Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 579 articles
Browse latest View live

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Նիստ Ու Կացի 10 Կանոններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ահաւասիկ` նիստ ու կացի 10 հիմնական կանոններ, զորս երեխաները պէտք է իմանան:

6-25-15_10-rules

1

Շնորհակալութիւն յայտնել: Երեխան շատ կանուխէն պէտք է սորվի շնորհակալութիւն յայտնել. բան մը, որ յաճախ կը մոռնայ, իսկ ծնողքին կը մնայ միշտ յիշեցնել եւ պահանջել, անմիջապէս որ երեխան լեզու ելլէ:

2

Կարգի սպասել: Երեխան պէտք է վարժուի իր կարգին սպասել բոլոր կացութիւններուն մէջ: Կանուխէն պէտք է համբերել գիտնայ:

3

Բարեւել: Յաճախ ամչկոտ երեխաները կը մերժեն բարեւել. նման պարագաներու, դիտողութիւնն ու յանդիմանութիւնը իրենց նպատակին չեն ծառայեր, նախընտրելի է բացատրել, թէ ինչո՛ւ պէտք է բարեւել, նոյնիսկ եթէ հազիւ 3 տարեկան է ան:

4

«Խնդրեմ» ըսել: Կանուխէն երեխան պէտք է վարժուի կը խնդրեմ, հաճիս ըսելու: «Կ՛ուզեմ»-ը անքաղաքավարութիւն է, որմէ պէտք է հրաժարի:

5

Մարզական ոգի ունենալ: Երեխան պէտք է սորվի լաւ խաղալ, շահիլ, բայց նաեւ պէտք է ընդունի պարտութիւնը: Ան պէտք է իմանայ, որ ինք աշխարհի կեդրոնը չէ, ենթադրուած չէ մնայուն ձեւով յաղթելու, հետեւաբար պարտութիւնը ողբերգութեան վերածելը, կռուիլը, լալը սխալ հակազդեցութիւններ են:

6

Ընդունիլ հաճոյախօսութիւնները: Երբ երեխան դրուատուի իր մէկ լաւ արարքին համար, պէտք է «շնորհակալութիւն» յայտնէ խօսակիցին` փոխանակ «գիտեմ» ըսելու կամ մօրը փէշերուն ետին պահուըտելու:

7

Դուռը բռնել: Երբ երեխան սենեակ մը կը մտնէ, պէտք է սորվի դուռը բանալէ ետք զայն բռնել, որպէսզի ետեւէն եկողները եւս մտնեն:

8

Տարբերութիւնները ընդունիլ: Երեխան պէտք է կանուխէն սորվի իրմէ տարբերները ընդունիլ, եւ յարգել: Այսպէս, անոնց պէտք է բացատրել, թէ ինչո՛ւ ոմանք սպիտակամորթ են, ուրիշներ` սեւամորթ, ինչո՞ւ ոմանք հաշմանդամ են, կոյր, համր եւ այլն…

9

Կիսուիլ ուրիշին հետ: Երեխան պէտք է վարժուի կարգ մը բաներ ուրիշին հետ բաժնեկցիլ, ինչպէս, օրինակ` խաղալիքները: Եսակեդրոն, անձնասէր երեխան ապագային ընկերային լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

10

Իմանալ սեղանի կանոնները: Երեխան կանուխէն պէտք է սորվի բերանը գոց ուտել, ուտելու պահուն չխօսիլ, արմուկները սեղանին վրայ չդնել եւ այլն…

 

 Նորաձեւութիւն

2015-ի Ամրան «Մասթ Հեվ»-ները

6-25-15_13-fԱմառը սկսած է, եւ արդէն հրաժեշտ տուած ենք մռայլ ու թանձր հագուստներուն, մոյկերուն եւ սրտբաց դիմաւորած ենք թեթեւ եւ գունեղ հագուստները:

2015-ի ամառը ունի իր պարտադիր կտորները (հագուստ, աքսեսուար), ստորեւ քանի մը հիմնական նմուշ.

1.- Բարձրակրունկ կամ անկրունկ սանտալներ:

2.- Լայնեզր գլխարկներ:

3.- Արեւու ակնոցներ:

4.- Ճինզ շորթ:

5.- Ճերմակ, թեթեւ հագուստ:

6.- Ծաղկաւոր հագուստ:

7.- Լողազգեստ:

8.- Ծոպաւոր շապիկ, պայուսակ:

 

Առողջապահական

Նիհարցէք Բարձր Տրամադրութեամբ

Յաճախ սխալ սննդականոնները քնկոտութիւն, թուլութիւն, յոգնածութիւն եւ տրամաբանութեան անկում կը պատճառեն: Ստորեւ կը ներկայացնենք այն սննդեղէնները, որոնք թէ՛ կը նիհարցնեն եւ թէ՛ բարձր կը պահեն ձեր տրամադրութիւնը:

1

6-25-15_Salmon

Սալմոնը հարուստ է օմեկա 3-ով, որ բարերար ազդեցութիւն ունի սրտանօթային համակարգին վրայ եւ կ՛օգնէ նիհարնալու:

2

6-25-15_Spinach-with-Toasted-Sesame-Seeds

Շոմինը հարուստ է մակնեզիոմով, որուն պակասը յոգնածութիւն կը պատճառէ: Շոմինը նաեւ հարուստ է Ս. Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով, երկաթով եւ սպիտակուցներով: Ասոնք բոլորն ալ ուժանիւթի անսպառ աղբիւրներ են: Աւելի՛ն. հետազօտութիւնները պարզած են, որ շոմինը կը կանխէ քաղցկեղի եւ աղի ուտելիքներու պահանջը:

3

6-25-15_matsoni-2

Մածունը հարուստ է սպիտակուցներով, կիրով, ինչպէս նաեւ` տոփամինով, եւ նորեփինեֆրինով, որոնք կը խթանեն տրամադրութիւնը: Մածունը նաեւ կ՛օգնէ նիհարնալու: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ օրական 500 մլ. մածունի օգտագործումը, առողջ սննդականոնի մը կողքին, կ՛օգնէ հալեցնելու փորի ճարպերը:

4

6-25-15_red-tomatoes

Լոլիկը հարուստ է ֆիթոնիւթրիմաններով, որոնք կը կանխարգիլեն տրամադրութեան անկումը: Միւս կողմէ, լոլիկը օժտուած է քիչ ջերմուժ պարունակելու եւ քաղցը արագ յագեցնելու յատկութիւններով:

5

6-25-15_tuna-sandwich

Թունա ձուկով սենտուիչ: Թունա ձուկը եւս հարուստ է օմեկա 3 ճարպաթթուներով, իսկ թեփով հացին պարունակած նիւթերը կը նպաստեն լաւ տրամադրութեան պահպանման: Պատճառը սերոթոնինի արտադրութիւնն է, իսկ սերոթոնինը ծանօթ է որպէս գոհունակութեան զգացում յառաջացնող հորմոն:  Թեփով հացը նաեւ շուտ յագեցնող է:

6

6-25-15_Blueberries

Հապալային իր գոյնը կը ստանայ ասթոսիսոնին կոչուող մանիշակագոյն գունանիւթէն (pigment), որ ճանչցուած է որպէս տրամադրութիւնը բարձրացնող նիւթ: Աւելի՛ն. բոլոր հատապտուղները հարուստ են մանրաթելերով եւ ջուրով, ինչ որ կ՛օգնէ երկար ժամանակ կուշտ զգալու:

 

Խոհագիր

Շոմինով Աղցան

6-25-15_SaladԲաղադրութիւն 4 անձի համար.

450 կրամ թարմ շոմին
2 կարմիր խնձոր
6 շերտ պէյքըն
1 սոխ
3 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
1 սուրճի դգալ շաքար
1 սուրճի դգալ մանանեխ
4 ապուրի դգալ ձէթ
25 կրամ սնոպար
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն.

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ դնել լուացուած եւ ցամքեցուած շոմինի թարմ տերեւները:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` յաջորդաբար խառնելով քացախը, շաքարը, մանանեխը, աղը, պղպեղն ու ձէթը:

Շերտել խնձորները եւ աւելցնել շոմինին վրայ, աւելցնել նաեւ մանրուած սոխը:

Տապակի մը մէջ միասին խորովել պէյքընն ու սնոպարը, աւելցնել շոմինին, սոխին եւ խնձորին վրայ: Թացանը թափել խառնուրդին վրայ եւ խառնել:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Համերգ Ողբագին

Հիմա կեանքի եղերական համերգին
Ես կը մնամ սրտամորմոք ունկնդիր,
Որքա՛ն հառաչ, կոծ ու կական ողբագին`
Ժամանակի թաւալումին մէջ անծիր…

Մի՜ երկնչիր եւ լսէ հեծքը գազանի
Պուտ մը ջուրի կարօտ հողին ճաթռտած,
Ողբերն անհուն բարտիներուն գեղանի,
Որ տապարի հարուածին տակ կ՛իյնա՛ն ցած:

Թռչունի բեկ ու վիրախոց թեւերով
Միջոցին մէջ կ՛անցնին ճիչեր ոգեվար
Եւ սպանդի արիւնաներկ դրան քով
Հորթ ու գառնուկ կը բառաչեն խելագար:

Ինչպէ՞ս կրնաս փակել փեղկերը սրտիդ
Հեծկլտանքին դէմ մարդկային արցունքին.
Եթէ ծաղկի երբեմն վառ մէկ ժպիտ`
Տուն ու երդիկ հազար ցաւով կը յորդին:

Լսէ ինչպէ՜ս մահամերձներ կը տքան
Իրենց ցաւի մահիճներուն մէջ տամուկ
Ու սեւ բախտի ծանր թաթին տակ դաժան
Կը գալարին սովահար ծեր ու մանուկ:

Լսէ զգուշ խեղդուած ողբը թաքուն
Յոյսի անձէթ ճրագներուն փշրուող,
Լսէ՛ լեզուն սիրոյ վերջին բոցերուն,
Ուր կ՛ըլլան հոն խինդ ու երազ լուսաշող:

Բայց համերգին մրճահարող շեշտը գոռ
Սուգն է ահեղ որդեկորոյս մայրերու
Եւ որբ տղոց կարօտի կանչը մոլոր`
Կեանքի անհաշտ պայքարին մէջ ահարկու:

Կը բարձրանա՜յ, կը բարձրանայ օրն ի բուն
Տառապանքի նուագն ալիք առ ալիք
Եւ ճիպոտի մը չափին տակ գերագոյն
Մերթ կ՛ըլլայ ողբ, մերթ մռնչող փոթորիկ…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ


Ստուգենք Մեր Գիտելիքները, Յղի Կնոջ Սննդականոնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

7-09-05_femme-enceinte-alimentation

Ի՞նչ գիտէք յղի կնոջ սննդականոնին մասին, իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հաստատումներուն, ապա արժեւորեցէք ձեր գիտելիքները:

– 1 –

Ամբողջ 9 ամիս յղի կին մը պէտք է հրաժարի հում միսէն:

ՃԻՇԴ, որպէսզի կազմաւորուող մանուկը պաշտպանուի լիսթերիա կոչուած պաքթերիայէն, յղի կինը պէտք է հրաժարի հում, կիսովին հում միսէն, ձուկէն, ինչպէս նաեւ` ծովային պտուղներէն:

– 2 –

Թելադրելի է, որ յղի կինը հրաժարի պանիրի որոշ տեսակներէ:

ՃԻՇԴ, յղի կինը պէտք է հրաժարի կակուղ պանիրներէն, ինչպէս` քամամպերը, պրին, ինչպէս նաեւ` հում կաթով պատրաստուած պանիրներէն:

– 3 –

Յղի կնոջ կերած պտուղներն ու բանջարեղէնները բծախնդրօրէն լուացուած պէտք է ըլլան:

ԱՅՈ, այս կանոնը պարտադիր է բոլորին, սակայն յատկապէս` յղիներուն, տրուած ըլլալով, որ անոնք ենթակայ են վարակուելու թոքսոփլազմոզ կոչուած մակաբոյծով, որ առկայ է հողին մէջ:

– 4 –

Յղութեան ընթացքին երկաթի պահանջը կը պակսի կնոջ մօտ:

ՍԽԱԼ, յղի կին մը օրական 20 միլլիկրամ երկաթի պէտք ունի երեխային առողջ կազմաւորման համար. իսկ աւելի ուշ նոյնպէս երկաթի պէտք ունի` նորածինը իր կաթով սնուցանելու պարագային:

– 5 –

Ճաշի ժումերը աւելցնելով` յղի կինը նուազ ենթակայ կ՛ըլլայ սիրտխառնուքներու:

ՃԻՇԴ, ժումերը աւելցնել` չի նշանակեր ուտելիքին քանակը աւելցնել, այլ պարզապէս` 3 ժումը 5-ի վերածել: Հաստատուած է, որ ժումերու միջեւ երկար բացերը պատճառ կը դառնան սիրտխառնուքի:

–  6 –

Երկուորեակ սպասելու պարագային, յղի կնոջ ուտելիքի քանակը կը կրկնապատկուի:

ՈՉ, երկուորեակ սպառող կինը պէտք չունի կրկնապատիկ ուտելու, այլ պարզապէս` թեթեւօրէն աւելցնելու:

– 7 –

Յղութեան ընթացքին իտէալը 15-18 քիլօ գիրնալն է:

ՍԽԱԼ, մասնագէտներու կարծիքով, առողջ մնալու եւ հանգիստ ծննդաբերութիւն մը ապահովելու համար իտէալը 10-14 քիլօ գիրնալն է:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող 5 Հնարք

– 1 –

7-09-05_cucumbers

Եթէ շուկայէն գնուած պահածոյ թթուաշը շատ աղի է, զայն փոխադրեցէք քացախով լեցուն այլ շիշի մը մէջ եւ քանի մը գլուխ կեղւուած փոքրիկ սոխեր աւելցուցէք:

– 2 –

7-09-05_images

Եթէ տապկոցի ընթացքին իւղը փրփրի եւ յորդի, անմիջապէս կեղւուած սոխ մը նետեցէք տապակին մէջ, որպէսզի արագ հանդարտի:

– 3 –

7-09-05_nettoyer-meuble-cuisine-

Տապկոցի ընթացքին իւղը անպայման կ՛աղտոտէ պատը, զայն մաքրելու հրաշք դեղերէն մէկը կապոյտ ալքոլն է:

– 4 –

7-09-05_petits-pois-menthe

Պահածոյ ոլոռնին թարմ համ տալու համար եփի ընթացքին սուրճի դգալ մը շաքարաւազ աւելցուցէք:

 – 5 –

7-09-05_2751

Եթէ թացանի պատրաստութեան համար տունը այդ պահուն ճերմակ գինի չունիք, կրնաք ճերմակ քացախի մէջ քիչ մը ջուր եւ երկու կտոր շաքար խառնել եւ հարցը կը լուծուի:

 

Առողջապահական

 Ինչպէ՞ս Պաշտպանուիլ Տաքէն

7-09-05_k3013343Ամրան տաքը սկսած է. անկէ պաշտպանուելու եւ չանհանգստանալու համար պայման է որդեգրել որոշ նախազգուշութիւններ: Ամրան տաքը առողջական լուրջ հարցեր կը ստեղծէ յատկապէս տարեցներուն, երեխաներուն եւ հիւանդներուն մօտ: Ահաւասիկ օգտակար խորհուրդներ` ամրան տաքէն պաշտպանուելու համար:

  • Օրուան տաք ժամերուն, յատկապէս` ժամը 11:00-4:00, տունէն դուրս չելլել եւ ինքզինք չպարզել արեւի ճառագայթներուն:
  • Տան փեղկերը գոցել, որպէսզի արեւը ներս չթափանցէ, իսկ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերուն զանոնք բանալ` օդը փոխելու եւ սենեակները զովացնելու համար:
  • Տան մէջ զով անկիւն մը չունենալու պարագային, ջանալ ժամանակը անցընել զովացուած վայրերու մէջ, հանրախանութներ, շարժապատկերի սրահներ, ցուցասրահներ եւ այլն…
  • 7-09-05_images-(3)Օրուան մէջ գլխարկ եւ ակնոց կրել եւ անպայման շիշ մը ջուր վերցնել:
  • Օրուան ընթացքին քանի մը անգամ ցնցուղ ընդունիլ եւ կամ բոյսերը ջրելու սփռիչով դէմքն ու անդամները զովացնել:
  • Օրուան ընթացքին յաճախ ջուր խմել` նախքան ծարաւ զգալը:
  • Օրական 1.5 լիթր ջուր խմել, ի հարկին մաս մը փոխարինել հիւթեղ պտուղներով:
  • Խուսափիլ ֆիզիքական ծանր աշխատանքէ:

 

Խնձորի Քացախին 4 Բուժիչ
Յատկութիւնները

7-09-05_images-(2)

Հինէն ի վեր խնձորի քացախը փնտռուած է իր բուժիչ յատկութիւններուն համար. անիկա նաեւ ծանօթ է որպէս երիտասարդութիւն պարգեւող խմիչք: Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր կարգ մը բուժիչ յատկութիւնները:

– 1 –

Խնձորի քացախը կը խթանէ մարսողութիւնը եւ կը վերանորոգէ աղիքային «ֆլոր»-ը: Ճափոնցի գիտնականներու կարծիքով, անիկա ոչ միայն կը կանխարգիլէ ստամոքսային խոցը, այլեւ բնական դեղ է թունաւորումներու պարագային, քանի որ կը սպաննէ մարսողական դրութեան վնասող պաքթերիաները:

Ջուրի մէջ լուծուած եւ ի հարկին թէյի դգալ մը մեղր աւելցուած սուրճի գաւաթ մը խնձորի քացախը լաւագոյն դեղն է մարսողական դրութեան:

– 2 –

Խնձորի քացախը բնական դեղ է մկանային ցաւերու պարագային: Անոր բարիքներէն օգտուելու համար լոգարանին ջուրին մէջ երկու բաժակ խնձորի քացախ եւ ափ մը քարաղ աւելցնել եւ մէջը պառկիլ առնուազն 20 վայրկեան:

– 3 –

Խնձորի քացախը հարուստ է հանքային աղերով: Ամերիկացի բժիշկ Քլինթըն Ճարվիս հնարած է քացախ պարունակող «Ճարվիս քոքթէյլ» կոչուած խմիչքը, որ շատ փնտռուած է մարզիկներու կողմէ, քանի որ անոնց կ՛ապահովէ բոլոր հանքային աղերը, զորս մարզիկները կը կորսնցնեն քրտինքի ճամբով` մարզումներու եւ մրցումներու ընթացքին:

«Ճարվիս քոքթէյլ»-ին բաղադրութիւնը շատ պարզ է. սոտիոմով հարուստ 250 միլլիլիթր հանքային ջուրի մէջ աւելցնել 2 սուրճի դգալ խնձորի քացախ, ի հարկին աւելցնել 2 սուրճի դգալ  մեղր, խառնել եւ խմել օրական 1 բաժակ (առաւելագոյնը` 3 բաժակ):

 – 4 –

Խնձորի քացախը կը կանոնաւորէ շաքարին տոկոսը` արեան մէջ: 2004-ին հրապարակուած ամերիկեան ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է խնձորի քացախին դրական ազդեցութիւնը շաքարախտէ տառապողներուն մօտ: Անշուշտ անիկա ոչ մէկ ձեւով կը փոխարինէ դեղով դարմանումը, սակայն կը նպաստէ արեան մէջ շաքարի տոկոսի կայունացման:

 

Խոհագիր

Ֆրանսական Հացով
Անուշեղէն

7-09-05_French-breadԵթէ տունը ֆրանսական հացի (պակեթ կամ փեն տը մի) մնացորդներ ունիք, մի՛ թափէք զանոնք, այլ պատրաստեցէք այս դիւրին եւ աժան անուշեղէնը, որ պիտի գոհացնէ ընտանիքին բոլոր անդամները:

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 2 հաւկիթ
– Կէս լիթր կաթ
– 1 ապուրի դգալ շաքար
– Քանի մը կաթիլ ուիսքի կամ ռոմ
– Քիչ մը վանիլլա
– Փոշի շաքար
– Կարագ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթները, աւելցնել շաքարը, խմիչքը, կաթը եւ վանիլլան: Բոլորը միատեղ խառնել:

Հացը շերտել 1.5 – 2 սմ. թանձրութեամբ, իւրաքանչիւրը երկու երեսով թաթխել խառնուրդին մէջ:

Տապակին մէջ հալեցնել կարագը եւ մէջը տապկել հացի շերտերը, մինչեւ որ երկու երեսով ոսկեգոյն դառնան:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել տապկուած հացերը, զարդարել տունը, ձեռքի տակ գտնուող եղանակի պտուղներով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Շնորհակալ Եմ Աշխարհից,
Երբ Որ Դու Կաս Աշխարհում

Շնորհակալ եմ աշխարհից, երբ որ դու կաս աշխարհում,
Թէկուզ ինձնից յաւէտ հեռու, յաւէտ անհաս աշխարհում:
Անցնեմ միայն ձեր տան մօտով, տեսնեմ ստուերդ պատին,
Թող իմ դիմաց միշտ փակ մնայ ամէն դարպաս աշխարհում:
Փողոց ելնեմ ու դու հեռուից հրդեհի պէս երեւաս,
Հեռուից այրես ու անց կենաս, դառնաս երազ աշխարհում:
Մի առաւօտ միայն ժպտաս, ինչպէս արեւն ամպերից,
Այնուհետեւ թող միշտ անձրեւ թափուի վրաս աշխարհում:
Գնում եմ ես մերժուած, տրտում: Մնաս բարեա՜ւ… բայց կրկին
Շնորհակալ եմ աշխարհից, երբ որ դու կաս աշխարհում:

ՆԱՅԻՐԻ ԶԱՐԵԱՆ      

 

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները Դդմաճին Եւ Հացին Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

7-16-15_bonne-nutrition

1

Ճերմակ հացը աւելի ջերմուժ կը պարունակէ, քան` ամբողջական  կամ հացահատիկներով հացը:

ՍԽԱԼ: Բոլորն ալ նոյնքան ջերմուժ կը պարունակեն: Այսուհանդերձ, ամբողջական հացը աւելի հարուստ է բնաթելերով, կենսանիւթերով ու հանքայիններով եւ նուազ շաքար կը պարունակէ: Ահա թէ ինչո՛ւ անիկա աւելի յանձնարարելի է սննդականոնի հետեւողներուն:

2

«Ալ տանթէ» եփած դդմաճը նուազ կը գիրցնէ:

ՃԻՇԴ: Շատ եփած դդմաճը նուազ կուշտ կը պահէ, քան` ակռային տակ ծամուողը: «Ալ տանթէ» եփած դդմաճին շաքարի տոկոսն ալ նուազ կ՛ըլլայ:

3

Կէս պակեթ հացը աւելի ջերմուժ կը պարունակէ, քան` 3 շերտ փեն տը միին:

ՍԽԱԼ: Ջերմուժի իմաստով համազօր են, սակայն փեն տը մին աւելի իւղ կը պարունակէ եւ նուազ կշտացնող է:

4

Նախընտրելի է լազանիա ուտել, քան` սփակեթթի պոլոնեզ:

ՍԽԱԼ: Լազանիան փարմըզան պանիր եւ պեշամել թացան կը պարունակէ. այսպէս` 300 կրամ կտոր մը լազանիան 400 ջերմուժ կը պարունակէ, մինչդեռ նոյն քանակութեամբ սփակեթթի պոլոնեզը` 220 ջերմուժ:

5

Թարմ լոլիկի խիւսով 200 կրամ դդմաճը նոյնքան ջերմուժ կը պարունակէ, որքան` երկու ապուրի դգալ ձէթ պարունակող պնակ մը աղցանը:

ՃԻՇԴ: Քանի որ երկու ապուրի դգալ ձէթը ինքնին 200 ջերմուժ կը պարունակէ, նոյնքան` որքան պնակ մը դդմաճը:

 

Գեղեցկագիտական-Առողջապահական

Կարմիր Սոխին Հիւթը

7-16-15_onion

Գիտէ՞ք, թէ կարմիր սոխին հիւթը սքանչելի միջոց է հերաթափութիւնը կասեցնելու, մազին աճը արագացնելու եւ սպիտակ մազի յայտնութիւնը դանդաղեցնելու համար:

Ծծումբով հարուստ կարմիր սոխին հիւթը կը խթանէ գլխու մորթին արեան շրջագայութիւնը եւ կը պակսեցնէ մորթին բորբոքումի հաւանականութիւնը:

Նայած սոխին մեծութեան` ընտրեցէք երկու կամ չորս կարմիր սոխ, ելեկտրական գործիքով ստացէք անոր հիւթը եւ անով մարձեցէք ձեր գլխուն մորթը. սպասեցէք կէս ժամ, ապա սովորականին պէս լուացէք ձեր մազերը: Ամսուան ընթացքին քանի մը անգամ  դիմեցէք այս միջոցին եւ արդիւնքի պիտի հասնիք:

 

Նորաձեւութիւն

Վզկապ Մը Գործածելու
6
Տարբերակ

Մետաքսեայ գեղեցիկ վզկապ շատ փնտռուած աքսեսուար է ամառ թէ ձմեռ. սակայն արդեօ՞ք պէտք է բաւարարուինք զայն վիզին շուրջ փաթթելով: Ահաւասիկ` զայն օգտագործելու 6 հետաքրքրական տարբերակներ, որոնցմէ կարելի է ներշնչուիլ` հագուստի մը, լողազգեստի մը կամ գլխարկի մը տարբեր դրոշմ մը տալու համար:

1.- Վզկապը օգտագործել որպէս գօտի:

7-16-15_-foulard-en-ceinture

Միագոյն պարզ հագուստի մը մէջքին կապուած գունաւոր, գեղեցիկ վզկապ մը բոլորովին նոր տեսք կու տայ անոր: Անշուշտ պայման է, որ զայն կրողը ըլլայ նիհար, բարեձեւ եւ սլացիկ:

2.- Վզկապը օգտագործել որպէս «թիւրպան»:

7-16-15_foulard

Ծովը, բայց նաեւ օրուան ընթացքին կարելի է վզկապը վերածել թիւրպանի` զայն գլխուն շուրջ փաթթելով, մանաւանդ եթէ կ՛ուզենք մեր անկանոն մազերը պահել զննող աչքերէ…

3.- Վզկապը օգտագործել որպէս փողկապ:

7-16-15_-foulard-en-cravate

Պաշտօնական առիթով մը, սեւ թայէօրի մը հետ, կարելի է մետաքսեայ որակաւոր վզկապ մը որպէս փողկապ օգտագործել ճերմակ շապիկի մը վրայ:

4.- Վզկապը հանգուցել լայնեզր գլխարկի մը շուրջ:

7-16-15_foulard3

Այս տարբերակը յաճախ կ՛օգտագործուի ամրան եղանակին, ծովափը: Պէտք է յատուկ բծախնդրութեամբ ընտրել զայն, որպէսզի ներդաշնակուի թէ՛ լողազգեստին եւ թէ՛ գլխարկին:

5.- Վզկապը օգտագործել որպէս մազի աքսեսուար:

7-16-15_foulard1

Երկար մազերու պարագային, կարելի է վզկապը մազերուն հետ հիւսել եւ գեղեցիկ մազի յարդարանք մը ստանալ:

6.- Վզկապը հանգուցել պայուսակի կոթին:

7-16-15_foulard2

Ինչպէս նկարին վրայ կը տեսնենք, խոշոր, միագոյն պայուսակի մը կոթին հանգուցուած գունաւոր վզկապ մը բոլորովին տարբեր դրոշմ մը տուած է անոր:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
5 Հնարք

1

7-16-15_brush

Եթէ հագուստի, մազի կամ կօշիկի խոզանակը հինցած եւ փափկացած է եւ գործի չի ծառայեր, զայն մխրճեցէք քացախի մէջ, որպէսզի վերագտնէ իր նախկին վիճակը:

2

EGA0039

Մետաքսեայ վզկապներն ու շապիկները իւրայատուկ փայլ կը ստանան եւ աւելի դիւրին կ՛արդուկուին, եթէ ցօղուելու ջուրին մէջ սուրճի դգալ մը շաքարաւազ լուծէք:

3

7-16-15_moule-glacon-vin

Եթէ շիշի յատակին գինի մնացած է, մի՛ թափէք, այլ լեցուցէք որեւէ կաղապարի մէջ եւ սառցարանը պահեցէք եւ աւելի ուշ օգտագործեցէք թացաններու կամ մսեղէններու պատրաստութեան մէջ:

4

7-16-15_Lherbe-à-chats-2

Եթէ տունը շուն կամ կատու ունիք եւ անոնք կը վնասեն ձեր բոյսերուն, հողին մէջ կասիայի ցպիկներ մխրճեցէք կամ հողին երեսին` կիտրոնի չոր կեղեւներ:

5

7-16-15_pommes-de-terre

Որպէսզի գետնախնձորը ծիլեր չարձակէ, անոնց կողքին քանի մը խնձոր դրէք:

 

Խոհագիր

Պանիրով Գնդակներ

Boules-de-kiriՇատ դիւրին եւ արագ պատրաստուող պանիրով գնդակները գնահատուած են բոլորէն` թէ՛ իրենց տեսքին եւ թէ՛ համին պատճառով: Զանոնք կարելի է հրամցնել խմիչքի հետ, յատկապէս` գինիի եւ կամ ճաշի աւարտին, պանիրի ափսէին մէկ անկիւնը:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են`

– Պանիր (քիրի, ֆեթա կամ այծի)
– Շուշմայ
– Սեւ գնդիկ
– Մանրուած պիստակ
– Չոր քրամպըրի
– Արեւածաղիկի կուտ
– Մանր լոլիկներ (թոմաթ սըրիզ)
– Խաղողի հատիկներ
– Կաղին

Պատրաստութիւն.

Պանիրը մաքուր ափերով պզտիկ գնդակներու վերածել, անոնց կեդրոնը լոլիկի կամ խաղողի հատիկ մը տեղաւորելով, զանոնք կարելի է փոխարինել նաեւ կաղինով:

Ստացուած գնդակները ըստ ճաշակի թաթխել սեւագնդիկի, շուշմայի, մանրուած պիստակի, մանրուած չոր քրամպըրիի, կարմիր պղպեղի մէջ եւ սառնարանը պահել առնուազն մէկ ժամ:

Հրամցնելու պահուն զանոնք փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ:

Կարելի է լոլիկը, խաղողը կամ կաղինը զանց ընել եւ բաւարարուիլ միայն պանիրով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Միշտ Նոյն Խոհերի
Շշուկին Հլու

Միշտ նոյն խոհերի շշուկին հլու,
Միշտ նոյն կարօտի կսկիծը պահած`
Ես դուրս եմ գալիս նորից շրջելու
Նեղ փողոցներն ու կրկէսները բաց:
Շփոթ նուագով աղմուկ ու սուլոց
Շարժում են առաջ օրը ժրաջան –
Բոցոտ խնջոյքում, ձուլուած խինդ ու կոծ,
Հիւսել են կեանքի կախարդուած շրջան:
Հապճեպ հոսանքում ե՛ւ մարդ, ե՛ւ անիւ,
Ալեկոծութեամբ մի խայտանկար
Խենթ փողոցների բաւիղներն անթիւ
Ջրերի նըման խառնում են իրար:
Ամեհի ձայնով երկաթն է խօսում,
Պողպատն է ճչում շաչիւնով դողդոջ –
Եւ բազմաղաղակ օրերի լեզուն
Հնչում է այստեղ, որպէս մարտակոչ:
Այս աղմկահիւս կեանքի խենթ բոցում
Այրում է սիրտըս սրբազան մի դող,
Յուզում է հոգիս մի վեհ հիացում,
Եւ սարսափելին` թւում է դիւթող…
Մաշուած է կեանքըս վշտում անաղարտ
Եւ տառապանքի օրերում յամառ,
Բայց ցաւած սիրտըս բացել եմ հպարտ,
Նորից ու նորից սիրելու համար:
Ուզում եմ, վաղուայ ցնծութեան գուշակ`
Կարօտըս նետած լուսեղէն հեռուն,
Վառե՜լ երգերըս, որպէս դրօշակ,
Ու մեռնե՜լ, որպէս հերոսն է մեռնում…
Զարթէ՛ք, երգեր իմ, ժամ է հնչելու,
Զինելու նորից գնդերը ցրիւ,
Մեռած սրտերը կեանքի կոչելու
Եւ բորբոքելու, զայրոյթ ու կռիւ…

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ

Հետաքրքրական Կին Դէմքեր. Ռոզա Փարքս

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

7-30-15_rosa-parks7-30-15_Rosa_parks_busՌոզա Փարքս ծնած է 1913 թուականին, Ալապամա (Մ. Նահանգներ), սեւամորթ այս կինը 42 տարեկանին ակամայ հռչակաւոր դարձաւ, երբ 1 դեկտեմբեր 1955-ին մերժեց իր տեղը զիջիլ սպիտակամորթի մը…

Արդարեւ, Մոնկոմըրիի հանրաշարժներէն մէկուն վարորդը Ռոզայէն կը պահանջէ անմիջապէս իր տեղը զիջիլ սպիտակամորթ յաճախորդին: 42-ամեայ դերձակուհին չ՛ենթարկուիր վարորդին հրահանգին եւ այդ իսկ պատճառով անմիջապէս կը ձերբակալուի, կը բանտարկուի եւ 15 տոլարի տուգանքի կ՛ենթարկուի:

Թէեւ Ռոզա Փարքսէն առաջ 2 սեւամորթներ նոյն յանդգնութիւնը ունեցած էին, սակայն անոր ձերբակալութիւնը մեծ ընդվզում կ՛առաջացնէ եւ յաջորդ օրն իսկ ափրիկեւամերիկեան համայնքի 50 ղեկավարներ, Մարթին Լութըր Քինկի առաջնորդութեամբ, կը հաւաքուին խորհրդակցելու եւ պատահածին դէմ բողոքելու համար: Անոնք կը ստեղծեն Մոնկոմըրիի բարեկարգումի կազմակերպութիւնը, իրենց պահանջները կը ճշդեն եւ ամբողջ 38 օր պոյքոթի կ՛ենթարկեն Մոնկոմըրիի հանրաշարժները: Որպէս հետեւանք` Գերագոյն խորհուրդը կը բեկանէ հանրաշարժներուն մէջ սեւամորթներու դէմ ճշդուած օրէնքները, զանոնք հակասահմանադրական համարելով:

Աւելի ուշ Ռոզա Փարքս Ամերիկայի խորհրդարանին կողմէ կը ճանչցուի որպէս «Քաղաքացիական իրաւունքներու շարժման մայր»:

Փարքս կը մեռնի 2005-ին, Տիթրոյիթ. անոր թաղման արարողութիւնը կը կատարուի մեծ շուքով: Ներկայ կ՛ըլլան` նախագահը, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ արուեստագէտներ:

Հանրաշարժը, ուր ձերբակալուած էր Փարքս, կը ծածկուի սեւ եւ կարմիր պատանքով, մինչ Ռ. Թ. Ա. հանրաշարժի ընկերութիւնը յարգանքի խօսք կ՛ուղղէ այն «կնոջ, որ ոտքի կանգնեցաւ նստած  մնալով»:

 

Բրդեայ Գազակներ Կրկին Օգտագործելու
5 Հետաքրքրական Ձեւեր

Եթէ ձեր պահարանին մէջ ունիք բրդեայ գազակ մը, որմէ ձանձրացած էք, կամ` հինցած է, մի՛ նետէք զայն, քանի որ մկրատի քանի մը հարուածով կրնաք նոր կեանք տալ անոր եւ ստանալ`

Ա.- Ծաղկամանի բրդեայ «հագուստ» մը:

74dafa7d-c48c-436a-ae2d-cdf43804aeae

Այս պարագային կարելի է օգտագործել գազակին թեւի բաժինը:

Բ.- Պայուսակ մը:

38c8869f-c099-42ed-974f-d150e231ea71

Առաւելաբար օգտագործելով մարմնի բաժինը:

Գ.- Փոքրիկ գորգ մը:

bf2a61f9-2a1c-4e0a-9b01-9520c694afdf

Թեւերէն ձերբազատելով կրնաք ստանալ ուղղանկիւն քառանկիւն փոքրիկ գորգ մը, որ կարելի է զետեղել բազկաթոռին կամ մահճակալին առջեւ:

Դ.- Բջիջայինի պահպանակ մը:

7-30-15_ipod-kindle-sweater

Այս պարզ եւ ճաշակաւոր պահպանակին համար դարձեալ օգտագործել թեւերը:

Ե.- Կարճ փէշ մը:

f3daefde-d7e9-4a72-bca3-b83209ab636e

Բրդեայ գազակին մարմնի բաժինը օգտագործելով, կրնաք ստանալ բրդեայ կարճ փէշ մը` ձեզի կամ ձեր աղջնակին համար:

 

Խորհուրդ` Կազմուածքով
Լեցուն Կիներուն Համար

78508cc525bf39fdcddeb9ecc4dca586-f

 

-1-

Ընտրեցէ՛ք թեթեւ եւ թոյլ կտորներ, որոնք չեն շեշտեր ձեր փորը կամ այլ շեշտուած մասեր:

-2-

Հրաժարեցէ՛ք կոնքէն սկսող ճինզերէն, որոնք կը շեշտեն փորը: Նոյնպէս` հրաժարեցէք շատ նեղ ու մարմնին ձեւը առնող տեսակներէն եւ նախապատուութիւնը տուէք «քուփ սիկարեթ» տեսակներուն:

-3-

Առհասարակ խուսափեցէ՛ք գծաւոր, ծաղկաւոր եւ ֆոսֆորային գոյներով հագուստներէն: Նախապատուութիւնը տուէք չէզոք եւ միագոյն տեսակներուն, իսկ անոնց զուարթ տեսք տալու համար դիմեցէք աքսեսուարներուն:

-4-

Հրաժարեցէ՛ք փոթով, վոլաններով փէշերէն, որոնք աւելի ծաւալ կու տան եւ կը շեշտեն ձեր կոնքերը:

-5-

Խուսափեցէ՛ք անթեւ հագուստներէն եւ նախապատուութիւնը տուէք քիչ մը լայն եւ առնուազն մինչեւ արմուկ երկարող տեսակներուն:

-6-

Ունեցէ՛ք միագոյն, ուղիղ կտրուածքով բաճկոն մը եւ զայն կրեցէք առանց կոճկելու: Այս ձեւի բաճկոն մը կը ծածկէ ձեր փոքրիկ թերութիւնները եւ որոշ վայելչութիւն կու տայ:

-7-

Հրաժարեցէ՛ք կարճ մոյկերէն, որոնք կը շեշտեն ձեր հաստ սրունքները: Նախապատուութիւնը տուէք երկար մոյկերուն եւ միջին բարձրութեամբ կօշիկներուն: Յիշեցնենք, որ մարզական, ինչպէս նաեւ տափակ կօշիկները կանացի չեն եւ կը վնասեն ձեր իգական տեսքին:

-8-

Եթէ մեծ կուրծքեր ունիք, նախապատուութիւնը տուէք կլոր կամ քառակուսի կտրուածք ունեցող օձիքներուն:

-9-

Հրաժարեցէ՛ք խոշոր եւ ցցուն գրպաններով օժտուած բաճկոններէն եւ տաբատներէն:

-10-

Վերջապէս, խուսափեցէ՛ք փաթ տ՛էլեֆան տաբատներէն եւ պլուզոն կոչուած կարճ բաճկոններէն, որոնք սլացիք երեւալու ձեր բոլոր յոյսերը կը չքացնեն:

 

Գեղեցկագիտական

Դէմքի Ճափոնական Ծեփուկ

7-30-15_Japanese-RejuvenationՃափոնական այս բաղադրատոմսը կ՛օգնէ ջնջելու տարիներու հետքը դէմքէն` աւելի երիտասարդ տեսք տալով մորթին:

Պատահական չէ, որ բրինձը ճափոնական սննդականոնի անբաժան մէկ մասն է: Անիկա հարուստ է Պէ. կենսանիւթով, որ կը նպաստէ արեան շրջանառութեան, բջիջներու վերականգնման եւ աճին` կանխարգիլելով վաղաժամ ծերութիւնը:

Ճափոնական այս ծեփուկի օգտագործումէն ետք դէմքին մորթը կը դառնայ աւելի բաց գոյնի, փափուկ եւ թաւշեայ:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են:

– 2-3 ապուրի դգալ բրինձ
– 1 ապուրի դգալ տաք կաթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր

Առաջին հերթին եփել բրինձը` մինչեւ փափկանայ, ապա պաղ ջուրի տակ բռնել եւ քամոցի մէջ փոխադրել: Ցամքած բրինձին աւելցնել կաթն ու մեղրը եւ լաւ խառնել:

Ծեփուկը քսելէ առաջ դէմքը լուալ, տարածել խիւսը, ձգել 5 վայրկեան, ապա դէմքը լուալ աւելցած բրինձի ջուրով. վերջինս իր կարգին հարուստ է սնուցիչ նիւթերով եւ անթիօքսիտաններով:

 

Խոհագիր

Ճակնդեղով Եւ
Գետնախնձորով Աղցան

7-30-15_koh

Բաղադրութիւն

1/2 քկ. կարմիր ճակնդեղ` խաշած, կեղւուած ու խորանարդաձեւ մանրուած
5 ապուրի դգալ մայոնեզ
1 ապուրի դգալ թարմ սեր (քրեմ ֆրէշ) կամ սմեթան (թթուասեր)
1 պճեղ սխտոր` ճզմուած
1 պզտիկ սոխ` մանրուած
2 կանաչ սոխ` մանրուած
2 ա. դգալ կարմիր քացախ
2 ա. դգալ մանրուած ազատքեղ
1/2 գաւաթ խոշոր մանրուած ընկոյզ
Կարմիր կաղամբի տերեւներ
1/2 քկ. գետնախնձոր` խաշած, կեղւուած եւ մանրուած
Աղ` ըստ պահանջի

Պատրաստութիւն

Անջատել կարմիր կաղամբին տերեւները (ընտրել փոքր եւ գեղեցիկ տերեւներ), թրջել ջուրին մէջ, լուալ եւ ցամքեցնել:

Լեցնել կաղամբի տերեւները վերոնշեալ աղցանով, շարել կանաչ հազարի տերեւներուն վրայ, վրան ազատքեղ եւ ընկոյզ ցանել, հիւրասիրել որպէս թարմ աղցան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Բարի Ճանապարհ

Եթէ աշխարհիս ճանապարհները
Լինէին միակողանի լոկ գալու համար
Եւ ոչ գնալու…
Դու ինձ կարող ես հիմա չլսել.
Եւ մի էլ լսիր.
Գնա,
Որ ինքդ նոյնը հասկանաս
Եւ հասկանալով նաեւ հասկացնես,
Որ աշխարհումս ճշմարտութիւնը չի հետազօտւում,
Ճշմարտութիւնը ապրւում է լոկ:
– Բարի ճանապարհ.
Կեանքի վճռական բոլոր պահերին
Միշտ էլ լռում են մի քանի րոպէ.
Այդպէս է նաեւ ճանապարհելիս.
Եւ կարճ են խօսում ճանապարհելիս
Նաեւ հապշտապ.
Ահա թէ ինչու հոգուս խորքերում ու լեզուիս վրայ
Բազմակետերն են խօսքերին յաղթում,
Եւ ինչ – որ զեռուն բառեր են վխտում-
«Ի հարկէ… Սակայն… եւ այսուհանդերձ»…
Եւ այսուհանդերձ, թերեւս գուցէ
– Բարի… վերադարձ:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

Առողջապահական. 9 Սխալ Սովորութիւններ, Որոնք Կը Վնասեն Ուղեղին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

brain_8-06-15

Մարդկային մարմնի ամենակարեւոր գործարանը ուղեղն է: Անիկա մեր հարստութիւնն է, հետեւաբար պէտք է գուրգուրանք անոր վրայ եւ պաշտպանենք 9 վտանգաւոր սովորութիւններէ, որոնք քիչ-քիչ կը սպաննեն զայն:

1

Նախաճաշը ջնջելը:
Մարդիկ, որոնք առտուան նախաճաշը կը ջնջեն, անոնց արեան մէջ շաքարի պակաս կը նկատուի, ինչ որ կը վնասէ ուղեղին աշխուժ աշխատանքին:

2

Շատ ուտելը:
Շատ ուտելը, բայց մանաւանդ իւղոտ ուտելիքներու չարաշահումը կը բարձրացնէ ուղեղի անօթներու քոլեսթերոլի մակարդակը, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ուղեղի աշխատանքին վրայ:

3

Ծխելը:
Ծխելը վնասակար է ուղեղի գործունէութեան համար, քանի որ կը սպաննէ բջիջները: Իսկ լուրջ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ ծխելը կրնայ ալզայմըր հիւանդութեան յառաջացման պատճառ դառնալ:

4

Ապականած օդը:
Ասիկա անշուշտ ձեզմէ կախեալ չէ, սակայն եթէ ապականած միջավայրի մէջ էք եւ յաճախ թթուածինի պակաս կայ, ձեր ուղեղին աշխատանքը կը դանդաղի: Որքան թարմ է օդը, այնքան աւելի աշխուժ կ՛աշխատի ձեր ուղեղը:

5

Քունի պակաս:
Քունի պակասը կը դանդաղեցնէ ուղեղին գործունէութիւնը, կը տուժեն ընկալումի եւ կեդրոնացումի կարողութիւնները: Սակայն ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ քունի պակասը կ՛առաջնորդէ ուղեղի բջիջներու դանդաղ մահուան:

6

Ալքոլ եւ թմրանիւթեր:
Ասոնք անդարձ եւ ծանր վնաս կը պատճառեն ուղեղին եւ կը խախտեն անոր աշխատանքը:

7

Աշխատանք` հիւանդութեան ժամանակ:
Երբ մարդ հիւանդ է, ծանր աշխատանքը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ անոր ուղեղին գործունէութեան վրայ, քանի որ մարմինը կը սկսի իր պահեստային միջոցները օգտագործել` հիւանդութեան դէմ պայքարելու համար: Նման պարագայի ուղեղը բաւարար քանակութեամբ թթուածին չի ստանար:

8

Խթանման ու զարգացման պակաս:
Պէտք է ուղեղը մշտապէս զարգացնել, հետեւաբար տեւաբար պատկերասփիւռ դիտելու փոխարէն` կարելի է նաեւ գիրք կարդալ, խաչբառ լուծել կամ ճատրակ խաղալ:

9

Սակաւախօսութիւնը:
Խօսիլը նոյնպէս ուղեղի խթանման միջոց է: Դուք խօսելով, հաղորդակցելով` կը մարզէք ձեր ուղեղը եւ մշտական աշխուժութեան մէջ կը պահէք զայն:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

1

Cina_3_8-06-15

Եթէ մրջիւնները նուաճած են ձեր տունը, դիմեցէք կասիայի փոշիին. զայն ցանեցէք մրջիւններու ճամբու երկայնքին, ինչպէս նաեւ` մրջնանոցին չորս կողմը:

2

Tricks-That-Keep-Bugs-Away4_8-06-15

Ձեր բնակարանը պիծակներէն պաշտպանելու համար առէք կիտրոն մը եւ անոր վրայ գամեցէք մեխակի գամեր: Ի հարկին պատրաստեցէք մէկէ աւելի կիտրոններ եւ զանոնք զետեղեցէք պատուհաններուն եզրին:

3

Tricks-That-Keep-Bugs-Away3_8-06-15

Մժեղները հեռու քշելու համար ամանի մը մէջ ջուր եւ հեղուկ օճառ խառնեցէք, ապա զայն զետեղեցէք մօտակայ սեղանին վրայ:

4

Tricks-That-Keep-Bugs-Away2_8-06-15

Կանաչ սխտորի տունկերը նոյնպէս ձեր բնակարանը կը պաշտպանեն մժեղներէն:

5

Tricks-That-Keep-Bugs-Away1_8-06-15

Մլուկները նոյնպէս անբաղձալի միջատներ են. անոնցմէ ձերբազատելու համար վառած ածուխի վրայ խնկունիի ցօղուններ այրեցէք:

6

Tricks-That-Keep-Bugs-Away_8-06-15

Ձեր պահարանները ցեցերէն պաշտպանելու համար դիմեցէք խնկունիին, անանուխին, մեխակի գամերուն, ինչպէս նաեւ` կիտրոնի կեղեւին: Կտորէ փոքրիկ ծրարիկներու մէջ դրէք վերը յիշուածներէն քանի մը հատը, ապա զանոնք զետեղեցէք պահարաններուն դարաններուն վրայ կամ գզրոցներուն մէջ:

 

Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Անքնութեան Մասին

sleep-disorders_8-06-15

Մարդ տարիքը առնելով` անոր մօտ քունի պահանջը կը պակսի:
ՍԽԱԼ: Տարիքի հետ քունի ընդհանուր տեւողութիւնը չի կրճատուիր (կամ` շատ քիչ). սակայն քունը կը դառնայ աւելի թեթեւ եւ յաճախակի ընդհատումներով:

* * *

Միջին հաշուով գիշերը 8 ժամ պէտք է քնանալ:
ՍԽԱԼ: Չափահասի մը քունի տեւողութիւնը միջին հաշուով 8 ժամ է. սակայն ոմանց մօտ 6 ժամը արդէն բաւարար է: Վերջնական եւ կտրուկ չափանիշներ չկան. կարեւորը օրուան ընթացքին հանգիստ եւ կազդուրուած զգալն է:

* * *

Լոյսը կը խանգարէ քունը:
ՃԻՇԴ: Լոյսը կը դանդաղեցնէ մելաթոնին կոչուած հորմոնին գործընթացը, իսկ այս հորմոնը ծանօթ է որպէս քունի հորմոն: Լոյսը նաեւ կ՛աւելցնէ յաճախակի զարթնումի հաւանականութիւնը եւ կը խանգարէ քունի ընթացքը:

* * *

Լաւ քնանալու գրաւականը տաք լոգանք առնելն է:
ՍԽԱԼ: Նախքան քնանալը` թելադրելի է գաղջ լոգանք առնել, քանի որ տաք լոգանքը կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը, որ իր կարգին կը խանգարէ քունը:

* * *

Անքնութիւնը ընկճախտի ու ծանր մտահոգութեան հետեւանք է:
ՃԻՇԴ: Սակայն ընկճախտն ու ծանր մտահոգութիւնը միակ պատճառները չեն. հոգեկան ցնցում մը, մտահոգութիւններ, արտաքին ձայներ, որոշ դեղահատեր եւ հիւանդութիւններ եւս քուն խանգարող ազդակներ են:

* * *

Ոգելից ըմպելիները կ՛օգնեն քունին:
ՍԽԱԼ: Թէեւ ալքոլը կ՛օգնէ, որ ենթական թմրի եւ քունի անցնի, սակայն այդ քունը կ՛ըլլայ շատ անկանոն եւ յաճախակի ընդհատումներով:

* * *

Յետմիջօրէի մրափը (սիեսթը) կը խանգարէ գիշերային քունը:
ՍԽԱԼ: Սիեսթը ոչ մէկ անդրադարձ ունի գիշերային քունին վրայ, եթէ անիկա կէս ժամը չ՛անցնիր: Սակայն եթէ անիկա երկարատեւ ըլլայ, անկասկած որ իր բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները`
Պտուղներուն Եւ Բանջարեղէններուն Մասին

Fotolia-fruit-legume_8-06-15

-1-

Սառած բանջարեղէնները նուազ կենսանիւթ եւ հանքային կը պարունակեն, քան` թարմերը:
ՍԽԱԼ, յաճախ քաղուած, լուացուած, կտրտուած եւ արագ սառեցուած բանջարեղէնները աւելի պահած կ՛ըլլան իրենց սննդական արժէքները, քան` օրերով շուկայի դարաններուն վրայ կամ սառնարանին գզրոցներուն մէջ զետեղուածները:

-2-

Թարմ պտուղի հիւթը նուազ ջերմուժ կը պարունակէ քան` շիշով վաճառուողը:
ՍԽԱԼ, երկուքն ալ նոյնքան ջերմուժ կը պարունակեն, սակայն թարմին առաւելութիւնը այն է, որ աւելի բնաթել եւ կենսանիւթ կը պարունակէ անմիջապէս խմուելու պարագային:

-3-

Հնդկընկոյզը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ:
ՍԽԱԼ, իւրաքանչիւր 100 կրամը համազօր է 350 ջերմուժի, այսինքն նոյնքան, որքան` տապկուած գետնախնձորը:

-4-

Սեւ ձիթապտուղը աւելի իւղոտ է, քան կանաչը:
ՃԻՇԴ, սեւ ձիթապտուղը կրկնակի իւղոտ է, քան կանաչը, այն իմաստով, որ կանաչը տակաւին հասած չըլլար եւ բնականաբար նուազ յագեցած կ՛ըլլայ իւղերով:

-5-

Աւոքատոն իւղոտ պտուղ է:
ՃԻՇԴ, աւոքատոն գրեթէ նոյնքան իւղոտ է, որքան անթրըքոթ միսը. այսուհանդերձ, զայն պէտք չէ զեղչել ճաշացուցակէն, քանի որ հարուստ է Էօ. կենսանիւթով: Թելադրելի է զայն ուտել քիչ մը քացախ կամ կիտրոնի հիւթ աւելցնելով:

 

Խոհագիր

Կովու Ֆիլէով Եւ Սունկով Աղցան

 

khohakir_8-06-15

Բաղադրութիւն

750 կրամ կովու ֆիլէ
1 միջակ տուփ մանրուած սունկ` ջուրէն ցամքած
1 կարմիր կամ կանաչ պղպեղ` երիզաձեւ կտրուած
1/3 գաւաթ կարմիր քացախ
1/4 գաւաթ ձէթ
1/4 թէյի դգալ չոր թարխուն
1/2 թէյի դգալ աղ
1/2 թէյի դգալ worcestershire sauce
1/4 թէյի դգալ պղպեղ
2 պճեղ սխտոր` ճզմուած
Աղցանի բանջարեղէններ

Պատրաստութիւն

Տաքցնել փուռը 500°F/230°C = 8 ջերմութեամբ: Զետեղել միսը կասկարայի վրայ եւ խորովել 4-5 սմ կրակէն հեռու, 15 վայրկեան իւրաքանչիւր կողմի վրայ: Պաղեցնել եւ երիզաձեւ կտրել միսը եւ 1 սմ չափով: Զետեղել ափսէին մէջ, դնել սունկը միսին վրայ, երեսը դնել պղպեղի երիզանման շերտերը:

Խառնել միասին մնացեալ բաղադրութիւնները` բացի կանաչեղէնէն, թափել միսին եւ բանջարեղէնին վրայ: Ծածկել եւ սառնարանը դնել 3 ժամ: Մերթ ընդ մերթ դգալով թացանը բանջարեղէնին վրայ տարածել: Հանել միսը եւ բանջարեղէնը ծակտիկաւոր շերեփով եւ դնել աղցանի կանաչեղէններուն վրայ: Զարդարել եւ հիւրասիրել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նմանութիւն

Եթէ մի օր, անուշ ընկեր,
Գաս այցելու իմ շիրմին
Ու նորաբոյս վառ ծաղիկներ
Տեսնես փըռուած չորս կողմին,

Դու չըկարծես, թէ հասարակ
Ծաղիկներ են ոտքիդ տակ,
Կամ թէ գարունն է այն բերել,
Իմ նոր տունը զարդարել:

Նրանք չերգած իմ երգերն են,
Որ սրտումըս ես տարայ,
Նրանք սիրոյ էն խօսքերն են,
Որ դեռ չասած ես մեռայ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

 

Նոր Հրատարակութիւններ «Վերապրածներ»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

11813429_987775024587099_5758931226888277430_n

Անցեալ յուլիսին լոյս տեսաւ Նազիկ Արմէնակեանի «Վերապրածներ» գիրքը: Տարիներու աշխատանք պահանջած է, որպէսզի լուսանկարիչը հաւաքէ Հայաստանի տարբեր շրջաններ բնակող 45 վերապրածներու անձնական պատմութիւնները եւ լուսանկարչական մեքենայի միջոցով արձանագրէ անոնց աչքերուն մէջի սարսափի դրոշմը:

«Վերապրածներ» գիրքին շնորհահանդէսը կայացաւ Երեւան` արուեստասէրներու եւ Նազիկ Արմէնակեանի բարեկամներու ներկայութեամբ, սեղմ շրջանակի մէջ:

«Ես, անշուշտ չէի պատկերացներ, թէ ինչ լուրջ աշխատանքի կը նախաձեռնէի: Պէտք էր մեծ թիւով վերապրածներ լուսանկարէի, առանց ժամանակ կորսնցնելու, երբ անոնք տակաւին լաւ վիճակի մէջ էին եւ աւելի շատ բան կը յիշէին», յայտնած է հեղինակը:

2(50)_8-13-15tumblr_nka81otCmh1sj2msco4_400Լուսանկարիչը նաեւ կը պատմէ, թէ որքան դժուարութեամբ կը գտնէր վերապրածները. ունէր միայն հասցէներ: Պատահած է, որ քանի մը գիւղ հասած եւ անոնցմէ ոչ մէկը ողջ գտած է:

«Վերապրածներ» պատկերագիրքը Նազիկ Արմէնակեանին երկրորդ գիրքն է «Մենակութիւն շտամպ»-էն ետք: 1000 տպաքանակ ունեցող գիրքը պիտի բաժնուի վերապրածներու ընտանիքներուն, գիրքի պատրաստութեան մէջ ներդրում ունեցող անձերուն, մաս մըն ալ պիտի վաճառուի: Գիրքը ունի նաեւ իր անգլերէն տարբերակը:

 

Առողջապահական 

Կծուն Կը Պաշտպանէ…

hot-pepper_8-13-15

Կծու ուտելիքներու օգտագործումը, առնուազն շաբաթը 3 անգամ, զգալիօրէն կը կրճատէ քաղցկեղէ եւ սիրտի հիւանդութիւններէ վաղաժամ մահանալու վտանգէն: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած է ամերիկացի, բրիտանացի եւ չին գիտնականներու խումբ մը:

Արդարեւ, Օքսֆորտ համալսարանի, Հարվըրտ առողջապահական դպրոցի եւ բժշկական գիտութիւններու չինական ակադեմիայի հետազօտները յայտնաբերած են, որ շաբաթական 2-3 անգամ կծու ուտելիքներ օգտագործողներուն  մօտ մահուան հաւանականութիւնը 14 տոկոսով նուազ է, քան անոնց մօտ, որոնք կծու կ՛օգտագործեն շաբաթը մէկ անգամ:

Ըստ գիտնականներուն, կծու ուտելիքներու օգտագործումը, առաջին հերթին, կը պաշտպանէ քաղցկեղէն, սիրտի եւ շնչառութեան կապուած հիւանդութիւններէն:

Հետազօտութեան հեղինակները ուսումնասիրած են 30-79 տարեկան 487 հազար չիներ: Հետազօտութեան ընթացքին բոլոր կամաւորները մանրամասնօրէն պատմած են իրենց սննդական նախընտրութիւններուն եւ ընդհանուր ինքնազգացողութեան մասին: Անոնց մօտէն հետեւած են 7 տարի, եւ այդ ընթացքին մահացած են 20.224 մարդ: Մահացածներուն մեծ մասը գրեթէ չէ օգտագործած կծու կերակուրներ:

 

Առողջապահական

10 Համոզիչ Պատճառներ`
Թուզ Ուտելու Համար

 

images_8-13-15

-1-

Թուզը կը կանխարգիլէ փրոսթաթի, ստինքի եւ յամրաղիի քաղցկեղը:

-2-

Թուզը կը նուազեցնէ քոլեսթերոլին տոկոսը արեան մէջ:

-3-

Թուզին տերեւները բուժիչ յատկութիւն ունին. անոնք կ՛օգնեն շաքարախտաւորներուն նուազեցնելու էնսիւլինը:

-4-

Թուզը կը բարելաւէ յիշողութիւնը եւ կը կանխարգիլէ արեան տկարութիւնը:

-5-

Թուզը ունի լուծողական յատկութիւն. անիկա կը կարգաւորէ աղիքային խանգարումները:

-6-

Թուզը հարուստ է կիրով եւ կ՛օգնէ դարմանելու կաթնեղէններու դէմ գերզգայնութիւնները:

-7-

Թուզը հարուստ է հանքայիններով` կիր, պղինձ, փոթասիոմ, մանկանէզ, երկաթ, սէլէնիոմ, զինկ… իսկ այս հանքայիններէն ոմանք կը կանխարգիլեն սրտանօթային հիւանդութիւնները, երակներու խցանումը եւ արեան գերճնշումը:

-8-

Թուզը նոյնքան հարուստ է հակաօքսիտաններով, որքան խնձորը, ինչ որ կը դանդաղեցնէ բջիջներու ծերացումը, եւ աւելի երկար ժամանակ երիտասարդ կը պահէ:

-9-

Թուզը օգտակար է երիկամունքներուն եւ ստամոքսին, կը ծառայէ որպէս միզամուղ:

-10-

Թուզը կը կանոնաւորէ սիրտի ուժեղ բաբախումները: Անիկա օգտակար է նաեւ փայծաղի եւ լեարդի հիւանդութիւններու պարագային:

 

Յիշենք, որ թուզը բաւական մեծ քանակութեամբ շաքար կը պարունակէ, հետեւաբար պէտք է չափաւորել անոր օգտագործումը: Թուզը կարելի է սպառել որպէս պտուղ, նաեւ` որպէս աղանդեր: Մեր օրերուն խոհարարներ թուզով կը պատրաստեն կերակրատեսակներ: Թուզ կը հրամցուի նաեւ պանրեղէնի հետ:

 

Նորաձեւութիւն

2015-2016 Աշուն-Ձմեռ
Նորաձեւութիւն

Արդէն շաբաթներ առաջ նորաձեւութեան տուները (Շանել, Տիոր, Քըէ, Նինա Ռիչի, Լանվեն, Սեն Լորան եւ այլն…) ներկայացուցին 2015-2016 աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան իրենց հաւաքածոները: Մասնագէտներու կարծիքով, ոճի մեծ յեղաշրջումներ կան, այլ կայ հինի վերադարձ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յառաջիկայ զոյգ եղանակներու նորաձեւութեան գլխաւոր կէտերը:

manteau-mouton_8-13-15

– Ոչխարի մորթէ եւ առհասարակ մուշտակէ պատրաստուած ժիլէներ:
– Պլուզոն բաճկոններ:

col-en-fourrure_8-13-15

– Մուշտակէ ճոխ եւ խոշոր օձիքներ:
– 70-ական թուականներու «պոհեմ» երկար հագուստներ:
– Տարբեր չափի քափեր (ուսնոցներ):

volants-fwk_8-13-15

– Վոլանով փէշեր:
– Ծոպերով օժտուած հագուստներ եւ աքսեսուարներ:
– Կրունկէն 10-15 սմ վեր` լայն տաբատներ:

le-carreau_8-13-15

– Էքոսէ բաճկոններ եւ վերարկուներ:
– Միտի փէշեր, որոնց հասակը կ՛երկարի մինչեւ սրունք:
– Քոլ ռուլէ օձիքով բրդեղէններ:
– Վառ կարմիր փէշեր, հագուստներ, վերարկուներ:
– Տարբեր ձեւի եւ չափի ֆուլարներ:

-manteau-peignoir_8-13-15

– Առանց կոճակի եւ լայն գօտիով օժտուած վերարկուներ:

Այս բոլորը կը վերաբերին ցերեկային հագուստներուն եւ ոչ` հոթ քութիւրին:

Նկարները աւելի խօսուն են եւ կը վկայեն վերը յիշուածները:

 

Խոհագիր

 Անտիւով Աղցան

Salades_8-13-15Բաղադրութիւն

2 անտիւ (եղերդակ) 4 մասերու բաժնուած
2 ճակնդեղ` խաշած, կեղւուած եւ շերտուած
1 հատ կարմիր խնձոր` շերտերու բաժնուած
1/2 գաւաթ ռոքֆոր կապոյտ պանիր
1/2 գաւաթ մանրուած ընկոյզ

Ռոքֆորի Թացան (Սօս)

100 կրամ ռոքֆոր պանիր
1/2 գաւաթ թարմ սեր (քրէմ ֆրէշ)
1 ապուրի դգալ լեմոնի հիւթ կամ քացախ
2 ապուրի դգալ մայոնեզ
1 պճեղ սխտոր` ճզմուած

Պատրաստութիւն

1) Անտիւը (եղերդակ), խնձորը եւ ճակնդեղը գեղեցիկ ձեւով շարել աղցանի ներկայանալի պնակին մէջ:
2) Ընկոյզը եւ ռոքֆոր պանիրի կտորները տարածել վրան:
3) Պատրաստել ռոքֆորի թացան եւ միասին հիւրասիրել:

Թացանի Պատրաստութիւն

1) Ճզմել պանիրը, սխտորը եւ խառնել թարմ սերը:

2) Մեքենայ գործածելու պարագային զգուշութեամբ խառնել, աւելցնել լեմոնի հիւթը կամ քացախը: Շատ թանձր ըլլալու պարագային, քիչ մը ջուրով նօսրացնել զայն:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

… Ես ա՛յն եմ սիրում,
Երբ ձմեռ-ամառ… գարո՜ւմ է թւում,
Անծանօթ մի վայր քեզ… տո՜ւն է թւում.
Ոչ միայն նայում, այլ… տեսնո՛ւմ ես դու,
Ոչ թէ ունկնդրում, այլ… լսո՛ւմ ես դու,
Երբ սլանո՜ւմ ես
Եւ ոչ թէ` քայլո՛ւմ,
Երբ եւ այրւո՛ւմ ես, եւ ի՛նքըդ այրում…

Ա՛յն, երբ աչքերը աչե՜ր են դառնում,
Խօսքերը սիրոյ կանչե՛ր են դառնում,
Սիրե՛րգ է դառնում ամէն մի հնչիւն,
Եւ արտաշնչո՜ւմն անգամ` Ներշնչում…

Սիրում եմ սիրոյ այն հրա՜շքը սուրբ,
Երբ որ ձեռքերը դառնում են թեւեր,
Երբ թւում է, թէ շարժումից մի նուրբ,
Կարող ես մինչեւ աստղե՜րը թեւել.
Երբ կոշտ մատները թաւի՜շ են դառնում,
Արիւնը գարնան աւի՜շ է դառնում
Եւ ժամերն անգամ, հաշիւը խառնո՜ւմ,
Մոռանո՜ւմ են, թէ … ինչքան են տեւել…

… Զգացե՞լ էք դուք պահն այդ երբեւէ..

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

Խօսքեր` Կին  Դէմքերէ

Կրնանք բանտարկել մարդ մը, բայց ոչ գաղափար մը: Կրնանք աքսորել մարդ մը, բայց ոչ գաղափար մը: Կրնաք սպաննել մարդ մը, բայց ոչ գաղափար մը:

ՊԵՆԱԶԻՐ ՊՈՒԹՕ

***

Երբեմն հարկաւոր է ճակատամարտ մը բազմաթիւ անգամներ մղել, զայն շահելու համար:

ՄԱՐԿԱՐԷԹ ԹԱՉԸՐ

***

Առանց լայնախոհութեան անկարելի է յաջողիլ:

ՄԱՐԹԱ ՍԹԻՈՒԸՐԹ

***

Քննադատութիւններուն պէտք է մօտենալ լրջութեամբ, եթէ անոնց մէջ ճշմարտութիւն եւ արժանիք կայ, օգտուեցէք անոնցմէ` սորվելու համար: Այլապէս` ամբողջովին արհամարհեցէք զանոնք:

ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ

***

Երբեք ետ չեմ դառնար: Միշտ դէպի ապագան կը նայիմ:

ՇԹԵՖԻ ԿՐԱՖ

 

 

 

 

 

 

Այլազան. Ձեւագէտ Հայկ Աւանէսեան

$
0
0

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Haig-Avanessian_8-20-15

Ուքրանահայ ձեւագէտ Հայկ Աւանէսեանը վերջերս ցուցադրած է 2015-2016 տարիներու հարսանեկան հագուստներու հաւաքածոն:

Հայկ Աւանէսեան ապրանքանիշը ստեղծուեցաւ 2011-ին, եւ արդէն քանի մը ամիս ետք ձեւագէտը արժանացաւ «Տարուան Յայտնութիւնը» մրցանակին:

Հայկին ընտանիքը Տոնեցք (Ուքրանիա) փոխադրուած է, երբ դեռ ինք մանուկ էր, սակայն մեծցած է հայ ընտանիքի մէջ, ուր միայն մայրենի լեզուն կը գործածուէր:

«Ուսումնասիրած եմ հայկական մշակոյթն ու հայ գեղանկարիչները: Շատ կը սիրեմ մեր հայկական խոհանոցը, որ կը ներշնչէ զիս «համեղ» հագուստներ ստեղծելու ատեն: Համալսարանի գեղանկարչութեան դասախօսս կ՛ըսէր, որ իմ նկարներէս եւ գոյներէս կ՛երեւի, որ ես հայ եմ» յայտնած է ձեւագէտը:

Աւանէսեանի կարծիքով, աշխարհին մէջ կան շատ լաւ հայ ձեւագէտներ: Անոնք կը տարբերին իրենց աշխատանքով, մօտեցումով եւ հայեացքով: Անոր ուշադրութիւնը գրաւած են լիբանանցի ձեւագէտ Գրիգոր Չափուրեանի ստեղծագործութիւնները:

«Խոհանոցի Արքայ»

IMG_1315

Պոսթընի մէջ գրեթէ բոլորը գիտեն, որ եթէ տան մէջ խրախճանք պիտի կազմակերպեն եւ կ՛ուզեն զարմացնել հիւրերը տնային համեղ կերակուրներով, պէտք է անխուսափելիօրէն դիմեն ամերիկահայ Նաթան Գիպարեանին:

23-ամեայ Նաթանին մանկութիւնը, անցած է խոհանոցը, ան ուշադիր հետեւած է թէ ինչպէ՛ս իր մայրն ու մեծ մայրը աւանդական ուտելիքներ կը պատրաստեն: Ներկայիս Նաթանին կը հետեւի ամբողջ Պոսթընը. տեղական պատկերասփիւռով ան յաճախ ելոյթ կ՛ունենայ եւ իր իւրայատուկ խոհագիրներով եւ օգտակար ու գործնական թելադրանքներով կը դիւթէ բոլորը:

«Մեր ընտանիքին մէջ սովորութիւն էր երեկոյեան միասին ընթրել եւ համտեսել մեծ մօրս ու մայրիկիս պատրաստած ուտելիքները: Ընտանիքիս համար բնական էր սնանիլ տունը պատրաստուած կերակուրներով, բան մը, որ այդքան ալ տարածուած չէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Այդ է պատճառը, որ կը պատրաստեմ այնպիսի ուտեստներ, որոնք տունը պատրաստուածէն չեն տարբերիր», յայտնած է Նաթան` աւելցնելով, որ նախասիրութեան զուգահեռ նաեւ հետեւած է դասընթացքներու եւ այսօր Պոսթընի ամէնէն երիտասարդ շէֆ-խոհարարներէն մէկն է:

 

Առողջապահական

Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Սուրճին Մասին

1372479-inline

-1-

Սուրճը տրամադրութիւն կը բարձրացնէ:

Ճիշդ եւ սխալ:

Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, հետեւողական կերպով սուրճ խմողները նուազ ենթակայ են ընկճախտի: Միւս կողմէ հաստատուած է, որ մեծ քանակութեամբ քաֆէինը ջղային եւ դիւրագրգիռ կը դարձնէ: Հետեւաբար պէտք է չափաւորել սուրճի սպառումը, եթէ կ՛ուզենք օգտուիլ անոր բարիքներէն:

-2-

Սուրճը կը նուազեցնէ մարմնին կողմէ կիրի իւրացումը:

Ճիշդ:

Սակայն այս մտահոգութիւնը կը վերաբերի այն անձերուն, որոնք օրական 4 գաւաթէն աւելի սուրճ կը խմեն:

-3-

Սուրճը աւելի քաֆէին կը պարունակէ, քան «քոլա»-ն:

Սխալ:

Միջին հաշուով 50 մլ. գաւաթ մը էքսփրեսօ սուրճը 32 մկ. քաֆէին կը պարունակէ, մինչ 330 մլ. քոլայի թիթեղ մը` 35 մկ. քաֆէյին:

-4-

Սուրճը կ՛այրէ ճարպերը:

Ճիշդ:

Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, սուրճին պարունակած «Փոլիֆէնոլ»-ները կ՛օգնեն մարմինին արագ այրելու կուտակուած ճարպերը: Թունդ սուրճը նաեւ ախորժակ կտրելու յատկութիւն ունի: Բայց ուշադի՛ր, սուրճին պէտք չէ աւելցնել շաքար, կաթ կամ սեր…

-5-

Սուրճ կրնան խմել յղի կիները ինչպէս նաեւ կաթ տուող մայրերը:

Ճիշդ:

Օրական 2 գաւաթ սուրճը արտօնուած է յղիներուն եւ կաթ տուող մայրերուն: Սակայն ապացուցուած է, որ մեծ քանակութեամբ սուրճ սպառող յղիներուն մօտ կազմուող պտուղին աճը կը դանդաղի քաֆէինին ստեղծած անպատեհութիւններուն պատճառաւ:

-6-

Սուրճը կը խանգարէ քունը:

Ճիշդ եւ սխալ:

Ոչ միշտ, քանի որ ամէն մարդու մօտ քաֆէինը նոյն ձեւով չ՛իւրացուիր եւ չի մարսուիր: Ոմանք երեկոյեան գաւաթ մը սուրճ խմելով կը վնասեն իրենց քունին, մինչ ուրիշներ շատ հանգիստ կը քնանան:

-7-

Սուրճը կ՛օգնէ մտային կարողութեան:

Ճիշդ:

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ օրական 3 գաւաթ սուրճ խմող անձիք տարիներու ընթացքին կը պահպանեն իրենց մտային կարողութիւնները եւ աւելի պաշտպանուած կ՛ըլլան Ալզայմըրի հիւանդութենէն:

Մատներու Մարձում

massage_8-20-15

Մարձումը ո՛չ միայն կ՛օգնէ բարձրացնելու աշխատունակութիւնը, այլ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս կը վերականգնէ մարդը:

Մարձումը կը նպաստէ արեան շրջանառութեան աշխատանքին, կը կանոնաւորէ զարկերակային ճնշումը եւ վերջապէս կը բարձրացանէ տրամադրութիւնը:

Մարձումը հասանելի է բոլորին, զայն կարելի է կատարել գրեթէ ամէնուրեք, յատկապէս մատներու մարձումը շատ մատչելի :

Մասնագէտներու կարծիքով, մարդուն մատներէն իւրաքանչիւրը «պատասխանատու» է որոշ գործարանի մը. հետեւաբար, մարձումի շնորհիւ կարելի է դրական ձեւով ազդել մեր մարմինի առողջութեան վրայ:

Այսպէս`

– Բթամատը «պատասխանատու » է շնչառական գործարաններուն եւ լեարդին: Բթամատը մարձելով կարել է թեթեւցնել հազի նոպաները:

– Ցուցամատը կապուած է նիւթափոխականութեան համակարգի եւ բերնի խոռոչին հետ: Հետեւաբար, զայն մարձելով կարելի է թեթեւցնել ակռայի ցաւը:

– Արիւնատար համակարգին «պատասխանատու» է միջնամատը, իսկ ջղային համակարգին համար մատնեմատը: Այս մատները մարձելով կարելի է կանխել ջղային խանգարումներն ու ընկճախտը:

–  Ճկոյտը կապուած է սիրտին եւ հաստ աղիքին հետ: Որոշ ուսումնասիրութիւններու հիմամբ` ճկոյթի մարձումը կրնայ օգտակար ըլլալ քրոնիք պնդութեան պարագային:

Ճիշդ Լոգանքը

Լոգանքը մեր ամէնօրեայ կեանքին անբաժանելի մէկ մասն է: Անիկա արագ եւ ազդու միջոց է մաքուր եւ թարմ ըլլալու:

Շատ տաք ջուրը կը թեթեւցնէ լարուածութիւնը, կը թուլցնէ մկանները եւ կը մաքրէ մորթը: Սակայն եթէ յաճախ շատ տաք ջուրով լոգնանք, մեր մկանները կը կորսնցնեն իրենց առաձգականութիւնը եւ կը թուլնան: Շատ տաք լոգանքը 5 վայրկեանը պէտք չէ անցնի, իսկ յետոյ պէտք է շարունակել գաղջ ջուրով:

Իսկ շատ պաղ ջուրը ընդհակառակը` կը պրկէ մորթն ու մկանները եւ կը կազդուրէ: Բայց այս պարագային եւս սառ ջուրով լոգանքը պէտք չէ մէկ վայրկեանէն աւելի տեւէ:

Հերթականութեամբ տաք եւ պաղ լոգանքը կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը եւ լաւ միջոց է սելիւլիթէն ձերբազատելու: Այսպէս, լոգանքը պէտք է սկսիլ տաք ջուրով` աստիճանաբաբար բարձրացնելով ջուրի ջերմաստիճանը. անշուշտ այնքան, որքան կը դիմանաք: Յետոյ մէկ անգամէն պէտք է անջատել տաք ջուրի ծորակը ու բանալ պաղ ջուրի ծորակը եւ այսպէս քանի մը անգամ:

Լոգանքը պէտք է աւարտել պաղ ջուրով:

 

Ձեռային Աշխատանք

Գեղեցիկ Թաղարներ

998897_295375610599456_937100249_n

Փափաքելի է, որ շաբաթավերջի ընտանեկան պտոյտները ունենան դաստիարակիչ բնոյթ եւ ձեր զաւակը, բացի իր այցելած ճաշարանէն եւ կերած կերակուրէն, պտոյտէն վերադարձին պատմելու բան ունենայ այդ օրուան իր փորձառութենէն:

Այդ փորձառութիւնը կրնայ ըլլալ նոր միջատի մը յայտնաբերումը, աշխարհագրութեան դասի մը շօշափելի փաստ մը, գործարանի մը կամ հնութեան մը այցելութիւնը եւ այլ…

Նոյն այդ պտոյտէն երեխան կրնայ իրեն հետ տուն բերել իրեր եւ որպէս յիշատակ` զանոնք Գուրգուրանքով պահել կամ անոնցմվ ձեռային աշխատանք մը պատրաստել:

Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք սովորական ճիւղերով պատրաստուած ձեռային աշխատանք մը: Նոյն աշխատանքը կարելի է պատրաստել, եթէ ձեր զաւակը ծովափէն ոստրէներ հաւաքած ըլլայ:

Ինչպէս նկարը կը հաստատէ, պէտք ունիք տարբեր չափի ճիւղերու, որոնք 2 սմ. հաստութեամբ պէտք է կտրել եւ ապա «կլու կան»-ի միջոցով զանոնք փակցնել թաղարին վրայ` զայն ամբողջութեամբ ծածկելով: Այսպիսով ձեր զաւակը կրկնակի օգտուած կ՛ըլլայ իր պտոյտէն:

 

Խոհագիր

Աւոքատոյի Աղցան` Քարիտէզով

avocado-shrimp-salad_8-20-15|

Բաղադրութիւն

2 աւոքատօ կիսուած եւ լեմոնի հիւթով շփուած
4 քարիտէզ` զարդարանքի
1 գաւաթ միջակ չափի քարիտէզներ` մաքրուած, լուացուած եւ խաշած
4 ապրուրի դգալ մայոնեզ
4 ապուրի դգալ քեչափ
Քանի մը կաթիլ Tabasco Sauce
2-3 կաթիլ Worcestershire sauce
1 ապուրի դգալ թարմ սեր (fresh cream)
1/2 թէյի դգալ մանանեխի խիւս (մութարտ)
1 ա. դգալ լեմոնի հիւթ
1 թէյի դգալ քոնեաք կամ ուիսքի
Ճերմակ փոշի պղպեղ
1 աւոքատօ` կեղւուած եւ խորանարդաձեւ մանրուած

Պատրաստութիւն

Խաշել 4 խոշոր քարիտէզները, մինչեւ որ վարդագոյն դառնան, լուալ եւ առանց կեղուելու մէկդի ձգել:

Աւոքատոները մէջտեղէն կիսել, կորիզը (կուտը) հանել, շփել լեմոնի հիւթով, որպէսզի գոյնը չփոխուի:

Խառնել միասին մայոնեզը, քեչափը, Tabasco Sauce-ը, թարմ սերը, քոնեաքը կամ ուիսքին, մանանեխի խիւսը լեմոնի հիւթը, ճերմակ փոշի պղպեղը,  Worcestershire sauce-ը եւ պատրաստել թացանը:

Խառնել քարիտէզները եւ մանրուած աւոքատոն թացանին մէջ: Լեցնել կիսուած աւոքատոները վերոնշեալ խառնուրդով, զարդարել լման քարիտէզներով եւ հիւրասիրել որպէս համեղ աղցան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայաստանի Աղջիկները

Հուրն են սիրոյ սեւի սիրուն լոյս աղջիկներն Հայաստանի,
Սրտիս վրայ քայլող գարուն` կոյս աղջիկներն Հայաստանի,
Իմ սիրտն ի՜նչ է, ա՛խ, թէ ուզեն` բերդեր կ՛առնեն մի հայեացքով,
Անառիկ բերդ ու սիրոյ սիւն` յոյս աղջիկներն Հայաստանի:
Մէկը մէկից պարզ ու կախարդ, մէկը մէկից խօսքով քաղցր,
Ետ կը բերեն ալեւորին, օձ կը թովեն աչքով քաղցր, –
Մէկը` աստղիկ, մէկը` լուսնեակ, մէկն` արեւի տեսքով քաղցր, –
Իմ Հայաստանն են զարդարում նուրբ աղջիկներն Հայաստանի:
Ու չգիտեմ որի՞ն սիրեմ, որի՞ն թողնեմ անյագ սրտով,
Ամէնքին է սրտիս աչքը արեւի պէս կրակ սրտով,
Երբ հուր ծովի պէս են քաշում` ո՞նց դիմանաս վտակ սրտով, –
Ինձ աստղերից ցած են բերում սուրբ աղջիկներն Հայաստանի:
Իմ Սեւանը ո՞նց ցամաքեց, երբ սեւածով աչքերը կան,
Իրենց նման հարբեցընող գինին քամող ձեռքերը կան,
Վարդ շուրթերին բուրմունքի պէս Կոմիտասի երգերը կան, –
Քարից անգամ լոյս են քամում բիւր աղջիկներն Հայաստանի:
Բայց մի գանգատ ունի կեանքս` այն, որ ինձ մի վարդ չտուին,
Սուրբ եմ Արա Գեղեցիկի պէս` ինձ մի սուրբ Նուարդ չտուին,
Ինձ թողեցին գիրկն ընկածի, դեռ ասում են` դարտ չտուին, –
Գերեզմանս են աչքով փորում զուր` աղջիկներն Հայաստանի:
Առանց նրանց` երգս պաղ էր` արեւ բացին իմ երգի մէջ,
Նրանց սիրոյ ձեռագործն է ծիածանը երկնքի մէջ, –
Բայց քաջ կ՛ասեմ` մէկին սիրես, լաւի՜ն սիրես ու լա՛ւ սիրես
Որ քեզ պաշտեն բոլո՜ր սիրուն, լոյս աղջիկներն Հայաստանի:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

 

 

Կեանքի Հինգ Կարեւոր Կանոններ Քոքօ Շանելէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Coco-3_8-27-15

Առասպելական ձեւագէտին գերող հմայքը միշտ զարմացուցած է շրջապատը:

Քոքօ Շանելը միշտ քալեր է հոսանքին հակառակ. ապրեր ու գործեր է, յաղթահարեր եւ յաջողեր է` կոտրելով բոլոր կարծրատիպերը: «Ըլլալ ուրիշներէն տարբեր` դիւրին է, սակայն ըլլալ իւրայատուկ` բարդ գործ է», ըսած է ան:

Ստորեւ` անկրկնելի ձեւագիտուհիին հինգ կարեւոր կանոնները` ուղղուած բոլոր կիներուն:

Coco-Chanel-4_8-27-15

1.- «Եղի՛ր քու կեանքիդ հերոսուհին»

Շանել նշանաւոր ձեւագէտ դարձաւ ոչ ճակատագրի բերումով, այլ` իր սեփական ջանքերուն շնորհիւ: Ան ծնաւ աղքատ ընտանիքի մէջ, 6 տարեկանին որբացաւ: Ան մինչեւ նպատակին հասնիլը օրուան մէջ աշխատեցաւ որպէս դերձակուհի, իսկ երեկոյեան ելոյթ կ՛ունենար գիշերային զուարճանքի վայրերուն մէջ:

* * *

2.- «Պարզութեան ձգտէ ամէն ինչի մէջ»:

Իր հաւաքածոները յղանալու ժամանակ Շանել միշտ ընտրեց պարզը եւ գործնականը` հեռու մնալով աւելորդաբանութիւններէն:

* * *

3.- «Եղի՛ր իւրայատուկ»:

Կարելի է ուղղակի հիանալ այս կնոջ խիզախութեան վրայ: Ան հպարտօրէն ականջի ետին կը նետէր իր շուրջ հնչող ծաղրանքի խօսքերը, երբ Փարիզի փողոցներուն մէջ կը պտտէր տղամարդու տաբատով: Ան անվարան կ՛ըսէր. «Իմ յաջողութեան գլխաւոր գաղտնիքը այն է, որ ես ոչ ոքի կը նմանիմ»:

* * *

4.- «Ապրէ՛ քու կանոններովդ»:

Այն ժամանակաշրջանին, երբ կիները առանց շքեղ հագուստներու եւ փետուրներով զարդարուած գլխարկներու տունէն դուրս ելլել չէին համարձակեր, Քոքօ Շանել անոնց առաջարկեց տաբատ հագնիլ եւ սեփական կանոնները պարտադրել ուրիշներուն: Անոր խօսքով «Որպէսզի ապրիս սեփական կանոններով, պէտք է հաստատակամ ըլլաս եւ տիրապետես յամառութեան»:

* * *

5.- «Ջանա՛ միշտ հրաշալի տեսք ունենալ»:

Նորաձեւութիւնը կտորի, ձեւի, գոյնի եւ բաղադրիչներու միջոցով ինքնարտայայտման միջոց է: Շանել կը քննադատէր այն կիները, որոնք տունէն դուրս կ՛ելլէին չխնամուած, թափթփած տեսքով: Ան ամէն օր կարի արտադրամաս կու գար վայելուչ թայէօրով եւ համապատասխան աքսեսուարներով:

 

 Փորձ-Հարցարան

Ընկերուհիի Կարիք Կը Զգա՞ք

Fotolia_42686298_XS-300x290

Շատեր սրտակից ընկերուհիի մը կարիքը կը զգան, ուրիշներ` ոչ. դուք ո՞ր խումբին կը պատկանիք: Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէք պատասխանը:

1

Ամէնէն առաջ որո՞ւ կը պատմէք ձեր ամուսինին հետ վէճի մասին:

ա.- Ընկերուհիիս (2)
բ.- Մօրս (1)
գ.- ոչ ոքի (0)

2

Որո՞ւ հետ կը քննարկէք վերջերս կարդացած հետաքրքրական գիրքի մը մասին:

ա.- ամուսինիս (1)
բ.- ընկերուհիիս (2)
գ.- Ոչ ոքի (0)

3

Ինչի՞ մասին հեռաձայնով կը խօսիք ձեր ընկերուհիին հետ:

ա.- Ամէն ինչի մասին (2)
բ.- կարեւոր հարցերու մասին (1)
գ.- ընդհանրապէս հեռաձայնով խօսիլ չեմ սիրեր: (0)

4

Ամէնէն առաջ որմէ՞ դրամական օգնութիւն կը խնդրէք:

ա.- Ազգականներէս (1)
բ.- դրամատունէն (0)
գ.- ընկերուհիէս (2)

5

Ձեր տարեդարձը նշելու լաւագոյն տարբերակն է`

ա.- ընկերուհիներուս հետ հաւաքոյթը (2)
բ.- ամուսինիս հետ ռոմանթիք ընթրիք մը (1)
գ.- ընտանիքիս անդամներուն հետ փոքրիկ խրախճանք մը (0)

6

Որո՞ւ հետ շուկայ կ՛երթաք անձնական գնումներ ընելու համար:

ա.- Առանձին (0)
բ.- ընկերուհիիս (2)
գ.- ամուսինիս (1)

7

Ձեր զաւկին համար դպրոց պիտի ընտրէք, կը դիմէք`

ա.- համացանցի տեղեկութիւններուն (0)
բ.- ամուսինիս հետ կը խորհրդակցիմ (1)
գ.- ընկերուհիներուս փորձառութեան (2)

8

Ձեր մէկ կարեւոր յաջողութեան մասին պատմելու համար առաջին հերթին կը հեռաձայնէք`

ա.- մօրս (1)
բ.- ընկերուհիիս (2)
գ.- ոչ ոքի, երբ առիթը ներկայանայ, կ՛իմանան (0)

9

Եթէ շաբաթ մը կղզիի մը վրայ առանձնանալու հնարաւորութիւնը ունենաք, ձեզի հետ կը տանիք`

ա.- շատ սիրելի շնիկս (0)
բ.- մտերիմ ընկերուհիս (2)
գ.- ամուսինիս (1)

10

Ձեր կեանքը անիմաստ կը համարէք առանց`

ա.- անկեղծ ընկերուհիի մը (2)
բ.- մօր (1)
գ.- սմարթֆոնի (0)

Պատասխան

Եթէ դուք 1-6 միաւոր հաւաքեցիք, բնոյթով միայնակ անձ էք: Ընկերուհիներու հետ «պարապ» խօսակցութիւնները ժամանակի կորուստ կը համարէք: Համոզուած էք, որ բարձր արդիւնքներու կը հասնիք առանձին, քան` ուրիշներու օգնութեամբ: Սակայն գաղտնիք չէ, որ դուք ձեզ յաճախ առանձին կը զգաք, հետեւաբար կ՛արժէ, որ ձեր գինիին քիչ մը ջուր խառնէք:

* * *

Եթէ դուք 7-14 միաւոր հաւաքեցիք, ընկերուհիներ ունիք, սակայն առաջնահերթութիւնը կու տաք ընտանիքին եւ ամուսինին: Գործէն տուն վերադարձած ձեր ամուսինը չէք անտեսեր հեռաձայնով ընկերուհիին հետ քանի մը բառ աւելի խօսելու համար: Ձեր կեանքին մէջ մտերիմներէն իւրաքանչիւրը իր տեղը ունի:

* * *

Եթէ 15-20 միաւոր հաւաքեցիք, դուք ընկերուհիի պակաս չունիք: Անոնք ձեզի թէ՛ խորհուրդ կու տան, թէ՛ կը սփոփեն եւ ի հարկին կը զուարճացնեն: Բայց երբեմն կը զգաք, որ ձեր ընկերուհիները կը սահմանափակեն ձեր ազատութիւնը եւ կ՛արգիլեն, որ դուք ինքնուրոյն որոշումներ տաք: Միւս կողմէ` ընտանիքի պարագաներն ալ իրենց կարգին կը նեղանան, որ օտար անձեր քաջածանօթ են ձեր ընտանիքի բոլոր անցուդարձերուն:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
4 Հնարքներ

hammer_8-27-15

Մուրճով աշխատանքը յաճախ գամ կը պահանջէ, որպէսզի աշխատանքը դիւրին ընթանայ, գամերը ձեր ձեռքէն կամ բերնէն չիյնան ու չկորսուին, ձեր մուրճին կոթին ծայրը կտոր մը մագնիս հաստատեցէք եւ գամերը հաստատեցէք վրան:

***

lego_8-27-15

Ձեր երեխային «լեկօ» մանր կտորներէ բաղկացած խաղալիքը ժամանակի ընթացքին կ՛աղտոտի. զանոնք լուալու համար լեցուցէք ցանց-տոպրակի մը մէջ, բերանը ամուր կապեցէք եւ այլ լաթերու հետ լուացքի մեքենային մէջ լուացէք:

***

tissues_8-27-15

Խոհանոցի պահարանին փեղկի ներսի կողմէն թուղթէ թաշկինակի խաւաքարտէ տուփ մը հաստատեցէք, որպէսզի կարենաք հոն ամփոփել շուկայի կերպընկալ տոպրակները:

***

colifichet_8-27-15

Հին կահոյքէ մը ձերբազատելէն առաջ մտածեցէք օգտագործել անոր գզրոցները: Պատին վրայ հաստատելով եւ գեղեցիկ բռնակներով օժտելով, կրնաք զանոնք օգտագործել զարդեղէնները դասաւորելու, գեղօրները ցուցադրելու կամ խոհանոցային իրեր ու անձեռոցիկներ տեղաւորելու համար:

 

Խոհագիր

Կասիայով Գլաններ

Cinnamon Rolls_8-27-15

Բաղադրութիւն

Խմորը

Մէկ եւ քառորդ գաւաթ տաք ջուր
Մէկ ապուրի դգալ թթխմոր
Կէս գաւաթ տաք կաթ
Երկու ապուրի դգալ շաքար
Կէս թէյի դգալ աղ
Երկու ապուրի դգալ կարագ` կակուղցած
Երկուքուկէսէն երեք գաւաթ ալիւր կամ աւելի` ըստ պահանջի
Մէկ հաւկիթ

Միջուկը

Երեք ապուրի դգալ կակուղ կարագ
Մէկ գաւաթ սրճագոյն շաքար
Մէկ թէյի դգալ կասիա (տարչին) կամ աւելի` ըստ ցանկութեան
Մէկ գաւաթ չամիչ
Ծիրանի անուշ` երեսը քսելու

Պատրաստութիւն

Դնել երկուքուկէս գաւաթ ալիւրը, տաք ջուրը, թթխմորը, կաթը, աղը, շաքարը եւ հաւկիթը ելեկտրամեքենային մէջ եւ զարնել, մինչեւ որ բոլոր բաղադրութիւնները խառնուին իրարու հետ, եւ խմորը փափուկ ու սահուն դառնայ:

Աւելցնել կակուղ կարագը եւ կրկին զարնել: Առաւել եւս ալիւր աւելցնել խմորին, մինչեւ որ փափուկ դառնայ եւ ինքզինք հաւաքէ մեքենային մէկ անկիւնը ու գունդի վերածուի:

Հանել խմորը մեքենայէն, ծածկել խոհանոցի անձեռոցով եւ տաք տեղ մը պահել, մինչեւ որ թթուի ու կրկնապատկուի:

Խմորը փոխադրել ալիւրոտած սեղանի մը վրայ, գրտնակով բանալ եւ պատրաստել խոշոր կլորաձեւ կտոր մը:

Ծեփել վրան 3-4 ապուրի դգալ կարագը, ապա ցանել կասիան, սրճագոյն շաքարն ու չամիչը եւ փաթթել:

Կտրել գլանը եւ երկուքուկէսէն երեք սմ հաստութեամբ շերտերու վերածել: Զետեղել զանոնք ոչ կպչուն ափսէի մը մէջ եւ եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 375 0F/1800C = թիւ 4 ջերմութեամբ, մինչեւ որ ուռի եւ ծայրերը վարդագոյն դառնան:

Հանել փուռէն, վրձինով ծիրանի անուշ քսել վրան եւ հիւրասիրել տաք վիճակի մէջ` թէյի, սուրճի կամ օշարակի կողքին:

ԾԱՆՕԹ.- Յանձնարարելի է ուտել առտուան սուրճին հետ կամ նախաճաշին: Կը ստացուի 12 ռոլ:

Ոչ կպչուն ափսէ չունենալու պարագային թեթեւօրէն իւղոտել որեւէ ափսէ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Անձրեւի Կաթիլ

Կաթիլ մըն եմ անձրեւի
որ կ՛իյնայ մեկուսի,
կաթիլ մըն եմ անձրեւի
որ անուն չունի:

Կաթիլ մըն եմ անձրեւի
գիշերը սահող,
կաթիլ մըն եմ անձրեւի
ցերեկը բեկուող:

Կաթիլ մըն եմ` երկինքի
ուլունքի նման,
կան լայն թեւեր թռիչքի
բայց ալ ոյժ չկայ:

Կաթիլ մըն եմ անձրեւի
առանձին կ՛ապրի,
անձրեւի այն շիթն եմ որ
իր տունը չունի:

ԱՐԻՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
(1978-1993)

 

 


Հոգեբաններու Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պայքարիլ Արձակուրդներուն Յաջորդող Ընկճախտին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

5920_9-03-15

Աշնանամուտին, արձակուրդներէն ետք շատերու տրամադրութիւնը կ՛իյնայ. անոնք ճնշուածութիւն, թախիծ եւ ընկճուածութիւն կը զգան:

Այս վիճակէն աստիճանաբար դուրս գալու համար կ՛օգնեն` մարզանքը, շոփինկը (գնումի երթալը), թանգարաններ եւ ցուցասրահներ այցելելը եւ այլն…

Հոգեբաններու կարծիքով, սխալ է արձակուրդէն վերադարձի յաջորդ օրն իսկ գործի մեկնիլը: Պէտք է ինքզինքին քանի մը օր ժամանակ տալ` յարմարելու:

Միւս կողմէ, շատ ընդհանրացած է նաեւ աշնանային ընկճախտ կոչուածը: Մութ ամպեր, անձրեւ, գորշ ու մռայլ գոյներ… այս բոլորը կ՛ազդեն շատերու տրամադրութեան վրայ, անոնց մօտ կը նուազին լաւատեսութիւնը, կենսուրախութիւնը, առօրեան կը թուի տաղտկալի, տհաճ…

Հոգեբաններու կարծիքով, աշնանային ընկճախտին պատճառը լուսնային օրուան կարճանալն է, բայց նաեւ` ամպամած եղանակը եւ գորշ գոյները:

Աշնանային ընկճախտը ունի նաեւ գիտական բացատրութիւն: Արեւին շնորհած լոյսի եւ ջերմութեան զգալի նուազումը մարմնին մէջ կը նպաստէ մելանին կոչուած հորմոնի յառաջացման, ինչ որ կը նպաստէ ընկճախտի յայտնութեան:

Աշնանային ընկճախտին դէմ պայքարելու համար`

ա. կերէ՛ք կենսանիւթերով հարուստ թարմ բանջարեղէններ եւ պտուղներ: Նաեւ տուրմ կ՛երէք, բայց չչափազանցէ՛ք:
բ.- Հրաժարեցէ՛ք սուրճէն եւ նախապատուութիւնը տուէք խոտաբուսային տաք խմիչքներուն:
գ.- Քնացէ՛ք. քունը լաւագոյն դեղամիջոցն է ընկճախտի դէմ:
դ.- Յաճախ օդափոխեցէ՛ք ձեր ննջասենեակը, որպէսզի մաքուր թթուածինով ողողէք զայն:
ե.- Քալեցէ՛ք, պտտեցէք, հեծանիւ քշեցէք, բարեկամներու այցելեցէք, գի՛րք կարդացէք… այլ խօսքով` հետաքրքրական զբաղում մը գտէք դուք ձեզի համար:
զ.- Ընկճախտի յաղթահարման շատ լաւ միջոց է նաեւ երաժշտութեան ունկնդրութիւնը: Առիթը ստեղծեցէք յաճախ որակաւոր երաժշտութիւն լսելու:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Ի՞նչ Կարելի Չէ Արգիլել Երեխային

parents_9-03-15

Եթէ ձեր փափաքն է խելացի, երջանիկ, ինքնավստահ եւ նախաձեռնող երեխայ դաստիարակել, յատուկ ուշադրութիւն դարձուցէք, թէ ի՛նչ բաներ կ՛արտօնէք եւ ինչեր կ՛արգիլէք անոր:

Հոգեբաններու եւ մանկավարժներու կարծիքով, կան հինգ բաներ, որոնք պէտք չէ արգիլել երեխային:

1

Սեփական կարծիքը արտայայտելը

Հոգեբաններու կարծիքով, երեխային հետ պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել եւ առիթ տալ անոր, որպէսզի այս կամ այն հարցին մասին իր կարծիքը արտայայտէ: Երբեք ձեր երեխային չ՛ըսէք` «Լռէ՛, ես քեզմէ մեծ եմ եւ աւելի փորձառու», կամ` «մեծերու ներկայութեան դուն կը լռես» եւ նման անմիտ խօսքեր: Երեխային հետ խորհրդակցելով եւ զինք լսելով` ըստ այնմ կը հիմնաւորէք ձեր խօսքերն ու արարքները եւ աւելի դիւրին կը հասնիք ձեր նպատակին:

2

Նախաձեռնելը

Պէտք չէ երեխային արգիլել առանձին ուտել, նոյնիսկ եթէ չորս կողմը պիտի աղտոտէ, նոյնպէս առանձին հագուիլ կամ լուացուիլ, նոյնիսկ եթէ սխալ ձեւով կը կատարէ զանոնք: Որպէս ծնողք` ձեր պարտականութիւնն է ուղղել զայն, պէտք եղած ցուցմունքները կատարել, որպէսզի ժամանակի ընթացքին ան հասնի կատարեալին: Նոյնպէս ալ կարելի չէ անոր արգիլել գծելը` սեղանն ու ձեռքերը աղտոտելու մտավախութեամբ կամ նուագելը` աղմկելու եւ խանգարելու վախով:

Յիշեցէ՛ք, որ ստեղծագործելը կը զարգացնէ երեխային երեւակայութիւնն ու մտային ունակութիւնները:

3

Օգնել

agenda-d41_9-03-15

Եթէ ձեր երեխան կ՛ուզէ օգնել ձեզի, մի՛ արգիլէք, նոյնիսկ եթէ օգուտէ աւելի վնաս պիտի քաղէք… լաւ կ՛ընէք, որ անոր ցոյց տաք, թէ ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պէտք է ընէ: Քաջալերեցէ՛ք, շնորհակալութիւն յայտնեցէք իր ջանքերուն համար: Եթէ մանկութեան տարիներուն անոր արգիլէք միջամտել ձեր գործերուն, ապա երբ մեծնայ մի՛ սպասէք, որ ան ձեզի օգնէ:

4

Զգացումները արտայայտելը

Երեխան տարբեր ձեւերով կրնայ արտայայտել իր զգացումները, օրինակ` տան մէջ ասդին-անդին վազվզել, ճչալ եւ այլն… Ասոնք կ՛օգնեն, որ ան թուլնայ, լիցքաթափուի, խաղաղի: Անշուշտ պէտք է ձեր երեխային բացատրէք, թէ ան ինչպէս պէտք է ինքզինք դրսեւորէ տունէն դուրս, հասարակութեան մէջ, մանկապարտէզը, փողոցը կամ հանրախանութը:

5

Բակ իջնել եւ խաղալը

Պէտք չէ երեխային արգիլել, որ բակ իջնէ ու գնդակ խաղայ, հեծանիւ քշէ, շէնքի ընկերներուն խաղերուն մասնակցի: Թէեւ այս բոլորը կրնան վտանգաւոր թուիլ ձեզի, բայց եթէ արգիլէք, ան կը մեծնայ վախկոտ, ինքնամփոփ եւ չնախաձեռնող: Աւելի լաւ է, որ անոր որոշ զգուշացումներ կատարէք, ուղղութիւն տաք, ի հարկին հետը մնաք, քան այդ հաճոյքէն զրկէք զինք:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

1

Dustpan-Fill-Container-Water_9-03-15

Լուացարանէն թոյլին մէջ ջուր լեցնելու համար կարելի է օգտագործել սովորական ակիշը: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ ակիշը տեղաւորեցէք բաց ծորակին տակ, կոթը դէպի դուրս եւ հարցը լուծուած է:

2

3-perfectslice_9-03-15

Որպէսզի սերով կարկանդակը դիւրին կտրէք եւ ձեւաւոր շերտեր ստանաք, դանակը քանի մը վայրկեան բռնեցէք տաք ջուրի տակ:

3

fish_9-03-15

Ձուկը խորովելու ժամանակ շերտերը զետեղեցէք կիտրոնի շերտերու վրայ, որպէսզի անոնք մետաղեայ տաք թելերուն չփակչին եւ չայրին:

4

8-marsh_9-03-15

Որպէսզի շէկ շաքարը չքարանայ կամ փոքր գունդերու չվերածուի, տոպրակին մէջ մէկ-երկու մարշ մելօ զետեղեցէք եւ ապահով փակեցէք:

5

131-_9-03-15

Ձեր զաւակներուն գունաւոր ներկերը, գրիչներն ու վրձինները ամփոփելու եւ դասաւորելու համար դիմեցէք հետեւեալ հնարքին: Առէք խաւաքարտէ տոկուն որեւէ տուփ, զայն ծածկեցէք գեղեցիկ թուղթով մը, մէջը քով-քովի  զետեղեցէք բաղնիքի թուղթի խաւաքարտէ խողովակները, ապա գրենական պիտոյքները տեղաւորեցէք անոնց մէջ:

6

1416_9-03-15

Դարձեալ երեխաներուն գրենական պիտոյքները դասաւորելու նպատակով առէք քափ քէյքի պզտիկ կաղապար մը, մէջը զետեղեցէք կերպընկալէ, թափանցիկ գաւաթներ եւ վեց տարբեր բաժանումներուն մէջ դասաւորեցէք գրիչները, ներկերը, եւ այլն:

 

Առողջապահական – Խոհագիր

Եթէ Օրական 5 Սալոր Ուտէք

Սննդագէտներու կարծիքով, եթէ դուք օրական 5 սալոր ուտէք.

ա.- Կը նուազեցնէք արեան մէջ շաքարի տոկոսը:
բ.- Կը լաւացնէք ձեր յիշողութիւնը:
գ.- Կը պաշտպանուիք սրտանօթային հիւանդութիւններէ:
դ.- Կը կանոնաւորէք մարսողական համակարգը:
ե.- Կը զօրացնէք ձեր ոսկորները:
զ.- Կը լաւացնէք ձեր տեսողութիւնը եւ ձեր աչքերը կը պաշտպանէք յառաջացած տարիքի պատճառով յայտնուող աչքի հիւանդութիւններէն:

Եւ այս բոլորը, քանի որ սալորը բնական միւլթիվիթամին մըն է` հարուստ կենսանիւթերով, բայց նաեւ` հանքայիններով: Դժբախտաբար քիչեր կը գնահատեն զայն եւ կ՛օգտուին անոր բարիքներէն:

brochettes-trois-prunes_9-03-15

Ստորեւ կը ներկայացնենք սալոր ուտելու նոր տարբերակ մը` սալորի խորովածը:

4 անձի համար անհրաժեշտ են.

– 24 հատ տարբեր գոյնի (սեւ, կարմիր, կանաչ) սալորներ,
– 100 կրամ փոշի շաքար
– 5 սանթիլիթր ռոմ, ուիսքի կամ քոնեաք,
– Վանիլլայով պաղպաղակ:

Պատրաստութիւն.

Սալորները լուալ, երկուքի բաժնել եւ կորիզները հանել:

Խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել սալորները, աւելցնել փոշի շաքարին կէսը եւ խմիչքը, ձգել քառորդ ժամ` մերթընդմերթ խառնելով:

Սալորները քամոցի մէջ փոխադրել, որպէսզի ջուրը սուզուի: Աւելցնել միացեալ փոշի շաքարը, խառնել եւ շամփուրի անցընել գունաւոր սալորները, կրակի վրայ շուրջ 10 վայրկեան խորովել:

Ներկայանալի, բաց ամանի մէջ տեղաւորել խորովածի շամփուրները եւ հրամցնել երկու գունդ վանիլլայով պաղպաղակի կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

«Ուշ Աշնան Երգը»

Չուող թռչուններն անցան գնացին
Պարան առ պարան,
Շարան առ շարան անցան գնացին:
ականջների մէջ
Վերջին որոտի կանչերը տարան
Ու վերջին կանաչ-կարմիրը տարան
Իրենց թեւերին:
Աչքերում իրենց թափուր մնացած
Բոյն-օջախների պատկերը տխուր
Եւ կտուցներին` իրենց թափառիկ,
Անգուշակելի ծիւ-ծիւը տարան:
Չուող թոչուններն անցան գնացին
Շարան առ շարան…
Մնացողները կծիկ են դառնում
Թրջուելու վախից
Եւ կամաց-կամաց բներն են քաշւում:
Ծառերը մրսած մատների վրայ
Իրենց քրքրուած ստուեր-կմախքի
Կողերն են հաշւում:
Մի ուշքը շաղուած շնչահատ քամի,
Շուրթերի վրայ
Խոնաւ շրշիւնը խազալ-խաշամի,
Սատանան գիտի թէ ու՞ր է տանում:
Ցուրտ է, կը մեռնի մամուռն անտառում:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

Փորձ-Հարցարան. Ո՞վ Էք Դուք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1407840426_gdqmxbnli9u

Ուշադիր նայեցէք նկարին վրայ պատկերուած 9 հետաքրքրական աչքերուն, ապա ընտրեցէք այն, որ ամէնէն հոգեհարազատն է ձեզի: Գտէք համապատասխան թիւը, կարդացէք բացատրութիւնը եւ իմացէք, թէ ո՛վ էք դուք:

– 1 –

Ձեզ շրջապատող անձերուն կը վստահիք եւ անոնց կ՛արտօնէք, որ ազատ մուտք գործեն ձեր կեանքէն ներս:

Դուք երբեք ցոյց չէք տար ձեր վախերն ու մտահոգութիւնները եւ համոզուած էք, որ առանձին պէտք է լուծէք ձեր դժուարութիւնները: Դուք յաճախ ամբողջ էութեամբ կը նուիրուիք ուրիշներուն, այն պահուն երբ դուք կարիք ունիք ուրիշներու աջակցութեան: Օգնելով ուրիշներուն` դուք ձեր վէրքերն է, որ կը բուժէք:

– 2 –

Դուք մեծ ճիգ կը թափէք լաւ գործելու, չսխալելու եւ շրջապատին վրայ դրական տպաւորութիւն ձգելու համար:

Խառնուածքով բծախնդիր եւ կատարելապաշտ` մեծ կարեւորութիւն կու տաք ուրիշներու հետ ձեր յարաբերութիւններու որակին:

Դուք երբեք չէք դրսեւորեր ձեր վիշտերն ու անհանգստութիւնները, փակ եւ ինքնամփոփ անձ էք:

– 3 –

Ունեցած էք դժուար եւ մութ անցեալ. շատ նեղութիւններէ անցած էք, բայց ի վերջոյ յաջողած էք ոտքի կանգնիլ: Նոր օրերու բարեկամները դժուար թէ գուշակեն ձեր ցաւոտ անցեալը: Տոկուն եւ խառնուածքով պայքարող անձ էք, բայց միեւնոյն ատեն մութ եւ աննախատեսելի էք:

– 4 –

Հարցերուն խորը թափանցող անձ էք: Դիւրին գործ չէ ձեզ համոզելը կամ ձեր հարցումներուն գոհացում տալը: Պրպտող միտք էք, հարցասէր եւ ընթերցասէր:

Կեանքը ձեզի համար գլուխկոտրուկ է. չէք հանդարտիր, մինչեւ չհաւաքէք անոր բոլոր մասնիկները:

– 5 –

Խորհրդաւոր անձ էք: Դուք նոյնիսկ ձեզի նկատմամբ տեսակ մը գաղտնիք էք: Կարելի է ձեզ համարել հակասութիւններու սարդոստայն մը…

Դուք առհասարակ սակաւախօս մարդ էք, կը նախընտրէք նախ լաւ զննել ձեր խօսակիցը եւ յետոյ միայն զրուցել անոր հետ:

– 6 –

Դուք զգացական անձ էք: Շատ դիւրին կրնաք լալ եւ նոյն հեշտութեամբ` խնդալ:

Դուք յետին մանրամասնութիւնները տեսնող եւ հետագային զանոնք վերյիշող մարդ էք: Կեանքի մէջ նոյնիսկ ամէնէն աննշան իրադարձութիւնները կ՛ազդեն ձեր վրայ:

– 7 –

Դուք աշխուժ անձ էք եւ շատ յաճախ` սիրահարուած: Նաեւ շատ խորաթափանց էք եւ արագ որոշում կայացնող:

Անսպառ ուժանիւթով օժտուած, բայց երբեմն դիւրագրգիռ էք եւ անհամբեր: Չէք հանդուրժեր թոյլ եւ երկմտող անձերը:

– 8 –

Իւրօրինակ հետաքրքրութիւններ եւ համոզումներ ունեցող անձ էք: Օրէնք ըսուածը չէք սիրեր: Ձեզ չեն հետաքրքրեր ուրիշներուն կարծիքները, քմահաճ էք եւ ըմբոստ. այս պատճառով ալ կեանքի մէջ յաճախ բախումներ կ՛ունենաք ձեր շրջապատին հետ:

Դուք չէք սիրեր նմանիլ ուրիշներուն եւ դառնալ անդէմ ամբոխի ներկայացուցիչ…

– 9 –

Ձեր կեանքը կը վարէք բնազդով: Դուք ձեր խօսակիցները կը դատէք անոնց դէմքի զանազան արտայայտութիւններէն, ինչպէս նաեւ` ձայնէն: Կը զգաք, երբ անոնք անկեղծ են եւ երբ կը խաբեն… բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ձեր բնազդը հարիւր տոկոսով ճիշդ կը գործէ, կրնաք նաեւ սխալ դատողութիւններ ընել այս կամ այն անձին մասին:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

– 1 –

Use-Clothes-to-Pack-337x450

Եթէ ճամբորդութեան ընթացքին խմիչքի շիշեր կամ դիւրաբեկ իրեր պիտի փոխադրէք, մտածեցէք զանոնք տեղաւորել բրդեայ գուլպաներու մէջ: Ձեր զաւակներուն մարզական գուլպաներն ալ կրնան նոյն դերը կատարել:

– 2 –

Floor-Protector_9-10-15

Ձեր աթոռին սրածայր ոտքերը կրնան վնասել յատակը կամ գորգը, նաեւ կրնան անախորժ ձայներ պատճառել` յատակին քսուելով: Այդ անախորժութիւններուն առաջքը առնելու համար կարելի է ժամանակաւորապէս գուլպաներ անցընել ոտքերուն…

– 3 –

fccd9c5a-0fbd-4578-97ce-b67f198dd767

Պատկերասփիւռին հեռավարը (ռիմոթ քոնթրոլ), օրաթերթը կամ խմիչքին շիշը տեղաւորելու եւ նստասենեակը կոկիկ պահելու համար ընտրեցէք ձեր ճաշակին, տղամարդու մեծ չափի մուճակներ, զանոնք հաստատեցէք քառանկիւն, տոկուն լաթի մը վրայ, իսկ վերջինս` բազկաթոռին թեւէն: Արդի՞ւնքը… շատ գործնական եւ ճաշակաւոր:

 

Սոխին 6 Բարիքները

Onions_9-10-15

Սոխը բնութեան մէկ հրաշքն է` օժտուած բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններով. ստորեւ կը ներկայացնենք 6 կարեւորագոյնները:

– 1 –

«Ճըռնըլ աֆ քլինիքըլ ինվեսթիկէյշըն»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, սոխը կ՛արգիլէ արեան մէջ caillot-ներու գոյացումը եւ երակներու խցանուիլը: Արդարեւ սոխին պարունակած ռիւթին կոչուած նիւթը, որ առկայ է նաեւ խնձորին մէջ ունի սրտանօթային հիւանդութիւններէ պաշտպանելու յատկութիւն:

– 2 –

Սոխը կ՛օգնէ պայքարելու քաղցկեղին դէմ` արգիլելով ախտահարուած բջիջներու բազմացումը. կը հաստատեն «Քոռնել եունիվըրսիթի»-ի հետազօտողները:

– 3 –

Սոխը կը պարունակէ քերսեթին կոչուած նիւթը, որ կը նուազեցնէ արեան գերճնշումը: Նոյն այս նիւթը կը պաշտպանէ նաեւ արիւնատար երակներուն ներքին պատերը եւ բնականաբար կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէ:

– 4 –

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ այն կիները, որոնք յաճախ սոխ կ՛ուտեն, դաշտանին նախորդող օրերուն նուազ ենթակայ են փորի ցաւերու եւ տրամադրութեան ելեւէջներու:

– 5 –

Սոխը կը զօրացնէ ոսկորները: Հարաւային Քարոլայնայի Բժշկական համալսարանի մէկ ուսումնասիրութիւնը հաստատած է, որ օրական առնուազն մէկ անգամ սոխ ուտող կիներուն ոսկորները 5 առ հարիւրով աւելի զօրաւոր են, քան` հազուադէպօրէն ուտողներունը:

– 6 –

Սոխը կ՛աւելցնէ ֆոլիք թթուի, կամ Պէ 9 կենսանիւթի քանակը` մարմնին մէջ, ինչ որ կը նպաստէ ուղեղին լաւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` մեր մտային ու յուզական համակարգի առողջութեան:

 

Քաղցկեղի Յառաջացումը
Արգիլող Բնական Հիւթ

red-cabbage-and-oranges_9-10-15

Գաղտնիք չէ, որ ճիշդ եւ առողջ սննդակարգը եւ կարգ մը ուտելիքներու կանոնաւոր օգտագործումը կրնան կանխել կարգ մը հիւանդութիւններ, որոնց կարգին նաեւ` քաղցկեղը:

«Հելթի Ֆուտ Սթար» կը գրէ, որ քաղցկեղէ պաշտպանուելու եւ քաղցկեղային բջիջներուն աճը կանխելու համար կայ բնական միջոց մը. զայն պատրաստելու համար անհրաժեշտ է երկու հիմնական բաղադրիչ` նարինջ եւ կարմիր կաղամբ:

Պատրաստելու համար պէտք է քամել 6 նարինջ, մանր կտրատել կարմիր կաղամբի մէկ չորրորդը, աւելցնել 2 բաժակ ջուր եւ հարիչէ անցընել: Ստացուած հիւթը պէտք է խմել պարապ ստամոքսով, օրական մէկ բաժակ:

Ըստ «Հելթի Ֆուտ Սթար»-ի գաղտնիքը նարինջի եւ կարմիր կաղամբի համադրութեան մէջ է: Անոնք մեծ քանակութեամբ անթիօքսիտաններ կը պարունակեն, իսկ վերջիններուն պակասը կրնայ քաղցկեղ յառաջացնել:

 

Առողջապահական

5 Փոփոխութիւն,
Եթէ Շաքարէն Հրաժարիք…

manger-moins-sucre_9-10-15

Բժիշկներու եւ սննդագէտներու կարծիքով, շաքարէն հրաժարելու պարագային`

ա.- Դուք աւելի եռանդուն կը դառնաք:
բ.- Ձեր ծանրութիւնը կը կանոնաւորուի:
գ.- Ձեր աղիքները աւելի լաւ կը գործեն:
դ.- Քիչ-քիչ կը հրաժարիք քաղցրեղէնէն:
ե.- Ձեր մորթը աւելի երիտասարդ տեսք կ՛ունենայ:

Նոյն մասնագէտներուն կարծիքով, պէտք է զանազանել արագ շաքարը դանդաղ շաքարէն: Առաջինն է, որ վնասակար է մեր առողջութեան, ահաւասիկ խօսուն պատկեր մը` կարգ մը խմիչքներու եւ պտուղներու շաքարի պարունակութեան մասին:

 

Առողջ Եղունգներու Գաղտնիքը

Argan-oil-for-nails_9-10-15

Գիտենք, որ ձէթը հրաշքներ կը գործէ գեղեցկագիտութեան աշխարհէն ներս: Իր օգտակար յատկութիւններուն շնորհիւ` անիկա լաւագոյն ընկերն է բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին իրենց գեղեցկութեան եւ գրաւչութեան համար: Իսկ այլ բաղադրիչներու հետ ձէթը բառացիօրէն հրաշքներ կը գործէ… Ահաւասիկ` դիւրին բաղադրատոմս մը, որ կ՛ապահովէ ձեր եղունգներուն ոչ միայն գեղեցկութիւնը, այլ նաեւ առողջութիւնը:

Բաղադրութիւն`

– Սուրճի գաւաթ մը ձէթ
– 2 նարինջի հիւթ
– 1 սխտոր

Ինչպէ՞ս օգտագործել`

ա.- Ճզմեցէք սխտորը եւ աւելցուցէք նարինջի հիւթին:
բ.- Եղունգները 5 վայրկեան մխրճեցէք վերոյիշեալ հիւթին մէջ:
գ.- Անմիջապէս ետք, եղունգները դարձեալ 5 վայրկեան մխրճեցէք ձէթի մէջ:

Այս միջոցին դիմեցէք սկիզբը շաբաթը 2 անգամ, յետոյ մէկ անգամը բաւարար է:

Երկար չէք սպասեր հաստատելու, որ ձեր եղունգները զօրացած են, չեն շերտաւորուիր եւ գեղեցիկ տեսք ունին:

 

Խոհագիր

Կարմիր Կաղամբով Աղցան

salade_9-10-15

4 անձի համար անհրաժեշտ են.-

– Քառորդ կարմիր կաղամբ
– Երկու նարինջ
– Քառասուն կրամ խոշոր դդումի սերմ
– Երկու սուրճի դգալ ձէթ
– Մէկ սուրճի դգալ խնձորի քացախ
– Աղ

Պատրաստութիւն.-

Կարմիր կաղամբը լուացէք, ցամքեցուցէք եւ անոր մէկ չորրորդ մասը շատ բարակ շերտեցէք:

Նարինջները նոյնպէս կեղուել, նոյնիսկ մաքրել շերտերուն վրայի բարակ մաշկը եւ իւրաքանչիւր շերտ 2 կամ 3 մասի բաժնել:

Խոշոր դդումի սերմերը տապակի մէջ, առանց իւղի խարկել:

Խորունկ ամանի մը յատակին լեցնել քացախը, ձէթը, աղը եւ խառնել: Աւելցնել մանրուած կաղամբը եւ կրկին խառնել: Հրամցնելու ատեն աղցանը զարդարել նարինջի կտորներով եւ խարկուած սերմերով:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

Պիտի մրսես, որ տաքանաս ու լաւ զգաս:
Պիտի ցաւի, յետոյ անցնի, որ հասկանաս` ինչքան լաւ է առանց ցաւի:
Մի օր լացի՛ր ու կ՛իմանաս` Ուրախն ինչ է:
Ընկի՛ր մի օր ու կ՛իմանաս` ինչ լաւ բան է բարձրանալը:
Պիտի լինի դատարկութիւն, որ լցուելուց չդատարկուես:
Պիտի մթնես, որ ճանաչես` ով է Լոյսը:
Սիրի՛ր մի օր, կը հասկանաս, որ չես ապրել մինչեւ այսօր…

Պ. ՍԵՒԱԿ       

 

 

 

 

 

Հետաքրքրական. Հանրայայտ Բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Francis-Kurkdjian_9-17-15

Ֆրանսիս Քիւրքճեան արդէն 13 տարեկանին սկսած էր հետաքրքրուիլ օծանելիքի պատրաստութեամբ եւ 1985-ին որոշեց բուրագործ (parfumeur) դառնալ: Անոր առաջին գլուխ-գործոցը, որ իրեն մեծ յաջողութիւն ապահովեց, Ժան Փոլ Կոթիէի «Լը Մալ» օծանելիքն է:

2001-ին Քիւրքճեան արժանացաւ Ֆրանսուա Քոթի մրցանակին իր ձեռքբերումներուն համար, իսկ 2008-ին ճանչցուեցաւ տարուան լաւագոյն բուրագործ:

Անոր ստեղծագործութիւններէն են` Էլի Սաապի «Լը Փարֆէօն»-ը, Նինա Ռիչչիի «Լ՛էքսթազ»-ը, Ճիորճիօ Արմանիի «Մանիա»-ն, Իվ Սեն Լորանի «Քուրոս»-ը, Լանվենի «Ռիւմէօր»-ը, Կերլենի «Ռոզ պարպար»-ը եւ շատ ուրիշներ:

2009-ին Քիւրքճեան հիմնեց օծանելիքի իր տունը` «Մեզոն Ֆրանսիս Քիւրքճեան»-ը:

 

Ի՞նչ Ուտել Տեսողութիւնը
Պահպանելու Համար

Sight_9-17-15

Մաքիւլար տեճեներէյշընը 55-ը անց մարդոց կուրանալու առաջին պատճառներէն մէկն է: Այս հիւանդութեան պատճառը ցանցաթաղանթի կեդրոնական մասի տարիքային վնասուածք է:

Մաքիւլար տեճեներէյշընը անդարմանելի հիւանդութիւն է, սակայն կարելի է նուազեցնել անոր յառաջացման վտանգը, եթէ ձեր աչքերը առողջ են, կամ նուազեցնել անոր պատճառով կուրանալու վտանգը, եթէ հիւանդութիւնը արդէն սկսեր է:

Թաֆց Եունիվըրսիթի աֆ Մետիսինի բժիշկները խորհուրդ կու տան ճիշդ սնանիլ, քանի որ ուտելիքներուն պարունակած նիւթերը շատ կարեւոր են մեր աչքերու առողջութեան համար:

Ահաւասիկ կարճ ցանկ մը` յանձնարարելի ուտելիքներու.

 

Ա. կենսանիւթով հարուստ` լեարդ, ձկան իւղ, հաւկիթի դեղնուց, կաթնեղէն:

– Քարոթէն պարունակող` կարմիր պղպեղ, մանկա, կաղամբ, ստեպղին, գունաւոր բանջարեղէններ եւ պտուղներ:

-Տէ. 3 կենսանիւթով հարուստ` սաղմոն, թոն, սարտին, կովու լեարդ, կաթ:

heart-healthy-foods_9-17-15

-Սէ. կենսանիւթով հարուստ` պտուղներ, ծաղկակաղամբ, պրոքոլի:

-Էօ. կենսանիւթով հարուստ` պրոքոլի, գետնանուշ, նուշ, աւոքատօ, արեւածաղիկի սերմեր:

-Օմեկա 3 ճարպաթթուներ պարունակող` իւղոտ ձուկեր, վուշի սերմեր, դդում, ընկոյզ…

-Զինկով հարուստ` ընկոյզ, ամբողջական հատիկներ

-Հակաօքսիտաններ պարունակող` լոռամիրգ, հապալաս, նուռ:

Բժիշկները նաեւ շեշտած են, որ Տէ., Ա., Էօ., եւ Քա. կենսանիւթերու իւրացման համար մարմնին անհրաժեշտ են ճարպեր, այս պատճառով ալ այդ կենսանիւթերը պարունակող ուտելիքները թելադրելի է համատեղել ընկոյզի հետ:

 

Բոյսեր, Որոնք Կ՛օգնեն Քնանալու

Չկայ աւելի գէշ բան, քան` անքուն գիշերներ անցնելը եւ մահճակալին մէջ մինչեւ առտու տապլտկիլը… Անքնութիւնը կը խլէ մեր առաւօտեան կենսունակութիւնը, նաեւ կը խլէ մեր արտադրողականութիւնը, մտային կարողութիւնը, կեդրոնացումը եւ տակաւին շատ բաներ:

Մասնագէտներու կարծիքով, հանգիստ քուն ապահովելու համար պէտք է տունը լեցնել գեղեցիկ ծաղիկներով եւ բոյսերով: Անոնք ոչ միայն տունը կը վերածեն հաճելի միջավայրի մը եւ կը գեղեցկացնեն զայն, այլ նաեւ կը մաքրեն ապականած օդը, ինչ որ շատ կարեւոր է հանգիստ քնանալու համար:

Եթէ լաւ մտածենք` ի՛նչ են անքնութեան գլխաւոր պատճառները, եթէ ոչ` ծանր անձկութիւնն ու ընկճախտը. իսկ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ բնութեան մէջ ժամանակ անցնելը բարերար ազդեցութիւն կը գործէ մեր ջիղերուն եւ տրամադրութեան վրայ: Ուրեմն ինչո՞ւ բնութիւնը մեր տունէն ներս չբերենք եւ չօգտուինք անոր բարիքներէն:

Ուրախ լուրը այն է, որ կան բազմաթիւ բոյսեր, որոնք տան օդը կը մաքրեն եւ մեծապէս կ՛օգնեն, որպէսզի մենք հանգիստ քնանանք: Արդարեւ, ՆԱՍԱ-ի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը կը թուէ բոյսերու ամբողջ շարք մը, որ կ՛օգնէ հանգիստ քնանալու` հիմնուելով անոնց հանդարտեցնող եւ մաքրող յատկութիւններուն վրայ:

1

 

jasmine-plant1_9-17-15

Յասմիկը բարերար ազդեցութիւն ունի մեր մարմնին եւ միտքին վրայ: Անիկա կը նուազեցնէ անձկութիւնը եւ կը բարելաւէ քունին որակը. իսկ օրուան ընթացքին յասմիկը կ՛աւելցնէ կենսունակութիւնը եւ ֆիզիքական ու մտային արտադրողականութիւնը:

2

pot-de-lavande-artificiel_9-17-15

Լաւանտը (հուսամ) կը կանոնաւորէ սրտին զարկերը եւ կը նուազեցնէ արեան ճնշումն ու ընկճախտը: Անշուշտ խօսքը ծաղիկին հրաշագործ բոյրին մասին է: Որքան ալ զարմանալի թուի, հուսամին բոյրը նաեւ կը պակսեցնէ երեխաներուն լացը եւ կ՛օգնէ, որ անոնք արագ քունի անցնին:

3

96369_010026

Կեսուրի լեզու կոչուած բոյսը ունի մեծ առաւելութիւն մը. անիկա գիշերը թթուածին կ՛արտաշնչէ, ինչ որ կ՛օգնէ օդի մաքրութեան: Զտիչի դեր կատարող այս բոյսը նաեւ կը ներծծէ օդին մէջ տարածուող կարգ մը թունաւոր կազեր:

4

potted-aloe-vera_9-17-15

Ալօէ վերան նոյնպէս գիշերը թթուածին կ՛արտաշնչէ, կը մաքրէ օդը եւ կը նպաստէ քունի որակին բարելաւման: Մեծ խնամքի չկարօտող այս չարքաշ բոյսը յանձնարարելի է զետեղել ննջասենեակին մէջ:

5

Lys_9-17-15

Փիս լիլի կոչուած բոյսը ոչ միայն ճերմակ ծաղիկներով օժտուած գեղեցիկ բոյս մըն է, այլեւ ունի օդին մէջի թունաւոր նիւթերը կլանելու յատկութիւնը: Անիկա խոնաւութիւն կ՛ապահովէ եւ կ՛արգիլէ քիթի եւ կոկորդի չորացումը, ինչ որ անհաճոյ է քունի ընթացքին:

6

gardenia_9-17-15

Կարտենիան նոյնքան ազդու է, որքան` վալիոմ կոչուած քնաբեր դեղը… Ոմանց կարծիքով, այս բուրաւէտ բոյսը տան մէջ պահելը դժուար է, քանի որ յատուկ խնամքի կը կարօտի, բայց կարելի է ծաղիկները ջուրով լեցուն բաց ամանի մը մէջ տեղաւորել եւ ննջասենեակ բերել:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

1

scarfs_9-17-15

Որպէսզի ֆուլարները ճամբորդական պայուսակին մէջ չճմռթկուին կամ ծալքի գիծեր չունենան, զանոնք կրնանք փաթթել խաւաքարտէ գլանի մը վրայ եւ ապա տեղաւորել պայուսակին մէջ:

2

drugs-box_9-17-15

Որեւէ տեղափոխութեան կամ ճամբորդութեան ընթացքին մեր օղերն ու մատանիները չկորսնցնելու համար կրնանք զանոնք տեղաւորել դեղի տուփիկներու մէջ եւ ապահով տեղ հասցնել:

3

earrings_9-17-15

Փոքրիկ օղերը չկորսնցնելու համար կրնանք զանոնք զոյգ-զոյգ կոճակներու վրայ հաստատել:

 

Խոհագիր

Խրթխրթան Նախուտեստ

Khohakir_9-17-15

Բաղադրութիւն.-

1 ծրար փաթ պրիզէ խմոր
1 տուփ կակուղ պանիր (Ֆիլատելֆիա, քիրի…)
1 հաւկիթի դեղնուց
Պտղունց մը հերպ տը փրովանս խառն համեմ
Պտղունց մը ֆլէօր տը սել խոշոր քաշուած աղ
Պտղունց մը կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն.-

Խմորը բանալ եւ համաչափ քառանկիւններու վերածել, ապա իւրաքանչիւրը պատառաքաղով ծակծկել, ետեւը հաւկիթի դեղնուց քսել, աղի քանի մը հատիկ եւ հերպ տը փրովանս ցանել եւ 160 ջերմաստիճանով փուռի մէջ 12 վայրկեան եփել:

Խմորները փուռէն հանել, ձգել որ պաղին, ապա իւրաքանչիւր զոյգի միջեւ պանիր դնել եւ շարել ներկայանալի ամանի մը մէջ ու հրամցնել:

Յ. Գ. Ձեր ընտրած պանիրին կրնաք աւելցնել մանրուած թարմ խոտեր, համեմներ կամ սխտոր: Բարի ախորժակ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ապրել Եմ Ուզում

Ապրել եմ ուզում, բայց ո՛չ մեղկ կեանքով,
Անյայտութեան մէջ, անշահ, բթամիտ,
Կամ արդ ու զարդին գերի ողջ մտքով`
Որպէս թոյլ էակ, քնքուշ ու վտիտ –
Այլ ձեզ հաւասար, ձեզ պէս բախտաւոր
Ով դուք այր մարդիկ, ուժեղ եւ յամառ,
Փորձանքի դիմաց` առողջ, մտաւոր
Կատարելութեամբ եւ մարմնով կայտառ:

Սիրել եմ ուզում` անկե՜ղծ, անդիմակ –
Ձեզ պէս ինքնիշխան. որ երբ սիրեցի`
Երգեմ աշխարհին իմ սիրոյ նուագ
Եւ սիրտս բանամ, սիրտս կանացի`
Ամբոխի առաջ… նրա խիստ դատին
Արհամարհանքի դիմեմ վահանով
Եւ սու՜ր նետերը ուղղուած իմ սրտին
Փշրե՛մ, ջախջախե՛մ աննուաճ թափով –

Գործել եմ ուզում ձեզ հետ հաւասար,
Որպէս ամբոխի հարազատ անդամ.
Եւ անկախութեան իտէալի համար
Թող գիշեր ցերեկ, միշտ, ամէն անգամ
Կրեմ հալածանք, երկրէ-երկիր
Թափառեմ, տոկամ… եւ թող տանջանքի
Բեռը ինձ ճնշէ թէեւ տարագիր
Միայն` ձեռք բերեմ իմաստը կեանքի –

Ուտել եմ ուզում` հանգիստ ձեզ նման`
Այն արդար հացից – որին ճարելու
Սուրբ աշխատանքին տուի իմ լուման.
Գոյութեան կռւում խոնարհ եւ հլու
Ամօթ չզգալով օրհնած վաստակից
Թող թափեմ աղի քրտինք-արտասուք
Ապրուստիս` բանուոր իմ ժիր ձեռքերից
Հոսէ ալ արիւն, յոգնէ իմ թիկունք –

Կռուել եմ ուզում, նախ` ձե՛զ ախոյեան
Ձեր դիմաց կանգնած հին-հի՜ն վրէժով.
Որ անմտօրէն, առանց գթութեան
Ինձ ճորտ դարձրիք սիրով եւ ուժով…
Ձեզ հետ իմ սեռի հաշիւը մաքրած –
Կռուել եմ ուզում եւ բիրտ կեանքի դէմ –
Ձեզ պէս համարձակ, ձեր ձեռքը բռնած
Լինել-չլինելուն կանգնած դէմ առ դէմ…

ՇՈՒՇԱՆԻԿ ԿՈՒՐՂԻՆԵԱՆ

Գործածուած Թէյի Ծրարիկներուն Երկրորդ Կեանքը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Թէյը հրաշագործ խմիչք է մեր առողջութեան համար. բայց արդեօք գիտե՞նք, որ թէյի գործածուած ծրարիկները կարելի է օգտագործել մեր առօրեան դիւրացնելու եւ կարգ մը հարցեր լուծելու համար: Ստորեւ` հետաքրքրական գաղափարներ.

-1-

4ae8f036-da7a-4f71-9e19-2ab2cc39b410

Թեթեւ վէրք մը կարելի է բուժել` անոր վրայ գործածուած թէյի ծրարիկ մը զետեղելով: Նոյն միջոցին կարելի է դիմել, եթէ հարուածի մը պատճառով մեր մարմնին վրայ կապոյտ հետքեր կան, եւ կ՛ուզենք ժամանակ առաջ ձերբազատիլ անոնցմէ:

-2-

264FF80400000578-2977065-image-a-34_1425485400699

Թէյը կը չէզոքացնէ գէշ հոտերը: Գործածուած թէյի ծրարիկներուն մէջի թէյը լեցնենք մոխրամաններու յատակը, կամ ընտանի անասունին` յատկապէս կատուին, պէտքերը հոգալու տարածութեան վրայ եւ կը ձերբազատինք անախորժ հոտերէ:

Թէյի ծրարիկներ կարելի է զետեղել նաեւ սառնարանին մէջ` անախորժ հոտերԷն ձերբազատելու համար:

-3-

2f48f9e6-eac7-421c-a7e2-78f60707c0d1

Աչքերուն կոպերը հանգստացնելու, ինչպէս նաեւ աչքերուն տակի ուռեցքը չքացնելու համար թէյի գաղջ ծրարիկներ զետեղենք մեր աչքերուն վրայ, քառորդ ժամ սպասենք եւ տեսնենք արդիւնքը: Թէյին պարունակած թանին կոչուած նիւթը եւ քաֆէինը դրականօրէն կ՛ազդեն աչքերուն շուրջ գտնուող մազերակներուն վրայ եւ մեզի կու տան անսպասելի արդիւնքներ:

-4-

images1_10-01-15

Փայտեայ կահոյքը կամ փարքէն մաքրելու համար մէկ լիթր ջուրի մէջ 3 գործածուած թէյի ծրարիկ թրջենք, ապա մաքրենք աղտերը:

-5-

fd3aa3e6e0264151

Գործածուած թէյի ծրարիկները կրնանք նաեւ գործածել որպէս պարարտացուցիչ` մեր բոյսերուն համար:

Ծրարիկները բանանք եւ օգտագործենք անոնց մէջի թէյը:

-6-

chaussures-odorantes_10-01-15

Գործածուած թէյի ծրարիկները տեղաւորենք պահարաններու գզրոցներուն կամ կօշիկներու մէջ` անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար:

 

Խաշած Եգիպտացորենին Բարիքները

Cook-Corn-Step-4_10-01-15

Հակաօքսիտաններով հարուստ եգիպտացորենը շատ առողջապահական ուտելիք է, անիկա նաեւ կը պաշտպանէ քաղցկեղէ եւ այլ հիւանդութիւններէ:

«Հելթի ֆուտ սթար»-ի տուեալներով, եգիպտացորենը սննդական մեծ արժէք եւ առողջարար յատկութիւններ ունի, ինչպէս նաեւ հարուստ է Ա. Պէ. եւ Էօ. կենսանիւթերով: Խաշած եգիպտացորենը օժտուած է հետեւեալ յատկանիշներով.

  • Կը կանխէ Ալցայմըր հիւանդութեան վտանգը:
  • Կը նուազեցնէ սիրտ-անօթային համակարգի հիւանդութիւններու վտանգը:
  • Կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի կուտակումը արեան մէջ:
  • Կը կարգաւորէ շաքարախտը:
  • Կը զօրացնէ ոսկորները:
  • Դրական ազդեցութիւն կը գործէ մորթին եւ տեսողութեան վրայ:
  • Կ՛օգնէ նիհարնալու, քանի որ կուշտ պահելու յատկութիւնը ունի:

 

 Ի՞նչ Կը Պատահի Մեր Մարմնին,
Երբ Բաւարար Չենք Քնանար

DEPRESSION-DIVORCE_10-01-15

Ճիշդ սնունդն ու ֆիզիքական վարժութիւնները բաւարար չեն առողջ ըլլալու եւ լուռ ինքնազգացողութիւն ունենալու համար: Մարմնին համար չափազանց կարեւոր է օրական առնուազն 7 ժամ քունը:

«Նեշընըլ սլիփ ֆանտէյշըն»-ի մասնագէտներու կարծիքով, մարդուն անհրաժեշտ քունի տեւողութիւնը պայմանաւորուած է անոր տարիքով:

Տարեց մարդիկ (65+)` 7-8 ժամ:

  • 26-64 տարեկան մարդիկ` 7-9 ժամ:
  • 18-25 տարեկան երիտասարդներ` 7-9 ժամ:
  • 14-17 տարեկաններ` 8-10 ժամ:
  • 6-13 տարեկան դպրոցականներ` 9-11 ժամ:
  • 3-5 տարեկան երեխաներ` 10-13 ժամ:
  • 1-2 տարեկան մանուկներ` 12-15 ժամ:
  • Նորածիններ (0-3 ամսական)` 14-17 ժամ:

Ինչ Կը Պատահի, Եթէ Աւելի Քիչ Քնանանք

  • Ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի խախտում,
  • Մտածելու եւ տեղեկութիւնները յիշելու ունակութեան նուազում,
  • Դիւրագրգիռ վիճակի բացայայտում,
  • Եռանդի եւ լաւատեսութեան նահանջ,
  • Ինքնաշարժի եւ այլ մեքենաներու հետ կապուած արկածներու հաւանականութիւն:

 

Փորձ-Հարցարան

Ձեր Կեանքի Առաջնահերթութիւնները

Ձեզի կ՛առաջարկուի 5 գործ, որոնք պէտք է դասաւորէք այն հերթականութեամբ, որով դուք կ՛ընէիք այդ գործերը: Ապա կարդացէք արդիւնքը` իմանալու համար ձեր կեանքի առաջնահերթութիւնները:

  • Կը պատասխանէք հեռախօսի զանգին:
  • Կը հանգստացնէք լացող երեխան:
  • Կը փակէք ջուրի ծորակը, քանի որ անոր տակ գտնուող դոյլը պիտի յորդի:
  • Պատշգամէն կը հաւաքէք լուացքը, քանի որ պիտի անձրեւէ:
  • Կը բանաք դուռը, քանի որ մէկը կը թակէ:

Պատասխան

  • Հեռախօսը կը խորհրդանշէ աշխատանքը:
  • Երեխան կը խորհրդանշէ ընտանիքը:
  • Ծորակը կը խորհրդանշէ սիրային կապերը:
  • Լուացքը կը խորհրդանշէ դրամը:
  • Դուռը կը խորհրդանշէ ընկերները:

 

Խոհագիր

Մեքսիքական Աղցան

salade-d-inspiration-mexicaine_10-01-15

Բաղադրութիւն 6 անձի համար.-

3 լոլիկ
1 պզտիկ աւոքատօ
200 կրամ եգիպտացորեն
1 պզտիկ կարմիր սոխ
200 կրամ կարմիր լուբիա
1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
2 ապուրի դգալ մանրուած գինձ
Արեւածաղիկի ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ
Հազարի տերեւներ:

Պատրաստութիւն.-

Լոլիկները մանր կտրտել, նոյնպէս ալ աւոքատոն եւ սոխը:

Խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել մանրուած լոլիկը, աւոքատոն եւ սոխը, աւելցնել կարմիր լուբիան եւ եգիպտացորենը, ինչպէս նաեւ մանրուած գինձը: Բոլորը զգուշութեամբ խառնել, ապա աւելցնել կիտրոնի հիւթը, ձէթը աղն ու պղպեղը:

Ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ շարել հազարի քանի մը տերեւ, անոնց մէջ լեցնել աղցանէն բաժին մը եւ հիւրասիրել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին,
Մեր երկիրը աւերուած, բայց սուրբ է ու հին.

Որպէս լեռն է մեր պայծառ տեսել հազար ձիւն,
Այնպէս նոր չեն մեզ համար դաւ ու դառնութիւն.

Բաբելոնն է եղել մեր ախոյեանը` տես-
Անհետ կորել, անցել է-չար մշուշի պէս:

Ասորիքն է եղել մեր թշնամին- ահա՛
Դաշտ է տեղը եւ չկայ քար քարի վրայ:

Ամրակուռ է մեր հոգին-դարերի զաւակ`
Շատ է տեսել մեր սիրտը աւեր ու կրակ:

Շատ է տեսել երկիրն իմ ցաւ ու արհաւիրք,
Լաց է այնտեղ ամէն երգ եւ ողբ ամէն գիրք:

Գերուած ենք մենք, ո՛չ ստրուկ- գերուած մի արծիւ,
Չարութեան դէմ վեհսիրտ միշտ, վատի դէմ ազնիւ

Բարբարոսներ շատ կը գան ու կ՛անցնեն անհետ,
Արքայական խօսքը մեր կը մնայ յաւէտ:

Չի հասկանայ ձեր հոգին եւ ծոյլ, եւ օտար,
Տաճար է մեր երկիրը` սուրբ է ամէն քար:

Եգիպտական բուրգերը փոշի կը դառնան,
Արեւի պէս երկիր իմ, կը վառվես վառման:

Որպէս Փիւնիկ կրակից կ՛ելնես, կ՛ելնես նոր
Գեղեցկութեամբ ու փառքով վառ ու լուսաւոր:

Արիացի՛ր, սիրտ իմ, ե՛լ հաւատով տոկուն,
Կանգնիր հպարտ որպէս լոյս լեռն է մեր կանգուն:

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ

 

Հնարամիտ Գաղափարներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տան մէջ կարգ մը իրեր դատապարտուած են թափուելու կամ պահեստանոց աքսորուելու… Բարեբախտաբար կան հնարամիտ եւ մեծ երեւակայութեամբ օժտուած մարդիկ, որոնք հին կամ անգործածելի իրերուն երկրորդ կեանք մը կու տան` չնչին փոփոխութիւններ մտցնելով անոնց մէջ:

Ահաւասիկ` մէկ-երկու հետաքրքրական գաղափար.

– 1 –

1_11_10-08-15

Թենիսի հին ռաքեթները կարելի է հայելիով օժտել եւ պատէն կախել:

– 2 –

6_3_10-08-15

Ալիւմինիոմէ հին ձագարները կարելի է վերածել մոմակալներու:

– 3 –

22_10-08-15

Մետաղեայ քերոցները կարելի է որպէս լուսամփոփ գործածել:

– 4 –

6_5_10-08-15

Կաթսայի գունաւոր կափարիչ մը կարելի է ժամացոյցի վերածել:

– 5 –

wine-barrel-coffee-table_10-08-15

Գինիի հին տակառ մը կարելի է գեղեցիկ սեղանի մը վերածել. այս պարագային, սակայն, ատաղձագործի մը օգնութեան պէտք է դիմել:

 

Ի՞նչ Կարելի Է Ընել
Մեխակի Գամերով

Clous-de-Girofle_10-08-15

– 1 –

Եթէ ակռայի ցաւ ունիք, անմիջապէս մեխակի գամ մը տեղաւորեցէք վրան, ի հարկին ճզմեցէք զայն եւ շատ չանցած ցաւը պիտի մեղմանայ: Անշուշտ ասիկա արմատական լուծում չէ եւ ատամնաբուժը չի փոխարիներ…

– 2 –

Մեխակի գամերը կը հեռացնեն ցեցերը: Թիւլէ ծրարիկներու մէջ մեխակի գամ լեցուցէք, ապա զանոնք զետեղեցէք հագուստի պահարանին դարաններուն վրայ կամ գզրոցներուն մէջ:

– 3 –

Եթէ կոկորդի ցաւ ունիք գաւաթի մը մէջ եռացած ջուր լեցուցէք, դգալ մը մեղր, դգալ մը կիտրոնի հիւթ եւ քանի մը մեխակի գամ աւելցուցէք. բոլորը միատեղ խառնեցէք եւ խմեցէք:

– 4 –

Խոհանոցին անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար կաթսայի մը մէջ ջուր եռացուցէք` մէջը 5 – 10 մեխակի գամ աւելցնելով:

– 5 –

Ճանճի բոլոր տեսակները հեռու պահելու համար կիտրոնը երկուքի կիսեցէք, կիսուած բաժինը մեխակի գամերով ծածկեցէք եւ ապա զանոնք զետեղեցէք պատուհանի եզրին, պատշգամը կամ պարտէզը:

– 6 –

Սառնարանին մէջի անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար սուրճի գաւաթի մը մէջ քանի մը հատիկ մեխակի գամ դրէք, վրան քիչ մը կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ գաւաթը տեղաւորեցէք դարանին վրայ:

– 7 –

Կարգ մը մսեղէններու եւ յատկապէս ռոսթոյի պատրաստութեան ընթացքին մեխակի գամերը հաճելի բոյր եւ համ կու տան կերակուրին:

 – 8 –

Եթէ ձեր շունչը գէշ կը հոտի, մէկ-երկու մեխակի գամ ծամեցէք:

– 9 –

Մկանային կամ յօդային ցաւերու պարագային մեխակի գամով ջուր եռացուցէք եւ խմեցէք:

Ուշադրութի՛ւն, մեխակի գամի գործածութիւնը յանձնարարելի չէ 12-էն վար երեխաներուն, յղի կիներուն եւ կաթ տուող մայրերուն:

Մեխակի գամի չափազանցութիւնը կրնայ ստամոքսի եւ աղիքներու թեթեւ խանգարումներ, սրտխառնուք եւ փորհարութիւն պատճառել:

 

Գեղեցկագիտական

Մաքրող Եւ Թարմացնող
Դէմքի Ծեփուկ

aloe_10-08-15

Ձեր դէմքին սեւ կէտերը մաքրելու, ինչպէս եւ մորթը թարմացնելու համար օգտագործեցէք ալոէ վերայով եւ մեղրով պատրաստուած հետեւեալ ծեփուկը:

Առէք ալոէ վերայի մէկ-երկու տերեւ (նայած չափին), քամեցէք հիւթը եւ մէկի դէմ երկու համեմատութեամբ մեղր աւելցուցէք. խառնեցէք եւ մէկ-երկու օր սառնարանը պահեցէք:

Ծեփուկը ձեր դէմքին վրայ տարածեցէք, քառորդ ժամ պահեցէք, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք:

Շաբաթը անգամ մը այս ծեփուկը օգտագործելով` շուտով արդիւնքի կը հասնիք:

Բշտիկներուն Դէմ Պայքարող
Ծեփուկ

Masque_Concombre_10-08-15

Վարունգով եւ կիտրոնով պատրաստուած այս ծեփուկը կը յարմարի իւղոտ մորթ ունեցողներուն. անիկա ոչ միայն կը ներծծէ մորթին իւղը, նաեւ կը կանխարգիլէ բշտիկները:

Առէք 2 – 3 վարունգ,- հարիչէ անցուցէք, աւելցուցէք կէս կիտրոնի հիւթը եւ հաւկիթի մը ճերմկուցը (զարնուած եւ ձիւնի վերածուած):

Ստացուած ծեփուկը ձեր դէմքին վրայ տարածեցէք, 15 – 20 վայրկեան սպասեցէք, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք:

 

 Հետաքրքրական

Զարդերու Բուժիչ Յատկութիւնները

Երբեմն կը կրենք մեզի շատ սիրելի զարդեր` առանց գիտակցելու, որ անոնք կրնան դրական կամ բացասական ազդեցութիւն, նոյնիսկ բուժիչ յատկութիւն ունենալ:

Պղինձէ ապարանջաններու բուժիչ յատկութիւնը

Mag-bracelet_10-08-15

Ռեֆլեքսօթերափիի կեդրոնական գիտահետազօտական հիմնարկը պարզած է, թէ պղինձէ ապարանջանները կ՛ամրապնդեն մարմնին դիմադրողականութիւնը: Անոնք կ՛օգտագործուին սիրտ-անօթային անհանգստութիւնները, ինչպէս նաեւ ջղային համակարգի խանգարումները դարմանելու: Նոյն հիմնարկին համաձայն, մարմնին մէջ պղինձի պակասը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ մարդու ինքնազգացողութեան վրայ:

Այս նպատակով տարբեր երկիրներու մէջ ընդհանրացած է պղինձէ ապարանջան կրելու սովորութիւնը: Աշխարհի վրայ ամէնէն հանրայայտը փերուական «Ռեմուս» վաճառանիշով ապարանջաններն են, որոնց մէջ պղինձը կը կազմէ 99.9 տոկոս: Այս ապարանջանները 2 տարի օգտագործելէ ետք պէտք է փոխարինել նորով, քանի որ անոնք կը կորսնցնեն իրենց բուժիչ յատկութիւնները:

 

Խոհագիր

Պրասով Քիշ

quiche_aux_poireaux_10-08-15

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 1 ծրար Փաթ պրիզէ խմոր
– 4 պրաս
– 50-70 կրամ տաշուած կրիւյեր պանիր
– 30 կրամ կարագ
– 3 հաւկիթ
– 20 սանթիլիթր կաթ
– 20 սանթիլիթր հեղուկ թարմ սեր
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Պրասին կանաչ բաժինը կտրեցէք, օգտագործեցէք ճերմակ բաժինը: Կանաչ բաժինը պահեցէք եւ օգտագործեցէք ապուրներու կամ այլ կերակուրներու պատրաստութեան մէջ:

Պրասին ճերմակ բաժինը լուացէք, մաքրեցէք եւ շատ բարակ շերտեցէք:

Տապակին մէջ հալեցուցէք կարագը, աւելցուցէք մանրուած պրասը եւ լաւ խառնեցէք: Կափարիչը գոցեցէք եւ թեթեւ կրակի վրայ քառորդ ժամ եփեցէք:

Այս ընթացքին խմորը բացէք եւ տեղաւորեցէք թարթի կաղապարի մը մէջ, երեսը տաշուած պանիրին կէսը տարածեցէք:

Խորունկ ամանի մը մէջ կոտրեցէք հաւկիթները, աւելցուցէք կաթը, սերը, աղն ու պղպեղը եւ լաւ զարկէք:

Վերջաւորութեան կարագի մէջ եփած պրասը տարածեցէք խմորին վրայ, վրան թափեցէք հաւկիթով խառնուրդը, երեսը տարածեցէք մնացեալ տաշուած պանիրը եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ 35 վայրկեան եփեցէք:

Բարի՛ ախորժակ:

 

Խօսքեր` Կին  Դէմքերէ

Կարեւոր չէ ո՛վ էք, ի՛նչ ըրած էք կամ ուրկէ կու գաք. կրնաք միշտ ալ փոխուիլ եւ բարելաւուիլ:

ՄԱՏՈՆԱ

Յարատեւութիւնը տասնինը անգամ սխալիլ եւ քսաներորդին յաջողիլն է:

ՃԻՒԼԻ ԷՆՏՐՈՒԶ

Ապագան կը պատկանի անոնց, որոնք կը հաւատան իրենց երազներու գեղեցկութեան:

ԷԼԷԱՆՈՐ ՌՈՒԶՎԵԼԹ

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

MetaqseԲաժանում

Բաժանում կայ, որ արժէ իսկապէս,
Հազար միացում,
Ինչպէս քոնն հիմա, ուր կայ եւ զղջում,
Եւ խղճի մորմոք, եւ արցունք ու ցաւ.
Եւ տարիների կորուստ կայ հարկաւ…
Գնում ես որպէս հեռացող մի վիշտ,
Եւ ոչ թէ պանդուխտ,
Որն ունի միշտ էլ տունդարձի ճամբայ…
Գնում ես որպէս փրկութեան մի ուխտ,
Տանելով քեզ հետ թուլութեանդ ողջ
Կարողութիւնը,
Որ իւրացնել չկարողացայ,
Չկարողացայ տանել կանացի
Ուսերով յոգնած
Տուածդ հարուստ տառապանքների
Գանձերը աղքատ,
Ուր ափսոսանքի մի ոսկի չկայ…
Առ տար, տար քեզ հետ
Քո սիրուց շահած կուտակումներս,
Որ պատկերով լի յոյսեր են փշրած,
Փթթած յոյզեր են` մախաղներով լի
Ու քուրձեր` լցուած հաւատով դատարկ…
Տար քեզ հետ բարձած խեղճ տարիներիս
Վագոնները ձիգ,
Որ բերնեբերան լցուած են ցհագ
Յուսախաբութեամբ…
Ես գիտեմ, որ մեր ճակատագրում
Լաւատեսութեան ոչ մի շոքեքարշ
Չի շարժի տեղից այդ գնացքը բութ,
Քանզի շուռ կը գայ ուժասպառութեան
Երկաթգծերին
Ու կը կործանուի հիասթափութեամբ…
Առ տար, տար քեզ հետ բեռները սիրուդ,
Որ չհանգուցուեն կեանքիս վթարին,
Ու ծանրանալով աճիւնիս հոգուն
Այն աշխարհում սեղմ
Կտրեն շիրիմիս շունչը հողեղէն…
Տար սիրտս, առ տար,
Սէրն ունի հզօր նախազգացում,-
Բաժանումներ կան որ արժեն հազար
Մահ ու միացում…

ՄԵՏԱՔՍԷ

 

Կին Դէմքեր. Սվեթլանա Ալեքսիեւիչ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Swetlana_Alexijewitsch_10-22-15

67-ամեայ պիելոռուս գրող Սվեթլանա Ալեքսիեւիչ դարձաւ 2015-ի գրականութեան նոպէլեան մրցանակակիր:

Ալեքսիեւիչ հեղինակ է բազմաթիւ գործերու, որոնց կարգին` «Պատերազմի դէմքը կանացի չէ» ստեղծագործութիւնը, որ նուիրուած է Բ. Աշխարհամարտին կիներու խաղացած դերին: Գիրքը հիմնուած է Կարմիր բանակին մաս կազմած հարիւրաւոր կիներու հետ հարցազրոյցներու վրայ:

Նոպէլեան մրցանակակիրը նաեւ հեղինակն է «Զինկէ տղաներ», «Չեռնոպիլեան աղօթք» եւ «Վերջին վկաները» գիրքերուն, որոնցմէ մէկ քանին թարգմանուած են աւելի քան 20 լեզուներու:

Նշենք, որ լրագրութիւն ուսանած Ալեքսիեւիչ չափազանց յանձնառու գրող է, ան բազմիցս դատապարտած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաչենքոյի բռնատիրական վարչակարգը:

Մրցանակին առիթով Սվեթլանա Ալեքսիեւիչ «մեծ ուրախութիւն» յայտնած է` աւելցնելով, որ մրցանակը վարձատրութիւն մըն է ոչ միայն իրեն համար, այլեւ` իր փոքրիկ երկրին եւ անոր մշակոյթին:

 

Խօսքեր` Կին  Դէմքերէ

–  Օր մը մեծ հայրս ըսաւ, թէ երկու տեսակի մարդիկ կան` անոնք, որոնք կ՛աշխատին եւ անոնք, որոնք իրենց անձին կը վերագրեն աշխատանքին յաջողութիւնը: Եւ ան ինծի խրատեց, որ պատկանիմ առաջին խումբին, քանի որ հոն նուազ մրցակցութիւն կայ:

ԻՆՏԻՐԱ ԿԱՆՏԻ

–  Որպէս կին, հայրենիք չունիմ: Որպէս կին, հայրենիք չեմ ուզեր: Ամբողջ աշխարհը իմ հայրենիքս է:

ՎԻՐՃԻՆԻԱ ՎՈՒԼՖ

–  Ամէնէն դժբախտ անձը ան է, որ կը տեսնէ, սակայն ոչ մէկ տեսլական ունի:

ՀԵԼԸՆ ՔԵԼԸՐ

–  Եթէ կը զգաք, որ պիտի պարտուիք` ձեր գլուխը բարձր բռնած պարտուեցէք:

ՔԷՅԹ ՊԼԱՆՇԷԹ

–  Առանց ցաւի տառապանք պիտի չըլլար, իսկ առանց տառապանքի` մեր սխալներէն դաս պիտի չքաղէինք:

ԱՆԺԵԼԻՆԱ ԺՈԼԻ

–  Համբաւը չի կրնար գոհացում տալ, անիկա քիչ մը ջերմութիւն կու տայ, բայց ժամանակաւոր է:

ՄԱՐԻԼԻՆ ՄՈՆՐՕ

–  Երբեք ուշ չէ: Երբեք ուշ չէ մեր կեանքը փոխելու, ուշ չէ` երջանիկ դառնալու:

ՃԷՅՆ ՖՈՆՏԱ

–  Բոլորիս տրուած չէ մեծ փոփոխութիւններ կատարել: Սակայն կրնաք մեծ սիրով փոքրիկ փոփոխութիւններ ընել:

ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱ

 

10 Կարեւոր Երեւոյթներ…

femme-heureuse3_10-22-15

Երբեմն աշխատանքը, ծանրաբեռնուածութիւնը «կը ստիպեն» ձեզի մոռնալ կենսական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթներ, իսկ երջանիկ ըլլալու համար պարզապէս պէտք է նկատել ձեր կեանքին մէջ առկայ, բայց, ցաւօք, մոռցուած կարգ մը երեւոյթները:

-1-

Ընտանեկան Արժէքներ

Գործի մէջ յաջողակ մարդիկ իրենք զիրենք երջանիկ կը համարեն, յատկապէս եթէ ունին նաեւ ընտանիք, որ ամէն հարցի մէջ կը սատարէ եւ կ՛աջակցի իրենց: Բայց չէ՞ որ իրենք եւս պէտք է գործօն մասնակցութիւն ունենան այդ ընտանիքին կեանքին մէջ, որպէսզի անոր հիմքերը աւելի ամուր ըլլան…

-2-

Սէր

Սիրած անձ կամ զուգընկեր գտնելը այդքան ալ դիւրին չէ: Անշուշտ միայնակ նոյնպէս կարելի է ապրիլ ու կեանքը վայելել, բայց սիրած անձին կողքին երջանկութիւնը աւելի լիարժէք է:

-3-

Ժամանակ

Եթէ յաջողեր էք աշխատանքի եւ անձնական կեանքի միջեւ հաւասարակշռութիւն ստեղծել, ուրեմն դուք կը յաջողիք ճիշդ ղեկավարել եւ վերահսկել ձեր ժամանակը: Խելամիտ ձեւով օգտագործեցէք ձեզի տրուած 24 ժամը…

-4-

Բարեգործութիւն

Անշուշտ մեր օրերուն գումար տնտեսելը այնքան ալ դիւրին գործ չէ, բայց պէտք է որոշակի գումար խնայել եւ տրամադրել բարեգործութեան: Իսկ ինչո՞ւ պէտք է օգնել ուրիշներուն, պարզապէս որպէսզի հասկնաք, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերիք ձեր շուրջ ապրող այն մարդոց հետ, որոնց համար բախտը այնքան ալ չէ ժպտացեր… Պատկերացուցէք, թէ որքա՛ն կը փոխուէր աշխարհը, եթէ բոլոր մարդիկը աջակցէին իրարու:

-5-

Ընկերութիւն

Առանց ընկերներու` անհնար է երջանիկ ըլլալ: Պէտք է ըլլայ մէկը, որ կը դիմէ ձեզի` խորհուրդ ստանալու ակնկալիքով եւ կամ իր օգնութիւնը կ՛առաջարկէ, իր փորձառութիւնները կը կիսուի ձեզի հետ: Ուրեմն ժամանակն է, որ փնտռէք այդ ընկերը, ընկերուհին:

-6-

Ինքնակատարելագործում

Երբեք առիթը չփախցնէք ինքնակատարելագործուելու հնարաւորութեան: Դուք պէտք է, որ օրական նոր երեւոյթներ բացայայտէք եւ զարգանաք: Ժամանակ գտէք զբաղելու ձեր ինքնազարգացումով, քանի որ այդպէս դուք կը դառնաք աւելի բանիմաց, իսկ լայն մտահորիզոնը կ՛օգնէ ձեզի` դիմագրաւելու կեանքը իր բոլոր երեսներով:

-7-

Մարզանք

Ոչ միայն ուղեղը, այլ մարմինը եւս մարզուելու կարիք ունի: Շաբաթը առնուազն 3 անգամ մարզանք ըրէք: Մարզանքը ձեզ կը պաշտպանէ ընկճախտէ:

-8-

Առողջ Սնունդ

Ժամանակի պակասի պատճառով շատեր կը դիմեն ֆասթ-ֆուտին: Բայց չէ՞ որ առողջ սննդակարգը ոչ միայն առողջ կը պահէ, այլեւ կը բարձրացնէ աշխատունակութիւնը:

-9-

Ճամբորդութիւն

Ո՞րն է կեանքին իմաստը, եթէ ոչ մէկ նոր հետաքրքրութիւն, նոր բացայայտումներ եւ զուարճանք չկայ: Ճամբորդութիւնը կ՛օգնէ սորվելու, բացայայտելու, նոր մարդոց հանդիպելու եւ, վերջապէս, անսպասելի վիճակներու դիմաց գտնուելու:

-10-

Բաւարարուածութիւն

Լիարժէք երջանկութիւն զգալու համար պէտք է բաւարարուած ըլլալ: Ժամանակ անցուցէք մտերիմ մարդոց հետ, որոնք սէր եւ ջերմութիւն կու տան ձեզի եւ հոգատար են ձեր նկատմամբ:

Յիշեցէք, որ կեանքի մէջ աւելի հետաքրքրական եւ կարեւոր երեւոյթներ կան, քան` աշխատանքը, եւ պէտք չէ կեանքը զոհաբերել յանուն աշխատավարձի, գտէք միջին եզր մը եւ վայելեցէք ձեր կեանքը:

 

Ձեռային Աշխատանք

Հինը Նորի Վերածել

Scarfbelt-3_10-22-15

Scarf-Belt_10-22-15

 

 

 

 

 

 

Եթէ ունիք հին գօտի մը, որմէ ձանձրացած էք, մի՛ թափէք, ոչ ալ ուրիշին տուէք: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, «քաթըրով» գօտիին առաջամասին վրայ երկու ճեղք բացէք եւ ձեր վզկապ-ֆուլարներէն մէկը ծալելով հաստատեցէք ծայրամասերուն, եւ ահա կը ստանաք նոր եւ իւրայատուկ գօտի մը:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

-1-

cotelet-agneau-salsa_10-22-15

Կողիկները (քոթլեթները) աւելի համեղ կը ստացուին, եթէ զանոնք մանրուած սոխով, աղով եւ սեւ պղպեղով «շաղենք» եւ 5-6 ժամ սառնարանը պահենք եւ յետոյ եփենք:

-2-

Egg-and-Banana_10-22-15

Կարկանդակի պատրաստութեան ընթացքին հաւկիթը կարելի է փոխարինել… պանանով: Այո, իւրաքանչիւր կէս պանան համազօր է մէկ հաւկիթի:

-3-

1248876_10-22-15

Պանիրը դիւրին քերելու համար քերիչին վրայ կարագ քսել: Այսպիսով, պանիրը քերիչին չի փակչիր, իսկ քերիչը աւելի դիւրին կը լուացուի:

-4-

t1jJRgp

Կոտրած ապակիի փշրանքները հաւաքելու համար օգտագործել խմոր կամ ֆրանսական հացի շերտ մը: Ամենափոքր կտորներն անգամ յատակին չեն մնար:

-5-

citron_10-22-15

Գլխացաւը թեթեւցնելու համար ճակատը շփել կիսուած կիտրոնով: Կիտրոնին բոյրը անմիջական հանդարտութիւն կու տայ:

-6-

lemon_10-22-15

Չորցած եւ կծկուած կիտրոնը թարմացնելու համար զայն մէկ-երկու ժամ ջուրի մէջ պահել:

-7-

Boiling-milk-for-ricotta-cheese_10-22-15

Որպէսզի կաթը արագ եռայ, անոր պտղունց մը շաքար աւելցնել:

 

Խոհագիր

Ռիկաթոնի Դդմաճով Կրաթեն

Rigatoni-Pasta-Pie-Recipes_10-22-15

Այս կրաթենին պատրաստութեան համար պայման է օգտագործել յատակը անջատուող կարկանդակի կաղապար մը:

Պատրաստեցէք պոլոնեզ թացան մը (միսով դդմաճի աւանդական թացանը):

Թացանին մէկ մասը տարածեցէք կաղապարին յատակը, վրան ուղղահայեաց դիրքով շարեցէք խաշած ռիկաթոնի խողովակաձեւ դդմաճները:

Խիտ շարուած դդմաճներուն վրայ աւելցուցէք մնացեալ թացանը եւ երեսը ծածկեցէք տաշուած մոցարելլա պանիրով:

Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփեցէք կէս ժամ, ապա կաղապարէն հանեցէք եւ հրամցուցէք:

Այս շատ ներկայանալի տեսքով կրաթենը անկասկած պիտի գոհացնէ բոլորը:

–  Ռիկաթոնի դդմաճը չշփոթել քանելոնիին հետ թէեւ երկուքն ալ խողովակաձեւ են, սակայն առաջինը չափի իմաստով շատ աւելի փոքր է:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ամէն մէկի մէջ բարու մի սերմ կայ
Ու սպասում է մի կաթիլ ջրի,
Ամէն մէկի մէջ թաքնուած սէր կայ
Ու սպասում է ջերմ սիրոյ հրի:
Ամէն մէկի մէջ շուարած խիղճ կայ
Ու սպասում է, որ բարին ծլի,
Ամէն մէկի մէջ անհուն կարօտ կայ
Ու սպասում է, որ սիրտը ելնի:
Ամէն մէկի մէջ մի շատ լաւ մարդ կայ
Ու սպասում է բարուն ու խղճին,
Որ ծլարձակի, ծաղկի, շիւղեր տայ,
Սիրոյ պտուղներ թողնի ճիւղերին:
Ամէն մէկի մէջ մի խեղճ աստուած կայ
Ու սպասում է մեր` մարդ դառնալուն
Որ հզօրանայ, իրեն տէր զգայ
Ու միշտ հաւատայ մեր` մարդ մնալուն:
Յաճախ նայեցէ՛ք, մարդի՛կ, ձեր հոգուն,
Փխրեցրէ՛ք խոպանն զգացմունքների,
Մի պուտ ջուր տուէք չորացած բարուն,
Որ խիղճը, սէրը, աստուած վարարեն:

ՄԱՐԻՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

 

Աշխարհի Ամենահմայիչ Կին Քաղաքական Գործիչները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ուոնտըրլիսթ կայքէջը հրապարակած է աշխարհի ամենահմայիչ կին քաղաքական գործիչներու անուանացանկը, որ կը գլխաւորէ Յորդանանի թագուհին: Ստորեւ` հրապարակուած անուանացանկը.

Queen-Rania_102915

Ծագումով պաղեստինցի, 45 տարեկան Ռանիա թագուհին աշխարհը հմայած է իր գեղեցկութեամբ եւ վայելչութեամբ: Ան նաեւ գործօն դեր կը խաղայ երեխաներու պաշտպան մարմիններու մէջ` զօրակցելով բռնութեան ենթարկուող եւ շահագործուող երեխաներուն:

2004-ին 13-րդ տեղը գրաւեց «Աշխարհի 100 ամենահզօր կիներ»-ու ցանկին վրայ` խաղաղութեան համար իր մղած պայքարին համար:

* * *

rathika-sitsabaiesan_102915

Ռաթիքա Սիթսապեսան, ծագումով սրի լանքացի, 5 տարեկանին ընտանիքին հետ Քանատա գաղթած է եւ 2004-էն սկսեալ քաղաքական ասպարէզ նետուած է: 2011-էն ի վեր երեսփոխանի պաշտօն կը վարէ: 33 տարեկան Ռաթիքան իր ոճով եւ արտաքինով հմայած է շատ շատեր:

* * *

Yulia-Tymoshenko_102915

Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոչենքոն իր յատուկ սանտրուածքով եւ դասական վայելչութեամբ հմայիչ քաղաքական գործիչներու 3-րդ դիրքը կը գրաւէ:

* * *

Սառա Պալի (Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու նախկին թեկնածու, Սոնիա Կանտի (հնդիկ քաղաքական գործիչ), Պրեանկա Կանտի (Ինտիրա Կանտիի թոռնուհին) եւ Քաշմալա Թարիք (Փաքիստանցի երեսփոխան) նոյնպէս հմայիչ քաղաքական կիներ կը համարուին:

* * *

Clinton_102915

Հիլըրի Քլինթըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօն վարած է 2009-2013: 68 տարեկան նախկին Առաջին տիկինը իր թեկնածութիւնը դրած է Միացեալ Նահանգներու 2016-ի նախագահական ընտրութեանց:

Ասպարէզով փաստաբան Քլինթըն կը համարուի շատ վայելուչ եւ ճաշակաւոր քաղաքական անձնաւորութիւն: Ան 9-րդ դիրքը կը գրաւէ վերոյիշեալ ցանկին վրայ:

* * *

BrindaKarat_102915

Աշխարհի ամէնէն հմայիչ կին քաղաքական գործիչներու անուանացանկին 10-րդ դիրքը կը գրաւէ Պրինտա Քարաթը. ան Հնդկաստանի մէջ համայնավար կին գործիչ է: Անոր վայելչութիւնը եւ հմայքը դիւթած են շատերը:

 

Համեմներ, Որոնք Կը Զօրացնեն
Դիմադրականութեան Համակարգը

spice100_102915

«Հելթի լայֆ թրիքս»-ը կը ներկայացնէ համեմներ, որոնք կ՛օգնեն դիմադրականութեան համակարգի զօրացման:

Կոճապղպեղ
Ուտելիքներուն իւրայատուկ համ տալէ բացի, կոճապղպեղը կը նպաստէ մարսողութեան, կը թեթեւցնէ սրտխառնուքը եւ կ՛օգնէ ձմեռնային հիւանդութիւններու արագ բուժման:

Քրքում կամ սաֆրան
Ոսկեդեղին գոյն ունեցող այս փոշին շատ կ՛օգտագործուի հնդկական խոհանոցին մէջ եւ ունի հակաբորբոքային յատկութիւն:

Կասիա
Նոյնպէս մարմնին դիմադրականութիւնը զօրացնող համեմ է կասիան: Անիկա հինէն  ի վեր կ՛օգտագործուի  որպէս դեղ եւ համեմունք: Զայն օգտագործել խմորեղէններու, խմիչքներու եւ կերակուրներու մէջ:

Աստղաձեւ անիսոն
Գեղեցիկ տեսքով այս համեմը նաեւ հաճելի բոյր եւ առողջարար յատկութիւն ունի: Զայն օգտագործել թէյին, պտուղի աղցաններու եւ եղինձի մէջ:

Սամիթի սերմեր
Երկաթով, մակնեզիոմով, կիրով եւ հանքայիններով հարուստ սամիթի սերմերը նաեւ հարուստ են հակաօքսիտաններով, որոնք հակաբորբոքային յատկութիւն ունին:

 

Գեղեցկագիտական

Ստեպղինով Դիմակ`
Ցուրտ Օրերու Համար

Carottes-visage_102915

Դիմակ` Բնական Մորթի Համար

Առէք միջակ չափի ստեպղին մը, լուացէք եւ խաշեցէք, մինչեւ որ փափկանայ: Ճզմեցէք, թէյի դգալ մը մեղր աւելցուցէք եւ ստացուած խիւսը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ:

Այս դիմակը անփոխարինելի է ցուրտ եղանակներուն ընթացքին, քանի որ մորթին վերնամաշկը կը պաշտպանէ ցած ջերմաստիճանի բացասական ազդեցութիւններէն եւ արագ կը վերականգնէ բորբոքած եւ ցրտահար մորթը:

Կանոնաւոր կերպով նման դիմակի օգտագործումը կ՛ապահովէ ձեր մորթին թարմութիւնն ու գեղեցկութիւնը:

Աւելի լաւ արդիւնքի կը հասնիք, եթէ դիմակը մաքրելէ ետք ստեպղինի հիւթով օծէք ձեր դէմքը:

 

Նորաձեւութիւն

 Քրիսթիան Տիորի
Գարուն – Ամառ 2016-ի Հաւաքածոն

Անցեալ շաբաթ յայտնի դարձաւ, որ հանրայայտ ձեւագէտ Ռաֆ Սիմոնսը պիտի հեռանայ Քրիսթիան Տիոր նորաձեւութեան տունէն:

47 տարեկան Սիմոնսը 2012 թուականէն կը ստեղծագործէր, որպէս Տիոր նորաձեւութեան տան ձեւագէտ. այդ տարիներէն ի վեր ան բեմ բարձրացուցած է 20 հաւաքածոյ, որոնցմէ ամէն մէկը զանազանուած է իր իւրայատկութեամբ եւ արժանացած է նորաձեւութեան քննադատներու բարձր գնահատանքին:

Հոկտեմբերի սկիզբին Փարիզի մէջ ներկայացուած գարուն-ամառ հաւաքածոն վերջինն էր Սիմոնզ եւ Տիոր համագործակցութեան: Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ` վերոյիշեալ հաւաքածոյէն:

Fashion1_102915

Fashion2_102915

Fashion3_102915

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ձեռային Աշխատանք

Դիւրին, Արագ Եւ Ներկայանալի

7b7c76ff4c09505bc74b48c262a62fd6

Յաճախ, երբ կրկնեփ կամ կարկանդակ կը պատրաստենք, կ՛ուզենք պնակ մըն ալ դրացուհիին ղրկել:

Մեր կրկնեփը կամ կարկանդակը ա՛լ աւելի կը գնահատուի, եթէ զայն դնենք ներկայանալի պնակի մը մէջ: Իսկ մեր օրերուն ո՞վ տունը խաւաքարտէ պնակ չունի: Առէք պնակ մը, անոր վրայ յատուկ գործիքով կամ որեւէ սրածայր իրով ծակեր բացէք ու անոնց մէջէն երիզ մը անցընելով` գեղեցիկ հանգոյց մը կազմեցէք:

Այսպիսի պնակներ կրնաք պատրաստել նաեւ տարեդարձներու առիթով:

 

Խոհագիր

Պրասով Ապուր

19685_102915

Բաղադրութիւն 4 անձի համար.

2 խոշոր գետնախնձոր
2 պրաս
1 սոխ
50 սանթիլիթր կաթ
1 լիթր ջուր
50 կրամ կարագ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Մանրել սոխը եւ պրասը: Կաթսային մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել մանրուած բանջարեղէնները, քանի մը վայրկեան միջակ կրակի վրայ տեւաբար խառնել, ապա կաթսային կափարիչը գոցել եւ 10 վայրկեան թեթեւ կրակի վրայ եփել: Յետոյ աւելցնել ջուրը, աղն ու պղպեղը եւ դարձեալ 20 վայրկեան եփել` կաթսային բերանը բաց:

Ուրիշ կաթսայի մը մէջ լեցնել կաթը եւ աւելցնել կեղւուած եւ բարակ շերտուած գետնախնձորները. եփել, մինչեւ որ անոնք փափկանան:

Բոլոր բաղադրիչները հարիչէ անցնել եւ հրամցնել ապուրի յատուկ խորունկ ամաններու մէջ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ինքնահեռացում

Կարօտում եմ.
Ինքս` իմ մէջ, ինձ հետ մնալ – կարօտում եմ.
Զարթնել` անհոգ,
Մանուկ օրուայ հետ մանկանալ – կարօտում եմ.
Դուրս գալ տնից ու անճանաչ գնա՜լ, գնա՜լ- Կարօտում եմ.
Գտած մի նոր տողի համար
Աշխարհի՜ չափ ուրախանալ – կարօտում եմ.
Քո մի խօսքից առաւօտել,
Թաքուն բախտով ներսից յորդել,
Փխրել, տխրել ու կարօտել – կարօտում եմ.
Հազար տեսակ հոգս ու հարցում`
Մէկը մէկից առաջ ընկած`
Ինձ առել են իրենց տենդոտ հրմշտոցում,
Ինձ` ինձանից հեռացնու՜մ են, անջատու՜մ են.
Եւ զգում եմ մէկ էլ յանկարծ
Որ ինքս` ինձ կարօտու՜մ եմ …

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 

 


Հոգեբանական Փորձ. Ընտրեցէք Պատկերը Եւ Իմացէք Ձեր Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1427389557_1348860960_xcrsgerm4eg

Առանց երկար մտածելու` ընտրեցէք այն ծառը, որ ամենագրաւիչը կը թուի ձեզի, ապա իմացէք ձեր մասին:

1

Առատաձեռն էք եւ բարի, բոլորին լաւութիւն կը ցանկաք, նաեւ  աշխատասէր էք ու մարդասէր: Կը գործէք աշխարհը դէպի աւելի լաւ մը առաջնորդելու սկզբունքով:

2

Հետաքրքրաշարժ եւ ազնիւ անձ էք, կը հաւատաք ազնիւ աշխատանքին եւ շատ դիւրին պատասխանատուութիւններ կը վերցնէք ձեր վրայ: Շատ վստահելի էք, պայծառ եւ սրամիտ:

3

Խելացի եւ խորիմաստ անձ էք: Առանձնութեան պահերուն կը սիրէք խոկալ եւ վերանայիլ ձեր սկզբունքները: Դիւրին լեզու կը գտնէք մտածել եւ սորվիլ սիրող մարդոց հետ: Ձեզի համար շատ կարեւոր են կենցաղավարութիւնն ու մարդկային սկզբունքները:

4

Խորաթափանց եւ փիլիսոփայ անձ էք: Եզակի անհատականութիւն ունիք, եւ քիչեր ունին ձեր հոգիին պէս բարի հոգի: Դուք շատ յստակ կը տեսնէք կեանքին լուսաւոր եւ խաւար կողմերը եւ այդ հիմամբ կը կողմնորոշուիք: Նաեւ յուզական անձ էք:

5

Ինքնավստահ եւ գերիշխող անձ էք: Շատ անկախ էք եւ կ՛ուզէք ամէն ինչ ընել ինքնուրոյն: Յստակ գիտէք, թէ ի՛նչ կը սպասէք  կեանքէն եւ ամէն գնով կը փորձէք հասնիլ ձեր նպատակին:

6

Բարի եւ զգայուն անձ էք: Մարդոց հետ յարաբերելու ոչ մէկ դժուարութիւն ունիք: Տեւաբար կը մտածէք ինքնակատարելագործուելու մասին: Կ՛ուզէք ըլլալ հետաքրքրական, բանիմաց եւ եզակի անձնաւորութիւն:

7

Ուրախ եւ անխռով անձ էք: Նախաձեռնող էք եւ հետեւողական` ձեր գործերուն մէջ: Ունիք նաեւ ընկճախտը յաղթահարելու հզօր կարողութիւն. հազուադէպօրէն կ՛անհանգստանաք:

8

Հմայիչ էք եւ կենսուրախ, յաճախ` ինքնաբուխ եւ խանդավառ: Խառնուածքով արկածախնդիր` կը սիրէք նաեւ զարմացնել եւ անակնկալի բերել ձեր շրջապատը: Շատ կը սիրէք ճամբորդութիւնը, նորութիւնները եւ յայտնաբերումները:

9

Լաւատեսութեամբ լեցուն անձ էք, կը հաւատաք, որ կեանքը մարդուն տրուած պարգեւ մըն է, եւ կը փորձէք օգտագործել կեանքին տուած բոլոր հնարաւորութիւնները: Ամէն բանի կը մօտենաք լաւատեսօրէն, կ՛օգտագործէք իւրաքանչիւր առիթ` ներելու, սորվելու եւ յառաջանալու համար:

 

Առողջապահական

Ներքնակներուն Մէջ Պահուըտած
Վտանգաւոր Մանրէներ

7974

Միլիոնաւոր մարդիկ կը քնանան առողջութեան համար վտանգաւոր, մանրէներով ու բորբոսով վխտացող ներքնակներու վրայ, կը վստահեցնեն բրիտանացի հետազօտողները:

Անոնց խօսքով, շատ մը ներքնակներու մէջ կ՛ապրին ու կը բազմանան վտանգաւոր մանրէներ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ մորթային տհաճ բորբոքումներու, սունկերու, հազի, էքզեմայի կամ ազմայի:

Բորբոսն ու մանրէները կը բազմանան տարիներու ընթացքին, եւ դժբախտաբար անոնք անտեսանելի են սովորական աչքով: Մարդիկ, որպէս կանոն, կը մաքրեն այն, ինչ կը տեսնեն սովորական աչքով, այդ պատճառով ալ ներքնակը հիւանդութիւններու անտեսանելի օճախ է:

Մասնագէտներու կարծիքով, 8-10 տարի օգտագործուած ներքնակը կը պարունակէ աւելի քան 4,5 քիլօ մեռած մորթի մասնիկներ, որոնցմով կրնան սնանիլ մօտաւորապէս 10 միլիոն մակաբոյծներ, եւ դուռ բանալ այլազան հիւանդութիւններու:

 

Առողջապահական

Կծու Ընթրիքը Հանգիստ
Քունի Թշնամին Է

pedas_110515

Շատեր գիտեն, որ քնանալէ առաջ շատ ուտելը կը վնասէ քունին, սակայն քիչեր գիտեն, թէ որքան վատ է կծու սնունդը` հանգիստ քուն փնտռողներուն համար:

Գիտնականներ պարզած են, որ արեւելեան խոհանոցի կերակուրները, յատկապէս կծու համեմները պատճառ կը դառնան անհանգիստ եւ մղձաւանջներով լեցուն գիշերուան մը:

Նոյն գիտնականներուն կողմէ կատարուած շարք մը հետազօտութիւններ պարզած են, որ քնանալէ առաջ կծու ուտելը կ՛արագացնէ նիւթափոխականութիւնը, կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը, ինչ որ կը բարձրացնէ ուղեղին աշխատանքը, յատկապէս` քունի արագ փուլի ժամանակ: Իսկ քունի արագ փուլը կու գայ մէկուկէս ժամը անգամ մը եւ կը բնորոշուի անով, որ ճիշդ այդ ժամանակ մարդիկ երազ կը տեսնեն: Եւ այդ երազները կը վերածուին մղձաւանջներու:

Հետեւաբար քնանալէ առնուազն երեք ժամ առաջ պէտք է հրաժարիլ կծու ուտելիքներէն, այլապէս մղձաւանջները անխուսափելի կը դառնան:

 

Կօշիկներու Հետ Կապուած Հնարքներ

1

10-Hacks-To-Make-Your-Shoes-More-Comfortable-2

Եթէ ձեր կօշիկները կը նեղեն ձեր ոտքերը, տոպրակներու մէջ ջուր լեցուցէք եւ կօշիկներուն մէջ զետեղեցէք, ապա կօշիկները ամբողջ գիշեր մը սառցարանը պահեցէք:

2

10-Hacks-To-Make-Your-Shoes-More-Comfortable-4

Երբ բարձրակրունկ կօշիկներ պիտի հագնիք, թելադրելի է, որ ձեր երրորդ եւ չորրորդ մատները խէժերիզով (սքոչ թէյփով) իրարու միացնէք: Այսպիսով շատ աւելի հանգիստ կը քալէք:

3

stretch-out-your-shoes-formula

Նեղ կօշիկները լայնցնելու համար, հաստ գուլպայով մը հագէք զանոնք, ապա տաք հով բացէք անոնց վրայ` 4-5 վայրկեան: Կաշին պաղելէն ետք հանեցէք կօշիկները ձեր ոտքէն, եւ զանոնք յստակօրէն լայնցած պիտի գտնէք:

 

Հինը Նորի Վերածել

10636017_328185887350658_4978803905291067859_n

Ձեր ջուրի կալոնները մի՛ թափէք, զանոնք որպէս թաղար գործածեցէք ձեր պատշգամին կամ պարտէզին մէջ:

Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, կալոններուն վրայ քառակուսի բացուածքներ կտրեցէք` մկրատով կամ քաթըրով, հող լեցուցէք եւ ցանեցէք եղանակի կանաչեղէններ` հազար, կոտեմ, անանուխ, ռեհան…

* * *

10526169_319422324893681_6055038094565878079_n

Կանաչեղէնի տախտակէ արկղները գամեցէք ձեր պարտէզին կամ թերասին պատին եւ անոնց մէջ տեղաւորեցէք փոքրիկ թաղարներ: Այսպիսով կը զարդարէք «տխուր» պատ մը:

* * *

10454534_306906242811956_1862143853050114787_n

Ձկնորսական հին ուռկանo մի՛ նետէք, զայն հաստատեցէք նստասենեակի պատին եւ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, անկէ կախեցէք տարբեր չափի պզտիկ շրջանակներ` օրական վայելելու ձեզի սիրելի անձերուն լուսանկարները:

 

Խոհագիր

Գունաւոր Պղպեղներով Հաւկիթ

1373961467129471

Բաղադրութիւն

– Կանաչ, կարմիր եւ դեղին պղպեղներ
– 3 հաւկիթ
– Կանաչ սոխ
– Կարագ կամ բուսական իւղ` ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Տապակին մէջ իւղը կամ կարագը տաքցնել եւ աւելցնել օղակաձեւ կտրուած երեք տարբեր գոյնի պղպեղները:

Իւրաքանչիւր պղպեղի մէջ կոտրել հաւկիթ մը եւ տապկել:

Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ երեսը զարդարել մանրուած կանաչ սոխով:

Պարզ, դիւրին եւ արագ պատրաստուող այս բաղադրատոմսը նաեւ առողջապահական է եւ իւրայատուկ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայր, Օրհնէ՛

Հայր իմ, օրհնէ՛. ժամը հասաւ, պիտ՛ երթամ.
Նոր կեանք մ՛ինծի կը սպասէ:
Պատանութիւնն ես թողուցի, նոր արիւն
Երակիս մէջ կը վազէ:

Յառա՜ջ, յառա՜ջ, գըլուխս ետ չե՛մ դարձըներ.
Երկընքէս վա՛ր թող իյնան
Անվիշտ կեանքիս ամէն աստղեր, հոգըս չէ՛.
Անցեալս իջնայ թող դամբան:

Օհ, ինծի՛ ի՞նչ թէ կը փետեմ վարդին թերթ,
Եւ փուշին կեանք կու տամ միշտ,
Թէ գըրկաբաց յորձանքին մէ՛ջ կը նետուեմ.
Խինդս է` ձանձրոյթ, սէրս է` վիշտ:

Ամէն խայտանք ջախջախեցի սըրտիս մէջ.
Չեմ վախնար սեւ ծըծելէ.
Վանք մըտնող կոյս մ՛եմ` որ խըզուած իր վարսէր
Անխիղճ, անհոգ, կը դիտէ՜…

Հա՛յր, ես կ՛երթամ այն ճամբայէն` որ ճերմակ
Մազերուդ զիս կը տանի,
Վաստակաբեկ ոսկըրներուդ, ծեր սըրտիդ
Եւ սէրերուդ կենդանի…

Բաւական է. – աշխատեցար, կըրեցիր,
Ամէն նետի, հարուածի
Վահան եղար ինծի համար. հոգիդ է`
Որ հոգուոյս մէջ կը յածի:

Իմ արիւնս է գոյացած քու քըրտինքէդ.
Յոգնութեանդ ծիլն եմ տըխուր:
Հոգիդ, կաղնի՜, երբ կուրծք կու տար մըրըրկին`
Ես շուքին տակ, հանգիստ, լուռ

Կը մեծնայի: – Հարկ է հիմա ա՛լ հանգչես
Եւ ես քեզի յաջորդեմ…
Խոնջե՜նք, խոնջե՜նք, կ՛ուզեմ կըռուիլ, աշխատիլ,
Ելլել կեանքին, կեանքին դէմ…

Հայր իմ, օրհնէ՛. դողդոջ ձեռքերդ գըլխուս դիր.
Թող մատերէդ կաթի վար
Աղօթքդ` եկած հոգուոյդ պայծառ խորանէն:
Վերջին ժամն է. օրհնէ՛, հայր:

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

 

 

 

Վաղը` Նոյեմբեր 13-ը` Ազնուութեան Միջազգային Օր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

FridayNov13_111215

Բոլոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ազնիւ մարդիկ կեանքի մէջ աւելի առողջ են, հանգիստ եւ խաղաղ, քանի որ ազնուութիւնը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը եւ աւելի լաւատես կը դարձնէ խնդրոյ առարկայ անձը: Դժբախտաբար պարագան նոյնը չէ շրջապատին հետ անհաշտ, կռուազան եւ անազնիւ մարդուն համար:

Ազնուութեան միջազգային օրուան գաղափարը ծնունդ առաւ 2000-ին Սինկափուրի մէջ, եւ շատ չանցած` որդեգրեցին զայն:

«Ազնուութիւնը խելացութեան մէկ յատկանիշն է» գրած է Վոլթէր, իսկ Ժան Փոլ Սարթր` «Ազնիւ են միայն խելացի մարդիկ»…

Կ՛արժէ մտածել…

 

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Քարլ Լակըրֆելտ
Պիտի Պարգեւատրուի

karl-lagerfeld_111215

«Շանել» նորաձեւութեան տան ձեւագէտ եւ գեղարուեստական տնօրէն Քարլ յառաջիկայ 23 նոյեմբերին Բրիտանիոյ մէջ պիտի պարգեւատրուի «Պրիթիշ ֆեշըն ըուորտ»-ի հանդիսութեան ընթացքին:

Լակըրֆելտ պիտի ստանայ «Աութսթենտինկ էչիւմընթ ըուորտ» պատուոյ մրցանակը` 30 տարուան իր հարուստ վաստակին համար:

«Պրիթրիշ ֆեշըն քաունսըլ»-ի կարծիքով, Լակըրֆելտ յաջողեցաւ «Շանել»-ը դարձնել միջազգային վաճառանիշ եւ մինչեւ իսկ` «վաճառանիշներու հսկան»:

Լակըրֆելտէն առաջ նոյն մրցանակին արժանացած է նաեւ «Վոկ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Ուինթուրը:

 

Հինը Նորի Վերածել

edfea8cba6c4dc205b58f064c525f62d

Եթէ ունիք պլուզ մը, որմէ ձանձրացած էք եւ տարիներէ ի վեր պահարանին մէջ անկիւնը տեղ կը գրաւէ, եկէք` անոր նոր տեսք եւ կեանք տուէք պզտիկ փոփոխութիւն մը կատարելով, ի հարկին դիմեցէք դերձակուհիի մը օգնութեան:

Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ վերնամասին կռնակին վարի բաժինը եռանկիւնաձեւ բացուածք մը ձեւաւորեցէք եւ տանթել կտորով մը ծածկեցէք զայն: Նոյն տանթելով պզտիկ թիթեռնիկ-հանգոյց մը ձեւաւորեցէք եւ կարեցէք բացուածքին սկզբնաւորութեան: Այսպիսով ցերեկային, սփոր վերնամասի մը կրնաք հապիյէ տեսք տալ եւ զայն կրել պաշտօնական առիթներով:

 

Կնճիռ Պատճառող
Վատ Սովորութիւններ

femme-visage_111215

Զգուշացէք օրուան տաք ժամերուն արեւի ճառագայթներուն պարզուելէ: Արեւէն պաշտպանող յատուկ սերեր գործածեցէք. այլապէս ձեր մորթը ժամանակէն առաջ պիտի ծերանայ, եւ կնճիռներ պիտի յայտնուին ձեր դէմքին վրայ:

***

Զգուշացէք ծխախոտէն. անոր չափազանցուած գործածութիւնը նոյնպէս կը վնասէ ձեր մորթին առողջութեան եւ արտաքին տեսքին: Անխուսափելի կնճիռներէն բացի, մորթին գոյնը կը դառնայ գորշ:

***

Մորթին քոլլաժենին եւ էլասթինին կը վնասեն ապականած օդը, քաֆէինը եւ ոգելից ըմպելիները: Ջանացէք հեռու մնալ այս երեքէն:

***

Շաքարեղէնի չափազանցութիւնը կը վնասէ մորթին որակին` դանդաղեցնելով քոլլաժենի եւ էլասթինի վերանորոգումը, որոնք կ՛ապահովեն ձեր մորթին առաձգականութիւնը եւ թարմութիւնը:

***

Կողմին վրայ քնանալը պատճառ կը դառնայ, որ բազմաթիւ կնճիռներ յայտնուին աչքերուն եւ բերնին շուրջ, բայց նաեւ` վիզին վրայ: Փորձեցէք քիչ-քիչ հրաժարիլ կողմի վրայ քնանալու սովորութենէն:

***

Ծայրայեղ սննդականոնները կը վնասեն մորթին: Փոխնիփոխ արագ նիհարնալն ու գիրնալը կը վնասեն մորթին առաձգականութեան: Թելադրելի է որդեգրել չափաւոր սննդականոն մը, որուն կարենաք հետեւիլ երկար ժամանակի վրայ եւ հանգիստ կը ձգէք ձեր մորթը:

 

Մեր Առողջութեան Նպաստող
5 Սեւ Մթերքները

Կարգ մը մթերքներու սննդական արժէքը իրենց գոյնին կը վերագրուի: Ահաւասիկ` 5 սեւ մթերքներ, որոնք առատօրէն կարելիլ է սպառել:

1

grape_111215

Սեւ խաղողը, բաղդատած դեղինին եւ կարմիրին, աւելի հարուստ է հակաօքսիտաններով եւ հակաբորբոքային նիւթերով: Յանձնարարելի է զայն ուտել ամբողջութեամբ` կուտով միասին:

2

BlackTea_111215

Սեւ թէյը չափազանց հարուստ է ֆլաւոնոյիտ կոչուած հակաօքսիտանով: Օրական մէկ գաւաթ սեւ թէյը բաւարար է նուազեցնելու սիրտի հետ կապուած հիւանդութիւններու վտանգը: Յանձնարարելի է սեւ թէյը 3-5 վայրկեան թրջել` նախքան խմելը:

3

blackOlive_111215

Սեւ ձիթապտուղը, բաղդատած կանաչին, 3-4 անգամ աւելի հակաօքսիտան ազդեցութիւն ունի մեր առողջութեան վրայ. ապա թէ ինչո՛ւ պէտք է նախապատուութիւնը տալ սեւին:

4

BlackRice_111215

Սեւ բրինձը 6 անգամ աւելի հակաօքսիտան կը պարունակէ` քան միւս տեսակները, շնորհիւ անոր սեւ կեղեւին, որ հարուստ է ֆենոլով, ֆլաւոնիտներով եւ անթոսիանինով: Սեւ բրինձը կարելի է գործածել ապուրներու, աղցաններու, ռիզոթթոներու պատրաստութեան մէջ:

5

Les-lentilles-noires_111215

Սեւ ոսպը, որ ծանօթ է նաեւ պելուկա անունով, իր սեւ գոյնը կը պարտի անթոսիանին կոչուած հակաօքսիտանին: Կարելի է սեւ ոսպով համեղ աղցաններ պատրաստել եւ օգտուիլ անոր բարիքներէն:

 

Առողջապահական

Ինչպէ՞ս Պակսեցնել
Աղի Սպառումը

foods-with-low-sodium_111215

Չափազանցուած աղի գործածութիւնը վնասակար է բոլորին, բայց մանաւանդ` արեան գերճնշում կամ սրտանօթային անհանգստութիւն ունեցողներուն:

Ինչպէ՞ս նուազեցնել աղի սպառումը, ինչպէ՞ս օրական 5 կրամի սահմաններուն մէջ մնալ… Ահաւասիկ քանի մը օգտակար թելադրանքներ…

– 1 –

Հրաժարեցէք նախքան կերակուրը համտեսելը աղ աւելցնելէ: Վարժութիւն դարձուցէք բաւարարուիլ ձեզի հրամցուած կերակուրին աղի քանակով: Աղամանը վերջնականապէս վերցուցէք ճաշի սեղանէն. զայն ձեր ձեռքին տակ ունենալով` փորձութիւնը աւելի մեծ պիտի ըլլայ :

– 2 –

Հրաժարեցէք պահածոյ ուտելիքներէն, չիփսէն, պիստակեղէնէն, կարգ մը պանիրներէ եւ մորթատելի բոլոր տարբերակներէն, որոնք մեծ քանակութեամբ աղ կը պարունակեն:

Գնումի ժամանակ լաւ կարդացէք պիտակները եւ ընտրեցէք քիչ sodium պարունակողները:

– 3 –

Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր խմած ջուրին: Հանքային ջուրերուն մէկ կարեւոր մասը աղ կը պարունակէ: Ընտրեցէք քիչ աղ պարունակողները, իսկ եթէ ծորակէն հոսող ըմպելի ջուրը վստահելի է, նախապատուութիւնը անոր տուէք:

– 4 –

Աղը փոխարինեցէք համեմներով. աւելորդ է ձեզի յիշեցնել, որ խոհանոցը ձեր ձեռքին տակ ունիք տասնեակ մը համեմի տեսակներ. զանոնք առատօրէն օգտագործեցէք ձեր կերակուրները համեմելու եւ աղին պակասը լրացնելու համար:

– 5 –

nosalt_111215

Եթէ վերը յիշուածներէն որեւէ մէկը չօգնեց, փորձեցէք «սուտ աղ»-երը, որոնք քիչ sodium կը պարունակեն, երբեմն ան sodium-ը փոխարինուած է փոթասիոմով:

 

Խոհագիր

Կանաչ Քիշ

quiche-gourmande_111215

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 1 ծրար պատրաստ փաթ սապլէ
– 80 կրամ չորցած լոլիկ
– 3 կանաչ սոխ
– 1 դդում
– Կէս կապ ռեհան
– Կէս կապ ազատքեղ
– Կէս կապ անանուխ
– 3 հաւկիթ
– 2 պտղունց մշկընկոյզ
– 50 կրամ տաշուած պանիր
– Արեւածաղիկի իւղ
– Ալիւր
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով:

Դդումը շատ բարակ շերտերու վերածել:

Ռեհանը, ազատքեղն ու անանուխը մանրել. տերեւներէն քիչ մը մէկ կողմէ ձգել` զարդարանքի համար:

Չորցած լոլիկի կտորները խորանարդաձեւ կտրտել եւ քանի մը կաթիլ իւղի մէջ կրակին վրայ դարձնել: Աւելցնել մանրուած կանաչ սոխը, կրկին խառնել:

Փոս ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթները, աւելցնել լոլիկը, մանրուած սոխը, մանրուած կանաչեղէնները, տաշուած պանիրը, աղը, պղպեղն ու մշկընկոյզը:

Խմորը բանալ եւ տարածել նախապէս իւղով պատուած եւ ալիւր ցանուած ափսէի մը մէջ: Պատառաքաղով խմորը ծակծկել, վրան աւելցնել հաւկիթով խառնուրդը եւ շուրջ կէս ժամ եփել:

Եթէ տունը սնուպար ունիք, երեսը ցանել եւ 5 վայրկեան եւս փուռին մէջ եփել` երեսը շէկնալու չափ:

Հրամցնելու ատեն զարդարել մէկ կողմ ձգուած թարմ կանաչեղէններով:

Յաւելեալ համ տալու համար կարելի է հաւկիթով խառնուրդին սուրճի գաւաթ մը սեր աւելցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Պատուիրան

Թէ հայրենիքիդ սրբազան հողին
Նստել է սեւ-մութ ամպը ոսոխի,
Եւ դու ուզում ես, որ այն չտեսնես –
Պէտք չէ՛ կուրանալ:

Թէ պապենական քո հին յարկի տակ
Լսում ես նրա լուտանքը վայրագ,
Եւ դու ուզում ես, որ այն չլսես –
Պէտք չէ՛ խլանալ:

ԹԷ նա ուզում է հոգիդ խաթարել,
Աղօթքդ իր պիղծ լեզուով կատարել,
Եւ դու ուզում ես նզովել նրան –
Պէտք չէ՛ համրանալ:

Պէտք չէ՛ դրանից յետոյ կռանալ,
Եւ կամ լծի տակ կքած` ծերանալ,
Եւ կամ ցնորքով գետնից վերանալ,
Եւ կամ օրհասի ահից քարանալ,
Ի սէր բարութեան պէ՛տք է չարանալ,
Եւ պէ՛տք է, պէ՛տք է յարութեան համար
Կռուո՛վ մահանալ:

ՀՐԱՉԵԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

 

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ Կին Էք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Photo-personnalité_111915

Ըստ տարածուած կարծիքի, կիները աւելի յուզական են, քան տղամարդիկ: Յոյզերու ազդեցութեան տակ անոնք յաճախ իրենց սրտի ձայնը կը լսեն եւ յաճախ չկշռադատուած արարքներու կը դիմեն:

Իսկ դուք թո՞յլ էք, թէ՞ ուժեղ, յուզակա՞ն, թէ՞ զուսպ… իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 15 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1.- Նկատա՞ծ էք, որ յաճախ կ՛աճապարէք որոշումներ կայացնելու ժամանակ:
2.- Նկատա՞ծ էք, որ յաճախ պահի ազդեցութեան տակ քայլերու կը դիմէք` առանց հնարաւոր հետեւանքներուն մասին մտածելու:
3.- Կը հետեւի՞ք «եօթը անգամ չափէ՛, մէկ անգամ կտրէ՛» ասացուածքին:
4.- Նկատա՞ծ էք, որ յաճախ առանց մտածելու խօսելու հակում ունիք:
5.- Կը պատահի՞, որ որոշ քայլերու դիմէք զգացումներու ազդեցութեան տակ:
6.- Կը պատահի՞, որ երկար մտածէք եւ ծանրութեթեւ ընէք ձեր արարքները:
7.- Կը նեղանաք անինքնավստահ եւ երկչոտ անձերէն:
8.- Դուք ձեզ խոհեմ անձ կը համարէ՞ք:
9.- Որոշումներ կայացնելու ժամանակ զգացումները վճռական դեր ունի՞ն:
10.- Որոշումներ կայացնելու ժամանակ երկար-բարակ մտածելէ կը խուսափի՞ք:
11.- Յաճախ կը պատահի՞, որ դուք ձեզ յանդիմանէք արագ եւ անխոհեմ որոշում կայացնելու համար:
12.- Որոշում կայացնելու ատեն կը մտածէ՞ք, անոր հետեւանքներուն մասին:
13.- Մինչեւ որոշում մը կայացնելը երկար կ՛երկմտի՞ք:
14.- Նոյնիսկ ամենապարզ հարցը լուծելու ժամանակ, ձեզի երկար մտածելու ժամանակ հարկաւո՞ր է:
15.- Բախումներու պարագային միշտ կը յաջողի՞ք հակահարուած տալ հակառակորդին:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Հաշուեցէ՛ք ձեր միաւորները: 1 միաւոր կը ստանաք 1, 2, 4, 5, 7, 9, 10, 11, 12 եւ 15 հարցումներուն տրուած իւրաքանչիւր «Այո» եւ 3, 6, 8, 13 եւ 14 հարցումներուն տրուած «Ոչ» պատասխաններուն համար:

–  Եթէ մինչեւ 5 միաւոր հաւաքեցէք, դուք զուսպ անձ էք: Ձեր իւրաքանչիւր բառ կամ որոշում մտածուած եւ ծանրութեթեւ եղած է: Ձեր կողմէ ձեռնարկուած իւրաքանչիւր գործ կը կատարուի ժամանակին եւ պէտք եղած ձեւով: Հաւատացէ՛ք ձեր ներքին ձայնին եւ երբեք չէք խաբուիր:

–  Եթէ 6-10 միաւոր հաւաքեցէք, դուք իտէալ անձ էք: Ձեր զգացումները միշտ կը կառավարուին բանականութեամբ: Ձեր ներքին ձայնը լաւ կայացած է, այդ իսկ պատճառով նոյնիսկ զգացումներու ազդեցութեան տակ կայացած որոշումները կ՛ըլլան միշտ արդար: Դուք «պիզնես-լէյտի»-ի իսկական կերպարն էք: Ձեր վրայ կրնան յոյս դնել թէ՛ գործընկերները, թէ՛ հարազատները եւ թէ մտերիմները:

–  Եթէ 10 միաւոր եւ աւելի հաւաքեցիք, դուք «հարիւր տոկոս»-ով կին էք: Ձեր զգացումները գրեթէ միշտ ամէն բանէ վեր կը դասէք: Դուք այն տիպի մարդոցմէ էք, որոնք իրենց ետեւէն ամբողջ ամբոխ մը կրնան տանիլ: Ձեր կեանքը լեցուն է անկանխատեսելի իրադարձութիւններով: Ձեր ինքնաբուխ եւ չմտածուած քայլերուն պատճառով յաճախ ձեր կեանքը կը դժուարացնէք: Որոշումներ կայացնելու ժամանակ ծայր աստիճան զգուշ եւ խոհեմ եղէք:

 

Առողջապահական

Իրեր, Որոնք Պէտք Չէ
Ուրիշներուն Հետ Կիսուիլ

Շատեր անձնական մաքրութեան հետ կապուած իրեր կը կիսուին ընտանիքի անդամներուն կամ ընկերներուն հետ. այս սխալ սովորութենէն պէտք է հրաժարիլ, որովհետեւ մանրէներէ վարակուելու եւ հիւանդանալու հաւանականութիւնը 3-ով կը բազմապատկուի:

Ահաւասիկ ցանկը` այն իրերուն, որոնք պէտք չէ կիսել նոյնիսկ ամենամտերիմներուն հետ:

* * *

1

Օճառը

soap_111915

Կը կարծէք, որ օճախը մաքո՞ւր է. ցաւօք ոչ: Իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք օճառի կտորը կը ծածկուի միքրօ օրկանիզմներով` սկսած ամէնէն  անվնաս մանրէներէն մինչեւ լուրջ ժահրերը: Թերեւս հեղուկ օճառի օգտագործումը լուծում մըն է:

2

Լոգանքի սրբիչը

bath-towels_111915

Լոգանքի սրբիչէն տհաճ հո՞տ կու գայ: Ատիկա պարզապէս մանրէներու եւ սունկերու հոտն է: Սրբիչը կը նպաստէ մանրէներու տարածման, յատկապէս եթէ անիկա կախուած է խոնաւ տեղ մը:

3

Լոգանքի սպունգը

bath-sponge_111915

Լոգանքի սպունգը տեւաբար խոնաւ կը մնայ, յաճախակի լոգանքի պատճառով: Սունկերն ու ժահրերը անոր ծալքերուն կամ ծակտիկներուն մէջ կը տեղաւորուին, կ՛աճին եւ կը բազմանան:

4

Եղունգ կտրելու գործիքը

Coupe-ongles_111915

Նոյնիսկ եթէ հարիւր տոկոսով վստահ էք, որ զայն գործածողներուն եղունգները առողջ են.  յանձնարարելի չէ զայն ուրիշներուն հետ կիսուիլը: Ի հարկին պէտք է զայն ալքոլով հականեխել իւրաքանչիւր գործածութենէ առաջ եւ ետք:

5

Հակաքրտինքային միջոցները

stick-deodorant_111915

Հակաքրտինքային միջոցներու վարակուած գլխիկները կրնան լուրջ բորբոքումներ պատճառել, երբ անոնք աննկատ վէրքերու կամ բշտիկներու հետ շփուելով` անձէ անձ կը փոխանցուին:

6

Ակռայի մածուկը

Toothpaste_111915

Նոյն ակռայի մածուկը օգտագործելը, անշուշտ այնքան սարսափելի չէ, որքան` նոյն խոզանակը… սակայն մածուկը կիսուիլը եւս կրնայ վտանգաւոոր ըլլալ, այն պարագային, երբ դուք զայն կը դպցնէք խոզանակին: Մանրէները կը հաւաքուին մածուկի սրուակին բերանը, ապա կը յայտնուին միւս օգտագործողի խոզանակին վրայ:

7

Ականջի օղերը

earrings_111915

Երբ դուք ուրիշէն ականջի օղեր փոխ կ՛առնէք, կամ գնելէ առաջ կը փորձէք, անպայման ալքոլով կամ հականեխուած թաց թաշկինակով մաքրեցէք: Քիչ չեն դէպքերը, երբ այդ ձեւով վարակիչ հիւանդութիւններ կը փոխանցուին:

 

Հինը Նորի Վերածել

Բջիջայինի Պահպանակ

iphone-pocket_111915

Եթէ տունը, ձեռքի տակ ունիք փողկապ մը, որ հնաոճ համարուած եւ մէկ կողմ դրուած է, զայն բջիջայինի պահպանակի վերածեցէք:

ա.- Ձեր բջիջայինին չափով կտրեցէք փողկապը օգտագործելով սրածայր մասը:
բ.- Կտրած բաժինը ձեռքով կամ կարի մեքենայով կարեցէք:
գ.- Սրածայր բաժինին վրայ «քափսոն» մը կարեցէք:

Ահա կ՛ունենաք ապահով եւ ճաշակաւոր պահպանակ մը:

 

 Ի՞նչ Կարելի Է Ընել Պանանով

banane-truc-a-faire_111915

1

Գեղեցկագիտական դիմակ պատրաստելու համար
Հասուն պանան մը ճզմել, թէյի դգալ մը մեղրի հետ խառնել եւ դէմքին վրայ տարածել: Սպասել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել:

2

Միսը փափկացնելու համար
Փուռին մէջ միս եփելու պարագային, ափսէին մէջ առանց կեղեւի պանան մը զետեղեցէք: Պզտիկ հնարք մը, որ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ:

3

Կաշին փայլեցնելու համար
Պանանի կեղեւով կարելի է փայլեցնել կօշիկները, պայուսակները, ինչպէս նաեւ` արծաթեղէնները: Անգամ մը պանանի կեղեւով շփելէ ետք, չոր եւ մաքուր լաթով մը փայլեցնել:

4

Բոյսերուն խոշոր տերեւները փայլեցնելու համար
Տան բոյսերուն առողջ եւ փայլուն տեսք տալու դիւրին միջոց է զանոնք պանանի կեղեւով շփելը:

5

Համեղ աղանդերներ պատրաստելու համար
Պանանը կտրտել, փայտեայ ցպիկի վրայ անցընել, հալած տուրմի մէջ թաթխել եւ ուտել:

6

Որպէս պարարտացուցիչ գործածելու համար
Պանանի կեղեւը կտրտել եւ բոյսերուն հողին մէջ տեղ-տեղ տեղաւորել:

7

Կոծիծը (գորտնուկ) դարմանելու համար
Կոծիծին վրայ պանանի կեղեւի կտոր մը դնել` անոր դարմանումը արագացնելու համար:

8

Քերւըտուքը դարմանելու համար
Միջատէ մը խայթուելու պարագային, խայթուածքը շփել պանանի կեղեւով մը` քերւըտուքը մեղմացնելու համար:

9

Պնդութիւնը դարմանելու համար
Պանանը կ՛օգնէ պնդութիւն ունեցողներուն, անիկա նաեւ կը խթանէ յամրաղիի գործունէութիւնը:

10

Արեան քանակը չափաւորելու համար
Պանանը կը կանոնաւորէ շաքարին տոկոսը` արիւնին մէջ: Ճաշի ժումերուն միջեւ պանան ուտելը կը կայունացնէ շաքարին քանակը:

 

Խոհագիր

Բանջարեղէնով Դդմաճ

IMG-7664-E-copie

Ահաւասիկ նոր եւ հետաքրքրական ձեւ մը` դդմաճ եփելու:

Խոշոր կաթսայի մը մէջ դնել 350 կրամ հում դդմաճ, մանրուած բանջարեղէններ` ըստ ճաշակի, լոլիկ, թարմ սունկ, թարմ պղպեղ, սոխ, պրոքոլի, սեւ ձիթապտուղ եւ այլն… Աւելցնել մէկ լիթր ջուր. կաթսային կափարիչը գոցել եւ սպասել, որ եռայ:

Կաթսային կափարիչը բանալ եւ 7-9 վայրկեան եւս եփել թեթեւ կրակի վրայ, մինչեւ ջուրը քաշուի եւ դդմաճը եփի:

Կաթսան կրակին վրայէն հանել, աւելցնել տաշուած պանիր, մանրուած ընկոյզ, երկու ապուրի դգալ ձէթ, աղ, սեւ պղպեղ եւ կէս գաւաթ սեր: Բոլորը միատեղ խառնել եւ անմիջապէս հրամցնել:

Տարբերակներ. նախքան բաղադրութիւնները կաթսային մէջ դնելը կարելի է կաթսային յատակը երկու ապուրի դգալ բուսական իւղ դնել եւ հաւու կտրտուած կրծքամիսը տապկել:

Կարելի է նաեւ սովորական ջուրը մսաջուրով փոխարինել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հին Մանկութիւն

Մէկից մի սոխ, մէկից մի հաց գողանում,
Գնում էինք Արփաչայը լողանում:
Սոված, ծարաւ, բոկոտն ընկնում սար ու ձոր`
Շրջում էինք` անգիտութեամբ բախտաւոր:
Աշխարհն, ասես, սարի հետեւ, վերջանում…
Իջնող արեւն իրեն հետ էր մեզ տանում…
Չգիտէինք` ո՞վ էր ժպտում, ո՞վ լալիս,
Ո՞վ էր մեզ հաց, ո՞վ մեր աչքին լաց տալիս…
Չգիտէինք, թէ ո՞ւմ կուրծքն էր զարդարում
Ձնծաղիկը, որ մենք էինք միշտ բերում…
Չգիտէինք` աշխարհն ի՞նչ էր, մարդն ի՞նչ էր,
Մենք` դարդի մէջ, չգիտէինք` դարդն ինչ էր…
Ա՜խ, դեռ մանուկ մենք ծերացած, գլխիկոր
Շրջում էինք` անգիտութեա՜մբ բախտաւոր…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

 

 

 

 

 

Փորձ-Հարցարան. Ձեր Պայուսակը Կը Պատմէ Ձեր Բնաւորութեան Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

904897_120315f

Ձեր պայուսակին մէջ այլազան իրեր պահելով` դուք հաւանաբար չէք ալ կռահեր, որ այդ իրերը եւ զանոնք տեղաւորելու ձեւը կրնան որոշ պատկերացում մը տալ ձեր բնաւորութեան մասին:

Իսկ ձեր բնաւորութիւնը իմանալու համար անմիջապէս բացէք ձեր պայուսակը:

– 1 –

Ինչպիսի՞ պայուսակ կը նախընտրէք.

ա.- Մեծ չափի, որպէսզի որքան հնարաւոր է, շատ իրեր տեղաւորեմ:
բ.- Ոչ մեծ չափի, բայց բաժանումներով, որպէսզի իրերս լաւ դասաւորեմ:
գ.- Տարբեր չափի եւ տեսակի, օրուան տարբեր ժամերու եւ առիթներու համար:

– 2 –

Ձեր պայուսակին մէջ կան`

ա.- Շպարի իրեր, առաւել` սանտր եւ հայելի:
բ.- Սանտր եւ հայելի չկան, քանի որ առիթ չունիմ զանոնք օգտագործելու:
գ.- Անպայման հայելի մը, հապա՞ եթէ աչքիս մէջ բան մը մտաւ…

– 3 –

Ուրիշ ի՞նչ բաներ կան ձեր պայուսակին մէջ.

ա.- Թղթապանակ մը, ուր տեղաւորած եմ անձնագիրս, ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրս, փաստաթուղթեր եւ հարազատներու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ` դրամապանակս:
բ.- Փաստաթուղթերս եւ դրամս կը դնեմ մեծ դրամապանակիս մէջ, երկրորդ մըն ալ ունիմ լուսանկարներուն համար:
գ.- Լուսանկարները շարած եմ փոքրիկ ալպոմի մը մէջ, որ միշտ հետս կ՛ըլլայ, իսկ դրամս կը պահեմ գրպանիս մէջ:

– 4 –

Պայուսակիս մէջ նաեւ կան`

ա.- Բջիջային
բ.- Տուրմ
գ.- Գրիչներ
դ.- Իրեր, զորս չեմ գործածեր, բայց եւ այնպէս հետս կը պտտցնեմ
ե.- Բանալի
զ.- Անուշահոտ
է.- Նոթատետր

– 5 –

Երբ որեւէ բան փնտռեմ պայուսակիս մէջ,

ա.- Անմիջապէս կը գտնեմ:
բ.- Կը ստիպուիմ պայուսակս լման պարպել:
գ.- Ոչ մէկ անգամ կը գտնեմ փնտռածս, քանի որ պայուսակս բերնէ բերան լեցուն կ՛ըլլայ:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Հաշուեցէ՛ք ձեր միաւորները

1. ա1 բ2 գ3        
2.- ա3 բ1 գ2        
3.- ա2 բ3 գ1        
4.- ա0 բ1 գ2 դ2 ե0 զ2 է3
5. ա2 բ1 գ3        

Եթէ 5 – 8 միաւոր հաւաքեցիք, դուք քիչ մը թափթփած անձ էք, այսինքն լաւ չէք դասաւորեր ձեր իրերը, երբեմն նոյնիսկ կը կորսնցնէք զանոնք, բայց էութեամբ դուք զուարթ անձ էք, կը սիրէք անպաճոյճ ապրելաձեւը, աւելի շատ կապուած էք մարդոց քան` իրերու հետ:

***

Եթէ 9 – 16 միաւոր հաւաքեցիք, դուք կը մտածէք ամէն ինչի մասին, պատահականութեան բան չէք ձգեր, կը նախատեսէք ամէն ինչ եւ ձեռք կ՛առնէք նախզգուշական բոլոր միջոցները: Ասիկա լաւ կէտ է, բայց քիչ մը` ձանձրացուցիչ, քանի որ դուք ամէն ինչ վաղօրօք գիտէք: Երբեմն կարելի է կեանքին հետ վերաբերիլ քիչ մը աւելի թեթեւ եւ նուազ լրջութեամբ:

***

Եթէ 17 եւ աւելի միաւոր հաւաքեցիք, դուք կորսուած անձ էք, եթէ օրին մէկը ձեր պայուսակը կորսնցնէք: Դուք կարիք ունիք պահուըտելու ձեր ճշմարիտ պատկերին ետեւ: Ջանացէք ըլլալ աւելի բնական, եւ ձեր կեանքը կը դառնայ աւելի հրաշալի:

 

Այլազան

Աշխարհի Ամենագեղեցիկ
Երկու Թագուհիները

2EA2D52300000578-3327032-image-m-24_1448026722136

Յորդանանի Ռանիա թագուհին արդէն շատոնց արժանացած է մոլորակի ամենագեղեցիկ թագուհիի տիտղոսին: Ապտալլա Բ.ի 45-ամեայ կինը ներդաշնակօրէն կը համատեղէ արեւելեան գեղեցկութիւնն ու եւրոպական նրբաճաշակութիւնը:

2003-ին «Հելօ» ամսագիրը Ռանիա թագուհիին տուեր էր առաջին տեղը` աշխարհի ամենավայելուչ կիներու ցուցակին վրայ եւ այդ ժամանակէն ի վեր ան տեւաբար կը ներառուի ամենաոճային յայտնիներու ցուցակին վրայ:

Սակայն վերջին տարիներուն Ռանիան այլ թագակիր մրցակցուհի մը ունի: Երբ 2014-ին Սպանիոյ թագաւոր Ֆիլիփը գահ բարձրացաւ, շատեր արտայայտուեցան, որ անոր կինը` Լեթիսիան, կը կրկնօրինակէ Ռանիայի ոճը:

Անցեալ շաբաթ Յորդանանի թագաւորական զոյգը կարճատեւ այցելութեամբ ժամանեց Սպանիա. զանոնք դիմաւորեցին Ֆիլիփը եւ Լեթիսիան: Երկու գեղեցիկ թագուհիներուն հանդիպումը ջերմ ու սիրալիր էր, իսկ անոնց վայելչութիւնը… առանց մեկնաբանութեան:

 

Մեզ Շրջապատող
Աղտոտ Իրեր

Օրուան ընթացքին յաճախ կը շփուինք իրերու հետ, որոնք ոչ միայն մանրէի բոյն են, այլ նոյնիսկ աւելի աղտոտ են, քան` բաղնիքին աթոռը:

Բրիտանացի հետազօտողներ կազմած են ցանկը այն 5 իրերուն, որոնք չափազանց աղտոտ են եւ հետեւողական մաքրութեան կը կարօտին:

Keyboard_120315

1.- Համակարգիչի ստեղնաշարը հինգ անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը: 2007-ին Ուաշինկթընի դպրոցներէն մէկուն մէջ աւելի քան 100 աշակերտ աղիքային կրիփէ վարակուած էր համակարգիչներու ստեղնաշարներուն միջոցով:

bag_120315

2.- Նոյն հետազօտողներուն համաձայն, ձեռքի պայուսակ մը 3 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը:

Kitchen-sponge1_120315

3.- Նոյնպէս մանրէի բոյն են խոհանոցը օգտագործուող սրբիչները եւ սպունգները:

objets-plein-de-germes_120315

4.- Արիզոնայի համալսարանի հետազօտողներուն համաձայն, խոհանոցը օգտագործուող մանրելու տախտակը 200 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը:

rug_120315

5.- Գորգ մը 700 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը: Մեռած բջիջներ, ուտելիքի փշրանքներ, անասունի ստեւներ, մէզի մնացորդներ… այս բոլորը տեղաւորուած են արտաքնապէս մաքուր գորգի մը մէջ:

 

 Հինը Նորի Վերածենք

Rag-Blanket_120315

Նկարին վրայ կը տեսնէք սիրուն, գունաւոր ծածկոց մը` պատրաստուած հին թի շըրթներով:

Այո, այսուհետեւ մի՛ թափէք կամ ուրիշին մի՛ տաք ձեր զաւակներուն հին թի շըրթները, զանոնք քառանկիւն կտրտեցէք, իրարու կարեցէք եւ ապա քիչ մը տոկուն խոշոր սաւանի մը հաստատեցէք, եւ ահա կը ստանաք գեղեցիկ ծածկոց մը, որ ինչո՛ւ չէ, կրնաք նոյնիսկ որպէս վարագոյր գործածել:

 

Ձեռային Աշխատանք

Խցաններով Պատրաստուած
Տակդիր

cork-trivet-with-pot_120315

Պատրաստեցէք անսովոր եւ գեղեցիկ տակդիր մը` օգտագործելով գինիի շիշի խցանները:

Հաւաքեցէք շուրջ 25 խցան, զանոնք քով-քովի շարեցէք եւ նոյն հասակով համաչափ կտրեցէք, ապա խէժի «զէնքով» զանոնք իրարու փակցուցէք եւ ահա կը ստանաք սիրուն տակդիր մը:

 

Խոհագիր

Աշնանային Համեղ Ապուր

recipe-image-legacy-id-1074495_11-1

Բաղադրութիւն

– 6 բաժակ հաւու արգանակ
– 2 հաւկիթ
– 3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– Աղ
– Խաշած հաւու կուրծք

Պատրաստութիւն

Արգանակը կաթսային մէջ եռացնել, ապա կրակը թեթեւցնել: Փոս ամանի մը մէջ հարել հաւկիթները, մինչեւ որ փրփրին, աստիճանաբար աւելցնել կիտրոնի հիւթը, ապա նաեւ գաւաթ մը արգանակ` շարունակ խառնելով: Այս խառնուրդը աւելցնել արգանակին, եփել թեթեւ կրակի վրայ, մինչեւ որ արգանակը քիչ մը թանձրանայ:

Հրամցնելու պահուն աւելցնել խաշած հաւու կտրտուած կուրծքը եւ զարդարել մանրուած ազատքեղով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Քամու Համբոյրը

Քամու համբոյրից դողաց մի տերեւ,
Շշուկով դիպաւ իր հարեւանին,
Խշխշաց յանկարծ իմ գլխի վերեւ
Ու տարուբերուեց հինաւուրց կաղնին:

Կռացաւ կաղնին նորից բարձրացաւ,
Ճիւղերով դիպաւ ուրիշ մի ծառի,-
Եւ շշուկն այսպէս ծառից-ծառ անցաւ,
Հասաւ հեռաւոր խորքերն անտառի:

Ալեկոծւում էր անտառը յուզուած
Ու ոսկեզօծուած գլուխն օրօրում,
Իր մեծ գրկի մէջ քամու համբուրած
Փոքրիկ տերեւն էր կարծես որոնում:

Խշշում էր անտառն ու տարուբերւում,
Երկինք էր հասնում խշշոցը նրա…
Իսկ քամին ուրախ սուլում էր հեռւում
Եւ ծիծաղում էր անտառի վրայ:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

Ամանորեան Մտորումներ` Պարոյր Սեւակէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

799786279

Սիրելի՛ ազգակիցներ,

Երկրագնդի բոլոր միջօրէականներն ու հորիզոնականները անհայրենիք հայի ոտքերով հատած հեռաւոր հարազատներ:

Գալիս է Նոր տարին, Կաղանդը, Ամանորը:

Գալիս է ու մեզ համար, որ ժողովուրդ ենք, բայց ժողովուած չենք: Ուրեմն թող նա գայ նախ եւ առաջ իբրեւ մէջքապնդող գօտի բոլորիդ համար` աշխարհագրական որ գօտիներում էլ լինենք:

Եթէ համբերութիւնը թել է, մերը պիտի պարան կոչուի եւ հիւսուած լինի ոչ թէ թելերից, այլ ջղերից մեր սեփական, մեր մկաններից ու նեարդերից:

Թող Նոր տարին նորոգի ձեր ջղերը, ամրապնդի ձեր մկանները, երիտասարդացնի ձեր նեարդերը: Աչքերը տեսնելու համար են եւ ոչ թէ միայն ճանապարհ պահելու: Բոլորիս աչքերն էլ ճանապարհ են պահում. մենք` ձեր ճանապարհը, դուք` մեր ու ձեր հայրենիքի:

Թող բոլորիս աչքերն էլ պայծառանան Նոր տարում, եւ ճանապարհները կրճատուեն, եւ սպասելիքները մօտենան:

Բարին է առաջնորդել մեզ հազարամեակներ շարունակ: Մեր տուածի գէթ մի մասը պիտի որ մեզ վերադարձնի բախտ կոչուածը, որքան էլ հուլաբար ու ծուլաբար քայլի:

Թող գալիք տարին արագացնի այդ քայլքը, ու բարին հասնի բոլորիդ ու բոլորիս: Թող հայ մանուկներ շատ ծնուեն Նոր տարում եւ ծնուեն ճակատի այլ գրով. կնունքը` որտեղ կ՛ուզի, բայց նրանց հարսանեաց հանդէսը կատարուի մեր Մայր Հայրենիքում, ստորոտներում այն լեռների, ափունքներում այն լճերի ու գետերի, որոնց անունն արտասանելիս դողում են մեր շուրթերը եւ փշաքաղւում է մեր մաշկը…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

1963 դեկտեմբեր 31

Շնորհաւորական
Բացիկներ

Եթէ Նոր տարուան եւ Ս. ծնունդին առիթով շնորհաւորական բացիկներ ղրկելու սովորութիւն ունիք, եկէք այս տարի դո՛ւք պատրաստեցէք զանոնք, թէ՛ կոկիկ գումար մը խնայած կ՛ըլլաք, եւ թէ կրկնակի հաճոյք կը պատճառէք ստացողին, քանի մը ստացողը  մեծապէս պիտի գնահատէ ձեր տրամադրած ժամանակը եւ ձիրքը:

Ահաւասիկ շնորհաւորական բացիկներու հինգ հետաքրքրական նմուշներ, որոնց պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են գունաւոր խաւաքարտեր, կոճակ, ժապաւէն, մատիտի տաշոց, գունաւոր խէժերիզներ (սքոչթէյփ), հին թերթեր եւ անշուշտ խէժ:

ա.- Մատիտի տաշոցներով պատրաստուած բացիկ:

ա.- Մատիտի տաշոցներով պատրաստուած բացիկ:

բ.- Կարմիր ուլունքներով պատրաստուած բացիկ:

բ.- Կարմիր ուլունքներով պատրաստուած բացիկ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

գ.- Տարբեր չափի կանաչ ժապաւէններով պատրաստուած բացիկ:

գ.- Տարբեր չափի կանաչ ժապաւէններով պատրաստուած բացիկ:

դ.- Կանաչ կոճակներով պատրաստուած բացիկ:

դ.- Կանաչ կոճակներով պատրաստուած բացիկ:

ե.- Պատռտուած թերթի կտորներով պատրաստուած բացիկ:

ե.- Պատռտուած թերթի կտորներով պատրաստուած բացիկ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Առողջապահական

Ձեր Աչքերուն Առողջութիւնը
Ապահովող Ուտեստներ

Յաճախ կը մտահոգուիք ձեր տեսողութեան որակով, բայց քիչ անգամ կը մտածէք ձեր աչքերուն առողջութեան մասին: Ահաւասիկ` 7 ուտեստ, որ ըստ «Քենետիըն նեշընըլ ինսթիթիութ ֆոր տը պլայնտ»-ի կարծիքով, անհրաժեշտ են ձեր աչքերուն առողջութեան համար:

– 1 –

Հաւկիթը
Հաւկիթին պարունակած Ա կենսանիւթը կ՛օգնէ, որ ցանցաթաղանթը իր դերը լաւ կատարէ եւ նուազի ծերութեան հետ կապուած «մաքիւլար տեճեներէյշըն» կոչուած հիւանդութիւնը եւ քաթարաքթի հաւանականութիւնը:

– 2 –

Ազնուամորի
Սէ կենսանիւթով հարուստ ազնուամորին նոյնպէս կը պակսեցնէ քաթարաքթի հաւանականութիւնը:

– 3 –

Նուշը
Նուշին պարունակած Էօ կենսանիւթը կ՛օգնէ դանդաղեցնելու ծերութեան հետ կապուած տեսողութեան դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ` քաթարաքթը:

– 4 –

Պրոքոլին
Պրոքոլին կը պարունակէ կարեւոր քանակութեամբ լիւթէին, որ տարեցները կը պաշտպանէ քաթարաքթէն, եւ մաքիւլար տեճեներէյշընէն:

– 5 –

Սալմոնը
Օմեկա 3-ով հարուստ այս ձուկը նոյնպէս կը պաշտպանէ ծերութեան հետ կապուած տեսողական խանգարումներէն:

– 6 –

Շոմինը
Շոմինին պարունակած զէաքսանթինը աչքերը կը պաշտպանէ արեւին եւ օքսիտասիոնին պատճառած վնասուածքներէն:

– 7 –

Մածունը
Մածունին պարունակած զինկը կ՛օգնէ մարմնին, որպէսզի լաւապէս ներծծէ հակաօքսիտանները, որոնց կարգին` Ա կենսանիւթը:

Ի՞Նչ Է Մաքիւլար Տեճեներէյշընը

Մաքիւլար տեճեներէյշընը աչքի ցանցաթաղանթի լուրջ հիւանդութիւն մըն է, որ կապուած է տարիքի հետ:

Այս հիւանդութիւնը կը յայտնուի 50-ը թեւակոխած անձերուն մօտ, բայց աւելի յաճախակի է 65 տարեկանէն ետք:

Հիւանդութիւնը կը յատկանշուի ցանցաթաղանթի կեդրոնական մասի վնասումով: Ենթական թէեւ ամբողջովին տեսողութիւնը չի կորսնցներ, բայց եւ այնպէս սեւ կամ մութ մոխրագոյն բիծեր կը տեսնէ եւ կը զրկուի կարդալու կարողութենէն:

Մաքիւլար տեճեներէյշընին ճշգրիտ պատճառները ցարդ անյայտ են, իսկ ժառանգական բաժինը իր կարեւոր դերը ունի: Դժբախտաբար հիւանդութիւնը դարման չունի, կարելի է սրսկումներով եւ դեղահատերով դանդաղեցնել անոր յառաջացումը:

 

Կերակուրի Մը Պատմութիւնը

Հայկական խոհանոցը ունի շատ մը առանձնայատկութիւններ, որոնք պայմանաւորուած են պատմական, աշխարհագրական, կլիմայական եւ նոյնիսկ պատմաքաղաքական տարբեր գործօններով:

Հայկական խոհանոցի կերակուրներուն մեծ մասը ունի իր պատմութիւնը, կամ իրեն կապուած հետաքրքրական աւանդազրոյց մը. կ՛արժէ իմանալ զանոնք եւ փոխանցել գալիք սերունդներուն:

Հարիսա

13926773210

Խրիմեան Հայրիկը իր «Պապիկ եւ թոռնիկ» գիրքին մէջ, պատմելով աւանդազրոյց մը հարիսային մասին, կը բացատրէ, որ բառը յառաջացած է «հարէք զսա» խօսքէն:

Հարիսային արմատները շատ հին են. հարիսան, այլ անունով քաշիկա, եղած է տօնածիսական ճաշ պատրաստուած է մեծ կաթսաներով եւ նուիրուած աստուածներուն, որպէս զոհաբերութեան արտայայտութիւն:

Հարիսան Նաւասարդեան ուտեստ էր. անիկա Նաւասարդ ամսուն 1-ին (օգոստոս 11) զարդարած է տօնական սեղանները, երբ մեր պապերը համաժողովրդական տօնախմբութեամբ կը նշէին Նոր տարին:

Բացի Նաւասարդէն, հարիսան պատրաստուեր է տօնական այլ օրերու եւս` հարսանիք, կնունք, սուգ եւ այլն… Ամանորեայ հարիսան կարելի չէր խառնել, որպէսզի տարին խառնակ չըլլայ, եւ խաղաղութիւն տիրէ:

Հարիսան նաեւ հայոց բանակի ամէնօրեայ կերակուրներէն էր, քանի որ շատ սննդարար համարուած էր: Հայոց բանակը իր յաղթանակները նշած է հարիսայի սեղաններուն շուրջ:

Թաթխան

Թաթխան

Թաթխան կը նշանակէ հացը մէջը թաթխելու համար նախատեսուած թացան:

Սերմերէ, հատիկներէ, ընկուզեղէններէ եւ տարբեր տեսակի համեմներէ պատրաստուած իւրայատուկ ուտելիք մըն է, որ տարածուած էր յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:

Թաթխանը համեստ ընտանիքներու սեղաններէն անպակաս կ՛ըլլար. զայն կ՛ուտէին որպէս նախաճաշ կամ ընթրիք:

Ձուածեղ

Tsevazegh_121015

Ձուածեղ բառը յառաջացած է «ձու» եւ «եղ» բառերէն, այսինքն ձուին վրայ ածել (լեցնել) իւղ: Բարբառներուն մէջ յաճախ կան նաեւ «եղձու» կամ «եղաձու» տարբերակները:

Ձուածեղը հայերուս մօտ համարուած էր յարգի ուտեստ: Անցեալին վրան մեղր լեցուած ձուածեղ կը հրամցուէր յարգի հիւրերուն նաեւ` կնքահօր եւ փեսացուին:

Ստեփան Զօրեան իր կարգին «Աշակերտական տարիներ» գիրքին մէջ կը պատմէ, թէ մայրը ինչպէս ձուածեղով մը պատուեց զինք դպրոցէն վկայուելուն եւ մրցանակ ստանալուն առիթով:

(Շարունակելի)

Խոհագիր

Խնձորով Փիծծաներ

IMG_8258

Բաղադրութիւն.

– Մէկ տուփ թոն
– Մէկ թէյի դգալ ճերմակ քացախ կամ գինի
– Մէկ թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Երկու ապուրի դգալ չոր քրէմպըրի (լորամրգի)
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Երկու խոշոր խնձոր
– Երկու ապուրի դգալ մայոնէզ

Պատրաստութիւն.

Փոս ամանի մը մէջ խառնել թոնը, մայոնէզը, քրէմպըրին, կիտրոնի հիւթը, քացախն ու համեմները:

Ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ շարել կլոր կտրուած խնձորի շերտերը, եւ իւրաքանչիւր շերտի վրայ դնել վերոյիշեալ խառնուրդէն:

Հրամցնել ճերմակ կամ ռոզէ գինիի հետ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կաղանդչէք

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Եթէ գիտնամ
Թէ վերջընթեր Կաղանդին
Պիտի նուէրս ընդունիս
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ սիրելիս
Նուէրներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն իշխանականը զատած
Եթէ գիտնաս թէ կը սպասեմ սիրելիս
Զոյգ ձեռքերըս սրտիս նման քու անունիդ երկարած

Հարիւր Կաղանդ ալ կը մընամ առանց քեզի սիրելիս
Գիտնամ միայն թէ վերջընթեր Կաղանդին
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած
Պիտի գաս

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ – սիրելիս
Գիտնամ միայն
Թէ անպայման
Կաղանդներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Ես ամէնէն երազային հարիւրերորդ Կաղանդին
Մշտադալար եղեւինի մը տակ լուռ
Պիտի հալինք պիտի հատնինք անէանանք միասին
Անվերադարձ Կաղանդներուն պէս կեանքին

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Գիտնամ միայն որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ սիրելիս:

 ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 

 

 

Viewing all 579 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>