հնդկընկոյզի կաթ կամ մեղմ պանիր տաշուք` կծուն կլանելու համար:

– Քիչ մը մեղր կամ շաքար, թահին, ստեպղինի կամ գետնախնձորի տաշուքներ եւս տարբերակներ են կերակուրին կծուն կլանելու համար:

Խուսափեցէք Խոհարարական
Այս 7 Սխալներէն

– 1 –

Եփելէ ետք միսը շատ արագ կտրատելը պատճառ կ՛ըլլայ, որ անոր համեղ հիւթը հոսի տախտակին վրայ: Եփէն ետք հանգստացնելը միսին թոյլ կու տայ պահպանել իր խոնաւութիւնը` զայն դարձնելով աւելի հիւթեղ ու փափուկ: Հինգէն տասը վայրկեանը մեծ տարբերութիւն կ՛ընէ նաեւ հաւի կրծքամիսին պարագային:

– 2 –

Սխտորը արագ կ՛այրի ձգելով լեղի համ: Զայն աւելցնել աւելի ուշ` եփի ընթացքին բուրաւէտ բոյր եւ քաղցր համ ստանալու համար: Սխտորը աւելցնել, երբ արդէն այլ բաղադրիչներ կան տապակին մէջ: Ցած կրակը կ՛օգնէ կանխելու սխտորին այրիլը եւ հաճելի համ հաղորդելու կերակուրին:

– 3 –

Եփած դդմաճը հոսող ջուրի տակ բռնելը զայն կը զրկէ հաճելի ոսլայէն (նշայ), որ կը նպաստէ թացանի կպչունութեան եւ խտութեան:

Ոսլայէ զուրկ դդմաճով պատրաստուած որեւէ բաղադրատոմս չի կրնար բաւարարել դդմաճի սիրահարներուն ակնկալիքները:

– 4 –

Սառնարանէն անմիջապէս դուրս բերուած կարագը, կաթը, հաւկիթները կրնան փճացնել թխուածքին կառուցուածքը եւ պատճառ դառնալ, որ ան չուռի, չբարձրանայ:

Սենեկային ջերմաստիճանի բաղադրիչները կ՛օգնեն ստանալու աւելի բարձր արդիւնք եւ համեղ թխուածքներ:

– 5 –

Եփի ընթացքին բրինձը խառնելը մեծագոյն սխալներէն է: Զայն խառնելով` կը քայքայուին հատիկները, եւ բրինձը կը վերածուի խիւսի: Կափարիչը գոցելէ ետք բրինձը պէտք է եփել ցած կրակի վրայ` սպասելով, որ ան լաւ գոլորշիանայ:

Այսպիսով, կարելի է ստանալ լման հատիկներով, համաչափ եփած համեղ եղինձ:

– 6 –

Միշտ ձեռքի տակ ունենալ չափող գաւաթները, դգալները, ինչպէս նաեւ` կշիռքը: Կռահումներով կամ «աչքի չափով» պատրաստուած խոհագիրները, յատկապէս այն, ինչ կը վերաբերի թխուածքներուն, կրնան խախտել բաղադրիչներուն հաւասարակշռութիւնը եւ յանգեցնել ձախող արդիւնքի:

– 7 –

Եփի ընթացքին եւ աւարտին հարկաւոր է համտեսել կերակուրը, ի հարկին համեմունքներուն հետ «խաղալու» կամ ըստ քիմքի պզտիկ փոփոխութիւններ կատարելու համար: Առանց համտեսելու սեղան բերուած կերակուրը կնայ քննադատութիւններու արժանանալ:

Առողջապահական

Երաժշտական Գործիք Նուագելը Կը Բարելաւէ
Ուղեղին Առողջութիւնն Ու Բարեկեցութիւնը

Երկար ժամանակ երաժշտական գործիք նուագելը համարուած է պարզ հոպի, կամ գեղարուեստական հմտութիւն: Ներկայիս գիտական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ`

– Երաժշտութիւնը զուտ լսողական հաճոյք չէ, ան կը ներգրաւէ եւ կ՛ամրապնդէ ամբողջ ուղեղը: Նուագելը կը խթանէ ուղեղի ծաւալին աճը եւ կը բարելաւէ անոր տարբեր հատուածներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը: Այս բարելաւումը յատկապէս նշանակելի է անոնց մօտ, որոնք կը սկսին գործիք նուագել 7 տարեկանէն առաջ, այն ժամանակահատուածին, երբ ուղեղը աւելի ընդունակ է զարգացման եւ կառուցքաւորման նկատմամբ:

– Անկախ տարիքէն` երաժշտութիւնը միշտ օգտակար է ուղեղին համար: Երաժշտական դասերը նոյնիսկ 60 տարեկանէն ետք կ՛օգնեն նուազեցնելու յիշողութեան կորուստը եւ դանդաղեցնելու տարիքի հետ կապուած ճանաչողական անկումը:

Բացի ուղեղին վրայ ունեցած իր դրական ազդեցութենէն` ծանօթանանք երաժշտական գործիք նուագելու այլ առաւելութիւններուն:

1.- Կը սորվեցնէ ինքնակարգապահութիւն եւ յարատեւութիւն: Երեխաներուն մէջ այս երկու արժէքները սերմանելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը զանոնք երաժշտական գործիք նուագելու մղելն է:

2.- Կ՛արթնցնէ գեղարուեստական զգայնութիւնը:

3.- Կը զարգացնէ մտային կարողութիւնները, կ՛ամրապնդէ յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ` վերլուծումի, երեւակայութեան եւ կեդրոնացման կարողութիւնները:

4.- Կը նուազեցնէ ընկճախտն ու անհանգստութիւնը:

5.- Կը զարգացնէ երեւակայութիւնը. ստեղծագործութիւնը սահմաններ չունի, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի նուագին:

6.- Կը զարգացնէ ինքնավստահութիւնը. երաժշտական գործիք նուագելը կը բարձրացնէ ինքնագնահատականը` ընդունելով բարձունքներու հասնելու, նոր յաջողութիւններ ապահովելու եւ խոչընդոտներ յաղթահարելու  մարտահրաւէրները:

7.- Կ՛ամրապնդէ ընկերային կապերը. երաժշտութիւնը ունի մարդիկը միաւորելու ուժ: Ընկերներու հետ, առանձին թէ հանդիսատեսի առջեւ նուագը կ՛օգնէ կառուցելու բարեկամական ամուր կապեր:

Հին Շրջանակներուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Յաճախ մեր տան պատերը զարդարող շրջանակներուն մէջ ցուցադրուած կ՛ըլլան գեղանկարներ, լուսանկարներ, բայց ոչ` ասեղնագործեր, խոհանոցային իրեր, հագուստ եւ այլն…

Եկէք` տեսնենք, թէ վառ երեւակայութեան տէր, հնարամիտ մարդիկ ինչե՜ր ցուցադրած են սովորական շրջանակի մը մէջ:

Ա.- Հին տաբատի մը գրպանը… այո՛, այս գործնական շրջանակին գրպանին մէջ կարելի է զետեղել ամէնօրեայ անհրաժեշտ իրեր` բանալեկալ, արեւի ակնոց, գրիչ, տետր եւ այլն…

Բ.- Մեծ մայրիկի օժիտէն մնացած արծաթեայ դգալեղէնի նմուշներ:

Գ.- Կնունքի հագուստ, կօշիկ եւ լուսանկարներ:

Շարքը երկար է, կարելի է ցուցադրել նաեւ նուագարան մը` տուտուկ, շուի, ընտանեկան հին զարդ մը՛ մանեակ, ապարանջան, մեծ հայրիկէն մնացած շղթայով ժամացոյց մը եւ, ինչո՞ւ չէ, մեր կարօտախտը դարմանող, Արցախէն բերուած որեւէ մասունք:

Խոհագիր

Ամառնային Ապուր`
Վարունգով

Բաղադրիչներ

– 1 քիլօ մածուն
– Կէս կիտրոնի հիւթ
– 2 վարունգ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– Թարմ անանուխի 6-7 տերեւ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Լուացուած վարունգները քերոցէ անցընել: Անանուխին տերեւները մանրել եւ աւելցնել վարունգին վրայ, ապա յաջորդաբար աւելցնել ձէթը, սխտորը, կիտրոնի հիւթն ու աղը:

Մածունը պատառաքաղով կամ թել դգալով հարել միատարր դարձնելու համար, ապա աւելցնել խառնուրդին վրայ: Վարունգով ապուրը նախքան մատուցելը սառնարանը պահել առնուազն 2-3 ժամ:

Ապուրը մատուցել ներկայանալի բաժակներու մէջ եւ երեսը զարդարել վարունգի շերտերով կամ անանուխի տերեւներով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մարած կրակներու
մոխիրներով մի՛ զբաղիր
Նոր կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ

Դեղնած տերեւներով
մի՛ պարապիր
Թօշնած ծաղիկներով
մի՛ տագնապիր
Նոր ծառ մը – նոր ծաղիկ մըն
ալ դո՛ւն տնկէ

Հին առասպելներու հոսանքն
ի վեր մի՛ նաւարկեր
Նոր դիւցազներգութիւն մըն ալ
դո՛ւն կերտէ
Նոր հերոս մըն ալ դո՛ւն ստեղծէ

Լուռ հրաբուխներու
գագաթին թառած
Լիճերուն մէջ մի՛ լողար
Հրաբուխ մըն ալ
Նոր հրաբուխ մըն ալ
Նոր հրաբուխ մըն ալ դո՛ւն եղիր
Եւ գաղափարի լաւաներով
խաւարները փարատէ՛

Ժանգոտած կղպանքներով
մի՛ մաքառիր
Փակ դռներով մի՛ պայքարիր
Լուսաւոր հորիզոններու վրայ
բացուող
Նոր դուռ մըն ալ դո՛ւն եղիր

Մարած կրակներու մոխիրներով
մի՛ զբաղիր
Մի՛ վարանիր – վառէ՛
Ճրագ մըն ալ
Կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հոգեբանին Կարծիքով. Վարքագիծներ, Որոնք Բացասաբար Կ՛ազդեն Մեր Հոգեկան Առողջութեան Վրայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Առողջութիւն չկայ` առանց հոգեկան առողջութեան»,- կը շեշտէ Առողջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ): Հոգեկան առողջութիւնը անընդհատ կը տատանի, քանի որ ան կախեալ է բազմաթիւ գործօններէ, ինչպիսիք են` կենսապայմանները, անձնական պատմութիւնները, ժառանգականութիւնը, եւ այլն…

Հոգեկան Մարիոն Թելիսոն բացայայտեր է վարքագիծի 6 եղանակներ, որոնք կ՛ազդեն ձեր հոգեկան առողջութեան վրայ:

1.- Համեմատութիւնը

Տեւաբար ուրիշներուն հետ համեմատուիլը իսկական աղէտ է: Ասիկա ոչ միայն նախանձ կ՛առաջացնէ, այլեւ կը խանգարէ գնահատել ձեր եզակի շնորհներն ու տաղանդը:

2.- Յետաձգումը

Երբ շատ յաճախ կը յետաձգէք առաջադրանքները, դուք կը դժուարացնէք անոնց կատարումը. այս աւելորդ ընկճուածութիւն եւ անհանգստութիւն կը պատճառէ: Յետաձգումը արտադրողականութեան թշնամին է:

3.- Կատարելապաշտութիւնը

Թէեւ կարեւոր է ձգտիլ գերազանցութեան, սակայն կատարելապաշտութիւնը կրնայ վնասել ձեր հոգեկան  առողջութեան: Երբ դուք անընդհատ կը ձգտիք կատարելութեան, դուք ձեզ կ՛ենթարկէք հիասթափութեան եւ ընկճուածութեան:

4.- Ուրիշներու Կարիքները Սեփականէն Վեր Դասելը

Այս վարքագիծը եւս կրնայ վնասել ձեր հոգեկան առողջութեան, քանի որ երկար ժամանակի վրայ ան կրնայ յանգեցնել հիասթափութեան եւ ինքնագնահատականի կորուստի: Ան կրնայ նաեւ յանգեցնել հոգեկան հիւծումի` ուրիշներուն սպասելիքները բաւարարելու մշտական ճնշման պատճառով:

5.- Ուրիշներու Դատողութենէն Կախուածութիւնը

Եթէ դուք ձեր արժէքը կը չափէք ուրիշներու կարծիքներուն վրայ հիմնուելով, ասիկա սխալ վարքագիծ է, քանի որ երբ ձեր ինքնագնահատականը կախուած է ուրիշներու  դատողութենէն, դժուար թէ լաւ զգաք եւ հաշտ ապրիք ձեր անձին հետ:

6.- Մարմինի Ազդանշաններու Անտեսումը

Հոգեկան առողջութեան համար սխալ է անտեսել հանգիստը` ցոյց տալու համար, որ դուք թոյլ մարդ չէք: Այս վերաբերմունքը կրնայ յանգեցնել լուրջ ֆիզիքական եւ հոգեկան խնդիրներու:

Գիտէ՞ք, Թէ

Աւստրալիացի հոգեբաններ առանձնացուցած են մարդկային չորս զգացում, որոնք բացասական ազդեցութիւն ունին մեր առողջութեան վրայ: Եւ այսպէս`

1.- Նախանձը 2,5 տոկոսով կ՛աւելցնէ սրտի հետ կապուած հիւանդութեան հաւանականութիւնը:

2.- Ագահութիւնը կ՛աւելցնէ պուլիմիայէ կամ անորեքսիայէ տառապելու հաւանականութիւնը:

3.- Ինքնամեղադրանքը ակամայ կ՛աւելցնէ քաղցկեղով հիւանդանալու եւ հոգեկան խանգարումներէ տառապելու վտանգը:

4.- Խղճահարութիւնը կը բարձրացնէ ասեթիլքոլին նիւթին քանակը, այս նիւթը ծանօթ է, որպէս «թուլութեան հորմոն», իսկ անոր բարձրացումը արեան մէջ շաքարի մակարդակի անկում կը պատճառէ:

Մանկական Դաստիարակութիւն

Վարքագիծի Հիմնական Կանոններ,
Զորս Երեխաները Պէտք Է Իմանան

Ճիշդ է, որ դպրոցը մեծ դերակատարութիւն ունի երեխաներուն լաւ վարքագիծի ձեւաւորման մէջ, սակայն մանկավարժները կը պնդեն, որ ծնողները երեխաներուն առաջին դաստիարակներն են եւ նախքան զանոնք դպրոցին յանձնելը` պարտաւոր են անոնց սորվեցնել նիստուկացի հիմնական կանոնները:

– Ուշադիր լսել, երբ մէկը կը խօսի:

– Կարգին սպասել եւ համբերել սորվիլ:

– «Կը խնդրեմ ըսել` «կ՛ուզեմ»-ի փոխարէն:

– Շնորհակալութիւն յայտնել:

– Բարեւել ժպիտով:

– Մարզական ոգի ունենալ եւ ընդունիլ պարտութիւնը:

– Կիսուիլ ուրիշին հետ, վարժուիլ կարգ մը բաներ քրոջ, դասընկերոջ հետ բաժնեկցելու:

– Տարբերութիւնները ընդունիլ` առանց ծաղրելու կամ մատնացոյց ընելու:

– Ներողութիւն խնդրել սխալելու պարագային:

– Յարգալիր վերաբերմունք ունենալ մեծերուն հանդէպ:

– Դպրոցէն ներս օգնել նեղութեան մատնուած ընկերոջը, խաղալ բոլորին հետ, վատ խօսքերով չարտայայտուիլ ընկերներուն մասին, հաշտ եւ ուրախ տրամադրութեամբ խաղալ, սորվիլ եւ վայելել դպրոցական տարեշրջանը:

Ճիորճիօ Արմանի Պարզութեան
Եւ Նրբագեղութեան Ջատագովը

91 տարեկանին մահացաւ աշխարհահռչակ ոճաբան Ճիորճիօ Արմանին: Ան ժամանակակից իտալական ոճի եւ նրբագեղութեան հոմանիշ էր:

Հռչակաւոր դերասաններ, փոփ երգչուհիներ, արքայադուստրեր իրենց կեանքի որոշ մէկ պահուն ընտրած են փայլիլ Արմանիի ստեղծագործութիւններով: Անոր հագուստները, քոսթիւմներն ու բեմական  տարազները տասնամեակներ շարունակ իրենց հետքը ձգած են փոփ մշակոյթի պատմութեան մէջ:

Արմանիի հաւատարիմ յաճախորդներէն յիշենք` Ռիչըրտ Կերը, Ճուլիա Ռոպըրցը, Պիոնսէն, Լէյտի Կական Ժիւլիեթ Պինոշը. Տեմի Մուրը եւ շատ ուրիշներ:

Նշենք, որ աշխարհահռչակ ձեւագէտը նաեւ ունի` իր անունով օծանելիքներ, աքսեսուարներ, սրճարաններ, կահոյքի վերաբերող արտադրանքներ եւ հրուշակեղէնի խանութ:

Ստորեւ` մեծ ոճաբանին խօսքերէն քանի մը մէջբերումներ.

  • «Վայելչութիւնը մէկուն աչքը գրաւելէ չէ, այլ` մէկուն յիշողութիւնը»:
  • «Ոճի ու նորձեւութեան միջեւ տարբերութիւնը որակն է»:
  • «Ճանչցէ՛ք պարզութեան նրբագեղութիւնը»:

***

«Իմ փիլիսոփայութիւնս է օգնել կիներուն եւ տղամարդոց, որ ինքնավստահ եւ յարմարաւէտ զգան իրենց կրած հագուստին մէջ»:

Առիթով մը իտալացի ոճաբանը յայտնած է, որ ինք երջանիկ մանկութիւն չէ ունեցած, որ` երիտասարդ տարիքին երբեք չէ խնդացած, միշտ տխուր եղած է, իսկ լուսանկարներուն վրայ դէմքին ժպիտ անգամ չկար:

Քիչեր գիտեն, որ Արմանին հայկական արմատներ ունի, անոր ծնողքը 1915-ի Ցեղասպանութենէն փախչելով` ապաստանած է Իտալիա: Ոճաբանը քիչ առիթներով անդրադարձած էր հայկական արմատներուն, սակայն գաղտնիք չէ, որ 2022-ի գարուն-ամառ իր հաւաքածոն, որ «Մեթիսաժ» խորագիրը կը կրէր, վերադարձ էր դէպի իր հայկական արմատները: Հաւաքածոյին տիրական գորշ գոյները, աքսեսուարները եւ յատկապէս քրոշէ, ուսէն կախուող պայուսակները ոճաբանին յիշողութեան խօսուն վկաներն էին: Ստորեւ` վերոյիշեալ հաւաքածոյէն նմուշներ:

Խոհագիր

 Շոմինով Աղցան

Բաղադրիչներ

250 կ. թարմ շոմին
2 կարմիր խնձոր
6 շերտ պէյքըն
1 սոխ
3 ապուրի դգալ խնձորի քացախ (կամ կիտրոնի հիւթ)
1 թէյի դգալ շաքարաւազ (կամ մեղր)
1 թէյի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
2 ապուրի դգալ սոճընկոյզ (սնոպար)
Աղ

Պատրաստութիւն

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ դնել լուացուած եւ ցամքեցուած շոմինի թարմ տերեւները:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` յաջորդաբար խառնելով քացախը, շաքարը, մանանեխը, աղն ու ձէթը:

Շերտել խնձորները եւ աւելցնել շոմինին վրայ, աւելցնել նաեւ շերտուած սոխը:

Տապակի մը մէջ միասին խորովել պէյքընի շերտերն ու սոճընկոյզը:

Մատուցման պահուն բոլոր բաղադրիչները խառնել եւ ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել:

Շոմին Ուտելու 10 Համոզիչ Պատճառներ

1.- Շոմինը կը նպաստէ ստամոքսի խոցերու ապաքինման:

2.- Շոմինին տարբեր բաղադրիչները կ՛օգնեն դանդաղեցնելու ճանաչողական անկումը եւ նուազեցնելու Ալզայմըր հիւանդութեան յառաջացումը:

3.- Պեթա քարոթէնով, լիւթէինով եւ քզանթենով հարուստ շոմինը կը պահպանէ լաւ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:

4.- Շոմինը կը կարգաւորէ արեան ճնշումը:

5.- Շոմինը հակաուռուցքային յատկութիւն ունի. կ՛օգնէ շագանակագեղձի քաղցկեղի բուժման եւ կանխարգիլման:

6.- ՔԱ. կենսանիւթով եւ տարբեր հանքանիւթերով հարուստ շոմինը կ՛ապահովէ ոսկորներու ամրութիւնը եւ կ՛օգնէ կանխելու օսթեոփորոզի զարգացումը:

7.- Մանրաթելով հարուստ շոմինը կը կարգաւորէ աղիքներուն գործունէութիւնը:

8.- Հակաօքսիտանով հարուստ շոմինը կարեւոր դեր կը խաղայ մկաններու եւ մասնաւորապէս սրտի մկաններու ամրապնդման գծով:

9.- Շոմինին տարբեր բաղադրիչները մորթը կը պաշտպանեն արեւին վնասակար ճառագայթներէն եւ երկար ժամկէտի վրայ` մորթի քաղցկեղէն:

10.- Պարզուած է, որ շոմինը ունի ընկճախտի դէմ յատկութիւն: Ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, որ շոմինը ունի ընկճախտի հորմոն` քորթիզոլը, նուազեցնելու եւ տրամադրութիւնը կարգաւորելու յատկութիւն:

 

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Արցախ

Մենք մանկութիւնդ տեսնում ենք
ծերութեանդ շեմին
եւ ծերանում մանկութեանդ մէջ

ու սիրում ենք իրար անշպար սիրով

քանզի
աւերուած հայրենիք չի լինում
լինում են
աւերակներով լեցուն սրտեր

եւ
կորսուած հայրենիք չի լինում
լինում են
ուրիշի հայրենիքներում
կորսուած կարօտներ

ԱՐՍԷՆ ՆԵՐՍԷՍ

(Դադիվանուց Ժամագիրք)

 

 

 

 

 

 

 

Մեծեր Ծնած Մեծերը. Ղումաշ Խաչատրեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Յաճախ քիչ բան գիտենք մեր մեծերու մայրերուն մասին: Մեզի հասած պատառիկները իրենց զաւակներէն քաղուած վկայութիւններ են, թէեւ հակիրճ, սակայն` յուզիչ ու խորիմաստ: Ահա թէ ո՛վ է մեծ երգահան Արամ Խաչատրեանի մայրը` Ղումաշը:

«Մայրս շատ գեղեցիկ կին էր, բարձրահասակ ու բարեկազմ: Հայրս ամբողջ օրը իր արհեստանոցը կ՛անցընէր, եւ մայրս կը զբաղէր երեխաներուն դաստիարակութեամբ:

«Մայրս խիստ էր, բայց միեւնոյն ատեն քնքուշ էր, բարեհոգի ու արդար:

«Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան հանդէպ իմ սէրս ժառանգեր եմ ծնողներէս: Մայրս քաղձրաձայն կ՛երգէր հայկական ժողովրդական երգեր, եւ այդ մեղեդիները խորապէս տպուեր էին յիշողութեանս մէջ:

«Երբեք չեմ մոռնար անոր երգած տխուր երգերէն մէկը, որուն մեղեդին` որպէս հիմք, տարիներ անց օգտագործեցի իմ երկրորդ սեմֆոնիայիս դանդաղ մասին մէջ:

«Առանձնապէս մեծ հաճոյքով կը դիտէի, թէ մայրս ինչպիսի՛ նազանքով կը պարէր հայկական ժողովրդական պարերը»:

Հետաքրքրական Փաստեր Աշխարհի
Տարբեր Դպրոցներու Մասին

Իւրաքանչիւր մշակոյթ կը մշակէ իր սեփական աւանդութիւնները, արժէքները եւ մանկավարժական մօտեցումները` կապուած երեխաներու կրթութեան հետ: Այս մօտեցումները կը ձեւաւորուին հասարակութիւններու պատմական զարգացման, աշխարհագրական դիրքի, տնտեսական պայմաններու եւ մշակութային համոզումներու հետ: Հետեւաբար կրթութիւնը ոչ միայն գիտելիքներու փոխանցում է, այլեւ` կամուրջ, որ հասարակութեան ինքնութիւնը, արժէքներն ու կենսակերպը կը տանի դէպի ապագայ:

Ստորեւ հետաքրքրական փաստեր` աշխարհի տարբեր դպրոցներու մասին:

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ մէջ դպրոցին առաջին օրը կը նշուի շատ գունեղ աւանդութամբ մը: Երեխաները կը ստանան «Schultute» կոչուած թուղթէ կոներ`  լեցուած խաղալիքներով, քաղցրաւենիքներով եւ դպրոցական պիտոյքներով: Այս աւանդութիւնը գոյութիւն ունի 19-րդ դարէն եւ կը խորհրդանշէ երեխաներու մուտքը` դպրոցի «լուրջ» աշխարհ:

ՃԱՓՈՆԻ մէջ աշակերտները իւրաքանչիւր դպրոցական օրուան աւարտին կը մաքրեն իրենց դասարանները` ըստ «օ սոջի» կոչուող աւանդութեան: Անոնք կը հաւաքեն աղբը, կը մաքրեն յատակը եւ նոյնիսկ` բաղնիքները: Կ՛ենթադրուի, որ այս սովորութիւնը կը նպաստէ` բնաւորութեան զարգացման, խմբական աշխատանքին, եւ շրջակայ միջավայրի յարգանքին:

ՖԻՆԼԱՆՏԱՑԻ երեխաները դպրոց կը յաճախեն օրական ընդամէնը 5 ժամ եւ տնային պարտականութիւններ գրեթէ չեն ունենար: Ասիկա կրնայ զարմանալի թուիլ, քանի որ Ֆինլանտան կը համարուի աշխարհի լաւագոյն դպրոցական համակարգերէն մէկը` շեշտը դնելով որակի վրայ, քան` քանակի:

ՊԱՆԿԼԱՏԵՇի մէջ տարուան որոշ եղանակներուն աշակերտներուն շատ դժուար է դպրոց հասնիլը` անձրեւներու եւ հեղեղներու պատճառով: 2002 թուականին տեղական կազմակերպութիւն մը լուծեց այս խնդիրը` նաւակ դպրոցներ հասցնելով երեխաներուն բնակավայրերը: Կազմակերպութիւնը ունի 56 նաւերէ բաղկացած նաւատորմ` ծփացող դպրոցներով, որոնք կը գործեն ամբողջ տարուան ընթացքին: Եւս 55 նաւակ կը գործէ հեղեղային անձրեւներու եղանակին:

ՔՈԼՈՄՊԻՈՅ Աքասիաս գիւղի երեխաները դպրոց հասնելու համար երկու տարբերակ ունին. անոնք կրնան կա՛մ 2 ժամուան արշաւ կատարել լերան լանջով` կիրճը հատելու համար, կամ ալ կրնան ժամանակ խնայել եւ «զիփլայն» օգտագործել:

Երեխաներուն դպրոց տանող ճոպանը կախուած է կիրճէն 230 մեթր բարձրութեան վրայ եւ շուրջ 800 մեթր երկարութիւն ունի:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ մէջ ուսումնական ծրագիրը բաւական իւրայատուկ է, քանի որ նոյնիսկ ճաշի ժամերը կը համարուին անոր մէկ մասը: Ֆրանսայի մէջ ուտելու հմտութիւնները կ՛ամրապնդուին դպրոցներուն մէջ, ուր երեխաներէն կ՛ակնկալուի տիրապետել սեղանի շուրջ նիստուկացի կանոններուն եւ իմանալ տարբեր սննդամթերքներու ծագման եւ սննդական արժէքներուն մասին:

Գիտէ՞ք, Թէ

ԹԻՊԵԹԻ մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենաբարձր դպրոցը. ան շատ մօտ է… երկինքին: Դպրոցը կը գտնուի աշխարհի ամենաբարձր լերան` Էւերեսթի վրայ, ծովու մակերեսէն 5373 մեթր բարձրութեան վրայ: Այս տարրական դպրոցը կը համարուի երկինք խոյացող դպրոց:

ՖԻԼԻՓԻՆԻ մէջ կայ դպրոց մը, որ ամբողջութեամբ կառուցուած է վերամշակուած կազաւորուած խմիչքներու շիշերով: Կառուցելու համար օգտագործուած է 9000 շիշ եւ բազմաթիւ կամաւորներ: Իւրաքանչիւր շիշ լեցուած է ջուրով, աւազով եւ ծղօտով, իսկ պատերը հիւսելու համար օգտագործուած է սիմենթի նման նիւթ մը:

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ Լաքնաու քաղաքի Մոնթեսորի դպրոցը 2023-ի օգոստոս 10-ին գերազանցեց «Կինես»-ի մրցանիշը` որպէս աշակերտներու թիւի իմաստով ամենամեծ դպրոց: 61,345 աշակերտ կը յաճախէ վերոյիշեալ դպրոցը:

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ «Կէսօրուան սնունդի ծրագիրը» 120 միլիոն երեխայի ամէն օր տաք ճաշ կը տրամադրէ: Այս ծրագիրը կը գործէ երկրին 1,72 միլիոն դպրոցներէն ներս: Իւրաքանչիւր կերակուր պէտք է պարունակէ որոշակի քանակութեամբ ջերմուժ, սպիտակուցներ եւ բանջարեղէններ:

ԿԱԶԱՅԻ մէջ հարիւր հազարաւոր աշակերտներ 3-րդ տարին ըլլալով զրկուած են դպրոց վերադառնալու հնարաւորութենէն: ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի տուեալներով, աւելի քան 700 հազար դպրոցական տարիքի երեխաներ դպրոց չեն յաճախեր, իսկ դպրոցներուն 86 առ հարիւրը քանդուած կամ վերածուած է տեղահանուածներու համար ապաստարաններու:

Ալ ի՛նչ դպրոցի մասին է խօսքը, երբ օրական տասնեակ երեխաներ սովամահ կ՛ըլլան իսրայէլեան բանակի ոճրային արարքներուն պատճառով:

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

– 1 –

Ֆրանսական կաթով հացը (փեն տը մի) կարագ կը պարունակէ:

Ճիշդ: Քառանկիւն, սպիտակ եւ համեղ հացը քառապատիկ կարագ կը պարունակէ, քան` մնացեալ հացերը: Հետեւաբար պէտք է սահմանափակել անոր սպառումը:

– 2 –

Բնասպիտով սննդականոնները ամէնէն ազդուներն են:

Սխալ: Գիտականօրէն փաստուած է, որ բնասպիտով սննդականոնները ազդու են կարճ ժամանակի վրայ: Միսի, ձուկի, հաւկիթի եւ կաթնեղէնի վրայ հիմնուած սննդականոնը կրնայ մինչեւ 7 քիլօ նիհարցնել մէկ ամսուան ընթացքին, բայց երկար ժամանակի վրայ քիլոները կրկին կը կուտակուին:

– 3 –

Ճերմակ հացը աւելի ջերմուժ կը պարունակէ, քան` ամբողջական կամ հացահատիկներով հացը:

Սխալ: Բոլորն ալ նոյնքան ջերմուժ կը պարունակեն. այսուհանդերձ, ամբողջական հացը աւելի հարուստ է բնաթելերով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով ու նուազ շաքար կը պարունակէ: Ահա թէ ինչո՛ւ անիկա աւելի յանձնարարելի է սննդականոնի հետեւողներուն:

– 4 –

Սխտորին հոտը բուժիչ յատկութիւն ունի:

Ճիշդ: Քանատացի գիտնականներու կարծիքով, սխտորին մէջ առկայ ալլիսին նիւթը (որ սխտորին համ եւ բոյր կու տայ) հակաօքսիտան մըն է, որ կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կը պաշտպանէ բջիջները:

– 5 –

Կիտրոնը ախորժակ կտրելու յատկութիւն ունի:

Ճիշդ: Արդարեւ, ան կը պարունակէ փեքթին կոչուած բնաթելը, որ ջուրին հետ խառնուելով` կ՛ուռի ստամոքսին մէջ: Փեքթինը նաեւ կը դանդաղեցնէ շաքարի ծծումը:

– 6 –

Թարմ եւ սառած ձուկը նոյն սննդական արժէքը ունին:

Ճիշդ: Սառած ձուկը չի կորսնցներ իր բնասպիտները, կենսանիւթերն ու հանքայինները: Ինչ կը վերաբերի Օմեկա 3-ին, անիկա կրնայ տուժել ժամանակի ընթացքին, բայց` շատ չնչին տոկոսով: Սառած ձուկին սպառման ժամկէտը 3-6 ամիսը պէտք չէ անցնի:

– 7 –

Աւոքատոն նոյնքան իւղոտ է, որքան` տապկուած գետնախնձորը:

Ճիշդ: Կէս աւոքատոն նոյնքան իւղ կը պարունակէ, որքան 100 կ տապկուած գետնախնձորը, այն տարբերութեամբ, որ աւոքատոյին իւղերը լաւ տեսակի իւղեր են եւ կը նպաստեն լաւ քոլեսթերոլին արտադրման եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէ պաշտպանելու յատկութիւն ունին:

Խոհագիր

Խորոված
Ծաղկակաղամբով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 1 միջակ չափի ծաղկակաղամբ
– 100 կ ֆեթա պանիր
– 4 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 1  կիտրոնի հիւթ
– 200 կ խաշած սիսեռ
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Առատ նուռի հատիկներ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով: Ծաղկակաղամբը բաժնել փոքրիկ փունջերու, համեմել աղով, սեւ պղպեղով, ձէթով եւ 25 վայրկեան խորովել:

Աղցանի ամանին մէջ փոխադրել խորոված ծաղկակաղամբի կտորները, աւելցնել` ազատքեղը, սիսեռը, փշրուած ֆեթա պանիրը, նուռի հատիկները, կիտրոնի հիւթն ու աղը. զգուշութեամբ խառնել եւ մատուցել գաղջ կամ պաղ:

Ծաղկակաղամբ ուտելու համոզիչ պատճառներ

– Կը կարգաւորէ արեան ճնշումը եւ կը բարելաւէ երիկամներու գործառոյթը` շնորհիւ սիւլֆորաֆան կոչուած նիւթին:
– Կը պահպանէ ուղեղին առողջութիւնը:
– Հակաքաղցկեղային յատկութիւն ունի:
– Լաւ միզամուղ է:
– Կը խթանէ բջիջներու վերականգնումը, կը դանդաղեցնէ մորթին ծերացումը:

*
*  *

Շաբթուան Մտածումը

Ի՜նչ կախարդական բան է այս հայրենիք ասուածը, այս Հայաստանը: Երբ նա մեր ձեռքին է, մենք չենք զգում, թէ որքան գրաւիչ է այն եւ թէ որքան շատ բանով ենք մենք պարտական նրան: Մենք կորցնում ենք նրա հետ վարուելու կերպը, նրան բոլորանուէր սիրելու եղանակը: Իսկ երբ նա կաշկանդուած է կամ ստրկութեան մէջ է, սկսում ենք մորմոքել նրա կարօտից: Երբ նա ազատ է, անփոյթ ենք դառնում նրա հանդէպ, երբ նա գերուած է, սկսում ենք ախ ու վախ անել ու տանջուել նրա համար, ուրիշներին էլ տանջելով մեզ հետ, եւ ճիգ ու ջանք թափել, որ ազատենք մեր ձեռքից անզգուշութեամբ փախցրած դրախտահաւը:

ԽԱՉԻԿ ԴԱՇՏԵՆՑ

«Ռանչպարների կանչը»



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>