Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Նախ շեշտենք, որ որեւէ դժուարութեան դիմաց անհանգստութիւնը բացասական զգացում չէ: Բնական է, երբ կ՛անհանգստանանք որեւէ բանի համար, եւ ատիկա կրնայ դրականօրէն ազդել մեր զարգացման վրայ:
Նոյն տրամաբանութեամբ, բնական է եւ պէտք է որ երեխան անհանգստանայ, երբ ժամանակին չ՛աւարտեր իր տնային աշխատանքները, երբ կը ստանայ ձախող նիշեր եւ այլն… Ասիկա կրնայ խթանել զինք` բարեփոխելու համար իր ուսումնական վիճակը:
Անհանգստութիւնը վտանգաւոր կը դառնայ, երբ անիկա կը սկսի բացասականօրէն ազդել երեխային ամէնօրեայ տրամադրութեան, վարքին վրայ:
Անհանգստութիւն Պատճառող Իրավիճակներ
Եկէք` ծանօթանանք երեխային մէջ անհանգստութեան զգացում յառաջացնող իրավիճակներուն:
– Հասարակութեան մէջ ներգրաւուելու դժուարութիւններ,
– Ծանրաբեռնուած ուսումնական տարի,
– Ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւն,
– Կեանքին մէջ էական փոփոխութիւններ` դպրոցի փոփոխութիւն, երկրի փոփոխութիւն, ծնողքի ամուսնալուծում,
– Հարազատի կորուստ:
Վերոյիշեալ բոլոր իրավիճակները կրնան եւ պէտք է երեխային մէջ անհանգստութիւն յառաջացնեն, սակայն պէտք չէ որ օրերով մտատանջուի: Այնպէս որ, ծնողները պէտք է ուսումնասիրեն իրենց զաւկին վարքը` ընկճախտի յառաջացումը կանխելու նպատակով:
Ուշադի՛ր Եղէք, Եթէ.
Երեխային մօտ վարքագիծի բացասական փոփոխութիւն եւ տրամադրութեան անկում կը նկատէք,
Երեխան ախորժակ չունի,
Երեխային քունը խանգարուած է,
Երեխան աշխուժ, կայտառ չէ,
Երեխան առանց պատճառի տխուր է եւ յաճախ կու լայ,
Երեխան չի կեդրոնանար,
Երեխան յաճախ սրտխառնուք, թուլութիւն եւ մկանային ցաւ ունի,
Երեխան բացասական վերաբերմունք ունի շրջապատին եւ դպրոցին նկատմամբ:
Ինչպէ՞ս Օգնել Երեխային
1.- Խօսեցէ՛ք երեխային հետ, հարցումներ ուղղեցէք. հարցումներ, որոնք չսահմանափակուին միայն «այո» կամ «ոչ» պատասխաններով: Ուշադիր մտիկ ըրէք եւ փորձեցէք հասկնալ, թէ ի՛նչ բանէ վրդոված է, ո՞րն է անոր մտահոգութեան պատճառը:
2.- Օրինակներ բերէք: Բացատրեցէք, որ դուք ալ երբեմն կ՛անհանգստանաք, բայց կը փորձէք ելքեր գտնել: Դուք ձեզ պաղարիւն եւ հանգիստ ձեւացուցէք, երբ ձեր երեխան անհանգիստ վիճակի մէջ է: Ուշադի՛ր. պաղարիւնութիւնը անտարբերութիւն չի նշանակեր:
3.- Հետեւողական եղէք: Այս աշխարհին մէջ, ուր ամէն բան կրնայ անկանխատեսելի եւ յանկարծակի ըլլալ, անհրաժեշտ է հետեւողականութիւն ցուցաբերել ամէնուր` քնանալու, խաղալու, ուտելու, սորվելու եւ հանգստանալու ժամերուն: Ձեր հետեւողականութիւնն ու սիրոյ արտայայտութիւնը կայունութեան եւ ապահովութեան զգացում կը ստեղծեն երեխային մօտ:
4.- Մարզեցէք ձեր երեխան` հանգստացնող վարժութիւններով: Երբ ան անհանգիստ է, վարժեցուցէք, որ խոր շունչ քաշէ, մտքէն մինչեւ ութ հաշուէ եւ արտաշնչէ: Այսպիսի մարզանքներ միասին կատարեցէք:
5.- Խօսեցէք բժիշկին հետ: Երբ տեսնէք, որ երեխային մօտ վիճակի որեւէ բարեփոխում չկայ, եւ ան կը շարունակէ մնալ ջղային, անտրամադիր, քնկոտ, թոյլ եւ լուռ, առանց ժամանակ կորսնցնելու` դիմեցէք մանկաբուժին խորհուրդին եւ ցուցմունքներուն:
Առողջապահական
Օրական Կէս Ժամ Քալելու
Բարիքները
Ստորեւ կը ներկայացնենք օրական կէս ժամ քալելու բարիքները: Կ՛արժէ մտածել…
1.- Կը պակսեցնէ սրտի տագնապի հաւանականութիւնը:
2.- Կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը:
3.- Կ՛օգնէ բարեկազմութեան:
4.- Կը թեթեւցնէ ընկճախտը:
5.- Կը կազդուրէ:
6.- Կը կանխարգիլէ սոնքութիւնը:
7.- Կը թեթեւցնէ անձկութիւնը:
8.- Կ՛ապահովէ թոքերու լաւ գործունէութիւնը:
9.- Կ՛օգնէ, որպէսզի Տէ. կենսանիւթը մարմնէն ներս թափանցէ:
10.- Կը պակսեցնէ կարգ մը քաղցկեղներու հաւանականութիւնը:
11.- Կը բարելաւէ քունը:
12.- Կը նուազեցնէ շաքարախտի հաւանականութիւնը:
13.- Կը խթանէ ստեղծագործ միտքը:
14.- Կը զօրացնէ ոսկորներն ու մկանները:
15.- Կը բարելաւէ արեան գերճնշումը:
16.- Կը բարելաւէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
17.- Կը բարելաւէ մարմնին հաւասարակշռութիւնը:
Քալելը Հաճոյք Է
Մենք կրնանք քալել առանձին, ընտանեօք կամ բարեկամներով: Քալելով` կրնանք յայտնաբերել նոր թաղեր, փողոցներ, հանրային պարտէզներ, ծովափներ եւ այլն…
Մաքուր օդին քալելով, թարմ թթուածին շնչելով` կը սնուցանենք մեր ուղեղը եւ կը թարմացնենք մեր միտքը:
Առաւօտեան քալելու պարագային, օրը կը սկսինք բարձր տրամադրութեամբ եւ լաւատեսութեամբ:
Ճիշդ Քայլեր
Մասնագէտներու կարծիքով, շատեր սխալ կը քալեն. անոնք անտեղի կը պրկեն ու կը յոգնեցնեն իրենց ոտքի եւ կոնքի մկանները եւ կը վնասեն ողնաշարին:
Կրունկին վրայ յենելով քայլ նետելը շատ տարածուած, սակայն սխալ ձեւ է: Ճիշդ ձեւը ոտնաթաթի առաջամասին վրայ յենելով քալելն է: Այս ձեւը որդեգրելու համար քանի մը օր պէտք է մարզուիլ, որմէ ետք քալելը հաճոյքի պիտի վերածուի եւ պիտի զօրանան սրունքի, զիստի եւ կոնքի մկանները:
Գեղեցկագիտական
Տարիք Ցոյց Չտուող Դիմակներ
Տարիքի հետ մորթը կը կորսնցնէ իր առաձգականութիւնը, կը կնճռոտի եւ մութ գոյնի բիծեր կը յայտնուին: Սովորաբար այս անպատեհութիւններուն առաջքը առնելու համար մենք կը դիմենք գեղեցկագիտական սերերու կամ վիրահատութիւններու, սակայն այս միջոցները միշտ ալ արդիւնաւէտ չեն եւ բաւական սուղ կ՛արժեն:
Մորթային հարցերը լուծելու համար կան նաեւ բնական խնամքի միջոցներ, որոնք շատ աւելի հասանելի են եւ վնասակար բաղադրիչներ չեն պարունակեր եւ բնականաբար կողմնակի բարդութիւններ չեն պատճառեր:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հակատարիքային ազդեցութեամբ օժտուած երեք դիմակի բաղադրատոմսեր, որոնք կ՛օգնեն ձերբազատիլ կնճիռներէն, մութ գոյնի արատներէն եւ աչքերուն տակ յառաջացած «պատկեր»-էն: Այս դիմակներուն հիմնական բաղադրիչը գետնախնձորն է, որուն վրայ կ՛աւելնան սոխը, մեղրը եւ վարունգը:
Ա.- Հում Գետնախնձորով Ու Վարունգով Դիմակ
Այս թարմացնող ու երիտասարդացնող դիմակը պատրաստելու համար անհրաժեշտ է մէկ գետնախնձոր եւ կէս վարունգ քերոցէ անցընել, ստացուած խառնուրդը քսել մորթին, ձգել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել պաղ ջուրով: Վարունգը հարուստ է կենսանիւթերով, ջուրով եւ այլ օգտակար տարրերով. ան կը խոնաւցնէ ու կը սնուցանէ մորթը` զայն դարձնելով աւելի նուրբ եւ առաձգական:
Բ.- Հում Գետնախնձորով Ու Սոխով Դիմակ
Այս դիմակը հարուստ է ծծումբով. անհրաժեշտ է մէկ հում գետնախնձոր եւ կէս սոխ քերոցէ կամ հարիչէ անցընել եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքն ու վիզը: Սպասել քառորդ ժամ եւ ապա ցօղուել պաղ ջուրով: Այս դիմակը մորթը կը ձերբազատէ մութ արատներէն եւ բշտիկներէն:
Գ.- Հում Գետնախնձորով Եւ Մեղրով Դիմակ
Մեղրի եւ գետնախնձորի համադրութիւնը ոչ միայն կը բանայ մորթին գոյնը, այլ նաեւ կը մաքրէ ընդլայնած ծակտիկները եւ կը ձերբազատէ մեռած բջիջներէն: Այսպէս, հարիչէ անցած գետնախնձորին աւելցնել 3 թէյի դգալ մեղր եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքը եւ աչքերուն տակի «տոպրակ»-ները: Սպասել առնուազն 25 վայրկեան, ապա ցօղուել առատ ջուրով:
Խոհագիր
Չոր Լոլիկով Փեսթօ Սոս
Բաղադրութիւն
1/2 գաւաթ ընկոյզ կամ սնոպար կամ քաժօ (նախընտրաբար` խարկուած)
1 գաւաթ արեւի տակ չորցուած լոլիկ
3 պճեղ սխտոր
3/4 գաւաթ տաշուած փարմըզան պանիր
1/2 թէյի դգալ քոշըր աղ
1/4 թէյի դգալ սեւ համեմ
1/4 թէյի դգալ կարմիր, կծու փոշի պղպեղ
1/2 գաւաթ որակաւոր ձէթ
Թարմ ռեհանի 10 տերեւ
Պատրաստութիւն
Եթէ լոլիկները ձէթի մէջ չեն, այլ բոլորովին չոր վիճակով, զանոնք 20 վայրկեան թրջել գաղջ ջուրի մէջ, ապա` քամոցէ անցընել:
Հարիչին մէջ դնել բոլոր բաղադրիչները` բացի ձէթէն ու պանիրէն եւ հարել այնքան մը, որ ջրոտ խիւսի չվերածուի: Հարելու ընթացքին քիչ-քիչ աւելցնել ձէթը:
Բաղադրութիւնը փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ, աւելցնել փարմըզան պանիրը եւ խառնել:
Ստացուած խիւսը փոխադրել կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշի մը մէջ եւ սառնարանը պահել: Սառնարանին մէջ անիկա կը դիմանայ շուրջ մէկ շաբաթ, իսկ սառցարանը` 3 ամիս:
Այս թացանով կարելի է ծեփել պրուսքեթթաները, սենտուիչները, բայց նաեւ` օգտագործել փիցաներու, դդմաճներու պատրաստութեան մէջ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Երջանիկ Բանաստեղծը
Բանաստեղծ եմ երջանիկ –
– Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ
Զիս կ՛ընդունին գրկաբաց
Ժպիտներուն ամէնէն քաղցրն իրենց դէմքին վրայ կը շողայ –
Երջանկութիւնն այս է կ՛ըսեմ ես ինծի –
– Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ
Կռնակի վրայ կը բացուի
Ասպպնջական երգ մը կ՛իջնէ հոգիիս մէջ մեղրի պէս –
Ամէն մէկ դուռ մտերմօրէն կը բացուի
Ամէնէն տաք բարեւներով կ՛արծարծի հուրը սրտիս
Ու կը մոռնամ ինչու եկայ – ինչու այս դուռը զարկի
Երջանկութիւնն այս է կ՛ըսեմ համոզուած
Բանաստեղծ եմ երջանիկ –
Եւ այս գիշեր երբ բոլորուիք դուք սեղանին շուրջ ճաշի
Երբ առօրեայ ձեր հոգերէն ձերբազատ
Մանրէք շերտը թարմ հացին –
Սպաս մըն ալ ինծի դրէք մէկ անկիւնը սեղանին
ԶԱՀՐԱՏ