Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հետաքրքրական է իմանալ, թէ մեր կերածները որքա՞ն ժամանակ կը մնան ստամոքսին մէջ, մինչեւ որ մարսուին:
Գաղափար մը կազմելէ ետք վստահաբար շատեր պիտի փորձեն վերատեսութեան ենթարկել իրենց կարգ մը սխալ սովորութիւնները եւ հրաժարիլ երեկոյեան կամ աւելի ուշ ժամերու մսեղէն ուտելէ, յատկապէս եթէ անոնց ընկերանան ծանր թացաններ, տապկուած գետնախնձոր եւ այլն…
եւ այսպէս`
Ջուրը ժամանակ չ՛առներ մարսուելու համար:
Ձուկը 45-60 վայրկեան կը մնայ ստամոքսին մէջ:
Հում բանջարեղէնները` 30-40 վայրկեան:
Գետնախնձորը, ընդեղէնները, հացը` մէկէն մէկուկէս ժամ:
Անշուշտ մարսողութեան գործընթացին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին տուեալ ուտելիքին պատրաստութեան եղանակը (շոգեխաշուած, տապկուած, խորոված եւ այլն…), ինչպէս նաեւ` անոնց հետ մատուցուող թացանները:
Առողջապահական
Առանձնութիւնը Կը Վնասէ
Առողջութեան
Ամերիկացի գիտնականներ ապացուցած են, որ առանձնութիւնը կրնայ սպաննել մարդը շատ աւելի արագ, քան` գիրութիւնը:
Այս տեսութիւնը ստուգելու համար փորձագէտները ուսումնասիրած են 218 հետազօտութիւն` մարդու առողջութեան վրայ առանձութեան ազդեցութեան մասին: Պարզուած է, որ առանձնութիւնը 50 տոկոսով կը բարձրացնէ մահուան հաւանականութիւնը, իսկ գիրութիւնը միայն 30 տոկոսով:
Նոյն գիտնականներուն համաձայն, առանձին մարդիկ աւելի յաճախ կը տառապին քունի խանգարումէ եւ ընճախտէ, քան` շրջապատուած մարդիկ:
Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է կառչիլ իւրաքանչիւր մարդու եւ յարաբերութիւններ կառուցել յանուն յարաբերութեան: Կարեւորը` ընդհանրապէս խուսափիլն է մեկուսացումէ եւ կապի մէջ մնալն է ընտանիքի անդամներու, հարազատներու եւ բարեկամներու հետ: Սէրը եւ ընկերութիւնը մեծ դեր կը խաղան մարդուս կեանքին մէջ:
Երբ Հիւանդանոց Կ՛այցելէք…
Հիւանդներուն, այցելուներուն եւ պաշտօնէութեան մնայուն եռուզեռը հիւանդանոցները կը դարձնեն մանրէներու իսկական բոյներու:
Հաւանաբար հիւանդանոց այցելելը անխուսափելի է բոլորիս համար, սակայն կ՛արժէ որդեգրել որոշ նախզգուշութիւններ` մանրէներէն պաշտպանուելու համար: Մանրէները առաջին հերթին մեզի կը փոխանցուին ձեռքերու միջոցով. ահա թէ ինչու բժիշկները խստօրէն կը թելադրեն, որ հիւանդանոց այցելողները յաճախ իրենց ձեռքերը հականեխեն հեղուկ օճառներով կամ հականեխուած թաց թաշկինակներով:
Այսպէս, ձեր ձեռքերը անմիջապէս հականեխեցէք, եթէ դպչիք ստորեւ նշուած իրերուն:
ա.- վերելակի կոճակներուն,
բ.- սպասման սրահի աթոռներուն, յենարաններուն:
գ.- մահճակալները իրարմէ բաժնող վարագոյրին,
դ.- մահճակալին բազրիքին,
ե.- հեռախօսին ընկալուչին,
զ.- ճաշի սպասարկման շարժական սեղանին,
է.- դուռերուն բռնակներուն,
ը.- ծորակներուն,
թ.- աղբի կողովին:
Ճերմակ Քացախի Գործածութեան
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Ճերմակ քացախը շատ հինէն ծանօթ է մարդկութեան: Քրիստոսէ 5000 տարի առաջ բաբելոնացիները զայն կը գործածէին որպէս մաքրութեան միջոց: Մեր օրերուն ճերմակ քացախը կ՛օգտագործուի կերակուրներու պատրաստութեան մէջ, բայց նաեւ որպէս հականեխիչ մաքրութեան միջոց:
Եկէք` այսօր ծանօթանանք ճերմակ քացախի օգտագործման հետաքրքրական տարբերակներու:
– Ճերմակ քացախի միջոցով կարելի է մաքրել բոլոր տեսակի կպչուն սթիքըրները եւ շիշերու վրայի պիտակները:
– Ջուրի հետ լուծած ճերմակ քացախ սրսկելով կահոյքին վրայ` կարելի է կատուները հեռու պահել, քանի որ անոնք չեն ախորժիր քացախի հոտէն: Այպիսով, կահոյքը կը փրկուի կատուին ճանկերէն:
– Ծաղկամանին մէջ 2 ապուրի դգալ շաքար, լուծել, ապա 2 ապուրի դգալ ճերմակ քացախ աւելցնել եւ ծաղիկնեը տեղաւորել: Այսպիսով, ձեր ծաղկեփունջը աւելի երկար կ՛ապրի:
– Կէս առ կէս համեմատութեամբ ջուր եւ քացախ խառնել, ապա մաքուր լաթ մը թրջել, քամել եւ մաքրել համակարգիչը, բջիջայինը, պատկերասփիւռը, հեռաձայնի ընկալուչը եւ այլն…
– Ճերմակ քացախով շատ լաւ կը մաքրուին տան ապակիները, ինչպէս նաեւ սթորները:
– Աղով եւ ճերմակ քացախով կարելի է մաքրել գորգին վրայի բոլոր տեսակի արատները:
– Ճերմակ քացախը կը մաքրէ, կը սպիտակեցնէ եւ կը փափկացնէ ձեր լուացքը: Զայն կրնաք օգտագործել բոլոր տեսակի լուացքի մեքենաներուն պարագային:
– Ճերմակ քացախը թէ՛ կը հականեխէ եւ թէ՛ կը փայլեցնէ փայտեայ յատակները (փարքէ): Կէս թոյլ ջուրին սուրճի գաւաթ մը ճերմակ քացախը հրաշք կը գործէ:
– Ջուրի մէջ լուծուած ճերմակ քացախով կարելի է լուալ եւ հականեխել պտուղները, բանջարեղէններն ու կանաչեղէնները:
Քանի Մը Տողով
«Քալող Մարդը» Քանդակը`
Հիւսիսային Պողոտայի Վրայ
Հիւսիսային պողոտայի` Աբովեան փողոցին յարող տարածքին վրայ պիտի տեղադրուի անուանի քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեանի հեղինակած «Քալող մարդը» քանդակը:
Չաքմաքչեանի ստեղծագործութիւնները տեղադրուած են աշխարհի տարբեր քաղաքներու հրապարակներուն եւ թանգարաններուն մէջ, մինչդեռ քանդակագործը միշտ երազած է իր ստեղծագործներէն մէկը տեսնել Երեւանի մէջ:
Նշենք, որ Արտօ Չաքմաքչեան ծնած է Գահիրէ, 1933-ին, 1948-ին ընտանեօք Հայաստան ներգաղթած են, իսկ 1975-ին հաստատուած են Մոնրէալ, ուր մահացաւ անցեալ հոկտեմբեր 1-ին, 86 տարեկանին:
Խոհագիր
Բրինձով Եւ Պրասով Ապուր
Բաղադրիչներ
60 կրամ բրինձ
3 ցօղուն պրաս
3 կաղամբի տերեւ
2 ստեպղին
2 լիթր մսաջուր
2 ապուրի դգալ բուսական իւղ
1 գաւաթ հեղուկ կաթ
50 կրամ տաշուած կրիւյեր պանիր
1 կտոր խաշած հաւու կուրծք
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Բոլոր բանջարեղէնները լուալ եւ մանրել:
Կաթսային մէջ տաքցնել իւղը եւ մանրուած բանջարեղէնները 5 վայրկեան դարձնել իւղին մէջ:
Աւելցնել մսաջուրը եւ ձգել որ 20 վայրկեան եռայ թեթեւ կրակի վրայ: Ապա խառնուրդը հարիչէ անցընել եւ կրկին կաթսային մէջ փոխադրել` աւելցնելով աղը, սեւ պղպեղը, լուացուած բրինձը, կտրտուած հաւու միսը եւ շարունակել եփել շուրջ 40 վայրկեան:
Եփի աւարտին աւելցնել կաթը եւ խառնել: Ապուրը բաժնել փոս ամաններու մէջ, երեսը զարդարել տաշուած պանիրով եւ մատուցել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Պատուտակը Եւ Վազը
Պատուտակն ասաց
Առատ բերքի տակ կորացած վազին.
– Այնպէ՜ս խղճում եմ քեզ պէս նուազին:
Խելքդ տուել ես անուշ խաղողին,
Բեռի տակ կքել, ու կպել հողին:
Եւ ո՞վ է, ասա՛, հարկադրել քեզ,
Որ այդքան ծանր մի սեռ շալակես:
Իմ օրինակով փաթաթուիր ծառին,
Վերեւ բարձրացիր,
Զարմանք պատճառիր ամբողջ աշխարհին:
Ուրիշին յենուած` արագ բոյ քաշիր…
Վազը բարկացաւ.- Կոկորդ մի՛ մաշիր:
Ճիշդ է, ես կարճ եմ ու կպած հողին,
Նա՛ է քաղցութիւն տալիս խաղողին.
Երկինք է հասել կանաչ կատարդ,
Բայց ո՞ւր է, ասա, քո տուած բարը…
Ո՛վ ուրիշների հաշուին զօրանայ,
Իմացած լինես` շուտ կը չորանայ…
ԱՐՇԱՒԻՐ ԴԱՐԲՆԻ
Այսօր` 16 յունուարին (1910) հայ մեծ առակագիր Արշաւիր Դարբնիի ծննդեան օրն է: