Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Քանի Մը Տողով. Երեւանցիները Ինչպէ՞ս Պիտի Դիմաւորեն Ամանորը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնական հաղորդագրութեան մը համաձայն, Երեւանի քաղաքացիները Ամանորը պիտի դիմաւորեն աննախընթաց, հեքիաթային մթնոլորտի մը մէջ:

Երեւանցիներուն եւ Երեւան այցելող հիւրերուն պիտի հրամցուին բովանդակալից եւ բարձրաճաշակ մշակութային ձեռնարկներ:

Բացի ուշ գիշերուան համերգային ծրագրէն` ելոյթ պիտի ունենան հայ էսդրատային սիրուած երգիչներ, ինչպէս նաեւ` դերասաններ:

Երեխաներուն համար նախատեսուած է յատուկ բեմադրութիւն, որուն համար արդէն իսկ կը կարուին յատուկ զգեստներ` անուանի ոճաբան Արամ Նիկոլեանի յղացումով:

Քաղացիները հրապարակը պիտի դիմաւորեն նոր ձեւաւորումով եւ յատուկ լուսաւորումով, մասնաւորաբար` շատրուաններու հատուածը:

Կամուրջ մը հրապարակը պիտի միացնէ Երեւան 2750-ամեակի այգիին, ուր դեկտեմբեր 21-ին պիտի բացուի Ս. Ծննդեան տօնավաճառը: Նոյն օրը պիտի լուսաւորուի նաեւ հրապարակի տօնածառը: Արդէն իսկ 40 տնակ-կրպակներ կը հաստատուին վերոյիշեալ այգիին մէջ. շուտով անոնք պիտի զարդարուին ու լուսաւորուին, նոյնպէս ալ` շատրուանները:

Դեկտեմբեր 31-ի անակնկալներով լեցուն տօնական ծրագրին բացումը պիտի կատարուի Գարիկի եւ Սոնայի «Ամանոր 2020» երգով:

Աւելի ուշ ժամերու ելոյթ պիտի ունենայ այնքան սպասուած սերպ երաժիշտ Կորան Պրեկովիչը` իր երգչախումբով:

Հիւսիսային պողոտային վրայ պիտի ցուցադրուին ոճային տօնածառեր:

Յունուար 5-ին յատուկ ծրագիր նախատեսուած է երեխաներուն համար: Վերջապէս, Ամանորի ձեռնարկները կ՛եզրափակուին յունուար 13-ին:

Նշենք, որ ձեռնարկներուն համար պիտի ծախսուի 158 միլիոն դրամ:

Կաղանդի Բոյր

Որպէսզի Տունը
Կաղա՛Նդ Բուրէ…

Որքան հաճելի է, երբ գործէն ետք տուն կը մտնենք, ու տունը Կաղանդ կը բուրէ: Շուկան կը վաճառուին հազարումէկ արհեստական բոյրեր, բայց անոնցմէ ոչ մէկը կը հաւասարի տունը պատրաստուածին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք պարզ, դիւրին եւ աժան բաղադրատոմս մը, որուն բաղադրիչները բոլոր տուներէն ներս կարելի է գտնել:

Ձեզի հարկաւոր է`

– Խնձորի հիւթ
– Նարինջի կեղեւ
– Մեխակի գամ
– Կասիայի փայտիկ

Պատրաստութիւն

Պզտիկ կոթով կաթսայի մը մէջ եռացնել խնձորի հիւթը. աւելցնել նարինջի կեղեւը, մեխակի գամերը եւ կասիայի փայտիկները:

Եռալէն ետք կրակը թեթեւցնել եւ շարունակել եփը կէսէն մէկ ժամ: Այս ընթացքին խոհանոցին դուռը բաց ձգել, որպէսզի բոյրը ամբողջ տան մէջ տարածուի:

Կրակը մարել, բաղադրութիւնը թափանցիկ ամանի մը մէջ փոխադրել եւ սեղանի մը վրայ զետեղել:

Ձեռային Աշխատանք

Ֆիւրոշիքի Կամ Ծրարելու
Ճափոնական Արուեստը

Կաղանդի նուէրները արդէն գնա՞ծ էք, անոնցմէ մեծ մասը վստահաբար ծրարուած են, բայց մէկ քանին ծրարումի կը կարօտին: Եկէք` այս տարի փորձեցէք ճափոնական ֆիւրոշիքին, մանաւանդ եթէ նուէրը նախատեսուած է իգական սեռին պատկանող անձի մը:

Ֆիւրոշիքի ճափոներէն կը նշանակէ բաղնիքի ծրար-կապոց: Անցեալին ճափոնցիք բաղնիք երթալու համար իրենց մաքուր հագուստներն ու իրեղէնները կտորէ լաթի մը մէջ կը տեղաւորէին, ապա չորս ծայրերը կը հանգուցէին եւ ծրարի կը վերածէին. հոնկէ ալ ծագում առած է ծրարումի այս արուեստը:

Ստորեւ նկարները ցոյց կու տան ֆիւրոշիքի ծրարումի բացատրութիւնը. վստահաբար ձեզմէ շատեր պիտի ուզեն զայն փորձել:

Կաղանդի Կոճղը Փոխարինող
Տօնական Կարկանդակներ

Երկրին տնտեսական անբարենպաստ վիճակը մեզի կը ստիպէ հրաժարիլ որոշ պերճանքներէ եւ զանոնք փոխարինող տարբերակներու մասին մտածել:

Տօնական սեղանի անհերքելի զարդն է Կաղանդի կոճղ կարկանդակը. եթէ նախորդ տարիներուն շատ շատեր միջոցը ունէին զայն գնելու, այս տարի կրնան զայն փոխարինել տունը պատրաստուած, բոլորիս ծանօթ քաթր քարով:

Անգամ մը որ այդ պարզ, դիւրին եւ շատ համեղ կարկանդակը պատրաստ է, զայն կրնաք ծեփել սեւ կամ ճերմակ սերով եւ զարդարել` շուկան վաճառուող այլազան գունաւոր շաքարներով, աստղաձեւ կրկնեփներով, ժապաւէնով, տուրմով եւ այլն…

Վստահաբար ձեր պատրաստածը ո՛չ համով եւ ո՛չ ալ տեսքով պիտի զիջի շուկան վաճառուող սուղ տարբերակին:

Մեր Մեծերուն Անժամանցելի
Ամանորի Խօսքերը

«Նոր տարուան առիթով ցանկանում եմ, որ մեր զոհուած մարտիկների եւ կենդանի մնացածների արդար փափաքը` թշնամու ոչնչացումը արագ կատարուի:

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
1 յունուար 1942, Երեւան

***

«Ցանկանք, որ այս տարի ով բաժան է, միանայ, ով անսէր է սիրահարուի, ով հիւանդ է, առողջանայ, առողջները երջանիկ լինեն, եւ ով ինչ նուիրական իղձ ունի, կատարուի՜»:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

***

«Ինչպէս մի երգ սիրուած ու հին, շշնջում եմ անգիր, շնորհաւոր քո Նոր տարին, իմ Հայաստան երկիր, կանաչ մնաս եղեւնուդ պէս, ապրես կեանքով երկար, եւ ինչքան Նոր տարի տեսնես, դու նորանաս այնքան…»:

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Խոհագիր

Տօնական Նախուտեստ`
Պանիրով Գնդակներ

Բաղադրիչներ

– Պանիր (այծի, ֆեթա, եւ այլն…)
– Նուռի հատիկներ
– Մանրուած կաղին, նուշ, ընկոյզ…
– Շուշմայ, սեւագնդիկ
– Բարակ կանաչ սոխ, սամիթ
– Կարմիր փոշի պղպեղ
– Աղի ցպիկներ

Պատրաստութիւն

Պանիրը պզտիկ գնդակներու վերածել եւ, ըստ ճաշակի, թաթխել նուռի հատիկներու մէջ (աղի-քաղցր համ ստանալու համար), եւ կամ` թաթխել մանրուած կանաչ սոխի կամ սամիթի մէջ, կարմիր փոշի պղպեղի մէջ, մանրուած կաղինի, ընկոյզի կամ նուշի մէջ, շուշմայի կամ սեւագնդիկի մէջ… կարելիութիւնները շատ են, ձեր երեւակայութեան զարկ տալով` կրնաք ուրիշ տարբերակներ ալ գտնել:

Ընտրել ներկայանալի բաց պնակ մը, վրան շարել պանիրի գնդակները, իւրաքանչիւրին մէջ խրել աղի ցպիկ մը եւ ահա կը ստանաք տօնական մատչելի նախուտեստ մը:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Նոր Տարուայ Գիշեր

Թէ աշխարհում փակ դռներ կան,
թող որ բացուեն այս գիշեր,
Ու Նոր տարին նոր խնդութեամբ
Թող ներս մտնի այս գիշեր,
Թէ կան դատարկ, համր տներ`
մանկան ճիչով թող լցուեն,
Ով փնտռում է սրտանց մէկին`
յանկարծ գտնի այս գիշեր:
Թէ կան լացող, տխուր աչքեր,
թող ծիծաղեն այս գիշեր,
Կանչող ձեռքերն իրար հասնեն,
հրաշք ապրեն այս գիշեր:
Թէ կան սրտեր` չար նախանձով,
դառնան բարի ու ներող,
Եւ ուրիշի ուրախ կեանքով
խանդավառուեն այս գիշեր:
Թէ մոլորուած անցորդներ կան,
դարձի թող գան այս գիշեր,
Սրբագործուած սիրով մտնեն
իրենց օճախն այս գիշեր,
Թէ կան բախտի փշոտ ճամբէք,
թող ծաղկունքով կանաչեն
Ու երջանիկ սպասումով
բոլորն արբեն այս գիշեր…
Թէ աշխարհում պանդուխտներ կան,
թող տուն դառնան այս գիշեր,
Հայրենական յաւերժութեամբ
ողջագուրուեն այս գիշեր:

ՄԵՏԱՔՍԷ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>