Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Կաղանդի նախօրեակին շատերու մղձաւանջն է նուէրի ընտրութիւնը: Իսկ դո՞ւք, արդեօք դժուարութիւն կ՛ունենա՞ք նուէրի ընտրութեան ատեն, ձեզի համար ի՞նչն է առաջնահերթը` նուէրին գործնական եւ օգտակար ըլլա՞լը, դաստիարակի՞չ ըլլալը, թէ՞ ստացողին համար անսպասելի ըլլալը… Պատասխանեցէք այս փորձ-հարցարանին եւ իմացէք պատասխանը:
Image may be NSFW.
Clik here to view.– 1 –
Լաւ Նուէր Մը Գնելու Համար`
ա.- Օրուան ձեր տրամադրութենէն կախեալ է. կը ներշնչուիք ու կը գնէք:
բ.- Կը փնտռէք գործնական եւ օգտակար նուէր մը:
գ.- Խնդրոյ առարկայ անձին կը դիմէք, որպէսզի անոր ճաշակին յարմարող բան մը գնէք:
– 2 –
Ամանորը Կը Մօտենայ, Նուէրներու Գծով`
ա.- Արդէն մեծ մասը գնած էք:
բ.- Տակաւին շուկայ իջնելու առիթ չէք ունեցած:
գ.- Բոլոր նուէրները գնած ու ծրարած էք:
– 3 –
Կաղանդի Նուէրներուն Համար`
ա.- Յատուկ պիւտճէ մը չէք ճշդած եւ վերջին նուէրին դրամը կը պակսի…
բ.- Մօտաւոր պիւտճէ մը ճշդած էք:
գ.- Յստակ պիւտճէ մը ճշդած էք եւ անկէ չէք կրնար շեղիլ:
– 4 –
Կ՛որոշէք Ձեր Ընկերուհիին Համար Գնել Այս Գեղեցիկ Շապիկը.
ա.- Անոր չափը չէք գիտեր, աչքի չափով կը գնէք:
բ.- Վաճառող օրիորդին կարծիքը կ՛առնէք:
գ.- Վստահ էք, որ թէ՛ չափը եւ թէ՛ գոյնը պահանջուածն է:
– 5 –
Երբ Անելի Առջեւ Գտնուիք
ա.- Անուշահոտ կը նուիրէք:
բ.- Գիրք կը նուիրէք:
գ.- Դրամ կը նուիրէք:
– 6 –
Ձեր Կարծիքով, Հաճոյք Պատճառող Նուէրը Այն Է, Որ`
ա.- Մեծ սիրով եւ գուրգուրանքով ընտրեցիք:
բ.- Ամէն բանէ առաջ օգտակար է:
գ.- Անսովոր է եւ ստացողին միտքէն չ՛անցնիր:
– 7 –
Կաղանդին Բան Մը Նուիրելը Ձեզի Համար`
ա.- Անխուսափելի պարտականութիւն մըն է:
բ.- Հաճելի, բայց յոգնեցուցիչ է:
գ.- Հաճոյք է:
– 8 –
Ձեր Կարծիքով, Մեծ Սխալ Է`
ա.- Հրահան նուիրել չծխող անձին:
բ.- Խմիչք նուիրել յղի կնոջ մը:
գ.- Տուրմ նուիրել սննդականոնի հետեւող անձին:
– 9 –
Ձեր Զարմուհին Մարզանք Շատ Կը Սիրէ, Կ՛որոշէք`
ա.- Մարզանքի վերաբերող տեսերիզ մը նուիրել:
բ.- Մարզանքի յատուկ զգեստ մը նուիրել:
գ.- Մարզանքի դասընթացքի կտրօն մը նուիրել:
– 10 –
Դուք Շատ Պիտի Գնահատէք`
ա.- Թանկարժէք նուէր մը:
բ.- Անսովոր նուէր մը:
գ.- Ձեռքով պատրաստուած նուէր մը:
Արդիւնք
Ձեր կէտերը հաշուեցէք հետեւեալ ձեւով. 1 կէտ «ա» պատասխանին համար, 2 կէտ` «բ»-ին եւ 3 կէտ` «գ»-ին:
«Եթէ 10-15 կէտ հաւաքեցիք, նուէր գնելը ձեզի համար բաւական մեծ տաղտուկ է: Յաճախ սխալ ընտրութիւններ կ՛ընէք եւ վերջին պահուն կը ձգէք այս կարեւոր գործը: Տակաւին ուշ չէ, ժամանակն է, որ փոխէք ձեր ընթացքը:
***
Եթէ 16-23 կէտ հաւաքեցիք` նուէր փնտռելն ու նուիրելը մեծ հաճոյք են ձեզի համար: Երանի անոնց, որոնք ձեզմէ նուէր պիտի ստանան, գրեթէ միշտ ձեր նուէրները հաճոյք կը պատճառեն ստացողին, որովհետեւ պատահականութեան չէք ձգեր: Ձեր մօտ ամէն բան ծրագրուած ու նախատեսուած է մեծ սիրով եւ գուրգուրանքով:
Տօնական Կարկանդակներ
Տօնական կարկանդակը Կաղանդի սեղանին պարտադիր ուտեստներէն է: Ինչպէ՞ս դիմաւորել Ամանորը` առանց քաղցրահամ աղանդերի մը: Շուկան վաճառուող տօնական որակաւոր կարկանդակը սուղ կ՛արժէ, տունը պատրաստուող աւանդական «կոճղ» կարկանդակը շատ ժամանակ կը խլէ… Բայց կարելի է միջին եզր մը գտնել: Բոլորիս ծանօթ է «քաթր քար» կոչուած սովորական, բայց շատ համեղ կարկանդակին բաղադրատոմսը. հետեւաբար կրնանք պատրաստել զայն եւ հետաքրքրական յարդարանքով մը անոր տօնական տեսք տալ:
Ստորեւ` 5 հետաքրքրական յարդարանքներ, որոնք վստահաբար անտարբեր պիտի չձգեն ձեզ:
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Բոյսերու Բարերար
Ազդեցութիւնը
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Սենեկային բոյսերը բարերար ազդեցութիւն կը գործեն մեր առողջութեան եւ ջղային դրութեան վրայ: Անոնց ներկայութիւնն ու խնամքը խթան կը հանդիսանան կարգ մը հիւանդութիւններու բարելաւման. արդարեւ, անոնք կը վերականգնեն ջղային համակարգի ներդաշնակութիւնը, կը հանգստացնեն, կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը եւ զգալիօրէն կը մեղմացնեն ընկճախտը:
Ոչ միայն տան մէջ, այլ նաեւ գրասենեակը վերոյիշեալ բոյսերը կը ստեղծեն որոշ յարմարաւէտութիւն եւ կը փարատեն աշխատանքային միօրինակութիւնը:
Հետաքրքրական Հաստատումներ Բոյսերու Մասին
– Մասնագէտներու կարծիքով, բոյսերը ոչ միայն ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծեն, այլեւ կը բարելաւեն սենեակին թթուածինի որակը:
– Բոյսերը դրական ազդեցութիւն կը գործեն ստեղծագործական միտքին վրայ եւ կը նպաստեն կեդրոնացումին:
– Բոյսերը օդը կը մաքրեն փոշիէն եւ աղտէն:
– Գրասենեակներուն մէջ բոյսերը կը բարձրացնեն աշխատանքի արտադրողականութիւնը:
– Այն հիւանդանոցները, ուր կան կանաչ գօտիներ, հիւանդները աւելի շուտ կ՛ապաքինին, քան` այն հիւանդները, որոնց հիւանդանոցներուն մէջ բոյսեր չկան:
– Բոյսերը զարմանալիօրէն կը կլանեն աւելորդ ձայները, վտանգաւոր նիւթերը եւ կը պահպանեն խոնաւութեան մակարդակը:
Այս բոլորը իմանալէ ետք չ՛ա՞րժեր բոյսերով շրջապատուիլ…
Խոհագիր
«Նունաքարէ Ապարանջան»
Աղցան
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Բաղադրութիւն
– 2 ճակնդեղ
– 1 սոխ
– 2 գետնախնձոր
– 2 ստեպղին
– 200 կրամ հաւու կրծքամիս
– 2 հաւկիթ
– Ընկոյզ
– 2 պճեղ սխտոր
– Մայոնեզ
– 1 նուռ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Բանջարեղէնները եւ հաւկիթները խաշել, քերիչէ անցընել եւ առանձին ամաններու մէջ դնել: Մայոնեզին աւելցնել ճզմուած սխտորը: Խաշած հաւու կրծքամիսը գզել: Սոխը շատ մանր մանրել եւ աւելցնել մայոնեզին ու սխտորին: Նուռերը մաքրել եւ առանձին ամանի մը մէջ պահել:
Առնել ներկայանալի բաց աման մը, մէջտեղը ջուրի բաժակ մը զետեղել: Աղցանին շերտերը շարել բաժակին շուրջ, որպէսզի ապարանջանի ձեւ ստանայ:
1-ին շերտ` գետնախնձոր, աղ, պղպեղ, մայոնեզ:
2-րդ շերտ` ճակնդեղին կէսը, աղ, պղպեղ, մայոնեզ:
3-րդ շերտ` ստեպղին, աղ, պղպեղ, մայոնեզ:
4-րդ շերտ` մանրուած ընկոյզ:
5-րդ շերտ` հաւի միսին կէսը, աղ, պղպեղ, մայոնեզ:
6-րդ շերտ` հաւկիթ, աղ, պղպեղ, մայոնեզ:
7-րդ շերտ` հաւի միսին մնացած մասը, աղ, պղպեղ, մայոնեզ:
8-րդ շերտ` ճակնդեղին մնացած մասը, աղ, պղպեղ, մայոնեզ:
Շերտերը դասաւորելէ ետք հանել բաժակը եւ աղցանը մայոնեզով ծեփել, ամբողջութիւնը ծածկել նուռի հատիկներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կաղանդի Գիշեր
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու,
Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու-
Տօնն է այս գիշեր…
Լոյսեր վառեցէք – եթէ չի բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր լոյսը ներքին-
Տօն է այս գիշեր…
Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելու
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու-
Տօնն է այս գիշեր…
Յոյսեր վառեցէք – եթէ չեն բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին-
Տօն է այս գիշեր…
Երգել փորձեցէք – եթէ չէք մոռցեր
Խանդոտ երգերը ձեր պարմանութեան-
Տօն է այս գիշեր…
Զուր տեղ վատնուած օրերն յիշելու-
Գոյութեան տխուր հաշուեկշիռին
Տօնն է այս գիշեր…
Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն,
Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն-
Տօ՛ն է այս գիշեր…
Գոյատեւելո՛ւ տօնն է այս գիշեր…
ԶԱՀՐԱՏ