Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Փորձ Հարցարան. Ծանօ՞թ Էք Հայկական Աւանդական Կերակուրներուն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Իմանալու համար, թէ որքանո՛վ ծանօթ էք հայկական աւանդական կերակրատեսակներուն, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն` ընտրելով 2 հաւանական պատասխաններէն ճիշդը:

-1-

Խրիմեան հայրիկը իր «Պապիկ եւ թոռնիկ» գիրքին մէջ, աւանդազրոյց մը պատմելով` բացատրած է, որ այս կերակուրը յառաջացած է «Հարէք զսա» նախադասութենէն: Այս կերակուրին արմատները շատ հին են, անիկա նաեւ կոչուած է քաշիկա եւ եղած է տօնածիսական ճաշ:

ա.- կոլոլակ
բ.- հարիսա

-2-

Այս կերակուրը վանեցիներու մասնագիտութիւն է. բառը յառաջացած է ծիրան բառի կրճատումէն: Գլխաւոր բաղադրիչը ոսպն է, կը պատրաստուի ոսպով, չոր ծիրանով, ընկոյզով: Պահքի ճաշ է:

ա.- մշոշ
բ. մշիշ

-3-

Այս կերակուրը ուրարտական խոհանոցի մասնագիտութիւն է, զայն կը պատրաստէին գարնանամուտին: Անունը յառաջացած է «տոլի» բառէն, որ խաղողի տերեւ կը նշանակէ:

ա.- բորանի
բ.- տոլմա

-4-

Պարսկական աւանդազրոյցի մը համաձայն, այս կերակուրին անունը յառաջացած է Սասանեան Խոսրով արքայի դուստր` Բոտանդուխտի անունէն. ան մածուն շատ կը սիրէր, եւ երբ գահ բարձրացաւ, ի պատիւ իրեն մածունով կերակուրները կոչուեցան իր անունով

ա.- բազրկանի
բ.- բորանի

-5-

Այս կերակուրը Վան-Վասպուրական նահանգի խոհանոցին կը պատկանի: Կը պատրաստուէր մեծ կաթսայի մէջ եւ կը հրամցուէր չոր լաւաշով, վրան` խաշած ոսպ, տաք չորթան եւ սոխարած: Հարուստները սոխարածը կը պատրաստէին տհալի (ղաւուրմա) իւղով եւ միսով:

ա.- քելեկեոշ
բ.- քելելեոշ

-6-

Բառը հաւանաբար պարսկական ծագում ունի եւ կը նշանակէ «վաճառական»: Մուսալեռցիները զայն կոչած են հովիւի ճաշ, զայն կը պատրաստէին ձիթապտուղով, սոխով, լոլիկի խիւսով եւ ընկոյզով:

ա.- վազրկանի
բ.- բազրկանի

-7-

Արեւելեան Հայաստանի աւանդական կերակուր է, որ առաւելաբար կը պատրաստուէր Նոր տարուան եւ Զատիկի առիթով: Միջուկը պատրաստուած է բրինձով, չոր միրգերով, ընկոյզով եւ չամիչով:

ա.- ղափամա
բ.- անուշապուր

-8-

Աւագ հինգշաբթի օրուան յատուկ ճաշատեսակ է, պատրաստուած արմտիքներով, բանջարով, չոր միրգերով եւ քացախով:

Այսպիսի թթուաշ ճաշատեսակներ շատ ընդհանրացած էին Հայաստանի մէջ` ի յիշատակ Յիսուս Քրիստոսի Խաչելութեան ժամանակ ջուրի փոխարէն անոր քացախ խմցնելու դրուագին:

ա.- Թթուեպաս
բ.- Թթուասեր

Պատասխաններ

1 բ 5 ա
2 ա 6 բ
3 բ 7 ա
4 բ 8 ա


Երէկ Կիներու
Միջազգային Օրն Էր

Երէկ` մարտ 8-ը Կիներու միջազգային օր էր:

Այս օրուան հետ առնչուող առաջին պատմական իրադարձութիւնը տեղի ունեցաւ 1857-ին, երբ Նիւ Եորք քաղաքի հիւսուածեղէնի գործարանի բանուորուհիները իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար քայլերով անցան քաղաքի փողոցներէն: Պատճառը ցած աշխատավարձը եւ աշխատանքի անբաւարար պայմաններն էին:

Ժամանակ մը Կիներու միջազգային օրը նշուած է փետրուարի վերջին կիրակին, բայց 1977-ին ՄԱԿ-ը Մարտ 8-ը հռչակեց որպէս «Կիներու իրաւունքներու եւ միջազգային խաղաղութեան օր»:

Ամէն տարի շատ մը երկիրներ մեծ շուքով կը նշեն այս տօնը` յիշեցնելով եւ պահանջելով, որ կինը տղամարդուն համահաւասար իրաւունքներ ունենայ. այդ իրաւունքներէն յիշենք` քուէարկելու, աշխատելու, ուսում ստանալու, օրէնքին առջեւ հաւասար դատուելու, գործի մէջ արդար վարձատրուելու, սեռային խտրականութենէ զերծ մնալու եւ այլ իրաւունքներ:

Գիտէ՞ք, թէ տղամարդիկ եւս ունին իրենց միջազգային օրը:

«Տղամարդոց Միջազգային օր»-ը հիմնադրուած է 1997-ին եւ կը նշուի նոյեմբեր 19-ին:

 

Գեղեցկագիտական-Առողջապահական

10 Ուտելիքներ, Որոնք Թարմ
Եւ Գեղեցիկ Կը Պահեն Մորթը

Մորթը տեւաբար մաքրելը, յատուկ սերերով խնամելը լաւ սովորութիւններ են, որոնցմէ երբեք պէտք չէ հրաժարիլ: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ ուտելիքն ալ կրնայ նպաստել մորթին թարմութեան եւ գեղեցկութեան: Մասնագէտներու կարծիքով, մորթին թարմութիւնը կը սկսի պնակէն. այլ խօսքով, այն, ինչ կը կատարուի մեր ներսը, կը բացայայտուի մեր մորթին վրայ:

Ահաւասիկ 10 ուտելիքներ, որոնք մորթը ա՛լ աւելի գեղեցիկ կը դարձնեն:

1.- Լաւ իւղերով օժտուած աւոքատոն
2.- Սէ. կենսանիւթով հարուստ կիտրոնը
3.- Անթիօքսիտաններով հարուստ կաղամբը
4.- Սելենիոմով հարուստ ընկոյզը
5.- Իւղոտ, օմեկա 3-ով հարուստ ձուկերը
6.- Ա. կենսանիւթով հարուստ ստեպղինը
7.- 20 անթիօքսիտաններով հարուստ չամիչը
8.- Անթիօքսիտաններով եւ օլիկօէլէմաններով հարուստ սոխը
9.- Լիքոփենով հարուստ լոլիկը
10.- Կենսանիւթերով հարուստ հատապտուղները

10 Ուտելիքներ, Որոնք Ամէնէն Քիչ
Ջերմուժ Կը Պարունակեն

Երբ անօթի կը զգանք, մեր հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ ձեռքի տակ գտնուող պատահական որեւէ բան` չիփս, տուրմ, կրկնեփ ուտել, բայց շատ չանցած` զղջալ…

Բայց արդեօք ծանօ՞թ էք այն 10 ուտելիքներուն, որոնք շատ քիչ ջերմուժ կը պարունակեն եւ ձեռքի տակ ունենալու պարագային, մեզ կը  փրկեն փորձութիւններէ…

-1-

Վարունգը

Անթիօքսիտաններով հարուստ վարունգին 95 առ հարիւրը ջուրէ բաղկացած է: Իւրաքանչիւր 100 կրամը 16 ջերմուժ կը պարունակէ: Զովացնող այս բանջարեղէնը շատ յարմար է ամառնային աղցաններու պատրաստութեան:

-2-

Ծնեբեկը

Անթիօքսիտաններով հարուստ 100 կրամ ծնեբեկը 20 ջերմուժ կը պարունակէ: Ծնեբեկին սրածայր բաժինը չափազանց հարուստ է հանքայիններով: Որպէսզի անիկա իր սննդական արժէքը չկորսնցնէ, թելադրելի է զայն եփել քիչ քանակութեամբ ջուրի մէջ:

-3-

Կարոսը

Կարոսին 75 առ հարիւրը ջուր է, իսկ մնացեալը բնաթելէ բաղկացած է: Անիկա հարուստ է սոտիոմով եւ փոթասիոմով: 100 կրամ կարոսը 16 ջերմուժ կը պարունակէ: Խրթխրթան կարոսը մածունով պատրաստուած թանձրուկի կողքին կրնայ փոխարինել խմիչքի կողքին հրամցուող չիփսերն ու պիստակեղէնը:

-4-

Լոլիկը

100 կրամ լոլիկը հազիւ 18 ջերմուժ կը պարունակէ: Անթիօքսիտաններով եւ լիքոփենով հարուստ բանջարեղէնէն առաւելագոյնս պէտք է օգտուիլ:

-5-

Ելակը

Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ ելակը 33 ջերմուժ կը պարունակէ իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ: Անիկա սննդարար, զովացնող եւ քաղցրացնող իտէալ պտուղն է բոլորին համար:

-6-

Խնձորը

Կուշտ պահող եւ կենսանիւթերով հարուստ յատկապէս կանաչ խնձորը նաեւ մեծ քանակութեամբ բնաթել կը պարունակէ: Անիկա կրնայ ճաշի ժում մը մասամբ փոխարինել, տրուած ըլլալով, որ 100 կրամը 52 ջերմուժ կը պարունակէ:

-7-

Սուրճը

0 ջերմուժ պարունակող սուրճով կարելի է սկսիլ օրը` առանց անշուշտ շաքար աւելցնելու:

Չափաւոր քանակութեամբ սուրճը աշխուժ կը պահէ մարմինը եւ արթուն` միտքը:

-8-

Սեխը

100 կրամ սեխը 36 ջերմուժ կը պարունակէ: Սէ. կենսանիւթով հարուստ այս պտուղը օգտակար է մորթին եւ տեսողութեան, անիկա նաեւ կը նուազեցնէ գերճնշումը եւ կը պաշտպանէ որոշ տեսակի քաղցկեղներէ:

-9-

Ծաղկակաղամբը

Իւրաքանչիւր 100 կրամը 25 ջերմուժ պարունակող ծաղկակաղամբը հում թէ թեթեւ խաշած, յարմարագոյն ուտելիքն է շատ արագ կուշտ զգալու եւ քիչով բաւարարուելու համար:

Անիկա կարելի է օգտագործել աղցանի մէջ, բայց նաեւ որպէս ախորժաբեր` խմիչքի մը կողքին:

-10-

Խոշոր Դդումը

Իւրաքանչիւր 100 կրամին մէջ 13,6 ջերմուժ պարունակող դդումը շատ յարմար ուտելիք է բոլոր անոնց համար, որոնք սննդականոնի կը հետեւին: Զայն կարելի է օգտագործել ապուրներու պատրաստութեան մէջ կամ պարզապէս փուռին մէջ խորովել` սխտորի պճեղներ եւ դափնիի տերեւ աւելցնելով:

 

Խոհագիր

Աւոքատոյով Հումմոս

Բաղադրութիւն

– 2 հասուն աւոքատօ
– 1 տուփ պահածոյ սիսեռ
– 2 պճեղ սխտոր
– 1 հիւթեղ կիտրոն
– 1 ապուրի դգալ թահին
– Ձէթ, կարմիր փոշի պղպեղ, մանրուած ազատքեղ (զարդարանքի համար)
– Աղ եւ քիմիոն` ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Հարիչէ անցընել կեղւուած աւոքատոները, սիսեռը, սխտորը եւ թահինը:

Փոխադրել փոս ամանի մը մէջ եւ աւելցնել կիտրոնի հիւթը, աղը եւ քիմիոնը:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել ստացուած թանձրուկը եւ զարդարել մանրուած ազատքեղով, կարմիր փոշի պղպեղով եւ ձէթով:

Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ կարելի է թանձրուկը լեցնել պարպուած աւոքատոներուն մէջ եւ այդպէս բերել սեղան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աշխարհի Եօթ Հրաշալիքները

Եւ բուրգերը եգիպտական,
Եւ տաճարը Արտեմիսի,
Զեւսի արձանն Օլիմպիական
Եւ կոթողը Հռոդոսի,
Դամբարանը Մաւզոլոսի,
Այգիները Բաբելոնի,
Եւ փարոսը Ալեքսանդրիայի`
Շա՛տ են յայտնի:

Աշխարհի եօթ հրաշալիք…
Հմայե՜լ էք դուք մշտապէս:
Բայց կայ եօ՜թ էլ հրաշալիք
Որ չի՛ նշւում պաշտօնապէս:
Առաջինը հէնց նա՛ է, ով
Հրաշալիքներն ստեղծե՜ց այդ:
Նա իր ոգով եւ հանճարով
Կոչւում է Մարդ:

Եւ կայ երկրո՛րդ հրաշալիք,
Նա է, ով մեզ աշխարհ բերում
Եւ ոչ մէկիս ո՜չ մի անգամ
Ո՜չ մի վայրկեան չի մոռանում:
Աշխարհն էլ մեզ դաւաճանի,
Նա կանգնա՛ծ է միշտ մեզ համար:
Հրաշալիքն այդ սիրելի
Կոչւում է Մայր:

Եւ կայ երրո՛րդ հրաշալիք.
Նա է, ով որ աշխարհ գալիս
Եւ իր տեսքո՜վ, անմեղութեա՜մբ
Նո՛ր իմաստ է կեանքին տալիս:
Նա մեր յո՜յսն է անմահութեան,
Երկրորդ կեանքն ու հաւատն է մեր,
Հրաշալիքն այդ աննման
Մանուկն է ձեր:

Եւ կայ չորրո՛րդ հրաշալիք.
Այն է, ինչը մեզ այցելում
Եւ փոխելով սիրտ ու հոգի`
Ուրի՛շ մարդ է մեզ դարձնում:
Նրա ուժը մե՜ծ, ազդեցի՜կ
Ձեզնից ո՞վ չի, արդեօք, տեսել:
Հրաշալիքն այդ գեղեցիկ
Կոչւում է Սէր:

Կայ հինգերո՜րդ հրաշալիք.
Այն է, ինչը տիեզերքում
Որքան գիտենք` առայժմ կայ
Միայն երկի՛ր մոլորակում:
Եւ հէնց նրա՛ շնորհիւ է,
Որ մենք ահա ապրում ենք, կանք:
Հրաշալիքն այդ հազուագիւտ
Կոչւում է Կեանք:

Կայ վեցերո՛րդ հրաշալիք.
Մի հասարա՜կ, աննկա՜տ բան,
Բայց էութեամբ իր անհանգիստ`
Տիեզերքի՜ց էլ անսահման:
Ամէ՛ն ինչ էլ զգում է նա,
Թէեւ իր հետ վարւում ենք բիրտ:
Հրաշալիքն այդ տառապեալ
Կոչւում է Սիրտ:

Եւ, վերջապէս, կայ եօթերո՛րդ,
Բայց` առաջի՛ն հրաշալիք –
Մի սրբութիւն` առանց որի
Իրենց ո՛րբ են զգում մարդիկ,
Իսկ նրա հետ` մե՜ծ ու հզօ՜ր,
Իսկ նրա հետ` յաղթանակո՜ղ: –
Հրաշալիքն այդ կոչւում է
Հայրենի հող:

Եւ ուզո՜ւմ եմ, ուզո՜ւմ եմ ես
Մի լրացո՛ւմ անել վերջին –
Հրաշալիք կոչենք նոյնպէս`
Ամէն մէկս մեր ուսուցչին…
Կարելի է այս աշխարհում
Ապրել նաեւ առանց բուրգի:
Անհնա՜ր է սակայն ապրել
Առանց լոյսի, հայրենիքի:

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>