Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Դաստիարակելու Ոսկի Կանոններ` Մայր Թերեզայէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ուշադի՛ր եղէք ձեր գործածած բառերուն, երբ երեխային հետ կը խօսիք: «Անխելք», «ծոյլ», «բթամիտ» եւ նմանօրինակ ածականներ վիրաւորական եւ նուաստացնող են. այս խօսքերը կը կործանեն երեխան եւ ժամանակի ընթացքին ան կը դառնայ անհետաքրքրասէր, անկարող եւ ծոյլ:

***

Երեխան մի՛ վախցնէք հրէշներով, գայլերով, ոստիկանով: Ասոնք աւելի բարի եւ հնազանդ չեն դարձներ երեխան:

***

Ձեր երեխան դաստիարակեցէք` ցոյց տալով անոր ձեր սեփական անթերի օրինակը: Երեխան կ՛ուզէ տեսնել ձեր արարքները, ոչ թէ` լսել ձեր խօսքերը:

***

Ջանացէք երեխային աչքերուն մնալ ձեր բարձունքին վրայ: Ան թող չտեսնէ ձեր թերութիւններն ու թուլութիւնները:

***

Երեխան փոքր եւ անզօր էակ մը ըլլալով` կ՛ուզէ իր կողքին ունենալ պաշտպանող անվիճելի հեղինակութիւն: Երեխան միշտ ծնողէն կը սպասէ ֆիզիքական եւ հոգեբանական պաշտպանութիւն: Եթէ երեխան ականատես ըլլայ ծնողներուն միջեւ վէճերու, անախորժութիւններու, ուրեմն ինչպէ՞ս կրնան ծնողները ակնկալել, որ լաւ դաստիարակութիւն պիտի տան իրենց զաւկին:

***

Լաւ կ՛ըլլայ, որ երբեք ձեռք չբարձրացնէք ձեր երեխային վրայ: Դուք անոր յիշողութեան մէջ զայրոյթի, ատելութեան յիշողութիւն կը ձգէք:

***

Եթէ դուք ստիպուած էք պատժելու երեխան, ձեր դէմքին վրայ ո՛չ զայրոյթի, ո՛չ ալ ատելութեան արտայայտութիւն թող ըլլայ: Երեխան արագ կը մոռնայ ապտակը կամ պատիժը, բայց երբեք չի մոռնար ձեր հայեացքը` լեցուն զայրոյթով եւ ատելութեամբ:

***

Երեխան պէտք է անսահմանօրէն վստահի եւ ենթարկուի իր ծնողքին: Համերաշխ ընտանիքներուն մէջ ասիկա երեխայի դաստիարակութեան հիմնական կանոններէն է:

 

 Ինչպէ՞ս Ընտրել Հանգստաւէտ
Բարձրակրունկ Կօշիկներ

Բարձրակրունկ կօշիկները կիներու սիրելի կօշիկներն են: Անոնք կ՛ընդգծեն մարմինը, կանացի կը դարձնեն կերպարը, վայելչութիւն կու տան հագուստին, սակայն շատ յաճախ հանգստաւէտ չեն, մանաւանդ` երկար ժամանակ հագնելու պարագային:

Նոյնիսկ կօշիկը փորձելու պարագային, կարելի չէ քանի մը վայրկեանի ընթացքին որոշել, թէ անիկա հանգստաւէ՞տ է, թէ՞ ոչ: Իսկ համացանցով գնում կատարելու պարագային, առհասարակ կարելի չէ վստահ ըլլալ, որ որակեալ իրեր կը ստանա՞ք, թէ՞ ոչ…

Բարեբախտաբար կայ միջոց մը, որուն շնորհիւ կրնաք 2 վայրկեանէն անսխալ հասկնալ` հանգստաւէ՞տ է կօշիկը, թէ՞ ոչ:

Բարձրակրունկ կօշիկին հանգստաւէտութիւնը կախեալ է կրունկին եւ ներբանին միջեւ եղած հեռաւորութենէն: Որքան անիկա աւելի մեծ է, այնքան աւելի հանգստաւէտ է տուեալ կօշիկը: Հեռաւորութիւնը առնուազն 3 սմ պէտք է ըլլայ, եթէ աւելի պակաս է, կը նշանակէ, որ մարմնիին հիմնական ծանրութիւնը մատներուն վրայ պիտի ճնշէ…

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Անձեռոցի Ձողը Գործածելու
7 Հետաքրքրական Տարբերակներ

Անձեռոցը կախելու ձողը կարելի է տան մէջ օգտագործել գործնական դասաւորումներ ընելու համար: Ստորեւ` 7 հետաքրքրական տարբերակներ:

1.- Բաղնիքին մէջ, կարելի է ձողէն մետաղեայ կողովներ կախել եւ դասաւորել բաղնիքին վերաբերող իրերը:

2.- Ննջասենեակին դրան ետեւ, կամ պահարանի փեղկին ներսի կողմը քանի մը ձող հաստատելով` կարելի է դասաւորել բոլոր վզկապները:

3.- Խոհանոցին մէջ, դարձեալ դրան ետեւ, կամ պահարանին կողմը հաստատուած ձողէն կարելի է կախել տեղ գրաւող տապակներն ու սաները:

4.- Խոհանոցի պահարանին ներսի կողմէն հաստատուած ձողէն կարելի է կախել մաքրութեան դեղերու տարբեր շիշերը:

5., Ննջասենեակին պատին կամ հագուստի պահարանի փեղկին հաստատուած ձողէն կարելի է կախել բոլոր մանեակները:

6.- Խոհանոցի պատին վրայ հաստատուած ձողէն կարելի է կախել բոլոր «մակ»-երը, ինչպէս նաեւ` համեմի շիշերը:

7.- Խոհանոցի լուացարանին տակի պահարանին մէջ հաստատուած ձողին վրայ կարելի է անցընել աղբի կերպընկալ տոպրակներու փաթթոցը:

 

Այլազան

Ի՞նչ Կը Պատմէ Ձեր Ստորագրութիւնը
Ձեր Բնաւորութեան Մասին

Ձեր ձեռագիրը եւ յատկապէս ստորագրութիւնը կրնան շատ բան պատմել ձեր բնաւորութեան մասին: Ձեռագրաբանները համոզուած են, որ ձեռագիրը ուղղակի կ՛արտացոլացնէ մարդուս խառնուածքն ու բնաւորութիւնը:

Բացայայտեքու համար ձեր բնաւորութեան գիծերը` ուշադիր նայեցէք ձեր ստորագրութեան եւ համեմատեցէք ստորեւ տրուած բացատրութիւններուն հետ:

Ստորագրութեան Չափը
Մեծ ստորագրութիւն ունեցողները ընդհանուր կառուցողական մտածելակերպ ունին:

Փոքր ստորագրութիւն ունեցողները ճշգրիտ եւ յստակ մտածելակերպ ունին:

Ստորագրութեան Տեսակը
Կլորաւուն ստորագրութիւն ունեցողները հանգիստ, կայուն ու փափուկ մարդիկ են:

Անկիւնային ստորագրութիւն ունեցողները անհամբեր, անկանխատեսելի ու ջղագրգիռ են:

Ստորագրութեան Երկարութիւնը
Երկար ստորագրութիւն ունեցողները խորութեամբ կ՛ուսումնասիրեն հարցերը:

Կարճ ստորագրութիւն ունեցողները կրնան արագ ընկալել տեղեկութիւնները եւ արագ ու ճիշդ որոշումներ կայացնել:

Տառերու Միջեւ Հեռաւորութիւնը
Եթէ հեռաւորութիւնը շատ է, ենթական առատաձեռն է:

Եթէ հեռաւորութիւնը քիչ է, ենթական խնայողասէր:

Ստորագրութեան Թեքումը
Դէպի աջ` ներդաշնակ ու հանգիստ անձ:

Դէպի ձախ` վառ անհատականութիւն:

Ուղիղ թեքում` բարձր ինքնատիրապետում:

«Պառկած տառեր»` լուրջ հոգեբանական հարցերու առկայութիւն:

Ստորագրութեան Մէջ Տարբեր Նշաններու Առկայութիւն
Ստորագրութեան հետ սրտիկի, ծաղիկի կամ այլ պատկերի առկայութիւնը կը բացայայտէ ենթակային ստեղծագործ հոգին:

 

 Խոհագիր

Ճակնդեղով Աղցան

Բաղադրութիւն

– 3 միջակ չափի խաշած ճակնդեղ
– 1 կանաչ, թթուաշ խնձոր
– 1 խաշած ստեպղին
– 1 խաշած գետնախնձոր
– 1 վարունգ
– Թարմ սամիթ
– 1 պճեղ սխտոր
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 2 ապուրի դգալ քացախ
– 2 ապուրի դգալ թարմ սամիթի տերեւներ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Թելադրելի է, որ խաշած բանջարեղէնները ակռայի տակ ծամուին, այլ խօսքով` շատ խաշած չըլլան:

Ներկայանալի փոս ամանի մը մէջ լեցնել մանր եւ խորանարդաձեւ կտրտուած բանջարեղէնները, ինչպէս նաեւ` խնձորը:

Առանձին պատրաստել թացանը` խառնելով բոլոր բաղադրիչները եւ աւելցնել աղցանին վրայ, զգուշութեամբ խառնել, երեսը զարդարել սամիթով եւ հրամցնել:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Յաւերժական Հայը

Ահա ե՛ս եմ, Յաւերժական Հայը, կանգնած Եղեռնի ու Երկրաշարժի մէջտեղում, արնամած աչքերս յառած Մասիս սարին,

Եւ ինձ խփում են – տարերքը տակից, Աստուած վերեւից, թշնամին դէմից, բարեկամը մէջքից, Արեւմուտքը աջից, Արեւելքը ձախից,

Բայց ես չեմ վերջանում,

Ես տեսնում եմ արդէն Ահեղ Դատաստանի օրը,

Բայց ես Հայաստանն եմ, եւ ինձ սպաննել հնարաւոր չէ, որովհետեւ ես ամէն ինչ եմ, ամէնուր ու անվախճան,-

Զաւակ եմ փլատակուած, մայր եմ խելագարուած, հայր եմ չթաղուած, դագաղ եմ չճարուած, մատնամնացուկ եմ ջարդոտուած, հող եմ սառած, անուն եմ մոռացուած, հաւատք եմ հալածուած, երկինք եմ մթնած, քար եմ պատռուած, գիր եմ ջնջուած, ջուր եմ պղտորուած, ծիծաղ եմ լռած, երգ եմ ընդհատուած, սիրտ եմ կոտրուած, յոյս եմ կտրուած, հոգի եմ ուրացած, մարմին եմ նիւթացած, երկիր եմ փեռեկուած, օրէնք եմ մեռած, միտք եմ ըմբոստացած, Ադամ եմ արտաքսուած, դրախտ եմ կորուսուած, դժոխք եմ բացուած, ընդերք եմ գազանացած, լաւայ եմ ժայթքած, ինքնաթիռ եմ խորտակուած, խոյակ եմ խախտուած, հաց եմ տրորուած, գինի եմ թափուած, Խօսք եմ բանտարկուած, Բանաստեղծ եմ խաչուած ու Աստուա՜ծ եմ եսացած,

Եւ Ահեղ Դատաստանի օրը ե՛ս պիտի նստեմ Աստծոյ փոխարէն, – եւ պիտի շնչաւորեմ ու մխիթարեմ, յուղարկաւորեմ ու հայթայթեմ, վերականգնեմ ու ջերմացնեմ, յիշեցնեմ ու դիմակայեմ, լուսաւորեմ ու յարակցեմ, վերծանեմ ու պարզեմ, ձայնաւորեմ ու շարունակեմ, ամոքեմ ու կեցուցանեմ, ընդունեմ ու ոգեղինանամ, միաւորեմ ու սահմանեմ, հաւատամ ու վերադառնամ, գտանեմ ու գոցեմ, խաղաղեցնեմ ու հունաւորեմ, փրկեմ ու հաստատեմ, բարձրացնեմ ու հաւաքեմ, ազատեմ, իջնեմ ու աստուածանա՜մ,

– Աստուածանա՜մ,

Որովհետեւ Աշխարհի սկզբից ի վեր իմ մարմինն է հաց, եւ արիւնս է գինի, եւ իմ խօսքն է Աստուած, եւ Աստուած եմ ես,

Եւ չեմ վերջանում,

Եւ նա, ով կերաւ իմ հացն ու չկշտացաւ, խմեց իմ գինին ու չյագեցաւ, լսեց իմ Աստծուն ու չհաւատաց, տեսաւ ինձ ու չճանաչեց, –

Տարերք լինի թէ Աստուած, թշնամի թէ բարեկամ, Արեւմուտք թէ Արեւելք –

Ցա՛ծր է իմ առաջ, եւ պիտի պատասխա՜ն տայ ինձ` Ահեղ Դատաստանի օրը.

– Որովհետեւ ես Յաւերժական Հայն եմ ու Հայաստանը,

– Որովհետեւ ես ամէն ի՛նչ եմ, ամէնո՛ւր ու անվախճա՛ն:

ԴԱՒԻԹ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ

31 յունուարի, 1989

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>