Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ուշադիր նայեցէք նկարներուն եւ ընտրեցէք ձեր նախասիրածը, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1.- Եթէ ընտրեցիք գրասենեակի աթոռը, դուք աշխատասէր եւ ուժեղ մարդ էք, կրնաք երկար ժամեր աշխատիլ ծրագիրի մը վրայ եւ յաջողութեամբ պսակել զայն: Յաջողութիւնը ձեր մտասեւեռումն է. դուք աշխատանքէն հաճոյք կ՛առնէք, կատարելապաշտ եւ հաստատամիտ անձ էք:
2.- Եթէ ընտրեցիք պատշգամի եղէգէ հանգստաւէտ բազկաթոռը` օժտուած բազմոցով ու բարձով, դուք վիպապաշտ, երազկոտ եւ արուեստասէր անձ էք: Կրնաք երկար ժամեր նստիլ եւ մտածել կեանքի մասին, վերլուծումներ ընել եւ անջատուիլ ձեր շրջապատէն: Վառ երեւակայութիւն ունիք, եւ ձեր միտքը տեւաբար կը ճամբորդէ:
3.- Եթէ ընտրեցիք հոգեբանի բազկաթոռը, հետաքրքրասէր եւ նախաձեռնող անձ էք, կը սիրէք հարցեր տալ եւ անոնց պատասխանները փնտռել: Համբերութիւն ունիք նստելու եւ լսելու ուրիշներու կեանքի պատմութիւնները` ի հարկին անոնց թիկունք կանգնելու կամ ձեռք երկարելու համար:
4.- Եթէ ընտրեցիք հիւրասենեակի հանգստաւէտ բազկաթոռը, դուք շատ աշխուժ եւ ուրախ մարդ էք: Երբեք չէք ձանձրանար շրջապատի մարդոցմէ: Կեանքը ձեզի համար մեծ արկածախնդրութիւն մըն է: Քիչ մը անսովոր մարդ էք, բայց ձեր բարեկամները մեծ սիրով կը տանին ձեր «տարօրինակութիւնները»: Այս ձեւի աթոռ ընտրողները անընդհատ կ՛աշխատին իրենց վրայ եւ առաջ կ՛երթան:
5.- Եթէ ընտրեցիք ճաշասենեակի խիստ ոճի աթոռը, շատ յամառ բնաւորութիւն ունիք, ուշադիր եւ կեդրոնացում ունեցող անձ էք, յստակօրէն գիտէք, թէ ի՛նչ կ՛ուզէք եւ կրնաք զսպել ձեր յուզումները: Դուք արտաքնապէս պաղարիւն եւ անտարբեր կ՛երեւիք, բայց ներքնապէս փխրուն սիրտով եւ ցաւակցող մարդ էք:
6.- Եթէ ընտրեցիք փափուկ, պարկ-բազկաթոռը, տեւաբար նորի փնտռտուքի մէջ էք: Անհանգիստ եւ անհամբեր բնաւորութիւն ունիք, ամէն բանի մասին կ՛ուզէք շուտ եւ շատ իմանալ: Փափուկ եւ հանգիստ ապրելակերպը կը գերադասէք չարքաշ եւ փոթորկոտ կեանքէն:
Հինը Նորի Վերածենք
Ինչպէ՞ս Դասական Պլուզ Մը
Ոճային Դարձնել
Միագոյն դասական պլուզը շատ լաւ ընտրութիւն է զայն տարբեր գոյնի տաբատներու եւ շրջազգեստներու հետ յարմարցնելու եւ հագուելու համար:
Դասական պլուզ մը դժուար թէ հնաոճ դառնայ, բայց կու գայ ժամանակ մը, երբ մենք կը ձանձրանանք անկէ եւ կ՛ուզենք նորով մը փոխարինել, իսկ մեր օրերուն հագուստէն առաջնահերթ բաներ կան գնելու: Հետեւաբար այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք սովորական, դասական պլուզ մը ոճային դարձնելու 4 տարբերակներ. կը բաւէ, որ դիմէք կարէ հասկցող բարեկամուհիի մը կամ դերձակուհիի մը օգնութեան:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Եթէ Կ՛ուզէք…
Եթէ կ՛ուզէք կատուն հեռու պահել տան բոյսերէն, հողին երեսը սեւ համեմի հատիկներ տարածեցէք: Ան հոտէն խրտչելով` կը հեռանայ:
Եթէ կ՛ուզէք ձեր մկրատին շեղբերը սրել, առէք աւազաթուղթի կտոր մը եւ զայն կտրտեցէք, մկրատին բթացած շեղբերը շուտով կը գտնեն իրենց նախկին վիճակը:
Եթէ կ՛ուզէք պնակեղէն լուալու սպունգը մանրէազերծել, զայն քանի մը վայրկեան մանրալիքին մէջ դրէք: Երբ հոսանքը անջատէք մանրէներուն 90 տոկոսը արդէն չքացած կ՛ըլլայ:
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր գունատած ճերմակ ասեղնագործը վերագտնէ իր սպիտակ տեսքը, կաթսային մէջ ջուր տաքցուցէք, 2 ապուրի դգալ փոշի կաթ լուծեցէք եւ ասեղնագործը առնուազն մէկ ժամ մէջը թրջեցէք: Ժամ մը ետք զայն չորցուցէք բացօթեայ` սեղանի մը վրայ տարածելով:
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր խմիչքին սառոյցները փայլուն եւ թափանցիկ տեսք ունենան, նախքան սառցամանին մէջ լեցնելը` ջուրը եռացուցէք, քանի որ այդ ընթացքին ջուրը կը բիւրեղանայ եւ կը մաքրուի մանր-մունր աղտերէն:
Խոհագիր
Բանջարեղէններու Կեղեւներու
«Թեմփուրա»
Խնայասէր եւ տնտեսող կինը կը յարմարի բոլոր կացութիւններուն եւ ոչինչէն բաներ կը հնարէ:
Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք մեր առօրեայ բանջարեղէններուն կեղեւներով, այո՛, կեղեւներով պատրաստուած նախուտեստ, որ թէ՛ փոքրերը եւ թէ՛ մեծերը պիտի զարմացնէ:
Նախ բացատրենք, թէ ի՛նչ է թեմփուրան: Թեմփուրան ճափոնական խոհանոցի մասնագիտութիւն է: Թեմփուրային խմորին բաղադրիչներն են` ցորենի ալիւրը, պէյքինկ սոտան, հաւկիթը, ձէթը, աղը եւ այլազան համեմունքներ` խառնուած սառ ջուրի հետ: Ստացուած թանձրուկին մէջ ճափոնցիները կը թաթխեն ծովախեցգետին, զանազան ծովային պտուղներ, բայց նաեւ` ստեպղին, սոխ, սունկ եւ ապա կը տապկեն տաք ձէթի մէջ:
Մեր խոհագիրին համար անհրաժեշտ են`
– 1 գաւաթ ալիւր
– 1 հաւկիթ (սառնարանէն ելած, պաղ ըլլալը պայման է)
– 200 միլլիլիթր սառնարանէն ելած պաղ ջուր
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ թել դգալով խառնել ալիւրը, ջուրը եւ հաւկիթը: Ստացուած թանձրուկին մէջ թաթխել ստեպղինի, դդումի, գետնախնձորի, շողգամի կամ այլ բանջարեղէնի մաքուր կեղեւները, ապա տապկել տաք բուսական ձէթի մէջ, փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ, աղել, համեմել եւ մատուցել:
*************
Դրուագներ` Մեր Մեծերու Կեանքէն
«Ստացել Եմ Մանկութեանս
Աշխատավարձը…»
Բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազը կը սիրէր զբօսնել քաղաքի փողոցներուն մէջ: Անգամ մը անոր առջեւ տարեց մարդ մը կը կենայ ու կը հարցնէ.
– Դուն բանաստեղծ Շիրա՞զն ես:
Շիրազն ալ հպարտ-հպարտ, որ տարեց մարդը զինք ճանչցեր է, կը պատասխանէ.
– Հա՜, ես եմ Շիրազը:
Պապիկը թեթեւցած եւ խոր շունչ քաշելով` կ՛ըսէ.
– Քանի դուն Շիրազն ես, իմացի՛ր, որ ես քեզի դրամ պարտք ունիմ, ա՛ռ, վերցո՛ւր այս 10 կոպեկը:
Շիրազ անակնկալի կու գայ` ըսելով, թէ ինք ծանօթ չէ այդ պապիկին, բայց վերջինս կը պատասխանէ.
– Երբ դուն փոքր էիր եւ փողոցները ջուր կը ծախէիր, ես ջահել տղայ էի, ջուրդ կը խմէի, գլխարկդ աչքերուդ կը քաշէի եւ ոչ մէկ կոպեկ կու տայի խմած ջուրիս փոխարէն: Իմացեր եմ, որ մեծ մարդ դարձեր ես, խիղճս կը տանջէ, որ հետդ այդպէս վարուեր եմ: Վերցո՛ւր այս կոպեկը, որպէսզի հոգիս հանգիստ կարենամ տալ Աստուծոյ…
Շիրազը մէկ կոպեկ կը վերցնէ պապիկի ձեռքէն` փոխարէնը 10 ռուբլի դնելով անոր ափին մէջ եւ կ՛ըսէ.
– Ա՛ռ, հայրի՛կ ջան, շիշ մը օղի գնէ ու յաջողութեանս կենացը խմէ:
Յետոյ Շիրազ կը հանդիպի ընկերներուն եւ պարծենալով` կ՛ըսէ.
– Ստացեր եմ մանկութեանս աշխատավարձը…
***
Նշենք, որ Յ. Շիրազ 5 տարեկանին կը կորսնցնէ իր հայրը եւ շրջան մը մանկութիւնը կ՛անցընէ Ամերկոմի որբանոցը: Սակայն չդիմանալով որբանոցի դաժան պայմաններուն` կը փախչի, կը մնայ անապաստան եւ կուլայով (կաւէ կուժ) ջուր կը ծախէ:
Իր մանկութեան օրերուն մասին բանաստեղծը բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ գրած է, ինչպէս` «Մանկութիւն», «Գտայ», «Իմ կուլայով այս պուճուր», «Վեց տարեկան մանուկ էք» եւ այլն…
… Իմ կուլայով այս պուճուր
Ջուր եմ ծախում, սառը ջուր
Ջուր գնեցէք, սառը ջուր,
Որ հաց առնեմ իմ պուճուր…
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ի՞նչ պատահեց, այս ո՞ւր հասար,
Ասա, ես ի՞նչ անեմ:
Բեր ցաւերդ, յոգնած աշխարհ,
Դիր շալակիս, տանեմ:
Աստուած բախտի տունն աւերի…
Հատիկները գարու
Ասում են, թէ աւելի
Սեւ օրեր են գալու:
Խեղճուկրակ իմ երեխայ,
Աչքս աչքիդ յառեմ,
Նստեցնեմ ծնկիս վրայ,
Մատիդ փուշը հանեմ:
Իմ ալեհեր-ալեւորիկ,
Ոտքերն ընկնեմ սրբիդ…
Պահիր, դու իմ միամօրիկ,
Հանեմ փուշը սրտիդ…
Ինչքան էլ որ փշերն անլուր
Տանջեն քեզ չարաչար,
Դու աչքի փուշ չես դառնալու,
Աչքիս լոյսն ես, աշխարհ:
Փշեր, գարի, սեւեր… նրանց
Ո՞վ է շան տեղ դնում:
Սեւի միջով ուղիդ բռնած
Դէպի լոյսն ես գնում:
Ի՞նչ պատահեց, այդ ո՞ւր հասար,
Ասա, ես ի՞նչ անեմ:
Բեր ցաւերդ, յոգնած աշխարհ,
Դիր շալակիս, տանեմ…
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ