Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 579 articles
Browse latest View live

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

shnorhavor_123115

Վերջին Վայրկեան…

Հազիւ ժամեր մեզ կը բաժնեն Նոր տարիէն…

Ժամանակը կարճ է եւ ձեր ձեռքին տակ ունիք մէկ-երկու փոքրիկ նուէրներ, որոնք տակաւին չեն ծրարուած… ո՞ւր երթալ, որո՞ւ դիմել…

Ահաւասիկ` քանի մը «լուսաւոր գաղափար», որոնք թէ՛ պիտի լուծեն ձեր հարցը եւ թէ՛ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառեն ստացողին:

IMG_0887

Ա.- Զգուշութեամբ կոտրեցէք ընկոյզ մը, պարպեցէք միջուկը եւ ձեր նուէրը տեղաւորեցէք մէջը:

Emballage_Boutons_BlankGoods

Բ.- Կտոր մը թուղթ ճարեցէք տունէն եւ գունաւոր կոճակներ օգտագործելով` ծրարեցէք ձեր նուէրը:

 

gift-wrapping_123115

Գ.- Բաղնիքի թուղթի գլանաձեւ խաւաքարտին երկու ծայրամասերը ծալելով` պատրաստեցէք տուփիկներ, մի՛ մոռնաք զանոնք զարդարելու գունաւոր խէժերիզով կամ ժապաւէններով:

furoshiki-1_123115

Դ.- Որքան ալ տարօրինակ թուի, այո՛, ձեր նուէրը կրնաք փաթթել գեղեցիկ էշարփներու մէջ եւ երկու ծայրամասերը հանգուցել: Ասիկա ճափոնցիներուն նախասիրած ձեւն է:

 

Առողջապահական

Ակնագարուկը Արագ Բուժելու
Բնական Միջոցներ

ashk_123115

Եթէ ձեր կապին վրայ ակնագարուկ յայտնուի, մի՛ սպասէք, որ մեծնայ, անմիջապէս ճարին նայեցէք:

«Հելթի ֆուտ սթար»-ի համաձայն, կարելի է ակնագարուկը (աչքի գարի, գարուկ) դարմանել  բնական միջոցներով` գետնախնձոր, հաւկիթ, սխտոր կամ վարունգ օգտագործելով:

ա.- Կե=ւուած գետնախնձորը քերոցէ անցընել, ապա «թիւլ» կտորի մը մէջ դնել եւ ակնագարուկին վրայ դնել: Ասիկա արագ միջոց է ցաւը մեղմացնելու համար:

բ.- Հաւկիթի ճերմկուցին մէջ մաքուր բամպակ մը թաթխել ապա բամպակը ակնագարուկին վրայ տեղաւորել, ձգել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել մաքուր ջուրով:

գ.- Նոյն արդիւնքը կը ստանաք նաեւ վարունգը օգտագործելով:

դ.- Կիսուած սխտորի պճեղով մը օրական քանի մը անգամ շփեցէք ակնագարուկը: Սխտորը թէ՛ հականեխող է, թէ՛ դարմանող:

 

Ամէնէն Օգտակար Մթերքներու
Լաւագոյն Տասնեակը

alim_136359134

Սնունդի ոլորտի մասնագէտները կազմած են ամէնէն օգտակար մթերքներու լաւագոյն տասնեակը. ստորեւ ցանկը.

1.- կիտրոն
2.- պրոքոլի
3.- սեւ տուրմ
4.- կարմիր գետնախնձոր
5.- սալմոն ձուկ
6.- ընկոյզ
7.- աւոքատօ
8.- սխտոր
9.- ընդեղէններ
10.- կաթնեղէններ

Ինչո՞ւ Արտասուելը Օգտակար Է

Fotolia_53860249_XS

Մտածա՞ծ էիք, որ արտասուելը եւս ունի իր բարիքները:

Արցունքները խոնաւ կը պահեն եւ չեն ձգեր, որ աչքերը չորնան:

Արցունքները կը մաքրեն աչքերը, հոն տեղաւորուած փոշին, նոյնիսկ մանր իրերը կը չքանան:

Արցունքները կը մեղմացնեն հոգեկան ցաւերը:

Արտասուելը կ՛օգնէ յաղթահարելու ընկճախտային վիճակները եւ հարթել անոնց հետեւանքները: Արտասուելէ ետք  զարկերակը եւ շնչառութիւնը կը դանդաղին եւ մարմինին լարուած մկանները կը թուլնան:

Արցունքները կարողութիւնը ունին մեռցնելու որոշ պաքթերիաներ` շնորհիւ լիսոզիմ կոչուած հեղուկին:

Այսուհետեւ պատճառ չունիք ամչնալու եւ ձեր արցունքները զսպելու, ձգեցէք, որ ձեր արցունքները առատօրէն հոսին, երբ պահանջը կը զգաք:

 

Խոհագիր

Տաք Գինի

Hot-wine_123115

Եւրոպացիք, յատկապէս ֆրանսացիներն ու իտալացիները Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի սեղաններէն անպակաս կ՛ընեն տաք գինին: Ահաւասիկ դիւրին բաղադրատոմս մը` բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են եւ կ՛ուզեն նորութիւն բերել իրենց տօնական սեղաններուն:

Բաղադրութիւն

1 լիթր կարմիր գինի
2 ապուրի դգալ նարինջի կեղեւի տաշուք
4 մեխակի գամ
1-2 կասիայի փայտիկ
Բարակ շերտուած կոճապղպեղի կտոր մը
60 կրամ շաքար
1 աստղ անիսոն
1 նարինջի հիւթ

Պատրաստութիւն

Կաթսայի մը մէջ դնել բոլոր բաղադրութիւնները եւ տաքցնել` մինչեւ եռալը:

Կրակը թեթեւցնել, 5 վայրկեան եւս կրակին վրայ ձգել, ապա կրակը մարել եւ 10 վայրկեան ձգել, որպէսզի հանգչի, ապա քամոցէ անցընել:

Հրամցնել տաք վիճակի մէջ` նարինջի շերտերով զարդարուած:

 

Համօ Սահեան

Hamo-Sahyan_123115

Նոր տարի է գալիս: Ուզում եմ շնորհաւորանքի խօսքեր գտնել իմ տոհմ ու տակի աւագների եւ կրտսերների համար, իմ ազգի բոլոր մեծերի ու փոքրերի համար:

Ուզում եմ յետ նայել, յետ գնալ, վերապրել անցածը, մէկ տարուան  անցածը: Ուզում եմ շնորհակալութեան ու շնորհաւորանքի խօսքեր գտնել իմ ժողովրդի փետրուարեան խիստ ու խելօք ընդվզումների համար, դարաւոր ստրկութեան վախից ձերբազատուելու նրա աստեղային ժամի համար, ազգային զարթօնքի, միահամուռ կամքի, միասնութեան եւ միաբանութեան նրա աստեղային ժամի համար, իր ինքնաճանաչման գիտակցութիւնը դարի ճակատին արձանագրելու համար, իր երդաշէն վաստակի եւ երդանուէրներ ոգու համար, կորցրածը ետ բերելու իր առաջին յանդուգն փորձի համար:

Մենք տոկալու եւ ապրելու ենք, քանի աշխարհը կայ, քանի աշխարհում մարդկութիւն կայ եւ մարդկութեան մէջ` մարդկայնութիւն:

Այս հաւատով էլ ոտք դնենք Նոր տարուան սեմին եւ բոլոր սրտով բոլորին մաղթենք` շնորհաւո՜ր Նոր տարի:

1988թ. դեկտեմբերի 31

 

Նոր տարի է գալիս: Դառնանք ու մաղթենք, որ այս տարին իրենց տուն ու տեղից քշուած հայերի համար գաղթականութեան վերջին տարին լինի, որ նրանք իրենց հող դարձած պապերի հողի վրայ տիրաբար քայլեն, ծաղկեցնեն այդ հողը եւ ապահովեն իրենց սերունդների ծաղկումը: Նոր տարի է բացւում, բարով է բացւում ու բացւում է բարի…

1989թ. դեկտեմբերի 31

 

Նոր տարի է գալիս: Ոչ մի օրհաս, ոչ մի հոգեվարք, ոչ մի կործանում, մենք նոր ենք կայանում որպէս ազգ ու պետութիւն, այդ կայանալու կենացը մաղթենք:

1992թ. դեկտեմբերի 30

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒ ՀԵՏ ՆՈՐԱՆԱԼՈՎ

Հրաժեշտի ու հանդիպման
Երանելի մի ակնթարթ…
Զրը՜նգ զրը՜նգ,- ծոր է տալիս
Ժամացոյցի զանգը հպարտ:
Սեղանների վրայ թողած
Իր օրհնութիւնն ու իր բարին,
Հարազատի յօժարութեամբ
Հեռանում է յոգնած տարին:
Մանուկ տարին իր սպիտակ
Խանձարուրից աչքը բանում,
Ուրախութիւն, ուրախութիւն,
Ուրախութիւն է խոստանում:

Ուրախանանք Նոր տարու հետ,-
Նոր տարու հետ նորանալով,
Հին հոգսի հետ մեր քունքերի
Ճերմակն անգամ մոռանալով…
Ուրախանանք Նոր տարու հետ,
Նոր տարու հետ նորանալով,
Դալարելով մեր կեանք ապրենք,
Ոչ թէ դանդաղ չորանալով
Խաղաղութիւն մաղթենք հողին,
Մաղթենք` ամէն սար ու ձորում
Բողբոջներին բացուելու բախտ
Եւ ծիլերին հասկաւորում:

Սիրողներին մաքուր սիրոյ
Հաւատ մաղթենք մի հաստատուն,
Իմաստունին կորով մաղթենք,
Եւ կտրիճին իմաստութիւն.
Մերձաւորին վստահութիւն,
Մեծաւորին` ներող հոգի,
Բարուն ազատ թեւեր մաղթէք
Եւ բարութիւն ամէն ոքի:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 


Հետաքրքրական. 3 Բան, Որ Պէտք Է Թափել Ըստ Ֆենկ Շուէյի

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Չինական ֆենկ շուէյ փիլիսոփայութիւնը կը պնդէ, որպէսզի երջանկութիւնն ու  յաջողութիւնը ձեր տունը մուտք գործեն, բաւական է ձերբազատիլ ընդամէնը 3 իրէ:

Ճաթած, Ճեղքուած Ապակեղէնէ

f95a00da95d936a5f1d3e9c56849c376

Ճաթած պնակեղէնը, հին թէ նոր, տան մէջ անյաջողութիւն եւ հիասթափութիւն կը տարածէ: Նոյնիսկ եթէ այդ պնակը կամ գաւաթը շատ կը սիրէք ձերբազատեցէք անկէ եւ նորը գնեցէք, քանի որ ըստ ֆենկ շուէյի, ճեղքուած սպասը նաեւ ճեղքեր կը յառաջացնէ տանտէրերու կեանքին մէջ…

Ապակեայ սպասը լիութեան եւ բարեկեցութեան երջանկութեան եւ ներդաշնակութեան խորհրդանիշ է, իսկ ճեղքուած պնակեղէնի օգտագործումը բացասական ալիքներ կը տարածէ տան մէջ:

Հին Հագուստէ Եւ Կօշիկէ

nenuzhnyh-veschi_42816

Ժամանակն է վերանայելու ձեր պահարանը: Եթէ հոն կան անգործածելի հագուստեղէն եւ կօշիկ, ձերբազատեցէք անոնցմէ, յանձնեցէք կարիքաւոր անձերու: Երբ դուք կը ձերբազատիք ոչ պիտանի իրերէն, դրական ալիքներ եւ ներդաշնակութիւն կը տարածէք ձեր շուրջ:

Արուեստական Ծաղիկներէ

artificial-eglantine-roses-bouquet_42816

Արուեստական ծաղիկները մահացած ծաղիկներ են: Անոնք աւելի ճնշող կը դարձնեն ձեր տան մթնոլորտը: Բացի հնաոճ եւ տգեղ ըլլալէ` անոնք նաեւ փոշիի կուտակման վայրեր են:

Հետեւաբար հրաժարեցէ՛ք մահուան տրամադրութիւն սփռող արուեստական ծաղիկներէն, որոնք բացասաբար կ՛ազդեն ձեր առողջութեան, տրամադրութեան եւ ներդաշնակութեան վրայ:

Ֆենկ շուէյ փիլիսոփայութիւնը կը յանձնարարէ, որ հետեւիք այս խորհուրդներուն, որպէսզի երջանկութիւնն ու բարեկեցութիւնը հաստատուին ձեր տուներէն ներս, իսկ տխրութիւնն ու ձախողութիւնները խոյս տան հոնկէ:

 

2016-ի Ամրան
Նորաձեւութիւնը

Հազիւ ամիս մը մեզ կը բաժնէ ամրան եղանակէն, իսկ նորաձեւութեան աշխարհի մեծագոյն ձեւագէտները արդէն ամիսներ առաջ ներկայացուցած էին իրենց հաւաքածոները` Փարիզի, Միլանոյի, Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ:

Ստորեւ` 2016-ի ամրան նորաձեւութեան գլխաւոր կէտերը.

robe_denim_42816

– Ճինզ հագուստներու վերադարձ,

robes_blanches_selection_42816

– Ճերմակ, տանթել հագուստներ,

combinaison_42816

– Քոմպինեզոններ եւ սալոփեթներ,

brassiere_42816

– Պրասիերներ (կարճ, փորը ցուցադրող վերնաշապիկներ), որոնք յաճախ բաճկոններու տակ կը հագցուին,

decoupe_epaule_42816

– Ուսերը ցուցադրող վերնաշապիկներ, յաճախ` վոլան օձիքներով,

brode_42816

– Ասեղնագործուած ճերմակ, լայն շապիկներ,

rayures_42816

– Գծաւոր տաբատներ, շապիկներ, լողազգեստներ եւ կօշիկներ,

sandales_lacees_42816

– Կապերով օժտուած տարբեր տեսակի սանտալներ:

 

10 Լուսաւոր Գաղափարներ

10-ideas_42816

– 1 –

Խարոյկ վառելու արագ միջոց է չիփսի օգտագործումը: Չիփսը աւելի լաւ կը վառի, քան` որեւէ հեղուկ կամ ալքոլ:

– 2 –

Գետնախնձորը աւելի արագ կը խաշի, եթէ եփի ջուրին մէջ կտոր մը կարագ աւելցնենք:

– 3 –

Հաւկիթին թարմութիւնը ստուգելու համար, զայն ջուրով լեցուն կաթսայի մը մէջ դրէք: Եթէ հաւկիթը յատակը իջնէ, կը նշանակէ թարմ է, իսկ եթէ ծփայ, անմիջապէս թափեցէք:

– 4 –

Թրջած, խոնաւ կօշիկը արագ չորցնելու համար աղը տաքցնենք, գուլպայի մը մէջ լեցնենք, բերանը ապահով փակենք եւ ապա զայն տեղաւորենք կօշիկին մէջ, ի հարկին կրկնենք գործողութիւնը:

– 5 –

Որպէսզի կաթը արագ եռայ, պտղունց մը շաքար աւելցուցէք անոր:

– 6 –

Պանիրը դիւրին քերելու համար քերիչին կտոր մը կարագ քսենք: Այսպիսով, պանիրը քերիչին չի փակչիր, քերիչն ալ աւելի դիւրին կը լուացուի ու կը մաքրուի:

– 7 –

Խոհանոցէն տհաճ հոտը չէզոքացնելու համար փոքրիկ կաթսայի մը մէջ ջուր եռացուցէք, մէջը երկու ապուրի դգալ քացախ աւելցուցէք եւ կրակը վառած պահեցէք, մինչեւ որ ջուրը շոգիանայ:

– 8 –

Չորցած կիտրոնին երկրորդ կեանք մը տալու համար զայն մէկ-երկու ժամ պահեցէք ջուրով լեցուն խորունկ ամանի մը մէջ:

– 9 –

Թեթեւ գլխացաւէն ձերբազատելու համար կիսուած կիտրոնով շփենք մեր ճակատը:

– 10 –

Կոտրած ապակիի մը փշրանքները արագ եւ դիւրին հաւաքելու համար օգտագործենք խմորի կտոր մը, ֆրանսական «փեն տը մի»-ն եւ կամ` խոնաւ օճառ մը:

 

Խմիչքի Հետ Հրամցուող
Իւրայատուկ Ուտեստներ

abricots-et-pruneaux-(1)_42816

6 անձի համար անհրաժեշտ են.-

– Նախընտրաբար` այծի պանիր, սակայն կարելի է օգտագործել ձեր քիմքին հաճելի այլ տեսակներ եւս,
– 6 հատ չոր ծիրան,
– 6 հատ չոր սալոր
– 6 հատ չոր թուզ,
– 12 հատ ընկոյզի միջուկ:

Պատրաստութիւն

Չոր պտուղները դանակով մը կիսել, առանց լման իրարմէ բաժնելու: Այծի պանիրը բարակ շերտել եւ իւրաքանչիւր շերտ տեղաւորել պտուղներուն ճեղքերուն մէջ , կարելի եղածին չափ սեղմել, ապա չոր պտուղները ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ քով-քովի շարել եւ հրամցնել:

Ձեր հիւրերը վստահաբար պիտի տպաւորուին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Դու Հեռացար…

Բայց ես գիտե՛մ, ես գիտե՛մ,
Ո՛ւր էլ գնաս, ես քեզ հե՜տ եմ, ես կը գամ.
Քո հոգու մէջ ես այնքա՜ն շատ կամ արդէն,
Որ էլ այնտեղ ուրիշներին տեղ չկայ…
Հազար աչքե՜ր հուրհրան քո առաջին`
Ե՛ս կը նայեմ աչքից ամէն աղջկայ.
Ո՛վ էլ խօսի` քեզ հետ իմ ձայնը կը գայ,
Իմ շշու՜նջը կը փարուի քո ականջին:
Էլեկտրավար փողոցներով երբ քայլես`
Իմ հայեացքը քեզ կը ցոլայ լամպից լամպ.
Ծառերի թաւ թաւիչները դիպչեն քեզ`
Յոգնած դէմքդ կը շոյեն ի՛մ քնքշութեամբ:
Տուն գաս նորից, քո գրքերի մէջ սուզուես`
Թղթերիդ մէջ ե՛ս կ՛երեւամ վերստին,
Ծխախոտի ծո՜ւխ կը դառնամ քո շուրթին,
Լուսամուտից զեփիւռի հետ կը գամ ներս:
Լուսամուտդ փակես` մրրի՛կ կը լինեմ,
Հո՛ղմ կը լինեմ ու կը փշրեմ ապակիդ,
Ու սենեա՛կդ ու աշխա՛րհդ կը խուժեմ,
Ու կը խառնեմ թղթե՛րդ, կեա՛նքդ, հոգի՛դ…
Ո՛չ, չե՜ս կարող, ինձ չե՛ս կարող մոռանալ…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 

Տօներ, Աւանդութիւններ. Համբարձում

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

Զատիկէն ճիշդ քառասուն օր ետք կը նշուի Համբարձման, կամ ինչպէս ոմանք կը կոչեն, վիճակի կամ կաթնապուրի տօնը: Անիկա Քրիստոսի յարութիւն առնելէն ետք երկրի վրայ քառասուն օր շրջելու եւ ապա երկինք համբառնալու պատկերացումն է քրիստոնէական տօնացոյցի մէջ:

Համբարձումը շարժական տօն է, ամէն տարի տարբեր թուականի կը նշուի, սակայն ան միշտ կը զուգադիպի հինգշաբթի օրուան, իսկ հանդիսութիւնները կը սկսին չորեքշաբթի: Այդ չորեքշաբթին կիները «Ծաղկամօր կիրակի» կը պահէին, այսինքն կարգ մը աշխատանքներէ կը խուսափէին ի պատիւ «Ծաղկամօր», որպէսզի ան իրենց երեխաներէն հեռու պահէ «ծաղիկ» ու «կարմրուկ» հիւանդութիւնները:

srbuhi-varvare-kuysi-hishatakutyan-or-7480

Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, Վարվառէ անունով կոյս մըն է, որուն քրիստոնէութիւնը ընդունելուն պատճառով հետապնդեր է իր կռապաշտ հայրը, եւ ան Արեւմտեան Հայաստանէն փախչելով` եկեր ապաստաներ է Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը: Հայրը զայն հետապնդեր է, եւ շրջանի հովիւները մատներ են Վարվառէի թաքստոցը: Յուսահատ Վարվառէն նահատակուելէ առաջ Աստուծմէ խնդրեր է, որ ծաղիկ ու կարմրուկ հիւանդութիւն ունեցող մանուկները իր անունով բուժուին: Աստուած կատարեր է անոր խնդրանքը, եւ Վարվառէին աղօթող մայրերուն զաւակները բուժուեր են այդ հիւանդութիւններէն:

Նոյն առիթով Վարվառէն անիծեր է իր տեղը մատնած հովիւները, վերջիններս եւ իրենց ոչխարները քարացեր են: Մինչեւ այսօր աշտարակցիները ցոյց կու տան այդ քարերը: Համբարձման չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը Արայի լերան շրջակայքի ժողովուրդը Ծաղկեվանք ուխտի կ՛երթայ:

Ուխտագնացութիւն դէպի Ծաղկեվանք

Ուխտագնացութիւն դէպի Ծաղկեվանք

Ծաղկեվանքը կոյս Վարվառէի մահարձանը կը համարուի. Մամռոտ վանքին մէջ կայ աղբիւր մը, որ բուժիչ յատկութիւններ ունի. կ՛ըսուի, թէ աղբիւրը սկիզբ առած է Վարվառէի արցունքներէն:

Կաթնապուրի Արարողութիւն

Համբարձման օրը բոլոր տուներուն մէջ առտու կանուխ կաթնապուր կ՛եփէին: Ոմանք կաթնապուրի կաթսային տակ վառող կրակին մէջ կ՛այրէին եօթը աղօթքով հանգուցուած ձեռքի կապը:

Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ կաթնապուրը կ՛եփէին խմբովի` արտերուն մէջ եւ քանի մը շերեփ կաթնապուր կը թափէին արտերուն շուրջը` բերքի առատութիւն ապահովելու եւ արտը կարկուտէն ու վնասակար միջատներէն պաշտպանելու համար:

Համբարձման օրուան կաթնապուրը մատաղ էր, անիկա կը բաժնուէր առնուազն եօթը տուն:

Շատ մը ընտանիքներ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին եփեր, որպէսզի կովերուն կաթը չպակսի, իսկ Համբարձումին առաջին անգամ եփուող կաթնապուրը յատուկ հանդիսութեամբ կ՛ուտուէր:

Վիճակի Արարողութիւն

hambardzman-tvony-nv-50516

Անցեալին վիճակի արարողութիւնը կը կատարուէր բացօթեայ, դաշտերուն մէջ: Աղջիկները կը բազմէին խոտերուն վրայ, իրենց մէջտեղը կը զետեղէին վիճակի փարչը, հարսի հագուստով անչափահաս աղջնակը կը նստեցնէին փարչին քով` երեսը քողով ծածկուած: Իբրեւ անարատ եւ միամիտ երեխայ` ան էր, որ իւրաքանչիւր բախտագուշակ քառեակ երգէն ետք պիտի հանէր նշանները փարչին մէջէն:

Աղջիկներուն խումբը առաջին երգը կը նուիրէր վիճակի փարչին.

«Վիճակ, վիճակ ծաղկավիճակ,
Շալէ շապիկ, նախշուն կոճակ:
Եկան տարան տիրոջ դուռը,
Ճակտին զարկին կարմիր նուռը,
Ջան, ծաղիկ, Համբարձում…»:

Ասկէ ետք կը սկսէր հարիւրաւոր քառեակներու երգը, իսկ բազմութիւնը դրական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ ուրախութիւն կը բաժնէր եւ կը մխիթարէր բացասական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ.

Ահաւասիկ դրական վիճակի նմուշ մը.
«Ազգի, մանէ՛ մանածդ,
Գնա քաղէ ցանածդ,
Այսօր վիճակի տօնն է,
Կը գտնես քո սիրածդ»:

Բախտաւոր, դրական վիճակի պարագային խումբը կ՛երգէր.

«Վիճակ, վիճակ դուրս ելաւ,
Վճկի, վրէն լոյս ելաւ,
Էս ինչ բարի բախտ ելաւ…»:

Վիճակի արարողութիւնը վերջ գտնելէ ետք փարչին ջուրը կը թափէին արտերը: Շիրակի շրջանին մէջ հիւանդներուն տէրերը այս ջուրէն տուն կը տանէին եւ իրենց հիւանդին գլխուն կը քսէին, որպէսզի վերջինս շուտ առողջանայ եւ կազդուրուի:

Երեկոյեան, տունդարձի երգը կը հաստատէր տօնին աւարտը եւ կը սկսէին աշխատանքով յագեցած օրերը:

«Համբարձման երկուշաբթին,
Առէք փոցին ու գերանդին…»

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Ի՞Նչ Գիտենք
Մայրերու Օրուան Մասին

– 1 –

Հայաստանի մէջ մայրերու տօնը կը նշուի ապրիլին:
12963692_537001496461697_6583480135981391116_n

Ճի՛շդ, Հայաստանի մէջ ապրիլ 7-ը «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր» է: Ամէն տարի նոյն օրը Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածինի աւետման օրը:

– 2 –

Հայոց դիցաբանութեան մէջ Անահիտ աստուածուհին կը կոչուէր «Ոսկեմայր»:
Anahid_50516

Ճի՛շդ, Անահիտ դիցուհին պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան եւ ռազմի աստուածուհին էր: Զայն կոչած են` «Ոսկեմայր», «Սնուցող մայր», «Մեծ տիկին», «Ոսկեմատն»… քրիստոնէութեան շրջանին Անահիտի պաշտամունքը վերածուեցաւ Մարիամ Աստուածածինի պաշտամունքին:

– 3 –

Մայրերու օրը ծագում առած է Հռոմէն:
Սխալ, մայրերու հանդէպ առաջին պաշտամունքները ծագում առած են Հին Յունաստանէն: Գարնան մեծ շուքով կը պատուէին «Ռէա»-ն` Զեւսի մայրը: Աւելի ուշ հռոմէացիք Ռէան փոխարինեցին Սիպէլով, որ ճանչցուած էր որպէս «Մեծ դիցուհի» եւ «Աստուածներու մայր»:

– 4 –

Աշխարհի չորս ծագերուն մայրերու տօնը կը նշուի մայիսին:

Սխալ, արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը մայրերու տօնը կը նշէ մարտին, Եւրոպան, Մ. Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան, Հարաւային Ամերիկան` մայիսին, Արժանթինը` հոկտեմբերին, Ռուսիան` նոյեմբերին, Մոնկոլիան` յունիսին եւ այլն…

– 5 –

Եգիպտոսը մայրերու տօնը կը նշէ Լիբանանի նման` մարտ 21-ին:
Ճիշդ, նախագահ Կամալ Ապտել Նասեր սկիզբը ծիծաղելի համարած է մայրերու տօնի առաջարկը, բայց յետոյ տեղի տուած է: Այսպէս, 1956-ին մարտ 21-ը Եգիպտոսի մէջ հռչակուած է մայրերու տօն:

– 6 –

Եթովպիայի մէջ մայրերու տօնը կախեալ է անձրեւներէն:
Ճիշդ, Եթովպիոյ մէջ մայրերու տօնի ճշգրիտ թուական չկայ. եթովպիացիք կը սպասեն, որ անձրեւները դադրին… Այսպէս, հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին, երբ երկինքը պայծառանայ, ընտանեկան բացօթեայ խրախճանքներ կը կազմակերպուին: Եռօրեայ այդ խրախճանքը կը կոչուի «Անթրոշթ»:

– 7 –

Նախագահ Ուիլսընի օրով մայրերու տօնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ Մ. Նահանգներու մէջ:
Julia_Ward_Howe-_History_of_Woman_50516

Ճիշդ, 1872-ին Ճուլիա Ուարտ Հաու մայրերու տօնի գաղափարը յղացաւ Մ. Նահանգներու մէջ: 1907-ին Աննա Ճարվիս անունով այլ ամերիկուհի մը վերակենդանացուց գաղափարը եւ այդ օրերու ճերմակ մեխակը դարձաւ մայրերու տօնի խորհրդանիշ:

1914-ին նախագահ Ուիլսըն մայիսի 2-րդ շաբաթը հռչակեց մայրերու տօնի պաշտօնական թուական:

– 8 –

Գերմանիոյ մէջ մայրերու տօնին ամուսինները կը ծառայեն կիներուն…
Սխալ, այդ օրը մայրերը չեն աշխատիր, զաւակները կ՛ընեն ամէն բան: Նախ մայրերը օրը կը սկսին ճոխ նախաճաշով մը, ապա ընտանեկան պտոյտներ կը կազմակերպուին… Ոմանք ծաղիկ կամ տուրմ կը նուիրեն իրենց մայրերուն:

– 9 –

Չինաստանի մէջ միայն երիտասարդ մայրերուն վերապահուած է մայրերու տօնը:
Ճիշդ, Չինաստանի մէջ մինչեւ 35 տարեկան մայրերը առնչուած են այս տօնին հետ: Արդէն մայրերու տօնը պաշտօնապէս օրացոյցին վրայ անցած չէ…

– 10 –

Անգլիան վերջերս է, որ կը նշէ մայրերու տօնը:
Սխալ, արդէն տասնհինգերորդ դարէն անգլիացիք «Մաթըրինկ Սանտէյ» անունով տօն ունէին: Այդ օրը ուրիշներուն տունը ծառայող մայրերու կ՛արտօնէին տուն երթալ եւ ընտանիքին հետ անցընել օրը:

simnel-cake_50516

Մայրերու տօնին առիթով կը պատրաստուէր նաեւ «Մաթըինկ քէյք»-ը, որ ծանօթ էր նաեւ «Սիմնել քէյք» անունով: Անիկա չոր պտուղներով եւ մարզիբանով պատրաստուած կարկանդակ մըն է:

– 11 –

Սպանիոյ մէջ ճաշարանները ծաղիկ կը նուիրեն յաճախորդ մայրերուն:
Ճիշդ, Սպանիոյ մէջ մայրերու տօնը կը նշուի մայիսի առաջին շաբաթը: «Էլ տիա տը լա մատրէ»-ի օրը սպանացիք ճաշարանները կը խուժեն: Այդ օրը մայրերը կերակուր չեն պատրաստեր: Աւանդութեան համաձայն, ճաշարանները ծաղիկ կը նուիրեն ներկայ մայրերուն:

 

Խոհագիր

Նիւթելլայով Աղանդեր

 

fondue-meli-melo_50516

Այս դիւրին եւ արագ պատրաստուող աղանդերը անկասկած որ պիտի գնահատուի թէ՛ փոքրերուն եւ թէ՛ մեծերուն կողմէ:

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 1 պանան
– 1 քիուի
– 1 խնձոր
– 4 ելակ
– 4 «մատելէն» (ձուաձեւ փոքրիկ կարկանդակ)
– 5 ապուրի դգալ նիւթելլա

Պատրաստութիւն

Փայտեայ, ներկայանալի ցպիկներու վրայ քով-քովի անցուցէք լուացուած եւ կտրտուած պտուղները եւ կարկանդակի փոքրիկ կտորը:

Պեն-Մարիի միջոցով նօսրացուցէք նիւթելլան, ապա զայն լեցուցէք չորս փոքրիկ ամաններու մէջ, իւրաքանչիւրին կողքին զետեղեցէք պտուղով ցպիկները եւ հրամցուցէք:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Համբարձում Եայլա

Համբարձում եկաւ, ծաղկունքը ալուան,
Զուգել են հանդեր նախշուն գորգերով.
Փունջ-փունջ աղջիկներ սարերը ելան,
Վիճակ հանելու, աշխուժ երգերով:
Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:
Երգ ու բոյր խառնած,
Թեւ թեւի տուած,
Զուգում են լեռներ,
Ծաղիկ են քաղում,
Ծաղկի հետ խաղում
Ինչպէս թիթեռներ:
Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Մայրերուն Նուիրուած Գեղեցիկ Արձաններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

My-mother,-in-love-with-her-baby_51216

Զրկանք կրել, հոգս են տարել այս ձեռքերը
Ծով լռութեամբ,
Համբերութեամբ…

Պ. Սեւակ

 

Love-mother-and-child2_51216

Մայրս փոքրիկ, մայրս խեղճ,
Մայրս մի մայր հասարակ,
Մայրս այս մայր երկրի մէջ,
Արեւի դէմ մի ճրագ:

Յ. Շիրազ

 

We form our future_51216

Ա՜խ քո տեսքին, անուշ լեզուին
Կարօտել եմ, մայրի՛կ ջան.
Երնէ՜կ, երնէ՜կ, երազ լինեմ,
Թըռնիմ մօտդ, մայրի՜կ ջան…

Ա. Իսահակեան

 

Love mother and child1_51216

Դու իմ միակն էիր, ինչպէս Հայաստանս,
Տանս ճրագն էիր եւ ծուխն էիր տանս,
Դու խառնուած էիր շնչիս էութեանս…
Դու իմ միակն էիր, ինչպէս Հայաստանս:

Հ. Սահեան

 

Mother and children_51216

Լոյսի նման, յոյսի նման սրբազան,
Կեանքի նման թանկագին է մօր սէրը,
Աշխարհի մէջ ոչինչ չկայ իր նման,
Յաւերժական, սրտագին է մօր սէրը:

Գուսան Աշոտ 

«Մաքրութեան» Հասկացողութիւնը
Արեւելեան Փիլիսոփայութեան Մէջ

image11_51216

Արեւելեան փիլիսոփայութեան մէջ «մաքրութիւն» հասկացողութիւնը մի միայն մարմնին չի վերաբերիր, այլ նաեւ` հոգիի, միտքերու եւ արարքներու մաքրութեան:

***

«ՁԵՌՔԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» կը նշանակէ` չառնել այն, ինչ մեզի չի պատկանիր: Սխալ է բարեկցութիւն ձեռք բերել ուրիշի հաշուոյն: Եթէ մեզի չպատկանող գումար մը ձեռք բերենք խաբէութեամբ, անպարկեշտութեամբ, ինքնաբերաբար կ՛աղտոտենք մեր մարմինն ու հոգին:

***

«ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» կը նշանակէ` պէտք չէ ականջ կախել չար, գոռոզ եւ դառնացած մարդոց խօսքերուն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է, որ խուսափինք բամբասանքներ եւ չարախօսութիւններ լսելէ:

***

«ԱՉՔԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» ըսելով` պէտք է հասկնալ, որ կարելի չէ նախանձոտ տենչանքով նայիլ ուրիշին ունեցուածքին, կարելի չէ ապականել աչքերը` բռնութեան եւ դաժանութեան տեսարաններ դիտելով:

***

«ԲԵՐԱՆԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» կը նշանակէ` չաղտոտել բերանը շատախօսութեամբ, չարախօսութեամբ, հայհոյանքներով: Մեր խօսքի չար երանգները կ՛ապականեն մեր մարմինն ու կեանքը:

***

«ՄԱՐՄԻՆԻ ԵՒ ՀԱԳՈՒՍՏԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ»-ը կը նշանակէ, որ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք մեր արտաքին տեսքին: Մաքուր եւ խնամուած տեսք ունենանք միշտ, որպէսզի մեր շրջապատին հաճելի ըլլայ մեզի նայիլը:

***

«ՄՏՔԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ»-ը կ՛ենթադրէ, որ ձերբազատինք բացասական եւ կործանող միտքերէն եւ տեղ բանանք դրական եւ ստեղծագործ գաղափարներուն:

***

«ՀՈԳԻԻ ԵՒ ՍԻՐՏԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» մեր հոգին մեր ունեցած ամենամաքուր ու լուսաւոր բանն է: Չանտեսենք անոր պոռթկումները եւ առաջնորդուինք բարի սկզբունքներով: Սիրենք եւ փոխարէնը ոչինչ չպահանջենք: Սէրը ինքնին երջանկութիւն է:

 Նորաձեւութիւն

Աքսեսուարներ Կրելու
Կանոնները

Coco_Chanel_51216

Ոճը միջոց է` առանց խօսքերու ներկայացնելու մարդու էութիւնը: Յաճախ կարեւորութիւն կու տանք հագուստներուն եւ կը մոռնանք աքսեսուարներուն կարեւոր դերը: Մինչդեռ աքսեսուարներու ճիշդ ընտրութեան պարագային կարելի է անկրկնելի տեսք ունենալ միեւնոյն հագուստով:

Ահաւասիկ` նորաձեւութեան ասպարէզի մեծագոյն վարպետներու խորհուրդները:

Աքսեսուարներ կրելու ժամանակ հանեցէք այն, որ վերջինը աւելցուցիք: Այլ խօսքով, աքսեսուարները մի՛ չափազանցէք:

Գօգօ Շանել

***

Շատ կիներ կը կարծեն, որ կօշիկները կարեւոր չեն, սակայն կնոջ վայելչութեան անբաժան մասնիկներն են այն, ինչ կը կրեն իրենց ոտքերուն:

Քրիսթիան Տիոր

***

Աքսեսուարներուն դերը օրէ օր կ՛աւելնայ. գումար տրամադրեցէք կօշիկի, գօտիի, պայուսակի, փողկապի համար: Անոնց միջոցով կը թարմացնէք տարիներէ ի վեր կրած ձեր հագուստները:

Ճորճիօ Արմանի

***

Ճաշակաւոր մարդիկ գոհարեղէն կը կրեն: Միւս բոլորը ստիպուած են ոսկեղէն կրել:

Գօգօ Շանել

***

Ուշադրութիւն մի՛ դարձնէք միտումներուն: Թոյլ մի՛ տաք, որ նորաձեւութիւնը տիրէ ձեր վրայ: Դուք որոշեցէք` ի՛նչ տեսք կ՛ուզէք ունենալ եւ ինչպէս դուք ձեզ դրսեւորել:

Ճիաննի Վերսաչէ

***

Առանց գլխարկի կինը կարծէք կիսատ հագուած ըլլայ:

Քրիսթիան Տիոր

***

Օծանելիքը անտեսանելի, բայց անմոռանալի ու անգերազանցելի աքսեսուար է: Անիկա կ՛ազդարարէ կնոջ գալուստը եւ կը շարունակէ յիշեցնել անոր մասին, երբ ան արդէն մեկնած է:

Գօգօ Շանել

***

Կանացի հագուստին մէջ կարեւորը զայն կրող կինն է:

Իվ Սեն Լորան

 Հետաքրքրական

Աբրահամ Լինքընի Նամակը`
Ուղղուած Իր Տղուն Ուսուցչին

abraham-lincoln_51216

Աբրահամ Լինքընը Մ. Նահանգներու 16-րդ նախագահն էր: Լինքընը ազգային հերոս էր, անոր հետ կը կապուի ստրկատիրական համակարգի վերացումը եւ Սպիտակ տան մէջ միասնութեան եւ ազնուութեան մթնոլորտի հաստատումը:

Լինքըն «Ամերիկեան երազանք»-ի մարմնացումն էր: Աղքատ ընտանիքի զաւակ` փոքր տարիքէն ծանր աշխատանքի լծուած էր ընտանիքին օգնելու համար:

Ընտանիքին նիւթական ծանր վիճակին պատճառով ան ընդամէնը մէկ տարի դպրոց յաճախեց, սակայն շարունակեց ինքնուրոյն սորվիլ տառերը եւ գիրքեր կարդալ: Յամառութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ շարունակեց ինքնազարգացումը եւ հասաւ աննախադէպ բարձունքներու եւ դարձաւ երկրի նախագահ:

Աբրահամ Լինքըն ունէր չորս տղայ, որոնցմէ երեքը 4, 11 եւ 18 տարեկանին մահացան թոքախտէ եւ տիֆթերիայէ: Միայն աւագ որդին` Ռոպըրթը ապրեցաւ մինչեւ 82 տարեկան:

1855-ին Լինքըն գրած է իր նշանաւոր նամակը` ուղղուած Ուիլիըմի ուսուցիչին: Ուիլիըմ 11 տարեկանին մեռաւ եւ չկրցաւ իրագործել հօր պատգամները: Լինքըն կը խօսի չափազանց կարեւոր բաներու մասին, իսկ մենք դժբախտաբար պէտք եղած կարեւորութիւնը, չենք տար անոնց: Ստորեւ նամակէն բաժիններ.

«… Ես կը հասկնամ, որ ան պէտք է իմանայ, որ բոլոր մարդիկ արդար չեն, բոլորը անկեղծ չեն: Բայց անոր սորվեցուցէք, որ իւրաքանչիւր սրիկայի կողքին կայ նաեւ հերոս, որ` իւրաքանչիւր եսասէր քաղաքական գործիչի դիմաց կը գտնուի նաեւ նուիրուած առաջնորդ:

«Անոր սորվեցուցէք, որ եթէ թշնամի կայ, նաեւ ընկեր կը գտնուի: Անոր սորվեցուցէք, որ շահած մէկ տոլարը շատ աւելի արժէքաւոր է, քան` գտած հինգը:

«Անոր սորվեցուցէք ընդունիլ պարտութիւնը, ինչպէս նաեւ` վայելել յաղթանակները: Եթէ կրնաք, զինք հեռու պահեցէք նախանձէն: Օգնեցէք անոր, որ մեծամիտներուն եւ գոռոզներուն յաղթելը ամենադիւրին գործն է: Եթէ կրնաք, սորվեցուցէք անոր հետաքրքրուիլ գիրքերով:

«Անոր ազատ ժամանակ տուէք, որպէսզի կարենայ մտածել յաւերժ գաղտնիքներուն` երկինքի թռչուններուն, արեւի շողերուն մէջ թռչող մեղուներուն եւ բլուրներուն կանաչ լանջերուն ծաղկող ծաղիկներուն մասին:

«Անոր սորվեցուցէք, որ դպրոցին մէջ անյաջողութիւն կրելը շատ աւելի պատուաբեր է, քան` խարդախութեան դիմելը: Անոր սորվեցուցէք վստահիլ իր սեփական միտքերուն, եթէ նոյնիսկ մէկը իրեն ըսէ, թէ կը սխալի: Անոր սորվեցուցէք մեղմ վարուիլ մեղմ մարդոց հետ եւ դաժան` դաժաններու հետ:

«Փորձեցէք տղուս ուժ տալ, որպէսզի ան չհետեւի ամբոխին: Սորվեցուցէք անոր, որ լացը ամօթ չէ: Եթէ կրնաք, նաեւ սորվեցուցէք ծիծաղիլ տխրութեան մէջ:

Սորվեցուցէք անոր, իր ուղեղն ու մկաններուն ուժը վաճառել ամենաբարձր գինով, բայց երբեք վաճառքի չհանել ո՛չ սիրտը, ո՛չ ալ հոգին:

«Անոր հետ մեղմ վարուեցէք, բայց` առանց աւելորդ քնքշութեան, որովհետեւ միայն կրակի մէջէն անցնելու փորձութենէն ետք կը բացայայտուին պողպատի լաւագոյն յատկանիշները:

«Թոյլ տուէք անոր քաջ ըլլալ, որպէսզի ան դառնայ անհանդուրժող վատ բաներու հանդէպ: Թոյլ տուէք, որ ան համբերատար ըլլայ, որպէսզի դառնայ խիզախ:

«Սորվեցուցէք անոր հաւատալ ինքն իրեն, որովհետեւ այդ պարագային ան միշտ հաւատք կ՛ունենայ մարդկութեան հանդէպ:

«Ասիկա դիւրին գործ չէ, բայց տեսէք, թէ ինչ ի՛նչ կրնաք ընել… Իմ տղաս այնքան լաւ տղայ է»:

1855

խոհագիր

Շոմինով Եւ Կանկառով
Թանձրուկ

Spinach-and-Artichoke-Dip-8

Բաղադրութիւն 6 անձի համար

Կանկառի սրտիկներ (շուրջ 400 կրամ)
Սառած շոմին (շուրջ 300 կրամ)
120 կրամ թարմ սեր
120 կրամ մայոնեզ
60 կրամ կակուղ պանիր (ֆիլատելֆիա…)
1 պճեղ ճզմուած սխտոր
Կարմիր փոշի պղպեղ (ըստ ճաշակի)
40 կրամ մոցարելլա պանիր (քերոցէ անցած)
40 կրամ փարմըզան պանիր (քերոցէ անցած)

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Կանկառի սրտիկները քամոցի մէջ փոխադրել, ապա միջակ մեծութեամբ մանրել:

Ամանի մը մէջ խառնել վերը նշուած բոլոր բաղադրիչները, տաշուած պանիրներուն կէսը օգտագործել, երկրորդ կէսը մէկ կողմ ձգել:

Խառնուրդը փոխադրել փուռ գացող հողէ ներկայանալի ամանի մը մէջ, երեսը ծածկել մէկ կողմ ձգուած պանիրներով եւ տաք փուռին մէջ եփել շուրջ 25 վայրկեան: Յաւելեալ քանի մը վայրեան եւս ձգել երեսը կարմրելու համար:

Փուռէն հանելէ անմիջապէս ետք հրամցնել, շուրջը զարդարելով թորթիլլա չիփսով, կամ պակեթ հացի շերտերով:

Կարելի է չիփսը եւ հացը փոխարինել, պրոքոլիով, ստեպղինով, թարմ պղպեղով, վարունգով…

 

Առողջապահական. 10 Ազդանշան, Որոնք Կը Վկայեն Ջուրի Պակասը Մեր Մարմնին Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

image

Մեր մկաններն ու երիկամները 73 առ հարիւր բաղկացած են ջուրէ, արիւնը` 83 առ հարիւր, թոքերը` 90 առ հարիւր, իսկ ուղեղը` 76 առ հարիւր:

Մեր մարմինը ջուր կը կորսնցնէ մէզի եւ քրտինքի ճամբով. իսկ այդ պակասը ամբողջացնելու միակ եւ լաւագոյն միջոցը օրական միջին հաշուով 2 լիթր ջուր խմելն է:

Մարմնի ջրազրկումը կը դրսեւորուի հետեւեալ ախտանշաններով.

– 1 –

Մութ Գոյնի Մէզ

Մութ գոյնի մէզը առաջին ախտանշաններէն մէկն է, որ կը վկայէ մարմնին մէջ ջուրի անբաւարար քանակին մասին: Մէզը կրնայ մութ գոյն ունենալ նաեւ որոշ դեղերու, Պէ. խումբի կենսանիւթերու, ճակնդեղի, ծնեբեկի եւ այլ ուտելիքներու օգտագործման պարագային:

– 2 –

Մէզի Քանակի Կրճատում

Մարդոց մեծամասնութեան մօտ միզարձակումը 24 ժամուան ընթացքին կրնայ 6-7 անգամ ըլլալ: Իսկ եթէ տուեալ անձը քիչ հեղուկ խմէ, ինքնաբերաբար միզարձակման յաճախականութիւնը կը նուազի:

– 3 –

Պնդութիւն

Ջրազրկումը պնդութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն է: Հաստ աղիքին մէջ բաւարար քանակութեամբ հեղուկը մեծապէս կ՛օգնէ աղիքներուն բնականոն աշխատանքին:

Պնդութեան կանխարգիլման եւ բուժման համար բաւարար ջուր եւ բջջանիւթ պէտք է օգտագործել, իսկ ասոնք առկայ են սովորական ջուրին, պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն մէջ:

– 4 –

Չոր Մորթ Եւ Աւելի Շեշտուած Կնճիռներ

Մասնագէտներու կարծիքով, ջրազրկումը կրնայ մորթի գրգռման, բորբոքման եւ քարի պատճառ դառնալ: Աւելի ծանր պարագաներու, մորթը կրնայ թեփոտիլ, կարմրիլ եւ այլն… երբ մորթը կը կորսնցնէ իր խոնաւութիւնը, բջիջները կը մեռնին, եւ աւելի խոր ընդգծուած բջիջներ կը յայտնուին:

– 5 –

Անօթութիւն Եւ Գիրութիւն

Մարդուս մարմինը շատ խելացի է, բայց դժբախտաբար չի զանազաներ անօթութեան եւ ծարաւի տարբերութիւնը: Հիփոթալամիւսը ուղեղին այն հատուածն է, որ պատասխանատու է անօթութեան եւ ծարաւի կարգաւորման: Եթէ անօթութեան զգացում յառաջանայ, որեւէ բան ուտելէ առաջ նախընտրելի է նախ բաժակ մը ջուր խմել, 10-15 վայրկեան սպասել եւ յետոյ ուտել. այսպիսով ուտելիքին քանակը զգալիօրէն կը պակսի:

– 6 –

Ծարաւի Եւ Բերնի Չորացումի Զգացում

Ծարաւի զգացողութիւնը արդէն իսկ կը վկայէ մարմնին մէջ թեթեւ ջրազրկման մը մասին: Բերնի չորացումը ծարաւի հետեւանք է եւ կը վկայէ, որ մարմնին լորձաթաղանթներուն խոնաւութիւն անհրաժեշտ է:

– 7 –

Գլխացաւ

Երբ մարդ քիչ ջուր կը խմէ, մարմինը կը փորձէ պահպանել ու կլանել ջուրը բոլոր հիւսկէններէն, որպէսզի կարենայ փոխհատուցել օգտագործուող հեղուկին բացակայութիւնը: Այդ պատճառով ուղեղին հիւսկէնները եւս կը կորսնցնեն իրենց խոնաւութեան մէկ մասը եւ կը կծկուին` հեռանալով գանկէն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ գլխացաւի:

– 8 –

Յոգնածութիւն

Բժշկական հետազօտութիւններու համաձայն, չափազանցուած ջրազրկումը կրնայ պատճառել յոգնածութիւն, թուլութիւն եւ աշխուժութեան նուազում:

– 9 –

Յօդացաւ

Ջուրը յօդերուն համար իւրատեսակ «քսուք» է, անիկա կ՛օգնէ ոսկորներուն սահիլ իրարու վրայով. երբ մարմինը բաւարար ջուր չի ստանար, յօդերը իրենց կարգին կը տուժեն, ուրկէ յօդացաւ յառաջ կու գայ:

– 10 –

Դիմադրականութեան Տկարացում

Ջրազրկումը կը բարձրացնէ արեան մէջ թունաւոր նիւթերու տոկոսը, ինչ որ կը վնասէ դիմադրականութեան համակարգին:

Շատեր կը կարծեն, որ բոլոր հեղուկները խոնաւութիւն կ՛ապահովեն մարմնին. ասիկա սխալ կարծիք է: Որոշ ըմպելիներ, ինչպէս, օրինակ, սուրճը եւ որոշ հիւթեր, կը ջրազրկեն մարմինը` քաֆէինի եւ շաքարի քանակին պատճառով:

 

idees_51916

Լուսաւոր Գաղափարներ

– 1 –

kits-sac-lavande_51916

Պահարանէն ցեցերը հեռացնելու համար փոքրիկ ծրարիկներու մէջ չոր լաւանտ լեցուցէք, ծրարներուն բերանները ամուր կապեցէք, ապա զանոնք պահարանին գզրոցներուն մէջ եւ դարաններուն վրայ զետեղեցէք: Այսպիսով ձեր հագուստները կը պաշտպանէք ցեցերուն եւ ձեր պահարաններուն անուշ բոյր կ՛ապահովէք:

– 2 –

ranger-valise_51916

Որպէսզի ճամբորդութեան ընթացքին ձեր հագուստները նուազագոյն չափով ճմռթկին, ըլլա՛յ տաբատները, ըլլա՛յ հագուստները ոլորուած դասաւորեցէք ճամբորդական պայուսակին մէջ: Ծալքելու հետքերը նուազագոյնի կ՛իջնեն եւ արդուկելու պէտք չէք ունենար:

– 3 –

nettoyer-sel_51916

Որպէսզի արդուկը դիւրին սահի կտորին վրայ, եւ ձեր գործը աւելի հեզասահ ընթանայ, բարակ աղով շփեցէք արդուկին յատակը:

– 4 –

verser-savon-rape-casserole_51916

|Հալած, պզտիկցած օճառները մի՛ թափէք, զանոնք քերոցէ անցուցէք, ապա տաք ջուրի մէջ լուծեցէք: Այդ ջուրով կրնաք լուալ երեխայի ճերմակեղէն, մետաքսեայ վզկապեր, նուրբ ասեղնագործուած շապիկներ եւ այլն…

– 5 –

choux_51916

Հազարը աւելի երկար պահելու համար զայն ալիւմինիոմ թուղթի մէջ փաթթել:

 

 

Գեղեցկագիտական

Բրինձով Դիմակ

Masque_51916

Ճափոնցի կիները միշտ խնամուած, եւ փայլուն մորթ ունին: Անոնք լաւ գիտեն ինչպէ՛ս խնամել իրենց դէմքին մորթը, պարզապէս կ՛օգտագործեն բրինձով պատրաստուած դիմակներ:

Դիմակի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.-

– 2 – 3 ապուրի դգալ բրինձ
– 1 ապուրի դգալ կաթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր

Բրինձը 2-5 վայրկեան եփել, քամոցէ անցընել, բայց բրնձաջուրը չթափել:

Եփած բրինձը լուալ պաղ ջուրով, աւելցնել կաթը եւ խառնել մինչեւ միատարր նիւթ ստացուի: Աւելցնել մեղրը եւ դարձեալ խառնել:

Դիմակը քսել մաքուր դէմքի վրայ. ձգել 15-20 վայրկեան, ապա լուալ, ցօղուել բրնձաջուրով:

 

 Նորաձեւութիւն

«Վիքթորիա՛ս Սիքրեթ»-ի
Լողազգեստները

Ներքնազգեստի յայտնի ամերիկեան վաճառանիշը` «Վիքթորիա՛ս Սիքրեթ»-ը արդէն իսկ ներկայացուցած է լողազգեստներու իր վերջին հաւաքածոն:

victoria-_51916

Պորա պորա կղզիին վրայ լուսանկարուած «Հրեշտակներ»-ու հաւաքածոյէն կը ներկայացնենք 3 հետաքրքրական նմուշներ:

 

Խոհագիր

Apple-cake_51916

Խնձորով Կարկանդակ

Բաղադրութիւն

– 1,5 գաւաթ մանր կտրտուած կանաչ, թթու խնձոր
– 2 գաւաթ շաքար
– 2 եւ քառորդ գաւաթ ալիւր
– 3/4 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– 1 թէյի դգալ փոշի կասիա
– 3 հաւկիթ
– 3/4 գաւաթ բուսական իւղ
– Լեմոնի կեղեւի տաշուք, քանի մը կաթիլ խմիչք

Պատրաստութիւն

Հաւկիթը եւ շաքարը լաւ զարնել` առանց մոռնալու կիտրոնի կեղեւի տաշուքը, քանի մը կաթիլ խմիչքը, կամ վանիլլան:

Յետոյ քիչ քիչ աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները եւ շարունակել զարնել:

Կարկանդակի կաղապարը կարագով ծեփել, խառնուրդը մէջը պարպել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 180 ջերմաստիճանով 40-45 վայրկեան եփել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Զարմանալի Հայ

Զարմանալի հա՜յ…
Զարմանալի՛ հայ:
Պապդ թուրքահայ,
Հայրդ ռուսահայ,
Դու ֆրանսահայ,
… Զարմանալի հա՜յ…

Սասունում ծնուած,
Պէյրութում ապրած,
Էջմիածնում մեռած…
Զարմանալի՜ հայ:

Տղադ Սեւանում,
Թոռդ Միլանում,
Ծոռդ Թեհրանում:
Քո սերմը վաղո՜ւց քեզ չի հասկանում…

Առանց պապ ու տատ,
Հայրենական հող,
Մայրենի լեզո՛ւ,
Առանց հայր ու մայր:

Զարմանալի հա՜յ…
Որ որպէս հիւր է իր տունը գալիս,
Որպէս տուրիստ իր տան մէջ ման գալիս,
Եւ ետ գնում տո՛ւն,
Որ Նիս է կոչւում,
Հալէպ կամ Շանհա՜յ:
Զարմանալի՜ հայ,
Զարմանալի հա՜յ…

Գ. ԷՄԻՆ

 

Խոհագիր. Ձմրան Համար Ելակի Մթերման Հետաքրքրական Տարբերակներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ելակի Անուշ

confiture-fraises_60216

Ընտրեցէք ոչ շատ հասուն եւ ոչ ալ խակ 1 քիլօ ելակ. լուացէք, կոթերը անջատեցէք եւ կաթսայի մը մէջ փոխադրեցէք: Աւելցուցէք 1 քիլօ շաքար եւ կիտրոնի մը հիւթը: Կաթսան քանի մը անգամ ցնցեցէք, որպէսզի շաքարը պատէ ելակները: Մաքուր լաթով մը ծածկեցէք կաթսան եւ 12 ժամ սպասեցէք:

Զօրաւոր կրակի վրայ փոխադրեցէք կաթսան: Բաղադրութիւնը եռալէն 5 վայրկեան ետք կրակը մարեցէք:

Կարճ ժամանակով եփած ելակը թէ՛ իր գոյնը եւ թէ՛ բոյրը կը պահպանէ:

***

Սառած Ելակ

sorbetFraise_60216

Մէկ քիլօ ելակը լուացէք, կոթերը մաքրեցէք եւ հարիչով զայն միատարր խիւսի վերածեցէք: Խիւսին աւելցուցէք շաքար` ըստ ճաշակի, դարձեալ հարիչէ անցուցէք եւ խիւսը լեցուցէք կափարիչով օժտուած փոքրիկ տուփերու մէջ եւ սառցարանը պահեցէք:

Խիւսին մէջ առկայ շաքարը կ՛արգիլէ, որ ելակը չափէն աւելի սառի ու քարանայ. անիկա կը մնայ բաւական փափուկ: Այս ձեւով ձմրան կ՛ունենաք հետաքրքրական տեսքով եւ համով ելակի խիւս, որ կրնաք հրամցնել կարկանդակներու կողքին:

***

Ելակի Օշարակ

recipe_60216

Լուացուած եւ կոթերը մաքրուած մէկ քիլօ ելակը հարիչէ անցուցէք:

Կաթսայի մը մէջ 1 գաւաթ (250 միլիլիթր) ջուր լեցուցէք, աւելցուցէք 5 գաւաթ շաքար եւ խառնեցէք, մինչեւ որ շաքարը լուծուի, զայն աւելցուցէք ելակի խիւսին, խառնեցէք եւ ապա շատ բարակ մաղէ անցուցէք:

Ստացուած հիւթը թեթեւ կրակի վրայ եփեցէք, մինչեւ որ քիչ մը թանձրանայ: Պաղելէն ետք ապակեայ մաքուր շիշերու մէջ լեցուցէք եւ սառնարանը պահեցէք:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

 Երեկոյեան Խաղեր, Որոնք Կ՛օգնեն
Երեխային Հանգիստ Քնանալու

Կը հասնի երեկոն, եւ ծնողները անհամբեր կը սպասեն, թէ երբ իրենց երեխան հանգիստ կը պառկի, աչքերը կը փակէ եւ անմիջապէս կը քնանայ: Սակայն կ՛անցնի մէկ ժամ, յետոյ` երկու, իսկ երեխան տակաւին կը թռչկոտէ անկողինին մէջ…

Որպէսզի երեխան քնացնելը ձեզի համար տանջանքի չվերածուի, նախքան անոր անկողին ղրկելը մտածեցէք մէկ-երկու հանգիստ խաղերու մասին, որոնք կ՛օգնեն ձեր փոքրիկին  քնանալու առանց աւելորդ քմայքի, դժգոհութեան կամ լացի:

Թուղթ Պատռել

56544f5473e48_60216

Երեխաները հաճոյք կ՛առնեն թուղթ պատռելէ եւ պատռող թուղթի ձայն լսելէ: Թուղթ պատռելը կը հանդարտեցնէ երեխային լարուածութիւնը. անոր տուէք հին ամսաթերթերու էջեր եւ միասին պատռեցէք զանոնք, ոչ վայրագ ձեւով, այլ` հանգիստ… Յետոյ արտօնեցէք անոր ցատկռտել պատուած թուղթերու կոյտին վրայ:

***

Սովորական Խաղ

Երեկոյեան ձեր երեխային անհրաժեշտ են զուարճանքներ, որոնց մէջ մրցակցութիւն չկայ: Օրինակ` գետինը շարեցէք անվնաս, փափուկ խաղալիքներ, քիչ մը հեռուն զետեղեցէք լուացքի տաշտ մը: Երեխայէն խնդրեցէք, որ փակ աչքերով մէկիկ մէկիկ հաւաքէ խաղալիքները եւ զանոնք լեցնէ տաշտին մէջ:

Ջուրով Խաղալ

26614-13pjjo004jba_1-PHOTO_APLAT_BD_5--WEB-1417112246-13PJJO004JBA-0000-5

Ջուրով խաղալը կը հանդարտեցնէ: Լոգարանին մէջ ջուր լեցուցէք եւ ձեր երեխային տրամադրեցէք ոչ վտանգաւոր իրեր, որպէսզի ջուրով խաղայ: Պարզ եւ դիւրին խաղ մը. երեխային տուէք փոքրիկ սպունգ մը եւ պարապ դոյլ մը, թող սպունգին միջոցով դոյլը ջուրով լեցնէ:

***

Բացի այս խաղերէն, անհրաժեշտ է հետեւիլ կարգ մը կանոններու` երեխային հանգիստ քուն ապահովելու համար:

ա.- Երեկոյեան նախընտրելի է անջատել պատկերասփիւռը: Պաստառին արձակած ելեկտրամագնիսական ալիքները կը գրգռեն ուղեղը եւ կը խանգարեն քունը:

բ.- Եթէ երեխային գիրք կարդալու սովորութիւն ունիք, թելադրելի է, որ նիւթը ըլլայ բարի եւ դրական:

գ.- Քունէն առաջ կարճ պտոյտ մը փրկութիւն կ՛ըլլայ օրուան ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելու համար:

դ.- Հանդարտ եւ ժպտերես մաման աւելի դիւրին կը քնացնէ փոքրիկը, քան` զայրացած եւ ջղագրգիռ մաման:

 

Նորաձեւութիւն

Մոսկուայի Մէջ Ներկայացուեցան
Հայ Ձեւագէտներու Հաւաքածոները

ArmFashionDay_60216

Մայիս 28-ին Մոսկուայի «Կոլտըն փալաս» համալիրին մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ հայ ձեւագէտներու գարնանային հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը:

ArmFashionDay2_60216

Այս տարի ցուցադրութեան մասնակցեցան հայ ուր ձեւագէտներ, որոնց կարգին էին Արամ Նիկոլեանը` իր «Ուրֆա» հաւաքածոյով, «Տէրեան արուեստի կեդրոն»-ի ղեկավար Լիլիթ Մելիքեանը, որ ներկայացուց իր նոր` «Կարպետ» եւ «Խաչքար» հաւաքածոները, «Էլ՛քա» հարսանեկան տան հիմնադիր Յասմիկ Աբրահամեանը` իր հարսանեկան նոր զգեստներով:

Ձեւագէտներու կարգին էին նաեւ մոսկուաբնակ հայերը, ձեւագէտ Անի Մանուկեանը ներկայացուց երեկոյեան զգեստներու իր հաւաքածոն, յայտնի պարուհի Վարդանուշ Մարտիրոսեանը, որ ներկայացուց լողազգեստներու «VardaTM» հաւաքածոն:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ռուս եւ օտար անձնաւորութիւններ եւ արուեստագէտներ:

 

Հետաքրքրական

Ընկերները Կրնան Փոխարինել
Ցաւազրկիչները

friends_60216

Օքսֆորտ համալսարանի գիտնականներ պարզած են, որ ընկերներու առկայութիւնը իւրայատուկ ազդեցութիւն ունի. անիկա կը լաւացնէ ինքնազգացողութիւնը: Անոնք պարզած են, որ մէկը որքան շատ ընկեր ունի, այնքան լաւ կրնայ յաղթահարել ցաւերը:

Ըստ գիտնականներուն կատարած հետազօտութիւններուն, շատ ընկեր ունեցող մարդոց մօտ բարձր է «անտորֆին»-ներու աշխուժութիւնը. իսկ անտորֆինները մարմնին կողմէ արտադրուած մասնիկներ են, որոնք կը կարգաւորեն ցաւը եւ հաճելի զգացողութիւններ կու տան:

Եզրակացութիւն` անտորֆինները ցաւազրկողներ են: Անոնք նոյնիսկ աւելի ուժեղ են, քան թմրանիւթը: Իսկ մեծ թիւով ընկերներ ունեցող մարդիկ ցաւը աւելի դիւրին կը տանին անտորֆիններու բարձր աշխուժութեան շնորհիւ:

Հոտերը Ճանչնալու
Յատկութիւնը…

smell_60216

Գիտնականները պարզած են, որ երբ կերակուրը արդէն ախորժելի չի բուրեր եւ օծանելիքներուն բոյրը զզուելի կը դառնայ, ասոնք կը վկայեն լուրջ հիւանդութիւններու զարգացման մասին, կը գրէ «Տը Տէյլի Մէյլ»-ը:

Հոտառութեան խանգարումը ինքնին մահուան սպառնալիքը չ՛աւելցներ, սակայն անիկա կը վկայէ լուրջ հիւանդութիւններու մասին: Երբ անձը չի ճանչնար վարդին, ձուկին, նարինջին, կաշիին հոտերը, կը նշանակէ, որ ան առողջական լուրջ հարցեր ունի, կը յայտնեն փորձագէտները:

58-85 տարեկան 3000 մարդոց վրայ կատարուած է փորձ մը` ստուգելու համար անոնց հոտառութեան ընդունակութիւնները: Արդիւնք` կամաւորներուն մեծամասնութիւնը ճանչցած է 5 հոտերէն չորսը: 20 առ հարիւրը` 2-3 հոտ, իսկ մօտաւորապէս 3,5 առ հարիւրը` միայն մէկ հոտ, կամ առհասարակ հոտ չէ զգացած: 5 տարի ետք փորձին մասնակցած մարդոցմէ 430-ը մահացած են, եւ ատիկա 6 անգամ աւելի` այն մարդոց մօտ, որոնք կորսնցուցած էին հոտառութիւնը…

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

«Տաղ` Ձօնուած Գրքերին»

Օ՜, գրքերի աշխարհը – տիեզերք է անեզր:
Արեւների նման բազմապիսի,
Ե՛ւ աստղերի նման, ե՛ւ շողերի –
Ես սիրում եմ գրքերը, որ աշխարհի մասին
Բարբառում են անձուկ ու մտերիմ:
Տարփանքով, ինչպէս պատանին,
Որ սիրում է իր լոյս ընկերուհուն փարուել-
Ես սիրում եմ գրքերը թէ՛ նոր, թէ՛ հին,
Թէ՛ արուեստով գրուած, թէ՛ անարուեստ:
Բայց եւ կամքով անշեղ, ինչպէս ղեկավարը,
Ինչպէս ա՛յրն է հասուն ձգտում սիրած գործին,-
Ես սիրում եմ գրքերի աշխարհը,
Իմ խոհերի վսեմ այրուձին:
Նրանք շա՜տ են ու բազմապիսի, տարբեր ու գունագեղ,
Ծնուած զանազան դարերում ու երկրներում,
Իւրաքանչիւրը բերում է մի առանձի՛ն պարգեւ,
Իւրաքանչի՛ւրն իր մէջ մի աշխարհ է կրում:-
Մեր կեանքի երկար ճանապարհին

Հանդիպում են նրանք հետզհետէ,
Եւ դառնում են ընկեր ու մտերիմ,
Կամ մնում են անցած տարիների ետեւը:
Ուղեկից են դառնում մինչեւ ի մահ
Մի քանիսը միայն` անդաւաճան յաւէտ,-
Եւ այնպիսի՛ գրքեր կան, որ չարքերի նման
Հալածում են մեզ մինչեւ վե՛րջ:

Գրքեր կան, որ կեանքում մի ակընթա՛րթ միայն
Մեզ ժպտալով` անցնում են ու կորչում,
Բայց նրանցից մնում է մեր սրտերում մի բան,
Որ տարինե՜ր ենք մենք անրջում:
Գրքեր կան, որ խոժոռ են ու խստադէմ,
Ինչպէս ուսուցիչը, կամ առաջնորդը,-
Եւ այնպիսի՛ գրքեր ես գիտեմ,
Որ համրերի նման անհաղո՛րդ են:
Աղջիկների նման սեթեւեթ
Կան կարկաչուն գրքեր, որ հանդիպում են մեզ,
Հրապուրում, գերում – եւ մոռացւում յաւէտ…

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

(Հատուած)

 

 

 

Օրը Ինչպէ՞ս Ճիշդ Սկսիլ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

early-morning_60916

– 1 –

Ծրագրել յաջորդ օրը:

Քնանալէ առաջ թուղթի վրայ գրեցէք յաջորդ օրուան ձեր ժամանակացոյցը: Առաւօտեան դասաւորուած միտքով կը սկսիք ձեր օրը:

– 2 –

Վառ գոյներ:

Երբ ձեր աչքերը բանաք, վառ գոյներու նայեցէք. անոնք մարմնին մէջ կը բարձրացնեն ատրենալինի մակարդակը, եւ օրը կը սկսիք կայտառ:

– 3 –

Թարմ օդ:

Առողջ միջավայրի մէջ քնանալու եւ արթննալու համար ձեր սենեակին օդը մաքուր պահեցէք: Քնանալու համար ամենայարմարաւէտը 15 – 20 աստիճանն է:

– 4 –

Ծաղիկներ:

Արթննալէ անմիջապէս ետք ծաղիկներ դիտեցէք, հոգ չէ թէ անոնք փոքրիկ թաղարի մը մէջ ըլլան, պարտէզը, թէ ծաղկամանի մը մէջ: Փունջ մը ծաղիկը զգալիօրէն կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը:

– 5 –

Բաժակ մը ջուր:

Գիշերուան ընթացքին սպառած հեղուկը վերականգնելու համար արթննալէ անմիջապէս ետք բաժակ մը ջուր խմեցէք: Եթէ մարմնին ջուրը պակսած է, բնականաբար յոգնածութիւն պիտի զգաք:

– 6 –

Դէմքի մկաններու խթանում:

Դէմքի մարձումը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը եւ կ՛օգնէ, որ դիւրին եւ աշխուժ արթննաք: Սկսէք ճակատէն, իջէք դէպի կզակ, նաեւ մատներուն ծայրամասերով թեթեւ ճնշումներ կատարեցէք ձեր դէմքին զանազան մասերուն վրայ:

– 7 –

Արեւի լոյս:

Արեւին լոյսը կը բարձրացնէ սերոթոնին հորմոնի մակարդակը, որ իր կարգին կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը: Առտու, մահճակալէն հազիւ ելած, դէպի պատուհան կամ պատշգամ ուղղուեցէք արեւին բնական լոյսով ողողելու համար ձեր աչքերը:

– 8 –

Լոգանք:

Օրը բարձր տրամադրութեամբ սկսելու համար չկայ աւելի լաւ բան, քան` առաւօտեան գաղջ լոգանքը: Կարճատեւ լոգանքը մեծապէս կ՛ազդէ ձեր տրամադրութեան վրայ եւ կ՛օգնէ, որ օրը սկսիք լաւատես:

 

Տան Յարդարանք

Գունաւոր Խէժերիզներ

Վերջերս շատ նորոյթ է գունաւոր խէժերիզով յարդարանքը: «Մասքինկ թէյփ» կոչուած այս երիզներով կարելի է նոր շունչ տալ տան իրերուն, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` պատերուն:

coque-tlphone_60916

– Բջիջայինի ծածկ: Եթէ ձանձրացած էք ձեր բջիջայինի ծածկէն, ընտրեցէք քանի մը գոյնի խէժերիզ եւ, ըստ ճաշակի, փակցուցէք զանոնք ձեր հին ծածկին վրայ:

machine--laver_60916

– Լուացքի մեքենայ: Նոյն սկզբունքով ընտրեցէք ձեր ճաշակին խէժերիզ մը եւ բոլորովին նոր տեսք տուէք ձեր մեքենային: Նոյնը կրնաք ընել նաեւ ձեր սառնարանի պարագային:

-cadres-photos_60916

– Պատի յարդարանք: Ընտրեցէք ձեր սրտին խօսող նկարներ, զանոնք փակցուցէք պատին վրայ եւ գունաւոր խէժերիզի միջոցով անոնց շուրջ շրջանակներ (քատրեր) կազմեցէք:

conserve-crayons_60916

– Պահածոյի տուփեր: Պահածոյի մետաղեայ տուփերը լուացէք, ցամքեցուցէք եւ կիսով խէժերիզով ծածկեցէք: Զանոնք կրնաք օգտագործել մատիտներ կամ շպարի իրեր դասաւորելու համար:

chaise_60916

– Հին աթոռ մը: Խոհանոցի կամ պատշգամի աթոռին նոր շունչ տուէք` դարձեալ գունաւոր երիզներ օգտագործելով:

gobelet-plastique_60916

– Տարեդարձի բաժակներ: Տարեդարձներու եւ ընկերային հաւաքոյթներու սեղանները աւելի զուարթ եւ հիւրընկալ տեսք կ՛ունենան, եթէ բաժակներն ու սափորները զարդարէք «Մասքինկ թէյփ»-ով: Անշուշտ ասիկա չի վերաբերիր պաշտօնական հաւաքոյթներուն:

 

Հետաքրքրական

Ձեր Դժուարութիւնները
Հարթելու Համար Գծեցէք

IMG_9272

Խառն միտքով կարելի չէ հանդարտ մտածել եւ հարցերուն ճիշդ լուծումներ գտնել: Հոգեբաններու կարծիքով, գծագրութիւնը լաւ միջոց մըն է խառնակ միտքերը կարգաւորելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:

Գծելու համար կրնաք օգտագործել ջրաներկ, մատիտ ներկ եւ այլն… հոգեբաններու կարծիքով, իւրաքանչիւր հոգեվիճակ կամ դժուարութիւն ունի իրեն համապատասխան գծագրութիւն: Եկէ՛ք ծանօթանանք:

– Եթէ յոգնածութիւն կը զգաք, ծաղիկներ գծեցէք:
– Բարկութեան պարագային` ուղղահայեաց եւ հորիզոնական գիծեր:
– Ցաւի պարագային` երկրաչափական մարմիններ:
– Եթէ տխուր էք, ծիածան գծեցէք:
– Ճիշդ որոշում կայացնելու համար ալիքներ եւ շրջանակներ գծեցէք:
– Ցրուած միտքերը հաւաքելու համար քառակուսիներ գծեցէք:
– Իրադարձութիւնները յիշելու համար գունաւոր նաշխեր գծեցէք:
– Ուժերը վերականգնելու համար գեղատեսիլ վայր մը գծեցէք:
– Ձեր զգացումներուն խորը թափանցելու համար ձեր դիմանկարը գծեցէք:
– Կարօտախտի պարագային լաբիւրինթոս գծեցէք:

 

Բջիջայինէն Կախուածութեան
Փորձ-Հարցարան

tele_60916

Հաւանաբար ձեզի ծանօթ է թեթեւ խուճապի եւ հիասթափութեան զգացումը, երբ բջիջայինը տունը մոռցած էք:

Իսկ դուք գիտէ՞ք, որ ժամանակակից հասարակութիւնը կը տառապի նոմոֆոպիա կոչուած յատուկ վիճակէն: Այս բառը յառաջացած է անգլերէն «no mobile phobia» արտայայտութենէն եւ ներմուծուած է մասնագէտներու կողմէ` բջիջայինը կորսնցուցած մարդոց անհանգստութեան երեւոյթը բնութագրելու համար:

Այովա նահանգի համալսարանի հոգեբանները պատրաստած են հարցաշար մը` նոմոֆոպիայի աստիճանը ստուգելու համար: Այս 20 հարցումներուն պատասխանեցէք պարզելու համար ձեր նոմոֆոպիայի աստիճանը: Յիշեցէք կամ տեղ մը արձանագրեցէք ձեր «այո» պատասխաններուն քանակը:

1.- Առանց իմ բջիջայինիս ես անհանգիստ եւ կորսուած կը զգամ:
2.- Ես կը տխրիմ, եթէ վայրկեանը վայրկեանին տեղեկութիւններ չկարենամ ստանալ:
3.- Ջղային կը դառնամ, եթէ որեւէ պատճառով հեռախօսս դադրի գործելէ:
4.- Ես կը զայրանամ, եթէ չկարողանամ օգտագործել հեռախօսիս հնարաւորութիւնները` ցանկացած պահուս:
5.- Ես խուճապի կը մատնուիմ, երբ իմ հաշուիս գումարը կը սպառի:
6.- Եթէ կապ չկայ կամ չեմ կրնար օգտուիլ Wifi-էն, ես անընդհատ կը ստուգեմ կապի առկայութիւնը:
7.- Եթէ բջիջայինս խանգարուի, բոլորովին տարբեր անձ մը կը դառնամ:
8.- Գործի մէջ եւ ամէնուրեք հեռախօսս միշտ ձեռքս է:
9.- Եթէ մնայուն կապի մէջ չըլլամ բարեկամներուս հետ, անհանգիստ եւ կորսուած կը զգամ:
10.- Եթէ հեռախօսս որեւէ տեղ մոռնամ, կ՛անհանգստանամ, որ հարազատներս պիտի չկարենան կապի մէջ ըլլալ հետս:
11.- Եթէ հեռախօսս տեղ մը մոռնամ, աշխարհէն կտրուած եւ անապահով կը զգամ:
12.- Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս, տարօրինակ կը զգամ, քանի որ ուրիշ ընելիք չունիմ:
13.- Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս կը ջղայնանամ, քանի որ բարեկամներս կապի մէջ են, իսկ ես` ոչ:
14.- Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս, հեռու կը մնամ աշխարհի վերջին նորութիւններէն:
15.-Եթէ տեղ մը մոռնամ բջիջայինս, կու լամ:
16.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, կը դառնամ յարձակողական եւ կը վիճիմ բոլորին հետ:
17.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, անմիջապէս կը մտածեմ նոր մը գնելու մասին:
18.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, շունչ կը քաշեմ, «քանի մը օր հանգիստ» մնալու հեռանկարով:
19.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, կը փորձեմ հաշտուիլ կացութեան հետ:
20.-Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս, ինքզինքս աշխարհի ամէնէն դժբախտ անձը կը զգամ:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ «այո»-ներու թիւը 5-ը չ՛անցնր, հանգստացէ՛ք, բջիջայինէ կախուածութիւնը չի սպառնար ձեզի:

Եթէ 6 – 10 «այո» ունիք, դուք թեթեւ կախուածութիւն մը ունիք:

Եթէ 11 – 15 «այո» ունիք անհանգստալու առիթ ունիք: Իսկ եթէ 16-էն աւելի են «այո»-ները, դժբախտաբար նոմոֆոպիան ձեզ կուլ տուած է…

 

Խոհագիր

Դդումով Ջերեփուկ
(Կրաթեն)

gratin-courgette-tomate-oignon_60916

Բաղադրութիւն

– 2 մանրուած սոխ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 2 դդում` կլոր շերտուած
– 4 լոլիկ` կլոր շերտուած
– Թարմ ծոթրինի քանի մը տերեւ
– 4 ապուրի դգալ ձէթ
– Պտղունց մը շաքար
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Տապակին մէջ 2 դգալ ձէթ տաքցնել եւ աւելցնել սոխը, ապա շաքարը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել, մինչեւ որ «քարամել»-ի վերածուի:

Փուռի ափսէի մը յատակն ու կողմերը շփել սխտորով, շարել դդումի եւ լոլիկի շերտերը, երեսը աւելցնել թարմ ծոթրինը եւ սոխը: Աղել, համեմել եւ, վերջապէս, աւելցնել մնացեալ ձէթը:

Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 30 վայրկեան եփել` 180 ջերմաստիճանով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Տաղ Անձնական

Թողած Կարսում, գետի ափին, տունս` շինուած անտաշ քարով,
Կարսը թողած, Կարսի այգին ու հայրենի երկինքը մով
Եւ Կարինէ Քոթանճեանին անգամ չասած մնաս բարով-
Ա՜նց եմ կենում հիմա օտար քաղաքների ճանապարհով:

Անց եմ կենում, շուրջս-մարդիկ, շուրջս դէմքեր հազա՜ր-հազա՜ր.
Շուրջս աշխարհն է աղմկում, մարդկային կեանքն անհաւասար.
Եւ ո՞վ կասի` ինչո՞ւ ես դու, եւ ով կասի, թէ ո՞ւր հասար,-
Դէմքերը, ախ, բութ են այնպէս` կարծես շինուած են տապարով:

Գորշ, տաղտկալի ու խելագար երգ է կարծես այս կեանքը մի.
Ինչ-որ մէկի սրտում բացուած- վէրք է կարծես այս կեանքը մի.
Եւ ո՞ւմ համար- էլ ո՞ւմ համար կարօտակէզ երգէ հիմի
Սիրտս` լցուած տարիների սեղմ արճիճով ու կապարով:

Բայց շուրջս թող որքան կ՛ուզէ աշխարհը այս խնդայ, ցնդի-
Ես- հաշմանդամ ու խելագար ու յաւիտեան վտարանդի՜
Դէպի երկինք պիտի գնամ, դէպի եզերքը Ամենտի-
Իմ բարձր, հին ու աստղային երազների ճանապարհով…

Ու էլ ամէ՛ն մեղքի համար սիրտս հիմա ունի ներում.
Պիտի անդարձ ես հեռանամ, պիտի գնամ` ա՛չքս հեռուն.
Թէ Կարինէ Քոթանճեանին տեսնէք Կարսի փողոցներում-
Ասէ՛ք նրան` Չարենցն ասաւ- մնաս բարո՜վ, մնաս բարո՜վ…

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

 

 

Կին Դէմքեր. Օֆելիա Համբարձումեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

ofelya_61416

Քանի մը օր առաջ, 91 տարեկանին մեզմէ հեռացաւ հայ երգի թագուհին` Օֆելիա Համբարձումեանը:

Վերջին տարիներուն սիրուած երգչուհին ալ չէր մտածեր բեմ բարձրանալու մասին. ան ունէր իր այգին` ծիրանենիներով, տունը` բնութեան գիրկին մէջ, սակայն «միայնակ» կը զգար…

«Երանի նրանց, ովքեր ապրում են իրենց սկիզբն ու վերջը, իսկ ես միայնակ եմ», յայտնած էր երգչուհին իր մասին պատմող «Օֆելիա» ժապաւէնի վերջաւորութեան:

Առիթով մը, ժողովրդական արուեստագիտուհին յայտնած է, որ այլեւս չի փափաքիր բեմ վերադառնալ, քանի որ համերգի մասին լսելով` անմիջապէս կը յուզուի:

«Հնարաւոր է վերադառնամ, բայց ես չեմ ցանկանար, բաւ է. 70 տարին քիչ չէ: Արդէն յոգնել եմ, լսում եմ համերգի անունը, յուզւում եմ: Բոլորը այդպէս չեն, հիմակուան երեխաները թռվռալով գալիս են բեմ, բայց ես բեմի անուն լսելիս` լացս գալիս է», խոստովանած է երգչուհին:

«Ինծի Համար Առաջնայինը Երգն Է»

Օֆելիա Համբարձումեան կ՛ըսէր, որ ձայնը ժառանգած է մօրմէն եւ ինք ալ իր կարգին փոխանցած է իր աղջկան: Մանկութիւնը անցուցած է երգով, նոյնիսկ պատերազմի տարիներուն երգած է զինուորներուն համար:

Երգչուհին խոստովանած է, որ ինք ընտանիքին նուիրուած անձ է, բայց իրեն համար առաջնայինը երգը եղած է: Պատահած է, որ ընտանիքը ճաշ չէ ունեցած, բայց ինք փորձի գացած է…

Զաւակներուն` Տաթեւիկին եւ Յովհաննէսին համար Օֆելիան ոչ խիստ մայր եղած է, նոյնիսկ անգամ մը դպրոց գացած է եւ` խնդրած, որ դասերը ուշ սկսին, որպէսզի Տաթեւիկը աւելի երկար քնանայ…

Հարուստ Երգացանկ

Օֆելիա Համբարձումեանի երգացանկը կ՛ընդգրկէր առաւելաբար գուսանական եւ աշուղական երգեր:

Անոր երգացանկէն անպակաս էին Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները` «Ես կանչում եմ Լալային», «Չկայ քիզի նման», եւ այլն…

Աշուղներ` Հաւասիի, Աշոտի եւ Շահէնի ստեղծագործութիւններէն շատերու առաջին կատարողը Օֆելիան եղած է: Աշուղ Աշոտը խոստովանած է, որ «Օճախում», «Դու ծաղկավառ Զանգեզուրի» եւ շարք մը այլ երգեր յօրինած է յատկապէս Օֆելիային համար:

Շահէնն ալ իր «Էլինար» պոէմը գրած է Օֆելիային համար` «ամէն ինչ կառուցելով երգչուհիին ձայնական իւրայատկութիւններուն վրայ»:

Առիթով մը Օֆելիա ափսոսանք է յայտնած, որ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանները յաճախ չեն սփռեր իր երգերը, որոնք կ՛ոգեշնչեն եւ կ՛ապրեցնեն հայրենիքէն հեռու գտնուող հայերը:

Սիրուած երգչուհին ելոյթներ ունեցած է` Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Ֆրանսայի, Մ. Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: 2011-ին արժանացած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանին` հայ երգարուեստին մատուցած ծառայութիւններուն համար:

 

Լուսաւոր Գաղափարներ

Ինչեր Կարելի Է Ընել
Հին Անիւներով

Սեղան

20-diy-tire-table

Կարելի է գիւղի տան, կամ պատշգամին համար իւրայատուկ սեղան մը շինել` 2 անիւ ըստ ճաշակի ներկելով, վրայ-վրայի հաստատելով եւ անոնց վրայ կլոր ապակի մը զետեղելով:

***

Հովանոցները Դասաւորելու

8-old-tire-umbrella-stand

Առնել անիւ մը, լուալ, փայլեցնել, ապա բացուածքներ բանալ եւ անոնց մէջ տեղաւորել հովանոցները, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` ձեռքի գաւազաններ:

***

Ծառէն Կախուած Թաղար

12-hanging-tire-flower-planter

Առնել անիւ մը, ներկել եւ հաստ շղթայի մը կամ պարանի մը միջոցով կախել պարտէզի ծառէն, կամ պատշգամի պատէն եւ մէջը զետեղել ծաղկած, գեղեցիկ բոյս մը:

***

Պատի Զարդ

19-tire-display-shelf

Անիւը (սեւ կամ գունաւոր) հաստատել պատին վրայ, մէջը զետեղել փոքր գեղօրներ կամ` ձեր մանչուկին ինքնաշարժները եւ այլն…

***

Օրօրոց

tire_swing_1382731396

Առնել անիւ մը եւ հաստ, պարանի մը միջոցով կախել ծառի մը ապահով, հաստ ճիւղէն: Երեխաները շատ պիտի զուարճանան անոր վրայ ելլելով ու ճօճուելով:

 

Առողջապահական

Կէսօրուան Ճաշէն Ետք
Կարճ Մրափի Մը 7 Բարիքները

la-sieste-un-vrai-sommeil-reparateur

Շատեր սովորութիւն ունին կէսօրուան ճաշէն ետք մրափ մը առնելու կամ քնանալու:

Մասնագէտներու կարծիքով, կէս ժամ տեւող մրափը ունի բազմաթիւ բարիքներ եւ բոլոր տարիքի մարդոց յանձնարարելի է գործադրել մրափի սովորութիւնը հետեւեալ 7 համոզիչ պատճառներով.

1.- Կը պաշտպանէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
2.- Կ՛օգնէ որոշում տալու գործընթացին:
3.- Կ՛օգնէ նուազ ուտելու:
4.- Կը թեթեւցնէ ընկճախտը:
5.- Կը թարմացնէ յիշողութիւնը:
6.- Կը նպաստէ սիրտին առողջ գործունէութեան:
7.- Աւելի ուրախ կը պահէ ձեզ:

 

Նորաձեւութիւն

Սանտալի Մը Պատմութիւնը

It-piece-les-sandales-a-plateforme-de-Hogan

«Հոկըն» վաճառանիշը հրապարակ իջեցուցած է անսովոր սանտալներ` ի պատիւ Պիանքա Ճեկըրին եւ անոր իւրայատուկ ոճին` 70-ական թուականներուն:

Նախկին դերասանուհի եւ մանըքէն Պիանքան, որ «Ռոլինկ սթոնզ» խումբի անդամ Միք Ճեկըրին կինն էր, սովորութիւն ունէր քուլիսներու ետին ամուսինին այցելելու հաստ, բարձրակրունկ սանտալով, որմէ կախած կ՛ըլլար իր VIP-ի (շատ կարեւոր անձնաւորութիւն) քարտը:

«Հոկըն» վաճառանիշը նոյն այդ սանտալները վերակենդանացուցած է` պահելով անոնց արտակարգ կրունկները եւ վառ գոյները: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին հարիւր տոկոսով Պիանքան ընդօրինակել, կրնան յատուկ ապսպրանքով VIP-ի քարտ մըն ալ հաստատել իրենց սանտալին վրայ:

Նշենք, որ «Հոկըն»-ի այս սանտալը կ՛արժէ 335 եւրօ:

 

Խոհագիր

Դդումով Եւ Լոլիկով Թարթ

dsc_1486

Բաղադրութիւն 4 անձի համար.-

– 1 ծրար Փաթ ֆէօյըթէ պատրաստ խմոր
– Միջակ չափի 6 լոլիկ
– Միջակ չափի 5 դդում
– Կապոց մը կանաչ սոխ
– 2 միջակ գետնախնձոր
– 1 պճեղ սխտոր
– Թարմ ծոթրինի տերեւներ
– 6 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Հաւկիթի դեղնուց մը:

Պատրաստութիւն.-

2 ապուրի դգալ ձէթի մէջ դարձնել մանրուած կանաչ սոխը եւ ճզմուած սխտորը:

2 ապուրի դգալ ձէթի մէջ դարձնել դդումի եւ գետնախնձորի շերտերը: 10-15 վայրկեան եփել:

Թարթի կաղապարի մը մէջ տարածել խմորը, պատառաքաղով մը ծակծկել եւ վրան տարածել մանրուած սոխը:

Խմորին երեսը ծածկել կլոր շերտուած բանջարեղէններով, երեսը տարածել թարմ ծոթրինի տերեւները եւ 2 ապուրի դգալ ձէթը:

Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել, մինչեւ որ բանջարեղէնները փափկանան:

Որպէսզի խմորը գեղեցիկ տեսք ունենայ, նախքան փուռ մտցնելը անոր եզերքը ծեփել հաւկիթի դեղնուցով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Օճախում

Սրտանց արի, քո սէրն եմ էս հիւրընկալ օճախում,
Ազնիւ սրտի հուր սիրոյ, յիշատակ կայ օճախում:
Մի՞թէ սիրտը մութ է քո, չէ՞ որ դու իմ աստղն ես,
Անհուն երկնի շողն առած, կենաց սիրտ կայ օճախում:

Դէ արի շորորա,
Տաղ ասեմ նազերիդ,
Օճախս տխուր է առանց քեզ, նազելի,
Ախ, աչքս քո ճամբին խամրում է, ի՞նչ անեմ,
Ախ, սիրտս կարօտից մարւում է, ի՞նչ անեմ:

Լեռնական է իմ հոգին, աստղերի հետ կը խօսի,
Մօտ եւ հեռու ոլորուն, ճամբէքի հետ կը խօսի,
Հոգուս հաւքը միշտ քեզ հետ` երազի մէջ կը խօսի,
Քո հուր սիրուց չմարող վառ կրակ կայ օճախում:

Ինչքան էլ որ խիստ լինի ձիւն-ձմեռը էս տարուայ,
Ինչքան էլ որ ուշ բացուեն ճամբաները գարունքուայ,
Կրակները սրտերի չեն մարի, չեն մոխրանայ,
Ինչպէս կրակ մի անմար, վառ կը մնայ օճախում:

Արագիլը գարունքին գալիս, գտնում է բոյնը,
Հազար շիւղեր նա բերում, նորոգում է իր բոյնը,
Աշոտ, դու էլ էս գիշեր կ՛առնես աչքերիդ քունը,
Թէ սիրածդ սրտաբաց գայ ու մնայ օճախում:

ԳՈՒՍԱՆ ԱՇՈՏ

 


Կին Դէմքեր. Քերըլին Ռաֆայէլեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Carolyn-Raphaelian_62316

Ամերիկահայ մեծահարուստ ոսկեգործ Քերըլին Ռաֆայէլեան ընդգրկուած է սեփական ջանքերով հարստացած աշխարհի կիներու «Ֆորպզ»-ի ցանկին վրայ` գրաւելով 22-րդ դիրքը: Անոր հարստութիւնը կը գնահատուի 700 միլիոն տոլար:

Ան այս ցուցանիշով ոսկերչութեան մարզին մէջ առաջինն է Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ կիներու շարքին:

Ալեքս Էնտ Անի

2004-ին Քերըլին հիմնած է «Ալեքս էնտ Անի» զարդերու ընկերութիւնը` անուանելով զայն իր երկու զաւակներուն անունով:

Զարդերուն արժէքը մատչելի պահելու նպատակով ընկերութիւնը կ՛օգտագործէ վերամշակուած նիւթեր: Ընկերութիւնը ներկայիս ունի 46 խանութ, աւելի քան 1000 գործաւոր, իսկ մինչեւ 2015 թուական` ընկերութեան վաճառքը հասած է 500 միլիոն տոլարի:

«Ֆորպզ»-ի այս ցանկը կը գլխաւորեն Տայըն Հենտրիքսը, Օփրա Ուինֆրին, Ճուտի Ֆոլքնըրը: Նոյն ցանկին վրայ են նաեւ` Մատոնան, Սելին Տիոնը, Պարպրա Սթրայզընթը, Պիսսէն եւ ուրիշներ:

 

Լուսաւոր Գաղափարներ

 Հագուստի Պահարանի
Վերածուող Աթոռներ

recyclage-objets-vieux3_62316

Եթէ ինչ-ինչ պատճառներով փոքր տան մը մէջ կ՛ապրիք եւ սենեակին մէջ պահարան մը տեղաւորելու դժուարութիւն ունիք, օգտագործեցէք պատշգամի ծալուող աթոռներ:

Ինչպէս նկարին վրայ կը հաստատէք, աթոռները կարելի է գոց վիճակով պատէն հաստատել սենեակը չխճողելու համար եւ գործածութեան պահուն իջեցնել:

Կրնաք նաեւ պատէն հաստատուած աթոռներէն մէկ քանին բանալ եւ վերածել բացօթեայ պահարանի:

Այս լուսաւոր գաղափարը կը յարմարի առանձին ապրող ուսանողներու եւ կամ ամրան եղանակին ծովափը փոքրիկ շալէ վարձող զոյգերու:

Թենիսի Ռաքեթները
Հայելիի Վերածել

recyclage-objets-vieux10_62316

Եթէ թենիսի ռաքեթներ ունիք եւ անոնք պահարանին մէկ անկիւնը նետուած են որպէս անգործածելի իրեր, անոնց երկրորդ կեանք մը տուէք` հայելիի վերածելով եւ պատէն կախելով:

Իսկապէս լուսաւոր գաղափար մը` գիւղի տան կամ ծովափի շալէին, բայց մանաւանդ ձեր զաւակներուն ննջասենեակին համար:

 

Գեղեցկագիտական-Առողջապահական

Սոխը` Յօնքերու
Գեղեցկութեան Համար

ognon_62316

Անցեալին նորաձեւ էին բարակ յօնքերը, իսկ յօնքերը որքան «քաշենք», այնքան կը թեթեւնան, կը նօսրանան եւ աւելի դանդաղ կ՛աճին:

Բարեբախտաբար գոյութիւն ունի արդիւնաւէտ միջոց մը, որ կ՛օգնէ յօնքերուն վերագտնել խտութիւնը:

Լաւագոյն միջոցը մազերու աճին համար սոխն է: Պարզապէս պէտք է կիսել փոքրիկ սոխ մը եւ անով շփել յօնքերը:

Անշուշտ շատեր կը մտածեն սոխին անախորժ հոտին մասին, սակայն լուացուելով` հոտը շուտով կը չքանայ, իսկ յօնքերը մէկ շաբթուան ընթացքին արդէն կը խտանան:

Եթէ ասոր կողքին նաեւ թեթեւ մարձումներ կատարուին, միջոցին ազդեցութիւնը կը կրկնապատկուի:

Երեկոյեան Համեմուած
Կաթ Խմել

milk-1_62316

Հելով կաթը կը նպաստէ ուղեղի աշխատանքին եւ կ՛ազատէ ընկճախտէ եւ յոգնածութենէ:

Սաֆրանով պատրաստուած կաթը կը կանոնաւորէ ջղային համակարգը, շնչառական անցքերու եւ անօթներու աշխատանքը:

Կասիայով կաթը կ՛աշխուժացնէ միտքը, զայն արթուն կը պահէ եւ աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ:

Քրքումով կաթը օգտակար է լեարդին, անիկա նաեւ կը պայքարի կնճիռներուն դէմ:

Կոճապղպեղով կաթը մարմինը կը մաքրէ թունաւոր նիւթերէն եւ կը բարձրացնէ անոր դիմադրականութիւնը:

Կաթին աւելցուած մշկընկոյզը կը դարմանէ գլխացաւը, կը բարելաւէ յիշողութիւնը: Անիկա նաեւ կը նպաստէ քունին եւ կը վերացնէ յոգնածութեան զգացողութիւնը:

 

Նորաձեւութիւն

Անժամանցելի Հագուստներ

 

Կանացի հագուստներու պատմութիւնը հետաքրքրական եւ տարօրինակ է: Նորաձեւութիւնը անդադար կը կրկնէ ինքզինք եւ տասնեակ տարիներ առաջ առասպելի կարգ անցած աստղերու հագուստներ այսօր կրկին կ՛ոգեշնչեն եւ կը հեռացնեն մեզ: Ստորեւ` հետաքրքրական նմուշներ:

Մարլին Մոնրոյի ճերմակ զգեստը` 1955-ին:

Մարլին Մոնրոյի ճերմակ զգեստը` 1955-ին:

Ճուլիա Ռոպըրթցի կարմիր զգեստը` 1990-ին:

Ճուլիա Ռոպըրթցի կարմիր զգեստը` 1990-ին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ճուլիա Ռոպըրթցի կարմիր զգեստը` 1990-ին:

Ճուլիա Ռոպըրթցի կարմիր զգեստը` 1990-ին:

Տայանա իշխանուհիին ծաւի հագուստը` 1995-ին:

Տայանա իշխանուհիին ծաւի հագուստը` 1995-ին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Օտրի Հեփպըռնի ասեղնագործ հագուստը` 1954-ին:

Օտրի Հեփպըռնի ասեղնագործ հագուստը` 1954-ին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Սմբուկով Միլֆէօյ

moussaka-legere_62316Բաղադրութիւն 4 անձի համար.

– 2 երկար սմբուկ
– 300 կրամ մանրուած միս
– 1 սմբուկ
– 1 սոխ
– 1 պճեղ սխտոր
– Կէս սուրճի դգալ քիմիոն
– Կէս սուրճի դգալ կարմիր, փոշի պղպեղ
– Լոլիկի թացան
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Ձէթ
– Տաշուած պանիր

Պատրաստութիւն

Ձէթը տաքցնել, աւելցնել մանրուած սոխը, ճզմուած սխտորը, քերոցէ անցած ստեպղինը եւ 5 վայրկեան եփել:

Աւելցնել միսը, աղը, պղպեղը, քիմիոնը եւ տեւաբար խառնելով` եփել, յետոյ աւելցնել լոլիկի թացանը եւ շարունակել եփել եւս 5 վայրկեան, ապա կրակը մարել:

Սմբուկները կլոր շերտել եւ յատակը թեթեւօրէն ձէթով ծեփուած տապակին մէջ զանոնք երկու երեսով խորովել, ապա աղել:

Փուռ գացող ափսէի մը մէջ իրարմէ որոշ հեռաւորութեան մը վրայ շարել սմբուկի շերտերը, վրան տարածել միսը եւ այսպէս` փոխն ի փոխ, մինչեւ որ ունենաք 4 շերտ սմբուկ եւ 4 շարք միս: Երեսը ցանել տաշուած պանիրը եւ տաք փուռը փոխադրել, մինչեւ որ պանիրը հալի:

Որպէսզի միլֆէօյները աւելի համաչափ տեսք ունենան, կարելի է օգտագործել առանց յատակի կլոր, խողովակաձեւ կաղապարներ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ապրել Գիտեն

Համեստ քաղաք, չարքաշ ամբոխ,
Կեանքի կռուից չեն խուսափող,
Թէկուզ փողով, թէկուզ անփող,
Ապրել գիտեն մեր գիւմրեցիք:

Սրտեր ունին հանգիստ, բարի,
Ցորեն չեղաւ` կ՛ուտեն գարի,
Որքան դիպչին չարի, քարի…
Ապրել գիտեն մեր գիւմրեցիք:

Մէկը մէկին կեանք է տալիս,
Լաց չգիտեն` փորձանք տալիս,
Կարծես լինեն պողպատ խալիս…
Ապրել գիտեն մեր գիւմրեցիք:

Կեանք են վարում վեհանձ հոգով,
Բարձր կանգնած` ձիրքով, ջանքով,
Ամէնքն իրենց ուժեղ կամքով…
Ապրել գիտեն մեր գիւմրեցիք:

Անկեղծ հոգի, անկեղծ սրտեր,
Հաստատ մարդ են եւ ոչ ստուեր,
Սիրով, սրտով անուշ ընկեր…
Ապրել գիտեն մեր գիւմրեցիք:

Պարզ են զուլալ ջրի նման,
Ունին ընդմիշտ խոշոր գիւման,
Հալալ հացն է նորանց արժան…
Շատ են տանջուած մեր գիւմրեցիք:

ԳՈՒՍԱՆ ՇԵՐԱՄ

1926թ.

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Թելադրելի Է Երեխաներուն Աշխատիլ Սորվեցնել Կանուխ Տարիքէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

doing-dishes-with-sponge.

Հոգեբաններու կարծիքով, երեխաներուն ճիշդ դաստիարակութեան համար թելադրելի է անոնց աշխատիլ սորվեցնել կանուխ տարիքէն: Անոնց կարծիքով, խաղը, ուսումը եւ աշխատանքը երեխաներու զարգացման երեք կարեւոր բաղադրիչներն են: Ծնողներուն օգնել պզտիկ գործ մը կատարելով եւ անոր դիմաց չնչին վարձատրութիւն ստանալով` երեխան աւելի լաւ կը հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս կառուցուած է աշխարհը եւ աւելի լաւ նախապատրաստուած կ՛ըլլայ հասուն կեանքին:

Ասիկա նաեւ երեխային հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու, թէ կեանքի մէջ ի՛նչ դեր կը խաղայ աշխատանքը, եւ թէ որքան կարեւոր է չծուլանալը: Այլապէս երեխաները կրնան վերածուիլ ծոյլ պատանիներու եւ անյաջողակ չափահասներու:

Վերոյիշեալ հոգեբանները կարեւորութեամբ կ՛ընդգծեն, որ աշխատանք ըսելով` երբեք պէտք չէ հասկնալ մանկական աշխատանքի շահագործումը եւ յանուն աշխատավարձի եւ ընտանիքը կերակրելու համար աշխատիլը:

Պէտք է, որ աշխատանքը երեխաներուն զարգացման մէկ մասը կազմէ եւ ոչ թէ խանգարէ անոնց զարգացումը: Աշխատանքը միջոց մը պէտք է ըլլայ երեխաներուն համար` ճանչնալու զիրենք շրջապատող աշխարհը, բայց անոնք պէտք է որ բաւարար ժամանակ ունենան խաղալու եւ ուսում ստանալու:

Վերջապէս, հոգեբանները կարեւորութեամբ շեշտած են, որ աշխատանքը ոչ մէկ ձեւով պէտք է վնասէ երեխաներուն մարմնական կամ հոգեկան առողջութեան կամ վիրաւորէ անոնց արժանապատուութիւնը:

 

 Ինչո՞ւ Ներել

forgiveness_63016f

Փոքր տարիքէն մեր զաւակներէն կը պահանջենք, որ իրենց գործած մէկ սխալին համար ներողութիւն խնդրեն եւ կամ իրենց դէմ գործուած մէկ յանցանքին դիմաց ներողամիտ գտնուին:

Չափահաս տարիքի մենք ալ մեր կարգին պէտք է ներենք մեզ ցաւցուցած անձը, մոռնանք անախորժ պատահարը, այլապէս կը դժուարացնենք մեր կեանքը:

Չներել` կը նշանակէ մէջը պահել վիրաւորանքը, դժգոհութիւնը: Ատիկա նաեւ կը նշանակէ` մէջը պահել ցաւը: Մշտապէս մեր ուղեղին մէջ կը պտտցնենք այդ իրադարձութիւնը` փոխանակ դրական բաներու վրայ կեդրոնանալու:

Ներումը առաջին հերթին մեզի կ՛օգնէ: Ամբողջ իմաստը ա՛յդ է: Մենք կը մտածենք, որ ներումը կը վերաբերի դիմացինին, սակայն իրականութեան մէջ այս դժուար քայլը մեզի աւելի պէտք է: Առանց ներումի` մենք չենք կրնար կեանքի մէջ յառաջ երթալ, միշտ մեր հոգիին վրայ ծանր քար մը կրելու տպաւորութիւնը կ՛ունենանք:

Ներումը պէտք է բոլորին համար ըլլայ, եւ ոչ թէ միայն անոնց, որոնք ներողութիւն խնդրած են մեզմէ: Այլապէս ո՞ւր է ներման իմաստը: Ուժեղ մարդիկ կը ներեն նոյնիսկ անոնց, որոնք արժանի չեն: Այլապէս մեր մէջ թաքնուած վիրաւորանքը կ՛արտացոլայ մեզ շրջապատող այլ մարդոց վրայ եւ ատիկա կը դառնայ բարդոյթ եւ մարդոց հանդէպ անվստահութեան պատճառ:

Միայն ներելով մենք կը հաշտուինք անցեալին հետ, որպէսզի անիկա չխանգարէ մեր ապագան: Երբ մենք մէկ կողմ կը դնենք անցեալի ցաւը, վիրաւորանքը, նոր տեղ կը բանանք նոր եւ խաղաղ զգացումներու:

Կ՛արժէ մտածել այս մասին…

Հետաքրքրական խօսքեր` ներումի մասին.

– Տկարը չի կրնար ներել: Ներումը ուժեղներուն կը պատկանի:

– Երբ կը ներես, անցեալը չես փոխեր, սակայն վստահաբար կը փոխես ապագան:

– Սիրել` կը նշանակէ ներել:

– Էջը դարձնելը մոռնալ չի նշանակեր: Պարզապէս ըսել է, թէ որոշած ես ուրախ ըլլալ` փոխանակ վիրաւորուած զգալու…

– Ներելը ուրիշին համար չէ, որ կ՛ընենք, այլ` մենք մեզի: Կը ներենք աւելի հանգիստ զգալու եւ յառաջ երթալու համար:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Մեխակի Գամի
Օգտագործումը

mexak-63016

– 1 –

Ակռայի ցաւի համար:

Ակռայի ցաւին ժամանակաւոր լուծում մը գտնելու համար մեխակի գամ մը տեղաւորեցէք ցաւող ակռային վրայ, ի հարկին` երկու ակռաներու միջեւ, եւ շատ չանցած` ցաւը պիտի մեղմանայ:

 – 2 –

Ցեցի դէմ:

Ձեր պահարանին գզրոցներուն մէջ եւ դարաններուն վրայ մեխակի գամեր զետեղեցէք: Ցեցերը չեն ախորժիր անոր հոտէն եւ հեռու կը մնան ձեր պահարանէն:

– 3 –

Կոկորդի ցաւի դէմ:

Տաք ջուրով լեցուն գաւաթի մը մէջ քանի մը մեխակի գամ դրէք, աւելցուցէք թէյի դգալ մը մեղր եւ շերտ մը կիտրոն ու խմեցէք:

– 4 –

Խոհանոցին գէշ հոտերուն դէմ:

Խոհանոցէն անախորժ հոտերը հեռացնելու համար թէյամանին մէջ ջուր եռացուցէք, մէջը մեխակի գամ նետեցէք եւ եռացուցէք: Շատ չանցած` անախորժ հոտերը պիտի չքանան:

– 5 –

Սառնարանի գէշ հոտերուն դէմ:

Գաւաթի մը կէսը կիտրոնի հիւթ լեցուցէք, քանի մը մեխակի գամ աւելցուցէք եւ սառնարանին դարաններէն մէկուն վրայ զետեղեցէք անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար:

– 6 –

Կերակուրներուն համ տալու համար:

Յատկապէս մսեղէններու պատրաստութեան մէջ անպայման մեխակի գամ գործածեցէք անոնց բոյր եւ համ տալու համար:

– 7 –

Բերնի գէշ հոտին դէմ:

Քանի մը մեխակի գամ ծամեցէք, եթէ սոխի կամ սխտորի պատճառով ձեր շունչը գէշ կը հոտի:

– 8 –

Եթէ յօդային կամ մկանային ցաւերէ կը տառապիք, ահաւասիկ` բնական եւ արագ միջոց մը. գաւաթ մը եռացած ջուրի մէջ քանի մը մեխակի գամ նետեցէք եւ տաք-տաք խմեցէք:

 

Խոհագիր

Ձմերուկով Փիծա

pizza-pastèque-fromage-olives

Փիծան այն ուտեստներէն է, որ սիրուած է գրեթէ բոլորին կողմէ, քանի որ իւրաքանչիւր անձ կրնայ զայն պատրաստել այն բաղադրիչներով, որ ինք կը սիրէ:

Այսօրուան սիւնակով ձեզի կը ներկայացնենք ձմերուկով փիծայի բաղադրատոմս մը. հաւանաբար զարմանաք, բայց կ՛արժէ զայն փորձել:

Պատրաստութիւն.

Սուր դանակով մը կտրեցէք ձմերուկի կլոր եւ բաւական հաստ շերտ մը:

Անոր երեսը տարածեցէք թացանը (1 ապուրի դգալ կարմիր գինի, 1 ապուրի դգալ շաքարաւազ, քառորդ ապուրի դգալ աղ, 2 ապուրի դգալ ձէթ):

Երեսը զարդարեցէք պանիրով (պլէօ կամ ֆեթա), սոխի կլոր, բարակ շերտերով, մանրուած ռեհանով եւ սեւ ձիթապտուղի հատիկներով:

Ձմերուկը փոխադրել սառնարանը եւ հրամցնել պաղ վիճակի մէջ: Բարի՛ ախորժակ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ա՛խ, Իմ Հայրենի՜ք…

Ես կեանքիդ համար կեանքս չեմ տուել`
Ես չեմ մասնակցել եւ ո՛չ մի մարտիդ,
Բայց կէս քայլ անգամ չեմ արել կեանքում,
Որ քեզ չբերի.
Քեզնից սկսւում ու քեզ եմ հանգում`
Շրջագծի պէս…

Վերեւից ցած են ջրերդ հոսում,
Իսկ ես իմ ցածից
Լուռ մագըլցում եմ դէպի բարձունքըդ`
Քո շոգի` նման…

Ու երբ գարունդ է նորից կրկընւում
Մի հրաշալի էպիգոնութեամբ,
Չոր ցօղունիդ պէս ծաղկում է իմ մէջ
Նոյն միտքը միայն.
– Թէկուզ անանուն`
Ինչպէս խոտերդ սարերիդ լանջին,
Եթէ ես օգնեմ կանաչութեանդ,
Կարող եմ ասել.
«Ե՜ս էլ ապրեցի»…

Պ. ՍԵՒԱԿ

Հոգեբանական Փորձ. Ի՞նչ Տեսաք Նկարին Վրայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Test_71416

Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ըսէք, թէ առաջին անգամ ի՞նչ տեսաք նկարին վրայ:

Մոմակա՞լ, տղամա՞րդ, կի՞ն:

Ճշդելէ ետք ձեր տեսածը, կարդացէք համապատասխան բացատրութիւնը ձեր նկարագրային գիծին մասին:

–  Եթէ առաջին հերթին մոմակալը նկատեցիք, լայնախոհ անձ էք: Ձեր ծրագիրները միշտ փառահեղ են: Դուք լայնահոգի, համբերատար եւ փափկանկատ մարդ էք, բայց ուշադի՛ր, շատեր կը շահագործեն ձեր ազնուութիւնը: Եղէք աւելի զգուշաւոր` շրջապատի ընտրութեան ժամանակ:

–  Եթէ առաջին հերթին կինը նկատեցիք, դուք վիպապաշտ անձ մըն էք, յաճախ իրականութեան քովէն կ՛անցնիք եւ ձեր երազներուն եւ յոյզերուն զոհը կ՛երթաք:

Այս հեւքոտ կեանքին մէջ լաւ է երբեմն վիպապաշտ ըլլալը եւ ծանր իրականութենէն քիչ մը անջատուիլը, բայց ուշադիր եղէք, որ յուսախաբութիւններ չապրիք:

–  Եթէ առաջին հերթին տղամարդը տեսաք, դուք չափազանց հանդարտ եւ պաղարիւն մարդ էք: Ամէն հարցի գծով ունիք ձեր սեփական կարծիքը եւ իւրայատուկ աշխարհահայեացքը: Դուք բաւարար ուշադիր չէք ձեր շրջապատին, անհրաժեշտ է քիչ մը ուշադրութիւն դարձնել ձեր հարազատներուն:

 

Ձմերուկի Մատուցման
Հետաքրքրական Ձեւեր

Ամրան տաք ամիսներուն քաղցրահամ եւ հիւթեղ ձմերուկը իտէալական ուտելիքն է բոլորին համար:

Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է յաճախ ձմերուկ ուտել:

Ձմերուկը քիչ իւղ կը պարունակէ, իսկ երբեք` քոլեսթերոլ:

Հարուստ է Ա., Սէ. եւ Պէ. կենսանիւթերով:

Հարուստ է հանքայիններով եւ օլիկօ-էլեմաններով:

Անիկա կը մաքրէ երիկամները եւ լեարդը:

Կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը եւ կը պաշտպանէ երակները:

Հարուստ է հակաօքսիտաններով:

Յագեցնող է:

Կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգը:

Պարզապէս` կը զովացնէ:

Միօրինակութենէ դուրս գալու համար ձեզի կը ներկայացնենք ձմերուկի մատուցման նոր եւ հետաքրքրական ձեւեր:

Watermelon_sticks_71416

ա.- Ձմերուկի ձողիկներ

watermelon_hearts_71416

բ.- Ձմերուկի քաղցր սրտիկներ

watermelon_cake_71416

գ.- Ձմերուկի կարկանդակ

watermelon-goat-cheese_71416

դ.- Այծի պանիրով ձմերուկի պատառիկներ

Watermelon_71416

ե.- Ձմերուկի պաղպաղակներ

 

Կ՛արժէ Մտածել

7-no_71416

7 «Ոչ»-եր, Որոնք
Կը Փոխեն Ձեր Կեանքը

Կեանքը շատ կարճ է չսիրած գործով զբաղելու համար: Կեանքը շատ կարճ է տեւաբար հաճոյակատարի դերը խաղալու համար: Ճիշդ ժամանակին «Ոչ» ըսելը կը փոխէ ձեր կեանքը, վստահաբար` դէպի լաւը:

1.- «Ոչ» ըսէք այն աշխատանքին, որ չէք սիրեր: Կարեւոր է, որ աշխատանքը ձեզի հաճոյք պատճառէ:

2.- «Ոչ» ըսէք ձեր ծնողներուն ակնկալութիւններուն: Ձեր կեանքը ձեզի կը պատկանի, եւ դուք պիտի որոշէք` ինչպէ՛ս պիտի չապրիք:

3.- «Ոչ» ըսէք ձեզմէ վայրկենական պատասխան սպասողին: Ձեր ժամանակը առէք եւ համոզումով տուէք ձեր կարծիքը:

4.- «Ոչ» ըսէք այն մարդոց, որոնք միշտ օգնութիւն կը խնդրեն ձեզմէ: Օգնել կարելի է, սակայն ուրիշներուն գործերը միշտ ձեր վրայ պիտի չառնէք:

5.- «Ոչ» ըսէք տեւաբար տրտնջացող անձերուն, որոնք իրենց լաւ օրերուն յաճախ կը մոռնան ձեր գոյութիւնը:

6.- «Ոչ» ըսէք ձեր հանգիստը խանգարող եւ ազատութիւնը կաշկանդող դրացիներուն, որոնք մնայուն անկոչ հիւրի դերին մէջ են:

7.- «Ոչ» ըսէք վախերուն: Արկածներն են կեանքին համեմը, ալ ի՞նչ արկած` առանց վախի…

 

Նորաձեւութիւն

Շանել Նորաձեւութեան
Տունը Կը Մեծարէ Ցորենը

Վերջերս Փարիզի մէջ ցուցադրուեցաւ Շանել նորաձեւութեան տան գոհարեղէններու հաւաքածոն, որուն թեման Կապրիէլ Շանելի սրտին խօսող ցորենն էր:

Փոքր տարիքէն նշանաւոր ֆրանսուհին յատուկ սէր ունեցած է ցորենին եւ ցորենի հասկերուն հանդէպ: Հետեւաբար գոհարեղէններու վերջին հաւաքածոյին թեման պատահական չէր:

Հարստութեան, առատութեան, վերանորոգման եւ բախտաբերութեան խորհրդանիշ ցորենը Կապրիէլ Շանելի կեանքին մէջ յատուկ տեղ գրաւած է: Ան որպէս բախտի խորհրդանիշ` ցորենի հասկերու փունջեր զետեղած էր իր յարկաբաժինին, բայց նաեւ պանդոկի սենեակներուն մէջ: Իսկ զուգադիպութեամբ մը նշանաւոր ձեւագիտուհիին ծննդեան թուականը (19 օգոստոս) կը համընկնի հունձքի տօնին:

62 կտորէ բաղկացած գոհարեղէնները` մանեակ, օղ, ապարանջան, մատանի եւ զարդասեղ, պատրաստուած են ճերմակ եւ դեղին ոսկիէ եւ զարդարուած են ադամանդի եւ դեղին շափիւղայի քարերով:

Ստորեւ կը տեսնէք վերոյիշեալ հաւաքածոյէն հետաքրքրական նմուշներ:

 

240_F_51814153_pzDU42RTaGEfzpCWQrP8diWt5hFdgYSL

 

bijoux-epi-de-ble_71416

 

 

 

 

 

Boucles-Doreilles-71416

 

so-chic-bijoux-broche_71416

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Բրինձով Աղցան

 

salade-riz_71416

Բաղադրութիւն 4 անձի համար.

400 կրամ պասմաթի բրինձ
4 լոլիկ
Կէս կարմիր պղպեղ
Կէս դեղին պղպեղ
Կէս կանաչ պղպեղ
1 տուփ թոն
1 տուփ եգիպտացորեն
2-3 կանաչ սոխ
3 հատ խաշած հաւկիթ
4 ապուրի դգալ ձէթ
1 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
1 սուրճի դգալ մանանեխ
Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Պասմաթի բրինձը խաշել:

Մանր կտրտել 3 գոյնի պղպեղները եւ լոլիկները: Մանրել նաեւ կանաչ սոխը:

Խաշել եւ կեղուել հաւկիթները:

Խորունկ ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը:

Աղցանի յատուկ խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել խաշած բրինձը, աւելցնել պղպեղները, լոլիկը, սոխը, եգիպտացորենը, փշրուած թոնը, կտրտուած հաւկիթը: Թացանը աղել, համեմել եւ աւելցնել խառնուրդին:

Սառնարանը փոխադրել մինչեւ հրամցնելու պահը:

Ներկայացնել կէս խորունկ ամանի մը մէջ եւ շուրջը զարդարել լոլիկի եւ խաշած հաւկիթի շերտերով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կ՛ուզէ՞ք – երգեմ `
Ձեզ համար,
Հիմա:
Այնպէս երգեմ, որ զգաք-
Ինչ որ կ՛ուզէք, կ՛ուզէք – սէր
Կ՛ուզէք – մահ:
Ես երգում եմ, որ յուզեմ.
Տալիս եմ երգս լուսէ
Ո՛ւմ որ կ՛ուզէք. թէկուզ նա
Լինի պոռնիկը վերջին.
Դուր չի՞ գալիս ձեզ միթէ
Այս քնքշութիւնը –
Առջի:
Ես երգում եմ ակամայ:
Ի՛նչ էլ երգեմ, կ՛ուզէք – սէր,
Կ՛ուզէք – մահ: –
Բայց չե՛մ կեղծում ես երբեք:
Լսէ՛ք երգերս
Ահա –
Լսէ՛ք երգերս, բայց թէ –
Չհարբեք:
Ես չեմ ուզում, որ հարբեք.
Լաւ չէ, գիտէ՞ք, երբ որ մի
Անհո՜ւն կարօտ դառնում է քաղցր
Քամի…
Չէ՞ք հասկանում:
Ի զո՜ւր, ի զո՜ւր: Դուք պէ՛տք է որ
Հասկանաք:
Թռչել է պէտք. սակայն ո՞ւր:-
Չէ՞ք հասկանում. ես կ՛ուզեմ,
Որ իմ երգերը
Լուսէ –
Ձեզ թուղթ թուան ու թանաք:
Չէք հասկանում… – Դուք պէ՛տք է որ
Հասկանաք:
Ուրիշ – ոչինչ:
Ու հիմա –
Նո՛յնն է նորից. ես երգում եմ, որ յուզեմ
Ես երգում եմ – ակամայ:
Ի՛նչ էլ երգեմ` կ՛ուզէք – սէր,
Կ՛ուզէք – մահ:
Ես – խեղկատակ եմ հիմա…

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

Կին Դէմքեր. Ալիսիա Կիրակոսեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
alisa-kiarakosian-3_72116

Անցեալ շաբաթ Ալիսիա Կիրակոսեանի ծննդեան տարեդարձն էր: Արժանթինահայ բանաստեղծուհին 80 տարեկան պիտի դառնար:

Ալիսիա Կիրակոսեանը ծնած է 1936-ին, Արժանթին եւ մահացած է 2014-ին, Միացեալ Նահանգներ:

Բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը` «Մէկ օրում հինգ ձայն» լոյս տեսաւ 1966-ին, իսկ հայ ընթերցողը զայն ճանչցաւ 1967-ին, բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի հրաշալի թարգմանութեամբ հրատարակուած «Արմատ եւ էութիւն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուով:

Բանաստեղծուհիին գործերուն մեծ մասը սպաներէն գրուած է, եւ անոնց մէկ կարեւոր  մասը հայերէնի թարգմանուած է: Կիրակոսեան բազմաթիւ անգամներ Հայաստան այցելած է եւ այդ առիթով գրած է իր շատ ծանօթ բանաստեղծութիւնը` «Նամակ առ Հայաստան»-ը:

Ա. Կիրակոսեանի գործերուն բնաբանական առանցքը կազմած են` սէրը, մայրութիւնը, հայրենիքը եւ փիլիսոփայական խոհը: Ան արժանացած է Խաչատուր Աբովեանի անուան մրցանակին եւ «Մովսէս Խորենացի» մետալին:

 

 Առողջապահական

Սխալներ, Որոնք Կը Վնասեն
Մեր Քունի Որակին

Sleeping-Woman_72116

Բոլորս ալ պարբերաբար քունի խանգարումներ կ՛ունենանք, բայց երբ անոնք յաճախակի կը դառնան, պէտք է մտածել պատճառներու եւ լուծումներու մասին: Ահաւասիկ սխալներ, որոնք կը խանգարեն մեր քունը:

ա.- Շատ լուսաւոր ննջասենեակը,

բ.- Մինչեւ երեկոյ առատ քաֆէինի սպառումը,

գ.- Անհանգստաւէտ բարձն ու ներքնակը,

դ.- Քունի ժամերու յաճախակի փոփոխութիւնը,

ե.- Շրջապատի աղմուկը,

զ.- Շատ տաք կամ ցուրտ ննջասենեակը,

է.- Ծանր, իւղոտ ընթրիքը,

ը. Ննջասենեակին մէջ ելեկտրական գործիքներու առկայութիւնը,

թ.- Ապականած օդը:

Դափնիի Տերեւ Այրեցեէք,
Որպէսզի…

Burn-Laurel_72116

Դափնիի բուրաւէտ տերեւները ոչ միայն կերակուրներու պատրաստութեան մէջ կ՛օգտագործուին, այլ նաեւ` բժշկութեան: Տերեւները իրենց հարուստ բաղադրութեամբ կ՛օգտագործուին մարսողական համակարգը կանոնաւորելու եւ ընկճախտը դարմանելու համար:

Այսպէս, ռուս գիտնական Ժ. Մալախով յայտնաբերած է դափնիի տերեւներուն բարենպաստ ազդեցութիւնը ընկճախտի, անձկութեան եւ տրամադրութեան վրայ:

Դափնիի տերեւներուն հանգստացնող եւ տրամադրութիւնը բարձրացնող յատկութենէն օգտուելու համար կ՛առաջարկուի զանոնք… այրել:

Այսպէս, ընտրել դափնիի 4 – 5 չոր տերեւ եւ զանոնք այրել կաթսայի մը կամ խոշոր մոխրամանի մը մէջ եւ 10 վայրկեան սենեակէն մեկնիլ: Վերադառնալէ ետք շնչել սենեակին մէջ տարածուած անուշ բոյրով օդը…

Այրելու ընթացքին տերեւներու արտաբերած նիւթերը դրական տրամադրութիւն, հանգստութիւն եւ բարօրութիւն պիտի շնորհեն սենեակին օդը շնչելով:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Պաշտօնական Ընթրիքի Մը
Սեղանին Շուրջ…

dinner_72116

– 1 –

Ճաշարանը, երբ կերակուրները կը հասնին, «բարի ախորժակ» կը մաղթենք նախքան ուտելու սկսիլը:

ՍԽԱԼ, այս խօսքը մտերիմներու մէջ թերեւս կ՛ըսուի, բայց ոչ` պաշտօնական ընթրիքի մը ընթացքին: Մաղթանքի կամ այլ խօսքի կարիք չկայ:

– 2 –

Ընթրիքը աւարտած է: Ձեր ձեռքերը կը դնէք սեղանին, ձեր պնակին երկու կողմերուն:

ՃԻՇԴ, երբեք արմուկները սեղանին չեն դներ, ոչ ալ սեղանին տակը` ծունկերուն վրայ:

– 3 –

Երբ ընթրիքի մը հրաւիրուած ենք, պէտք է ճշդուած ժամանակին հասնինք:

ՍԽԱԼ, պաշտօնական ընթրիքի մը պէտք է, որ ճշդուած ժամէն քառորդ ժամ ուշ հասնինք: Այդ քառորդ ժամը կը կոչուի «քաղաքավարութեան քառորդ ժամ», որ առիթ կու տայ տանտիկինին վերջին դասաւորումները ընել` նախքան հիւրերուն ժամանումը:

– 4 –

Երբ ընթրիքը աւարտած էք դանակն ու պատառաքաղը զուգահեռ պէտք է դնէք պնակին մէջ:

ՍԽԱԼ, ընթրիքը աւարտելէ ետք դանակն ու պատառաքաղը պնակին մէջ պէտք է զետեղել ժամը 4:00-ին 20 մնացած սլաքներու դիրքով: Պատառաքաղը ակռաները դէպի վեր, իսկ դանակին շեղբը դէպի պատառաքաղ դարձած:

– 5 –

Սեղանին դրուած հացի կտորը քիչ մը մեծ է, դանակով կը կտրէք զայն:

ՍԽԱԼ, հացը երբեք դանակով չենք կտրեր, այլ պարզապէս` ձեռքով, առանց շատ մեծ ուշադրութիւն գրաւելու:

– 6 –

Ընթրիքի սեղանին շուրջ յանձնարարելի է քաղաքական նիւթերու մասին չխօսիլ, մանաւանդ եթէ անծանօթ հիւրեր ալ կան:

ՃԻՇԴ, կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ, որ ընթրիքի սեղանին շուրջ, մանաւանդ երբ անծանօթ հիւրեր ալ կան, պէտք է հրաժարիլ քաղաքական, դրամական եւ կրօնական նիւթեր արծարծելէ:

 

Ի՞Նչ Գիտենք Ընկոյզի Մասին

Nuts01_72116

Ընկոյզի հայրենիքը Փոքր եւ Միջին Ասիաներն են: Ընկոյզը համարուած է «ընկուզեղէնի արքան», իսկ անոր միջուկին արտաքին նմանութիւնը մարդու ուղեղին հետ` հին իմաստասէրներուն ենթադրել տուած է, որ ընկոյզը ունի «մտածելու» ունակութիւն:

Ըստ պահպանուած պատմական ձեռագիրներու, Բաբելոնի քուրմերը արգիլեր են հասարակ ժողովուրդին ընկոյզ ուտել, քանի որ խելացի մարդոց աւելի դժուար կ՛ըլլար կառավարելը:

Հին հայերը ծանօթ էին ընկոյզին բարձր սննդային արժէքին: Յատուկ ձեւով մշակուած, մեղրի եւ իւղի մէջ պահածոյացուած ընկոյզը նպաստած է զինուորներուն ֆիզիքական ուժի եւ ռազմական հնարամտութեան պահպանման:

Ընկոյզին Սննդական Արժէքը

Հասուն ընկոյզի միջուկը հարուստ է բազմաչյագեցած ճարպերով, քոլեսթերոլէ զուրկ ճարպաթթուներով, ամինաթթուներով, կիրով, մակնեզիոմով, Էօ. եւ Պէ. խումբի կենսանիւթերով եւ այլն…

Ահա թէ ինչո՛ւ ընկոյզը թելադրելի է բոլորին: Տարբեր ուսումնասիրութիւններ կը փաստեն, որ ընկոյզի միջոցով կարելի է բուժել բարորակ ուռուցքներ եւ չէզոքացնել տարբեր տեսակի բորբոքումներ: Անիկա օգտակար է անքնութեան եւ ընկճախտի պարագային:

Ընկոյզը ունի երիտասարդացնող, իսկ աւելի ճիշդ` ծերացումը դանդաղեցնող յատկութիւն:

Ընկոյզը նաեւ օգտակար է սրտանօթային եւ մարսողական համակարգին

Ուշադրութի՛ւն

Ընկոյզը հակացուցուած է գերզգայնութիւններու ենթակայ անձերուն, մորթային հիւանդութիւններ (փսորիազիս, էկզեմա եւ այլն…) ունեցողներուն եւ արեան լերդացման խախտումներու պարագային:

Անկախ ընկոյզի օգտակար յատկութիւններէն բժիշկները կը թելադրեն օրը 100 կրամէն աւելի ընկոյզ չուտել:

 

Խոհագիր

Պանիրով Եւ Ընկոյզով
Գնդակներ

boulettes-de-chevre-frais-aux-noix1_72116

Բաղադրութիւն 4 անձի համար.-

– 200 կրամ այծի պանիր (կարելի է փոխարինել ֆէթայով)
– 100 կրամ մանրուած ընկոյզ
– 1 ճիւղ խնկունի
– Մէկ ցօղուն կանաչ սոխ
– Պտղունց մը կարմիր պղպեղ
– Ըստ ճաշակի, կարելի է աւելցնել ռեհանի, գինձի կամ ազատքեղի մանրուած տերեւներ

Պատրաստութիւն.-

Ամանի մը մէջ ճզմել պանիրը, աւելցնել խնկունիի տերեւները, շատ մանր մանրուած կանաչ սոխը, կարմիր պղպեղը: Շաղել եւ ափերուն մէջ առնելով` ընկոյզի մեծութեամբ գնդակներ ձեւաւորել:

Բաց ամանի մը մէջ տարածել մանրուած ընկոյզը: Պանիրի գնդակները չորս կողմով թաթխել ընկոյզին մէջ եւ ներկայանալի ամանի մը մէջ տեղաւորել ու սառնարանը պահել` մինչեւ մատուցման պահը:

Զարդարել խնկունիի թարմ ճիւղերով եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

ՏԱՐԻՆԵՐՍ

Տարինե՜րս,տարինե՜րս,
Ո՞ւր մնացին տարիներս,
Կանաչ- կարմիր,
Սեւ-սպիտակ տարիներս,
Իմ սառն ու տաք,
Ծուռ ու շիտակ
Տարինե՜րս,տարինե՜րս:
Ո՞ւր գնացին խեղճ ու կրակ,
Ոտաբոբիկ տարիներս,
Իմ թեւաւոր,իմ թեւաբեկ
Տարիներս
Իմ սիրաւոր,
Իմ ձիաւոր
Տարիներս ու՞ր մնացին:
Որքան ցավեր տուին, առան,,
Որքան սեւե՛ր,սեւե՛ր,սեւե՛ր,
Տարինե՜րս,տարինե՜րս:
Որքա՜ն չասուած խօսքեր տարան,
Որքա՜ն չասուածսերե՜ր,սերե՜ր,
Տարիներս:
Ո՞ւր գնացին,ինչպե՞ս անցան
Քար քրքրող,երկինք խմթղ
Տարինե՜րս,տարինե՜րս,
Այս ինչքան շուտ վրայ հասան
Իմ ցուպաւոր,
Ասուպաւոր տարիներս:
Մեն մի օրով հաւաքուէին
Գային,գային
Եւ աճիւնիս վրայ լային
Իմ բախտաւոր,
Աղէտաւոր տարիներս,
Կանաչ-կարմիր,սեւ, սպիտակ
Ապրած բոլոր
Տարինե՜րս,տարինե՜րս:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

Կին Դէմքեր. Ճուլիէթ Գալստեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Juliet Galstyan_72816

Վերջերս Հայաստան այցելեցին սփիւռքահայ օփերայի երեք երգչուհիներ` Ճուլիէթ Գալստեանը, Հրաչուհի Բասենցին եւ Վարդուհի Խաչատրեանը: Անոնք սփիւռքի նախարարին կողմէ պարգեւատրուեցան «Կոմիտաս» մետալով եւ պատուոյ գիրերով:

Այսօրուան սիւնակով ծանօթանանք Ճուլիէթ Գալստեանին, որ Ժընեւի երաժշտանոցի ձայնամարզութեան փրոֆեսէօր է, ինչպէս նաեւ` միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր:

Ահա թէ ինչպէ՛ս կը ներկայացնէ ինքզինք օփերայի երգչուհին:

«Ծնած եմ Երեւան, այնպիսի ընտանիքի մը մէջ, որ տասնամեակներ շարունակ օփերայի նշանաւոր երգիչներ, երաժիշտներ եւ պալէի յայտնի պարողներ տուած է աշխարհին: Հայրս` Վիլեն Գալստեանը, հայկական պալէի դպրոցի հիմնադիր, յայտնի պալէ պարող եղած է: Դաշնամուրին զուգահեռ, երգեցողութիւն սորված եմ տատիկէս` Մարիանա Յարութիւնեանէն:

«Երաժշտանոցը աւարտելէ ետք մասնակցած եմ շատ մը մրցոյթներու եւ գրաւած առաջին, երկրորդ մրցանակային տեղեր: Իտալիոյ Վերչելլի քաղաքի Վիոթթիի մրցոյթին առաջին մրցանակ ստանալէ ետք իտալական մամուլը զիս կնքեց «Վիոթիի թագուհի» անունով:

«Երգած եմ հեղինակաւոր օփերայի դահլիճներու մէջ, շատ յայտնի երգիչներու հետ պատիւ ունեցած եմ ըլլալու նոյն բեմին վրայ եւ երգած` անոնց հետ: Մարմնաւորած եմ համաշխարհային օփերաներու բազմաթիւ կերպարներ, համագործակցած եմ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ առաջնակարգ սիմֆոնիք նուագախումբերու հետ, աշխատած եմ մեծահամբաւ խմբավարներու հետ:

«Երջանիկ եմ իմ աշխարհիս մէջ, իմ աշխատանքովս: Այսօր ալ կը շարունակեմ երգել աշխարհի բոլոր բեմերուն վրայ: Շուտով Նորվեկիա պիտի մեկնիմ, Պըրկըն քաղաքին մէջ երգելու Վերտիի «Նապուքօ» օփերան, որմէ ետք երկու համերգ ունիմ Զուիցերիոյ մէջ:

«Մեծ պատիւ է ինծի համար հայրենիքիս մէջ պարգեւատրուիլը: Քսան տարիէ կ՛երգեմ,  երգը իմ կենսակերպս է, իմ երակներուս մէջէն հոսող արիւնը, առանց որուն` չեմ պատկերացներ կեանքս:

«Մենք մեր երկրի դեսպաններն ենք դուրսը. մեր երգով, մեր ներկայանալի բարձր արուեստով աշխարհին կ՛ըսենք, թէ ո՛վ է հայը»:

 

 Գեղեցկագիտական

Քաքաոյով Դիմակ

chocolate-mask_72816

Քաքաոյով պատրաստուած այս դիմակը կը յարմարի բոլոր տեսակի մորթերուն: Անիկա կը սնուցանէ մորթը, զայն կը ձերբազատէ մեռած բջիջներէն եւ կը պաշտպանէ ջրազրկումէ:

Բաղադրիչներ.-

– 1 ապուրի դգալ շաքար
– 1 ապուրի դգալ քաքաօ
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 ապուրի դգալ սեր
– 1 թէյի դգալ ծովի աղ

Պատրաստութիւն եւ օգտագործում

Մաքուր, փոս ամանի մը մէջ խառնել բոլոր բաղադրիչները: Ստացուած միատարր ծեփուկը քսել դէմքին եւ վիզին` թեթեւօրէն մարձելով: Դիմակը ձգել հինգ վայրկեան մորթին վրայ, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով: Այս բոլոր փուլերէն ետք մորթը կը դառնայ չափազանց նուրբ եւ փափուկ:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարներ

1

10378015-12-650-1466603094

Որպէսզի հալող պաղպաղակին հիւթը չհոսի եւ փոքրիկին հագուստը չաղտոտէ, անոր փայտեայ կոթին վրայ հաստատեցէք քափ քէյքի թուղթէ կաղապար մը, որ պիտի հաւաքուի հոսած հեղուկը:

2

enhanced-buzz-6738-1382051203-24

Տաբատի կամ փէշի կերպընկալէ կախիչը օգտագործել ելեկտրական թելերը կամ տօնածառի լոյսը փաթթելու, դասաւորելու համար:

3

enhanced-buzz-26481-1381966015-4

Մուրճի կոթի ծայրամասին կլուկանով մագնիս մը հաստատել, աշխատանքի պահուն գամերը հոն հաստատելու եւ չկորսնցնելու համար:

4

enhanced-buzz-31131-1381964026-7

Խոհանոցի պահարանի փեղկին ներսի կողմէն թուղթէ թաշկինակի տուփ մը հաստատել եւ մէջը ամփոփել շուկայէն բերուած կերպընկալէ տոպրակները:

5

enhanced-buzz-4669-1382110221-28

Խոհանոցի պահարաններուն տակը մագնիսի երկար երիզ մը հաստատել եւ շարել համեմի շիշերը` թէ՛ տեղ շահելու եւ թէ՛ զանոնք ձեռքի տակ ունենալու համար:

 

Խոհագիր

Լոլիկ Մատուցելու
Հետաքրքրական Ձեւեր

Լոլիկին սննդական արժէքը, ինչպէս նաեւ հում կամ եփած վիճակով անոր օգտագործումը ծանօթ է բոլորիս:

Քիչերու ծանօթ են լոլիկը մատուցելու հետաքրքրական տարբերակները:

Ա.- Վարդեր

Tomates-en-rose_72816

Լոլիկը ձեւաւորելէ ետք ճեղքերուն մէջ տեղաւորել պանիր (մոցարելլա, ֆեթա, պուլկարական…) եւ զարդարել թարմ ռեհանի կամ անանուխի տերեւներով:

***

Բ.- Զամբիւղներ

Panier-de-tomates_72816

Լոլիկը ձեւաւորելէ ետք միջուկը պարպել եւ տեղը լեցնել «սալատ ռիւս», կակուղ պանիրի կամ թանձր մածուն: Զարդարել թարմ անանուխի տերեւներով:

***

Գ.- Կակաչներ

Tomates-en-tulipe_72816

Կակաչներ պատրաստելու համար անհրաժեշտ են ձուաձեւ լոլիկներ: Զանոնք ձեւաւորելէ ետք ճեղքերուն մէջ լեցնել կակուղ պանիրի որեւէ տեսակ:

Պնակին մէջ շարելէ ետք օգտագործել կանաչ սոխի տերեւները` կակաչներուն կոթերը կազմելու համար:

***

Դ.- Աշտարակներ

Tourelles-de-tomates_72816

Այս աշտարակները կազմելու համար անհրաժեշտ են սմբուկի եւ դդումի կլոր շերտեր (նախապէս քիչ մը ձէթի մէջ տապկուած), լոլիկի կլոր շերտեր եւ ճերմակ պանիր (ֆեթա, պուլկարական… որուն աւելցուած ըլլայ պճեղ մը ճզմուած սխտոր եւ մանրուած ռեհան կամ սամիթ):

Աշտարակները կազմելու ընթացքին շերտերուն միջեւ պանիր քսել:

Նախընտրելի է լոլիկներուն կանաչ տերեւները չանջատել` յաւելեալ գեղեցկութեան համար:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

«Հայկական Խոհանոց»

… Լա՛ւ, համե՛ղ բոզբա՞շ,-
Ի՜նչ կայ դրանից պա՛րզ
Ու հասարա՜կ.-
Գառան մի՛ս է պէտք,
Երեք գլուխ սոխ` կտրտուած բարակ,
Նոր քաղած լոբի,
Բամիա՛ ու սիսե՛ռ,
Մի պտղո՛ւնց լաւ աղ.
Մի փունջ կանաչի,
(Ի հա՜րկէ` լաւաշ…),
Եւ…
Քի՛չ էր մնում, թէ մոռանայի
Բոզբաշի հա՜մը,
Բոզբաշի դա՜մը,
Նրա ամէնի՜ց սուրբ համադամը.-
Քո ծերացող մօր,
Հոգսերից մաշուած,
Խունկ ու մոմ դարձած,
Մատների հա՜մը…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

Կին Դէմքեր. Վարդուհի Խաչատրեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Vartouhi_80416

Անցեալ ամիս Երեւանի մէջ «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրուեցաւ Ժընեւի «Կրանտ» օփերայի մեներգչուհի եւ եօթը միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Վարդուհի Խաչատրեանը:

Հետեւեալ խօսքերով կը ներկայացնէ ինքինք անուանի երգչուհին.

hayk_melikyan-(11)_80416«Ծնած եմ Երեւան, մեծցած եմ երաժշտական մթնոլորտի մէջ, երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւնս ստացած եմ Երեւանի մէջ: Առաջին մեծ յաջողութիւնս 1996-ին Լիէժի մէջ (Պելճիքա) վոքալիսթներու մրցոյթին տարած յաղթանակս եղած է, որուն հետագային յաջորդեցին բազմաթիւ յաղթանակներ եւ մրցանակներ: Հայաստանի մէջ, որպէս տարուան լաւագոյն երգչուհի, 2004-ին արժանացած եմ «Արտաւազդ» մրցանակին: Բազմաթիւ հրաւէրներ ստացած եւ երգած եմ աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ` համագործակցելով հանրայայտ բազմաթիւ երգիչներու, խմբավարներու եւ երաժիշտներու հետ, բազմաթիւ մենահամերգներ տուած եմ աշխարհի շատ մը քաղաքներու մէջ: Կ՛երգեմ եօթը լեզուներով: 2007-էն ի վեր կը բնակիմ եւ կ՛աշխատիմ Ժընեւի մէջ:

Կոմիտասի երգերուն եւ մշակումներուն ծանօթացած եմ մանուկ հասակէս` լսելով հայրիկիս անզուգական կատարումները: Իմ բոլոր մենահամերգներուս ծրագիրները կ՛ընդգրկեն Կոմիտասի վոքալ ստեղծագործութիւնները, որոնք ներկայացուցած եմ եւրոպացի հանդիսատեսներուն: Նարեկացին, Կոմիտաս, Եկմալեան, Բաբաջանեան եւ հայ այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները եւս ներկայացուցած եմ միջազգային փառատօններու ժամանակ: 2010-ին լոյս տեսաւ իմ` «Կոմիտասի յիշատակին» ձայնասկաւառակս, որ կ՛ընդգրկէ Կոմիտասի քնարական երգերու շարքը:

Ժընեւի մէջ ստեղծած եմ հայ-զուիցերիական մշակութային կազմակերպութիւնը` «Աւետիս»-ը, որուն նպատակը եւրոպացի հանդիսատեսին հայ երաժիշտներուն եւ երաժիշտ-կատարողներուն հետ ծանօթացնելն է, հայկական երաժշտութիւնն ու արուեստը Եւրոպայի մէջ տարածելը եւ Եւրոպայի մէջ ճանաչում ստանալու համար հայ տաղանդաւոր երիտասարդներուն, արուեստագէտներուն աջակցիլը: 2015-ին «Աւետիս»-ը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երեք մեծ ձեռնարկ կազմակերպեց Ժընեւի հանրայայտ սրահներուն մէջ:

Շուտով պիտի մեկնիմ Իտալիա, ուր օգոստոս 11, 12-ին «Այտա» օփերային մէջ հանդէս պիտի գամ Ամներիսի դերով:

Շատ յուզուած եւ ուրախ եմ, որ հայրենիքիս մէջ «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրուեցայ: Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած եմ, բայց այս մէկը շատ թանկ է ինծի համար: Ես միշտ կ՛երգեմ` առանց որեւէ պարգեւի ակնկալիք ունենալու, սակայն պէտք է խոստովանիմ, որ հաճելի է նման վերաբերմունքի, ուշադրութեան արժանանալը:

Հայաստանէն հետս պիտի տանիմ շատ բան` արեւ, ժպիտ, անսահման ջերմութիւն, նաեւ` անհանգստութիւն… ես կը կարօտնամ ինծի հարազատ մարդիկը, Երեւանի` ծանօթ եւ բազում յոյզեր, յիշողութիւններ արթնցնող փողոցները, եկեղեցիները… օր մը անպայման պիտի վերադառնամ այնտեղ, ուրկէ սկսած եմ իմ մեծ ճանապարհի սկիզբը:

16 տարիէ կ՛ապրիմ դուրսը, սակայն հոգիով ու սրտով միշտ ներսն եմ` իմ Հայաստանին մէջ»:

 

Տան Յարդարանք

Ծփացող Մոմեր

Բոլորս ալ մեր տան մէջ ունինք զանազան ձեւի եւ չափի ծաղկամաններ, սափորներ, երկարավիզ բաժակներ եւ այլն… Անոնցմէ շատեր դժբախտաբար լքուած են եւ վերածուած` անգործածելի իրերու:

Քանի մը ծփացող մոմ, եղանակի քանի մը ծաղիկ կամ բոյս եւ ահա, կը ստանանք սեղանի աննման զարդեր, որոնք թէ կը ճոխացնեն մեր սեղանները եւ թէ՛ կը ջերմացնեն սիրտերը:

Ստորեւ 5 հետաքրքրական նմուշ, որոնք բաւական խօսուն են եւ բացատրութեան չեն կարօտիր: Պարզապէս մեզմէ կը պահանջեն քիչ մը ժամանակ, քիչ մը համբերութիւն եւ ստեղծագործ միտք:

Floating-Candles_80416

Floating-Candles--with-flowers3_80416

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Floating-Candles--with-flowers2_80416

Floating-Candles--with-flowers1_80416

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Floating-Candles--with-flowers_80416

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Առողջապահական

 Ի՞նչ Կը Պատահի Ծխախոտը
Դադրեցնելէ Ետք

smoking-acne_80416

Գիտէ՞ք, թէ ծխախոտի վերջին գլանիկը մարելէ 20 վայրկեան ետք արդէն իսկ հրաշալի եւ մանաւանդ օգտակար բաներ կը կատարուին մեր մարմնին մէջ: Ահա թէ ի՛նչ…

–  Առաջին փոփոխութիւնը կը սկսի ծխելը դադրեցնելէ 20 վայրկեան ետք: Այսպէս, կը վերականգնի արեան շրջագայութիւնը եւ կ՛աւելնայ ձեռքերու եւ ոտքերու մատներուն զգայնութիւնը:

–  Արդէն 8 ժամ ետք կը բարեկարգուի թթուածինին մակարդակը` արեան մէջ:

–  Երկու օր ետք մարմնէն կը հեռանան նիքոթինի մնացորդները:

–  Դարձեալ 2 օր ետք կը վերականգնի համային զգացողութիւնը:

–  Երկու օր ետք նաեւ կը վերականգնի հոտարութեան զգացողութիւնը:

–  Երեք օր ետք կը վերականգնի շնչառութիւնը:

–  Մէկ շաբաթ ետք կը նուազի արեան ճնշումը:

–  Երկու շաբաթ ետք կը թեթեւնայ հազը: Անիկա անմիջապէս չ՛անհետանար, քանի որ թոքերը ժամանակի կը կարօտին վերականգնելու եւ մաքրուելու համար:

–  Երեք ամիս ետք յստակօրէն կը բարելաւուի դէմքի մորթին որակն ու գոյնը:

–  Մէկ տարի ետք կը բարեփոխուի ակռաներուն գոյնը:

–  Տասնհինգ տարի ետք քաղցկեղի հաւանականութիւնը կը հաւասարի չծխող անձի հաւանականութեան ցուցանիշին:

Տան Մէջ Բորբոսին Պատճառած
Անհանգստութիւնները

Fatigue_80416

Բորբոսը ոչ միայն կը փճացնէ պատերու եւ առաստաղի արտաքին տեսքը, այլեւ պատճառ կը դառնայ զանազան հիւանդութիւններու: Բորբոսին պատճառը բարձր խոնաւութիւնն է. անոր առաջին իսկ հետքերը պէտք չէ անտարբեր ձգեն մեզ, պէտք է անմիջապէս մաքրենք, չքացնենք զայն:

Ահա թէ ինչ անհանգստութիւններ կը պատճառէ տան մէջ առկայ բորբոսը.

1.- Յոգնածութիւն եւ տկարութիւն,
2.- Գլխացաւ,
3.- Մնայուն հազ,
4.- Յիշողութեան խախտում,
5.- Յօդացաւ,
6.- Փորի ցաւ,
7.- Մորթային գերզգայնութիւն,
8.- Տեսողութեան խանգարում,
9.- Տրամադրութեան վերիվայրում,
10.-Բերնի մէջ մետաղի համի տարօրինակ զգացում:

 

Խոհագիր

Պրոքոլիով Եւ Մանկայով Աղցան

TheFrenchyJuice-salade_80416

Բաղադրութիւն

– 1 գլուխ պրոքոլի
– Կէս մանկա` խորանարդաձեւ կտրտուած
– 8 – 10 խորանարդ ֆեթա պանիր
– 10 – 12 նուշ
– 1 ապուրի դգալ մեղր
– 1 ապուրի դգալ սոյա թացան
– 1 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը (աղ աւելցնելէ առաջ ստուգել համը, քանի որ սոյայի թացանը ինքնին աղի է):

Պրոքոլին ոչ շատ փոքր կտորներու վերածել, խաշել, սառ ջուրի մէջ փոխադրել, ապա քամոցէ անցընել:

Մանկան խորանարդաձեւ կտրտել, նոյնպէս ալ` ֆեթա պանիրը:

Աղցանի յատուկ ներկայանալի ամանի մը մէջ դնել վերոյիշեալ բաղադրութիւններուն կէսը, աւելցնել թացանին կէսը, յետոյ աւելցնել մնացեալ բաղադրութիւնն ու թացանը եւ զգուշութեամբ խառնել: Զարդարել նուշով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ես ա՛յն եմ սիրում,
Երբ ձմեռ- ամառ… գարո՜ւմ է թուում,
Անծանօթ մի վայր քեզ… տո՜ւն է թուում.
Ոչ միայն նայում, այլ… տեսնո՛ւմ ես դու,
Ոչ թէ ունկնդրում, այլ… լսո՛ւմ ես դու,
Երբ սլանո՜ւմ ես
Եւ ոչ թէ` քայլո՛ւմ,
Երբ եւ այրւո՛ւմ ես, եւ ի՛նքըդ այրում…

Ա՛յն, երբ աչքերը աչե՜ր են դառնում,
Խօսքերը սիրոյ կանչե՛ր են դառնում,
Սիրե՛րգ է դառնում ամէն մի հնչիւն,
Եւ արտաշնչո՜ւմն անգամ` ներշնչում… ես ա՛յն եմ սիրում,
Երբ ձմեռ-ամառ… գարո՜ւմ է թուում,
Անծանօթ մի վայր քեզ… տո՜ւն է թուում.
Ոչ միայն նայում, այլ… տեսնո՛ւմ ես դու,
Ոչ թէ ունկնդրում, այլ… լսո՛ւմ ես դու,
Երբ սլանո՜ւմ ես
Եւ ոչ թէ` քայլո՛ւմ,
Երբ եւ այրւո՛ւմ ես, եւ ի՛նքըդ այրում…

Ա՛յն, երբ աչքերը աչե՜ր են դառնում,
Խօսքերը սիրոյ կանչե՛ր են դառնում,
Սիրե՛րգ է դառնում ամէն մի հնչիւն,
Եւ արտաշնչո՜ւմն անգամ` ներշնչում…

Սիրում եմ սիրոյ այն հրա՜շքը սուրբ,
Երբ որ ձեռքերը դառնում են թեւեր,
Երբ թուում է, թէ շարժումից մի նուրբ,
Կարող ես մինչեւ աստղե՜րը թեւել.
Երբ կոշտ մատները թաւի՜շ են դառնում,
Արիւնը գարնան աւի՜շ է դառնում
Եւ ժամերն անգամ, հաշիւը խառնո՜ւմ,
Մոռանո՜ւմ են, թէ… ինչքան են տեւել…

… Զգացե՞լ էք դուք պահն այդ երբեւէ..

Սիրում եմ սիրոյ այն հրա՜շքը սուրբ,
Երբ որ ձեռքերը դառնում են թեւեր,
Երբ թուում է, թէ շարժումից մի նուրբ,
Կարող ես մինչեւ աստղե՜րը թեւել.
Երբ կոշտ մատները թաւի՜շ են դառնում,
Արիւնը գարնան աւի՜շ է դառնում
Եւ ժամերն անգամ, հաշիւը խառնո՜ւմ,
Մոռանո՜ւմ են , թէ… ինչքան են տեւել…

… Զգացե՞լ էք դուք պահն այդ երբեւէ..

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

Այլազան. Ընկերներու Կարեւորութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

friendship_81116

Գիտէ՞ք, որ ընկերներու առկայութիւնը իւրայատուկ ազդեցութիւն ունի, անիկա կը բարելաւէ ինքնազգացողութիւնը:

Օքսֆորտ համալսարանի գիտնականներուն կողմէ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, թէ մարդ որքան շատ ընկեր ունենայ, այնքան լաւ կը յաղթահարէ ցաւը:

Հետազօտութիւնը կատարուած է 101 առողջ մարդու վրայ եւ ի յայտ եկած է, որ այն մարդիկը, որոնք մեծ թիւով ընկերներ ունին, անտրոֆինի գործուէնութիւնը աւելի բարձր է անոնց մօտ: Իսկ, անտրոֆինները շատ փոքր մասնիկներ են, որոնք կ՛արտադրուին ուղեղին կողմէ, անոնք կը կարգաւորեն ցաւը եւ հաճելի զգացողութիւններ կը պատճառեն:

Հետազօտութեան պատասխանատու Քաթերինա Ճոնսընը եզրափակած է` ըսելով, որ անտրոֆինները բնական ցաւազերծիչներ են. անոնք նոյնիսկ մորֆինէն զօրաւոր են, իսկ մեծ թիւով ընկերներ ունեցողները ցաւին աւելի կը տոկան անտրոֆինի բարձր գործունէութեան պատճառով:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

-1-

b3ab031937854bc9bb4cc41316c6a37b

Կլոր շերտուած վարունգները շարել կափարիչով` օժտուած տուփերու մէջ, երեսը ծածկել խոհանոցի յատուկ թուղթէ թաշկինակով, կափարիչը գոցել եւ տուփը գլխիվայր զետեղել սառնարանը: Այս ձեւով վարունգը կը մնայ թարմ եւ խրթխրթան:

-2-

43c4b02f94939bf4c0fd8e27cf032679

Կիտրոնը երկար ատեն թարմ պահելու համար ապակեայ լայնավիզ շիշի մը մէջ ջուր լեցուցէք եւ կիտրոնները մէջը զետեղեցէք:

-3-

eadee0ef2309db62b061358a930345fb

Նախքան ձեր խոտերուն (անանուխ, ազատքեղ, խնկունի, ծոթրին…) թօշնիլը, զանոնք տեղաւորեցէք սառնամանի բաժանումներուն մէջ եւ վրան ձէթ աւելցուցէք ու սառցարանը պահեցէք: Հետագային զանոնք կ՛օգտագործէք ձեր կերակուրներուն մէջ:

-4-

e0fcd5c820442220d3e598f9b8e233d7

Տարիքի բերմամբ դէմքին վրայ յայտնուող մութ գոյնի արատները առաւելագոյն չափով չքացնելու համար օրուան ընթացքին 2-3 անգամ արատները շփեցէք գետնախնձորի շերտերով: Շատ չանցած գոհացուցիչ արդիւնքի կը հասնիք:

-5-

honey-for-bee-bites_81116

Մեղուի խայթոցը դարմանելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը վէրքը մեղրով պատելն է:

 

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

8 Բան, Որ Պէտք Չէ
Արգիլել Երեխային

-1-

Առանձին Ուտել

baby-eating_81116

Անշուշտ մեր օգնութեամբ երեխան աւելի մաքուր կ՛ուտէ եւ չորս կողմը չ՛աղտոտեր: Սակայն երեխային համար դգալ բռնելը ինքնին նուաճում է, անոր մօտ կը զարգանայ ֆիզիքական կարողութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը:

-2-

Օգնել Մեզի

child-watering-the-garden

Մենք յաճախ կը կրկնենք` «Տակաւին պզտիկ ես», «Ուշադի՛ր, կը կոտրի», «Զգո՞ւշ, կը թափես… մեր հիւանդագին ուշադրութիւնը աւեր կը գործէ տարիներու վրայ: Պէտք է, որ երեխան ինքզինք կարեւոր զգայ, ինչպէս նաեւ լսէ ծնողքին գովասանքները: Փորձենք յաճախ օգնութեան կանչել մեր երեխան եւ յաճախ կրկնենք, որ առանց իրեն գործը յառաջ չէր երթար:

-3-

Ջրաներկով Նկարել

peinture_81116

Դժբախտաբար քիչ անգամ առիթ կու տանք երեխաներուն` արտայայտել իրենց յոյզերն ու երեւակայութիւնը նկարելու միջոցով: Նոյնիսկ եթէ երեխան ներկեց իր հագուստը կամ սեղանը, պէտք չէ յանդիմանել զինք: Նկարչութիւնը զգացումները արտայայտելու ամենավառ դրսեւորումն է:

-4-

Հագուստը Հանել

Շատ յաճախ երեխաները մէկը միւսի ետեւէն կը հանեն իրենց բաճկոնը, շապիկը… իսկ մենք անտեղի կ՛անհանգստանանք, որ պիտի մսի` առանց մտածելու, որ խեղճ երեխան կը տաքնայ: Իսկ կայ իմաստուն խօսք մը, որ կ՛ըսէ. «Պէտք չէ բթացնել երեխային մարմինը աւելորդ հագուստով»:

-5-

Ճչալ, Վազվզել Տան Մէջ

Յաճախ ճչալով, տան մէջ թռչկոտելով, վազվզելով` երեխաները կ՛արտայայտեն իրենց զգացումները: Երեխաներուն համար ասոնք խաղի միջոցներ են, լիցքաթափուելու համար: Այսուհանդերձ, պէտք է անոնց բացատրել, որ նոյն ձեւով չեն կրնար դրսեւորուիլ տունէն դուրս կամ ուրիշներու ներկայութեան:

-6-

Դուրսը Խաղալ

Մեզմէ շատեր իրենց երեխային կ՛արգիլեն բակ իջնել եւ խաղալ` մտածելով, որ կրնայ փորձանք մը պատահիլ կամ վրան-գլուխը աղտոտել:

Երեխան պէտք է խաղայ իրեն հասակակիցներուն հետ, մրցի, կռուի, հաշտուի, այս բոլորը կ՛օգնեն ընկերութեան մէջ ինքզինք դրսեւորելու եւ անհատականութիւնը կերտելու:

-7-

Ջուրով Խաղալ

Ջուրով խաղալը երեխաներուն ամենասիրելի զբաղումներէն է: Իսկ մենք յաճախ կ՛արգիլենք եւ կը զրկենք այդ մեծ հաճոյքէն: Պէտք է պարբերաբար անոնց արտօնենք ցնցուղով ծաղիկները ջրել, լոգարանին մէջ խաղալ, շուկայէն բերուած քանի մը խնձոր կամ լոլիկ լուալ…

-8-

Սեփական Կարծիքը Արտայայտել

Երեխան ամբողջական անձ է եւ իրաւունք ունի արտայայտելու իր սեփական միտքերն ու կարծիքը: Մենք յաճախ անգիտակցաբար կը կաղապարենք մեր երեխաները` անոնց պարտադրելով մեր տեսակէտները: Ուշադիր ըլլանք եւ չճզմենք մեր երեխաներուն անհատականութիւնը եւ յարգենք անոնց կարծիքը:

 

Վերջին 500 Տարուան Ընթացքին Սնունդի Առումով Մարդոց Նախապատուութիւնները Չեն Փոխուած

Տակաւին 500 տարի առաջ մարդիկ, ինչպէս հիմա, կը սիրէին հաց եւ միս ուտել, կը պնդեն գիտնականները:

Անոնք նման եզրակացութեան յանգած են, երբ վերլուծած են 16-րդ դարու գեղանկարները:

Ընդհանուր առմամբ, գիտնականներ ուսումնասիրած են սննդամթերք պատկերող 750 կտաւ, որոնք կը պատկանին եւրոպացի գեղանկարիչներու վրձինին:

Պարզուած է, որ գեղանկարիչները աւելի յաճախ պատկերներուն մէջ իբրեւ ուտելիք կը նկարէին ջերմուժ պարունակող սնունդ, օրինակ` հաց եւ իւղոտ միս:

Ուտելիք պատկերող գեղանկարներուն 86 առ հարիւրին պարագային հաց նկարուած է: Միսը պատկերուած է անոնց 61 առ հարիւրին մէջ եւ միայն 22 առ հարիւրին մէջ պատկերուած է բանջարեղէն:

Հետազօտողները կը նշեն, որ մարդոց նախընտրութիւնները 500 տարուան մէջ չեն փոխուած:

Եւրոպացիները նախկինին պէս կը սիրեն այն ուտելիքը, որուն վնասակարութեան մասին միշտ կը պնդեն սննդագէտները: Եւ թէեւ բազմաթիւ հետազօտութիւններ ապացուցած են, որ միսը մարդու մարմնին համար վնասակար է, սակայն այդ ուտելիքէն մարդիկ չեն կրնար հրաժարիլ կը յայտնէ «ինֆորմինկ»:

 

Խոհագիր

Ոսպով Եւ Նուռով Աղցան

salade-lentilles-germees-grenade_81116

Ամրան տաք օրերուն յարմար, դիւրին եւ արագ պատրաստուող այս աղցանին համար անհրաժեշտ են.

250 կրամ կանաչ ոսպ
150 կրամ նուռի հատիկ
Մէկ կիտրոնի հիւթ
Ապուրի 3 դգալ ձէթ
Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ
(Կարելի է այս աղցանին աւելցնել մանրուած կանաչ սոխ կամ մանրուած գինձ)

Պատրաստութիւն

Ոսպը խաշել, քամոցի մէջ փոխադրել եւ ձգել, որ պաղի:

Աղցանի ներկայանալի ամանի մը մէջ լեցնել խաշած ոսպը եւ աւելցնել նուռի հատիկները:

Պատրաստել թացանը (կիտրոնի հիւթ, ձէթ, աղ, կարմիր պղպեղ):

Թացանը աւելցնել աղցանին եւ խառնել: Կարելի է երեսը զարդարել մանրուած կանաչ սոխով կամ թարմ գինձով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

ՁՕՆ

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի փառքեր.
– Քեզի ընծա՜յ, իմ հայրենիք –
Սոսեաց անտառէն էի զայն կ՛ըտրէր,
– Քեզի ընծա՜յ, հին հայրենիք-
Եղեգնեայ գըրչով երգեցի քուրմեր,
Ընդ եղեգան փող լո՛յս ելանէր:
Եղեգնեայ գըրչով երգեցի կարօտ.
– Ձեզի ընծա՜յ, հայ պանդուխտներ –
Ան տարաշխարհիկ բոյսի մ՛էր ծըղօտ…
– Ձեզի ընծա՜յ, հէգ պանդուխտներ –
Եղեգնեայ գըրչով երգեցի հարսեր.
Ընդ եղեգան փող ո՛ղբ ելանէր:
Եղեգնեայ գըրչով երգեցի արիւն,
– Ձեզի ընծա՜յ, սուրի զոհեր –
Ան ծլած էր մոխրի մէջ իբրեւ կ՛ընիւն…
– Ձեզի ընծա՜յ, կրակի զոհեր –
Եղեգնեայ գըրչով երգեցի վէրքեր.
Ընդ եղեգան փող սիրտս ելանէր:
Եղեգնեայ գըրչով որբ տունս երգեցի.
– Քեզի ընծա՜յ, հայր ալեհեր –
Ցամքած աղբիւրէն մեր զայն յօտեցի…
– Քեզի ընծա՜յ, մայր կ՛արեւէր –
Եղեգնեայ գըրչով օճախս երգեցի,
Ընդ եղեգան փող ծո՛ւխ ելանէր:
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
– Ձեզի ընծայ, հայ մարտիկներ –
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
– Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ –
Եղեգնեայ գըրչով վրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր:

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 


Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Լոլիկը

$
0
0

Պատրաստեց՛ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Tomato_81816

1

Նախընտրելի է լոլիկները սառնարանը պահել:

Սխալ. սառնարանին մէջ լոլիկները կը կորսնցնեն իրենց համին եւ բոյրին մէկ մասը: Զանոնք պէտք է պահել սենեակի ջերմութեամբ, քիչ թէ շատ զով անկիւն մը:

2

Լոլիկները պէտք է լուալ քացախով:

Սխալ. լոլիկները  պէտք է լուալ ծորակի ջուրով, առանց կանաչ կոթերը հանելու, որպէսզի լոլիկներուն մէջ ջուր չլեցուի եւ անոնց համը չփոխուի:

3

Լոլիկները դիւրին կեղուելու համար պէտք է զանոնք քանի մը վայրկեան եռացած ջուրի մէջ ձգել:

Ճիշդ. լոլիկները արագ կեղուելու համար, անոնց յատակին խաչաձեւ ճեղք մը բանալ եւ քանի մը վայրկեան եռացած ջուրի մէջ ձգել:

4

Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ լոլիկները նաեւ քիչ ջերմուժ կը պարունակեն:

Ճիշդ. միջին հաշուով լոլիկ մը 93-95 առ հարիւր ջուր կը պարունակէ: 100 կրամ լոլիկը հազիւ 15 ջերմուժ կը պարունակէ, ինչ որ իտէալական ուտելիք է սննդականոնի հետեւողներուն համար:

5

Լոլիկները կարելի է օգտագործել որպէս գեղեցկագիտական միջոց:

Ճիշդ. լոլիկները աժան եւ դիւրին միջոց են իւղոտ մորթը մաքրելու եւ թարմացնելու համար: Շաբաթը 2-3 անգամ դէմքը կարելի է մարձել ճզմուած լոլիկի թարմ խիւսով:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

1

Pizza_81816

Քառանկիւն ափսէին մէջ կրնաք երկու փիցա տաքցնել, եթէ իւրաքանչիւրը երկուքի կիսենք եւ տեղաւորենք այնպէս, ինչպէս պատկերուած է նկարին վրայ:

2

-watermelon-magarita_81816

Փոքրիկ անցք մը բանանք ձմերուկին մէջ, մտցնենք հարիչը, աւելցնենք պահանջուած բաղադրիչները եւ հարենք:

3

 

CherryTomatoes_81816

Թոմաթ սըրիզները արագ կիսելու համար զանոնք տեղաւորենք կերպընկալէ երկու կափարիչներու միջեւ եւ երկար շեղբով դանակ մը անցընենք կափարիչներուն մէջէն:

4

Mango_81816

Մանկայի հաստ շերտ մը առնենք եւ ապակեայ բաժակին երկայնքն ի վար քսելով` կեղուենք զայն:

5

howtopeelakiwiwithaspoon_81816

Քիուիին երկու ծայրերը կտրենք, դգալը տեղաւորենք կեղեւին եւ միջուկին միջեւ եւ շրջանաձեւ դարձնելով` կեղեւը բաժնենք միջուկէն:

6

strawberry_81816

Ելակին կոթերը մաքրելու համար օգտագործենք ըմպեղէգ մը:

7

eggs_81816

Հաւկիթին դեղնուցը սպիտակուցէն բաժնելու համար օգտագործենք հանքային ջուրի կերպընկալէ շիշ մը, որուն յատակը կտրած ըլլանք:

 

Առողջապահական

Խնձորի Քացախի Բուժիչ
Յատկութիւնները

apple-vinegar_81816

1.- Կը կանխարգիլէ կրիփը:
2.- Կը դարմանէ բերնի բորբոքումները:
3.- Կը դարմանէ կոկորդի ցաւը:
4.- Կը դարմանէ սիրտխառնուքը:
5.- Կը պակսեցնէ կլիւքոզի քանակը շաքարախտաւորներուն մօտ:
6.- Կը դարմանէ գլխացաւը:
7.- Կը պակսեցնէ արեան գերճնշումը:
8.- Կը պակսեցնէ քոլեսթերոլը:
9.- Կը սպաննէ քաղկցեղային բջիջները, կը դանդաղեցնէ անոնց բազմացումը:
10.- Կը բուժէ լայներակութիւնը (վարիս):
11.- Ճաշի ժումերէն առաջ խնձորի քացախի մէջ թաթխուած կտոր մը հացը ախորժակը կը սահմանափակէ:
12.- Մարմնին դիմադրականութիւնը կը զօրացնէ:
13.- Մկանային ցաւերը կը թեթեւցնէ:
14.- Կը դարմանէ յոգնածութիւնը:
15.- Կը չէզոքացնէ բերնի գէշ հոտը:

 

Ճակատի Մարձում

Massage-the-forehead_81816

Եթէ յոգնած էք, ձեր ուղեղը այլեւս չ՛աշխատիր, գլխացաւ ունիք. փորձեցէք մարձել ձեր յօնքերուն միջեւ գտնուող բաժինը, այնպէս` ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, եւ 45 վայրկեան անց ձեր գլխացաւը կ՛անցնի եւ զգալիօրէն կը թարմանաք, իսկ եթէ այս մարձումը կատարէք պարբերաբար:

ա.- Կը ձերբազատիք ընկճախտէ:
բ.- Կը ձերբազատիք գլխացաւէ:
գ.- Կ՛աշխուժանայ գլխու եւ վիզի հատուածին արեան շրջագայութիւնը:
դ.- Կը նուազի աչքերու ճնշումը:
ե.- Կ՛աշխուժանայ ուղեղին աշխատանքը:

 

Քիչերու Ծանօթ Գիտելիքներ

Դափնիի Տերեւներուն
Օգտակար Յատկութիւնները

tapni_81816

Եթէ ձեզ միշտ զարմացուցած է, թէ ինչո՛ւ անցեալին յաղթողներուն համար դափնեպսակներ կը պատրաստէին, ապա ստորեւ տրուած տեղեկութիւնները կու տան ձեր հարցումներուն պատասխանները:

Դափնիի տերեւները իրականութեան մէջ շատ օգտակար են եւ կ՛օգնեն բազմաթիւ խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն շաքարախտի, սնկային հիւանդութիւններու եւ մեղուի խայթուածքներուն բուժման:

Շաքարախտի պարագային, անիկա կ՛օգնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը իջեցնելու: Այս բոյսը շատ օգտակար է նաեւ նիհարնալ ցանկացողներուն համար, քանի որ ան կը նպաստէ ածխաջուրերու փոխանակումին: Մեղուի խայթոցի պարագային, անհրաժեշտ է ծամելով մանրացնել դափնիի տերեւը եւ զետեղել խայթուածքին վրայ:

Ոտքերու առատ քրտնարտադրութեան ու սնկային հիւանդութեան ժամանակ կարելի է պատրաստել դափնիի տերեւի թուրմով ոտքերու լոգանքներ. անհրաժեշտ է դափնիի 10 տերեւին աւելցնել կէս լիթր եռացած ջուր, եւ թուրմը պատրաստ կ՛ըլլայ: Բացի ատկէ, դափնիի տերեւները շատ օգտակար են նաեւ երիկամային անբաւարարութեան ժամանակ, եթէ հիւանդը խմէ անոնցմէ պատրաստուած եռացած հեղուկ:

 

Գեղեցկագիտական

Կնճիռները Անհետացնող
Դիմակ

Egg-White-and-Lemon-Juice-Face-Mask

Եթէ ձեզ կ՛անհանգստացնեն ձեր դէմքին կնճիռները, ընդամէնը 2 բաղադրիչի միջոցով պատրաստեցէք այս հիանալի դիմակը, որ կ՛օգնէ ձեզի աւելի երիտասարդ եւ թարմ  տեսք ունենալ:

Բաղադրութիւն`
– 1 հաւկիթի ճերմկուց
– Կէս թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ

Օգտագործման եղանակ`

Հաւկիթին ճերմկուցը հարել, աւելցնել կիտրոնին հիւթը եւ շարունակել խառնել, մինչեւ դառնայ միատարր ծեփուկ: Նախապէս մաքրել դէմքն ու վիզը եւ շրջանաձեւ շարժումներով դիմակը տարածել մորթին վրայ: Ձգել 10-15 վայրկեան, ապա մաքրել գաղջ ջուրով:

Լաւ արդիւնքի հասնելու համար այս ծեփուկը օգտագործել շաբաթական 3-4 անգամ:

 

Խոհագիր

Ամառնային Պաղ Ապուր`
Դդումով

soupe-courgettes_81816

Բաղադրութիւն.

– 5 հատ դդում
– 2 ճերմակ սոխ
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– Կէս լիթր ջուր
– 1 խորանարդ խտացուած մսաջուր
– 100 կրամ «Պուրսէն» պանիր (սխտորով տեսակը)
– Քանի մը կաթիլ «թապաքօ» թացան
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Թարմ գինձ
– Խորոված սնոպար

Պատրաստութիւն.

Սոխը մանրել եւ տաք ձէթին մէջ դարձնել: Դդումները կտրտել, աւելցնել ջուրը, խտացուած մսաջուրը, ձէթի մէջ դարձած սոխը: Եռալէն ետք կափարիչը գոցել եւ 10-12 վայրկեան եփել: Աղել, համեմել:

Հարիչի օգնութեամբ ստանալ միատարր նիւթ մը, աւելցնել 100 կրամ «Պուրսէն» պանիրը, կրկին հարիչը օգտագործել, վերջապէս` աւելցնել քանի մը կաթիլ «Թապասքօ» թացան: Երբ ապուրը բաւական պաղած է, սառնարանը փոխադրել եւ ձգել առնուազն երկու ժամ:

Հրամցնելու պահուն երեսը զարդարել մանրուած գինձով եւ խորոված սնոպարով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կանչ

Ու ես ասում եմ.- կանգնիր, առաւօ՛տ
Ես էլ եմ գալիս,
Այնպէս է թուում, թէ հեռու հեռուից
Ինձ ձայն են տալիս:
Ու ես չգիտեմ, դա անլսելի
Զնգի՞ւն է քարի
Շշո՞ւկը հողի, թէ՞ սօսափիւնը
Սօսեաց անտառի:
Ու ես չգիտեմ, անդունդում կորած
Գե՞տն է տուայտող,
Թէ՞ հին խաչքարից ինձ ձայն է տալիս
Մամռոտած մի տող:
Լռութի՞ւնն է դա ճգնակեցութեամբ
Ապրող անձաւի,
Թէ՛ կաթիլ-կաթիլ մորմոքն է քամւում
Հնամեայ ցաւի:
Գուցէ լեռներում վարգում է մի որբ,
Տխուր հովատակ
Եւ կապոյտի մէջ փշրւում է խուլ
Վրնջոցը տաք:
Կամ գուցէ, գուցէ դա դարեր առաջ
Ինձանից զատուած
Իմ իսկ ղօղանջն է, որ ետ է դառնում
Մաքուր ու զտուած:
Այդ կանչերի մէջ մի կորած, հեռու
Աշխարհ է լալիս:
Ու ես ասում եմ.- կանգնիր, առաւօտ,
Ես էլ եմ գալիս:

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 

 

 

Կին Դէմքեր. Նազիկ Աւտալեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Nazig-Avdalian_82516

«Ռիօ 2016»-ի աղջկանց 69 քկ դասակարգի ծանրաբարձութեան մրցումներուն 5-րդ դիրքը գրաւած Նազիկ Աւտալեանը արդէն վերադարձած է հայրենիք:

Եւրոպայի ախոյեան, 2009 թուականի աշխարհի ախոյեան Նազիկը յայտարարած է. «Մէջքիս վնասուածքը թոյլ չտուաւ, որ մետալ շահիմ: Շատ կը փափաքիմ մասնակցիլ Եւրոպայի յաջորդ ախոյեանութեան»:

Նազիկին համաձայն, Եւրոպայի մրցումէն ետք  ստացած էր չնախատեսուած վնասուածքներ, որոնք խանգարած էին իր մարզումներուն ընթացքը, եւ ամբողջ երկու ամիս գրեթէ դադրեցուցած էր ամէն տեսակի մարզումները:

«Ռիօ 2016»-ը արդէն անցեալին կը պատկանի, ես մէկ ամիս կը հանգստանամ, որմէ ետք կ՛որոշեմ եթէ պիտի շարունակեմ մարզուիլ, թէ ոչ: Բայց շատ հաւանական է, որ շարունակեմ ասպարէզս, քանի որ մեծ ցանկութիւն ունիմ մասնակցելու Եւրոպայի ախոյեանութեան», աւելցուցած է Նազիկ:

 

Օգտագործենք Բանջարեղէններուն
Եւ Պտուղներուն Կեղեւները

epluchures-pomme_82516

Եթէ սովորութիւն ունիք խնձորը կեղւըուած ուտելու, ձեր պնակին մէջ դիզուած կեղեւները մի՛ թափէք: Վարպետ խոհարարներու կարծիքով, կարելի է զանոնք վերածել համեղ եւ իւրայատուկ չիփսերու, ահա թէ ինչպէ՛ս.

Խնձորին կեղեւներուն վրայ քիչ մը փոշի շաքար եւ կասիա ցանեցէք, ապա զանոնք տարածեցէք ափսէի մը մէջ եւ 150 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփեցէք 45 վայրկեանէն մէկ ժամ, մինչեւ անոնք խրթխրթան դառնան:

* * *

orange-peel_82516

Նարինջի, կիտրոնի կեղեւները թափելու փոխարէն զանոնք կտրտեցէք, չորցուցէք եւ ծրարիկներու մէջ լեցնելով հագուստի պահարանին մէջ կախեցէք, անոնք հեռու կը պահեն ցեցերը:

Նարինջի եւ կիտրոնի չոր կեղեւները նաեւ կը համեմեն եւ անուշ բոյր կու տան ձեր թէյերուն:

* * *

ananas_82516

Անանասի, մանկայի, վարունգի կեղեւները եւս օգտագործելի են. անոնցմով շփեցէք ձեր դէմքն ու պարանոցը` թարմացնելու եւ մաքրելու համար ձեր մորթը: Բոլորին ծանօթ է, որ պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն պարունակած կենսանիւթերուն մէկ կարեւոր մասը կը գտնուի անոնց կեղեւներուն մէջ:

* * *

pamplemousse-au-crabe_82516

Կրիֆոնի կեղեւը նոյնպէս օգտագործելի է. կրնաք անով համեղ անուշ պատրաստել, բայց նաեւ ծառայեցնել որպէս իւրայատուկ ամաններ` աղցաններ հրամցնելու համար:

* * *

chips_82516

Գետնախնձորի, ստեպղինի, լոլիկի կեղեւները վերածեցէք շատ համեղ չիփսերու: Մաքուր կեղեւները շարեցէք ափսէի մը մէջ, վրան աղ եւ չոր խոտեր (խնկունի, օրէկանօ, ծոթրին, հերպ տը փրովանս եւ այլն…) ցանեցէք եւ նախապէս տաքցուած փուռի մը մէջ շուրջ 1 ժամ եփեցէք, մինչեւ որ խրթխրթան դառնան:

* * *

Յիշենք, որ աշխարհը ի վիճակի է արտադրելու այնքան ուտելիք` կերակրելու համար երկրագունդի 7 միլիառ բնակիչները: Ասով հանդերձ դժբախտաբար 82 երկիր իր ժողովուրդը կերակրելու բաւարար ուտելիք չունի:

Մսխումն ու վատնումը սահմանափակելու համար կ՛արժէ փոխել կարգ մը սովորութիւններ, յատկապէս ձեռքի տակ անցածը աղբաման շպրտելու վատ սովորութիւնը:

 

 Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Արուեստի Գլուխ Գործոցները
Հագուստի Վրայ

Ո՞վ ըսաւ, որ արուեստի գործերը միմիայն պատերէն պիտի կախուին եւ ցուցադրուին…

Ինտոնեզիոյ բացուած նորաձեւութեան խանութ մը կը վաճառէ գեղեցիկ զգեստներ, որոնց վրայ պատկերուած են արուեստի գլուխ-գործոցներ, ինչպէս Վան Կոկի «Աստղային գիշերը», Քլոտ Մոնէի «Ջրաշուշանները» եւ այլն… Այդ պատկերներուն շնորհիւ ամբողջ խանութը թանգարանի տպաւորութիւն կը ձգէ: Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

Fashion_82516

 

Հետաքրքրական

Լացող Անձերը Աւելի
Երկար Կ՛ապրին

31b3cb78_82516Մարդիկ յաճախ կը զսպեն իրենց արցունքները` լացը ամօթալի կամ տկարութեան նշան համարելով:

Ամերիկացի գիտնականներ, հետազօտելով մարդկային արցունքները, բացայայտած են, որ արցունքները կը պարունակեն նիւթեր, որոնք կը մեղմացնեն ֆիզիքական ցաւը եւ իրենց ազդեցութեամբ կը յիշեցնեն մորֆինը: Անոնք նաեւ արցունքներուն մէջ յայտնաբերած են նիւթ մը, որ մանրէասպան յատկութիւն ունի:

Հետաքրքրական է այն երեւոյթը, որ արցունքներուն կենսաքիմիական բաղադրութիւնը կախեալ է անոնց դրդապատճառներէն: Եթէ անձ մը տառապանքի կամ ֆիզիքական ցաւի պատճառով կու լայ, անոր արցունքներուն բաղադրութիւնը կ՛ունենայ հանգստացնող յատկութիւն: Մինչդեռ խնդուքի պատճառով հոսած արցունքներուն բաղադրութիւնը բոլորովին տարբեր կ՛ըլլայ…

Գիտնականներուն կարծիքով, կիները հինգ անգամ աւելի յաճախակի կու լան, քան տղամարդիկ: Անոնք ապացուցած են, որ սերտ կապ կայ լացին եւ սրտանօթային հիւանդութիւններուն միջեւ: Այսպէս` արցունքը դուրս հանելով բացասական զգացումները կարեւոր տոկոսով կը կանխարգիլեն վերոյիշեալ հիւանդութիւնները: Իսկ տղամարդիկ, որոնք վարժուած են զսպել արցունքները եւ իրենց անյաջողութիւններուն տոկալ լուռ եւ անարցունք, առաւել եւս ենթակայ են սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ, բնականաբար, կը կրճատուի անոնց կեանքը:

Եզրափակելով, գիտնականները յայտնած են, որ այն անձերը, որոնք քիչ կու լան, ենթակայ են աչքի անհանգստութիւններու եւ մորթային հիւանդութիւններու:

Միւս կողմէ, ընկճախտէ տառապող իւրաքանչիւր անձ կարիք ունի հոգեբանական պաշտպանութեան: Մէկը ինքզինք կը յանձնէ խմիչքին, ուրիշ մը ինքնաշարժին ղեկին նստած շատ արագ կը վարէ, երրորդ մը` գոռալով եւ կռուելով կը լիցքաթափուի… Սակայն ասոնցմէ ոչ մէկը իր արդիւնաւէտութեամբ կը հասնի սովորական լացին… Չէ՞ որ լացին կը յաջորդէ յարաբերական անդորր, արցունքները կը մաքրեն սեւ միտքերը եւ կը հանգստացնեն:

* * *

«Երբ արցունքները կը խեղդեն, երբ սիրտը կը ճմլուի, երբ լարուած եւ անհանգիստ էք, երբ փակուած պատերու մէջ կը զգաք դուք ձեզ լացէ՛ք, լացէ՛ք ազատ եւ սրտաբուխ, լացէք, որպէսզի դուրս հանէք բացասական յոյզերը` հոգիով եւ մարմինով վերածնելու համար»:

Կ՛արժէ մտածել այս մասին…

 

Խոհագիր

Ծաղկակաղամբով
Թապուլէ

Taboule_82516

Բաղադրութիւն.

Կէս քիլօ կշռող ծաղկակաղամբ մը
Մէկ խոշոր կապոց ազատքեղ
Երկու լոլիկ
Կէս կապոց անանուխ
2-3 ցօղուն կանաչ սոխ
Մէկ վարունգ
Մէկ թարմ կարմիր պղպեղ
Մէկ թարմ դեղին պղպեղ
Մէկ կիտրոնի հիւթ
2-3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն.

Քերոցէ անցընել լուացուած ծաղկակաղամբը եւ փոխադրել աղցանի փոս ամանի մը մէջ:

Աւելցնել մանրուած լոլիկը, սոխը, ազատքեղը, անանուխը, վարունգը եւ երկու տեսակ պղպեղները:

Պատրաստել թացանը եւ համեմել, ապա աւելցնել բանջարեղէններուն վրայ եւ զգուշութեամբ խառնել:

Ձաւարը փոխարինող ծաղկակաղամբը նոր եւ հետաքրքրական համ պիտի տայ ձեր թապուլէին եւ պիտի զարմացնէ համտեսողները:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Արագիլները

Դուք ինձ չէ՞ք ասի, որբացած բներ,
Ի՞նչ էին խօսում իրար ականջի
Արագիլները չուելուց առաջ:
– ՏԱՌԱՊՈՒՄ ԷԻՆ:

Դուք ինձ չէ՞ք ասի, աստղեր ու արեւ,
Ի՞նչ էին խօսում իրար ականջի
Արագիլները չուելու պահին:
– ՏԱԳՆԱՊՈՒՄ ԷԻՆ:

Դուք ինձ չէ՞ք ասի, անձմեռ հեռու,
Ի՞նչ էին խօսում իրար ականջի
Արագիլները չուելուց յետոյ:
– ԿԱՐՕՏՈՒՄ ԷԻՆ:

Անքուն եղէգներ անձմեռ հեռուի,
Ի՞նչ էին խօսում արագիլները
Ձեզ «մնաք բարով» ասելուց առաջ:
– ՇՏԱՊՈՒՄ ԷԻՆ:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

Կին Դէմքեր. Սիլվա Կապուտիկեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տասը տարի առաջ օգոստոս ամսուան մեզմէ հեռացաւ բանաստեղծուհի եւ հրապարակախօս Սիլվա Կապուտիկեանը: Կապուտիկեանը գրած է հայրենիքին, հայոց լեզուին, հայ ժողովուրդի ճակատագիրին եւ սիրոյ մասին. ան ամբողջ կեանքը նուիրած է ստեղծագործական աշխատանքին եւ հայրենիքին:

20 յունուար 2009-ին, բանաստեղծուհիին ծննդեան 90-ամեակին օրը, անոր ապրած բնակարանը արդէն իսկ վերածուած էր տուն թանգարանի:

Իր կտակով Ս. Կապուտիկեան պահանջած էր որ բնակարանին ընդունարանը, ննջասենեակ-աշխատավայրը եւ հիւրասենեակը պահեն նոյնութեամբ, առանց բան մը աւելցնելու կամ պակսեցնելու…

Կապուտիկեանի կենսագրութեան փոխարէն, այսօրուան էջով կը ներկայացնենք տուն թանգարանէն լուսանկարներ, որոնք նոյնքան խօսուն են, որքան կենսագրական մը:

***

1432358869_2457212_90116

Ցուցասրահին առաջին հատուածին մէջ ներկայացուած են Վանէն բերուած մասունքներ` կաւէ պտուկ, մետաղեայ տաշտակ, որուն մէջ լոգցեր են ե՛ւ նորածին բանաստեղծուհին ե՛ւ անոր որդին` Արա Շիրազը: Ցուցադրուած է նաեւ կարի մեքենան, որ նուէր ստացած էր մօրմէ. երիտասարդ տարիքին բանաստեղծուհին յաճախ իր գծագրած հագուստները կը կարէր:

***

4723730_90116

Մահճակալին մօտ գտնուող սեղանին անպայման պէտք է դրուեր քոնիաք, թէյի բաժակներ, միրք եւ քաղցրաւենիք:

***

4723848_90116

Ցուցասրահին յատուկ շուք կու տայ բանաստեղծուհիին տղուն` քանդակագործ Արա Շիրազին կերտած գաճէ կիսանդրին, որուն պրոնզէ տարբերակը զետեղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնը:

Հոս է, որ ամէն առտու Կապուտիկեանը լեղի սուրճ եւ քոնիաք կը խմէր…

***

4723913_90116

Բանաստեղծուհին արծաթեայ զարդեր կը սիրէր ան սովորաբար կը կրէր ցուցափեղկին կեդրոնը զետեղուած գեղեցիկ մանեակը:

***

Եօթանասունականներուն, երբ կալանաւորեցին Սերկէյ Փառաճանովը, Կապուտիկեանը նամակով դիմեց Խորհրդային Հայաստանի գլխաւոր դատարանին:

4723968_90116

Այո, ան տարօրինակութիւններ ունի, սակայն կարելի չէ Փառաճանովի պէս մարդ մը բանտարկել ազատ մտածողութեան համար: Ան պէտք է ստեղծագործէ, ան կարեւոր է մեր ժողովուրդին համար»,- գրած էր ան: Նամակը անպատասխան մնաց, սակայն աւելի ուշ, Փառաճանովի որպէս երախտագիտութիւն գեղեցիկ զարդ մը ուղարկեց Կապուտիկեանին:

***

1432358869_8312987_90116

1963-ին Ս. Կապուտիկեան Փարիզի մէջ կը հանդիպի Սիամանթոյի քրոջ: Վերջինս իր եղբօր գրիչը կը նուիրէ բանաստեղծուհիին:

Կոմիտաս վարդապետի ուրարին մէկ բաժինը Կապուտիկեանին նուիրած է փարիզաբնակ սփիւռքահայ մը. ան երկուքի կիսած է ուրարը եւ մէկ մասը իրեն վերապահած:

***

4724079_90116

Կապուտիկեանը կերակուր պատրաստել չէր սիրեր, բայց կը սիրէր սեղան յարդարել եւ հիւր ընդունիլ: Անոր սեղանը միշտ առատ էր: Այս սեղանին շուրջ հետաքրքրական հանդիպումներ եւ զրոյցներ ունեցած է հայ յայտնի մտաւորականներու հետ:

***

4724443_90116

Մօրը հանդէպ բանաստեղծուհիին սէրը անսահման էր ու փոխադարձ: Ամէն անգամ, երբ երկար ժամանակով բանաստեղծուհին պիտի բացակայէր տունէն, մայրը շատ ծանր կ՛անհանգստանար: «Մեծնալէս ետք հասկցայ, որ մայրս կ՛անհանգստանար եւ կը մտահոգուէր տունէն մեկնելէս առաջ իսկ…»

***

Տուն թանգարանին մէջ պահուած են նաեւ բազմաթիւ նուէրներ, զորս բանաստեղծուհին տարեդարձին առիթով ստացեր էր Ամենայն հայոց Վազգէն կաթողիկոսէն, Պարոյր Սեւակէն, Աւետիք Իսահակեանէն եւ այլ մտերիմներէ:

1432358869_4163731_90116

Վազգէն վեհափառին հետ բանաստեղծուհին շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է: Վեհափառն ու Սիլվան ժամանակին դրացիներ եղած են, յաճախ կը հանդիպէին իրարու եւ նուէրներ կը փոխանակէին: Այդ նուէրներէն կը զատորոշուին մետաքսեայ գլխազարդը եւ զարդասեղը:

***

4724023_90116

Ազատ ժամերուն Կապուտիկեան կը սիրէր ասեղնագործել եւ հագուստներու նմուշներ գծել: Ան ո՛չ միայն կը գծէր, այլ նաեւ կը կարէր:

***

Թանգարան այցելողները անտարբեր չեն կրնար անցնիլ այս լուսանկարին եւ այս տողերուն առջեւէն. այս տողերը ան նուիրած է իր տղուն` Արա Շիրազին, որուն հետ բարդ յարաբերութիւններ ունեցած է:

4724500_90116

ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՐԴԻՆԵՐԻՆ

Ես քեզ մօտ կըգամ մեռնելուց յետոյ,
Կըգամ ու կողիդ կը նստեմ երկար,
Վերջապէս կ՛անեմ պատմութիւնը քո,
Ինչպէ՛ս, ինչ գծով դու աշխարհ եկար:
Ես քեզ մեծացրի մենակ ու դժուար,
Ես` ըմբոստ հոգի ու նաեւ հլու,
Ես քեզ մեծացրի ուրիշի համար
Ու խոցուած հպարտ կանգնեցի հեռու:
Կըգամ, կը բացեմ վարագոյրը փակ,
Գոռոզ դիմակս մի կողմ կը գցեմ,
Կարօտ կը գրկե՜մ գլուխդ ճերմակ,
Առաջին անգամ դէմդ կը լացեմ:
… Դրսում` մի հեռու, օտար երեկոյ,
Դու` Երեւանում, ես այստեղ` մենակ…
Ես քեզ մօտ կըգամ մեռնելուց յետոյ,
Կը մնամ քեզ հետ ու էլ չե՜մ գնայ…

————————————————————————-

Գիտնականները Պարզած Են, Թէ Քանի՛ Ժամ
Պէտք Է Ունենայ Աշխատանքային Իտէալական Շաբաթը

WORKING-WOMEN_90116

Մելպուռնի համալսարանի եւ Ճափոնի Կէյոյի համալսարանի մասնագէտները կը յայտնեն, որ շաբթուան աշխատանքային ամէնէն արդիւնաւէտ տեւողութիւնը 30 ժամն է:

«Ինֆորմինկ» կը հաղորդէ, որ հետազօտողները կատարած են փորձ մը, որուն մասնակցած են 7,5 հազար տղամարդիկ եւ կիներ:

Անոնք անցած են քննութենէ, որ ցուցադրած է տեղեկութեան հոսքի ընկալման անոնց մակարդակը: Պարզուած է, որ կան մարդիկ, որոնք շաբաթական աշխատած են 30 ժամէ աւելի, անոնք քննութեան խնդիրները աւելի վատ լուծած են, քան անոնք, որոնց շաբաթական աշխատաժամերը 30 ժամէն պակաս են:

Կին Դէմքեր. Հուրի Կեպեշեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Houry-Guebeshian_90816

Ռիօ – 2016 Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող մարմնամարզուհի Հուրի Կեպեշեանը յաջող ելոյթներ ունեցաւ: Հակառակ որ ան մրցանակի չարժանացաւ, այսուհանդերձ, յաջողեցաւ կատարել հնարք մը, որ նորութիւն համարուեցաւ մարմնամարզութեան աշխարհին մէջ:

14287744_10157426356955593_90816

Այսպէս, Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը (FIG) այդ հնարքը գրանցեց Հուրի Կեպեշեանի անունով` «The Gebeshian».

 

Ընթերցումը Կը Նուազեցնէ
Ընկճախտը

Lire_90816

Սիւսեքս համալսարանին կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, գիրք կարդալը լաւագոյն միջոցն է ընկճախտը թեթեւցնելու համար: Արդարեւ, 6 վայրկեան կարդալը բաւարար է մեզ հանդարտեցնելու եւ 68 առ հարիւրով պակսեցնելու մեր ընկճախտը:

Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, այս միջոցը շատ աւելի ազդու է, քան` երաժշտութիւն ունկնդրելը, պտտիլը, սուրճ կամ թէյ խմելը` ներքին լարուածութիւնը պարպելու համար:

Այս առիթով եկէք` վերյիշենք գիրք կարդալու այլ բարիքները.

– Կ՛աշխուժացնէ ուղեղը:
– Կը բարելաւէ գիտելիքները:
– Կը հարստացնէ բառապաշարը:
– Կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
– Կը խթանէ քննական միտքը:
– Կը բարելաւէ ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը:
– Կը զարգացնէ շարադրական ունակութիւնը:
– Կը խաղաղեցնէ միտքը:
– Կը զարգացնէ երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական միտքը:

 

Հետաքրքրական

Բրիտանացիք Օրական 165 Գաւաթ Թէյ Կը Խմեն

teacup_90816

Ասիկա կը նշանակէ, որ բրիտանացիք տարեկան 60,2 միլիառ գաւաթ թէյ կը խմեն 25 միլիառ գաւաթ սուրճի դիմաց:

Գիտէի՞ք, թէ ջուրէն ետք թէյը աշխարհի երեսին ամէնէն աւելի սպառուող ըմպելին է… Աւանդութեան մը համաձայն, առաջին անգամ թէյը յայտնաբերուած եւ օգտագործուած է Ք.Ա. 2737 թուականին: Այսպէս, ծառէն թափած թէյի տերեւներ ինկած են այն ջուրին մէջ, որ չին կայսր Շեն Նունկի համար կ՛եռացնէին, որպէսզի խմէր: Կայսրը կը համտեսէ տաք խմիչքը եւ շատ կը հաւնի: Եւ, այսպիսով, ծնունդ կ՛առնէ ըմպելի թէյը:

 

Գոյները Կ՛ազդեն Մեր Գնումներուն Վրայ

464386460_90816

Գիտնականներու եւ հոգեբաններու կարծիքով, երբ գնումի կ՛երթանք, շատ մը տուեալներ կ՛ազդեն մեր ընտրութեան վրայ: Բայց վիճակագրութիւնները ցոյց տուած են, որ գնում կատարողներուն 93 առ հարիւրը իր ընտրութիւնը կը կատարէ հիմնուելով տուեալ ապրանքին արտաքին տեսքին վրայ, իսկ 85 առ հարիւրը` գոյնին վրայ…

Այսպէս, իւրաքանչիւր գոյն ունի իր ճշգրիտ իմաստն ու ազդեցութիւնը. օրինակ  ` սեւը ընդունուած է որպէս հզօրութեան եւ շքեղութեան խորհրդանիշ եւ շատ մը վաճառանիշներու ամենասուղ տարբերակը ներկայացուած է այս գոյնով:

Կապոյտը ապահովութիւն եւ վստահութիւն կը ներշնչէ, եւ ի զուր տեղը չէ, որ շատ մը դրամատուներու եւ հաստատութիւններու մէջ տիրական գոյնը կապոյտն է: Եւ, այսպէս, օրինակները շատ են…

 

Ճափոնի Մէջ Արտօնուած Է Աշխատանքի Պահուն… Քնանալ

sleeping_90816

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ պարզած են սիեսթին բարիքները, բոլորս ալ գիտենք, որ քունի պակասը կ՛ազդէ մեր աշխատանքին, յիշողութեան եւ կեդրոնացումին վրայ:

Զարմանալի չէ, որ աշխարհիս երեսին ընդունելի չէ, որ մարդիկ սիեսթ ընեն աշխատանքի ժամերուն: Ճափոնի մէջ պարագան նոյնը չէ, հոն «ինեմուրի»-ն արտօնուած է: Ինեմուրի կը նշանակէ` «գտնուած տեղը քունի անցնիլ»: Իսկ Ճափոնի մէջ ամէնուրեք ինեմուրին որպէս վարձատրութիւն համարուած է գործը աւարտին հասցնելու ձգտող բոլոր պաշտօնեաներուն համար…

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

1

Peel-a-pepper_90816

Թարմ պղպեղը կեղուելու համար նախ զայն փուռին մէջ խորովել, մինչեւ որ մաշկը տեղ-տեղ սեւնայ. յետոյ փուռէն հանել եւ անմիջապէս փոխադրել կերպընկալէ տոպրակի մէջ եւ բերանը գոցել ու ձգել առնուազն կէս ժամ:

Կէս ժամ ետք տոպրակէն հանել. մաշկը ինքնաբերաբար կը բաժնուի…

2

Mixer_90816

Կարկանդակի խմորի պատրաստութեան ընթացքին հարիչի գործածութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ, որ չորս կողմը աղտոտի: Մինչդեռ եթէ հարիչին մետաղեայ ձողերուն խաւաքարտէ պնակ մը հաստատէք, այդ անպատեհութիւնը կը չքանայ:

 

Առողջապահական

6 Ուտելիք, Որոնք Կը Զօրացնեն
Եղունգները

435286-7-aliments-qui-vont-renfrocer-vos-ongles-622x600-3

Եղունգները, այնպէս` ինչպէս մազերը, մեր առողջական վիճակը կը ցոլացնեն:

Անքնութիւնը, յոգնութիւնը, սխալ սննդառութիւնը… կ՛ազդեն մեր առողջութեան եւ յատկապէս եղունգներու առողջութեան վրայ: Բայց վերջինները դարմանելու համար պէտք չուինինք շուկան վաճառուող կէս քիմիական արտադրութիւններուն դիմելու: Կայ աւելի բնական եւ առողջապահական միջոց մը` առողջ սննդառութիւնը: Ահաւասիկ` 6 ուտելիք, որոնք կ՛ապահովեն մեր եղունգներուն առողջութիւնը:

1

Սաղմոն

Պէ. 12 եւ Տէ. կենսանիւթերով հարուստ այս ձուկը կ՛ապահովէ եղունգներուն առողջութիւնը եւ կ՛օգնէ անոնց արագ աճին:

2

Հաւկիթ

Բնասպիտով եւ հանքայիններով հարուստ հաւկիթը նոյնպէս կ՛ապահովէ եղունգներուն առողջութիւնը:

3

Ամբողջական Հացահատիկներ

Վարսակի փաթիլները, վայրի բրինձը հարուստ են պիոթինով (Պէ. 8 կենսանիւթ), որ երկրորդ կեանք մը կու տայ տկար, կոտրտուող եղունգներուն:

4

Կարմիր Միս

Բացի բնասպիտէն կարմիր միսը հարուստ է նաեւ երկաթով: Կոտրտուող կամ շերտաւոր եղունգներու դարմանումի լաւագոյն միջոցը պարբերաբար կարմիր միս ուտելն է:

Կիրով, երկաթով եւ անթիօքսիտաններով հարուստ շոմինը յանձնարարելի է տկար, կոտրտուող եղունգներուն համար:

6

Գարեջուր

Սիլիքոնով հարուստ գարեջուրը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը եւ կը խթանէ քերաթինին արտադրութիւնը` մազերու եւ եղունգներու մակարդակին:

 

Խոհագիր

Սիսեռով Աղցան

chickpeas-salad_90816

Բաղադրութիւն

1 պզտիկ հազար
1 գաւաթ խաշած սիսեռ
4 հատ կանաչ սոխ
1 հատ թարմ կարմիր պղպեղ
2 հատ միջակ չափի լոլիկ
2 պճեղ սխտոր
3-4 ապուրի դգալ ձէթ
1 ապուրի դգալ քացախ
1 թէյի դգալ շէկ շաքար
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Աղցանի ամանի մը մէջ լեցնել մանրուած հազարը, կանաչ սոխը, լոլիկը եւ կարմիր պղպեղը: Աւելցնել խաշած սիսեռը եւ խառնել:

Առանձին պատրաստել թացանը (ձէթ, քացախ, շաքար, ճզմուած սխտոր, աղ, պղպեղ):

Թացանը թափել բանջարեղէններուն եւ սիսեռին վրայ, խառնել եւ հրամցնել մսեղէնի կամ ձկնեղէնի մը կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Շունը

Չեմ յիշում հիմա, թէ անունն ի՞նչ էր…
Հայեացքը տխուր, տխուր ու ջինջ էր:
Մորթը սեւուկ էր ու չալ էր պոչը,
Աստղերի հետ էր նրա հաջոցը:
Նրա ոռնոցը լուսնի դէմքին էր,
Ու նրա տեղը մեր տան շեմքին էր:
Յետոյ ամէն ինչ մեգ-մշուշում է,
Եւ մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Նա մեր գնալու հոտը առել էր,
Ցաւից կուչ եկել ու պառաւել էր…
Տխուր էր այնպէս ու սրտադող էր,
Ոռնում էր անվերջ, փորում էր հողը:
Եւ շան մասին էր իմ տատի հարցը.
– Ի՞նչ պիտի լինի խեղճ արարածը:
Յետոյ ամէն ինչ մեգ-մշուշում է,
Ու մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Մեր բեռը կապած ու ձին բարձած էր,
Մեր դրան առաջ արցունք ու լաց էր:
Շունը կլանչում, շեմքը թողնում էր,
Փաթաթաւում տատիս, տխուր ոռնում էր:
Մերթ վազում դէպի մեր քարաւանը,
Մերթ ետ էր դառնում, պառկում դրանը:
Հարցում էր անում, ասես, մեր շունը.
Թէ թողնի՞ արդեօք այգին ու տունը,
Ծանօթ աստղերը, ծանօթ լուսինը,
Որ ամէն գիշեր մեր տան ուսին էր:
Յետոյ ամէն ինչ մեգ-մշուշում է,
Ու մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Տխուր զնգում է ձիու զանգակը,
Մեր ճամբան հեռու երկնքի տակ էր:
Ու քանի անգամ, ախ, քանի-քանի,
Նա եկաւ հետքով մեր քարաւանի:
Հեւիհեւ էր նա, լեզուն հանած էր,
Խոնաւ աչքերում խոնաւ մի հարց էր:
Փաթաթւում էր ինձ, լիզում էր ձեռքս,
Կիսում էր հացս, կիսում էր վէրքս:
Ոռնում, վայում էր նա գիշերն ամբողջ
Ու ետ սլանում իր եկած ճամբով:
Յետոյ ամէն ինչ մեգ-մշուշում է,
Ու մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Կլանչում է նա, վազում հեւիհեւ
Մեր քարաւանի ու մեր տան միջեւ…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 

 

 

 

Կին Դէմքեր. Հայ Բեմի Թագուհին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

eleonora-duse_92216

Դերասանուհի Սիրանուշ (Մեսրոպէ Գանթարճեան) ծնած է 1857-ին, Պոլիս եւ մահացած է 1932-ին Գահիրէ: 65 տարիներու ընթացքին ան խաղացած է աւելի քան 300 դեր: Հայ եւ համաշխարհային թատրոնի մէջ ան միակ կինն է, որ մարմնաւորած է Համլեթի կերպարը:

75 տարեկանին մահացած դերասանուհին դժբախտաբար ոչ մէկ ժապաւէն կամ արձանագրութիւն ձգած է իր դերակատարումներէն: Սիրանուշի տաղանդին մասին տեղեկութիւններ կը քաղենք ժամանակակիցներու յուշերէն, քննադատներու հիացական յօդուածներէն եւ շարք մը լուսանկարներէ:

Հայ բեմի թագուհիին անձնական իրերը ներկայիս ցուցադրուած են Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: Անձնական իրերու բաւական մեծ արխիւ պահպանուած է, այդ իրերէն կը ներկայացնենք մէկ քանին, որոնք նոյնքան խօսուն են, որքան` կենսագրական գիծեր:

Համլեթի գլխարկը

hamlet-hat_92216

Ժամանակակիցներու վկայութիւններուն համաձայն, բեմ բարձրացած Սիրանուշը այնքան վարպետութեամբ կը խաղար իր դերը, որ հանդիսատեսը չէր կռահեր, որ տղամարդու հագուստին տակ տաղանդաւոր կին մը կար: Դերասանուհիին միայն նուրբ ձայնը կը մատնէր անոր կին ըլլալը:

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած է Սիրանուշին Համլեթի գլխարկը` սեւ, թաւշեայ փետուրներով:

***

Պայուսակը

bag_92216

Դերասանուհիին սիրելի իրերէն մէկը փոքրիկ պայուսակն էր, որուն մէջ անպակաս էր փոքրիկ հայելին:

***

Մազափունջը

bunch-of-hair_92216

Սիրանուշին մազափունջը Երեւան հասած է Գահիրէէն: Յայտնի չէ, թէ ինչո՛ւ ան այս մազափունջը կտրեր եւ պահպաներ է, յամենայն դէպս մօտ 8 տասնամեակ պահպանուած մազափունջը դերասանուհիէն մնացած ամենավառ մասունքներէն մէկն է

***

Բեմական կօշիկները

theatrical-shoes_92216

Սիրանուշին բեմական կօշիկները ճերմակ կտորէ պատրաստուած էին: Ան խնամքով կրած է զանոնք, եւ հակառակ թեթեւ մաշուածութեան, մինչեւ օրս լաւ տեսք ունին: Կօշիկները զարդարուած են մոխրագոյն, տարբեր չափի ուլունքներով:

***

Սուրճի գաւաթը, հովահարը…

hand-fan-coffee-cup_92216

Թանգարանը ցուցադրուած են Սիրանուշի սուրճի բաժակները, որոնք դերասանուհիին եւ անոր մտերիմներուն երեկոյեան հաւաքներու վկաներն են:

Դերասանուհիին դրացիներուն համաձայն, հովահարը անպակաս էր անոր ձեռքէն:

Մետաղեայ գօտին յաճախ զարդարած է Սիրանուշին իրանը, անիկա դերասանուհիին ամենասիրած զարդերէն մէկն էր:

Սիրանուշին մատանին թանգարանին նուիրած է դերասան Վահրամ Փափազեանը: Ան պատմած է, որ մատանին գաղտնի վերցուցած է դերասանուհիին շպարի տուփէն, որպէսզի Սիրանուշէն յիշատակ մը ունենայ: Տարիներ ետք այդ յուշը գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար ան մատանին յանձնած է թանգարանին:

***

Շպարի տուփը

makeup-box_92216

Կը պատմուի, որ Սիրանուշ երջանիկ չէ եղած. 30 տարեկանին ամուսինէն բաժնուելէն ետք ան ամբողջութեամբ նուիրուեր էր բեմին: Անոր վերջին դերը «Քամելիազարդ կին» գործին Մարգարիտ Քոթիէի կերպարն էր:

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած է դերասանուհիին շպարի տուփը` այն իրերով որոնք ձգած էր վերջին բեմադրութենէն ետք:

***

Ձեռնոցները

gloves_92216

Դերասանուհիին ճերմակ կաշիէ ձեռնոցները եւս Երեւան հասած են Գահիրէէն, ուր Սիրանուշ անցուցած է իր կեանքին վերջին տարիները:

***

Բրգաձեւ յուշանուէրը

souvenir_92216

Բրգաձեւ արծաթեայ յուշանուէրը Սիրանուշին նուիրեր են Վանի մէջ: Անիկա երկար ժամանակ պահուեր է Չիլի, դերասանուհիին թոռան` Պարոյր Կիրակոսեանի մօտ: Երեւան բերուած է 1972-ին:

 

Խոհագիր

Դդումի Չիփս

chips-de-courgettes_92216

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

3 կտոր սառ
20 սանթիլիթր  «Ջերմուկ» ջուր
200 կրամ ալիւր
4 դդում
Աղ

Պատրաստութիւն

Պտուղ-բանջարեղէն կեղուելու յատուկ դանակով բարակ շերտերով կտրտել դդումները:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ալիւրը, հանքային ջուրը, աղն ու սառոյցները. միատարր խիւսին մէջ թաթխել դդումի շերտերը, ապա քանի մը վայրկեան տապկել եւ ծծուն թուղթի վրայ փոխադրել:

Հրամցնել խմիչքի կողքին:

Ըստ ճաշակի, կարելի է խիւսը համեմել սեւ կամ կարմիր փոշի պղպեղով, օրեկանոյով…

 

Մէջբերումներ Մեր Մեծերու Խօսքերէն

Բանաստեղծութիւնը պատկերներով կ՛արտայայտուի, իսկ գիտութիւնը` գաղափարներով:

Բանաստեղծութիւնը միտքերը կը գունաւորէ եւ կը պատկերազարդէ, մինչդեռ գիտութիւնը միտքերը կ՛ընդհանրացնէ:

Նիկոլ Աղբալեան

***

Աշխատեցէք մարդ ըլլալ, մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է:

Լեւոն Շանթ

***

Աշխատէ՛ լաւ անցընել կեանքդ, պայծառ ու մաքուր պահել հոգիդ: Մեռնելէդ յետոյ պէտք է ողորմի տուողներ ունենալ:

Խաչատուր Աբովեան

***

Լաւ  գիրք մը կրնայ ամբողջ ազգ մը փրկել:

Րաֆֆի

***

Հոգիին դատարկութիւնը հազար անգամ աւելի սոսկալի է, քան գրպանին պարապութիւնը:

Մուշեղ Իշխան

***

Գրադարանը գիրքերու պահեստ չէ, այլ կարդացուող, մշակուող, ձեռքէ-ձեռք անցնող գիրքերու տուն:

Վարդգէս Պետրոսեան

***

Տղա՛ս, շատ քաղցր չլինես, որ մարդիկ քեզ կուլ տան: Շատ դառն էլ չլինես, որ մնաս մարդկանց կոկորդում:

Հրանդ Մաթէւոսեան

***

Շատ լեզուներու իմացութեամբ հպարտանալու իրաւունք չունի ան, ով չի գիտեր իր մայրենին…

Երուանդ Շահազիզ

***

Թող մարեն աչքերս, միայն թէ թող ծագի Հայաստանի անկախութեան արեւը:

Գէորգ Չաւուշ

***

Օտարութեան մէջ ազատ լինելը այլ գերութիւն է, իսկ տան մէջ նոյնիսկ գերի լինելը` այլ ազատութիւն:

Պարոյր Սեւակ

 

 

Viewing all 579 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>