Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեխայի մը համար տան ամէնէն վտանգաւոր վայրերէն մէկը բաղնիքն է: Մինչեւ 6 տարեկան երեխայ մը երկար ատեն բաղնիքը առանձին ձգելու չէ, անոր կը սպառնան զանազան վտանգներ: Ստորեւ` քանի մը զգուշացում:
Ծորակէն հոսող տաք ջուրը կրնայ այրել երեխային մարմինը: Նախքան անոր լոգարան մտնելը` պէտք է ջուրը բարեխառնել` 45-55 աստիճան:
***
Ջուրով լեցուն լոգարանին մէջ երեխայ մը երկար ժամանակ առանձին պէտք չէ ձգել. որեւէ անխոհեմութիւն կրնայ խեղդամահ ընել փոքրիկը:
***
Լոգարանին մօտ զետեղուած շամփուէնը եւ մազի ու մարմնի խնամքին հետ կապուած հեղուկ օճառներն ու սերերը պէտք է հեռու մնան երեխային հասողութենէն: Շիշերուն գրաւիչ տեսքն ու գոյնը կրնան խմելու փորձութեան մղել փոքրիկը:
***
Վարսայարդարիչը կամ այլ ելեկտրական սարքեր ելեկտրական հոսանքէն միացած վիճակով պէտք է առնուազն երկու մեթր հեռու ըլլան լոգարանէն` ելեկտրահարութեան վտանգէն զերծ մնալու համար:
Այդ սարքերը օգտագործելէ ետք զանոնք պէտք է դնել բարձր դարանի մը վրայ:
***
Բաղնիքէն դրան վրայէն հանել բանալին եւ այնպէս մը դասաւորել, որ երեխան կամայ թէ ակամայ բաղնիքը առանձին չմնայ:
***
Լոգարանին յատակը սահուն կ՛ըլլայ եւ երեխան ենթակայ է սահելու եւ վիրաւորուելու: Լոգարանին յատակը պէտք է օժտել յատուկ գորգով:
***
Բաղնիքի լուացարանին եւ լոգարանին շուրջ չձգել` մկրատ, սափրուելու գործիք, մետաղեայ ծամակալներ, եւ այլն… այս բոլորը անբաղձալի արկածներու դուռ կը բանան:
Սննդագիտական – Առողջապահական
Պրաս Ուտելու
6 Համոզիչ Պատճառներ
Պրասին հայրենիքը Միջին Արեւելքն է: Անիկա չափազանց գնահատուած էր եգիպտացիներէն, ինչպէս նաեւ` յոյներէն եւ հռոմէացիներէն: Ներկայիս բոլոր բարեխառն կլիմայով երկիրները պրաս կը մշակեն: Սոխի նմանող այս բանջարեղէնին համը կը յիշեցնէ թէ՛ սոխի եւ թէ՛ ծնեբեկի համը:
Եկէք` ծանօթանանք պրասին յատկութիւններուն:
-1-
Պրասը չափազանց հարուստ է բնաթելով. իւրաքանչիւր 100 կրամը 2,46 կրամ բնաթել կը պարունակէ: Իսկ բոլորիս ծանօթ է, որ բնաթելը կը կանոնաւորէ աղիքներուն գործունէութիւնը. անիկա մասնաւորապէս յանձնարարելի է պնդութենէ տառապողներուն:
Յիշեցնենք, որ պրասին մութ կանաչ բաժնին մէջ գտնուող բնաթելը համեմատաբար դժուարամարս է. հետեւաբար զգայուն աղիքներ ունեցողներուն կը թելադրուի ուտել պրասին ճերմակ բաժինը:
-2-
Պրասը յանձնարարելի է նիհարնալ փափաքողներուն: 200 կրամ պրասը հազիւ 50 ջերմուժ կը պարունակէ: Բնաթելով հարուստ պրասը կուշտ պահելու յատկութիւնը ունի` միաժամանակ շատ քիչ ջերմուժ փոխանցելով մարմնին:
Պրաս կարելի է ուտել առանց սահմանափակումի եւ օգտուիլ անոր կենսանիւթերէն ու հանքայիններէն:
-3-
Պրասը միզեցնող է: Առատ ջուր պարունակող պրասը ասիտ իւրիքը դարմանելու լաւ միջոց է: Անիկա յանձնարարելի է նաեւ միզամանի բորբոքումներէ տառապողներուն. անիկա միզեցնող է, հետեւաբար կ՛օգնէ ձերբազատելու միզամանը գրգռող մասնիկներէն:
-4-
Գիտականօրէն փաստուած է, որ պրասին բաղադրիչներէն ոմանք քաղցկեղի որոշ տեսակներէ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէ պաշտպանելու յատկութիւնը ունին:
-5-
Պրասը կը պարունակէ պեթա քարոթեն, Պէ. 9 եւ Սէ. կենսանիւթերը, որոնք բջիջները կը պաշտպանեն ծերացումէ, նաեւ արգելք կը հանդիսանան բորբոքային բնոյթով հիւանդութիւններու զարգացման: Միւս կողմէ` պրասին պարունակած էօ. կենսանիւթը կը պաշտպանէ մորթին կանխահաս ծերացումէն:
-6-
Պրասը հարուստ է հանքայիններով եւ յատկապէս փոթասիոմով, որ կը հաւասարակշռէ արեան ճնշումը եւ կը նուազեցնէ արեան թանձրացումը:
Ի՞նչպէս Աւելի Երիտասարդ
Տեսք Ունենալ
Գերմանացի սրտաբան Մարթին Հալենի կարծիքով, առողջ ապրելակերպ վարող մարդիկ աւելի դանդաղ կը ծերանան եւ աւելի երիտասարդ տեսք կ՛ունենան, քան` ուրիշներ:
«Ֆոքիւս» պարբերաթերթին վերջերս տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Հալեն յայտնած է, որ բոլոր մարդոց մօտ մարմինը կը ծերանայ տարբեր արագութեամբ, սակայն միեւնոյն ատեն, որոշ մարդիկ 60 տարեկանին լաւ եւ առողջ կը զգան, ուրիշներ 30 տարեկանին արդէն իսկ ունին առողջական հարցեր: Բժիշկին կարծիքով, ասոր պատճառը ոչ միայն ծիներն են, այլեւ` կենսակերպը:
Մարթին Հալենի խօսքով, կան տարբեր գործօններ, որոնք կը ստիպեն մեզի աւելի արագ ծերանալ.
ա.- Անգործութիւնը
բ.- Աւելորդ ծանրութիւնը
գ.- Ընկճախտը
դ.- Սննդարար նիւթերու պակասը
ե.- Ծխելը
զ.- Արեան բարձր ճնշումը
է.- Շաքարի բարձր տոկոսը
Եթէ մարդ, անկախ իր տարիքէն, կ՛ուզէ երիտասարդ տեսք ունենալ եւ առողջ մնալ, պէտք է ձերբազատի վերը յիշուածներէն, կը պնդէ գերմանացի սրտաբանը:
83 Տարիներ Առաջ Այս Օրը…
«Մոսկուա» Շարժապատկերի Սրահը`
83 Տարեկան
83 տարիներ առաջ այս օրը` դեկտեմբեր 12-ին Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ բացուեցաւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահը, հայկական առաջին հնչիւնային ժապաւէնի` «Պէպօ»-ի ցուցադրութեամբ:
Շէնքը կառուցուեցաւ 1935-1936 տարիներուն, ճարտարապետներ Տիրան Երկանեանի եւ Գէորգ Քոչարի նախագիծով, քանդուած Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ վայրը:
Ե. դարուն կառուցուած այս եկեղեցին քանդուեցաւ 1931-ին, խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ: Իսկ 1933-36 թուականներուն, հակառակ ճարտարապետներ Ալեքսանդր Թամանեանի եւ Աշխարհբէկ Քալանթարի ընդդիմութեան, նոյն վայրին մէջ կառուցուեցաւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահը:
Շէնքին ճակատը զարդարուած է յայտնի խորհրդային ժապաւէններու խորաքանդակներով` «Չապայեւ», «Պեպօ», «Դաւիթ բէկ», «Սայաթ Նովա» եւ այլն…
Քանի մը անգամ վերանորոգուած շէնքը ունի չորս դահլիճ` մեծ «Կարմիր դահլիճ», փոքր «Կապոյտ դահլիճ», VIP եւ փոքր «Կարմիր դահլիճ», իսկ ամառնային դահլիճը չի գործեր:
2004 թուականէն ի վեր հոն կը կայանան «Ոսկէ ծիրան» ժապաւէններու միջազգային փառատօները, որոնց զուգահեռ, սպասասրահներուն մէջ կը կազմակերպուին բազմաբնոյթ ցուցահանդէսներ:»
Հոգեբաններու Կարծիքով
Մեծ Հօր Եւ Մեծ Մօր Հետ Մեծնալու Առաւելութիւնները
Մեծ հօր եւ մեծ մօր սէրը, հոգատարութիւնն ու աջակցութիւնը շատ բարերար ազդեցութիւն կը գործեն թոռնիկներուն վրայ. այս մասին կը վկայեն նաեւ գիտական հետազօտութիւնները:
Կը Պակսեցնէ Ընկճախտի Հաւանականութիւնը
Մեծ հայրիկներու, մեծ մայրիկներու եւ թոռնիկներու միջեւ եղած մտերմութիւնը զգալիօրէն կը նուազեցնէ երեխաներուն մօտ ընկճախտի յառաջացումը: Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններ կը վկայեն եւ կը հաստատեն այս երեւոյթը` հիմնուելով աւելի քան 300 երեխաներու վրայ կատարուած փորձարկումի մը վրայ:
Կը Բարձրացնէ Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Զգացողութիւնը
Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը թոռնիկներուն կու տան կայունութեան եւ անվտանգութեան զգացողութիւն, իսկ դժուար կացութիւններու եւ ընտանեկան խնդիրներու ժամանակ անոնք յաճախ թոռնիկներուն համար աջակցութեան կեդրոններ են:
Բացի ասկէ, երեխաներուն մօտ աւելի զարգացած կ՛ըլլայ ինքնագիտակցութեան զգացումը, ինչ որ կը դիւրացնէ յաղթահարել տուեալ դժուարութիւն մը:
Կը Թեթեւցնէ Ծնողներուն Բեռը
Ծնողները յաճախ բաւարար ժամանակ չեն գտներ երեխաներուն հետ յարաբերելու, զրուցելու կամ խաղալու համար: Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը յաճախ երեխաներուն համար կը փոխարինեն ծնողները, երբ պէտք է խաղալ եւ զուարճանալ: Բացի ասկէ` անոնք նուազ կը բարկանան ու կը յանդիմանեն երեխաները, այս պատճառով ալ թոռնիկները աւելի պատրաստ են անոնց հետ բաժնել իրենց գաղտնիքները:
Այս բոլորը կը բարելաւեն ընտանիքին մթնոլորտը, քանի որ ծնողները աւելի հանգիստ կը զգան` իմանալով, որ իրենց բացակայութեան երեխաները չեն տառապիր:
Խոհագիր
Պրասով Ապուր
Բաղադրութիւն 6 անձի համար
6 գետնախնձոր
6 պրաս
30 կրամ կարագ
2 լիթր ջուր
10 սլ թարմ սեր
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Գետնախնձորները կեղուել, լուալ եւ խորանարդաձեւ կտրատել:
Պրասը նոյնպէս լուալ եւ օղակաձեւ կտրատել:
Կաթսային մէջ կարագը հալեցնել եւ պրասը աւելցնել ու քանի մը վայրկեան եփել. ապա աւելցնել գետնախնձորը, ջուրը, աղն ու պղպեղը: Խառնել եւ սպասել, որ եռայ: Եռալէն ետք կրակը թեթեւցնել եւ մօտ 50 վայրկեան եփել, մինչեւ որ թէ՛ պրասը եւ թէ՛ գետնախնձորը փափկանան:
Բանջարեղէնները հարիչէ անցընել, աւելցնել թարմ սերը, խառնել եւ մատուցել` խորոված հացի կտորներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Լաւագոյնը
Լաւագոյն ժպիտ ասուածը, անշո՛ւշտ,
Փա՛կ աչքերովն է:
Իսկ լաւագոյնը երազանքների`
Բա՛ց աչքերովը:
Լաւագոյն երգը
Բաց պատուհանից – հեռուից լսածն է:
Լաւագոյն խօսքը
Լռութեան խորքում լռին ասածն է:
Լաւագոյն ազգը այն է, երեւի,
Որ չի ունենում հսկայ կայսրութիւն:
Լաւագոյն հաւատն այն է, որ երբեք
Չի դառնում կրօն:
Լաւագոյն դիմակն այն է, անկասկա՛ծ,
Որ կոչւում է դէմք:
Լաւագոյն դերը`
Վա՛տ խաղացուածը:
Լաւագոյն սէրը`
Կիսա՜տ թողածը:
Լաւագոյն տանջուած ու տառապածը
Վարդն է (երգերո՛ւմ):
Լաւագոյն կապիկն աշխարհում (էլի՜)
Մարդն է երեւի:
Լաւագոյն մարդն էլ (ո՛չ մի երեւի)
Ներեցէք… ես եմ…
Պ. ՍԵՒԱԿ