Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Օգոստոս 4-ի աղէտը ապրած երեխաները տակաւին ծանր հոգեխոցի (trauma) մէջ են եւ բնականաբար կարիքը ունին յատուկ ուշադրութեան, վերաբերմունքի եւ գուրգուրանքի:
Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք հոգեբաններու օգտակար թելադրանքներ` ուղղուած բոլոր այն ծնողներուն, որոնց զաւակները ապրեցան, լսեցին կամ լրատուամիջոցներէն ականատես եղան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ու ծանր կը տանին անոր հետեւանքները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 հիմնական թելադրանքներ:
– 1 –
Ձեր երեխան հանգստացնելու նպատակով մի՛ ստէք, ճշմարտութիւնը պատմեցէ՛ք: Ըսէք, որ պայթում տեղի ունեցաւ, մարդիկ զոհուեցան, շատեր վիրաւորուեցան, տուներ ու խանութներ քանդուեցան:
Անխուսափելի է, ձեր երեխան կա՛մ մեծերու խօսակցութենէն, կա՛մ հեռատեսիլէն կա՛մ ալ ընկերներէն պիտի իմանայ պայթումին մասին: Աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ, որ ան ձեզմէ լսէ ճշմարտութիւնը` առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու:
– 2 –
Առիթ տուէ՛ք ձեր երեխային, որպէսզի խօսի, պատմէ իր տեսածին, լսածին կամ զգացածին մասին:
Երեխան հանգստացնելու միտումով մի՛ ձեւացնէք, որ պատահածը ոչինչ էր: Մի՛ ըսէք` «Բան մը չէր, մոռցի՛ր» կամ «Մեզմէ հեռու էր, մի՛ վախնար, նորէն պիտի չպատահի», կամ` «Ամօ՛թ է, մի՛ լար, դուն մեծ ես»:
Նոյնիսկ դուք մի՛ պահէք ձեր արցունքները, երեխային բացատրեցէ՛ք, որ լալը ամօթ չէ, ընդհակառակը` շատ բնական երեւոյթ է, երբ վախցած ենք կամ յուզուած:
– 3 –
Նաւահանգիստի աղէտին յաջորդող շաբաթներուն երեխան աւելի մեծ կախուածութիւն պիտի ցուցաբերէ ծնողներէն: Կորուստի կամ բաժանումի վախը ժամանակի կը կարօտի փարատելու համար:
Մի՛շտ ձեր զաւկին կողքին եղէ՛ք, վստահեցուցէք, որ առանձին չէ, դուք պատրաստ էք իրեն օգնելու եւ պաշտպանելու: Միայն ձեր հանգստացնող խօսքերուն ճամբով է, որ քիչ-քիչ անոր մօտ պիտի վերականգնի անվտանգութեան զգացումը:
– 4 –
Պայթումը վերապրած երեխաները տարբեր ձեւերով կը դրսեւորեն իրենց ապրումներն ու զգացումները: Այսպէս, ոմանք «շատախօս» կամ «անհանդարտ» կը դառնան, մինչ ուրիշներ ընդհակառակը` ամբողջովին կը լռեն եւ մինչեւ իսկ չեն համարձակիր տան մէջ շրջագայիլ: Շատեր կը կորսնցնեն իրենց ինքնավստահութիւնը, ախորժակը կամ քունը: Ոմանք իրենց տակը կը թրջեն, ոմանք ալ կակազելու կը սկսին…
Աչալուրջ հետեւեցէ՛ք ձեր երեխային խօսքերուն, շարժումներուն: Լռող երեխային առիթ տուէք, որ իր ներաշխարհը բացայայտէ գծագրութեան ճամբով. անոր թուղթ, գունաւոր մատիտներ կամ կաւ տուէ՛ք, որպէսզի դուրս հանէ ներսը կուտակուած լարուածութիւնն ու յուզումը: Երբեմն գծագրութիւնները շատ աւելի պերճախօս են, քան սովորական բառերը:
– 5 –
Վերջապէս շատ կարեւոր է, որ կամաց-կամաց երեխան վերադառնայ «ռութին»-ին, առօրեայ սովորութիւններուն:
Բացի ծնողներուն գուրգուրոտ ու հոգատար վերաբերմունքէն, երեխան պէտք է զգայ, որ կեանքը կը շարունակուի: Ճաշի, խաղի, քունի ժամերը պէտք է վերականգնին: Եթէ կարելի է բացօթեայ պտոյտներ եւ ինչու չէ մէկ-երկու ընկերոջ հետ հանդիպումներ կազմակերպեցէ՛ք:
Եթէ իբրեւ ծնողի դուք ձեր կարգին հոգեխոց կ՛ապրիք եւ ի վիճակի չէք աջակցելու ձեր երեխային, անյապաղ դիմեցէ՛ք մասնագէտի մը օգնութեան:
Այլազան
Հոտառութեան Կորուստը
Գիտնականներ պարզած են, որ երբ ոմանց մօտ ուտելիքը արդէն ախորժաբեր չի բուրեր եւ օծանելիքին բոյրը զզուելի է, այս ազդանշանները կը վկայեն լուրջ հիւանդութիւններու զարգացման մասին:
Գիտնականներուն կարծիքով, հոտերը ճանչնալու եւ զանազանելու յատկութիւնը կորսնցուցած մարդիկ յաջորդ 5 տարիներուն 6 անգամ աւելի յաճախ մահացած են:
Հոտառութեան խանգարումը ինքնին մահուան սպառնալիքը չ՛աւելցներ, սակայն անիկա կը վկայէ լուրջ հիւանդութիւններու մասին: Երբ մարդ չի ճանչնար վարդին, ձուկին, կաշիին, նարինջին, մանանեխին հոտերը, մտահոգուելու լուրջ առիթ է:
Հոս կարեւորութեամբ նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի ախտանշաններէն մէկն ալ հոտառութեան կորուստն է:
Ընկերութիւնը Կ՛օգնէ
Մեր Առողջութեան
Ընկերները մեծ դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ: Ընկերութիւնը կը բարելաւէ մարդոց ո՛չ միայն հոգեբանական, այլեւ ֆիզիքական առողջութիւնը:
Այսպէս, ամերիկացի գիտնականներ փաստած են, որ այն մարդիկը, որոնք յաճախ ընկերական յարաբերութիւններ կը մշակեն իրենց շրջապատին հետ, աւելի երջանիկ են եւ հոգեպէս աւելի հանգիստ ու հաւասարակշռուած, քան անոնք, որոնք ընկերներ չունին կամ քիչ ունին:
Հետազօտութիւններու արդիւնքը հաստատած է, որ ընկերութիւնը`
– Կը կանխարգիլէ սիրտի զարկերու խանգարումը:
– Կը կարգաւորէ արեան ճնշումը:
– Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը:
– Կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը:
– Կը նպաստէ բարձր տրամադրութիւն պատճառող հորմոններու արտադրութեան:
Գիտէի՞ք, որ 2011-ին ՄԱԿ-ը յուլիս 30-ը հռչակած է Ընկերութեան միջազգային օր:
Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին
Արագ աչք մը նետեցէ՛ք նկարին եւ առանց երկար կեդրոնանալու ըսէ՛ք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Արդիւնքը կը բացայայտէ սիրելի անձին հետ ձեր յարաբերութիւններու բնոյթը:
– Եթէ առաջին հերթին ՀԱՄԲՈՅՐ տեսաք` ջերմ զգացումներու, սիրոյ եւ կիրքի խորհրդանիշ է:
Համբոյրը նաեւ խորհրդանիշ է խաղաղութեան եւ ընտանեկան բարեկեցութեան: Ձեզի համար ընտանիքը, սէրն ու համերաշխութիւնը առաջնահերթ են:
***
– Եթէ առաջին հերթին ԼԱԹԱԿԱԼ տեսաք` միասնականութեան եւ սիրոյ խորհրդանիշ է: Դուք ձեր երկրորդ կէսին հետ կարծէք մէկ անձ ըլլաք: Ձեզի համար ամէնէն կարեւորը փոխըմբռնումը, յարգանքը եւ փոխադարձ զգացումներն են:
***
– Եթէ առաջին հերթին ԵՐԿՈՒ ՄԱՐԴ տեսաք` նրբութեան, սիրոյ եւ հաւատարմութեան խորհրդանիշ է: Ձեր կեանքի ամէնէն երջանիկ պահերը, սէրն ու երջանկութիւնը սերտօրէն կապուած են ձեզի սիրելի անձին հետ:
Աղի Գործածութեան
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Ժամանակին աղը շատ թանկարժէք նիւթ նկատուած է:
Այսօր անիկա մեր խոհանոցին անբաժան մէկ մասը կը կազմէ, եւ ոչ մէկ տանտիկին կամ խոհարար կը հրաժարի անկէ: Չմոռնանք սակայն, թէ մեր օրերուն աղը, ինչպէս նաեւ շաքարը «սպիտակ մահ» անուանումին արժանացած են:
Բացի կերակուրները համեմելէ, աղը կարելի է հետաքրքրական տարբերակներով օգտագործել մեր առօրեայ կեանքին մէջ. ստորեւ` հետաքրքրական օրինակներ:
– Տան եւ ինքնաշարժի ապակիները մաքրելու համար: Մոռցէ՛ք շուկայի սուղ դեղերը, 3 լիթր գաղջ ջուրի մէջ լուծեցէ՛ք 2 ապուրի դգալ աղ եւ լծուեցէ՛ք գործի:
– Հագուստները գունաթափումէ պաշտպանելու համար, լուացքի մեքենային մէջ 2 ապուրի դգալ աղ աւելցուցէ՛ք: (Այս միջոցին դիմեցէ՛ք պարբերաբար):
– Ակռայի ցաւի եւ լինտերու բորբոքումի պարագային գաւաթ մը գաղջ ջուրի մէջ թէյի դգալ մը աղ լուծեցէ՛ք եւ անով ողողեցէ՛ք ձեր բերանը:
– Ոտքերու քրտնարտադրութիւնը եւ տհաճ հոտը չէզոքացնելու համար ոտքի լոգանքներ ըրէք: 8 լիթր գաղջ ջուրի մէջ 8 ապուրի դգալ աղ լուծեցէ՛ք եւ ձեր ոտքերը ջուրին մէջ պահեցէ՛ք շուրջ 15 վայրկեան:
– Եթէ ջեռոցին մէջ ձուկի տհաճ հոտ մնացած է, աղով եւ կասիայով խառնուրդ մը պատրաստեցէ՛ք. ջեռոցը վառեցէ՛ք եւ խառնուրդը մէջը դրէ՛ք: 5 վայրկեան ետք անախորժ հոտը կը չքանայ:
– Արծաթեայ եւ պղնձեայ իրեր մաքրելու համար կէս գաւաթ քացախի մէջ 2 ապուրի դգալ աղ աւելցուցէ՛ք եւ այս խառնուրդով շփեցէ՛ք իրերը, մինչեւ որ փայլին:
– Խոհանոցի լուացարանին խցուած խողովակը մաքրելու համար ծակին մէջ աղ լեցուցէ՛ք եւ վրան եռացած ջուր թափեցէ՛ք:
– Կօշիկներուն մէջէն խոնաւութեան տհաճ հոտը չէզոքացնելու համար, աղով լեցուն ծրարիկներ զետեղեցէ՛ք անոնց մէջ եւ ձգեցէ՛ք ամբողջ գիշեր մը:
– Տապակին այրած յատակը մաքրելու համար, զայն աղով ծածկեցէ՛ք, սպասեցէ՛ք 2 – 3 ժամ, որմէ ետք լուալն ու մաքրելը շատ դիւրին պիտի ըլլայ:
– Հագուստներուն վրայէն գինիի արատները մաքրելու համար, անոնց վրայ աղ ցանեցէ՛ք, քանի մը վայրկեան սպասեցէ՛ք, ապա ցօղուեցէ՛ք` նախքան լուացքի մեքենային մէջ լուալը:
– Ձեռքերուն վրայէն սոխի, ձուկի անախորժ հոտերը չքացնելու համար, զանոնք քանի մը վայրկեան շփեցէ՛ք քացախով եւ աղով:
– Արդուկին կպչուն յատակը մաքրելու համար թուղթի մը վրայ աղ ցանեցէ՛ք, ապա շոգիով բանող տաք արդուկը ուղղահայեաց եւ հորիզոնական շարժումներով պտտցուցէ՛ք թուղթին վրայ:
Խոհագիր
Լաւաշով Ուտեստ
Բաղադրիչներ
– 1 լաւաշ
– 300 կր սունկ
– 1 գլուխ սոխ
– 1 ստեպղին
– Բուսական ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Ստեպղինը լուալ, կեղուել եւ քերոցէ անցընել եւ բուսական ձէթին մէջ 2-3 վայրկեան դարձնել:
Սոխը մանրել եւ աւելցնել ստեպղինին վրայ ու շարունակել եփել:
Վերջապէս մանր կտրտել թարմ սունկը, աւելցնել մնացեալ բանջարեղէններուն վրայ եւ շարունակել տապկել:
Լաւաշը փռել, վրան տարածել պաղած միջուկը եւ գլանաձեւ փաթթել: Ստացուած գլանաձեւ հացը կերպընկալ թուղթի մէջ փաթթել եւ 20 վայրկեան սառնարանը պահել:
Մատուցելու ժամանակ սառնարանէն հանել ու շերտել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կայ հին մարագը եւ խոտի դէզը,
Կալատեղն էլ կայ, բայց չկայ եզը:
Եզը ի՞նչ աներ, անցել է դարը,
Դէ եզ է, էլի, գլուխը քարը…
Տրակտորի տուած բարիքը ծով է,
Ատոմի դարում եզ պահողն ո՞վ է:
Արօրի բախտը բերեց այս անգամ,
Եկան քաղաքից, տարան թանգարան:
– Էքսպոնատ է արօրը,- ասին,-
Պիտի իմանայ աշխարհն էդ մասին:
– Բա ե՞զն,- հարցրին,- ի՞նչ անի անգործ:
– Եզան համար էլ կայ սպանդանոց:
Եզը խեղճ եզ էր, դէ ո՞ւմ բողոքէր,
Վճիռը անբեկ ու անողոք էր:
Տարան մորթելու, ու չբառաչեց,
Տարան քերթելու, ու չհառաչեց.
Ականջում արտի շրշիւն-շորորն էր,
Հոգում մաճկալի հո՜-հորովելն էր:
Հեռւում մարագն էր ու խոտի դէզը…
Եւ ոչ ոք չասաց. «Ափսո՜ս է եզը»:
ՎԱԶԳԷՆ ՕՎԵԱՆ