Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Նայեցէ՛ք ստորեւ տրուած նկարին եւ ըսէ՛ք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը կը պատմէ ձեր մասին:
Գիշերային Քաղաք
Եթէ առաջին հերթին գիշերային քաղաք տեսաք, դուք հարուստ ներաշխարհով վիպապաշտ եւ խորհրդաւոր անձ մըն էք: Կը սիրէք արկածախնդրութիւնը , փոփոխութիւնը եւ նորութիւնները: Ձեր ոչ դասական արտաքին տեսքով եւ հանգուստի իւրայատուկ ոճով կը գրաւէք շրջապատի մարդոց ուշադրութիւնը: Անձնական կեանքի մէջ դուք յաճախ կը փոխէք ձեր զուգընկերները, բայց երբ կը հանդիպիք իսկական սիրոյ, պատրաստ էք հաստատուելու, կայուն կեանք ապրելու եւ ամբողջովին նուիրուելու ձեր ընտանիքին ու զաւակներուն:
Գիծեր
Եթէ առաջին հերթին ուղղահայեաց գիծեր տեսաք, դուք հոգեպէս ընկճուած էք, իսկ ձեր յուզական աշխարհը` տակնուվրայ: Ձեր մօտ յաճախակի են տրամադրութեան փոփոխութիւնները, նաեւ փոփոխամիտ էք ու դուք ձեզ հակասող:
Լամբեր
Եթէ առաջին հերթին լամբեր տեսաք, դուք նոր գիտելիքներու ծարաւ ունիք: Դուք չէք բաւարարուիր ձեր ձեռքբերումներով եւ միշտ կը ձգտիք աւելիին ու կատարեալին: Օժտուած էք գերազանց յիշողութեամբ եւ հաստատակամութեամբ: Յաջողութիւն կը գտնէք գիտական եւ հետազօտական գործունէութեան մէջ:
Քանի Մը Տողով
Առանձին Խօսիլը
Կ՛աշխուժացնէ Յիշողութիւնը
Վիսքոնսընի գիտնականներուն կարծիքով, առանձին խօսիլը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
Այսպէս, երբ բան մը կորսնցուցած էք եւ կը փնտռէք, առարկային անունը տալով եւ բարձրաձայն ինքնիրեն խօսելով` աւելի դիւրին կը գտնէք կորսուածը, քան` լուռ ու մունջ փնտռելով:
Գիտնականներուն կարծիքով, լեզուն, խօսակցութիւնը կ՛օգնեն ուղեղին, որպէսզի աւելի լաւ «տեսնէ» ու ճանչնայ զինք շրջապատող իրերը:
Խումբով Երգելը Կ՛երջանկացնէ
Բրիտանական ուսումնասիրութիւն մը ապացուցած է, որ խումբով երգելը կ՛օգնէ անձկութենէ եւ ընկճախտէ տառապող անձերուն:
Բրիտանացի գիտնականներուն կարծիքով, խումբով երգելը, երգչախումբի մը մաս կազմելը, քարաօքէները կ՛երջանկացնեն խնդրոյ առարկայ անձերը, յատկապէս` հոգեբանական հարցեր ունեցողները:
Գիտնականները այս եզրակացութեան յանգած են` ի միջի այլոց գործակցելով «Սինկ եուր հարթ աութ» ծրագիրի կազմակերպիչներուն հետ, որոնք շաբաթական դրութեամբ խմբերգներ կը կազմակերպեն: Խմբերգներուն կրնան մասնակցիլ բոլորը` առանց նկատի առնելու անոնց ձայնային կարողութիւնները կամ հոգեվիճակները:
Ծուլութիւնը Վարակիչ Է
Աւստրալիական ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ ծուլութիւնը վարակիչ է, եւ որ` երբ աշխատանքի վայրը մէկ ծոյլ պաշտօնեայ կայ, ատիկա բաւարար է, որ վարակէ մնացեալները, եւ այսպիսով գործը կը տուժէ:
Սիտնիի համալսարանի հետազօտողներ փորձեր կատարած են 158 համալսարանականներու վրայ` զանոնք խումբերու բաժնելով եւ իւրաքանչիւր խումբին որոշ ձեւի աշխատանք մը վստահելով: Փորձերը ցոյց տուած են, որ այն խումբերը, որոնց մէջ ծոյլ կամ անձնասէր ուսանող մը գտնուած է, անոր ընթացքը ազդած է մնացեալներուն աշխատաձեւին վրայ, եւ արդիւնքը յստակօրէն տուժած է:
Ասկէ մեկնելով` գործատէրերուն կը թելադրուի աջալուրջ հետեւիլ , որպէսզի պաշտօնեայ մը չտկարացնէ կամ ձախողութեան չմատնէ ամբողջ խումբի մը աշխատանքը: Ասիկա չի նշանակեր սակայն, որ ամէն անգամ որ խմբական աշխատանք մը իր նպատակին չհասնի, քաւութեան նոխազ մը պիտի փնտռենք:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Տունը Մշտապէս Պէյքինկ Սոտա Ունենալու
Համոզիչ Պատճառներ
Կանաչ Բանջարեղէններուն Գոյնը Պահպանելու Համար
Երբեմն կանաչ բանջարեղէնները եփի պատճառով կը կորսնցնեն իրենց գեղեցիկ գոյնը: Եփի ջուրին մէջ պտղունց մը պէյքինկ սոտա աւելցնելով` առաւելագոյնս կը պահպանէք կանաչ լուբիային, ոլոռնին կամ պրոքոլիին վառ կանաչ գոյնը:
***
Հաւկիթը Արագ Եւ Դիւրին Կեղուելու Համար
Խաշած հաւկիթի եփի ջուրին ապուրի դգալ մը պէյքինկ սոտա աւելցնելու պարագային, հաւկիթները առանց ճիգի եւ դժուարութեան կը կեղուըւին:
***
Քերուըտուքը Մեղմելու Համար
Միջատներու խայթոցին պատճառած քերուըտուքը մեղմելու ազդու միջոց է խայթոցը ծեփել պէյքինկ սոտայի եւ ջուրի թանձրուկով: Սպասել 10 վայրկեան, ապա ցօղուել առատ ջուրով:
***
Յոգնած Ոտքերը Հանգստացնելու Համար
Ջուրով լեցուն տաշտին մէջ աւելցնել 3-4 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա: Սոտան լաւ լուծուելէ ետք ոտքերը ջուրին մէջ պահել շուրջ կէս ժամ: Այս հանգստացնող լոգանքը, բացի ոտքերուն ցաւը թեթեւցնելէ, կը չէզոքացնէ ոտքերուն անախորժ հոտը, կը թեթեւցնէ քրտինքի արտադրութիւնը եւ կը կանխէ սունկերը:
***
Խցուած Խողովակները Բանալու Համար
Լուացարանին խցուած խողովակը բանալու ազդու միջոց է պէյքինկ սոտան: Բաւարար է ծակին մէջ պէյքինկ սոտա եւ քացախ աւելցնել, սպասել քառորդ ժամ, ապա եռացած ջուր աւելցնել, եւ հարցը կը լուծուի:
***
Ծաղիկներուն Կեանքը Երկարաձգելու Համար
Քաղուած ծաղկեփունջին կեանքը երկարելու համար ծաղկամանին ջուրին դգալ մը պէյքինկ սոտա աւելցնելով` ծաղիկներու կեանքը առնուազն շաբաթով մը կ՛երկարի:
Ինչպէս Նաեւ`
– Թէյամանը մաքրելու համար,
– Փափուկ եւ համեղ ձուածեղ պատրաստելու համար,
– Մրջիւնները հեռացնելու համար,
– Բոյսերուն տերեւները մաքրելու եւ պաշտպանելու համար,
– Մարզանքի կօշիկներուն անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար,
– Կարմիր միսը փափկացնելու համար,
– Արծաթեայ զարդերը մաքրելու համար,
– Ակռաները սպիտակացնելու համար,
– Գորգին բիծերը մաքրելու համար:
Հինը Նորի Վերածենք
Ինչպէ՞ս Սովորական Թիշըրթ Մը
Ոճային Դարձնել
Եթէ տակաւին մօտիկ անցեալին դիւրաւ կը ձերբազատէինք մեր «հին» թիշըրթէն, այսօր կացութիւնը նոյն չէ, քանի որ զայն նորով մը փոխարինելու համար անոր արժէքին քառապատիկը պէտք է վճարենք…
Այս սիւնակով կը ներկայացնենք սովորական թիշըրթ մը ոճային դարձնելու եւ անոր նոր տեսք տալու դիւրին եւ արագ միջոց մը:
Բացատրութիւն
1.- Նախ մկրատով մէկական ճեղք բանալ թեւերուն վերի բաժինին վրայ (տեսնել նկարը):
2.- Ապա, դարձեալ մկրատով, 2 սմ լայնքով երկար երիզ մը կտրել թիշըրթին հասակէն:
3.- Յետոյ երիզը երկու հաւասար մասերու բաժնել եւ իւրաքանչիւրով ամփոփել թեւին կախուած բաժինը` թիթեռնիկի ձեւ տալու համար:
4.- Վերջապէս, ասեղ դերձանով երիզին ծայրամասերը վրայ վրայի բերելով կարել:
Եւ այսպէս, թեւի պզտիկ փոփոխութեամբ մը սովորական թիշըրթը աւելի ոճային դարձաւ:
Խոհագիր
Խրթխրթան Սոխի Օղակներ
Բաղադրիչներ
– 3 խոշոր սոխ` օղակաձեւ կտրատուած
– Քառորդ թէյի դգալ սեւ փոշի պղպեղ
– 2 հաւկիթ զարնուած
– Քառորդ թէյի դգալ աղ
– 1 գաւաթ ալիւր
– Կէս թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
Պատրաստութիւն
Խորունկ տապակի մը մէջ բուսական ձէթ տաքցնել:
Ընտրել օղակաձեւ կտրատուած սոխի խոշոր օղակները (փոքրերը կերպընկալ տոպրակի մը մէջ դնել, այլ կերակուրի մը կամ աղցանի մը պատրաստութեան օգտագործելու համար), թաթխել զարնուած հաւկիթին, ապա համեմուած ալիւրին մէջ եւ տապկել շուրջ 4 վայրկեան, մինչեւ որ օղակները ոսկեգոյն դառնան:
Խրթխրթան սոխի օղակներու տարբերակները շատ են, այս բաղադրատոմսը ամէնէն պարզ եւ դիւրինն է: Կարգ մը բաղադրատոմսերու մէջ կ՛առաջարկուի նաեւ կսկուծ, հեղուկ կաթ, պանիր եւ այլն…
Մատուցել տաք քեչափի կամ այլ թանձրուկի մը կողքին:
Դրուագներ Մեր Մեծերու Կեանքէն
Չարենցի Անսպասելի Պատասխանը
Անգամ մը բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց համալսարանի իր ուսանողներուն կը պատմէր Եւրոպա կատարած ճամբորդութիւններու հետ կապուած իր տպաւորութիւններուն մասին:
Ուսանողները բազմաթիւ հարցեր կու տային անոր, եւ ան ոգեւորուած` կը պատասխանէր անոնց հարցումներուն: Դահլիճի վերջաւորութեան նստած նիհար, գունատ տղայ մը ոտքի ելաւ ու դիմեց Չարենցին:
– Ըսէ՛ք, խնդրեմ, ո՞ր փողոցը ամենալաւն էր ձեր տեսած բոլոր փողոցներէն եւ ո՞ր քաղաքին մէջ կը գտնուէր:
Չարենց ուշի ուշով նայեցաւ ուսանողին աչքերուն, պահ մը լռեց, յետոյ շշուկով ըսաւ.
– Ամենալաւ փողոցը Երեւանի Նայիբի քուչան է…
Դահլիճին մէջ լռութիւն տիրեց. բանաստեղծը անհաւատալի բան ըսաւ: Նայիբի քուչան նեղ փողոց մըն էր` ծուռումուռ, անլոյս, անգոյն ու ամայի:
– Որովհետեւ հոն կ՛ապրի իմ սիրելի կինը,- շարունակեց բանաստեղծը:
Դահլիճը թնդաց ծափերէն…
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անյայտ Կորածը
Ինչ անյայտ կորած, անյայտս ո՞րն է,
Անյայտ կորածի շիրիմը ծովն է`
Ձուլուած անհունին- ծովն անուն ունի:
Անյայտ կորածի շիրիմը լեռն է-
Լեռն անուն ունի, սիրահարուել է
Նա կեանքում մէկին- սէրն անուն ունի:
Նա մարդ էր հողի ու հողապաշտ էր,
Անյայտ կորածի շիրիմը դաշտն է,
Հողը հայրենի- հողն անուն ունի:
Անյայտ կորածը ճամբէք է անցել
Մահ ու արիւնի, իր ճամբան պահող
Մայր է ունեցել- մայրն անուն ունի:
Հարազատներին ուղարկել է գիր-
Գիրն անուն ունի, ունեցել է նա
Հաւատարիմ կին- կինն անուն ունի:
Շառաչել է նա յորդ գետի նման,
Ելել իր հունից, եւ մարտի դաշտում
Ընկել է փառքով- փառքն անուն ունի:
Երբ նա ձուլուել է հող ու ջրին մեր,
Ու սրտում պայծառ երազներ ունէր-
Ի՞նչ անյայտ կորած, անյայտս ո՞րն է:
ՎԱԶԳԷՆ ՕՎԵԱՆ