Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 573 articles
Browse latest View live

Թոնիրի Խորհուրդը Հայերուս Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Անցեալին հայերուն մօտ թոնիրը նկատուած է արեւուն խորհրդանիշը գետնի մէջ, իսկ լաւաշը` խոնարհումն Աստուծոյ:

Կը պատմուի, թէ երբ տան մը մէջ թոնիր կը կառուցուէր, այդ օճախը, այդ տունը կարծես կը կնքուէր. կարծես տուեալ տան մէջ երեխայ ծնած ըլլար… ընտանիքի անդամներուն համար մեծ ուրախութիւն էր, տարեցները կ՛երգէին, կ՛ուրախանային, կը կատակէին… Կը բերուէին տարբեր տեսակի քաղցրաւենիքներ` նշելու համար այդ ուրախ առիթը: Որոշ տեղեր դրամ կը դնէին թոնիրին տակ` իբրեւ առատութեան նշան:

Հետաքրքրական Գիտելիքներ
Թոնիրին Մասին

Թոնիրը կաւէ պատերով գլանաձեւ վառարան է, որ սովորաբար գետնափոր կ՛ըլլայ: Թոնիրին վերի մասը նեղ է, միջին մասը` ուռուցիկ, յատակը` լայն:

Թոնրագործութիւնը տարածուած էր ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Կովկասի, Միջին եւ Փոքր Ասիոյ, Պարսկաստանի, Յունաստանի, Հնդկաստանի մէջ եւ այլուր: Շատ ազգերու համար անիկա աւանդական օճախ եղած է, եւ իւրաքանչիւր ազգ զայն օգտագործած է նպատակի մը համար:

Հայկական թոնիրի ամենայայտնի եւ հին տարբերակները պատրաստուած են Շիրակի տարածաշրջանի վարպետներուն կողմէ:

Լաւ թոնիր պատրաստելու հմտութիւնները պահուած են իբրեւ գաղտնիք եւ թոնիրի պատրաստութեան եղանակն ու առանձնայատկութիւնները փոխանցուած են հօրմէ որդի:

Ըստ թոնրագործ վարպետներու, որակեալ թոնիրի պատրաստութեան թիւ մէկ երաշխիքը բաղադրութիւնն է:

Աւանդութեան համաձայն, մէկ թոնիրի պատրաստութեան համար կ՛օգտագործուէր 150-200 քիլօ կաւի շաղախ, զոր պայման էր շաղախուէր ոտքերով:

Անցեալին թոնրագործութեամբ զբաղած են տատիկները: Թոնիր պատրաստելը եղած է կանացի գործ: Ամէն գիւղ իր թոնրագործ տատիկը ունեցած է: Տատիկները հաւաքուած են, երգած, պարած, կերած, խմած, զրուցած եւ 10-15 օրուան ընթացքին տատիկը աւարտած է թոնիրի շինութիւնը:

Այն գիւղերը, ուր եկեղեցի չկար, թոնիրին շուրջ պսակի ծէս կը կատարուէր: Հարսն ու փեսան` ձեռք-ձեռքի տուած, կը դառնային թոնիրին շուրջ եւ կը համբուրուէին: Նախ աղջիկը հայրական թոնիրէն ափ մը մոխիր կը վերցնէր եւ կը լեցնէր գրպանը: Երբ փեսային տունը կը մտնէին հարսն ու փեսան, երեք անգամ կը դառնային թոնիրին շուրջ, յետոյ ծնրադիր կը համբուրէին զայն: Հարսը տունէն բերած մոխիրը կը թափէր թոնիրին մէջ, եւ ցմահ կը կապուէր այդ սրբազան օճախին:

Մեր օրերուն որոշ չափով նուազած է թոնիրի դերը հայկական կենցաղին մէջ, սակայն գիւղերուն մէջ անիկա տակաւին կը մնայ որպէս հաց թխելու հնոց, դրացի ու բարեկամ կիներու հաւաքավայր` պատառ կիսելու, զրուցելու եւ տաքնալու համար:

Ինչպէ՞ս Գեղեցիկ Խմորեղէններ Ձեւաւորել

Յաճախ ցուցափեղկերու մէջ կամ համացանցի վրայ կը տեսնենք գեղեցիկ տեսքով, ախորժաբեր խմորեղէններ եւ հարց կու տանք, թէ արդեօք ինչպէ՞ս ձեւաւորուած են անոնց խմորները` նախքան քաղցր կամ աղի միջուկին զետեղումը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք խմորի ձեւաւորման 5 հետաքրքրական տարբերակներ, որոնք այսուհետեւ աւելի գեղեցիկ ու ախորժաբեր պիտի դարձնեն ձեր պատրաստած խմորեղէնները:

Մանկավարժին Կարծիքով

 Ծեծը Կը Քայքայէ Երեխային
Ինքնագնահատականը

Աշխարհի 47 երկիրներու մէջ անօրինական է ծնողքին կամ այլ անձի մը կողմէ երեխային զարնելը, իսկ 124 երկիրներու մէջ արգիլուած է ֆիզիքական պատիժը` դպրոցներուն մէջ:

Յաճախ հիասթափած ու զայրացած ծնողներ կ՛ապտակեն կամ կը ծեծեն իրենց երեխան` մտածելով, որ ատիկա արագ, կտրուկ եւ ազդու միջոց է երեխան կրթելու, մինչ դեռ ծեծը միայն ատելութեան եւ վրդովմունքի զգացում կը սերմանէ անոր անմեղ հոգիին մէջ:

5 համոզիչ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ պէտք չէ ծեծել երեխան:

1) Ծեծը չի բարելաւեր երեխային վարքագիծը: Երեխան հարուածելը կը քայքայէ անոր ինքնագնահատանքը, արժանապատուութիւնը եւ կը բարձրացնէ զայրոյթը:

2) Ծեծը աւելի եւս յարձակողական կը դարձնէ զայն: Բռնութիւնը միայն բռնութիւն կը ծնի: Երեխան հարուածելը անոր կը սորվեցնէ աւելի յարձակողական եւ վայրագ վերաբերմունք դրսեւորել ուրշներուն նկատմամբ: Բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ ամէնէն վտանգաւոր յանցագործներուն մեծամասնութիւն մանկութեան տարիներուն ծեծի կամ ֆիզիքական պատիժի ենթարկուած են:

3) Երեխային ծեծելը մանկապղծութիւնը է: Այո՛, ապտակելը, յետոյքը հարուածելը, ֆիզիքական եւ հոգեբանական բռնութիւն գործադրելը վատ վերաբերմունք է եւ մանկապղծութիւն:

4) Ծեծը երեխային չի սորվեցներ, վիրաւորուած, վախցած երեխան ծեծի ճամբով բան չի սորվիր. ան միայն կը մտածէ վրէժ լուծելու միջոցներու մասին:

5) Ծեծը, պատիժը կը խզէ ծնողք-երեխայ կապը: Կապ մը, որ հիմնուած է փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի վրայ: Պատիժն ու ծեծը ժամանակաւորապէս կը դարեցնեն վատ վարքագիծը: Մինչդեռ յարգանքի վրայ հիմնուած համագործակցութիւն յաւերժ է եւ արդիւնաւէտ:

Առողջապահական

 Սեւ Տուրմին
7
Անհամար Բարիքները

Սեւ տուրմը կը պաշտպանէ սիրտն ու զարկերակները:

Իր պարունակած ֆլաւոնոիտներուն շնորհիւ, սեւ, լեղի տուրմը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ սիրտի կաթուածներու վտանգը: Այս հակաօքսիտանները կ՛օգնեն պահպանելու զարկերակներուն ճկունութիւնը եւ սահմանափակելու «աթերոսքլերոզ»-ի վտանգը:

***

Սեւ տուրմը կը բարելաւէ մարզական ունակութիւնները:

Օրական 40 կր. սեւ տուրմ ուտելը կը բարձրացնէ մարզիկներու աշխատունակութիւնը շնորհիւ որոշ ֆլաւոնոիտներու, որոնք կ՛ընդլայնեն արիւնատար անօթները եւ կը նուազեցնեն թթուածինի սպառումը:

***

Սեւ տուրմը կը կանխարգիլէ հոգեկան անկումները:

Սեւ, լեղի տուրմին մէջ մեծ քանակութեամբ առկայ թէոպրոմին ու մակնեզիոմը կը խթանեն եւ կը կարգաւորեն ջղային համակարգը:

***

Սեւ տուրմը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:

Սեւ տուրմի ֆիլաւոնոլները կը խթանեն արեան հոսքը դէպի ուղեղի այն հատուածը, որ կապուած է յիշողութեան ունակութիւններուն հետ: Այս հակաօքսիտաններով հարուստ սեւ տուրմը կ՛օգնէ խթանելու յիշողութիւնը:

***

Սեւ տուրմը կը հանգստացնէ հազը:

Սեւ տուրմով պատրաստուած մէկ գաւաթ «հաթ չաքլէթ»-ը կը թեթեւցնէ ու կը հանգստացնէ հազը:

***

Սեւ տուրմը կը բարելաւէ քունի որակը:

Անհանգիստ քունը երբեմն կապուած կ՛ըլլայ մակնեզիոմի պակասին հետ: Տրուած ըլլալով, որ սեւ տուրմի իւրաքանչիւր 100 կրամը 84 միլիկրամ մակնեզիոմ կը պարունակէ, հետեւաբար անոր չափաւոր օգտագործումը կը լրացնէ վերոյիշեալ պակասը եւ կը բարելաւէ քունի որակը:

***

Սեւ տուրմը կը բարելաւէ կեդրոնացումը:

Առնուազն 60 առ հարիւր քաքաօ պարունակող տուրմը կը բարելաւէ կեդրոնացումը եւ զգօնութիւնը: Պատճառը` սեւ տուրմին մէջ առկայ թէանինն է, որ ծանօթ է ուշադրութեան մէջ իր դրական դերով:

Խոհագիր

 Շերտաւոր Խմորով Եւ
Դդումով Ձողիկներ

Բաղադրիչներ

1 ծրար շերտաւոր խմոր (Pâte feuilletée)
3 դդում (նախընտրաբար խոշոր, երկար չափի)
1 հաւկիթի դեղնուց
2 թէյի դգալ քիմիոնի հատիկներ
2 ապուրի դգալ բուսական ձէթ
2 ապուրի դգալ շուշմայ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Դդումները լուալ, ցամքեցնել եւ երկայնքին կտրատել` ձողիկներ ձեւաւորելով:

Ձողիկները ծեփել ձէթ, քիմիոն, աղ, պղպեղ խառնուրդով:

Շերտաւոր խմորը բանալ եւ 2 սմ. լայնքով երիզներ ձեւաւորել:

Իւրաքանչիւր դդումի ձողիկի շուրջ խմորէ երիզ մը փաթթել եւ փոխադրել ափսէին մէջ:

Հաւկիթի դեղնուցով ծեփել ձողիկները, շուշմայ ցանել երեսին եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 20 վայրկեան` 180 ջերմաստիճանով:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ո՞ւր էք գնում Տղե՛րք.
երկինքն այնքան մեծ է
ու այնքան հեռու,
հասցէ թողէք, Տղե՛րք,
հասցէ թողէք…
Կիսատ զրոյցներս
դրել եմ ծրարի մէջ,
ի՞նչ հասցէ գրեմ,
երկնքում հասցէներ կա՞ն միթէ…
Ո՞ւմ ասեմ, որ կարողանայ
ձեր կենացը խմել այնպէս,
որ կուլ գնայ հացը այս աղի…
Ճերմակ թղթի վրայ
ծառեր են նկարել ձեր բալիկները.
ծառը ծաղկել է թղթի վրայ,
ծառը ծաղկել է,
նրանք չեն ժպտում…
Ժպիտները աստղեր են դարձել,
երկնքում աստղերը շատ են,
էլ տեղ չկայ,
հիմա երկրին են աստղեր հարկաւոր.
Աստղեր վերցրէք եկէք,
ո՞ւր էք գնում, Տղե՛րք…

ՀԵՐՄԻՆԷ  ԱՒԱԳԵԱՆ

 


Հետաքրքրական Գիտելիքներ. Ամրան Ամենասիրելի Տօնին` Վարդավառի Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Վարդավառը նաեւ ծանօթ է Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօն անունով. անիկա Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է: Շարժական այս տօնը կը կոչուի Զատիկին յաջորդող 14-րդ կիրակին, իսկ այս տարի կը զուգադիպի յառաջիկայ կիրակի, 16 յուլիսին:

* * *

Վարդավառ բառը տարբեր ստուգաբանութիւններ ունի. բոլորն ալ կը բնութագրեն տօնին հազարամեայ խորհուրդները:

Տարբերակի մը համաձայն, Վարդավառ բառը կազմուած է վարդ-ջուր եւ վառ-սրսկել, լուալ արմատներէն եւ կը նշանակէ ջրցանութիւն, որ տօնին հիմնական սովորութիւնն է:

Կան կարծիքներ, որ տօնին հիմքը «վառ» բառն է, եւ տօնը նուիրուած էր Աստղիկին (ջուրի, սիրոյ, պտղաբերութեան ու գեղեցկութեան աստուածուհի) սիրելի հրավառ Վահագնին:

* * *

Ըստ աւանդազրոյցի մը, ջրցօղումը կապուած էր ջրհեղեղին հետ, իսկ Աստղիկը Նոյ նահապետի ջրհեղեղէն ետք ծնած դուստրն էր: Նոյ նահապետը իջնելով տապանէն` ամէն տարի այդ օրը կը պատուիրէր իր զաւակներուն, որ իրարու վրայ ջուր թափեն, որպէսզի յառաջիկայ սերունդները չմոռնան ջրհեղեղի պատմութիւնը:

* * *

Վարդավառ տօնի արարողական մասին հիմնական խորհրդանիշը սրբագործումն է: Մաքրագործումը դրսեւորուեր է ջրցանութեամբ: Ջուրն է այդ օրուան տէրը, ուրախութեան առիթը, տօնը բնութագրողը:

Ինչպէս շատ մը ազգերու, այնպէս ալ հայերուս մէջ ջուրն է կեանք տուողը, պտղաբերողը, մաքրողն ու բժշկողը:

Վարդավառի կիրակին առտու կանուխ իրարու վրայ ջուր կը թափէին, ջրացօղումը կը տեւէր ամբողջ օրը: Հաշուի չէր առնուեր տարիքը, սեռը, հասարակական դիրքը… Ոչ ոք կը դժգոհէր, ոչ ոք կը վիրաւորուէր. ատիկա նաեւ ապացոյց էր այն խոնարհութեան, որ հայ մարդը պատրաստ է ընդունելու սեփական սխալներէ մաքրագործումը, որու ձեռամբ ալ ըլլայ…

* * *

Անցեալին Վարդավառը եղած է ուխտագնացութիւններու ամէնէն յայտնի եւ ուրախ տօնը: Մեր նախնիները հաւաքուած են ջուրի ակունքներուն մօտ,  մատաղ կատարած, կերուխում ըրած, երգած ու պարած են: Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը այդ օրերուն ուխտաւորներ կ՛ընդունէր Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն ու քաղաքներէն: Մարդիկ ժամանակ առաջ կը պատրաստուէին այդ ուխտագնացութեան, նոյնիսկ պահք եւ ծոմ կը պահէին:

* * *

Վարդավառի տօնը կը զուգադիպէր ցորենի բերքահաւաքին. հետեւաբար մարդիկ իրենց առաջին փունջը խաչփունջ հիւսելով, կը տանէին եկեղեցի` Աստուածամօր սեղանին եւ կը խնդրէին, որ իրենց արտերն ու բերքը պահպանէ:

* * *

Երիտասարդ աղջիկները շաբաթ օրը դաշտերէն «վրդիվերի» կոչուող դեղնագոյն ծաղիկներ կը հաւաքէին, գեղեցիկ պսակներ կը հիւսէին, որպէսզի գիշերը գաղտագողի նետէին իրենց սիրեցեալին բակը: Իսկ սիրահարած երիտասարդները աղաւնիներ կը թռցնէին, եթէ աղաւնին երեք անգամ դառնար սիրած աղջկան տան կտուրին, նոյն աշնանը ամուսնութեան առաջարկ կ՛ընէին աղջկան:

* * *

Սովորութիւն էր մինչեւ Վարդավառ խնձոր չուտել: Շաբաթ օր երիտասարդները յարդի դէզեր կը շինէին եւ երեկոյեան կը սկսէին հերթով վառել զանոնք` իւրաքանչիւրին մէջ խնձոր խորովելով: Այս արարողութիւնը կը տեւէր մինչեւ լուսաբաց, երբ կը վառուէր ամենամեծ դէզը, որուն շուրջ երիտասարդները շուրջպար կը բռնէին: Երգասացութիւն կ՛ըլլար, ինչ որ յարմար առիթ էր իրարու հանդէպ ունեցած զգացումները խորհրդաւոր քառեակներով արտայայտելու:

* * *

Վարդավառը ընտանիքին անդամները միաւորելու, մինչեւ իսկ ամբողջ ազգատոհմը հաւաքելու խորհուրդը ունի. այդ օրը սովորաբար հայրենի գիւղ, ծնողներու տուն կ՛այցելեն հեռաւոր քաղաքներու մէջ ապրող զաւակներն ու հարազատները` հայրական-պապական յարկի տակ նշելու տօնը:

* * *

Իւրաքանչիւր ծէս ունէր իր ծիսական խոհանոցը, Վարդավառի տօնը բացառութիւն չէր: Տօնին նախօրէին շնորհալի հայ կիները պատրաստեր են տօնական, ծիսական ուտեստներ, թխեր են կրկենի, բաղարջ, կաթնահունց, նազուկ, եփեր են կոլոլակ, հոնասպաս, կորկոտ, ջամբ, դդմաքաշովի եւ այլ աւանդական կերակրատեսակներ:

Եղանակի Պտուղներէն

Սալորը

Սալորը ընդունուած է որպէս բնական միւլթիվիթամին, սակայն քիչեր զայն կանոնաւորաբար օգտագործելու սովորութիւն ունին:

Ա., Սէ., Էօ. կենսանիւթերով, հանքայիններով, մանրաթելերով հարուստ սալորը մեծապէս կը նպաստէ մեր առողջութեան: Ահա թէ ի՛նչ կը կատարուի մեր մարմնին մէջ, եթէ օրական 5 սալոր ուտենք:

1) Կը նուազի արեան մէջ շաքարի մակարդակը:
2) Կը բարելաւուի յիշողութիւնը:
3) Կը կարգաւորուի արեան ճնշումը, կը նուազի սրտի կաթուածի վտանգը:
4) Կը բարելաւուի մարսողական համակարգը:
5) Կ՛ամրանան ոսկորները:
6) Կը բարելաւուի տեսողութիւնը եւ կը նուազի տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններու վտանգը:
7) Կը կարգաւորուի աղիքներու աշխատանքը:

Կ՛արժէ մտածել…

Ինչպէ՞ս Չէզոքացնել
Կերակուրներուն Հոտը

Իւրաքանչիւր կերակուր ունի իր իւրայատուկ եւ հաճելի համն ու բոյրը. բայց երբեմն որոշ հոտեր կը մերժեն հեռանալ ոչ միայն մեր խոհանոցէն, այլեւ` մեր հագուստներուն, ձեռքերուն եւ մինչեւ իսկ մազերուն վրայէն: Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս տապկոցի, ծանր համեմներու, ձուկի, սոխի, սխտորի եւ հաւի հոտերուն:

Մեծ հարց մը չէ, եթէ ընտանիքի անդամներու հետ ենք, երբ հիւրեր չենք սպասեր, բայց հակառակ պարագային` կացութիւնը կը փոխուի…

Ստորեւ կը ներկայացնենք գործնական թելադրանքներ` խոհանոցի եւ կերակուրներու հոտերը չէզոքացնելու համար:

Խոհանոցի Գոգնոց Կրել
Այո՛, յատկապէս տապկոցի ժամանակ խոհանոցի գոգնոցը մեր հագուստները կը պաշտպանէ թէ՛ իւղէն եւ թէ՛ տապկոցի անախորժ հոտէն:

Գլխանոց Կրել
Գլխանոց կրելով` թէ՛ առաջքը կ՛առնենք, որ կերակուրին մէջ սխալմամբ մազ չիյնայ եւ թէ՛ մեր մազերը կը պաշտպանենք տապկոցի անախորժ հոտէն:

Կերպընկալ Ձեռնոց Կրել
Երբ սոխ կամ սխտոր կը կեղուենք, երբ ձուկ կը մաքրենք, մեր ձեռքերէն երկար ժամեր չեն  հեռանար անոնց անախորժ հոտերը, հետեւաբար լաւ կ՛ըլլայ, որ կերպընկալէ ձեռնոցներ կրենք եւ մէկ անգամ ընդ միշտ լուծենք այս հարցը:

Հոտ Կլանող Գործիք Օգտագործենք
Ներկայիս խոհանոցները օժտուած են հոտ կլանող սարքերով, հետեւաբար, նախքան կերակուրի պատրաստութեան ձեռնարկելը, նախ աշխատցնենք հոտ կլանող գործիքը եւ ապա անցնինք գործի:

Օգտագործենք Ճերմակ Քացախը
Եթէ խոհանոցը հոտ կլանող գործիք չունինք, դիմենք հետեւեալ հնարքին: Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնենք, ջուրին աւելցնենք սուրճի գաւաթ մը ճերմակ քացախ եւ ձգենք, որ կրակին վրայ ջուրը եռայ: Կաթսային կիսաբաց կափարիչէն ելլող ջրաշոգին կը չէզոքացնէ անախորժ հոտերը:

* * *

Խոհանոցին անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար երբեք չդիմենք խանութները վաճառուող հոտաւէտ սփրէյներուն, որոնք օդը աւելի եւս անշնչելի ու ծանր կը դարձնեն կերակուրի եւ ծաղիկներու հոտի աններդաշնակ միախառնումով:

Խոհագիր

 Շոմինով Աղցան

Չորս անձի համար անհրաժեշտ են`

–  450 կ թարմ շոմին (նախընտրաբար` փոքր տերեւներով)
– 2 խնձոր
– 4-6 շերտ պէյքըն
– 1 միջակ սոխ
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 3 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
– 1 սուրճի դգալ շաքար
– 1 սուրճի դգալ մանանեխ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Ընկոյզ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ դնել լուացուած եւ ցամքեցուած շոմինի թարմ տերեւները:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` յաջորդաբար խառնելով քացախը, շաքարը, մանանեխը, աղը, պղպեղն ու ձէթը:

Շերտել խնձորները եւ աւելցնել շոմինին վրայ, աւելցնել նաեւ շերտուած սոխը:

Տապակին մէջ խորովել պէյքընի կտորները եւ աւելցնել շոմինին, սոխին եւ խնձորին վրայ:

Թացանը թափել խառնուրդին վրայ, աւելցնել կտրատուած ընկոյզը, խառնել ու մատուցել:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Տաղ Վարդավառի

Գոհար Վարդը շղարշուած
Արփիական վեհ վարսերէն
Հուսկ վերեւը կը ծաւալէր, վարսերէն վեր
Ծաղկածիծաղ ծովն երկնային
Եւ այդ ծովէն համատարած
Կը պղպջար գոյնն երփնափողփող ծաղիկին
Իսկ  ճիւղերուն հուրհրատին հասած էին
Պտուղները քրքումնաթիւր:
Հուրհրատող սիրասնունդ
Հովանիին խառն ու առատ տերեւներուն
Սօսափող, հրաշալի
Աստուածատուր տաւիղին պէս Դաւիթի:
Վարդաստանը շող կ՛արձակէր հազարերան.
Ծիծաղածուփ ծաղիկներու երփնախաղով.
Սօսն ու տոսախն սփռեր էին  այնտեղ բոսոր
Դալարագեղ ոստերն իրենց:
Նոճիներն ու արոսենին նորաբողբոջ
Կը շրջէին հեւքով յուշիկ
Գգուելով վարդ ու շուշան.
Կը շողշողար շուշանն մէջ հովիտին
Կը շողշողար դէմն արեգակին:
Հիւսիսային հովն հեզասահ
Կը հովահարէր գիր  շուշանը.
Հարաւային զով լեռներու
Օդը կը շողար ջինջ շուշանին:
Շուշանը կը լեցուէր շաղով
Շող շաղով շաղ մարգարիտով.
Արեգնափայլ ոսկի ամպէն
Շաղ կը ջրէր ծաղկունքն ամբողջ:
Երեւեցան հետզհետէ
Աստղերն առկայծ դարձդարձիկ
Լուսինն առին իրենց մէջ
Ու երկինքի բիլ կամարին համատարած
Հոծ խումբերով շուրջանակին ճառագեցին:
Փառք հօր, որդիին եւ սուրբ հոգիին
Այժմ եւ միշտ յաւիտեանս յաւիտենից:

ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ

 

Հետաքրքրական. Հայկական Ծիրանին Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Ծիրանը կը համարուի Հայաստանի ամենավառ խորհրդանիշներէն մէկը` զիջելով միայն Արարատին եւ նուռին: Մինչեւ իսկ ծիրանին լատինական անուանումը` Prunus Armeniaca, կը յուշէ, թէ որքա՛ն հայկական է այս պտուղը:

Ծիրանը Հայաստանի մէջ յայտնի էր հնագոյն ժամանակներէն: Պեղումներու ընթացքին Գառնիի մէջ յայտնաբերուած են ծիրանի կորիզներ: Շատ մը գիտնականներ նաեւ կը պնդեն, որ Ալեքսանդր Մակեդոնացին ծիրանը Հայաստանէն տարեր է Յունաստան` զայն ներկայացնելով միջերկրականեան երկիրներուն:

Այլ տեսութիւններ կը ժխտեն այն տեսակէտը, որ Հայաստանն է ծիրանի հայրենիքը` առաջ տանելով այն վարկածը, թէ Հնդկաստանն ու Չինաստանն են ծիրանի հայրենիքը:

Հակառակ ծիրանի ծագումին հետ կապուած բոլոր վարկածներուն` անժխտելի ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանի տարածքին աճող ծիրանը ամբողջովին կը տարբերի այլ երկիրներու մէջ աճող տեսակներէն:

Հայկական Ծիրանին
Իւրայատկութիւնները

– Հայկական ծիրանը ոչ միայն համով կը տարբերի այլ ծիրաններէն, այլ նաեւ` իր իւրայատուկ գոյնով: Այս իւրայատուկ պտուղին գոյնը ո՛չ դեղին է, ո՛չ նարնջագոյն: Ան պարզապէս… ծիրանագոյն է: Ծիրանի կոչուած է նաեւ այն տօնական հագուստը, որ կրեր են հայ թագաւորներն ու թագուհիները, քանի որ անիկա նոյնպէս ունէր ծիրանագոյն երանգ:

– Պատահական չէ, որ հայկական ամենայայտնի երաժշտական գործիքը ծիրանափող կը կոչուի: Հայկական տուտուկը կը պատրաստուի բացառապէս ծիրանի ծառի փայտէն:

Հայկական տուտուկը կը տարբերի իր իւրայատուկ հնչողութեամբ. տուտուկի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ կը կատարուին հարսանիքներն ու թաղումները:

Շատ մը վարպետներ փորձեր են տուտուկ պատրաստել այլ ծառի փայտէ, սակայն այդ տուտուկները չեն ունեցած այն ինքնատիպ հնչողութիւնը, զոր ունին ծիրանի ծառի փայտէն պատրաստուածները:

2007-ին հայկական տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը ընդգրկուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ:

– 2004-ին հիմնադրուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը: Փառատօնը նուիրուած է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկի բնաբանին: Փառատօնին կը ներկայացուին ժապաւէններ, որոնք կը ներկայացնեն տարբեր մշակոյթներ եւ կրօններ` ցոյց տալով մարդկային քաղաքակրթութեան հարստութիւնը:

Փառատօնին բացումը կը կատարուի աւանդական ծիրանօրհնէքով` նոյն այն պտուղի օրհնութեամբ, որուն հետ կապուած են փառատօնին անուանումն ու Հայաստանը:

Եղանակի Ուտելիքներէն

 Վարունգի Հիւթին Բուժիչ
Յատկութիւնները

Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ վարունգի հիւթը աժան եւ մատչելի դեղ է մեր առողջութեան համար: Ծանօթանանք այս հիւթին 6 բուժիչ յատկութիւններուն:

– 1 –

Ջուրով եւ բնաթելերով յագեցած վարունգի հիւթը կը բարելաւէ մարսողական դրութեան գործունէութիւնը եւ կը կանխարգիլէ փորկապութիւնը:

– 2 –

Վարունգին հիւթը կ՛օգնէ կանխարգիլելու սրտանօթային որոշ անհանգստութիւններ: Անիկա, շնորհիւ փոթասիոմին, կը կանոնաւորէ արեան ճնշումը: Վարունգին հիւթը նաեւ կը պարունակէ փանքրէասին անհրաժեշտ նիւթ մը, որ կ՛օգնէ էնսիւլինի արտադրութեան եւ բնականաբար յանձնարարելի է շաքարախտաւորներուն:

– 3 –

Շատ քիչ ջերմուժ պարունակող վարունգին հիւթը միզեցնող է եւ յանձնարարելի` բոլոր անոնց, որոնք նիհարցնող սննդականոնի կը հետեւին:

– 4 –

Վարունգին հիւթը սիլիս կը պարունակէ, այս վերջինը կը զօրացնէ` հիւսկէնները, մկանները, ջիլերը (tendons), կապանները (ligaments) եւ աճառները (cartillages): Սիլիսը նաեւ հակաբորբոքային յատկութիւն ունի եւ յանձնարարելի է արթրոզէ տառապողներուն:

– 5 –

Վարունգին հիւթը չափազանց օգտակար է մորթին: Ջուրով, Էօ. կենսանիւթով եւ հիմնական իւղերով յագեցած այս հիւթը կը կանխարգիլէ մորթին կանխահաս ծերացումը, կ՛անհետացնէ աչքերուն տակի մութ գոյնը, փայլ եւ առողջ տեսք կու տայ դէմքին: Շուկայի թանկարժէք դէմքի քսուկներէն եւ լոսիոններէն կարելի է հրաժարիլ եւ օգտուիլ այս աժան եւ հրաշագործ հիւթէն:

– 6 –

Ա., Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով հարուստ վարունգի հիւթը կը խթանէ մարմնին դիմադրականութիւնը: Օրական բաժակ մը վարունգի հիւթը բաւարար է մարմնին դիմադրականութիւնը զօրացնելու համար:

Վարունգի հիւթի պատրաստութիւն:

Եթէ վերը նշուածները ձեզ համոզեցին, եւ դուք վարունգի հիւթ պիտի օգտագործէք, ընտրեցէք մութ գոյնի, մսոտ վարունգներ, եւ անգամ մը որ հիւթը պատրաստէք, զայն անմիջապէս խմեցէք, քանի որ բոլոր հիւթերուն նման` անիկա կը կորսնցնէ իր սննդական արժէքին մէկ կարեւոր մասը` օդին եւ լոյսին պարզուելով:

Նաեւ կարեւոր է, որ լաւ լուացուած վարունգը քամէք իր կեղեւով, տրուած ըլլալով, որ Սէ. կենսանիւթին մէկ կարեւոր տոկոսը հոն կը գտնուի:

Նուէրին Արժէքը Արարքին Եւ
Կամեցողութեան Մէջ Է

Երբ ընթրիքի կը հրաւիրուինք, սովորութիւն է նուէր մը տանիլ տանտէրերուն` մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու համար: Իսկ ի՞նչ նուիրել, յատկապէս երբ առաջին անգամն է, որ կ՛այցելենք տուն մը եւ բաւարար ծանօթ չենք տանտիկնոջ ճաշակին, տան յարդարանքին… Նման պարագային թելադրելի է նուիրել քիչ թէ շատ «չէզոք» բան մը, ինչպէս` ծաղիկ, տուրմ, խմիչք, անուշեղէն…

Ե՞րբ նուիրել

Սովորութիւն է նուէրը տալ տանտիկնոջ, երբ ան կը դիմաւորէ մեզ: Թելադրելի է նուէրը տալ հոն` մուտքին, ոչ բոլոր հրաւիրեալներուն ներկայութեան, նեղ կացութեան չմատնելու համար նուէր չբերող անձերը:

– Ծաղիկ նուիրելու պարագային…

Ծաղիկը միշտ ալ հաճոյք կը պատճառէ ստացողին:

Թելադրելի է ծաղկեփունջը ղրկել ընթրիքէն որոշ ժամանակ առաջ, ծաղկավաճառին միջոցով, որպէսզի տանտիկինը բաւարար ժամանակ ունենայ զանոնք ծաղկամանին մէջ զետեղելու: Մինչդեռ հրաւէրի պահուն նուիրուած ծաղկեփունջը դժուարութեան կը մատնէ տանտիկինը, որ մէկ կողմէն հիւրերը պիտի դիմաւորէ եւ միւս կողմէ` հիւրասիրութեան ու խոհանոցի աշխատանքները պիտի վերահսկէ:

Կենցաղավարական օրէնքներուն համաձայն, պէտք է բացարձակապէս խուսափիլ արհեստական ծաղիկ, մեխակ կամ քրիզանթեմ նուիրելէ: Նախընտրելի է երեք վարդ նուիրել, քան` փունջ մը արհեստական ձեւով գունաւորուած վարդագոյն կամ թիւրքուազ ապրիմ-մեռնիմներ:

Հետաքրքրական է, որ վարդերը կը նուիրուին անզոյգ թիւով:

Այլ նուէրներ

– Գինի կամ այլ խմիչքներ կարելի է նուիրել որեւէ ընթրիքի առիթով: Յատկապէս գինին շատ դասական ու անժամանցելի խմիչք է. եթէ նոյն օրը առիթ չեղաւ զայն մատուցելու, տանտէրերը վստահաբար մեծ սիրով կ՛ընդունին զայն, քանի որ առիթները չեն պակսիր զայն վայելելու:

– Տուփ մը տուրմը եւս շատ լաւ գաղափար է ընթրիքի մը առիթով նուիրելու համար, յատկապէս երբ տուփին մէջ կայ սեւ եւ կաթնային տուրմի տեսականի` բոլոր ճաշակները գոհացնելու համար:

– Պարտէզի պտուղ կամ բանջարեղէն` մատուցուած գեղեցիկ կողովի մը մէջ, կարելի է նուիրել ընտանեկան հաւաքոյթի պարագային, բայց` ոչ երեկոյեան ընթրիքի մը:

– Մօտիկ անձերու պարագային, կարելի է նուիրել` բուրումնաւէտ մոմ, գիրք, ասեղնագործ, փոքրիկ գեղօր մը եւ այլն…

* * *

Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր նուէրը, նախ պէտք է բացարձակապէս խուսափինք չափազանց թանկարժէքէն` մեր դիմացինը նեղ կացութեան չմատնելու եւ նոյն արժէքով նուէր մը գնելու պարտադրանքին տակ չդնելու համար:

Ի վերջոյ նուէրին արժէքը արարքին եւ կամեցողութեան մէջն է:

Նորաձեւութիւն

«Լեմըն Կըրլ» Միտումը

2023-ի ամառնային ոճի վառ գաղափարը «Լեմըն կըրլ»-ն է, կամ` «Կիտրոնի աղջկան» ամառը: Այս համարձակ, վառ, թարմ ու զուարճալի միտումը կը վերաբերի ոչ միայն հագուստին, այլեւ` աքսեսուարներուն,  դիմայարդարման, մատնայարդարման եւ անուշահոտերուն:

«Լեմըն կըրլ»-ի ջատագովներն են «Մոսքինօ»-ն, «Տոլչէ էնտ կապանա»-ն, «Մանկօ»-ն, «Փրատա»-ն եւ այլ յայտնի նորաձեւութեան տուներ:

Ստորեւ` «Լեմըն կըրլ» միտումը բնորոշող հետաքրքրական նմուշներ:

Խոհագիր

Վարդագոյն Թացանով
Ֆարֆալէ

Բաղադրիչներ

3 հատ միջակ չափի ճակնդեղ
500 կ ֆարֆալէ դդմաճ
500 կ ֆեթա պանիր
150 կ կակուղ պանիր (ֆիլատելֆիա, քիրի, փիքոն…)
2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
4 պճեղ սխտոր
1 թէյի դգալ օրեկանօ
Աղ, սեւ պղպեղ
Դդմաճի եփի ջուրէն բաժին մը

Պատրաստութիւն

Ճակնդեղները խաշել, կեղուել եւ խորանարդարձեւ կտրատել ու փոխադրել հարիչին մէջ, աւելցնել` պանիրները, ձէթը,  սխտորը, աղը, սեւ պղպեղը, օրեկանոն եւ քանի մը դգալ դդմաճի եփի ջուրէն` նօսրացնելու համար: Հարել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Ֆարֆալէ դդմաճը խաշել, քամոցէ անցընել եւ փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, աւելցնել վարդագոյն թացանը, խառնել եւ երեսը զարդարել մանրուած ռեհանով (կամ ազատքեղով), ֆեթա պանիրի փշրանքներով (կամ փարմըզան  պանիրով):

* * *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ես Մի Ծառ Եմ Ծիրանի

Ես մի ծառ եմ ծիրանի,
Հին արմատ եմ անուանի,
Պտուղներս քաղցրահամ,
Բոլոր մարդկանց պիտանի:

Հին ծառ եմ արեւելեան,
Չունիմ որոշ այգեպան,
Տունկերս ամէն երկիր
Ընկած են բաժան-բաժան:

Ապրում եմ խեղճ, միայնակ,
Որոշ ծառի շքի տակ,
Հիւթս որդունքն է ծծում
Իմ տունկերուս փոխանակ:

Տունկերս ուր էլ որ գնան,
Թէպէտ նոյնը կը մնան,
Բայց օտար հողի վրայ
Չեն աճիլ, կը չորանան:

Արեւելքում ինձ տնկեց,
Երբ որ տէրը ստեղծեց.
Ասաւ` աճէ, բազմացիր,
Մի այգի էլ ինձ տուեց:

Ուղարկեց մի այգեպան`
Հարաւից հսկայ իշխան,
Այն հսկայի անունով
Կոչուեցայ ծառ հայկական:

Չորս հազար տարուայ ծառ եմ,
Մարմինս պինդ, կայտառ եմ.
Թէեւ ուժս պակաս է,
Բայց անունով պայծառ եմ:

ՋԻՎԱՆԻ

 

Առողջապահական. Տաք Եղանակին Առողջական Խնդիրներէ Խուսափելու Համար…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Ջերմաստիճանի աննախընթաց բարձրացումով պայմանաւորուած` բժիշկները կը թելադրեն.

– Խուսափիլ արեւի ուղիղ ճառագայթներէն, յատկապէս` ժամը 12:00-16:00,

– Տունէն դուրս ելլելու պարագային կրել գլխարկ, արեւապաշտպան ակնոց, հովանոց: Հագուիլ բաց գոյնի, օդաթափանց եւ նախընտրաբար բամպակեայ հագուստներ,

– Ջրազրկումէ պաշտպանուելու համար շատ հեղուկ օգտագործել, նախընտրաբար` ջուր կամ թան: Հեղուկները թող ըլլան գաղջ կամ քիչ մը աղ, այդպէս անոնք աւելի լաւ կը յագեցնեն ծարաւը,

– Չչարաշահել քաֆէին, շաքար եւ ալքոլ պարունակող ըմպելիքները` թէ՛ տաք եւ թէ՛ սառ վիճակով,

– Նախապատուութիւնը տալ թեթեւ, դիւրամարս ուտելիքներուն, շատ պտուղ եւ բանջարեղէն օգտագործել,

– Թելադրելի է, որ երեխաները, յղիները, տարեցներն ու քրոնիք հիւանդութիւններ ունեցող անձերը, ցերեկային տաք ժամերուն քնանան կամ պառկին, քանի որ պառկած դիրքով կը դիւրանայ արեան շրջանառութիւնը,

– Ամէնօրեայ աշխատանքները կատարել օրուան համեմատաբար զով ժամերուն,

– Հրաժարիլ երկար եւ ծանր մարզումներէն, որոնք քրտնարտադրութիւն կը պատճառեն, ինչ որ իր կարգին ջրազրկումի պատճառ է:

Նորաձեւութիւն

Յառաջիկայ ԱշունՁմեռ Նորաձեւութեան
Գլխաւոր Աքսեսուարները

Նորաձեւութեան աշխարհէն ներս աքսեսուարները գրեթէ նոյնքան կարեւոր են, որքան` հագուստները: Աքսեսուարները մեր անձին արտացոլացումն են, անոնք կ՛անհատականացնեն մեր տեսքը եւ մեզ կը դարձնեն իւրայատուկ:

Ահա թէ ի՛նչ աքսեսուարներ նախատեսած են ոճաբանները յառաջիկայ աշուն-ձմեռ եղանակներուն համար:

ՊԱԼԱՔԼԱԽԱ (balaclava) գլխարկները ոչ միայն ոճային են, այլեւ` գործնական, քանի որ ցուրտ օրերուն անոնք կը պաշտպանեն ոչ միայն գլուխը, այլ նաեւ` վիզն ու ականջները:

ՄԻՆՉԵՒ ԾՈՒՆԿ ՀԱՍՆՈՂ ՍԵՒ ԳՈՒԼՊԱՆԵՐԸ, որոնք դպրոցական տարիները կը յիշեցնեն, կարելի է կրել կարճ փէշերու, հագուստներու եւ շորթերու հետ:

ԹԱՆՁՐ ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՎԶԿԱՊՆԵՐԸ, այո՛, վիզին շուրջ փաթթուած, թէ գլուխն ու ուսերը ծածկող գծաւոր, գունաւոր բրդեայ շալերը եւս նորաձեւ են յառաջիկայ եղանակներուն:

ՃԵՐՄԱԿ ՇՐՋԱՆԱԿՈՎ ԱԿՆՈՑՆԵՐԸ որքան ալ հնաոճ թուին, անոնք իրենց ճերմակ կամ «քրեմ» շրջանակներով վերադարձած են` որպէս հիմնական աքսեսուարներ:

ՓՈՂԿԱՊՆԵՐԸ նոյնպէս վերադարձած են` զարդարելու համար լայն, թափթփած տաբատներն ու մեծ բաճկոնները:

ՄԵԾ ԱԿԱՆՋՕՂԵՐԸ թելադրելի է կրել մազերը դէպի ետեւ հաւաքուած սանտրուածքով` դէմքին ու պարանոցին յաւելեալ գեղեցկութիւն տալու համար:

ՃԵՐՄԱԿ ՄՈՅԿԵՐԸ եւս նորաձեւ են, պայմանաւ որ անոնք ըլլան երկարավիզ ու ծածկեն ծունկերը: Ինչ կը վերաբերի կրունկներուն, բոլոր տարբերակներն ալ ընդունելի են:

Բացի այս եօթը գլխաւոր աքսեսուարներէն` Պալմեն, Շանել, Սիմոն Ռոշա, Սեն Լօրան եւ այլ նորաձեւութեան տուները իրենց հերթական փառատօներուն ընթացքին լուսարձակի տակ առած էին մեծ զարդասեղները, մարգարտեայ զարդերն ու զանազան չափի ու ոճի մատանիները:

Մեր Առօրեայէն…

Հրաժարինք Մեծաքանակ Գնումներէն

Բոլորս ալ ունինք այն սխալ համոզումը, որ մեծաքանակ գնումները աւելի խնայողական են եւ շահաւէտ: Ստորեւ կը ներկայացնենք է բաներ, որոնցմէ պէտք չէ մեծաքանակ գնել. ահա թէ ինչո՛ւ.

– ԿԱԹՆԵՂԷՆՆԵՐԸ, այո՛, յատկապէս քամած մածունը, պանիրի որոշ տեսակները, հեղուկ կաթը ունին սպառման ժամկէտներ. եթէ մեր սովորական սպառումէն շատ աւելին գնենք, անհաւանական չէ, որ մէկ մասը աղբաման թափենք, քանի որ անոնք պարզապէս կը թթուին կամ կը բորբոսին: Այս մթերքները կարելի չէ սառցարանը պահել` անոնց կեանքը երկարելու կամ թարմ պահելու համար, հետեւաբար մեծաքանակ գնելը սխալ որոշում է:

– ՀԱՄԵՄՆԵՐԸ նոյնպէս մեծաքանակ գնելը անիմաստ է, քանի որ անգամ մը 6 ամիսը անցնի, անոնցմէ շատերը կը կորսնցնեն իրենց բոյրն ու համը: Նախընտրելի է քիչ  քանակութեամբ գնել, թարմ-թարմ օգտագործել եւ վայելել անոնց համն ու բոյրը:

– ՄԱՅՈՆԵԶԸ գնենք մեր սպառումին համապատասխան քանակութեամբ: Ճիշդ է, որ մեծ չափի շիշը շատ աւելի խնայողական է, քան` փոքրը, բայց երկար ժամանակ սառնարանը մնալով` անոր կեանքը այդքան ալ չ՛երկարիր, յատկապէս երբ նկատի առնենք, որ անիկա ինչ հերթականութեամբ սառնարանէն կ՛ելլէ ու սառնարան կը վերադառնայ` ճաշի սեղանին վրայ առնուազն մէկ ժամ մնալով:

Հաւկիթ պարունակող այս ուտելիքը գնենք փոքր շիշերով, յատկապէս` ամրան տաք եղանակին: Մայոնեզէն թունաւորումները շատ յաճախակի երեւոյթ են:

– ԴԷՄՔԻ ՍԵՌԵՐՆ ՈՒ ԱՆՈՒՇԱՀՈՏԵՐԸ գնենք փոքր սրուակներով: Յաճախ անոնք կը վաճառուին երկու տարբեր չափերով. նախապատուութիւնը տանք փոքր չափերուն, քանի որ անգամ մը որ գործածելու սկսինք, անոնք օդին եւ լոյսին հետ շփուելով` կը սկսին քիչ¬քիչ տարբաղադրուիլ:

– ՍՈՒՐՃԸ ճիշդ է, որ հիննալով մեր առողջութեան չի վնասեր, բայց անիկա անկասկած կը կորսնցնէ իր համն ու բոյրը: Սուրճի բոլոր սիրահարները կը հաստատեն այս ճշմարտութիւնը:

Եկէ՛ք` չտարուինք ծանուցումներով եւ պերճախօս վաճառողներու խօսքերով եւ ճիշդ ընտրութիւն կատարենք:

Ձեր Առաջին Հակազդեցութիւնը
Կը Բացայայտէ…

Բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ ունինք առաջնահերթութիւններ` ընտանիք, աշխատանք, բարեկամներ եւ այլն… Իսկ ո՞րն է ձերը:

Եթէ ձեզի կը սպասեն 4 հրատապ գործեր, դուք ինչպէ՞ս կը հակազդէք, ո՞ր մէկուն կու տաք առաջնահերթութիւնը:

1.- Լացող երեխան գրկել ու հանգստացնել,
2.- Բաց մնացած ծորակը գոցել, արդէն ջուրը լուացարանէն կը յորդի,
3.- Շտապել դուռը բանալու, հիւրերը արդէն հասած են,
4.- Պատասխանել աշխատավայրի թիւով հնչող հեռախօսին:

* * *

Եթէ առաջին հերթին կը շտապէք լացող երեխան գրկելու եւ հանգստացնելու, ընտանիքն է ձեր առաջնահերթութիւնը, կեանքի մէջ ամէն բան երկրորդական է` ընտանիքին հետ բաղդատած:

Եթէ անմիջապէս կը վազէք դէպի բաց ծորակն ու հոսող ջուրը, նիւթականն է ձեր առաջնահերթութիւնը. ոչ մէկ մսխում… զգացումները մէկ կողմ դրած` դուք կը գերադասէք գործնական միտքն ու տրամաբանութիւնը:

Եթէ ամէն բան ձգելով` կը փութաք դուռը բանալու, բարեկամներն են ձեր առաջնահերթութիւնը: Բարեկամները, փոխադարձ այցելութիւններն ու հաճելի զրոյցները օդի եւ ջուրի չափ կենսական են ձեզի համար:

Եւ վերջապէս, եթէ անմիջապէս հեռախօսին կը պատասխանէք, ձեր գործն ու ասպարէզը ամէն բանէ վեր կը գերադասէք: Ամբողջ հոգիով նուիրուած էք ձեր գործին, անիկա ձեր կեանքին իմաստն է, մղում տուողն ու դէպի առաջ տանողը:

Խոհագիր

Ոսպով Թաթխան

Հըմմոսին ծանօթ էք, նոյնպէս ալ` մութապպալին, բայց արդեօք իմացա՞ծ էք անոնց ոսպով տարբերակին մասին: Ստորեւ` բաղադրատոմսը:

Բաղադրիչներ`

1 գաւաթ խաշած սրճագոյն ոսպ
1 սոխ
2 պճեղ սխտոր
Քառորդ գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
Քառորդ գաւաթ կիտրոնի հիւթ
Քառորդ գաւաթ թահին
Քիմիոն, աղ, սեւ պղպեղ` ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Հարիչին մէջ դնել խաշած ոսպը, կտրատուած սոխը, սխտորը, ձէթը, կիտրոնի հիւթը, թահինն ու համեմները եւ լաւ հարել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ զարդարել մանրուած ազատքեղով, խաշած ոսպով, մանրուած լոլիկով եւ քիչ մը ձէթով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Օրերը մռայլ են, ահարկու,
Անորոշ ու գորշ են օրերը:
Լեռները բախւում են մէկմէկու,
Տագնապով մտնում են ձորերը:

Խեղդւում ենք մենութեան անձաւում,
Չենք քայլում, ուր մնաց թռնելը:
Անցեալը թողել ենք անցեալում,
Եւ փակ են գալիքի դռները:

Չգիտեմ, թէ ո՛ւր ենք գնալու,
Բայց գիտեմ, որ ինչ էլ պատահի,
Աշխարհում մենք մենք ենք մնալու`
Ճեղքելով չարութիւնն աշխարհի:

Աշխարհում մենք մենք ենք մնալու`
Մեր քամած հին գինու թնդութեամբ,
Մեր խորքով, մեր խօսքով քաղցրալուր,
Էն գլխից պարտուածի պնդութեամբ:

Կը մնանք (եւ դարձեալ նեղուելով)
Մեր ոգու խորհրդի խորութեամբ,
Մեր ժլատ Աստծու նուէրով –
Քարեղէն մեր կղզու գոյութեամբ:

Լեռները բախւում են մէկմէկու,
Ընկնում ու լցւում են ձորերը:
Օրերը մռայլ են, ահարկու,
Անորոշ ու գորշ են օրերը:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

Բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանի Վերջին Ստեղծագործութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Տիոր» նորաձեւութեան տունը թողարկած է նոր օծանելիք մը` «Ժ՛ատոր Լ՛օր»-ը, որ բուրագործ (parfumeur) Ֆրանսիս Քիւրքճեանի յղացումն է:

«Ժ՛ատոր Լ՛օր»-ը նուրբ համադրումն է նարինջի ծաղիկի, յասմիկի, նուշի, մանկայի, պանանի բոյրերուն: Անիկա մրգային եւ ծաղկային բոյրերու անզուգական միախառնումն է` յագեցած «սենթիֆոլիա ռոզ»-ի հզօր բուրմունքով:

Նշենք, որ բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան ունի իր անունը կրող օծանելիքի տունը, զոր հիմնած է 2009-ին, իր գործընկերոջ Մարք Չայայի հետ:

Ան հանրածանօթ դարձաւ, երբ 1995-ին «Ժան Փօլ Կօթիէ»-ի համար ստեղծեց «Լը Մալ» (Le Male) արական բոյրը: Ան աւելի եւս հանրայայտ դարձաւ, երբ ստեղծեց իր անունը կրող «Պաքարա» օծանելիքը:

Քիւրքճեան նաեւ գործակցած է Էլի Սաապ, Պըրպըրի, Նինա Ռիչի, Էլիզապէթ Արտըն եւ այլ հանրայայտ նորաձեւութեան տուներու հետ:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

– Որպէսզի լոլիկի խիւսը երկար դիմանայ ու անոր մակերեսը բորբոս չկապէ, անգամ մը որ շիշին կափարիչը բանաք, կափարիչին ներսի կողմը թեթեւակի մանանեխ քսեցէք ու կափարիչը կրկին փակեցէք: Այսպիսով լոլիկի խիւսը երկար ժամանակ թարմ կը մնայ շնորհիւ մանանեխին, որ հիանալի միջոց է բորբոսի, սունկերու եւ մանրէներու դէմ:

* * *

– Որպէսզի ձեր զգեստի պահարանը նեխէ, խոնաւութենէ եւ ցեցերէ պաշտպանէք, դարաններուն վրայ դափնիի տերեւներ զետեղեցէք: Տերեւները նախընտրաբար դրէք կտորէ ծրարիկներու մէջ եւ կախեցէք հագուստի կախիչներէն: Կրնաք նաեւ առանց ծրարիկներու ուղղակիօրէն զետեղել դարաններուն վրայ:

* * *

– Ձեր չոր ու ճաքած կրունկները փափկացնելու համար օգտագործեցէք պանանն ու կիտրոնը. անոնք ոչ միայն կը խոնաւցնեն մորթը, այլեւ կը պաշտպանեն սունկերէն:

Ձեզի անհրաժեշտ է մէկ հասուն պանան եւ կէս կիտրոնի հիւթ: Ստացուած խիւսով ծեփեցէք ձեր կրունկները, սպասեցէք կէս ժամ, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք զանոնք: Այս միջոցին դիմեցէք 3 յաջորդական օրեր եւ պիտի ապշիք արդիւնքէն:

* * *

– Տան մաքրութեան հետ կապուած ընթացիկ գործերը, քիմիական դեղերու հետ շփումը, անհաւասարակշռուած սննդականոնը պատճառ կը դառնան, որ ձեր եղունգները դիւրաբեկ դառնան ու կոտրտին: Տեւաբար առողջ եւ նաեւ մաքուր եղունգներ ունենալու համար, օրուան աւարտին առէք կիսուած կիտրոն մը եւ ձեր եղունգներով ճանկռտեցէք զայն ու շատ չանցած պիտի քաղէք արդիւնքը:

* * *

– Այրած քիմքին եւ լեզուին արագ դարման գտնելու համար փորձեցէք հետեւեալներէն մէկը.

Ա – Սառոյցի կտոր մը ծծեցէք:
Բ – Մածուն կերէք, բերնին մէջ քիչ-քիչ պահելով:
Գ – Լեզուին վրայ փոշի շաքար ցանեցէք:
Դ – Աղի ջուրով ձեր բերանը ողողեցէք:

Առողջապահական

Հրաժարեցէ՛ք Այս 6
Ընդհանրացած Սխալներէն

Բժիշկներու կարծիքով, դեղերը սպասուած արդիւնքը չեն տար սխալ սովորութիւններու պատճառով: Ստորեւ` 6 սխալ սովորութիւններ, որոնցմէ ժամանակ առաջ պէտք է հրաժարիլ, դեղերէն առաւելագոյն արդիւնք քաղելու եւ արագ ապաքինելու համար:

– Դեղահատը սխալ հեղուկով խմելը. այո՛, կան հեղուկներ, որոնք կը նուազեցնեն տուեալ դեղահատի մը ազդեցութիւնը. անոնց շարքին են` սուրճը, թէյը, կազաւորուած խմիչքները, կաթը եւ այլն… Նախընտրութիւնը տալ մի՛շտ ջուրին:

– Ժամկէտը անցած դեղահատ օգտագործելը. այո՛, առանց դեղագործին կարծիքը առնելու մի՛ շարունակէք օգտագործել ժամկէտը անցած դեղահատը: Անիկա ոչ միայն օգուտ չի տար, այլ նաեւ կրնայ վնասել ձեր առողջութեան:

– Սխալ սնունդ օգտագործելը եւս կրնայ ազդել… եթէ դեղահատը թելադրուած է կլլել ճաշի ընթացքին, ուշադրութիւն պէտք է դարձնել կերակուրին` տրուած ըլլալով, որ մանրաթելերով հարուստ տեսակները մարմնէն դուրս կը բերեն օգտակար բաղադրիչներու մէկ մասը: Այդ ուտելիքներէն թուենք` վարսակի փաթիլները, կաղամբը, սունկը, հատապտուղները, դդումը եւ այլն…

– Ժամերու խախտումը, յատկապէս անթիպիոթիքներու պարագային, կրնայ վճռական դառնալ: Բոլոր դեղերը առանց բացառութեան պէտք է կլլել ճշդուած ժամերուն: Դեղ մը մոռնալու պարագային, պէտք է անմիջապէս դիմել բժիշկին կամ դեղագործին կարծիքին:

– Քանի մը դեղահատ միասին կլլելը կրնայ կողմնակի ազդեցութիւններ պատճառել: Եթէ բժիշկը քանի մը դեղ նշանակած է, թելադրելի է զանոնք կլլել ընդմիջումներով` իւրաքանչիւրին միջեւ 10 վայրկեանի բաց մը ձգելով:

– Բուժումը կիսատ ձգելը եւս ընդհանրացած սխալ մըն է: Շատեր բուժումը կիսատ կը ձգեն, երբ արդէն որոշ բարելաւում կը զգան: Դեղերը պէտք է շարունակել բժիշկին ճշդած ժամկէտով: Չէ՞ որ բուժման իմաստը միայն դրսեւորուող նշաններէն ձերբազատիլը չէ, այլ` արդիւնքը պահպանելը:

Սննդագէտին Կարծիքով

Գիտէ՞ք, Թէ…

Սմբուկի թաթխանը (պապա ղաննուժը) նուազ ջերմուժ կը պարունակէ, քան սիսեռի թաթխանը (հըմմոսը): Այսպէս 2 ապուրի դգալ սմբուկի թաթխանը համազօր է 35 ջերմուժի, իսկ սիսեռինը` 60:

* * *

Սեխը աւելի ջերմուժ կը պարունակէ, քան ձմերուկը: Իւրաքանչիւր 100 կր. սեխը համազօր է 36 ջերմուժի, իսկ նոյն քանակութեամբ ձմերուկը` 30 ջերմուժ:

* * *

Եւ ըսել, որ հացը կը գիրցնէ… Գիտէ՞ք, թէ պզտիկ չափի արաբական հացի մէկ երեսը 80 ջերմուժ կը պարունակէ, 5 ընկոյզը` 130, երկու քառակուսի սեւ տուրմը` 107, բաժակ մը գինին` 125 եւ վերջապէս միջակ չափի աւոքատօ մը` 240:

* * *

Միջակ չափի եգիպտացորեն մը (150 կր.) 141 ջերմուժ կը պարունակէ: Եգիպտացորենը հարուստ է բնաթելով, Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով, հանքայիններով (մակնեզիոմ եւ փոթասիոմ), անթիօքսիտաններով, լիւթէինով, եւ այլ… եգիպտացորենը կը պահպանէ աչքին առողջութիւնը:

* * *

Ֆրանսական թոսթ հացին վրայ քսուած 2 ապուրի Նիւթելլան համազօր է 229 ջերմուժի, 2 ապուրի դգալ անուշը` 220 ջերմուժի, 2 ապուրի դգալ աւոքատոյի խիւսը` 115 ջերմուժի եւ վերջապէս 2 ապուրի դգալ «փինաթ պաթըր»-ը 255 ջերմուժի…

Խոհագիր

Աւոքատոյով Թաթխան

Սիսեռով, սմբուկով եւ ոսպով թաթխաններէն ետք, եկէք այսօր պատրաստենք աւոքատոյով թաթխան: Նրբահամ այս թաթխանին հետ կարելի է մատուցել չիփս, խորոված հաց կամ ձողիկներ:

Բաղադրիչներ

– 2 հատ կեղւուած աւոքատօ
– 2 պճեղ սխտոր
– Քառորդ գաւաթ կիտրոնի հիւթ
– Քառորդ գաւաթ թահին
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Հարիչին մէջ դնել վերոյիշեալ բոլոր բաղադրիչները եւ շատ կարճ ժամանակով հարել: Ստացուած թանձրուկը փոխադրել կէս փոս ամանի մը մէջ եւ զարդարել թոմաթ սըրիզով, թթուաշով կամ ձեռքի տակ գտնուող որեւէ տերեւով:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Դու վախենո՜ւմ ես ինձ սիրել, անգին.
Դու նախատում ես, թէ սիրտս մերկ է,-
Ասում ես` սիրոյդ գաղտնիքն անմէկին
Կ՛ասի աշխարհին իմ գրած երգը.
Մեր սիրոյ աստղը կը խամրի՜ լոյսից,
Ոճի՜ր կը դառնայ քո վսեմ մեղքը,
Ուրիշ սիրահար սրտե՛ր կը յուզի,
Սին փառքի փոխած սիրոյ վայելքը…
Օ՜, դու չգիտե՜ս բախտը պոէտի,
Չգիտես նրան մորմոքող վէրքը.-
Ի՜նչ ցաւ էլ նրա սիրտը կտրատի`
Աշխարհի համար դա միայն… ե՜րգ է:
Այդպէ՜ս է եղել դարերում բոլոր-
Մարդիկ չե՜ն տեսնում ամէնից մերկը…
Ոչ ոք չի զգայ քո գաղտնիքը խոր`
Չէ՞ որ ուրիշի համար նա… ե՛րգ է:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

Հետաքրքրական. Սուգի Պարեր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Պարը կ՛արտայայտէ իւրաքանչիւր ազգի բնորոշ գիծերը, մանաւանդ` բարքն ու քաղաքակրթութեան աստիճանը»

ԿՈՄԻՏԱՍ

Հայկական ազգային պարը իր ծագման օրէն արտայայտած է հայ ժողովուրդին կենցաղը, մտածողութիւնն ու վերաբերումը` կեանքին եւ բնութեան հանդէպ:

Արդէն նախաքրիստոնէական ժամանակներէն հայերը պարին հանդէպ շատ լուրջ եւ զգուշ վերաբերում ցուցաբերած են, քանի որ պարերը ունէին ծիսական նշանակութիւն եւ ձօնուած էին աստուածներուն, հետեւաբար որեւէ սխալ շարժում կը բարկացնէր աստուածները:

Հայ ժողովուրդը պարին մէջ իմաստաւորած է շարժումին կողմն ու ուղղութիւնը եւ անոր մէջ խորհուրդ տեսած է: Պարի ժամանակ աջ տեղաշարժը կոչուած է «ճիշդ երթալ», այսինքն` երթալ դէպի բարին: «Կողքով երթալ» նշանակած է հաղորդել «կեանքի տատանումները»: «Ձախ երթալ» նշանակած է ձախորդութեան, անյաջողութեան մատնուիլ:

Անցեալին, երբ երաշտը մեծ վնասներ կը պատճառէր, եւ հողը բերք չէր տար, մարդիկ այդ կորուստը կը սգային դէպի ծախ տեղաշարժուող «երաշտի պարեր»-ով» կամ «թարս պարեր»-ով:

Վաղնջական ժամանակներուն սուգի պարեր կը պարէին նաեւ յուղարկաւորութիւններու առիթով:

Մերձաւորի մահէն մէկ-երկու ամիս ետք, որպէսզի ընտանիքի անդամները սուգէն ելլեն, հանգուցեալին ընկերներն ու ազգականները կ՛այցելէին սուգ պահող հարազատներուն, անոնց կը ստիպէին ուտել, խմել եւ պարել: Այս արարողութիւններէն ետք սուգը աւարտած կը համարուէր, ու այս երեւոյթը կը կոչուէր «սուգէ հանել»:

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին

 Ի՞նչ Տեղ Կը Գրաւէ Դրամը
Ձեր Կեանքին Մէջ

Ի՞նչ արժէք ունի դրամը ձեզի համար, ան ի՞նչ դեր կը խաղայ ձեր կեանքին մէջ… Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Դրամը եղած է ծախսելու համար.

Ա.- Ամբողջովին համաձայն էք:
Բ.- Որոշ չափով համաձայն էք:
Գ.- Նայած կեանքի պայմաններուն:
Դ.- Երբեք համաձայն չէք:
Ե.- Կարծիք չունիք:

2

Եթէ հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեզի հարց տրուի, թէ որքա՞ն կը շահիք`

Ա.- Կը ստէք` աւելի բարձր գումար մը յայտարարելով:
Բ.- Չլսել կը ձեւացնէք:
Գ.- Կը ստէք` աւելի ցած գումար մը յայտարարելով:
Դ.- Անկեղծօրէն կ՛ըսէք, որ ատիկա իրենց չի վերաբերիր:
Ե.- Իրականութիւնը կ՛ըսէք:

3

Դրամ ունենալ` կը նշանակէ.

Ա.- Ծախսելու եւ վայելելու հաճոյք:
Բ.- Ապահովութիւն:
Գ.- Յաջողութիւն:
Դ.- Իշխանութիւն:
Ե.- Անկախութիւն:

4

Երբ մանուկ էիք, ձեր ծնողները ձեզի «գրպանի դրամ» կու տային`

Ա.- Երբ յիշէին:
Բ.- Շաբաթական դրութեամբ:
Գ.- Երբ յարմար նկատէին:
Դ.- Երբ դուք պահանջէիք:
Ե.- Հազուադէպօրէն:

5

Ձեր ասպարէզը կը փոխէք`

Ա.- Աւելի բարձր ամսականի մը համար:
Բ.- Աւելի ապահով գործի մը համար:
Գ.- Աւելի հետաքրքրական գործի մը համար:
Դ.- Աւելի պատասխանատու գործի մը համար:
Ե.- Աւելի ազատ ժամանակ ունենալու համար:

6

Պէտք է դրամ խնայել երեխաներուն ապագան ապահովելու համար:

Ա.- Երբեք համաձայն չէք:
Բ.- Մասամբ համաձայն էք:
Գ.- Ամբողջովին համաձայն էք:
Դ.- Որոշ վերապահութեամբ համաձայն էք:
Ե.- Կարծիք չունիք:

7

Երբ խօսուի անձի մը մասին, որ կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ հարստութիւն դիզած է`

Ա.- Կը հիանաք:
Բ.- Երանի կու տաք:
Գ.- Կը կասկածիք անոր պարկեշտութեան:
Դ.- Անարդար կը գտնէք:
Ե.- Ատելութեամբ կը լեցուիք:

8

Զոյգի մը սպառնացող մեծագոյն վտանգն է`

Ա.- Դրամական նեղութիւնը:
Բ.- Նախանձը:
Գ.- Սովորութիւնն ու միօրինակութիւնը:
Դ.- Անհաւատարմութիւնը:
Ե.- Անտարբերութիւնը:

9

Եթէ ամսուան վերջը հեռու է, իսկ ձեր դրամապանակը` գրեթէ պարապ.

Ա.- Աշխարհէն խռոված` հոգեկան անկում կ՛ապրիք:
Բ.- Կը մտածէք հաւանական լուծումներու մասին:
Գ.- Մօտիկ անձէ մը փոխ դրամ կ՛ուզէք:
Դ.- Ձեր ծախսերը կտրուկ կրճատելու որոշում կու տաք:
Ե.- Չէք տագնապիր, նման կացութիւն նախապէս ապրած էք:

10

Եթէ ձեր ձեռքը շատ մեծ գումար մը անցնի`

Ա.- Շքեղ ինքնաշարժ մը կը գնէք:
Բ.- Տուն մը կը գնէք:
Գ.- Կը ճամբորդէք:
Դ.- Ընկերութիւն մը կը հիմնէք:
Ե.- Գումարին չէք դպչիր, կը պահէք ձեր զաւակներուն ապագային համար:

ԱՐԴԻՒՆՔ

– Եթէ «Ա»-երու մեծամասնութիւն մը ապահովեցիք, դրամը հաճոյքի աղբիւր է ձեզի համար, նաեւ միջոց մը` ձեր երազանքները իրականացնելու:

Անհաշիւ ծախսող մըն էք, կրնաք մեծ գումարներ վատնել ձեզի կամ ձեր շրջապատին հաճոյք պատճառելու համար: Ձեր կարծիքով, կեանքը մէկ անգամ կ՛ապրիք, հետեւաբար պէտք է զայն լիարժէք վայելել: Կեանքի մէջ աւելի ճպուռ էք, քան մրջիւն, ձեր եկամուտը հաւասարակշռուելու եւ խելամիտ ծախսելու դժուարութիւն ունիք:

– Եթէ «Բ»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը ապաստան է ձեզի համար: Դրամին հետ ձեր յարաբերութիւնները փոփոխական են, երբեմն կը պաշտէք այն, երբեմն կ՛անտեսէք:

Անհաւասար ձեւով կը վարուիք անոր հետ, մսխումին կը յաջորդեն խիստ խայողութեան օրեր: Այս մօտեցումը ձեր ընտրութիւնն է պարզապէս…

– Եթէ «Գ»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, ձեր կարծածէն աւելի կը սիրէք դրամը, բայց չէք ուզեր խոստովանիլ կամ ընդունիլ: Դրամ ունենալը երբեմն յանցանքի զգացումը կու տայ ձեզի, ասիկա հաւանաբար ձեր ստացած դաստիարակութեան արդիւնքն է: Այլ խօսքով, դրամին հետ ձեր յարաբերութիւնները հաշտ չեն, զայն սիրելով հանդերձ, կը ջանաք անոր ստրուկը չդառնալ:

– Եթէ «Դ.»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը իշխանութիւն է ձեզի համար, միջոց` ձեր տեսակէտը պարտադրելու ձեր շրջապատին:

Կը սիրէք դրամը, որովհետեւ ընկերութեան մէջ ձեզի դիրք եւ վարկ կ՛ապահովէ: Առանց անոր` անպաշտպան, տկար եւ մեկուսացուած կը զգաք:

– Եթէ «Ե»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը պարզապէս անհրաժեշտութիւն մըն է ձեր կարծիքով: Թէեւ ձեզի համար դրամը օգտակար, գործնական եւ անհրաժեշտ է, սակայն բարոյական եւ զգացական ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ: Շատ անգամ անիկա նոյնիսկ մտահոգութեան աղբիւր է, կը զգուշանաք ներդրումներ կատարելէ եւ հասութաբեր ձեռնարկներ նախաձեռնելէ:

Կին Դէմքեր

 Մարկարեթ Թաչըրը Ըսած Է

Մարկարեթ Թաչըր դարձաւ Մեծն Բրիտանիոյ առաջին կին վարչապետը եւ 11 տարի ղեկավարեց աշխարհի ամենապահպանողական երկիրներէն մէկը: Խորհրդային լրագրողները զինք անուանեցին «Երկաթէ տիկին» եւ այդ անունը, ի դէպ, ան շատ հաւնեցաւ…

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս անսովոր կնոջ հետաքրքրական միտքերը:

1.- Ես աննախադէպ համբերատար եմ, պայմանաւ որ ի վերջոյ իմ ճամբաս անցնիմ:
2.- Առանց տնտեսական ազատութեան` ուրիշ որեւէ ազատութիւն գոյութիւն չունի:
3.- Պէտք է լաւ ուսումնասիրես թշնամիդ, օր մը կարելի է զայն ընկերոջ վերածել:
4.- Պարտադիր չէ, որ զրուցակիցիդ հետ համաձայնիս ամէն բանի շուրջ, որպէսզի անոր հետ լեզու գտնես:
5.- Տունը կնոջ համար պէտք է ըլլայ կեդրոն, բայց` ոչ կեանքի սահման:
6.- Ես ունիմ կնոջ կարողութիւնը` հաւատարիմ մնալու աշխատանքին եւ զայն շարունակելու, երբ բոլորը ձգելով` կը հեռանան անկէ:
7.- Պարտութի՞ւն, ես այս բառի իմաստին ծանօթ չեմ:
8.- Ես միջին եզրերու քաղաքական գործիչ չեմ, ես համոզումներ ունեցող քաղաքական գործիչ եմ:
9.- «Եթէ կ՛ուզես որեւէ բան ըսել, դիմէ տղամարդուն, եթէ կ՛ուզես որեւէ բան ընել, դիմէ կնոջ:
10.- Այն կինը, որ լաւ ըմբռնած է տուն վարելու դժուարութիւնները, աւելի լաւ կը հասկնայ երկրի կառավարման դժուարութիւնները:
11.- Աքլորը թերեւս լաւ ծուղրուղու կը կանչէ, սակայն միեւնոյնն է, հաւն է, որ հաւկիթ կ՛ածէ:

Խոհագիր

 Ծոթրինով Խրթխրթան Պատառիկներ

Եթէ տունը օթեկ արաբական հաց ունիք, մի՛ թափէք, այլ պարզապէս զանոնք օգտագործեցէք ծոթրինով խրթխրթան պատառիկներ պատրաստելու համար:

Հացի իւրաքանչիւր երեսին ձէթով ծոթրին տարածեցէք, գլանաձեւ փաթթեցէք, ապա իւրաքանչիւրը 4 սմ երկարութեամբ կտրատեցէք ու ափսէին մէջ շարեցէք:

180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփեցէք, մինչեւ որ պատառիկները ոսկեգոյն դառնան:

Մատուցեցէք բաց ամանի մը մէջ, կեդրոնը` քամած մածուն կամ որեւէ այլ թաթխան զետեղելով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ամենաերկար Բանաստեղծութիւնը

Ես  գրում եմ քեզ
աշխարհի ծայրից, մա՛մ,
որովհետեւ մենք իրարից
հեռու ենք ընդամէնը մէկ կամուրջ,
բայց սա աշխարհի ծայրն է,
որովհետեւ այստեղից այդտեղ եկողը
տեղ չի հասնում…
Դու ասում ես, որ
հացի հերթերում ամէն օր
հպարտութիւն են վաճառում,
դրա համար նախընտրում
ես հաց չուտել,
Ասում ես սուրճը եւ շաքարը վնասում էին առողջութեանդ,
հիմա շատ լաւ ես քեզ զգում,
շրջափակումը իսկական բժիշկ է, սննդաբան,
սրտաբան…
Ես քեզ ասում եմ, որ էլ չեմ ուտում քո սիրելի մրգերը,
դու ժպտում ես եւ ցոյց ես տալիս մեր այգու կարկտահարուած
խնձորները ու ասում ես, թէ
մի տեղ կարդացել ես, որ կարկուտից յետոյ
խնձորները ամենաօգտակարն են…
Կարօտի մասին խօսելիս,
դու ասում ես, որ աւելի մեծ կարօտներ կան աշխարհում,
Որոնք վերադարձ չունեն, ապա յիշում ես  քո  աշակերտներին,
ովքեր կռիւ գնացին ու էլ տուն չեկան:
Դու ասում ես, որ խաղաղութիւնը մի օր գալու է,
ուզի-չուզի գալու է,
որովհետեւ պատերազմները
միշտ գնում են խաղաղութեան յետեւից,
չեն հանգստանում
մինչեւ նրան յետ չեն բերում:
Ասում եմ, որ դու զարմանալի
լաւատես ես,
դու շարունակում ես ծաղիկներդ ջրել
ու ասում ես, որ աշխարհի
ամենասիրուն ծաղիկները
շրջափակման մէջ են ծաղկում, որովհետեւ
այդ օրերին տղամարդիկ
կամաց-կամաց հասկանում են, որ
ծաղիկները նուիրելու համար են,
որ իրենք հազար ու մի
ծաղիկներ կարող էին նուիրել,
հազար ու մի ծաղկեփնջեր,
հազար ու մի ուշադրութիւն:
Սէրը կանգնում է սովի դէմ
ու քո այգու բոլոր ծաղիկները
միանգամից բացւում են…
Կապը թոյլ է,
հեռախօսի մէջ մի քանի անգամ կրկնում ենք.
– Մամ
– Հեմ
– Մամ
Յետոյ Էդպէս էլ չեմ հասկանում հեմ ես ասում, թէ հէյ,
խօսում եմ ինչ մտքիս փչի,
վերջին ծիծաղ դէպքն եմ պատմում,  ծիծաղում եմ,
ինձ թւում է լսում ես,
որովհետեւ չես անջատել,
արագ անջատում եմ,
որ ծիծաղով աւարտենք:
Աշխարհի  ծայրում առաւօտ է, մա՛մ,
ես քեզ գրում եմ աշխարհի ծայրից,
որովհետեւ նեղ է աշխարհի քարտէսը եւ մեր մեծ գիւղը
չի տեղաւորւում այդ նեղութեան մէջ,
քարտէսի վրայ շրջափակումները տեղ չունեն:
Ես քեզ երէկ գոյնզգոյն գրիչներ եմ առել ու շատ տետրեր,
ախր սեպտեմբերի մէկ է, մա՛,
դու էդ օրերին ինձ
պտտեցնում էիր Ստեփանակերտի խանութներով, որ նուէրներ առնեմ աշակերտներիդ:
Հիմա ես նայում եմ դրանց
ու չգիտեմ, թէ ինչ եմ անելու,
որովհետեւ աշխարհի
ամենատխուր գրիչները ու ամենատխուր տետրերը
ապրում են աշխարհի ծայրում`
հազարաւոր գրախանութների փեղկերին
ու իմ ձեռքերում,
որովհետեւ աշխարհի ծայրում սեպտեմբերի մէկը երբեք չի ուշանում…
Ամենաերկար
Բանաստեղծութիւնը սա է,
որովհետեւ  այն սկսուել է անցած տարուան դեկտեմբերին
եւ չգիտեմ` երբ է աւարտուելու…

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

«Նամակներ մօրս»
2023թ. օգոստոս

 

 

 

 

 

 

Հետաքրքրական. Դաղդղան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բոլոր ժողովուրդներուն մօտ կարելի է հանդիպիլ հմայեակներու, որոնք չարխափան յատկութիւն ունին եւ կ՛օգնեն պաշտպանուելու չար աչքերէն: Հմայեակներուն մէջ ամէնէն տարածուածները կապոյտ ուլունքներն են, զորս մարդիկ կը կրեն իրենց վիզին կամ կը կախեն իրենց տան դրան վրայ:

Հայերը ունին իրենց յատուկ հմայեակը, որ դաղդղան կը կոչուի: Անիկա փայտէ պատրաստուած է, անցեալին ժողովուրդը զայն կրեր է որպէս զարդ, կախեր է անասուններու վիզէն, նորածին մանուկներու օրօրոցէն, որպէսզի պաշտպանուի չար ուժերէն: Դաղդղանները այլազան էին, սակայն ամենատարածուածները լուսնաձեւ եւ կիսալուսնաձեւ տեսակներն էին, քանի որ ժողովուրդը լուսինին կը վերագրէր գերբնական յատկութիւններ:

Դաղդղան պատրաստելու համար հայ վարպետները, օգտագործեր են բռինչ կոչուած ծառի փայտը. դաղդղանին վրայ փորագրեր են տարբեր նախշազարդեր: Հետաքրքրական է, որ իւրաքանչիւր դաղդղան իւրայատուկ էր եւ չէր կրկնուեր:

Դաղդղանի պատրաստութեան նրբութիւնները շատ մը վարպետներ գաղտնի կը պահէին, անոնք դաղդղանը պատրաստելէ առաջ հոգեպէս եւ մարմնապէս կը պատրաստուէին: Դաղդղան կը պատրաստէին յատկապէս պահքի օրերուն, լռութեան մէջ` միտքէն բարի խօսքեր եւ օրհնութիւններ արտասանելով:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ դաղդղան պատրաստող վարպետները քիչ են: Դաղդղաններու ամենամեծ հաւաքածոն կը գտնուի փայտարուեստի թանգարանին մէջ:

Մանկավարժին Կարծիքով

 Յանդիմանելու Կանոնները

Երեխային դաստիարակութիւնը շատ մեծ պատասխանատուութիւն է եւ` դժուար կացութիւն, երբ ան սխալ մը կը գործէ: Բնական է, որ ծնողը պիտի յանդիմանէ, երբ զաւակը սխալ մը գործէ, սակայն յանդիմանութիւնն ալ ունի իր կանոնները: Ստորեւ` քանի մը օգտակար խորհուրդ, որպէսզի յանդիմանութիւնը նպատակի ծառայէ:

Ճիշդ Պահուն

Երեխան պէտք է յանդիմանել ճիշդ պահուն, ոչ ուշացումով, որպէսզի ան կապը հաստատէ իր գործած սխալին եւ յանդիմանութեան միջեւ:

Հանդարտ Մնալ

Երեխային հետ գոռալով խօսիլը թէ՛ արդիւնքի չի հասցներ եւ թէ՛ կը նուաստացնէ զայն: Կարեւոր է պաղարիւնութիւնը պահել, խօսիլ հանդարտ, սակայն` կտրուկ եւ վճռական ոճով:

Չսպառնալ

Երեխան յանդիմանել` անոր սխալը մատնանշելով, բայց` անոր ներաշխարհը յուզող սպառնալիքներէն հեռու մնալ: Այսպէս, «քեզ այլեւս պիտի չսիրեմ», «դուն իմ տղաս չես», «ես տունը պիտի ձգեմ ու երթամ»` այս արտայայտութիւնները միմիայն կը խանգարեն երեխային ներաշխարհը եւ անձկութեան կը մատնեն զայն:

Դատապարտել Արարքը

Յանդիմանութեան ժամանակ պէտք է դատապարտել երեխային արարքը եւ ոչ` երեխան:

Չհամեմատել

Իւրաքանչիւր երեխայ իւրայատուկ է, զայն պէտք չէ համեմատել ուրիշներու հետ եւ, աւելի՛ն, չնուաստացնել:

Բացատրել

Առանց հիմնաւորումներու եւ բացատրութեան չյանդիմանել երեխան. ան յստակօրէն պէտք է հասկնայ իր յանցանքին ծանրութիւնը եւ անոր հետեւանքները:

Հետեւողական Ըլլալ

Եթէ օր մը երեխան ծանր յանդիմանութիւն ստացած է տուեալ յանցանքի մը համար, եւ ժամանակ մը ետք նմանօրինակ յանցանքի մը դիմաց աչք կը փակուի, ան եւս շփոթի կը մատնուի եւ կը դառնայ անուղղայ:

Յիշենք, որ վատ վերաբերմունքը, գոռոցը, վիրաւորական խօսքերը կամ ծեծը ոչ միայն դաստիարակիչ չեն, այլեւ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան երեխային մտային եւ հոգեկան զարգացման վրայ:

Ջանացէք միշտ վստահութեան կապ մը ստեղծել ձեր եւ ձեր զաւկին միջեւ, խօսելու ժամանակ ձեր ձեռքը դրէք անոր ուսին եւ խօսքի աւարտին բացատրեցէք, որ միշտ պատրաստ էք ներելու զինք…

Բնական Միջոցներով Առողջ
Մորթ Ունենալու Համար

Բոլորին չէ տրուած առողջ տեսքով, փայլուն մորթ ունենալ. բարեբախտաբար կան բնական եւ դիւրին միջոցներ` զայն ձեռք բերելու համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք դիւրին եւ ազդու չորս հնարքներ` բարելաւելու համար գունաթափած, յոգնած մորթին որակը:

Կիտրոնի Հիւթ

Կէս կիտրոնի հիւթին ապուրի դգալ մը մածուն աւելցնել եւ ստացուած թանձրուկով ծեփել դէմքը, սպասել 10-15 վայրկեան, ապա դէմքը լուալ գաղջ ջուրով:

Սոտա

Մէկ թէյի դգալ սոտային քանի մը կաթիլ ջուր աւելցնել եւ ստացուած խիւսը տարածել դէմքին վրայ: Մատներուն ծայրամասերով թեթեւ մարձումներ կատարելէ ետք դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:

Սխտոր

Սխտորը մեծ քանակութեամբ եթերաիւղեր կը պարունակէ, որոնք կը սպիտակացնեն մորթը եւ կը չէզոքացնեն մութ գոյնի արատները: Պարզապէս պէտք է սխտորի մեծ պճեղ մը կիսել եւ անով դէմքը շփել:

Զինկ Եւ Սելենիոմ

Կը կարծուի, որ դէմքին մորթին մութ գոյնի արատներուն պատճառը զինկի եւ սելենիոմի պակասի, անբաւարարութեան հետեւանք է: Հետեւաբար պէտք է ուտելիքներուն մէջ ներառել այս նիւթերով հարուստ սննդամթերքներ` ընկոյզ, կաթ, ոստ, սունկ, ձուկ, քրքում, ծովամթերք, լեարդ, շուշմայ եւ այլն…

Այս չորս միջոցները կ՛օգնեն սպիտակացնել մորթը եւ գունաթափել մութ գոյնի արատները: Ուշադրութի՛ւն. պէտք չէ չարաշահել վերը նշուած նիւթերու գործածութիւնը, յատկապէս եթէ զգայուն մորթ ունիք:

Գիտէ՞ք, Թէ…

  • Օրական 30 վայրկեան քալելով 60 ջերմուժ կը սպառէք:
  • Միջին հաշուով 3 ժամ շուկան թափառելով` կրնաք շուրջ 600 ջերմուժ սպառել: Իսկ օրական հանրախանութ երթալով եւ գնումներ կատարելով` կրնաք մինչեւ իսկ 400 ջերմուժ սպառել:
  • Վերելակէն հրաժարելու եւ աստիճաններով բարձրանալու պարագային, իւրաքանչիւր 2 յարկին համար 7 ջերմուժ կը սպառէք:
  • Ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ 15 երկվայրկեան խնդուքը 40 ջերմուժ կ՛այրէ:
  • 15 վայրկեան ելեկտրական փոշեկուլով գործերը կամ յատակը մաքրելով` 50 ջերմուժ կ՛այրէք, իսկ մէկուկէս ժամ արդուկ ընելով` 200 ջերմուժ:
  • 2 ժամ կեդրոնացած աշխատանք կատարելով` 100 ջերմուժ կ՛այրէք:
  • Ջութակ, դաշնակ նուագելու պարագային, 2 ժամուան ընթացքին 100 ջերմուժ կրնաք սպառել:

***

Խմիչքի բաժակները բռնելու յատուկ կանոններ կան. չենք կրնար զանոնք բռնել պատահական որեւէ տեղէ, եւ այսպէս`

  • Քոքթելի բաժակը պէտք է բռնել ոտքին վերի մասէն, իսկ երկրորդ ձեռքին ափը որպէս յենարան գործածել:
  • Քոնեաքի գաւաթին ոտքը պէտք է տեղաւորել ցուցամատին եւ միջնեմատին միջեւ, իսկ բութամատը օգտագործել որպէս յենարան:
  • Գինիի բաժակը պէտք է բռնել անոր ոտքի վարի մասէն:

***

Որպէսզի հաւկիթը երկար ժամանակ լաւ պահպանուի, պէտք է որդեգրել հետեւեալ 3 սկզբունքները.

ա.- Հաւկիթը պէտք է պահել սառնարանը, մանաւանդ եթէ անոր սպառումը շատ չէ: Գիտէ՞ք, թէ հաւկիթը մէկ օր սենեակի ջերմութեամբ պահելը համազօր է ամբողջ շաբաթ մը սառնարանը պահելու` որակի եւ թարմութեան իմաստով: Հաւկիթը կարելի է սառնարանէն դուրս պահել, անշուշտ` ոչ շատ երկար ժամանակով:

բ.- Հաւկիթները պէտք է պահել իրենց ծրարումի տուփով, որպէսզի սառնարանին մէջ տեղ մը դիպչելով չվնասուին, անոնց կեղեւը չճաթի: Վնասուած կեղեւով հաւկիթը շուտով կը կորսնցնէ իր որակը եւ կը կլանէ շուրջի ուտելիքներուն հոտերը:

գ.- Վերջապէս, սառնարանին մէջ խուսափեցէք հաւկիթները դնել զօրաւոր, շեշտուած հոտ ունեցող սննդամթերքի մօտ, ինչպէս` սեխը, կաղամբը… հաւկիթները կը կլանեն ուտելիքներէն արտահոսող հոտերը` իրենց կեղեւին պատճառով, տրուած ըլլալով, որ կեղեւները բաղկացած են միլիոնաւոր ծակտիկներէ:

Խոհագիր

Ֆրանսական Հաց`
Սխտորով Եւ Ազատքեղով

Անակնկալ հիւրե՞ր ունիք եւ վերջին վայրկեանին կ՛ուզէք արագ պատրաստուող եւ խմիչքի հետ մատուցուող իւրայատուկ բա՞ն մը հիւրասիրել, փորձեցէք այսօրուան խոհագիրը եւ զարմացուցէք ձեր հիւրերը…

Բաղադրիչներ

400-500 կ կշռող ֆրանսական կլոր կամ ձուաձեւ մեծ հաց մը,
100 կ կարագ,
4-5 պճեղ սխտոր,
3-4 ապուրի դգալ շատ մանր մանրուած ազատքեղ,
20 կ կրիւյեր կամ ձեռքի տակ գտնուող որեւէ դեղին, հալող պանիր:

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցուցէք 180 ջերմաստիճանով:

Հացին լայնքին եւ երկայնքին ուղղահայեաց եւ հորիզոնական ճեղքեր բացէք:

Փափկած կարագին աւելցուցէք ազատքեղը եւ պանիրը պատառաքաղով ճզմեցէք, որպէսզի խիւս մը ստանաք. այդ խիւսը քսեցէք հացին բոլոր բացուածքներուն մէջ:

Հացը նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփեցէք շուրջ 10 վայրկեան, մինչեւ որ պանիրը հալի:

Փուռէն հանելէ անմիջապէս ետք, քիչ մը տաշուած պանիր տարածեցէք հացին երեսին եւ անմիջապէս մատուցեցէք:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Մենք

Մենք այնքան խեղճ ենք ու այնքան անճար,
Վախկոտ ենք այնքան ու այնքան ենք թոյլ,
Ամէն դուրսպրծուկ կարող է դառնալ
Մեր գլխին` նորին գերազանցութիւն:
Մենք այնքան տհաս ու այնքան մեղք ենք,
Այնքան միամիտ, անզօր ու անխելք,
Ամէն տգէտ մեզ կարող է հերքել,
Ժխտել հիմնովին, որ մենք` այդ մենք չենք:
Մենք այնքան քնքուշ ու նուրբ ենք այնքան,
Այնքան բարակ են նեարդերը մեր,
Որ կարող են մեզ քառասուն անգամ,
Քառասուն ձեւի գզել ու մանել:
Մենք այնքան պարզ ենք ու անմտածուած,
Մեր դուռն այնքան մեր սրտի պէս բաց է,
Որ մենք կարող ենք մեր տունը մտած
Ամէն Յուդայի աստուածացնել:
Մենք այնքան փխրուն, այնքան ենք անձեւ
Եւ կաւի նման ամորֆ ենք այնքան,
Որ ամէն ոք մեզ կարող է հունցել
Ու իր ցանկութեամբ` ուզած տեսքը տալ:
Եւ մենք այնքան ենք մեր այս բախտից գոհ,
Որ թւում է, թէ աշխարհը մերն է,
Թէ սա կոչւում է ապրել մեծ կեանքով,
Հապա ասացէք` խեղդուելը ո՞րն է:

ՎԱԶԳէՆ ՕՎԵԱՆ

 

 

 

 

Հետաքրքրական. Յուշաղբիւրի Մը Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի յայտնի գործերէն է Սայաթ Նովայի յուշաղբիւրը:

Յուշաղբիւրին վրայ կը տեսնենք Սայաթ Նովայի դիմաքանդակը եւ աղբիւր մը: Այս աղբիւրէն ջուր խմելը շատ դժուար է, հոսկէ ջուր խմելու համար կա՛մ շատ ճկուն պէտք է ըլլալ, կա՛մ ալ անխուսափելիօրէն ոտքերը թրջել…

Իսկ ինչո՞ւ այսպէս կառուցուած է. աղբիւրին գաղտնիքը Սայաթ Նովային խօսքերուն մէջ պահուած է: «Դուն էն գլխէն» երգի համարներէն մէկուն մէջ բանաստեղծ-աշուղը կ՛ըսէ.

«Ամէն մարդ չի՛ կանայ խըմի`, իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է.
Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ`, իմ գիրն ուրիշ գրէն է»

Իսկ դուք երբեւէ փորձա՞ծ էք խմել այդ աղբիւրէն…

Նշենք, որ յուշաղբիւրը տեղադրուած է 1963-ին, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին եւ Սայաթ Նովա երաժշտական դպրոցին դիմացի պուրակին մէջ: 3 մեթր բարձրութեամբ ճերմակ մարմարէ կառուցուած յուշաղբիւրին հեղինակը, ինչպէս նշեցինք, Արա Յարութիւնեանն է, իսկ ճարտարապետը` Էդուարդ Սարապեանը:

Մանկավարժին Կարծիքով

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել
Դպրոցական Նոր Տարեշրջանը

Շուտով վերամուտ է, երեխաներու դասերուն եւ դպրոցական յաջողութիւններուն հետ կապուած հարցերուն վերաբերեալ կան երկու խումբի ծնողներ, անոնք, որոնք երեխան կը ձգեն իր վիճակին եւ կարողութիւններուն, որպէսզի փոքրիկը ինքնաբաւ դառնայ, եւ` երկրորդ խումբի մը պատկանողները, որոնք «խեղդելու» աստիճան կը շրջապատեն փոքրիկը այն հաստատ համոզումով, որ առանձին ձգուած փոքրիկը ձախողութեան դատապարտուած է:

Բարեբախտաբար այս երկու ծայրայեղութիւններուն միջեւ կան ծնողներ, որոնք միջին եզր մը գտած են օգնելու համար իրենց դպրոցական փոքրիկին:

Ինչպէ՞ս ապահովել երեխային դպրոցական յաջողութիւնը. այս հարցումին վերաբերեալ ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառու մանկավարժները:

  • Զարգացնել սորվելու փափաքը:

Տակաւին շատ կանուխէն մանուկը շրջապատին ծանօթանալու, սորվելու փափաք կ՛ունենայ: Կ՛ուզէ ամէն բան շօշափել, բերանը տանիլ եւ այլն…

Աւելի յառաջացած տարիքին ծնողքին պարտականութիւնն է զարգացնել այդ փափաքը` գիրքերու, պտոյտներու, ճամբորդութիւններու, թանգարաններ այցելելու ճամբով:

  • Հետաքրքրուիլ երեխային դպրոցական հարցերով:

Երեխային համար իր դպրոցական հարցերով հետաքրքրուիլ` կը նշանակէ իրմո՛վ հետաքրքրուիլ: Գրաւոր ստուգումներու նիշերը, վիճակացոյցը ստուգելը եւ քանի մը գնահատական կատարելը բաւարար չեն: Ծնողները պէտք է հետաքրքրուին նաեւ իրենց զաւակներուն դպրոցական առօրեայով, ընկերներով, ուսուցիչներով եւ դժուարութիւններով:

  • Ճանչնալ երեխային նախասիրութիւնները:

Զաւակներուն հետ յաճախակի խօսելով` ծնողները քիչ-քիչ կը ծանօթանան անոնց նախասիրութիւններուն, կարողութիւններուն, այլ խօսքով, կը ճանչնան իրենց զաւակները այնպէս, ինչպէս որ են, եւ ոչ թէ այնպէս, ինչպէս իրենք կը պատկերացնէին կամ կ՛ուզէին, որ ըլլան անոնք: Այսպիսով, ծնողները կը դադրին իրենց զաւակներուն մէջ տեսնելէ ապագայ բժիշկը, ճարտարապետը, դերասանը, երազներ, որոնք իրենք այնքան փափաքած, բայց չեն կրցած իրագործել:

  • Իմաստաւորել ուսումը:

Երեխան խթանելու եւ անոր մէջ պատասխանատուութեան զգացումը զարգացնելու համար երեխան պէտք է հասկնայ ու համոզուի, որ կ՛աշխատի ու կը սորվի ոչ թէ ծնողներուն, այլ իրե՛ն համար: Ան պէտք է կարենայ կապ մը հաստատել ներկայի իր աշակերտի իրավիճակին եւ ապագայի չափահասին միջեւ:

  • Սորվեցնել սահմանուած ժամանակին մէջ դասաւորուիլ:

Շատ կանուխէն երեխան պէտք է վարժուի որոշ ժամանակացոյցի մը հիմամբ աշխատիլ: Դպրոցէն վերադարձին ան պէտք է յստակօրէն գիտնայ, թէ պատառ մը ուտելէ ետք, որո՞նք են յաջորդ հանգրուանները:

Պատահականութեան ձգուած, անկազմակերպ աշխատանքը երեխային կը ստիպէ արթուն մնալ մինչեւ ուշ ժամեր եւ պարտականութիւնները կատարել թերի ու մակերեսային ձեւով:

  • Աշխատանքի յարմար միջավայր ստեղծել:

Խոհանոցը, ճաշասենեակը, թէ ննջարանը երեխան պէտք ունի լռութեան, լաւ լուսաւորումի, սեղանի եւ հանգստաւէտ աթոռի մը, որպէսզի կեդրոնանայ ու յաջորդ օրուան դասերը պատրաստէ:

Ծնողը պէտք է արգիլէ պատկերասփիւռի, համակարգիչի եւ այլ ելեկտրոնային սարքերու օգտագործումը` դասի ժամերուն:

Կարելի չէ «լրտեսել» երեխան` վստահ ըլլալու համար, որ իսկապէս կ՛աշխատի: Պէտք է պարբերաբար դիմել անոր, ի հարկին պատասխանել հարցումներուն, բայց մանաւանդ ցոյց տալ, որ ծնողքին վստահութիւնը կը վայելէ:

  • Աչքէ անցընել եւ ոչ թէ դատել:

Անգամ մը որ երեխան աւարտած է դասերը, ծնողքին կը մնայ աչքէ անցընել զանոնք եւ արագ ստուգում մը կատարել: Եթէ սխալներ կան մատնանշել, անհասկնալի նիւթեր` բացատրել, եւ այլն… Պէտք է զերծ մնալ նուաստացուցիչ, վիրաւորական խօսքերէ:

  • Օրինակ ծառայել:

Ինչո՞ւ երեխան դաս պիտի սորվի, երբ ծնողները պատկերասփիւռ կը դիտեն կամ բջիջայինով կը զբաղին: Ինչո՞ւ ճիգ պիտի թափէ ու չարչարուի, երբ շուրջը մեծերը բացասական արտայայտութիւններ կ՛ունենան աշխատանքի մասին: Ինչո՞ւ ազատ ժամերուն գիրք կարդայ, երբ ծնողները չեն կարդար…

Մանկավարժները կարեւորութեամբ կը շեշտեն, որ ծնողները պէտք է օրինակ ծառայեն իրենց զաւակներուն` թէ՛ որդեգրած ընթացքով, թէ՛ կեանքի մէջ իրենց պաշտպանած արժէքներով եւ թէ՛ խօսակցութեամբ ու բառապաշարով: Այլ խօսքով, զաւակներէն կարելի է պահանջել այն, ինչ որ տարիներու ընթացքին աչքով տեսած, ականջով լսած ու սորված են ծնողներէն:

5 Առօրեայ Իրերու
Այլընտրանքային Օգտագործում

Իրերը վերաիմաստաւորելու եւ զանոնք օգտագործելու ունակութիւնը հմտութիւն է, որ բոլորին տրուած չէ: Եկէք` տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են առօրեայ իրերուն եւ դիւրացուցած են իրենց կեանքը:

– Նկարին վրայ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կերպընկալէ շիշի մը գլխամասը օգտագործել կերպընկալ տոպրակ մը փակելու համար:

– Այս նկարին վրայ կը տեսնենք, թէ լուացքի լաթակալ մը ինչպէ՛ս կարելի է օգտագործել մատները մուրճի հարուածէն պաշտպանելու` գամ գամելու ժամանակ:

– Ակռայի խոզանակները զետեղելու համար ձեռքի տակ գաւաթ չկա՞յ, պարզապէս կարելի է օգտագործել ոսկորէ լաթակալներ` խոզանակները հաստատելով անոնց բացուածքներուն մէջ:

– Օդը տաք է եւ պաղպաղակը շատ արագ կը հալի՞. կարելի է օգտագործել քափ քէյքի թուղթէ կաղապարները:

– Շապիկին օձիքը ճմռթքուած է եւ ժամանակ չկայ արդուկելու, կարելի է օգտագործել մազերը հարթեցնող սարքը:

Խոհագիր

Պակեթ Հացով
Խրթխրթան Պատառիկներ

Բաղադրիչներ` 3-4 անձի համար

3 ապուրի դգալ կարագ
1 գաւաթ (250 մլ) մանրուած սոխ
2 գաւաթ շերտուած սունկ
1 գաւաթ քերոցէ անցած մոցարելլա պանիր
1 հաւկիթ
Օրեկանօ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պակեթ հաց մը

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Կարագը հալեցնել, աւելցնել սոխն ու սունկը եւ եփել, մինչեւ որ փափկանան:

Աւելցնել` հաւկիթը, օրեկանոն, աղն ու պղպեղը եւ խառնել:

Պակեթ հացը կլոր շերտերու վերածել, շարել փուռի ափսէին վրայ, իւրաքանչիւրին վրայ վերոյիշեալ խառնուրդէն դնել, երեսը ծածկել տաշուած պանիրով եւ տաք փուռին մէջ եփել 12-15 վայրկեան, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Մատուցել խմիչքի հետ կամ աղցանի մը կողքին:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ձիաւորներս

(Բերդաւանի Զոհերու Յիշատակին)

Ի՜նչ ձիեր էին, ի՜նչ ձիաւորներ,
Ո՞վ ինձ անիծեց, յանցանքս ո՞րն էր…
Այն ե՞րբ էր, այն երբ. չդիմանալով
Վիրաւորներիս վէրքերի ցաւին`
Նրանք գնացին ինչ-որ աշխարհից
Բերելու ինչ-որ անմահական ջուր:
Որտե՞ղ մնացին,
Ինչո՞ւ ուշացան:
Հպում եմ հողին ականջս թաքուն`
Լսելու հեռուից դոփիւն ու խրխինջ,
Բայց ցա՜ւն է միայն աճում իմ հոգում,
Ես հեռուներից չեմ լսում ոչինչ:

Ի՜նչ ձիեր էին, ի՜նչ ձիաւորներ…
Ի՞նչ դեւերի հետ նրանք բախուեցին,
Ի՞նչ անդունդների վրայով անցան,
Վիրաւորներս անտէր մնացին,
Ձիաւորներս ինչո՞ւ ուշացան:
Ծանր տագնապ է խոհերիս իջել,
Բայց չեմ մտածում դեռ ոչ մի վատ բան,
Վիրաւորներիս խնդրում եմ` քի՜չ էլ,
Քի՜չ էլ դիմացէք, ուր որ է` կը գա՜ն…
Կանգնել եմ այսպէս ամայութեան դէմ,
Որպէս հաւատի շնչաւոր արձան.
Վիրաւորներս մեռնում են արդէն,
Ձիաւորներս ինչո՞ւ ուշացան:

ԻԳՆԱՏ ՄԱՄԵԱՆ

 

 

 


Լաւատե՞ս, Թէ՞ Յոռետես Զաւակ Դաստիարակած Էք

$
0
0

Մանուկներուն բացասական եւ յոռետես մտածումները պայմանաւորուած են անոնց ունեցած տհաճ փորձառութիւններով:

Որո՞նք են յոռետես երեխային ախտանշանները.

Ա.- Երեխան շատ արագ կը զայրանայ ինքն իր վրայ:
Բ.- Ան դժուար կը հանդուրժէ անյաջողութիւնները, կորուստներն ու հիասթափութիւնները:
Գ.- Ան առաջին իսկ դժուարութեան դիմաց կը յանձնուի:
Դ.- Ան կը չափազանցէ տհաճ իրադարձութիւնները:
Ե.- Ան ինքզինք կը մեղադրէ արտաքին գործօններու պատճառով պատահած բաներու համար:

Երեխան հեռու պահել մռայլ միտքերէն.

Յաճախ մանուկները, երբ հարց մը ունենան, օրինակ` գրաւոր ստուգումի մը ձախող նիշ ստանան, ընկերոջ մը հետ վիճին կամ խաղի մը աւարտին պարտուին, մեղաւորութիւնը միայն իրենց մէջ կը փնտռեն, իրենք զիրենք անկարող եւ անյաջողակ կը համարեն: Նման պարագաներու, պէտք է սփոփել մանուկը եւ ըսել, որ այդպէս կրնայ պատահիլ շատերու հետ, եւ կեանքը հոն կանգ չ՛առներ, կարեւորը սխալներէն սորվիլն է եւ ուրիշ անգամ չկրկնելը:

Յոռետես մանուկը մէկ օրէն միւսը չի փոխուիր, կարեւոր է, որ պարզուի այս բացասականութեան պատճառը, եւ համապատասխան քայլեր որդեգրուին:

Իսկ ձեր երեխան յոռետե՞ս, թէ՞ լաւատես է, եկէք` ստուգենք:

1

Խաղի մէջ ընկերոջ յաղթելով` երեխան ձեզի կ՛ըսէ.

Ա.- «Ես լա՛ւ խաղացի»:
Բ.- «Ընկերս խաղալ չի գիտեր»:

2

Փայլուն արդիւնքներով վիճակացոյց տուն բերած է, քանի որ, ըստ իրեն`

Ա.- Շատ լաւ աշխատած է:
Բ.- Դասերը շատ դիւրին են:

3

Կը պատմէ, թէ ուսուցիչէն յանդիմանութիւն ստացած է, քանի որ`

Ա.- Կը շատախօսէր դասապահի ընթացքին:
Բ.- Բոլորը կը շատախօսէին:

4

Կը մտածէ` երկինքը ամպոտած է, ուրեմն`

Ա.- Վաղը պիտի անձրեւէ, եւ բնութիւնը պիտի մաքրուի:
Բ.- Վաղը պիտի անձրեւէ, եւ բացօթեայ պիտի չկարենայ խաղալ ընկերներուն հետ:

5

Ոտնագնդակի խաղի ընթացքին կ՛իյնայ, կը վիրաւորուի ու կ՛ըսէ.

Ա.- Սովորական է, բոլոր ֆութպոլիստներն ալ կ՛իյնան ու կը վիրաւորուին:
Բ.- Եթէ ընկերս չհրէր, կոլ նշանակած կ՛ըլլայի:

6

Տարեդարձին առիթով իր մակարդակէն բարձր գիրք մը նուէր կը ստանայ ու կ՛ըսէ.

Ա.- Հոգ չէ, գրադարանս կը դնեմ եւ աւելի ուշ կը կարդամ:
Բ.- Այս մարդիկը խելք չունի՞ն, ոչ իսկ բառ մը կը հասկնամ:

* * *

Որքան ձեր պատասխաններուն մէջ գերակշիռ է «Ա» տարբերակը, այնքան ձեր երեխան ինքնավստահ ու լաւատես է:

Այլազան

 Տայանա Իշխանուհիին «Սեւ Ոչխար»-ը
Նոր Մրցանիշ Արձանագրեց

Անցեալ հինգշաբթի Նիւ Եորքի Սոթպի՛զ աճուրդի տան մէջ աննախընթաց նոր մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ, երբ Տայանա իշխանուհիին «Սեւ ոչխար» բրդեայ սուեթըրը 1,14 միլիոն տոլարի վաճառուեցաւ…

Արքայադուստր Տայանան սուեթըրը հագած էր 1981-ին, իր ամուսնութենէն ընդամէնը ամիս մը առաջ, փոլոյի խաղի մը ընթացքին:

Կարմիր սուեթըրին վրայ պատկերուած է ճերմակ ոչխարներու հօտ մը, որուն մէջ առանձնացած է սեւ ոչխար մը:

«Պալանսիակա» Նորաձեւութեան Տան
Վերջին «Գլուխ Գործոց»-ը

«Պալանսիակա» նորաձեւութեան տունը, որ յայտնի է իր արտասովոր եւ հակասական ոճով, դարձեալ ուշադրութեան առարկայ է հազար տոլարէն աւելի արժող անձրեւային մոյկերուն պատճառով:

«Պալանսիակա»-ն յաճախ հագուստներ եւ կօշիկներ կը ներկայացնէ ծիծաղելի գիներով: Շքեղ ապրանքանիշը կը վաճառէ պատռած հագուստ` 100 հազարաւոր տոլարի, տձեւ գլխարկ` 360 տոլարի, կեղտոտ բաճկոն` 3000 տոլարի եւ այլն… Նկարին վրայ կը տեսնէք 1000 տոլար արժող անձրեւային մոյկերը:

Քրիսթիան Լուպութենի Վերջին
Ստեղծագործութիւնը

ASTROLOUBI-ին Լուպութենի վերջին զգայացունց յղացումն է:

ASTROLOUBI-ինները սովորական մարզական կօշիկներ չեն. տարբեր գոյներու համադրութեամբ մարզական կօշիկներ են` ներշնչուած 90-ական թուականներէն եւ, ըստ ոճաբանին, 5 տարբերակներէն իւրաքանչիւրը կը համապատասխանէ որոշ տեսակի տրամադրութեան:

Այս ոճային հաճոյքը կ՛արժէ շուրջ հազար տոլար:

Գործնական Գիտելիքներ

Պայուսակի 3 Տեսակներ, Որոնք
Կրնան Վնասել Ձեր Առողջութեան

Պայուսակները գործնական, ինչպէս նաեւ ոճային աքսեսուարներ են, սակայն որոշ տեսակներ կրնան վնասել ձեր առողջութեան, եթէ ճիշդ ձեւով չկրէք զանոնք:

ՄԵԾ ՉԱՓԻ ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐԸ թէեւ նորաձեւ եւ գործնական են, բայց անոնք կրնան մկանային լարուածութիւն պատճառել: Մէկ ուսի վրայ չափազանց ծանր պայուսակ կրելը անհաւասար ճնշում կը գործադրէ ձեր ողնաշարին վրայ` մկանային եւ յօդակապերու ցաւեր պատճառելով:

Վնասը նուազագոյնի իջեցնելու համար ջանացէք չծանրաբեռնել ձեր պայուսակը աւելորդ իրերով եւ զայն փոխնիփոխ կրեցէք երկու ուսերուն վրայ:

ՔԼԱՉ ԿԱՄ ՓՈՇԵԹ ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐԸ վայելուչ են եւ` յատուկ առիթներու համար նախատեսուած: Դժբախտաբար զանոնք երկար ժամանակ կրելու պարագային, կը լարեն ձեռքի, դաստակի եւ մատներու մկաններն ու յօդերը:

Քլաչ պայուսակը անվտանգ կրելու համար յաճախակի փոխեցէք ձեռքերը` առիթ տալով, որ ձեր մատներն ու դաստակները թուլանան: Ջանացէք միայն անհրաժեշտ իրերով ծանրաբեռնել ձեր քլաչ մատներու եւ դաստակներու պրկումը նուազագոյնին իջեցնելու համար:

* * *

ՈՒՍԱՊԱՐԿԵՐԸ իրենց գործնականութեան պատճառով ընդհանրացած են, սակայն անոնց սխալ օգտագործումը կրնայ մէջքի ցաւ եւ վնասուածք պատճառել: Վստահ եղէք, որ ձեր ընտրած ուսապարկը որակաւոր եւ լաւ սերտուած տարբերակ է` հաստատուն եւ հանգստաւէտ ուսնոցներով: Խուսափեցէք ձեր ուսապարկը չափէն աւելի ծանրաբեռնելէ, լաւ տեղաւորեցէք զայն ձեր կռնակին ու ուսերուն վրայ` ծանրութիւնը հաւասարակշռելու եւ ձեր մարմնին մէկ կողմի լարուածութիւնը կանխելու համար:

Արծաթեայ Զարդերը Մաքրելու
5
Տարբերակներ

Արծաթեայ զարդերու խնամքն ու պահպանումը դժուար գործ չէ: Բաւարար է զանոնք մաքրել տարեկան մէկ-երկու անգամ, բայց կարեւոր է իմանալ, թէ այդ իրերը ինչպէս պէտք է պահպանել, որպէսզի չսեւնան ու պահեն իրենց փայլքը:

Օդի, խոնաւութեան եւ քիմիական նիւթերու պատճառով արծաթեայ զարդերը հակուած են սեւնալու կամ գունաթափուելու. հետեւաբար`

– Պաշտպանեցէք ձեր զարդերը օդէն, երբ զանոնք չէք կրեր: Տեղաւորեցէք զիփ լոք կերպընկալ փոքրիկ տոպրակներու մէջ եւ վստահ եղէք, որ տոպրակին օդը ամբողջութեամբ պարպուած է: Այսպիսով դուք կը սահմանափակէք ձեր զարդերու շփումը թթուածինի հետ:

– Խուսափեցէք արծաթեայ զարդերով լոգնալէ եւ մանաւանդ` լողաւազան մտնելէ: Պնակները լուալու կամ տան մաքրութեամբ զբաղելու ժամանակ արծաթեայ զարդերը մէկ կողմ դրէք:

Ինչպէ՞ս Մաքրել Արծաթեայ Զարդերը

– 1 –

Փոս ամանին յատակը ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել, արծաթեայ զարդը մէջը տեղաւորել, ապուրի դգալ մը սոտա կամ աղ ցանել  եւ տաք ջուր աւելցնել: Սպասել 10 վայրկեան, ապա ցօղուել եւ փափուկ լաթով մը չորցնել:

– 2 –

Կիտրոնի հիւթը եւս լաւ տարբերակ է արծաթեայ իրերը մաքրելու համար: Թէյի դգալ մը սոտային վրայ քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցնել, այս խառնուրդով շփել զարդը` փափուկ լաթի մը կամ բամպակի միջոցով, ապա ցօղուել հոսող ջուրի տակ եւ ցամքեցնել:

– 3 –

Արծաթեայ որոշ զարդեր կարելի է մաքրել ակռայի դեղով, մանաւանդ եթէ հարթ մակերես չունին: Նման պարագայի, կարելի է դեղը դնել ակռայի խոզանակին վրայ եւ խոզանակելով վստահ ըլլալ, որ զարդին բոլոր փոսիկներն ալ մաքրուեցան: Անշուշտ վերջաւորութեան առատօրէն ցօղուել եւ անմիջապէս ցամքեցնել:

– 4 –

Քացախը ծանօթ է իր մաքրող եւ սպիտակացնող յատկութիւններով: Զարդերը թրջել հաւասար համեմատութեամբ ջուրի եւ քացախի խառնուրդի մէջ: Սպասել քառորդ ժամ, յետոյ ցօղուել եւ ցամքեցնել:

– 5 –

Որքան ալ զարմանալի թուի, քոլան եւս մաքրելու յատկութիւն ունի: Գաւաթի մը մէջ քոլա լեցնել եւ արծաթեայ շղթան ամբողջ գիշեր մը մէջը պահել: Յաջորդ առտու ցօղուել եւ ցամքեցնել:

Խոհագիր

Գետնախնձորի
Խրթխրթան Կեղեւներ

Բաղադրիչներ

– Գետնախնձորի կեղեւ
– Աղ (նախընտրաբար` փաթիլներ)
– Կարմիր փոշի պղպեղ (կարելի է այլ համեմներ ալ օգտագործել` ըստ ճաշակի)
– Ձիթապտուղի ձէթ

Պատրաստութիւն

Այսուհետեւ գետնախնձորի կեղեւները չթափէք, զանոնք օգտագործեցէք խրթխրթան չիփսեր պատրաստելու համար:

Շատ լաւ լուացուած գետնախնձորի կեղեւները ամբողջ գիշեր մը աղի ջուրի մէջ թրջել (կարելի է աղը փոխարինել ապուրի դգալ մը ճերմակ քացախով):

Յաջորդ օրը կեղեւները քամոցէ անցընել եւ մաքուր լաթի մը վրայ տարածելով` ցամքեցնել:

Ափսէի մը յատակը ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել, կեղեւները ափսէին մէջ տարածել, աւելցնել ձիթապտուղի ձէթը, աղի փաթիլները եւ կարմիր փոշի պղպեղը: Ձեռքերով խառնել` վստահ ըլլալու համար, որ կեղեւները ներծծած են ձէթն ու համեմները:

Ափսէին մէջ լաւ տարածել կեղեւները` իրարմէ քիչ հեռու եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 15-20 վայրկեան: Մատուցել որեւէ թաթխանի կողքին:

Գիտէ՞ք, Թէ

Գետնախնձորին կեղեւը չափազանց հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքայիններով: Անիկա կը պարունակէ Սէ., Պէ. 5 եւ Պէ. 6 կենսանիւթեր, ինչպէս նաեւ հանքայիններ` կիր, երկաթ, զինկ, մանկանեզ, մակնեզիոմ, փոթասիոմ եւ այլն…

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ամպել էին, մթնել էին
Դէմի լեռները,
Պարան-պարան կապում էին,
Ա՜խ, մեր բեռները:

Կապում էին աման-չաման
Ու հին կարպետը,
Թողնում էին մեր թթենին,
Մեր տունն ու գետը:

Կապում էին վերմակ ու բարձ
Ու հին պղինձը,
Թողնում էին ոսկէ առուն,
Մեր դաղձն ու սինձը:

Դարսում էին, կապում էին
Մեր ճամբի հացը,
Թփերի տակ թողնում էին
Ծիծաղս ու լացս:

Պարան-պարան կապում էին,
Ա՜խ, մեր բեռները,
Ամպերի տակ թողնում էին
Մեր հին լեռները…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը. «Մենք Ենք Մեր Սարերը»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ստեփանակերտի, ինչպէս նաեւ Արցախի խորհրդանիշն է «Մենք ենք մեր սարերը» կամ, ինչպէս տեղացիները կ՛անուանեն` «Տատիկ Պապիկ» տուֆակերտ կոթողը: Քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեանի ստեղծագործութիւնը կը խորհրդանշէ ընտանեկան արժէքներու եւ կեանքի պահպանման նկատմամբ արցախցիներու անկոտրում կամքը, ինչպէս նաեւ` արցախեան հողին եւ ժողովուրդին արմատներուն միջեւ արիւնակցական կապը:

Մէջբերումներ` քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեանի որդի Աշոտ Բաղդասարեանի յուշերէն, ինչ կը վերաբերի յուշակոթողին:

«Երբ նա կերտում էր իր նշանաւոր քանդակը, մտքովն անգամ չէր անցներ, որ այն կը դառնայ Արցախի խորհրդանիշը, իսկ աւելի ուշ տեղ կը գտնի հանրապետութեան զինանշանի վրայ: «Դեդաբաբոն» կամ, ինչպէս ճիշդ է անուանել` «Մենք ենք մեր սարերը» կամ «Ղարաբաղցիները» կոթողը պատուանդան չունէր: Հայրիկը նպատակ ունէր ցոյց տալու, որ կոթողն անմիջապէս հողից է սկիզբ առնում` ծնւում ու շարունակւում հողի վրայ ամուր կանգնելու համար»:

* * *

Հայրիկը չէր մտածում, որ այն ուխտատեղի պէտք է դառնայ. նախատեսուած էր հեռուից նայելու համար: Եթէ մտածէր` ուխտատեղի կը դառնայ, աստիճաններ ու յարմարաւէտութիւն կը ստեղծէր այցելուների համար: Չգիտեմ` նոր բարեկարգումները սրտով կը լինէր, թէ ոչ, բայց երեւի իրեն էլ կը համոզէին, որ այդպէս է լաւ»:

* * *

«Տարբեր վարկածներ եմ լսել կոթողի մասին: Սկզբում ասում էին` իր տատիկին ու պապիկին է կերտել: Բայց հայրիկը հաւաքական կերպար է ընտրել, հակառակ դէպքում` կոթողը կը կորցնէր իր իմաստը: Ասում են` կոթողի տակ մարդիկ կան թաղուած, դա էլ իրականութեան չի համապատասխանում»:

* * *

«1967-ի նոյեմբերի 1-ին Ստեփանակերտի բլուրներից մէկի վրայ կանգնեցուեց. «Մենք ենք մեր սարերը» արձանը: Կոթողի բացումը հէնց այդ շրջանում չի եղել. չէին ուզում շատ ուշադրութիւն գրաւել: Պաշտօնական բացումը եղաւ միայն 2014-ին: Վստահ եմ` հայրիկը ուրախ կը լինէր տեսնելով այդ օրը»:

* * *

«Հայրիկին առաջարկել էին կոթողի մէջ դատարկ թողնել, յետեւից դուռ բացել: Իմաստն այդպէս էլ չհասկնալով` մերժեց: Ամրութեան համար մէջը բետոն լցնել տուեց: Մի անգամ նկատել էինք, որ պայթուցիկ նիւթի համար տեղ է փորուած: Արձանի վրայ «Գորշ գայլերի» գրութիւն էինք նկատել, ճակատին էլ` կրակոցի հետքեր»:

* * *

«Պապային երկու արուեստանոց էին տուել, մէկում աշխատում էր, միւսը բնակարան էր դարձրել: Ես հետեւում էի նրա գործերին այնքանով, որքանով արուեստանոցում եմ մեծացել: Նրա ստեղծած բոլոր գործերին ականատես եմ եղել: «Ղարաբաղցիները» ստեղծելու ժամանակ 8 տարեկան երեխայ էի: Յիշում եմ` միշտ զարմանում էի, թէ ո՛նց է միաժամանակ մի քանի քանդակի վրայ աշխատում: Վստահ եմ` երբեք չէր մտածի, որ հէնց այս աշխատանքն այսքան հնչեղութիւն կ՛ունենայ, կը դառնայ պատմութիւն ու Արցախի խորհրդանիշ»:

* * *

«Ուրախ եմ, որ հայրիկն իր փառքը վայելել է: Գիտէր, որ հայրիկն իր փառքը վայելել է: Գիտէր, որ մարդկանց մի մասը ճանաչում էր իրեն, ինչո՞ւ մի մասը, որովհետեւ ո՞վ է հիմա ճանաչում քանդակների հեղինակներին: Այդ նրանք են առաքելութեան նման պատմութիւն ստեղծում, իրենք` թողնում, գնում…»:

Կին Դէմքեր

 Նարժես Մուհամատտի

Հոկտեմբեր 6-ին Օսլոյի մէջ 2023 թուականի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը շնորհուեցաւ իրանցի գործիչ Նարժես Մուհամմատիին:

51 տարեկան գործիչ-լրագրողը պարգեւատրուեցաւ «Իրանի մէջ կիներու ճնշումներու դէմ պայքարի եւ առհասարակ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութեան պայքարի համար», օրին յայտարարեց Նորվեկիայի Նոպելեակ կոմիտէի նախագահը:

Լրագրողուհին 2016-ին 16 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ իր գործունէութեան համար, իսկ վերջերս անոր պատիժը երկարաձգուեցաւ:

Նարժես Մուհամմատին ներկայիս փոխնախագահն է Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու կեդրոնին, զոր կը գլխաւորէ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիր փաստաբան Շիրին Էպատին:

Նշենք, որ Էպատին 2003-ին նոյն մրցանակին արժանացաւ «Իրանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու խթանման ուղղուած իր ջանքերուն համար»: Ան առաջին մահմետականն էր եւ առաջին իրանցին, որ կ՛արժանանար այս մրցանակին:

Հինը Նորի Վերածենք

Ինչպէ՞ս Երկրորդ Կեանք Մը Տալ
Տղամարդու Շապիկի Մը

Իրերը վերաիմաստաւորելու եւ անոնց երկրորդ կեանք մը տալու ունակութիւնը հմտութիւն է, որ բոլորին տրուած չէ: Եկէ՛ք` տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են տղամարդու հին շապիկներու:

Եւ այսպէս`

Ա.- Կարելի է հին շապիկի մը թեւի ծայրամասէն (manchette) բջիջայինի աման մը պատրաստել,

Բ.- Հին շապիկ մը եւ փողկապ մը շուկայի պայուսակի վերածել,

Գ.- Հին շապիկ մը բարձի երեսի վերածել,

Դ.- Հին շապիկ մը խոհանոցի գոգնոցի վերածել,

Ե.- Հին շապիկ մը տարբեր իրեր տեղաւորելու տոպրակի մը վերածել,

Զ.- Վերջապէս, հին շապիկի մը թեւերը խմիչքի շիշերը ծրարելու օգտագործել:

Խոհագիր

Սմբուկով Նախուտեստ

Բաղադրչներ

– 2 սմբուկ
– 1 միջակ լոլիկ
– 1 պճեղ սխտոր
– 50 կ մայոնեզ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– Թարմ կամ չոր սամիթ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ընկոյզ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Սմբուկները երկայնքին բարակ շերտերու վերածել եւ աղաջուրի մէջ դնել. կէս ժամ ետք սմբուկի շերտերը մաքուր անձեռոցի մը վրայ փոխադրել, որպէսզի ցամքին:

Լոլիկը բարակ շերտել, սխտորը ճզմել, սամիթը մանրել, աւելցնել ընկոյզն ու մայոնեզը եւ խառնել, համեմել:

Տապակին մէջ ձէթը տաքցնել եւ սմբուկները երկու երեսով տապկել, ապա ծծուն թուղթի վրայ փոխադրել: Առնել իւրաքանչիւր շերտ եւ վրան մայոնեզի խառնուրդէն տարծել, ապա սմբուկը գլանաձեւ փաթթել:

Սմբուկի գլանները շարել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ եւ զարդարել սամիթի կամ ազատքեղի տերեւնեով, նուռի հատիկներով կամ մանրուած ընկոյզով:

Գիտէ՞ք, Թէ…

– Սամիթին հայրենիքը հին Հռոմը, Յունաստանն ու Եգիպտոսը եղած են: Անցեր են հազարամեակներ, բայց մինչեւ օրս անիկա կ՛օգտագործուի բժշկութեան, խոհարարութեան եւ գեղեցկագիտական արտադրութիւններու մէջ:

– Անցեալին սամիթի տերեւներով կը լոգնային, իսկ անոր անուշաբոյր իւղով մարմին կ՛օծէին:

– Սամիթը կը պարունակէ Սէ. եւ Պէ. խումբի կենսանիւթեր եւ բազմաթիւ հանքայիններ` մակնեզիոմ, երկաթ, կիր, փոթասիոմ, եւ այլն… այս պատճառով ալ սամիթին բուժիչ յատկութիւնները անհամար են. այսպէս`

Ա.- Կ՛օգնէ անքնութենէ տառապողներուն:
Բ.- Կը պահպանէ ոսկորներուն առողջութիւնը:
Գ.- Կը կարգաւորէ շաքարի մակարդակը արեան մէջ:
Դ.- Կը պայքարի վարակներուն դէմ եւ կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը:
Ե.- Կը թեթեւցնէ արթրիտի ցաւերը:
Զ.- Կը պահպանէ բերանի խոռոչի առողջութիւնը:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Կանչ

Եթէ կաս, Աստուած,
Եւ չես ստեղծել
Արտասուք ու լաց,
Հեծել, անիծել,
Թէ չար նախանձի
Թոյնով մահացու
Դու չես վարակել
Պարզութիւնն հոգու,
Թէ դու չես ասել,
Որ կեանքը այսպէս
Լինի անսպառ
Տանջանքի հանդէս,-
Մեղմացրու մարդկանց
Կիրքն ամբարտաւան,
Եթէ Աստուած ես
Դու խաղաղութեան:
Տէ՜ր արագահաս,
Աստուած արդարի,
Ո՞ւր ես, եթէ կաս.
Ես աղօթք արի,
Բայց սրածութեան
Ահարկու ձայնից
Խլացաւ անդորր
Իմ աղօթքն անբիծ.
Եւ ես, վայրենի
Կրքից կատաղած,
Ամբարիշտների
Քարերից փախած,
Քո անուան յուսով
Կռուեցի երկար,
Պարծեցայ քեզնով,
Սակայն դու չեկար:
Էլ ինչո՞ւ եմ ես
Տառապում այսքան,
Եթէ Աստուած ես
Դու անմեղութեան:
Ինչո՞ւ տակաւին
Չես պատժում չարին,
Ո՞ւժդ է պակասում,
Թէ՞ չենք աղերսում:
Թէ չարագործին
Դո՛ւ չես տուել սուր,
Որ խաղաղ հոգին
Սարսափի ի զուր.
Թէ՞ դու չգիտես,
Որ այստեղ, երկրում
Մարդը ժպտերես
Մարդ է գիշատում.-
Դէ արի՛ ու տե՛ս.
Զարկի՛ր ու շանթի՛ր,
Եթէ Աստուած ես
Դու վրէժխնդիր:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

 

 

Կերակուրի Մը Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Խաշլաման գառնուկի կամ հորթի միսով պատրաստուած հայկական աւանդական կերակուր է, անուանումը յառաջացած է հայերէն «խաշել» բառէն:

Անցեալին Նաւասարդ տօնի ժամանակ Արամազդ աստուծոյ ի պատիւ ուխտագնացութիւններ կը կատարուէին դէպի սուրբ վայրեր եւ այդ առիթով խաշլամա կը պատրաստէին:

Խաշլամա պատրաստելու տարբեր ձեւեր կան. մեր օրերուն իւրաքանչիւր խոհարար իր տարբերակը ունի, բայց զայն պատրաստելու հիմնական սկզբունքը կաթսային մէջ շարքերով միս եւ բանջարեղէն (գետնախնձոր, պղպեղ, ստեպղին, լոլիկ…) շոգեխաշելն է:

Խաշլամային յատուկ բուրմունք տալու համար եփուող զանգուածին գարեջուր կամ գինի, ինչպէս նաեւ համեմունքներ կ՛աւելցուին:

Հայերուս մօտ տարածուած սովորութիւն էր մատաղը: Զոհաբերուող անասունին միսը կ՛եփուէր խաշլամայի սկզբունքով, սակայն առանց բանջարեղէնի:

Խաշլաման տօնական սեղաններու, բայց նաեւ սուգի հացկերոյթներու պարտադիր կերակրատեսակը եղած է, մինչդեռ մեր օրերուն անիկա ամէնօրեայ կերակուր կրնայ նկատուիլ:

Գիտէ՞ք, Թէ

Անցեալին սուգի հացկերոյթը կամ հոգեճաշը կը կատարուէր կէսօրէ ետք. զայն կը պատրաստէին տանտիրուհիին բարեկամուհիները: Այդ սեղանի գլխաւոր ուտեստը խաշլաման էր, որ զուտ շոգեխաշուած վիճակով, առանց բանջարեղէններու սեղան կը բերուէր: Կը պատրաստուէր նաեւ առանց թթխմորի եւ աղի բաղարջ ու կը բաժնուէր իբրեւ հոգեհաց:

Սուգի ծիսական հացկերոյթի հիմնական գաղափարը զոհի միսը համատեղ ուտելու  միջոցով մահը յաղթահարելու, վերածնունդը կեանքի կոչելու հաւատքն էր:

Հետաքրքրական է, որ սուգի հացկերոյթին միայն տղամարդիկ կը մասնակցէին, կամ սկիզբը` տղամարդիկը, յետոյ` կիները: Տանտիրուհիին արգիլուած էր մասնակցիլ կերակուրի պատրաստութեան, քանի որ ան ծիսականօրէն անմաքուր կը նկատուէր: Երեխաները նոյնպէս չէին մասնակցեր սուգի հացկերոյթին, որպէսզի հեռու մնան մահուան, չարի վնասաբեր ազդեցութենէն:

Ինչպէ՞ս Վարոււլ
Եղունգ Կրծող Երեխային Հետ

Սովորաբար երեխաները եղունգ կրծելու կը սկսին 2 տարեկանէն սկսեալ. ծնողքին համար ասիկա անհանգստութեան եւ ընկճախտի նշան է… Համոզուեցէք` միշտ չէ, որ այդպէս է, այս սովորութիւնը կրնայ անհետանալ նոյնքան արագ, որքան յայտնուեր է, պայմանաւ որ դուք ճիշդ կեցուածք որդեգրէք:

Եղունգները կրծելը (onychophagie) հիւանդութիւն չէ, այլ` գէշ սովորութիւն մը, որ կը յայտնուի հարկադրաբար, առանց գիտակցելու եւ կամաւոր հրաժարելու դժուարութեամբ:

Գտէ՛ք onychophagie-ին պատճառները

– Շատ յաճախ երեխաները իրենց եղունգները կը կրծեն իրենց կեանքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն ետք: Ձեզի կը մնայ պարզել, թէ ի՛նչն է այս նոր իրադարձութիւնը, որ խաթարեր է ձեր երեխային առօրեան: Փոքր եղբօր կամ քրոջ ծնո՞ւնդ, մա՞հ, ծնողներէն մէկուն աշխատանք կորսնցնե՞լը, դպրոց փոխե՞լը եւ այլն… փոփոխութիւնը կրնայ չնչին թուիլ ձեզի, բայց սարսափելիօրէն անհանգստացնող ձեր երեխային համար:

– Հազուադէպօրէն փոքրիկը նաեւ եղունգները կը կրծէ նմանակելու միտումով. օրինակ` ծնողքին, դասընկերոջ եւ այլն…

– Հեռատեսիլի, համակարգիչի կամ ելեկտրոնային գործիքներուն առջեւ չափազանց շատ ժամանակ անցընելը նոյնպէս կրնայ ընկճախտի գործօն ըլլալ: Ասկէ բացի` պատկերասփիւռը երեխան կը դնէ կրաւորական վիճակի մէջ, չի ձգեր, որ ան գիտակցի իր արարքներուն: Այսպիսով, ան անգիտակցաբար կը կրծէ իր եղունգները:

Ինչպէ՞ս վարուիլ եղունգ կրծող երեխային հետ

– Նախ եւ առաջ եղէք դաստիարակ: Բացատրեցէք, որ այս սովորութիւնը վնասակար է առողջութեան, քանի որ ձեռքերը բազմաթիւ մանրէներ կը կրեն. զանոնք բերելով իր բերանին` հիւանդութիւններու առիթ կու տայ:

– Պարբերաբար շատ կարճ կտրեցէք երեխային եղունգները. ասիկա կը նուազեցնէ կրծելու փորձութիւնը: Երեխային համար առիթ ստեղծեցէք, որպէսզի իր ձեռքերը զբաղած պահէ` գծելով, ներկելով, կաւով խաղալով, շինարարական խաղերով զբաղելով, ձեզի օգնելով եւ այլն…

Հոգեբան եղէք

– Ձեր երեխային հետ խօսեցէք, հարցուցէք, թէ զինք անհանգստացնող բան կա՞յ: Կարեւոր է, որ ձեր երեխան կարենայ կիսել իր մտահոգութիւնները: Երբ անոր բեռը թեթեւնայ, եղունգները կրծելու սովորութիւնը կրնայ քիչ-քիչ անհետանալ:

– Խուսափեցէք անընդհատ զինք անհանգստացնելէ կամ ուրիշներու ներկայութեան դիտողութիւն ընելէ: Բացի երեխան նուաստացնելէ` դուք մեծ արդիւնքի չէք հասնիր: Ան կրնայ նոյնիսկ գաղտնի կրծել իր եղունգները:

– Համոզուեցէք, որ այս սովորութիւնը չի խանգարեր անոր կեդրոնանալու ունակութեանը: Եթէ ձեր երեխան եղունգները կը կրծէ արիւնելու աստիճան, մի՛ վարանիք մասնագէտի դիմելէ:

– Վերջապէս, եղէք դրական եւ օգնեցէք ձեր երեխային, որ ինքնավստահութիւն ձեռք բերէ: Շնորհաւորեցէք զինք ամէն անգամ, երբ պզտիկ յառաջդիմութիւն մը նկատէք:

Եղունգ կրծելու սովորութիւնը արագ լուծում չունի, հետեւեցէք վերը նշուած թելադրանքներուն եւ եղէք համբերատար:

 

Ինչպէ՞ս Հին Ճամբորդական
Պայուսակի Մը Երկրորդ Կեանք Մը Տալ

Իրերը վերաիմաստաւորելու եւ անոնց երկրորդ կեանք մը տալու ունակութիւնը հմտութիւն է, որ բոլորին տրուած չէ: Եկէք տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են հին վալիզի մը:

Եւ այսպէս`

Ա.- Կարելի է հին վալիզը վերածել հանգստաւէտ տիւանի մը:

Բ.- Կարելի է հին վալիզին կափարիչը վերածել մատուցման ափսէի մը:

Գ.- Կարելի է հին վալիզը վերածել շպարի եւ մազի յարդարանքի սեղանի մը:

Դ.- Կարելի է հին վալիզը վերածել խմիչքի պարի մը:

Ե.- Կարելի է հին վալիզը վերածել թաղարի մը:

Զ.- Կարելի է հին վալիզը վերածել փոքրիկ գրադարանի մը:

Գիտէ՞ք, Թէ

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն խունկին դրական ազդեցութիւնը մարդոց հոգեվիճակին վրայ: Փորձագէտներուն կարծիքով` խունկին ծուխը կը պարունակէ այնպիսի նիւթեր, որոնք կը հեռացնեն ընկճախտը, կ՛օգնեն յաղթահարելու ջղային լարուածութիւնը, խուճապի տագնապները, անձկութիւնը եւ այլն…

Խունկին ծուխը նաեւ կը դարմանէ անքնութիւնը:

Վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնները նաեւ յանգած են այն եզրակացութեան, որ խունկին բոյրը կը բարելաւէ յիշողութիւնը եւ կ՛ամրացնէ մտային կարողութիւնները:

Բացի մարմնին վրայ ունեցած այս բուժիչ ազդեցութիւններէն խունկը կը մաքրէ օդին մէջ առկայ վարակներն ու մանրէները, ինչպէս նաեւ ապականած օդը:

Հակառակ այս բոլորին, կայ երկրորդ վարկած մը, որ կը զգուշացնէ յաճախակի խունկ վառելու սովորութենէն, քանի որ վառած խունկէն յառաջացող ծուխը նաեւ կը պարունակէ ոչ առողջապահական նիւթեր: Հետեւաբար պէտք չէ չարաշահել անոր օգտագործումը:

Խոհագիր

Խնձորի Չիփսեր

Բաղադրիչներ

– 4 կարմիր խնձոր
– 2 – 3 ապուրի դգալ փոշի շաքար
– Կէս կիտրոնի հիւթ
– Կէս ապուրի դգալ կասիա

Պատրաստութիւն

Փուռը թաքցնել 200 ջերմաստիճանով:

Խնձորներուն միջուկը հանել, բայց չկեղուել, ապա զանոնք կլոր` շատ բարակ շերտերու վերածել (ի հարկին մանտոլին կոչուած գործիքը օգտագործելով):

Շերտուած խնձորներուն կիտրոնի հիւթ աւելցնել, լաւ խառնել, ապա փոշի շաքարն ու կասիան աւելցնել եւ դարձեալ խառնել:

Ափսէին մէջ յատուկ թուղթ տարածել, վրան շարել խնձորի կլոր, բարակ շերտերը եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել մէկուկէս ժամ` եփի կիսուն շերտերը հակառակ կողմ դարձնել, որպէսզի երկու երեսով համաչափ եփին ու խրթխրթան դառնան: Սպասել, որ լաւ պաղին, ապա մատուցել:

Եփի տեւողութիւնը կրնայ տարբերիլ, նայած խնձորի տեսակին եւ շերտերու թանձրութեան:

Խնձոր ուտելու
համոզիչ պատճառներ

Խնձորը բնաթելով հարուստ պտուղ է. անոր տեւական օգտագործումը կը կանոնաւորէ աղիքներուն գործունէութիւնը եւ կը կանխէ փորկապութիւնը:

Խնձորը կը պարունակէ հակաօքսիտաններ, որոնք կ՛արգիլեն քաղցկեղի բջիջներու բազմացումը:

Խնձորը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը եւ մասամբ աւելցնել լաւ քոլեսթերոլինը:

Գրեթէ բոլոր սննդագէտները համաձայն են, որ խնձորը յարմար պտուղ մըն է բոլոր անոնց, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին, քանի որ անիկա նաեւ ունի ախորժակը զսպելու կարողութիւնը:

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, որ հակաօքսիտաններ պարունակող պտուղները, որոնց շարքին խնձորը հետեւողական կերպով սպառելու պարագային. անոնք կը նպաստեն ոսկորներու ամրութեան եւ ոսկրային զանգուածի յաւելման:

Ֆոսֆորով հարուստ խնձորը նաեւ կը նպաստէ հանգիստ քունի ու թուլացման եւ կը փարատէ անձկութիւնը:

Հոլանտական ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է, որ օրական մէկ խնձոր ուտելը կը պաշտպանէ ուղեղի կաթուածէ: Նոյն այս յատկութիւնը ունի նաեւ տանձը:

Խնձորը կարեւոր է բերանի խոռոչի մաքրութեան եւ առողջութեան պահպանման համար: Ան կը նպաստէ լորձունքի արտադրութեան: Լորձունքը ակռաները կը պաշտպանէ մանրէներէ եւ փտախտէ:

*
* * *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մեր հողը վաղուց խլուած,
Մեր տունը վաղուց փլուած…
Հող չունենք ու տուն չունենք:
Քար քաշում, քար ենք տաշում,
Քարի հետ կեանք ենք մաշում,
Յենուելու մի սիւն չունենք:
Յետեւում խաբկանք ու սուտ,
Առջեւում վիհեր են մութ,
Ելք չունենք ու հուն չունենք:
Տղերք կան պինդ, պնդակուռ,
Ում տեսնես` մի Սասնայ ծուռ…
Ծռեր կան, Սասուն չունենք:
Ամէն մի Դաւթի համար
Ունքերը կեռ ու կամար
Մի Խանդութ Խաթուն չունե՞նք:
Յոգնած ու խմած էինք,
Խաբուած ու քնած էինք,
Արթնացանք, էլ քուն չունենք:
Փակուած ենք անձաւի մէջ,
Տապակուած մեր ցաւի մէջ,
Ցաւ ունենք, խնդում չունենք:
Մենք մերը չե՞նք լինելու,
Մեր տէրը չե՞նք լինելու,
Մեր ցանած ածուն չունե՞նք:

 ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

Գեղօրի Մը Պատմութիւնը Ցուլի Արձանիկը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կը պատմուի, որ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը այնքան չէր սիրեր իր ծննդեան տօնը, որքան` անուանակոչութեանը: 1917-ի յունուար 14-ը ձիւնառատ օր էր: Երկու տասնեակէ աւելի երիտասարդ գրողներ հաւաքուեր էին իրենց ընկերոջ տան մօտ եւ որոշեր էին նուէր մը մատուցել անոր: Անոնք գներ էին ցուլի սեւ արձանիկ` վրան պրոնզէ աղջիկ: Կ՛որոշեն նուէրը յանձնել երեք կին գրողներու ձեռամբ… Բանաստեղծուհիները կը յանձնեն նուէրը, սակայն նախքան անոնց մեկնումը` բանաստեղծին պատուիրակը հետեւեալ երկտողը կը յանձնէ, «Եթէ բոլորդ չգաք, նուէրը ետ կ՛ուղարկեմ»:

Երիտասարդ գրողները ամչնալով կը բարձրանան Թումանեանի տան մարմարէ աստիճանները, ուր կը դիմաւորուին բանաստեղծին կողմէ: Քիչ անց մեծ դահլիճին մէջ արդէն կը պարէին թեւ-թեւի տուած զօրավար Անդրանիկը, Շիրվանզադէն եւ անոնց միացած երիտասարդները:

Նշենք, որ վերոյիշեալ արձանիկը, ինչպէս եւ Թումանեանի Թիֆլիսի տունէն գրողի բոլոր իրերը 9 մեծ բեռնակառքերով 1953-ին երեւան տեղափոխուեցան, ուր բանաստեղծին կնոջ եւ աղջիկներուն ջանքերով վերստեղծուեցաւ թիֆլիսեան տունը:

Ոճաբանին Կարծիքով

 Քրիսթինա Քորտիւլայի
Խորհուրդները

Ծագումով պրազիլացի Քրիսթինա Քորտիւլան նախկին մանըքէն է. ներկայիս ան Ֆրանսա կ՛ապրի եւ ծանօթ է որպէս ոճաբան: Քրիսթինան սիրուած ու գնահատուած է պատկերասփռուած իր յայտագիրներուն համար, որոնց ընդմէջէն հետաքրքրական եւ գործնական խորհուրդներ կու տայ նորաձեւութեան մասին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ոճաբանին խորհուրդներէն մէկ քանին:

  • Եթէ գէր էք կամ տարեց, հրաժարեցէք անթեւ հագուստներէն:
  • Նոյնիսկ եթէ բարեձեւ սրունքներ ունիք, խուսափեցէք մորթի գոյն քոլաններէն եւ նախապատուութիւնը տուէք օփաք եւ մութ գոյնի տեսակներուն:
  • Եթէ գէր էք, հրաժարեցէք սլիմ, փակած ճինզերէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն ձեր գիրութիւնը:
  • Եթէ հաստ սրունքներ ունիք, խուսափեցէք կարճ մոյկերէն: Նախապատուութիւնը տուէք փոքր կրունկով կօշիկներուն:
  • Եթէ մեծ կուրծքեր ունիք, հրաժարեցէք գոց օձիքներէն. կրեցէք քառակուսի կամ կլոր տեքոլթէներ:
  • Եթէ գէր կամ տարեց էք, խուսափեցէք շատ կարճ հագուստներէն:
  • Եթէ լեցուն կազմուածք ունիք, կրեցէք մեծ զարդեղէններ, իսկ եթէ նրբիկ էք` նուրբ զարդեղէններ:
  • Ձեր կրած հագուստին գոյներով մի՛ շպարուիք, հաշուի առէք ձեր աչքերուն եւ մորթին գոյնը:

Քրիսթինայի կարծիքով, «Բոլոր կիներն ալ գեղեցիկ են, գէր կամ նիհար, իւրաքանչիւրը ունի իր զօրաւոր կէտը»:

Օրը Լաւ Սկսելու
6 Պատուիրանները

Օրը լաւ սկսելու եւ լաւ աւարտելու համար շատ բան հարկաւոր չէ. տեսէք, թէ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառու մարդիկ…

-1-

Նախքան տունէն ելլելը` դուք ձեզ կարգի բերէք, մի՛ անտեսէք ձեր հագուածքը, մազի յարդարանքը, շպարը… Տունէն ելէք ինքնավստահ եւ ժպտադէմ:

-2-

Նոր երեւոյթներով լեցուցէք ձեր կեանքը, այդ նորը կրնայ ըլլալ` զբաղում, ուտեստեղէն, զբաղում, նոր ծանօթութիւն, նոր գիրք եւ այլն…  նոր հորիզոններ բացէք ձեր առջեւ:

-3-

Մէկ օր հրաժարեցէք հեռատեսիլէն, համակարգիչէն, բջիջայինէն: Նոր աշխարհ բացայայտեցէք ձեզի համար, վայելեցէք բնութիւնը, հետաքրքրուեցէք ձեր քաղաքին անցուդարձերով, ձեզ շրջապատող մարդոցմով:

-4-

Հեռաձայնեցէք անոնց, որոնց հետ երկար ժամանակէ ի վեր կը փափաքէիք խօսիլ, եւ առիթը չէր ներկայացած: Հեռաձայնեցէք եւ պարզապէս խօսեցէք լաւ նիւթի մը մասին` համերգ, ճամբորդութիւն, հետաքրքրական գիրք, ձեռնարկ եւ այլն… Յարաբերեցէք ձեզի հաճելի եւ դրական մարդոց հետ:

-5-

Օգտակար գործ մը կատարելու բաւարարութիւնը ապրեցէք: Օգնեցէք կարիքաւորներու, զրուցեցէք լսելու պահանջը ունեցող մարդոց հետ, երջանկացուցէք թէկուզ մէկ¬երկու երեխայ:

-6-

Այսօր իսկ սկսէք ընել, այն ինչ երկար ժամանակէ ի վեր կը յետաձգէք (նորոգութիւններ, ընդհանուր մաքրութիւն, գնումներ, մարզանք, սննդականոն եւ այլն…), նոյնիսկ եթէ մէկ փոքրիկ քայլ առնէք, արդէն ատիկա մեկնարկ է, եւ դուք անպայման կը շարունակէք ու աւարտին կը հասցնէք:

Թէ ի՛նչ, կ՛արժէ առնել առաջին քայլը, քանի ուշ չէ:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

 Ուտելիքներու Ճիշդ Եւ Երկար
Պահպանման 8 Խորհուրդներ

Ուտելիքներու ճիշդ պահպանման նպատակն է պահպանել անոնց բոլոր սննդային եւ համային յատկութիւնները, ինչպէս նաեւ` անոնց գոյներն ու հիւսուածքները: Շատ կարեւոր է նաեւ, որքան կարելի է, զանոնք երկար ուտելի դարձնել` յետաձգելով անոնց քայքայումը եւ մանրէներու բորբոսներու զարգացումը եւ այդպէսով խուսափիլ սննդային թունաւորումներէ:

-1-

Բուրաւէտ խոտերու կեանքը այնքան ալ երկար չէ. նախքան թառամիլը` զանոնք մանրեցէք, լեցուցէք սառոյցի կաղապարներուն մէջ, ձիթապտուղի ձէթ աւելցուցէք ու սառեցուցէք: Սառած խորանարդները օգտագործեցէք կարգ մը կերակուրներու եւ աղցաններու պատրաստութեան մէջ:

-2-

Որպէսզի, մեծաքանակ գնուած սոխերը չծլին ու երկար դիմանան, զանոնք լեցուցէք կանացի մաքուր գուլպայի մը մէջ` հանգոյցներով իրարմէ բաժնելով: Ապա զանոնք կախեցէք չոր ու զով տեղ մը: Այսպիսով սոխերը թէ՛ կը շնչեն եւ թէ՛ երկար կը դիմանան:

-3-

Շուկայէն բերուած սունկերը առանց լուալու փոխադրեցէք թուղթէ տոպրակի մէջ եւ զետեղեցէք սառնարանը եւ կամ զով տեղ մը: Կերպընկալ տոպրակի մէջ պահուած սունկը շուտով կը ջրոտի ու կը բորբոսի:

-4-

Շուկայէն բերուած ոչ հասուն լոլիկը գլխիվար տեղաւորեցէք թուղթէ տոպրակի մը մէջ եւ սպասեցէք, որ հասուննայ:

-5-

Կանաչ սոխը լուացէք, մանրեցէք, ցամքեցուցէք եւ լեցուցէք կերպընկալ շիշի մէջ: Այսպիսով ամբողջ տարին ձեռքի տակ կանաչ սոխ կ՛ունենաք:

-6-

Ստեպղինները երկար ատեն թարմ պահելու համար կտրեցէք անոնց կանաչ պտղակոթը, ապա մխրճեցէք ջուրով լեցուն սափորի մէջ: 4-5 օրը անգամ մը ջուրը նորոգեցէք:

-7-

Որպէսզի կրկնեփները երկար ժամանակ թարմ ու խրթխրթան մնան` անոնց ամանին մէջ հացի կտոր մը աւելցուցէք: Հացը կը ներծծէ խոնաւութիւնը եւ կը պահպանէ անոնց թարմութիւնը:

-8-

Եթէ աղցանի պարտաստութեանհամար մեծաքանակ հազար մանրեր էք եւ կ՛ուզէք մէկ մասը պահել, զայն փոխադրեցէք զիփ լոք կերպընկալ տոպրակի մէջ եւ նախքան տոպրակը փակելը` մէջը թուղթէ թանձր անձեռոցիկ մը զետեղեցէք:

Խոհագիր

Խնձորի Օղակներ

Բաղադրիչներ

2 մեծ խնձոր
1 ծրար փաֆ փասթրի խմոր
2 ապուրի դգալ շաքար
1 թէյի դգալ փոշի կասիա
1 հաւկիթի դեղնուց

Պատրաստութիւն

Խնձորները կլոր շերտել (առանց կեղուելու) եւ իւրաքանչիւր շերտի կեդրոնին կլոր բացուածք մը բանալ:

Իւրաքանչիւր շերտ երկու երեսով թաթխել շաքարով խառնուրդին մէջ:

Փաֆ փասթրի խմորը երկար, ժանեակաձեւ կտրատել եւ իւրաքանչիւր ժանեակ խնձորի շերտին շուրջ փաթթել:

Ձեւաւորուած խմորները շարել փուռի ափսէին մէջ, երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել, մինչեւ որ խմորները ոսկեգոյն դառնան:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայոց Պատմութիւն

Ես ընկել եմ պագշոտ Շամիրամի նետից,
Հին Հռոմն է զարկել ինձ մահացու խոցով,
Իմ արիւնն են ոթել, խառնել Տղմուտ գետին,
Իմ լեզուն են այրել ատրուշանի բոցով:

Խաչ են դաջել կրծքիս բիւզանդական տէգով,
Արաբ նժոյգների սմբակի տակ գցել.
Ինձ խարոյկ են հանել մոնղոլների ձեռքով,
Սիրտս օսմանական սուիններին ցցել:

Ինձ հայրենի մեր տան թխկենուց են կախել,
Եւ հոգիս են բանտել շղթաներով երկաթ.
Ինձ զարկել են, խարկել ու կենդանի թաղել…
Բայց ես դեռ կա՛մ:

ՀՐԱՉԵԱՅ  ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

 

 

 

Հետաքրքրական. «Ֆորպզ» Կ՛անդրադառնայ Երեւանեան Խոհանոցի Նրբութիւններուն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Ֆորպզ» ամսագրի խոհարարական սիւնակագիր Լայզա Զիմերման վերջերս այցելած է Երեւան եւ այդ առիթով իր տպաւորութիւնները կիսուած է ամսագրին խոհարարական սիւնակին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը: Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք Զիմերմանի յօդուածէն հատուածներ:

«Հայկական խոհանոցին առաջին անգամ ծանօթացայ Շիքակոյի «Սայաթ Նովա» ճաշարանին մէջ: Յետոյ շարունակեցի հայկական ճաշարաններ այցելել Լոս Անճելըսի մէջ. համեղ հայկական ուտեստներու ծանօթացայ «քարուսել»-ի մէջ, որ կը համադրէր հայկական եւ լիբանանեան խոհարարական աւանդոյթները:

Երեւանը խոհարարական հաճոյքներու երկիր է: Հոն կը գերակշռեն թարմ խոտաբոյսերն ու տեղական պանիրները: Տեղացիները կը սիրեն այդ համադրութիւնը փաթթել լաւաշի մէջ ու վայելել:

Խորովածը եւս տեղական խոհանոցի կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկն է: Անիկա յաճախ կը պատրաստուի խոզի միսով: Տրուած ըլլալով, որ Հայաստանը քրիստոնեայ երկիր է, տեղացիներն ու այցելուները ուտեստներու լայն ընտրանի ունին: Կան նաեւ դասական եւ իւրայատուկ ուտեստներ, օրինակ` խորոված, մեծ դդումի մէջ լեցուած կանաչ լուբիա եւ միս` հրաշալի լոլիկի թացանով մը: Այս համեղ կերակուրը ճաշակեցի Երեւան այցելութեանս առաջին օրը, «Լաւաշ» ճաշարանին մէջ:

Միւս ճաշատեսակները, ինչպիսիք են մանթին կամ այլ լցոնած խմորեղէնները, նուազ տպաւորիչ չեն: Մանթի կը պատրաստուի շատ մը երկիրներու մէջ, օրինակ, Թուրքիա եւ Լիբանան, սակայն Երեւանի հայերը զայն հրաշալի ձեւով կը մատուցեն: Սեղան կը բերեն մանթին, ապա վրան կ՛աւելցնեն արգանակն ու թթուասերը:

Լաւագոյն մանթին, որ ես փորձեր եմ լիբանանահայկական ճաշարանին մէջ էր, որ «մանթի» կը կոչուէր եւ կը գտնուէր քաղաքին կեդրոնը:

Եթէ կը փափաքիք վայելել Երեւանը, արեւածագին օդապարիկով թռիչք կատարեցէք: Skyballarmenia-ն հիանալի աշխատանք կը կատարէ` այցելուները օդ բարձրացնելով եւ շրջակայ լեռներու ապշեցուցիչ տեսարանները ցուցադրելով: Օդաչուն նոյնիսկ տեղական շամփայն կը մատուցէ, իսկ թռիչքէն առաջ եւ յետոյ` սուրճ եւ խորտիկներ: Զարմանալի զուարճանք է:

Այս կանաչ եւ առատ քաղաքին մէջ շատ են գինիներու կապելաները: Տեղացիները կը շարունակեն բացայայտել իրենց պատմական գինիի ժառանգութիւնը:

Ճամբորդութեան ընթացքին զիս միշտ կը հետաքրքրէին բանջարեղէնային ուտեստները: «Դալան» ճաշարանը, որ կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը, ունի իւրայատուկ ուտեստ մը` տապկուած հաւկիթով ճակնդեղ, որ իսկական «ռումբ» մըն է:

Երկար գիշերէ մը ետք «Արտաշի մօտ» կրնաք փորձել աշխարհի լաւագոյն շաուրման: Ես պիտի նախընտրէի զայն վայելել առանց տապկուած գետնախնձորի, թերեւս` քիչ մը մանանեխ աւելցնելով…»:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Գիտելիքներ

– Նկարին վրայ պատկերուած դգալը պիտանի իր մըն է, անիկա իր կեդրոնը ունի կլոր բացուածք մը, որ կը համապատասխանէ սփակեթթիի մէկ չափաբաժինի: Այսպէս, ուտող անձերուն թիւին համապատասխան չափեցէք ու պատրաստեցէք ձեր համեղ սպակեթթին…

– Շատ յաճախ կաթսաներուն բռնակին ծայրամասին կլոր բացուածք մը կ՛ըլլայ. զայն կարելի է օգտագործել դգալին կոթը հաստատելու համար: Այսպիսով, դգալը կերակուրին մէջ չի մնար, ոչ ալ տաքէն կ՛ազդուի…

– Ընտանի անասուններուն ստեւները անխուսափելիօրէն կը կպչին մոքեթներուն եւ դժուար կ՛ըլլայ զանոնք մաքրելը: Միշտ չէ, որ փոշեկուլին պիտի դիմէք, կրնաք օգտագործել նկարին վրայ պատկերուած յատակի մաքրութեան ծառայող գործիքը, որմէ բոլորս ալ ունինք մեր տան մէջ: Այս երկար ձողին ծայրամասին գտնուող քաուչուքը հրաշքներ կը գործէ:

– Պնակները լուալէ ետք պէտք չէ, որ սպունգը թաց, խոնաւ մնայ եւ մանրէներու բոյն դառնայ: Կրնաք օգտագործել նկարին վրայ պատկերուած ամրակը եւ հարթել այս անպատեհութիւնը:

– Խաւաքարտէ տուփերով վաճառուող հիւթերը ունին երկու սրածայր ծալուածքներ, զորս երեխաները պէտք է բանան եւ զանոնք բռնելով խմեն հիւթը: Այս ծայրամասերը եղած են, որպէսզի երեխան չճզմէ տուփը, հիւթը չթափէ ու ձեռքերը չաղտոտէ:

Մանկաբուժին Կարծիքով

Վնասակար Քաղցրաւենիքներ

Մանկաբուժին կարծիքով, մինչեւ 4-5 տարեկան երեխաներու կարելի չէ քարամել կամ սառնաշաքար տալ:

Փոքր տարիքի երեխաները պարզապէս չեն գիտեր` ինչպէ՛ս ճիշդ ուտել քաղցրաւենիքի այս տեսակները: Երեխան քարամելը դանդաղ լուծելով ուտելու փոխարէն` կը կրծէ ու կը ծամծմէ, ինչ որ վնասակար է ակռաներուն համար. միւս կողմէ` կրծուած շաքարի կտորները կրնան խեղդամահ ընել երեխան, եթէ ժամանակին չնկատուի:

Այնուամենայնիւ, ինչպէս կ՛ընդգծէ մանկաբուժը, աւելի մեծ տարիքի երեխաներուն համար ալ քարամելն ու սառնաշաքարը օգտակար քաղցրաւենիքներ չեն, քանի որ անոնք ակռաներու փտախտի պատճառ են:

Ասկէ բացի` սառնաշաքարները յաճախ կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ վնասակար սննդային յաւելումներ եւ ներկեր: Այս յաւելումները կրնան մորթային լուրջ գերզգայնութիւններ պատճառել:

Մանկաբուժը նաեւ կ՛աւելցնէ, որ վերոյիշեալ ներկանիւթերը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան երեխաներու ջղային համակարգին վրայ` պատճառելով ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի դժուարութիւն:

Խոհագիր

Նարինջով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

– 5 հաւկիթ
– 1 թէյի դգալ նարինջի կեղեւի տաշուք
– 1 թէյի դգալ վանիլլա
– 1.5 գաւաթ շաքար
– 1 գաւաթ բուսական ձէթ
– 1 գաւաթ թարմ նարինջի հիւթ
– 2.5 գաւաթ մաղէ անցած ալիւր
– 3 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր

Պատրաստութիւն

Հաւկիթները ելեկտրական հարիչով զարնել 1-2 վայրկեան: Աւելցնել վանիլլան, նարինջի տաշուքն ու շաքարը եւ շարունակել հարել: Յետոյ յաջորդաբար աւելցնել` ձէթը, նարինջի հիւթը, ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը եւ շարունակել հարել:

Կարկանդակի կաղապարը կարագով եւ ալիւրով ծեփել, խմորը փոխադրել կաղապարին մէջ եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով, շուրջ 40-45 վայրկեան:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

… Բայց արիւն հոսեց մեր ակօսներով,
Մեր լոյսի հասկը
Գլխատուեց անյոյս ու անապաւէն:
Ու ես վէճ ունեմ, քէն ունեմ, ներո՛ղ,
Նախնիներիս դէմ ոխ ունեմ ու քէն:

Առաջին մետաղն, ասում են, դու ես ձուլել իմ երկիր,
Բայց խոփն ո՞ւմ էր պէտք,
Սրեր էին պէտք ու մկունդ, ու նետ,
Եւ ո՞ւմ էին պէտք
Մեսրոպեան տառերն այս երկաթագիր,
Մեզ երկաթակիր հրոսակների շառաչիւն էր պէտք:

Դուք մեր ափին մէջ ինչո՞ւ դրեցիք խղճի մաճն արդար,
Եաթաղան տայիք, տապար ու կացին,
Եւ ինչո՞ւ դրիք
Աստղոտ ցորենի հրաշքը խարտեաշ,
Որո՛մ դնէիք,
Որ թոյն խառնէինք օտարի հացին…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

Հատուած` «Գիշերային զրոյց Նարեկացու հետ»

 

 

 

 

 

Պարի Մը Պատմութիւնը. Բատոլա

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բատոլան հայկական ծիսական հարսանեկան պարերգ է. զայն հայկական աւանդական հարսանիքներու ժամանակ կատարեր են հարսին ընկերուհիները, իսկ հետագային` ուրախ հաւաքոյթներու ժամանակ:

Բատոլան բաւական տարածուած է Շիրակի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի, Արարատի մարզերուն, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի մէջ: Պարերգը ծանօթ է տարբեր անուններով` «Բատոլա», «Բատալօ», «Բատոլօ» եւ այլն…

Ցարդ «Բատոլա» բառի բացատրութեան մասին տեղեկութիւնները շատ քիչ են եւ անբաւարար: Որոշ ուսումնասիրութիւններու համաձայն, «Բատոլա»-ն անձնանուն է. տղամարդո՞ւ, թէ՞ կնոջ` յայտնի չէ:

Բատոլա ընդգրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկին մէջ:

Ստորեւ պատառիկ մը` Բատոլա պարերէն

Բատոլա ջան, բատոլա,
Ո՞ւր գնացիր, ո՞ւրը եկար,
Դուն իմը սրըտինը դուր եկար,
Բատոլա ջանը, բատոլա
Ո՞ւր գնացիր, ո՞ւր եկար,
Դուն իմը սրըտինը դուր եկար:

Մաշկաբանին Կարծիքով

Մորթին Վաղաժամ Ծերացման
Նպաստող Մթերքներ

Առողջ ապրելակերպը կարեւոր է գեղեցիկ մորթ ունենալու համար: Կայ շատ յայտնի ասացուածք մը` «Դուն կը նմանիս այն բանին, զոր կ՛ուտես»: Սնունդը մեր արտաքինին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի. անիկա կ՛արտացոլուի մեր մորթին վրայ, մեր մորթին բարեկեցութիւնն ու առողջութիւնը կախեալ է անկէ:

Մաշկաբանին կարծիքով, շաքարն ու շաքար պարունակող ուտելիքները բացասաբար կ՛անդրադառնան մորթին որակին վրայ, կը նպաստեն անոր վաղաժամ ծերացման եւ բշտիկներու յառաջացման: Բացի շաքարէն` մաշկաբանը կը թելադրէ չափաւորել կարգ մը մթերքներու սպառումը, որոնց կարգին`

– Կաթնամթերքը, քանի որ անոր պարունակած քազէին կոչուած բնասպիտը կը նպաստէ բորբոքումներու յառաջացման եւ մորթի բջիջներու ծերացման:

– Վերամշակուած մսեղէնները (խոզապուխտ, սալամի, պէյքըն…) կը պարունակեն պահպանիչներ, որոնք կը բորբոքեն մորթը եւ կը նպաստեն անոր ծերացման: Մսեղէնի այս տեսակները նաեւ կը կլանեն Սէ. կենսանիւթը, որ անհրաժեշտ է քոլաժէնի արտադրութեան եւ առողջ մորթին համար:

– Տապկոցի բոլոր տեսակները. անոնք կը վնասեն մորթին առաձգականութեան եւ խոնաւութեան:

– Ոգելից ըմպելիները, որոնք կը ջրազրկեն մորթին բջիջները եւ կը նպաստեն կնճիռներու յառաջացման:

– Սուրճը եւ անոր պարունակած քաֆէինը, նոյնպէս կը ջրազրկեն մորթին բջիջները: Նման պարագայի, պէտք է առատ ջուր խմել եւ մորթը խոնաւեցնող սեր օգտագործել:

Մաշկաբանին կարծիքով, վերը նշուած մթերքները հարկաւոր է փոխարինել առողջ ճարպերով, ինչպիսին են` ձկնատեսակները, կտաւատի իւղը, աւհոքան, ընկուզեղէնը, հաւկիթը, ձիթապտուղի ձէթը, որոնք հարուստ են օմեկա 3¬ով, որ հզօր պաշտպանիչ է կանխահաս ծերացումէ:

Լուսաւոր Գաղափարներ

Իրերու Դասաւորման
10 Հետաքրքրական Առաջարկներ

1) Կրկնեփի մետաղեայ պարապ տուփը մի՛ թափէք, այլ օտագործեցէք կարի պիտոյքները` դերձանի ճախարակներ, ասեղ, գնդասեղ, չափերիզ եւ այլ բաներ դասաւորելու համար:

***

2) Լուացուած մարզակօշիկները չորցնելու համար զանոնք հաստատեցէք հագուստի կախիչի երկու ծայրամասերուն, ապա կախեցէք լոգարանի վարագոյրի ձողէն կամ այլուր:

***

3) Շպարի իրերը դասաւորելու եւ զանոնք ձեռքի տակ ունենալու համար օգտագործեցէք դգալեղէնի դասաւորման ամանը, զոր կարելի է նոյնիսկ գզրոցի մը մէջ տեղաւորել:

***

4) Որպէսզի գլխարկները պահարանին դարաններուն վրայ տեղ չգրաւեն, կամ հագուստներու միջեւ չճզմուին ու ձեաւափոխուին, հագուստի կախիչի մը վրայ օղակներ անցուցէք եւ գլխարկներ այդ օղակներէն կախեցէք: Այսպիսով նաեւ զանոնք չէք կորսնցներ եւ փնտռելու կարիք չէք ունենար:

***

5) Լուացուած գուլպաները փռելու եւ ցամքեցնելու համար եւս օգտագործեցէք հագուստի կախիչը, որուն վրայ լաթակալներ հաստատուած պէտք է ըլլան: Այս միտքը շատ գործնական է յատկապէս անձրեւոտ օրերուն:

***

6) Որպէսզի ականջօղերը չկորսուին, պարզապէս օգտագործեցէք տարբեր չափի, ձեռքի տակ գտնուող կոճակներ: Նկարը բաւարար խօսուն է. պարզապէս փորձեցէք:

***

7) Խոհանոցի լուացարանին պատին վրայ փոքրիկ կեռիկ մը հաստատեցէք, որպէսզի պնակեղէնները լուալու ժամանակ ձեր մատանին այդ կեռիկէն կախէք ու չկորսնցնէք: Այս ձեւով նաեւ կը պահպանէք ձեր մատանիին փայլքը` լուացքի դեղի քիմիական նիւթերէն:

***

8) Ձեր զարդեղէները դասաւորելու համար օգտագործեցէք դգալեղէնը դասաւորելու ամանը: Զայն հաստատեցէք պատին վրայ եւ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, մէջը փոխադրեցէք ձեր զարդեղէնները: Անշուշտ ասիկա պաշտօնական կահոյքով ննջասենեակի համար նախատեսուած չէ, այլ` գիւղի տան մը կամ շալէի մը համար:

***

9) «Թիք թաք» շաքարի պարապ տուփիկները մի՛ թափէք. մաքրեցէք զանոնք եւ մէջը լեցուցէք քիչ չափաբաժինով գնուած կարգ մը համեմներ: Տուփիկներու վրայ նոր պիտակ մը փակեցուցէք եւ վրան գրեցէք համեմին տեսակը` քրքում, մեխակ, կոճապղպեղ եւ այլն…

***

10) Որպէսզի շուկայէն բերուած կերպընկալ տոպրակները մէջտեղերը չթափառին եւ տեղ չգրաւեն, զանոնք տեղաւորեցէք թուղթէ թաշկինակի պարապ տուփի մը մէջ եւ զետեղեցէք լուացարանին տակի պահարանին մէջ:

Խոհագիր

Մուսախան Գլանիկներ

Բաղադրիչներ

– 2 հաւի կրծքամիս` խաշած եւ բզիկ¬բզիկ եղած
– 2 մեծ գլուխ սոխ` մանրուած
– 1 ապուրի գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 ապուրի դգալ աղտոր
– 2 ապուրի դգալ նուռի ռուպ կամ կիտրոնի հիւթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Սաժի (մարքուք) հաց (լիբանանեան բարակ հաց)

Պատրաստութիւն

Տապակին մէջ ձիթապտուղի ձէթը տաքցնել, աւելցնել մանրուած սոխը եւ տապկել, մինչեւ որ սոխը թափանցիկ դառնայ: Յետոյ յաջորդաբար աւելցնել բզիկ¬բզիկ եղած խաշած կրծքամիսը, աղտորը, նուռի ռուպը եւ պղպեղն ու աղը:

Բոլոր բաղադրիչները թեթեւ կրակի վրայ 3-5 վայրկեան եփել ու կրակը անջատել:

Սաժի հացը եռանկիւնաձեւ կտրատել, իւրաքանչիւրին լայն մասին վրայ առատ միջուկ դնել, ծայրամասերը գոցել եւ ոլորել` ձեւաւոր գլաններ ստանալու համար:

Ափսէին յատակը ձիթապտուղի ձէթով ծեփել, գլանիկները քով¬քովի շարել, երեսը դարձեալ ձիթապտուղի ձէթով ծեփել (որպէսզի խրթխրթան դառնան) ու նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 5 վայրկեան եփել, մինչեւ որ գլանները ոսկեգոյն ու խրթխրթան դառնան:

Մուսախանի գլանիկները կարելի է մատուցել մածունով, թահինով, կիտրոնի հիւթով եւ աղով պատրաստուած համեղ թացանով:

Գիտէ՞ք, Թէ

– Ստուգաբանօրէն «Մուսախան» կը նշանակէ «տաքցուած բան մը»:

Մուսախանը պաղեստինեան ազգային ուտեստն է. ան կը մատուցուի յատուկ առիթներով` տօներ, փառատօներ, հարսանիքներ եւ այլն… Այս ուտեստը մշակութային նշանակութիւն ունի պաղեստինցիներուն համար:

Մուսախան պատրաստելը եւ ընտանիքի անդամներուն կամ բարեկամներուն հետ կիսուիլը սիրոյ, համերաշխութեան եւ հաղորդակցութեան խորհուրդները կը մէկտեղէ:

– 2010-ի ապրիլ 20-ին Պաղեստինի Ռամալլա քաղաքին մէջ պատրաստուեցաւ ամենամեծ Մուսախանը, որ գրանցուեցաւ «Կինես» համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ:

Օրին Պաղեստինի վարչապետ Սալամ Ֆայատը եղելութիւնը բնութագրեց որպէս «մեծ ձեռքբերում` ի պատիւ պաղեստինցի ժողովուրդին, որ տեւաբար կը ձգտի իր օրինական իրաւունքներու ձեռքբերման»:

Մրցանիշ արձանագրած Մուսախանի հացին տրամագիծը 4 մեթր էր, իսկ ծանրութիւնը` 1350 քիլօ: 40 պաղեստինցի խոհարարներ օգտագործեր էին` 250 քիլօ ալիւր, 170 քիլօ ձիթապտուղի ձէթ, 500 քիլօ սոխ, 70 քիլօ նուշ, հարիւրով հաւու ազդրեր:

Նշենք, որ Մուսախանը նաեւ կը մատուցուի կլոր հացի վրայ եւ ոչ` գլանաձեւ:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Երկի՛ր, Ե՛տ Կգամ…

Երբ վերջին անգամ ես ետ նայեցի,  բարձունքից լերան
Դժբախտ զինուորի հայեացքով անուշ,
Իմ աչքերի մէջ հրդեհի բոցից մոխրացող մեր տան
Ստուերն էր ցոլում կապոյտում անուրջ:

Ու մանկութիւնս ձեռքերը պարզել մանուկի նման,
Աղերսող վերջին հայեացքն էր նետում…
Փլատակներում շնչահեղձ եղած կարօտն անսահման
Սրբում էր յոյսի աչքերը տրտում:

Լերան գագաթին կանգնել էի ես մի վերջին անգամ
Վտարանդու խոր հայեացքով անջինջ,
Ու շուրթերս որբ կրկնում էին թախիծով անկամ,
– Երկի՛ր, ե՛տ կգամ … երկի՛ր, ների՛ր ինձ…

ԱՐՄԷՆ ԱՒՕ

 

Ինչպէ՞ս Տունը Վերածել Յարմարաւէտ ու Հաճելի Վայրի Մը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տունը այն վայրն է, ուր ծանրաբեռնուած օրուան մը աւարտին մենք պէտք է կարենանք բեռնաթափուիլ մեր առօրեայ բոլոր հոգերէն, թուլանալ ու խաղաղիլ:

Շատ կարեւոր է տան մէջ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք մեզ պիտի պաշտպանեն բացասական զգացումներէ եւ բնակարանը վերածեն յարմարաւէտ ու հաճելի վայրի մը:

Ահա՛ 7 դիւրին խորհուրդներ, որոնց օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել այս բոլորը:

– 1 –

Տան մուտքը դարձուցէք հիւրընկալ եւ գեղեցիկ:

Երբ դուք տուն կը մտնէք, ի՞նչ կը տեսնէք առաջին հերթին, հայելիին առջեւ բանալիներու տրցա՞կ, ասդին-անդին նետուած կօշիկնե՞ր, կախուած վերարկունե՞ր… Մտնելով այսպիսի տուն մը` դուք ակամայ կը զգաք հոգերու եւ տան հետ կապուած աշխատանքներու ծանրութիւնը: Փոփոխութիւնները սկսէք տան մուտքէն, դասաւորեցէք իրերը, պզտիկ փոփոխութիւններ մտցուցէք յարդարանքին մէջ, ձերբազատուեցէք աւելորդ եւ խճողող ապրանքներէն, թող ձեր տան մուտքը ուրախ տեսքով դիմաւորէ ձեզ:

– 2 –

Ննջասենեակը դարձուցէք ընդարձակ:

Փոքր եւ խճողուած ննջասենեակը յաճախ ընկճախտ կը պատճառէ. ճիշդ է, որ ամէն ոք հնարաւորութիւնը չունի ընդարձակ սենեակ ունենալու, սակայն նոյնիսկ փոքր սենեակը կարելի է ընդարձակել` պարզապէս ապրանքները վերադասաւորելով, ոչ պիտանիներէն ձերբազատուելով:

Եւ այսպէս, դուք կրնաք պզտիկ փոփոխութիւններով նոր շունչ տալ ձեր ննջասենեակին` փոխելով վարագոյրն ու մահճակալին ծածկոցը, ընտրելով բաց ու լուսաւոր գոյներ:

– 3 –

Փոխեցէք պատերուն գոյնը:

Զարդանաշխերով փափիէ փենները, թանձր ու մութ գոյնի վարագոյրները, խճողուած կահոյքը… ահա՛ բաւարար պատճառներ, որ դուք աւելի եւս ընկճուած եւ անտրամադիր զգաք: Պատերուն նոր կեանք տուէք` զանոնք ներկելով երկնագոյն, բաց կանաչ, բաց վարդագոյն, ճերմակ… Այս գոյները հանգստացնելու եւ թուլացնելու յատկութիւն ունին:

Թանձր վարագոյրները փոխարինեցէք կիսաթափանցներով, թող արեւն ու լոյսը ներս թափանցեն, պայծառացնեն ձեր միտքն ու հոգին:

– 4 –

Տնային բոյսեր աճեցուցէք:

Բոյսերը կրնան կերպարանափոխել ձեր բնակարանը` զայն դարձնելով աւելի յարմարաւէտ եւ հիւրընկալ: Բնական կանաչի ներկայութիւնը ձեր տունը կը լեցնէ խաղաղութեամբ եւ հանգստութեամբ: Չմոռնաք, որ բոյսերը նաեւ օդը մաքրելու յատկութիւն ունին:

– 5 –

Ննջարանէն հեռացուցէք ելեկտրական սարքերը:

Հեռատեսիլ, բջիջային, նոթպուք, վիտէօ խաղեր` այս բոլորը կը խանգարեն ձեր քունը եւ բացասաբար կ՛ազդեն ձեր հոգեկանին վրայ: Հրաժարեցէք ձեր քունը խանգարող այս բոլոր սարքերէն: Քնանալուն կ՛օգնէ տաք լոգանք մը կամ խաղաղութիւն պարգեւող գիրքի մը ընթերցումը:

– 6 –

Մաքրեցէք տունը անպէտք եւ հին իրերէն:

Հին ու անպէտք իրեր պահելը ունի բացասական ազդեցութիւն: Տարիներով պահարաններուն մէջ, պատշգամը կամ այլ տեղեր հաւաքուած իրերը երբեմն բեռնատար ինքնաշարժ մը կը պահանջեն զանոնք տեղափոխելու համար…

Անպէտք իրերը կը ծանրաբեռնեն տարածութիւնը, փոշիի բոյն կը դառնան, բայց նաեւ հոգեպէս կը ճնշեն: Եթէ իսկապէս կ՛ափսոսաք զանոնք թափելու, տուէք ուրիշին: Համացանցի վրայ գոյութիւն ունին կայքեր, ուր կարելի է իրերը վաճառքի հանել կամ նուիրել կարիքաւորներու:

– 7 –

Ստեղծեցէք ձեր «երջանիկ անկիւն»-ը:

Գտէք տան մէջ թէկուզ շատ փոքրիկ հանգիստ վայր մը, ուր կը կարենաք թուլանալ, ձեր միտքերը ամփոփել, ուղղակի լռութեան մէջ նստիլ… Այդ երջանիկ անկիւնը թող ըլլայ ձեր ճաշակին` փափուկ բարձեր, յարմարաւէտ բազմոց, լուսանկարներ կամ իրեր, որոնք ձեզ կ՛երջանկացնեն:

Անշուշտ տան յարդարանքն ու կահոյքը միակ ազդակները չեն հանգիստ ու խաղաղ ապրելու համար, սակայն վերը նշուած 7 խորհուրդները կ՛օգնեն վերացնելու ընկճախտի աղբիւրները, անգամ մը որ ոտք կը դնէք ձեր բնակարանէն ներս:

Հետաքրքրական

Գրչանունի Մը Պատմութիւնը

Գրողներու կեանքին մէջ գրական կեղծանունները շատ մեծ դեր կը խաղան: Հաւանաբար այս է պատճառը, որ գրողական կեանք մտնելու յաջորդ քայլը գրական կեղծանունի մը ընտրութիւնը կ՛ըլլայ: Իսկ երբ արդէն գրողը ունի գրական կեղծանուն, անիկա այնքան մեծ տարածում կը գտնէ, որ յաճախ կը մոռցուի տուեալ գրողին իսկական անունն ու մականունը:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք Ալեքսանդր Մովսիսեաի, նոյնինքն` Շիրվանզադէի գրական կեղծանունին ծագման պատմութիւնը:

Շիրվանզադէն որոշ ժամանակ մը Պաքու ապրելէ եւ աշխատելէ ետք տեղափոխուած է Թիֆլիս, ուր ծանօթացած է վիպագիր Րաֆֆիին: Րաֆֆին պարսկահայ էր եւ այդ ժամանակ Թիֆլիսի «Մշակ» թերթին մէջ յօդուածներ կը գրէր Մելիքզադէ կեղծանունով:

Շիրվանզադէն կ՛առնէ այդ «զադէ»-ն, որ պարսկական մականուններու վերջաւորութիւն է եւ որդի կը նշանակէ, առջեւը կ՛աւելցնէ «շիրվան», որ դարձեալ պարսկերէն «դերձակ» կը նշանակէ եւ կը կազմէ «շիրվանզադէ» ծածկանունը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «դերձակի որդի»:

Նշենք, որ Շիրվանզադէի հայրը դերձակ եղած է, եւ Շիրվանզադէն պատահական չէ ընտրած իր գրչանունը:

Գիտէ՞ք, Թէ…  

– Որոշ տարիքէ ետք տարբեր պատճառներով հերաթափութիւն տեղի կ՛ունենայ թէ՛ տղամարդոց եւ թէ՛ կիներուն մօտ: Ահաւասիկ` հերաթափութեան 9 հիմնական պատճառները.

1.- Գլխու մորթի վարակները
2.- Ժառանգական գործօնը
3.- Սննդառութեան խանգարումները
4.- Արեան տկարութիւնը
5.- Հորմոնային փոփոխութիւնները
6.- Որոշ դեղեր, որոնք կ՛օգտագործուին ընկճախտը, քաղցկեղը, սրտի հետ կապուած հիւանդութիւնները, յօդատապը բուժելու համար:
7.- Ընկճախտը
8.- Մազի խնամքի հետ կապուած ժելերը, մուսերը, մազերը հարթեցնող կամ գանգուրցնող սարքերը եւ այլն…
9.- Ծննդաբերութիւնը

* * *

– Հաւկիթին դեղնուցն ու ճերմկուցը նոյն սննդական արժէքը չունին: Դեղնուցը շատ աւելի հարուստ է Ա, Տէ, Էօ, Քա կենսանիւթերով, երկաթով, կիրով, օմեկա 3-ով եւ այլն…

Սակայն բոլոր անոնք, որոնք սննդականոնի կը հետեւին, պէտք է իմանան, որ հաւկիթին ճերմկուցը նուազ ջերմուժ, նուազ քոլեսթերոլ, նուազ իւղ կը պարունակէ, ինչ որ մեծ առաւելութիւն է:

– Կան ընկճախտին եւ անձկութեան նպաստող, ինչպէս նաեւ անոնցմէ պաշտպանող մթերքներ: Եւ այսպէս, երկարատեւ ուսումնասիրութիւններու աւարտին հաստատուած է, որ շոմինը, քաժոն, սալմոնը, սունկը, վարսակը, պանիրը, հազարը, սեւ տուրմը, աւոքատոն, ճակնդեղը, քիուին, պանանը, շէկ բրինձը, ամբողջական հատիկները մեզ համեմատաբար կը պաշտպանեն անձկութենէն, մինչդեռ շաքարը, տապկոցը, վերամշակուած միսերը, ֆասթ ֆուտերը, ալքոլ պարունակող խմիչքները, սուրճը, քաղցրաւենիքները, կազային խմիչքները, շատ աղի ուտեստները յստակօրէն կը բարձրացնեն անձկութիւնը:

Անշուշտ անձկութեան միակ պատճառը վերը նշուած ուտելիքները չեն, կան աւելի լուրջ եւ հիմնական պատճառներ, բայց ինչո՞ւ չհրաժարիլ անոնցմէ կամ չսահմանափակել անոնց օգտագործումը, երբ գիտենք, որ անոնք ընդհանրապէս վնասակար համարուած են մեր առողջութեան համար:

Խոհագիր

Գետնախնձորով Քոթլեթներ

Բաղադրիչներ

3 հատ խաշած գետնախնձոր
1 հատ խաշած ստեպղին
Կէս փունջ մանրուած ազատքեղ
1 սոխ
5 պճեղ սխտոր
1 հաւկիթ
3-4 ապուրի դգալ փոշի քահքէ
Աղ, սեւ պղպեղ
2-3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ տափակ դգալով ճզմել գետնախնձորն ու ստեպղինը` միատարր խիւս մը ստանալու համար:

Տապակին մէջ տաքցնել ձիթապտուղի ձէթը եւ մէջը դարձնել մանրուած սխտորներն ու շերտուած սոխը, մինչեւ որ թափանցիկ դառնան:

Գետնախնձորի խիւսին աւելցնել` սոխն ու սխտորը, մանրուած ազատքեղը, հաւկիթը, աղն ու սեւ համեմը եւ փայտեայ դգալով մը խառնել, ապա քիչ-քիչ աւելցնել քահքէյի փոշին, շարունակել խառնել` բաւական պինդ զանգուած մը ստանալու համար:

Մէկ ապուրի դգալի չափով խիւսէն առնել եւ ձէթով ծեփուած ափերուն մէջ կլոր ու տափակ ձեւաւորել:

Ձեւաւորուած խիւսերը երկու երեսով տապկել շատ քիչ քանակութեամբ ձէթի մէջ: Երբ ոսկեգոյն դառնան, փոխադրել բաց ամանի մը մէջ ու մատուցել քեչափի կամ ձեր նախասիրած մէկ թացանին կողքին:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աշխարհի Ցաւով

Սիրտս կ՛արիւնի՛ աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուած իմ, չորս դիս
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս:

Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն
Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց
Եւ նոր ոճիրներ, իմ շուրջն ու հեռուն,
Կը ծնին մարդիկ` արիւնով հարբած:

Գլուխս ինչպէ՞ս ես դնեմ բարձիս
Եւ ննջեմ խաղաղ, աներազ քունով,
Երբ անգին անքուն մօտիկ դրացիս
Կը հսկէ զաւկին հոգեվարքին քով:

Սուրի ու սովի կը դառնան աւար
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն
Եւ ոտքի կոխան` հասկեր անհամար,
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն:

Ես ինչպէ՞ս նստիմ խնճոյքի սեղան
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան
Որբի մը բերնէն պատառը հացին:

Աստուա՛ծ իմ, որքա՛ն անարդար վճիռ.
– Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս…
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր.
– Աշխարհի ցաւով հիւա՜նդ է հոգիս…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ


Հետաքրքրական. Վերջերս Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ղափամայի Փառատօն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Վերջերս «Վերնիսաժ»-ի տարածքին, առաջին անգամ ըլլալով, տեղի ունեցաւ ղափամայի եղանակային փառատօն: Փառատօնը կայացաւ նոյեմբեր ամսուն, քանի որ դդումի բերքը կը հասնի ճիշդ այդ ժամանակ:

Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանի խօսքով, փառատօնին նպատակներէն մէկը մեր ազգային մշակոյթն ու խոհանոցը հանրահռչակելն է, ինչպէս նաեւ` զարգացնել զբօսաշրջութիւնը, իսկ «Վերնիսաժ»-ը այդ պատճառով ընտրուած է, քանի որ անիկա զբօսաշրջային վայր է:

Հակառակ որ անունը հայկական չէ, ղափաման հայկական աւանդական ճաշատեսակ է, որ կը պատրաստուի մեղրադդումով, բրինձով, չիրերով, ընկույզով եւ ընդեղէնով: Կան ղափամայի այլ տարբերակներ, ձաւարով, բանջարեղէններով եւ այլն…

Մամուլեանի բացատրութեամբ, դդումը երկրագունդն է, բրինձը` համայն մարդկութիւնը, չիրերն ու ընդեղէնը տարբեր հաւատքի մարդիկ: Հետեւաբար պատգամը այն է, որ ամբողջ մոլորակը խաղաղ ապրի` անկախ ազգութենէ, սեռէ եւ դաւանանքէ:

Առողջապահական

Ի՞նչ Կը Պատահի Ձեր Մարմնին Մէջ,
Եթէ Օրական Գարեջուր Խմէք

Գարեջուրը շատ ջերմուժ կը պարունակէ, հետեւաբար կը գիրցնէ: Անոր ածխաջուրերու բարձր տոկոսը կը բարձրացնէ արեան շաքարի մակարդակը եւ առողջական բարդութիւններ կը պատճառէ:

Գարեջուրը միջամուղ է, ան կը նպաստէ հեղուկի կորուստին եւ կրնայ ջրազրկման յանգեցնել: Ջրազրկումը իր կարգին գլխացաւ, յոգնածութիւն եւ ծարաւ կը պատճառէ:

Գարեջուրի չափէ աւելի օգտագործումը կը խանգարէ մարմնի դիմադրական համակարգը` հիւանդութիւններուն նկատմամբ դարձնելով աւելի խոցելի:

Գարեջուրի մշտական օգտագործումը կը վտանգէ լեարդի առողջութիւնը:

Թէեւ գարեջուրը թմրեցնելու յատկութիւն ունի, բայց անոր ազդեցութեան տակ քունը կը կորսնցնէ իր որակը, եւ ենթական օրուան ընթացքին կը դառնայ թոյլ եւ յոգնած:

Գարեջուրին պատճառած ջրազրկումը նաեւ կը վնասէ մեր մորթին, անիկա կը դառնայ չոր ու շերտաւոր եւ կը կորսնցնէ իր առաձգականութիւնը:

Վերջապէս, գարեջուրի ամէնօրեայ օգտագործումը կը մեծցնէ քաղցկեղի որոշ տեսակներու յառաջացման վտանգը: Յատկապէս վտանգուած են բերնի խոռոչը, կոկորդը եւ որկորը:

Աւոքատոյի Կորիզին Բուժիչ
Յատկութիւնները

Աւոքատոյին պարունակած ասիտ ամինէներուն 70 առ հարիւրը կը գտնուի անոր մեծ կորիզին մէջ: Կորիզը ինքնին բարիքներու հանք մըն է եւ աժան դեղ մը` շատ մը առողջական խնդիրներու:

Եկէք` ծանօթանանք այս մեծ կորիզին բուժիչ յատկութիւններուն:

– Անիկա անթիօքսիտան մըն է եւ կ՛ուշացնէ բջիջներուն ծերացումը:
– Կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
– Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
– Կ՛օգնէ ճարպերը այրելու եւ նիհարնալու:
– Կը դարմանէ փորհարութիւնը եւ աղիքային անհանգստութիւնները:
– Կը թեթեւցնէ յօդային եւ մկանային ցաւերը:
– Կ՛արգիլէ որոշ ուռերու կազմութիւնն ու զարգացումը:
– Կը դարմանէ դէմքին բշտիկները:
– Կը պահպանէ մորթին թարմութիւնը եւ զայն երիտասարդ կը պահէ:

Ինչպէ՞ս Գործածել

Աւոքատոյին կորիզը գործածելու համար նախ հանեցէք ամուր բարակ մաշկը, ապա զայն քերոցէ անցուցէք, ստացուած նիւթը թեթեւ կրակի վրայ խարկեցէք եւ պիտի ստանաք կարմրաւուն փոշի մը: Այս փոշիով կրնաք պատրաստել եփուկներ: Փոշին 10 վայրկեան եռացնելէ ետք ձգեցէք, որ 5 վայրկեան հանգչի, ապա քամոցէ անցուցէք եւ օրուան ընթացքին խմեցէք:

Նոյն այս փոշին օգտագործեցէք ձեր աղցաններուն, ապուրներուն եւ եղինձներուն մէջ:

Ուշադի՛ր, աւոքատոյի կորիզին չափազանցուած սպառումը կրնայ փորկապութիւն պատճառել:

Բոյրերու Աշխարհէն

 «Պուքէ Տը Լա Քուր»

«Կերլեն»-ը եւ «Շոմէ» շքեղ ոսկերչական տունը ստեղծած են ոսկերչական եւ օծանելիքի արուեստի գլուխ գործոց` «Bouquet de la cour»-ը, «Bee Bottle» սրուակի մէջ:

Շիշին իրագործումը պահանջած է 270 ժամ, զարդարուած է 336 շլացուցիչ ադամանդներով եւ 2 քարաթանոց Impératrice հիասքանչ ադամանդով:

Այս անուշահոտը պարզապէս բուրմունք չէ. անիկա ֆրանսական անզուգական վարպետութեան արտացոլանքն է ինչպէս ոսկերչութեան, այնպէս ալ օծանելիքի ոլորտին մէջ:

«Bee Bottle»-ի 170-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս այս կարեւոր իրադարձութիւնը նշելու նպատակով «Կերլեն»-ը վաճառքի հանած է 27 հազար տոլարի արժէքով սահմանափակ քանակութեամբ սրուակներ` յայտնի ապակեգործ Արիսթիտ Նաջենի ձեռամբ:

Նշենք նաեւ, որ «Bee Bottle»-ի համար յատուկ բեռնախցիկ ստեղծելու համար «Կերլեն» գործակցած է լիբանանցի տիզայնըր Նատին Քանսոյի հետ:

Այսուհետեւ Մտածենք Նախքան Թափելը

 Մանտարինի Կեղեւը Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Համեղ, հիւթեղ, բուրաւէտ եւ սննդարար մանտարինը շատերու կողմէ համարուած է որպէս ձմրան պտուղներու թագուհին: Սակայն քիչեր գիտեն, որ բացի պտուղէն` կարելի է օգտագործել նաեւ անոր կեղեւը տարբեր նպատակներով: Իմանալէ ետք դուք եւս այսուհետեւ երբեք պիտի չթափէք ձեր սիրելի պտուղին կեղեւը: Եւ այսպէս`

– Մանտարինի կեղեւը կը չէզոքացնէ տհաճ հոտերը, յատկապէս երբ ձմրան եղանակին կը փակէք դուռ ու պատուհան, իսկ խոնաւութեան ու բորբոսի հոտը կը լեցուի տան մէջ: Նման պարագայի մանտարինի կեղեւներ շարեցէք պատուհանի եզրին կամ տաք ջեռուցիչին վրայ, եւ ամբողջ տունը պիտի օծանուի մանտարինի բուրաւէտ հոտով:

– Մանտարինի կեղեւը կարելի է օգտագործել որպէս ոչ հաճելի հոտերը հեռացնող` հագուստի պահարանին մէջ: Անիկա ոչ միայն հոտերը կը չէզոքացնէ, այլեւ կը պաշտպանէ ցեցերէն: Ծրարիկի մը մէջ մանտարինի չորցուած կամ թարմ կեղեւ, քանի մը մեխակի գամ եւ դափնիի տերեւ մը զետեղեցէք, ծրարին բերանը կապեցէք եւ հաստատեցէք հագուստի կախիչի մը վրայ: Արդիւնքը ապահով է:

– Մանտարինի կեղեւը նաեւ շատ հաճելի համ եւ բոյր կը հաղորդէ ձեր թէյերուն: Ջեռոցի մէջ կամ բացօթեայ չորցուցէք մանտարինի կեղեւը եւ աւելցուցէք ձեր թէյերուն:

– Մանտարինի կեղեւը չորցուցէք, աղեցէք եւ փոշին օգտագործեցէք ձեր կարկանդակներու պատրաստութեան ընթացքին:

– Ցօղացիր շիշի մէկ երրորդը քացախ լեցուցէք, մէկ երրորդը` ջուր, մանտարինի թարմ կեղեւ աւելցուցէք եւ ստացուած հեղուկը օգտագործեցէք որպէս մաքրութեան միջոց:

– Մանտարինի թարմ կեղեւներուն հոտը կը վանէ ձեր սիրելի կատուն տան բոյսերէն, որոնց մէկ կարեւոր մասը նաեւ վտանգաւոր է անոնց առողջութեան: Հողի մակերեսին քանի մը կեղեւի կտոր զետեղելով կը պաշտպանէք թէ՛ ձեր բոյսը եւ թէ՛ ձեր կատուն:

Սուրճի Մրուրը Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Դուք կը սիրէք առաւօտեան սուրճը եւ անոր հետ կապուած ծէսը… Բայց արդեօք ծանօ՞թ էք սուրճի մրուրի օգտագործման տարբերակներուն… Եկէ՛ք` ծանօթանանք:

– Սուրճի մրուրը կը վերացնէ լուացարանի խողովակէն եկող տհաճ հոտը: Ձեր սուրճը պատրաստելէ եւ վայելելէ ետք սրճամանին տակ հաւաքուած սուրճի մրուրին քիչ մը տաք ջուր աւելցուցէք եւ լեցուցէք խողովակին մէջ, ապա տաք ջուր հոսեցուցէք:

– Սուրճի մրուրը կը կլանէ սառնարանին, հագուստի պահարանին կամ աղբամանին տհաճ հոտերը: Սառնարանին մէջ սուրճի գաւաթով, պահարանին մէջ կտորէ ծրարիկով, իսկ աղբամանին մէջ` պարզապէս յատակին ցանելով սուրճի մրուր օգտագործեցէք եւ անմիջապէս կը քաղէք արդիւնքը:

– Եթէ կ՛ուզէք մրջիւնները վանել խոհանոցէն եւ չէք ուզեր քիմիական դեղեր օգտագործել, սուրճի մրուր ցանեցէք անոնց տարածքներուն:

– Սուրճի մրուրով կրնաք շփել ու մաքրել խորովածի շամփուրները, ջեռոցի սկուտեղը, տապակները եւ այլն…

– Սուրճի մրուրը նաեւ կը կլանէ ծխախոտի անախորժ հոտը: Տան տարբեր տեղեր սուրճի մրուրով լեցուն փոքրիկ մոխրամաններ զետեղեցէք: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:

Խոհագիր

Մարոքեան Ապուր`
Ոսպով Եւ Ստեպղինով

Բաղադրիչներ

– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 միջակ, մանրուած սոխ
– 3 պճեղ մանրուած սխտոր
– 2 գաւաթ քերոցէ անցած ստեպղին
– 1 թէյի դգալ քիմիոն
– 1 թէյի դգալ քրքում
– 1 թէյի դգալ չոր գինձ
– Կէս թէյի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
– Քառորդ թէյի դգալ կասիա
– 2 գաւաթ լուացուած, նարնջագոյն ոսպ
– 1 գաւաթ խորանարդաձեւ կտրատուած լոլիկ
– 4 գաւաթ հաւի կամ բանջարեղէնի արգանակ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Ձէթը տաքցնել, աւելցնել սոխն ու սխտորը եւ 2 վայրկեան ձէթին մէջ դարձնել մինչեւ փափկանան, ապա աւելցնել համեմները եւ 4 վայրկեան եւս եփել, յետոյ աւելցնել ստեպղինը եւ 10 վայրկեան եւս եփել: Վերջապէս, աւելցնել արգանակը, լոլիկը եւ ոսպը: Կրակը թեթեւցնել եւ մերթընդմերթ խառնելով եփել շուրջ 20 վայրկեան, մինչեւ որ ոսպը եփի ու փափկանայ:

Ապուրը կարելի է մատուցել այսպէս եւ կամ հարիչէ անցընելով` ըստ ճաշակի:

Երեսը զարդարել ազատքեղով կիտրոնի շերտերով եւ այլն…

*
*   *

Շաբթուան Մտածումը

«Ամենակարեւոր բաները մեզ ոչ ոք չսովորեցրեց: Առաջին դասարանում անցանք այբուբենը, դա յետոյ էլ կը սովորէինք:

Յետոյ թուաբանութեան դասատուն մեզ անգիր անել տուեց բազմապատկման աղիւսակը… երբ կեանքում մենք անընդհատ բաժանուելու էինք` մեր մտերիմներից, մեր յոյսերից, մեր ապրած տարիներից…

Սովորեցրին հին ու նոր ժամանակների պատմութիւններ, որ ի՞նչ…

… Եւ ոչ ոք չսովորեցրեց ինչպէս հասկանալ կողքինի տխրութիւնը, ինչպէս լսել լռութիւնը, ինչպէս տառապել…. արժանապատուութեամբ:

Թողեցին, որ այդ ամէնը սովորենք ինքնակրթութեամբ` ինչպէս ասում են:

… Իսկ աւելի մարդավարի ասած` մեր սրտերի վրայ ստացած վէրքերով պիտի սովորէինք ամենակարեւոր բաները»:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

Քանի Մը Տողով. Հայաստանը Առաջին Անգամ Ըլլալով…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Եւրոպայի մէջ մեծ ճանաչում վայելող Սթրազպուրկի Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառին:

Համաշխարհային ճանաչում ունեցող տօնավաճառին ներկայացուած են աւելի քան 60 հայ վարպետներու շուրջ 400 տեսակի ձեռագործ աշխատանքները:

Հայկական զարդանաշխերով ստեղծուած Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի խորհրդանիշները շուրջ մէկ ամիս (նոյեմբեր 24-էն դեկտեմբեր 24) կը զարդարեն Սթրազպուրկի «Սեն Թոմա» հրապարակին վրայ տեղադրուած հայաստանեան հիւրընկալ տաղաւարը:

Տօնավաճառի այցելուներուն ներկայացուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան` գորգագործութեան, ասեղնագործութեան, թաղիքագործութեան եւ փայտարուեստի լաւագոյն նմուշները:

«Համաեւրոպական այս կարեւորագոյն հարթակին ներկայացուածութիւնը կը նպաստէ հայկական մշակութային ժառանգութեան միջազգային հանրահռչակման, միջմշակութային երկխօսութեան ձեռքբերման ու ընդլայնման», յայտնած են նախաձեռնողները:

«Զարմանահրաշ Հայ Կիներ»

«Զարմանահրաշ հայ կիներ» մանկական գիրքը արդէն իսկ առկայ է Հայաստանի գրախանութներուն մէջ:

Գիրքը կը պատմէ 30-է աւելի հայ կիներու մասին, որոնք «կամքը ունին` փոխուելու, ընկերային-հասարակական պատնէշներէն անդին մտածելու, իրենց երազանքներու ճամբով երթալու եւ ապրելու հաւասարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան մէջ»:

Բացի արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն տարբերակներէն կը ծրագրուի նաեւ գիրքին անգլերէն հրատարակութիւնը:

«Զարմանահրաշ կիներ» գիրքին հեղինակներն են Գայեանէ Աղաբալեանը եւ Էլմիրա Այվազեանը: Հեղինակներուն խօսքով, իրենց առաքելութիւնն է ճանաչելի դարձնել պատմութենէն եւ հաւաքական յիշողութենէն դուրս մնացած հայ կիները, խզել անոնց շուրջ եղած լռութիւնը եւ երկար սպասուած տուրքը մատուցել իւրաքանչիւրին: Պատմական կիներու կողքին, ընդգրկուած են նաեւ մեր օրերուն ապրող կիներ, որոնք կը կոտրեն կարծրատիպերը եւ կը հետեւին իրենց երազանքներուն:

Նշենք, որ «Զարմանահրաշ կիներ»-ը արեւմտահայերէնի թարգմանած է Շաղիկ Շահինեան- Արծրունին:

 

Նոր Տարուան Նախօրեակին

Կազմակերպեցէք Ձեր Ժամանակացոյցը

Արդէն թեւակոխեր ենք դեկտեմբեր ամիսը, եւ Ամանորը սարերուն ետեւ չէ: Շատեր արդէն իսկ յարդարած են տօնածառը, շատ շատեր ալ «տակաւին կանուխ է» կը մտածեն:

Մի՛ մոռնաք, որ ժամանակը շատ արագ կը սահի, ու կան կարեւոր գործեր, զորս պէտք է կատարել մինչեւ դեկտեմբեր 31` վերջին օրերուն խուճապի չմատնուելու եւ ջղագրգիռ տրամադրութեամբ Ամանորը չդիմաւորելու համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք կարեւոր եւ երկրորդական գործերու ցանկ մը, որ կ՛օգնէ կազմակերպելու ձեր ժամանակացոյցը:

Կարգի բերէք ձեր արտաքին տեսքը, քալեցէք, մարզանք ըրէք, ուշադիրէ եղէք ձեր ուտելիքներուն, որպէսզի նոր տարուան գիշերը վայելուչ ու գրաւիչ տեսք ունենաք:

Փոխեցէք ձեր արտաքին տեսքը, յաճախ արտաքին փոփոխութիւնները կը բերեն ներքին փոփոխութիւններ:

Փոխեցէք ձեր սանտրուածքը, մազերուն գոյնը, ակնոցներուն շրջանակը եւ այլն… Նման պզտիկ փոփոխութիւններ նաեւ կը բարձրացնեն ձեր տրամադրւթիւնը:

***

Գնեցէք ձեր նուէրները: Վերջին օրերուն ծանրաբեռնուած պիտի ըլլաք այլ պարտականութիւններով, եւ բնականաբար նուէր փնտռելն ու գնելը տաղտուկի պիտի վերածուին, պիտի դառնաք դիւրագրգիռ եւ ջղային:

***

Յարդարեցէք ձեր տունը: Նոյնիսկ եթէ տօնածառ զարդարելու տրամադրութիւն չունիք, առնուազն քանի մը զարդ (մոմ, Կաղանդի պսակ, արձանիկներ…) գնեցէք եւ տան մէջ տօնական մթնոլորտ ստեղծեցէք:

***

Ամանորեան սեղանին ճաշացուցակը պատրաստեցէք եւ արդէն իսկ որոշ գնումներ կատարեցէք ամէն բան վերջին օրերուն մի՛  ձգէք:

Ամանորեայ ընթրիքի պատրաստութեան պարտականութիւնները բաժնուեցէք, որպէսզի մէկ անձի վրայ չբեռցուին գործերը, եւ իւրաքանչիւրը ստանձնէ իր պարտականութիւնը:

***

Բարի գործ մը կատարեցէք: Այցելեցէք ծերանոց, որբանոց կամ բարեսիրական որեւէ հաստատութիւն եւ սրտաբուխ նուէրով մը երջանկացուցէք գուրգուրանքի եւ ուշադրութեան կարօտ անձեր:

***

Ներողամիտ եւ հաշտարար եղէք: Եթէ ոեւէ անձ ցաւցուցած է ձեզ, Նոր տարուան շեմին ներողամիտ եղէք եւ ձեր ետին նետեցէք քէնն ու ոխը եւ Նոր տարին դիմաւորեցէք մաքուր սրտով: Իսկ եթէ հակառակը` դուք վշտացուցած էք ուրիշին, առաջին քայլը առէք` ներողութիւն խնդրելու ու սրբագրելու ձեր սխալը:

***

Մօտիկ եւ հեռաւոր հարազատներու ու բարեկամներու անունները ցանկագրեցէք եւ մի՛ մոռնաք բացիկներով կամ ելեկտրոնային նամակներով շնորհաւորելու անոնց Ամանորն ու Ս. Ծնունդը:

Օգտակար Է Իմանալ

Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ
Փուենսեթիա Մը

Փուենսեթիայի հայրենիքը Մեքսիքան է, զայն կոչած են Սուրբ Ծննդեան աստղ Բեթղեհեմի աստղին հետ նմանութեան պատճառով:

Եթէ դուք ալ փուենսեթիայի սիրահար էք եւ մտադիր էք հատ մը գնել ու զարդարել ձեր տունը, ուրեմն հետեւեցէք այս խորհուրդներուն` առողջ փուենսեթիա մը ընտրելու համար: Ծաղկավաճառին խանութը առէք ձեր ժամանակը եւ լաւ զննեցէք.

Տերեւները պէտք է ըլլան ամուր, բաւական խիտ եւ մութ կանաչ:

Ծաղիկները (փոքր բողբոջները) պէտք է իրարու մօտիկ ըլլան եւ ոչ ցանցառ:

Ծաղիկներուն շուրջ գտնուող փոքրիկ տերեւները պէտք է ըլլան գունաւոր, եթէ անոնք մեծ մասամբ կանաչ են, կը նշանակէ, որ բոյսը շուտով պիտի գունաթափուի:

Հրաժարիլ ցանցառ, մասամբ դեղնած տերեւներով եւ թափած բողբոջներով տունկերէն:

Գիտէ՞ք, թէ…

  • Փուենսեթիան, որ արեւադարձային բոյս է, լոյսի կարիք ունի, անիկա պէտք է տեղադրուի պատուհանի մօտ, ուր ան պէտք է ստանայ օրական առնուազն 5 ժամ լոյս:
  • Փուենսեթիան զգայուն է ցուրտին, զայն զետեղեցէք հոսանքէ հեռու անկիւն մը:
  • Բոյսը նաեւ զգայուն է տաքին, զայն պէտք է հեռու պահել ջեռուցիչէն եւ վառարանէն:
  • Փուենսեթիային հողը պէտք չէ ամբողջովին չորնայ, ոչ ալ արմատները ջուրի մէջ թաթխուին: Հողը պէտք է պարզապէս խոնաւ պահել, երբեք` թաց:

Առողջապահական

Կրիփէն Պաշտպանուելու
7 Պարզ Միջոցներ

Կրիփը լայնօրէն տարածուած ժահրային հիւանդութիւն է: Կրիփով կը հիւանդանան բոլոր տարիքի ու սեռի անձեր: Հիւանդութեան հիմնական ախտանշաններն են` ջերմութիւնը, հազը, կոկորդի ցաւը, մարմնի կոտրտուքը, յոգնածութիւնն ու գլխացաւը:

Կրիփի վարակի հիմնական աղբիւրը հիւանդ անձն է, որ շրջապատին համար վտանգաւոր է հիւանդութեան առաջին օրէն մինչեւ լրիւ ապաքինումը: Ան խօսելու, հազալու, փռնգտալու, համբուրուելու կամ ձեռք սեղմելու ատեն վարակը շատ արագ կը փոխանցէ շրջապատին

Բժիշկները խորհուրդ կու տան`

ա.- Կարելի եղածին չափ հեռու մնալ շփումներէ (համբուրուիլ, ձեռք սեղմելու, գիրկընդխառնուիլ…)` առաւելագոյնս պաշտպանուելու համար վարակէն:
բ.- Հեռու մնալ ընկերային հանդիպումներէ, մանաւանդ եթէ անոնք փակ տարածքներու մէջ տեղի կ՛ունենան:
գ.- Հրաժարիլ հիւանդանոց այցելելէ հիւանդտեսի պատրուակով: Հիւանդանոցները վարակի բոյներ են:
դ.- Հրաժարիլ ինքնաբուժումէ եւ զգուշանալ անթիպիոթիքներէ, որոնք միշտ ալ ճիշդ ընտրութիւն չեն:
ե.- Հագուիլ եղանակին համապատասխան:
զ.- Յաճախ օդափոխել փակ տարածքները:
է.- Շատ հեղուկ խմել: միշտ ալ ճիշդ ընտրութիւն չեն:
ե.- Հագուիլ եղանակին համապատասխան:
զ.- Յաճախ օդափոխել փակ տարածքները:
է.- Շատ հեղուկ խմել:

Խոհագիր

Արմաւով Աղանդեր

Բաղադրիչներ

– Չոր արմաւ` 10-12 հատ
– Ընկուզեղէն` ըստ ճաշակի
– Ռիքոթա պանիր, գետնանուշի կարագ
– Կտրատուած չոր մրգեղէն` ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Արմաւներուն կորիզները հանել: Քանի մը հատին մէջ կէս թէյի դգալ ռիքոթա պանիր լեցնել, քանի մը հատը պարապ ձգել, մնացեալին մէջ ալ կէսական թէյի դգալ գետնանուշի կարագով ծեփել:

Ըստ ճաշակի, արմաւներուն երեսը աւելցնել` ընկոյզ, կաղին, նուշ, մանրուած չիրեղէն` ծիրան, սալոր, չամիչ, ինչպէս նաեւ` շուշմայ, մեծ դդումի կամ սեխի սերմեր, նուռի հատիկներ, եւ այլն…

Այս շատ սննդարար աղանդերը հիւրասիրութեան շատ յաջող տարբերակ է գաւաթ մը սուրճի կողքին:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Աղէտ

Այս ինչ պատահեց հայոց աշխարհին
Ողբերգութիւն է համաշխարհային
Մի բուռ ազգ էինք, դարձել ենք կէս բուռ
Իսկ այդ կէս բուռն էլ արտասուք է լուռ:

Մենք այլոց տունը երբեք չենք քանդել,
Էլ ինչո՞ւ պիտի մեր տունը քանդուէր.
Մեր պաշտած հողը մեզ իր գիրկն առաւ
Մեր պաշտած քարը մեր գլխին ընկաւ:

Այո՛, կը յիշենք, նոյնիսկ կը գրենք,
Եթէ շատերս չխելագարուենք:
Բայց այս օրերին կայ լոկ մի՛ խորհուրդ`
Պիտի դիմանա՛ս, իմ հայ ժողովուրդ,
Դեռ պիտի յաղթես, ապրելո՛վ յաղթես.
Եւ նաեւ, նաեւ ծիծաղո՛վ յաղթես:

Մենք չմնացինք աշխարհում մենակ.
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ յենակ
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ թիկունք,
Շնորհակալ ենք` բոլորին յատուկ:
Մարդիկ զոհուեցին` ազնուութիւնը ո՛չ:

Սա՛ է պահելու ժողովուրդին ողջ:
Եւ ասա՛ Աստուած, եթէ խիղճ ունես,
Ի՞նչ ճակատագիր տուեցիր դու մեզ:
Մենք այսօր շատ ենք ցնցուած, բզկտուած,
Թող վերջին վիշտը լինի սա, Աստուա՛ծ:

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Ասկէ 35 տարի առաջ այս օրը (7 դեկտեմբեր 1988, առաւօտեան ժամը 11:41-ին) տեղի ունեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը: Զոհուեցաւ 25 հազար մարդ, 19 հազարը հաշմանդամ դարձաւ, շուրջ կէս միլիոնը մնաց անօթեւան:

Երբ Տօները Կը Շեղին Իրենց Բուն Իմաստէն Եւ Կը Դառնան Ընկճախտի Պատճառ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տարբեր մարդոց համար տօները կրնան տարբեր նշանակութիւններ ունենալ` ըստ կրօնին, համոզումներուն, դաստիարակութեան, բայց նաեւ` կեանքի լաւ կամ գէշ փորձառութեան:

Շատ շատերու համար Ամանորն ու Ս. Ծնունդը հաւատքի ամրապնդման, խնճոյքի, տօնախմբութեան եւ վերամիաւորման առիթներ են, մինչդեռ ուրիշներու համար թախիծի, անձկութեան եւ ընկճախտի պատճառ:

Մարդոց մեծամասնութիւնը վերոյիշեալ զոյգ տօները կ՛ընկալէ որպէս`

Կրօնական Տօն. Այո՛ շատերու համար տօները, յատկապէս` Ս. Ծնունդը, առիթներ են` նշելու Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հետ կապուած կարեւոր կրօնական իրադարձութիւնները:

Մշակութային Աւանդութիւններ. Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօները կը նշուին մշակութային յատուկ աւանդութիւններով` տօնածառի յարդարանք` նուէրներու փոխանակում, աւանդական կերակուրներու պատրաստութիւն եւ այլն…

Ընտանեկան Վերամիաւորում. Ամանորն ու Ս. Ծնունդը կապուած են ընտանեկան հաւաքոյթներու հետ. այնքան յուզիչ եւ սպասուած: Ժամանակ է, երբ ընտանիքին անդամները կը հաւաքուին` տօնելու եւ կիսուելու յիշողութիւններով, կերակուրներով, բաժակաճառերով, շարականներով…

Ուրախութիւն Եւ Երջանկութիւն. Շատերու համար տօները կը խորհրդանշեն ուրախութիւն, առատաձեռնութիւն. մարդիկ իրենց ջերմութիւնը կ՛արտայայտեն` նուէրներ փոխանակելով, ձեռնարկներու մասնակցելով եւ ուրախ պահերը կիսուելով:

Նորացում Եւ Յոյս. Յաճախ տարեվերջը կը դիտուի որպէս նորացման ժամանակ: Շատեր տօները կը դիտեն որպէս տարուան դժուար ժամանակները մոռնալու եւ աւելի լաւ ապագայի սպասելու հնարաւորութիւն:

Կամաւորութիւն Եւ Առատաձեռնութիւն. Որոշ մարդիկ տօները կը համարեն ուրիշներուն տալու, ձեռք մեկնելու հնարաւորութիւն: Ասիկա կրնայ դրսեւորուիլ կամաւորական գործունէութեան մը մասնակցութեամբ, բարեգործական նուիրատուութիւններու կամ պարզապէս ուրիշներու հանդէպ բարեացակամ վերաբերմունքի միջոցով:

Ստեղծագործութիւն Եւ Արտայայտում. Տօները կրնան ըլլալ յարմար առիթ ստեղծագործական տաղանդները դրսեւորելու` զարդարանքի, կերակուրի պատրաստութեան, երաժշտութեան եւ գեղարուեստական արտայայտման այլ ձեւերու միջոցով:

Ինչո՞ւ Որոշ Մարդիկ Չեն Սիրեր
Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Երեկոյթները

Կան բազմաթիւ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ որոշ մարդիկ չեն սիրեր տօներն ու տօնական երեկոյթները: Այսպէս`

Առանձնութիւնը. Տօնական օրերը աւելի եւս կը շեշտեն առանձնութիւնը, յատկապէս անոնց, որոնք չունին ընտանիք կամ ընկերներ, որոնց հետ կրնան նշել տօնը:

Վիշտ. Անոնց համար, որոնք վերջերս հարազատ կորսնցուցած են, Ս. Ծնունդը կրնայ վերածուիլ ծանր տօնի` կապուած ցաւալի յիշողութիւններու հետ:

Դրամական Դժուարութիւն. Նուէրներու, զարդարանքներու, ճաշերու հետ կապուած ծախսերը կրնան զգալի ֆինանսական ընկճախտ ստեղծել որոշ մարդոց համար:

Ընտանեկան Տագնապներ. Ընտանիքի անդամներու կամ ազգականներու միջեւ անհամերաշխութիւնը պատճառ է, որ շատ շատեր խուսափին տօնական երեկոյթներէն:

Վատ Յիշողութիւններ. Անցեալին Ամանորի կամ Ս. Ծննդեան հետ կապուած բացասական փորձառութիւններ կրնան ազդել որոշ մարդոց տօներու ընկալման վրայ:

Ի՞նչ Կը Կոչուի Ծննդեան Վախը

Որքան ալ տարօրինակ թուի, կայ Ս. Ծննդեան վախ. այդ վախը կը կոչուի Նաթալոֆոպիա (natalophobie): Ասիկա յատուկ ֆոպիայի ձեւ մըն է, որ կ՛արտայայտուի որպէս ուժեղ անհանգստութիւն կամ վախ, որ կապուած է Ս. Ծննդեան շրջանին հետ: Նաթալոֆոպիա ունեցող մարդիկ կրնան անհանգստութիւն զգալ, ինչ կը վերաբերի տօնակատարութիւններուն, զարդարանքներուն, ընտանեկան հաւաքոյթներուն կամ Ս. Ծնունդը նշելու հետ կապուած այլ երեւոյթներուն:

9 Քայլ` Տօնական Ընկճախտէն
Ձերբազատուելու Համար

Առաջնահերթութիւններ Սահմանեցէք. Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն վերաբերեալ առաջնահերթութիւններ ճշդեցէք: Յաջող Ս. Ծննդեան ընթրի՞ք, նուէրներու ճիշդ ընտրութի՞ւն, ընտանեկան ջերմ հաւաքոյթի մը կազմակերպո՞ւմ, ճամբորդութի՞ւն… Յաւելեալ ուժ մի՛ սպառէք, կեդրոնացէք մէկ բանի վրայ եւ ջանացէք այդ մէկը գլուխ հանել: Մի՛ մտածէք, որ ամէն ինչ կատարեալ պէտք է ընէք, ամէն պարագայի, ի՛նչ ալ ընէք, երբեք չէք կրնար բոլորը գոհացնել: Ըրէք անհրաժեշտը, որպէսզի հիասթափութիւն չապրիք:

Պիւտճէ Ճշդեցէք. Տրամաբանական պիւտճէ մը ճշդեցէք նուէրներու, զարդերու, հաւաքոյթներու համար, պարզապէս բաւարարուեցէք  անով, ինչ որ ունիք, ձեր հնարաւորութիւններէն աւելի մի՛ ծախսէք, յիշեցէք, որ յունուար ամիսը ծանր պիտի նստի ձեր ուսերուն:

Աւանդութիւնը Փոխեցէք. Եթէ աւանդութիւն դարձած է, որ դուք կազմակերպէք եւ հիւրընկալէք տօնական հաւաքոյթները, եկէք` շրջեցէք աւանդոյթը եւ այս տարի դո՛ւք եղէք հիւրընկալուողը, իսկ եթէ ձեզ ընդունող չկայ, բան մի՛ կազմակերպէք այլ փորձեցէք առանձին զուարճանալու տարբերակներ գտնել:

Իրատես Ակնկալիքներ Ճշդեցէք. Պարտադիր չէ, որ տօնական հաւաքոյթները անթերի ըլլան, իսկ անկատար պահեր ունենալը շատ բնական է: Մանր-մունր ձախողութիւնները ժպիտով ընդունեցէք: Երախտապարտ եղէք, որ առողջ էք, շրջապատուած, սիրուած… մնացեալը երկրորդական է:

Ձեր Առողջութեան Հոգ Տարէք. Հոգ տարէք ձեր ֆիզիքական եւ մտաւոր առողջութեան. բաւարար քնացէք, առողջ սնունդ սպառեցէք, մարզանք ըրէք:

Ճարպոտ ուտելիքները, չափազանցուած ոգելիցները, անբաւարար քունը եւ մարզանքի պակասը 80 տոկոսով կը բարձրացնեն ընկճախտի հաւանականութիւնը:

Դուք Ձեզի Ժամանակ Տրամադրեցէք. Դուք ձեզի ընդմիջումներ տուէք ընկերային ցանցերէն եւ աշխատանքային պարտաւորութիւններէն անջատուելու համար: Ժամանակ ստեղծեցէք` քալելու, պտտելու, մարզուելու, ընթերցելու, բոյսերը խնամելու, երաժշտութիւն լսելու… Այս բոլորը զգալիօրէն կը թեթեւցնեն ընկճախտը:

Համեմատութիւններէ Խուսափեցէք. Խուսափեցէք ուրիշներու հետ դուք ձեզ համեմատելէ` ըլլայ նուէրներու, զարդարանքներու կամ տօնական ձեռնարկներու առումով: Իւրաքանչիւր ոք ունի Ամանորն ու Ս. Ծնունդը նշելու իր ձեւը: Դուք համեմատուելով կը դժբախտացնէք դուք ձեզ` փոխանակ գնահատելու այն, ինչ որ շնորհուած է ձեզի:

Կեդրոնացէք Ներկայի Վրայ. Կեդրոնացէք ներկայ պահուն վրայ եւ վայելեցէք զայն: Եթէ մտածէք անցեալ տարուան վատ փորձի մասին, վստահաբար պիտի ընկճուիք` ցանկալով չսխալիլ: Իսկ եթէ մտածէք անցեալ տարուան յաջող Ս. Ծնունդին մասին, այդ նոյնպէս ձեր վրայ մեծ ճնշում կը գործադրէ: Պարզապէս ներկան ապրեցէք եւ մնացէք բնական:

Օգնութիւն Ընդունեցէք. Եթէ ոեւէ մէկը առաջարկէ օգնել ձեզի, մի՛ մերժէք: Տօնական երեկոյթներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը ձեր ուսերուն մի՛ բեռցնէք, պարտականութիւններու բաշխումը կրնայ թեթեւցնել ծանրաբեռնուածութիւնը եւ ձեզ ազատել ընկճախտէ:

* * *

Դժբախտաբար յաճախ հակուած ենք մոռնալու տօներուն բուն նշանակութիւնն ու անոնցմէ բխող խորհուրդները եւ մրցավազքի մը մէջ ենք, թէ ի՛նչ հագուինք, ի՛նչ ուտենք, կամ ո՛ւր նշենք գալիք տօները: Թէկուզ այս տարի եկէք` ձերբազատինք ձեւականութիւններէն եւ առաջնորդուինք գալիք տօներու բուն խորհուրդներով:

Խոհագիր

Խմիչքի Հետ Մատուցուող
ՏօնածառԱխորժաբեր

Ամանորը կամ Ս. Ծնունդը սպասելու պէտք չունիք այս ախորժաբերը պատրաստելու համար: Եթէ բարեկամներ հրաւիրած էք` բաժակ մը խմիչքի շուրջ, ահաւասիկ` իտէալական ախորժաբեր մը, որ թէ՛ արագ կը պատրաստուի, թէ՛ այլազան է իր բաղադրիչներով եւ թէ՛ տօնական…

Այս ախորժաբերը պատրաստելու համար պէտք ունիք` պանիրի, վարունգի, ստեպղինի, սալամիի, մորթատելի, խոզապուխտի եւ թոմաթ սըրիզի:

Փայտէ շամփուրի մը վրայ անցուցէք պանիրի, ստեպղինի, վարունգի եւ ոլորուած մսեղէններու կտորները այնպէս մը, որ տօնածառի տեսք ստացուի:

Գագաթին զետեղեցէք փոքրիկ լոլիկը եւ աստղը: Եթէ ձեռքի տակ ժապաւէն ունիք, աստղին եւ լոլիկին միջեւ կապեցէք զայն:

Ձեր հիւրերը վստահաբար անտարբեր պիտի չմնան ու մեծապէս պիտի գնահատեն ձեր աշխատանքը:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 ԸսիԸսաւ

Կաղանդ է կ՛ըսեն կոր, ըսի,
Ի՞նչ ընեմ, ըսաւ,
Բան մը մ՛ըներ, ըսի,
Բան մը չեմ ըներ կոր, ըսաւ,
Ինչո՞ւ չես ըներ կոր, ըսի,
Ինծի՛ ինչ, ըսաւ,
Դուն մարդ չե՞ս, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Մեզմէ չե՞ս, ըսի,
Ի՞նչ գիտնամ, ըսաւ,
Ի՞նչ գիտես, ըսի,
Ուտել գիտեմ, ըսաւ,
Ի՞նչ կ՛ուտես, ըսի,
Ինչ որ գտնամ, ըսաւ,
Ինչո՞ւ կ՛ուտես, ըսի,
Ապրելու համար, ըսաւ,
Ինչո՞ւ կ՛ապրիս, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Հարցուր, ըսի,
Որո՞ւ հարցնեմ, ըսաւ,
Խիղճիդ հարցուր, ըսի,
Խի՞ղճը ով է, ըսաւ,
Դո՞ւն ով ես, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Ծնունդ է կ՛ըսեն կոր, ըսի,
Ո՞վ ծներ է, ըսաւ,
Փրկիչը, ըսի,
Ետիգուլէ է, ըսաւ,
Աս ուրիշ փրկիչ է, ըսի,
Չեմ ճանչնար, ըսաւ,
Երջանի՞կ ես, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Ո՞ւր պիտի երթաս, ըսի,
Ե՞րբ, ըսաւ,
Կաղանդին գիշերը, ըսի,
Ո՞ւր երթամ, ըսաւ,
Ո՞ւր կ՛երթաս, ըսի,
Կամուրջին տակ, ըսաւ,
Ի՞նչ ընելու, ըսի,
Քնանալու, ըսաւ,
Ինչո՞ւ կը քնանաս, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Դրամ ունի՞ս, ըսի,
Չունիմ, ըսաւ,
Ինչո՞ւ չունիս, ըսի,
Չեն տար կոր, ըսաւ,
Աշխատէ, ըսի,
Գործ չկայ, ըսաւ,
Ինչո՞ւ չկայ, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Ժամ երթանք, ըսի,
Ի՞նչ ընելու, ըսաւ,
Տօն է, ըսի,
Ինծի՞ ինչ, ըսաւ,
Կ՛աղօթենք, ըսի,
Ինչո՞ւ աղօթենք, ըսաւ,
– Չեմ գիտեր, ըսի:
Մնաս բարով, ըսաւ,
Երթաս բարով, ըսի,
Օդը աղուոր է, ըսաւ,
Ո՞ւր կը տեսնամ քեզ, ըսի,
Ամէն տեղ, ըսաւ,
Մինչեւ ե՞րբ, ըսի,
Մինչեւ մահ, ըսաւ,
Պիտի մեռնի՞ս, ըսի,
Օր մը, ըսաւ,
Ինչո՞ւ համար, ըսի,
Ե՛ս գիտեմ, ըսաւ:

ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆ

 

 

 

Ազգագրագէտներու Կարծիքով. Ինչպիսի՞ն Պէտք Է Ըլլան Հայկական Աւանդական Ամանորեայ Եւ Ս. Ծննդեան Սեղանները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամանորեայ սեղաններու մրցավազքը տարուէ տարի կը զարգանայ: Դժբախտաբար շատեր նոյնիսկ վարկ կը վերցնեն իրենց Ամանորեայ սեղանին պատրաստութեան համար:

Ինչպէս Ամանորին, այնպէս ալ բոլոր տօներուն բնորոշ տօնածիսական ճաշատեսակներ գոյութիւն ունին, սակայն շատեր արդէն մոռցած են անոնց բովանդակութիւնն ու բուն իմաստը եւ ձեւականութեան ետեւէն կը վազեն պարտքով Նոր տարի նշելու համար… Ոմանք այնքան մթերքներ կը գնեն եւ ճաշեր կը պատրաստեն, որ վերջաւորութեան այդ ուտեստներուն մէկ մասը կը թափեն, մինչ երկրագունդի երեսին միլոնաւոր մարդիկ սովամահ կ՛ըլլան:

Ազգագրագէտներու կարծիքով, որո՞նք են այն հիմնական ուտեստները, որոնք, ըստ հայկական աւանդութեան, պէտք է զարդարեն Ամանորի սեղանը:

ՆԱՒԱՍԱՐԴԻ ՀԱՐԻՍԱՆ միւս հարիսաներէն չի տարբերիր բաղադրիչներու իմաստով, այլ միայն` պատրաստութեան եղանակով: Նաւասարդի հարիսան կը պատրաստուի թոնիրի մէջ, Ամանորի նախօրէի երեկոյեան. մարած թոնիրին մէջ կը դրուին համապատասխան քանակի ձաւարով, միսն ու ջուրը: Ամանորի առաւօտեան կերակուրը պատրաստ է: Այս եղանակով պատրաստութեան ծիսական նշանակութիւնը այն է, որ եփուող հարիսան չխառնուի, որպէսզի գալիք տարին խառնակ չըլլայ, պատերազմներ չըլլան:

ԿՃԱԽԱՇԸ, որ նաեւ ծանօթ է ծանդիլ կամ ատամնահատիկ անուններով, պատրաստուած կ՛ըլլայ` չոր լուբիայով, սիսեռով, ձաւարով, ոսպով, երբեմն ալ` ցորենով կամ եգիպտացորենով:

Կճախաշը ծիսակարգին մէջ երկու իմաստ ունի, անիկա թէ՛ ատամնահատիկի եւ թէ՛ Ամանորի ուտեստ է, պարզապէս կճուճի մէջ կը խաշեն այս հատիկները ու սեղան կը բերեն, որոշ տեղեր զայն կը զարդարեն չոր միրգերով: Կճախաշին նպատակը գալիք տարուան բերքի առատութիւն ապահովելն է:

ՏՈՒՄԱՅԻ¬ի բոլոր տեսակները Ամանորի սեղանի պարտադիր կերակուրներէն են. տոլմայ կը պատրաստուէր նաեւ խաղողօրհնէքին:

ՏԱՐԵՀԱՑԸ եւս ծիսական կերակուր է: Անիկա գաթային նմանող հաց է, զայն կը թխեն Նոր տարուան կամ Ս. Ծնունդի նախօրեակին: Տարի հաց, բոկեղ, կլոր բաղարջ, կրկենի, կլոճ անուններով ծանօթ այս հացը պարտադիր կլոր պէտք է ըլլայ, միջուկը` խորիզը, կը շաղեն` մեղրով, ընկոյզով, չամիչով, կանեփով եւ չոր պտուղներով: Աւանդութեան համաձայն, տարեհացը կը թխէ տան տարեց կինը: Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ տարեհացը տարբեր օրերու կը կտրէին` տարեմուտի ընթրիքին, յունուար 1¬ի առաւօտեան, ճրագալոյցին կամ յունուար 6¬ին` Ս. Ծնունդին: Տարեհացը կը բաժնէին ընտանիքի անդամներուն թիւով եւ կամ 12 մասի` տարուան ամիսներու թիւով եւ մէջը պահուած մետաղադրամով գուշակութիւններ կ՛ընէին:

ԱՍԻԼԻԿ-ՎԱՍԻԼԻԿ խմորեղէն է, որ կը թխուի մարդու, անասուններու, բոյսերու եւ տարբեր իրերու տեսքով: Թխելու ժամանակ ո՛ր կերպարը, որ կ՛ուռի, կը նշանակէ, թէ այդ տարին բարեբեր պիտի ըլլայ անոր համար: Աւանդութեան համաձայն, եթէ տան մէջ նորահարս կայ, կարելի է ասիլիկ¬վասիլիկ ձեւաւորել նորահարսի տեսքով, եթէ խմորը ուռի, տարուան ընթացքին նորահարսը երեխայ կը ծնի…

Բացի նշուած կերակուրներէն` կարելի է սեղան բերել մսեղէնի եւ աղցանի որոշ տեսակներ, պայմանաւ որ ուտելիքներուն քանակը ըլլայ տրամաբանական եւ ոչ ցուցադրական:

Սուրբ Ծննդեան Աւանդական
Կերակուրներու Խորհուրդը

Հայերը դարերէ ի վեր Ս. Ծնունդը նշեր են սեղանները զարդարելով աւանդական եւ խորհրդանշական կերակուրներով:

ՄԱՐԻԱՄԱՃԱՇ ապուրը կը պատրաստուէր ճերմակ բանջարով, իւղով, ձաւարով եւ սոխրածով: Այդ ճերմակ բանջարը աւելուկի պէս կը հիւսուէր, իսկ հայերը այդ հիւսքերը նմանցուցեր են Մարիամ Աստուածածնի ծամերուն. այդպէս ալ ծագեր է ճաշին անուանումը:

ՁՈՒԿԸ Ս. Ծննդեան սեղանի պարտադիր ուտեստ էր: Հայերը ձուկը պատրաստեր են տարբեր ձեւերով` շոգեխաշած, տապկուած կամ խմորի մէջ փաթթուած: Ընդհանրապէս օգտագործուած են  սիդ, իշխան, կարմրախայտ եւ կողակ ձուկերը:

ԵՂԻՆՁԸ նոյնպէս Ս. Ծննդեան սեղանի պարտադիր կերակուրներէն էր. անիկա կը պատրաստուէր չոր միրգերով: Հետաքրքրական է, որ անցեալին, բրինձի փոխարէն, աւելի յաճախ կ՛օգտագործուէին ձաւարը,  հաճարը, կորկոտը, որոնք շատ աւելի առողջապահական էին եւ համահունչ` հայկական բնաշխարհին հետ, քան` բրինձը: Եղինձին հատիկները կը խորհրդանշէին մարդկութիւնը, իսկ չամիչը` այն ընտրեալները, զորս Աստուած ընտրեց իր առաքելութիւնը շարունակելու համար:

ԿԱՂԱՄԲՈՎ ՏՈԼՄԱՆ, ՀԱՐԻՍԱՆ եւ տօնի նախօրէին մորթուած ոչխարի կամ հորթի միսը եւս կը ճոխացնեն Ս. Ծնունդի սեղանը:

ՏԱՐԻ կոչուած քաղցր գաթան կը մատուցուէր 12 կտորներու բաժնուած` ըստ տարուան 12 ամիսներուն:

Ծնունդի  սեղանին ոգելից ըմպելիներ չկային, սակայն կարմիր գինին արտօնուած էր, քանի որ անիկա Քրիստոսի արիւնը կը խորհրդանշէր:

Նոր Տարուան Յարդարանք

 Մոմով Յարդարանքներ

Շատ մը ազգերու մէջ մոմը խորհրդանիշ է լոյսի յաղթանակին` խաւարին դէմ, ջերմութեան ցուրտին դէմ:

Քրիստոնեաներուն  համար մոմը  կը խորհրդանշէ Յիսուսը, որ եկաւ աշխարհ ու լոյս բերաւ իրեն հետ:

Մեր օրերուն մոմը դարձած է Կաղանդի յարդարանքի անբաժան մէկ մասնիկը. այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք դիւրին իրագործելի 5 հետաքրքրական յարդարանքներ: Ընտրեցէք ձեր սրտին խօսող տարբերակը եւ չմոռնաք զայն վառելու Ամանորի գիշերը:

Գիտէ՞ք, Թէ

Ամանորի նուէրներու ընտրութեան հարցով կողմնորոշուելու համար աւելի դիւրին կ՛ըլլայ իմանալ, թէ մարդիկ սովորաբար ի՛նչ նուէր չեն սիրեր ստանալ:

Վիճակագրութիւններ ցոյց տուած են, որ`

Տղամարդիկը չեն ուրախանար, երբ նուէր ստանան ծանր բոյրով անուշահոտեր, գուլպայ, ներքնազգեստ, փողկապ, մուճակ եւ տնազգեստ:

Կիները չեն փափաքիր նուէր ստանալ խոհանոցային իրեր` կաթսայ, բաժակ, գոգնոց եւ այլն… Անոնք նոյնիսկ կը տխրին, երբ ստանան կեղծ զարդեղէններ (ֆօ պիժու), ներքնազգեստ, գեղօր կամ բոյս:

Երեխաներուն չեն ուրախացներ գրենական պիտոյքները, քանի որ անոնք համոզուած են, որ տետրակներ, գրիչներ պէտք է գնուին ոչ տօնական օրերուն, այլ` դպրոցական վերամուտին` երեխաները նաեւ չեն ուրախանար այնպիսի նուէրներով, որոնք չեն օգտագործուիր, այլ դատապարտուած են դարաններու կամ պատերու վրայ ցուցադրուելու` որպէս յուշանուէր կամ գեղօր:

Պատանիներն ու պարմանուհիները կը զայրանան, երբ իրենց մանկական խաղալիքներ նուիրեն: Բացառութիւն են «փըլիւշ» խաղալիքները: Անոնք նաեւ չեն սիրեր նուէր ստանալ մուճակներ, գիշերանոց, հանրագիտարան եւ բառխաղեր:

Խոհագիր

Տարեհաց

Ամանորի տարեհացը կը խորհրդանշէ առատութիւն եւ բարօրութիւն:

Բաղադրիչներ

– 1 գաւաթ շաքար
– 1 գաւաթ տաք ջուր
– 1 գաւաթ ձէթ
– 5 գաւաթ ալիւր
– 1 գաւաթ կտրատուած չոր միրգեր
– 1 գաւաթ ընկուզեղէն` նուշ, կաղին, ընկոյզ…
– 1 թէյի դգալ սոտա
– 1 ապուրի դգալ քացախ
– Սեւագնդիկ եւ այլ սերմեր` զարդարանքի համար:

Պատրաստութիւն

Բոլոր բաղադրիչները միասին շաղել, ստացուած խմորը կլոր ձեւաւորել, մէջը կորիզ մը կամ մետաղադրամ մը խրել, երեսը ջուր քսել եւ սեւագնդիկն ու մնացեալ սերմերը համաչափ տարածել:

Եփել միջին ջերմաստիճանով փուռի մէջ, 35-45 վայրկեան:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կաղ կաղանդներով կաղաց մեր կաղ կեանքը
Թէ որքան ուզեցի այս գիշեր
Երգ մը ըլլալ ձեր շրթներուն վրայ
Կամ պուտ մը ապագայ ձեր աչքերուն մէջ
Թէ որքան ուզեցի այս գիշեր
Պար մը ըլլալ ձեր քայլերուն քով
Բայց
Կամ բուռ մը բերկրանք ձեր սրտին մէջ
Կաղ կաղանդներով կաղաց մեր կաղ կեանքը
Եւ մեր աչքին մէջ լոյս մը
Լոյս մը եւս մարեցաւ

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

 

 

 

 

Նուիրելը Հաճո՞յք, Թէ՞ Տաղտուկ Է

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ նուիրելու արարքը աւելի յաճախ կ՛երջանկացնէ մարդիկը, քան` ստանալը: Գիտականօրէն նաեւ հաստատուած է, որ թէ՛ նուիրելու եւ թէ՛ ստանալու հաճոյքը ուղեղին մէջ կը բարձրացնէ տոփամինի (հաճոյքի հորմոնի) տոկոսը:

Կաղանդի նախօրեակին շատերու մղձաւանջն է նուէրներու ընտրութիւնը: Իսկ դո՞ւք, դժուարութիւն կ՛ունենա՞ք նուէրներու ընտրութեան ատեն, ձեզի համար ի՞նչն է առաջնահերթը` նուէրին օգտակար ըլլա՞լը, դաստիարակի՞չ ըլլալը, թէ՞ ստացողին համար անսպասելի ըլլալը: Ձեր պատասխանները կը պատմեն ձեր մասին:

-1-

Ամանորը կը մօտենայ, նուէրներու գծով`

Ա.- Արդէն մեծ մասը գնած էք:
Բ.- Տակաւին շուկայ երթալու առիթ չէք ունեցած:
Գ.- Բոլոր նուէրները գնած ու ծրարած էք:

-2-

Լաւ նուէր մը գնելու համար`

Ա.- Ծանուցումներուն կը հետեւիք:
Բ.- Կը փնտռէք գործնական եւ օգտակար նուէր մը:
Գ.- Խնդրոյ առարկայ անձին կը դիմէք, որպէսզի անոր ճաշակին յարմարող բան մը գնէք:

-3-

Երբ անելի առջեւ գտնուիք`

Ա.- Անուշահոտ կամ խմիչք կը նուիրէք:
Բ.- Գիրք կը նուիրէք:
Գ.- Գումար մը կը նուիրէք:

-4-

Կաղանդին բան մը նուիրելը ձեզի համար`

Ա.- Անխուսափելի պարտականութիւն մըն է:
Բ.- Հաճելի, բայց սպառող արարողութիւն մըն է:
Գ.- Հաճոյք է:

-5-

Դուք շատ պիտի գնահատէք`

Ա.- Թանկարժէք նուէր մը:
Բ.- Անսովոր նուէր մը:
Գ.- Ձեռքով պատրաստուած նուէր մը:

-6-

Ձեր կարծիքով, աններելի սխալ է`

Ա.- Հրահան նուիրել չծխող անձին:
Բ.- Խմիչք նուիրել յղի կնոջ:
Գ.- Տուրմ նուիրել սննդականոնի հետեւող անձին:

-7-

Հարիւր տոլարի նուիրատուութիւն մը կը նախընտրէք ընել`

Ա.- Բարեսիրական հաստատութեան մը:
Բ.- Կրթական հաստատութեան մը:
Գ.- Կարիքաւոր ուսանողի մը:

-8-

Ձեզմէ նուէր ստացողէն կ՛ակնկալէք`

Ա.- Լայն ժպիտ մը:
Բ.- Անսպասելի բացագանչութիւն մը:
Գ.- Սրտանց «շնորհակալութիւն» մը:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Ձեր կէտերը հաշուեցէք հետեւեալ ձեւով.

1 կէտ «Ա» պատասխանին համար, 2 կէտ` «Բ»-էն եւ 3 կէտ` «Գ»-էն: Եւ այսպէս`

Եթէ 10-15 կէտ հաւաքեցիք, նուէր գնելը բաւական ծանր պարտականութիւն է ձեզի համար: Նուէրներու փոխանակումը ձեր սրտին խօսող հաճոյք մը չէ, այլ պարզապէս` պարտադրուած սովորութիւն մը: Այս պատճառով ալ յաճախ կը ձգձգէք այս կարեւոր գործը եւ վերջին պահուն պատահական գնումներ կ՛ընէք: Ժամանակն է, որ փոխէք ձեր ընթացքը:

***

Եթէ 16-24 կէտ հաւաքեցիք, նուէր փնտռելն ու գնելը մեծ հաճոյք են ձեզի համար: Ձեր մօտ ամէն բան ծրագրուած ու նախատեսուած է մեծ սիրով ու գուրգուրանքով: Կը սիրէք խանութէ խանութ թափառիլ, փնտռել, սերտել եւ սիրով ընտրել իւրաքանչիւր նուէր: Ձեր նուէրները միշտ ալ հաճոյք կը պատճառեն ստացողներուն, որովհետեւ պատահականութեան չէք ձգեր:

Կենցաղավարութիւն

 Ընթրիքի Սեղանին Շուրջ

Եթէ Ամանորին կամ Ս. Ծնունդին հիւրեր պիտի ընդունինք եւ ընթրիքի սեղանի շուրջ պիտի նշենք տօնը, կ՛արժէ մտաբերել սեղանի կարգ մը կենցաղավարական կանոններ, որպէսզի մենք մեզի սխալներ թոյլ չտանք, եւ ամէն բան հեզասահ անցնի.

Եւ այսպէս`

– Երբ ճաշի հիւր կ՛ընդունինք, պայման է, որ սեղանին սփռոցը կտորէ ըլլայ: Կարելի չէ թուղթէ կամ մոմլաթէ սփռոց օգտագործել: Անձեռոցիկները նոյնպէս պէտք է ըլլան կտորէ: Աւելորդ է յիշեցնել, որ արտօնուած չէ փլասթիք պնակեղէն եւ գաւաթներ օգտագործելը:

***

– Պատառաքաղը կը զետեղենք պնակի ձախին, ակռաները դէպի վեր, իսկ դանակը պնակին աջին` կտրող շեղբը դէպի պնակը:

***

– Ջուրին բաժակը, որ միւսներէն մեծ կ՛ըլլայ, կը զետեղենք պնակի ձախին, իսկ գինիինը` աջին: Գաւաթները պէտք չէ շրջել:

***

– Ընթրիքի աւարտին պէտք չէ յոգնութիւնը ցոյց տալ, մինչեւ հիւրերը ճամբելը պէտք է մնանք ժպտուն եւ ուշադիր` իւրաքանչիւր հիւրի նկատմամբ: Հիւրերը պէտք է առաջնորդենք մինչեւ դուռ` առանց աճապարանքի, միշտ ժպտերես, անոնցմէ վայրկեան առաջ ձերբազատելու տպաւորութիւնը չձգելու համար:

***

– Ընթրիքի սեղանին շուրջ կարելի չէ մատուցուող կերակուր մը մերժել, նոյնիսկ եթէ չենք սիրեր զայն: Կրնանք պարզապէս շատ փոքր քանակութեամբ վերցնել եւ ուտել:

***

– Պէտք չէ, որ ընթրիքի աւարտին մեր պնակին մէջ ուտելիքներ ձգենք: Նախընտրելի է սկիզբէն փոքր քանակութեամբ բաւարարուիլ` ի հարկին նորոգելու կարելիութեամբ:

***

– Ընթրիքի սեղանին շուրջ պէտք չէ ատամնակրկիտով ակռաները մաքրենք եւ կամ խնջենք:

***

– Երբ ճաշը աւարտենք, դանակն ու պատառաքաղը ժամը 4:00-ը 20 անցի ուղղութեամբ, պատառաքաղին ակռաները դէպի վար զետեղենք պնակին մէջ:

***

– Պէտք չէ հացը դանակով կտրենք: Հացը այն քիչ ուտելիքներէն է, թերեւս` միակը, որ կարելի է ձեռքով ուտել:

***

– Պէտք չէ ընթրիքի սեղանին վրայ բջիջայինը զետեղել եւ աչքը վրան պահել: Բջիջային հեռախօսը անջատենք կամ լուռ վիճակի մէջ պահենք, որպէսզի վայելենք մեզ շրջապատողներուն ներկայութիւնը, մասնակցինք զրոյցներուն, կատակներուն եւ չտարուինք անով:

***

– Սպասենք, որ ընթրիքի սեղանին շուրջ, խօսողը իր խօսքը աւարտէ եւ յետոյ միայն մեր ըսելիքը ըսենք: Կարելի չէ ուրիշին խօսքը ընդհատել:

***

– Ընթրիքի սեղանին շուրջ խուսափինք մեզմէ բաւական հեռու նստած անձին հետ պոռալով խօսելէ: Կարելի է աւելի ուշ տեղերը փոխել եւ մօտենալով անոր հետ զրուցել:

***

– Ընթրիքի աւարտին, եթէ մենք հրաւիրեալն ենք, հաճոյախօսինք հիւրընկալող տանտիկնոջ, գնահատենք անոր պատրաստութիւններն ու հիւրընկալութիւնը, նոյնիսկ եթէ ամէն բան մեր ճաշակին չէր: Ի վերջոյ, ընթրիքին նպատակը համախմբուիլ եւ տօնը նշելն է եւ ոչ թէ` թերութիւններ փնտռելը…

Վերջին Վայրկեանի Դիւրին Եւ Արագ
Իրականացուող Յարդարանքներ

Շուտով Ամանոր է եւ ապա` Ծնունդ… Իսկ դուք զանազան պատճառներով տակաւին չէ՞ք յարդարած ձեր տունը… Խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, քանի որ կան ոչ ծախսալից, արագ եւ դիւրին իրականացուող տօնական յարդարանքներ, մանաւանդ եթէ զուսպ,

«մինիմալիսթ» եւ պարզ յարդարանքի կողմնակից էք:

Այս յարդարանքները իրականացնելու համար ձեզի անհրաժեշտ են` նարինջ, ապակեայ շիշեր, մոմ, գինիի շիշի խցաններ, արհեստական փոքրիկ տօնածառ, ժապաւէն, չուան. այլ խօսքով` բաներ, զորս ձեռքի տակ ունիք: Ստորեւ` քանի մը խօսուն տարբերակներ:

Ա.- Լուսաւոր շիշեր,
Բ.- Բուրաւէտ մոմեր,
Գ.- Գինիի շիշերը զարդարող խցաններ
Դ.- Պատի յարդարանք,
Ե.- Ճնշումով շիշի իւրայատուկ յարդարանք,
Զ.- Տուրմով յարդարանք:

Խոհագիր

Տօնական Ձեւաւորումներ

Ստորեւ կը ներկայացնենք պանիրի եւ բանջարեղէններու հետաքրքրական ձեւաւորումներ, որոնք համահունչ են տօնական սեղանին ու մթնոլորտին: Բաղադրիչները շատ պարզ են` պանիրի տեսակներ, կլոր հացեր, ստեպղին, վարունգ, լոլիկ եւ այլն…

Նկարները բաւարար խօսուն են: Թելադրելի է այս ձեւաւորումները պատրաստել սեղան բերուելէ կէս ժամ առաջ, որպէսզի անոնք պահեն իրենց թարմ ու ախորժաբեր տեսքը:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աշխարհի բոլոր Ձմեռ պապիները
խաբել են քեզ,
Երկի՛ր,
որովհետեւ նրանք քեզ միշտ
խաղաղութիւն են խոստացել
ու դու երեխայի պէս
հաւատացել ես…
Գիտե՞ս, ես այնքա՜ն էի ուզում
շուտ չմեծանալ,
բայց պատերազմներում
արագ են մեծանում,
պատահում է` մէկ օրուան մէջ:
Հիմա ես իսկապէս մեծ եմ,
բայց երեխաները էլի
շարունակում են շուտ մեծանալ`
էլի մէկ օրուան մէջ…
Սա տխուր Նոր տարի է,
Երկի՛ր,
որովհետեւ ո՛չ ես եմ այն նշելու, ո՛չ դու,
որովհետեւ ես ու դու
մենակ ենք իւրովի.
դա էն մենակութիւնն է,
որ ոչ մի նուէրի մէջ չի տեղաւորուի:
Աշխարհի բոլոր երեխաները
սպասում են Ձմեռ պապին,
իսկ երեսուն հազար երեխայ
միայն քեզ է սպասում,
որովհետեւ նրանց նամակներում
քո հասցէն է,
քո փողոցը,
քո հեռախօսահամարը:
Խաղաղութիւնը մնաց Ձմեռ պապի նամակներում,
ոչ ոք չպատասխանեց դրանց,
հիմա աշխարհի ամենահամարձակ
Ձմեռ պապին որտե՞ղ գտնեմ,
որ կարողանայ նայել
երեխաների աչքերին:
Գրկիր ինձ,
Երկի՛ր,
սա ամենացուրտ ձմեռն է,
Հայրաբար համբուրիր ճակատս,
ասա, որ  սպասում ես,
որովհետեւ ոչ մի հեռացող
քեզ չի ասել, որ յետ չի գալու:
(Հեռացողները դժբախտ մարդիկ են,
երջանիկները երբեք չեն հեռանում)…
Մեծ Քաղաքը
պատրաստւում է նոր տարուան,
տօնածառերը զարդարուել են:
Իմ ներսում ուրիշ քաղաք է,
էնտեղ  տօնածառերը դատարկ են,
2020-ից յետոյ
ոչ ոք չի զարդարել դրանք.
Վառիր իմ ներսի լոյսերը,
Երկի՛ր,
համոզիր ինձ, որ Նոր տարի է…

ՀԵՐՄԻՆԷ

2023 թ. դեկտեմբեր

Viewing all 573 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>