Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Գովել Երեխան Տեղին Եւ Չափաւոր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Ինչպէ՞ս ճիշդ գովել, խրախուսել երեխային ձեռքբերումները: Այս հարցը շատ կարեւոր է, քանի որ խրախուսանքը, գովասանքը կրնան ունենալ որքան դրական, այնքան ալ բացասական ազդեցութիւն:

Հոգեբաններու կարծիքով` ԳՈՎԱՍԱՆՔԸ ՎՆԱՍԱԿԱՐ Է, ԵԹԷ

ա.- Երեխան կը գովաբանեն բանի մը համար, որ անոր շնորհուած է ի ծնէ, կամ երբ տուեալ բանը ընելու համար իրմէ ջանք չի պահանջուիր:

Առանց հիմքի գովասանքը թմրադեղի կը նմանի. երեխան կը վարժուի անոր եւ առանց իսկական առիթի` ծնողներէն գովասանք կ՛ակնկալէ:

Անոր գիտակցութեան մէջ կը ձեւաւորուի այն միտքը, որ ինք առաւելութիւն ունի ուրիշներուն բաղդատած: Իսկ եթէ ան չի սորվիր իր ունակութիւնները ի գործ դնել եւ զարգացնել, որ չի կրնար ապագային կայացած անձ դառնալ: Եսակեդրոնացութիւնը երեխան կը կեդրոնացնէ միայն ինքն իր վրայ, եւ ան անընդհատ կը սպասէ հիացմունքի եւ գովասանքի խօսքեր` իր անձին նկատմամբ:

բ.- Վնասակար է, երբ երեխան կը գովեն շատ յաճախ, առանց անհրաժեշտութեան: Ասիկա կ՛արժեզրկէ գովասանքը եւ երեխային կը վարժեցնէ աժան յաղթանակներու:

Ինչպէս Ճիշդ Գովաբանել Երեխան

Երեխան պէտք է գովաբանել տեղին, անկեղծ, լուրջ ու համոզիչ ձեւով:

Գովասանքը անհրաժեշտ է երեխային ինքնավստահութիւն, եռանդ հաղորդելու համար, ինչպէս նաեւ երեխային` կեանքի հանդէպ ունեցած լաւատեսութիւնը լրացնելու համար: Իւրաքանչիւր գովասանք որոշակի նպատակաուղղուածութիւն պէտք է ունենայ եւ երբեք պէտք չէ հնչէ պատահական ձեւով:

Ինչո՞ւ Կարեւոր Է Երեխան Խրախուսել

Տեղին խրախուսանքն ու գովասանքը կ՛օգնեն, որ ան դառնայ ինքնավստահ եւ անոր մօտ զարգանայ ինքնագնահատականը:

Հետեւաբար երեխան գնահատել` կը նշանակէ օգնել անոր` բացայայտելու իր ներուժը:

Առողջապահական

 Ո՞ր Ուտելիքները Կը Վնասեն
Մեր Ոսկորներուն

Ոսկորներուն առողջութիւնը միայն տարիքի հետ կապուած չէ, կարգ մը ուտելիքներ, չափազանցելու պարագային, բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան անոնց վրայ: Ստորեւ` 5 ուտելիք, որոնց չարաշահումը կը վնասէ մեր ոսկորներու առողջութեան:

-1-

Ոգելից Ըմպելիքները

Եթէ ալքոլի սպառումը օրական 150 կրամը անձի կասկածէ վեր է, որ ենթական տկար եւ ապագային փխրուն ոսկորներ պիտի ունենայ: Հետեւաբար ամէն բան իր չափին մէջ լաւ է:

-2-

Սուրճը

Սուրճը կը նուազեցնէ կիրի իւրացման գործընթացը այն պարզ պատճառով, որ օրական 3-4 գաւաթ սուրճ խմողներուն ոսկորները ժամանակի ընթացքին կը դառնան աւելի փխրուն: Գիտնականներ կը պնդեն, որ սուրճը ծաղկային թէյերով փոխարինուի, ինչ որ կը նուազեցնէ ազդրերու կոտրուածքի վտանգը:

-3-

Կազաւորուած Ըմպելիքները

Մանկութեան տարիներուն, երբ կ՛ամրապնդուին ոսկորները, մեծ քանակութեամբ քաղցր կազաւորուած խմիչքներու օգտագործումը չափազանց վնասակար է: Անոնց մէջ առկայ ֆոսֆորը կը սահմանափակէ կիրի իւրացումը եւ կը նուազեցնէ մակնեզիոմի մակարդակը, իսկ կիրն ու մակնեզիոմը շատ անհրաժեշտ են ոսկորներու առողջ աճին:

-4-

Աղը

Մեր ուտելիքներուն մէջի աղի բարձր տոկոսը պատճառ կը դառնայ, որ կիրի պաշարը մէզին հետ արագօրէն դուրս գայ մեր մարմնէն: Արդէն բոլորիս ծանօթ է կիրին կարեւորութիւնը մեր ոսկորներուն առողջութեան համար:

-5-

Տուրմը

Հակառակ անոր, որ տուրմը ֆլաւոնոյիտներ եւ կիր կը պարունակէ, այսինքն` ոսկորներու ամրութեան օգնող նիւթեր, բայց անդին` օքսալատները կը սահմանափակեն մարմնին մէջ կիրի կլանման գործընթացը: Չմոռնանք նաեւ, որ տուրմը շաքար կը պարունակէ, իսկ շաքարը մարմնէն դուրս կը հանէ կիրը, բան մը, որ կ՛աւելցնէ օսթէոփորոզի հաւանականութիւնը:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն.

Փուռին Վանդակաճաղը Օգտագործելու
3 Հետաքրքրական Տարբերակ

Փուռին մէջի վանդակաճաղը շատերուս համար երկրորդ դարան մըն է յաւելեալ ափսէ մը տեղաւորելու համար: Սակայն հնարամիտ մարդիկ գտած են զայն օգտագործելու 3 հետաքրքրական տարբերակներ:

ա.- Ֆրանսական «Փեն տը մի» հացի շերտերը խորովելու դիւրին եւ արագ միջոց:

բ.- Հաւի պուտերը եփելու համար,

գ.- Լաւաշ հացը մեքսիքական թորթիլայի տեսքով ձեւաւորելու համար:

Առաջին տարբերակին պարագային, վանդակաճաղին տակը տեղադրել երկրորդ մետաղեայ ափսէն եւ զայն ծածկել մոմէ թուղթով:

Երկրորդ տարբերակին պարագային հաւի պուտերուն տակ դարձեալ երկրորդ մետաղեայ ափսէն տեղադրել, վրան կտրատուած եւ համեմուած գետնախնձորներ տարածել, որպէսզի պուտերէն հոսող հիւթը աւելի համեղ եւ հիւթալի դարձնէ զանոնք:

Խոհագիր

Ինչպէ՞ս Մածուն Մակարդել

 

1 լիթր մածուն ստանալու համար անհրաժեշտ է.
– 1 լիթր կաթ (ամբողջական իւղով)
– 1 սուրճի գաւաթ մածուն

Պատրաստութիւն

Կաթը 4-5 վայրկեան եռացնել եւ ձգել, որ գոլանայ. ժողովրդական լեզուով` «մատնագոլ» դառնայ: Գոլանալու չափը կ՛որոշենք ճկոյթի միջոցով. եթէ ճկոյթին ծայրը կաթին մէջ չ՛այրիր,  ուրեմն կաթը պատրաստ է, եւ կարելի է աւելցնել մածունը: Մածունը պէտք է ըլլայ սենեակին ջերմաստիճանով: Մածունին դգալ մը գաղջ կաթ աւելցնել, խառնել եւ աւելցնել կաթին: Դգալով 2 թեթեւ շարժումով մեղմ խառնել եւ կափարիչով ծածկել:

Մածուն կարելի է մակարդել մետաղեայ կաթսայի, հողէ խորունկ ամանի եւ կամ ապակեայ լայն բերանով շիշի մէջ:

Մաքուր սրբիչով եւ տաքուկ ծածկոցով լաւ փաթթել ամանը եւ ձգել 6 ժամ, կամ ամբողջ գիշեր մը: Բանալէ ետք ամանը, քառորդ ժամ մը սենեակի ջերմութեամբ ձգել, ապա անմիջապէս սառնարան փոխադրել եւ սպասել, որ լաւ պաղի:

Կաթն ու մածունը որքան իւղալի ըլլան, անոնցմով պատրաստուած մածունը այնքան իւղալի եւ համեղ կ՛ըլլայ:

*****

Կտաւի Մը Պատմութիւնը

Կոմիտասի Նկարը

Հայ նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Փանոս Թերլեմեզեանի այս կտաւին վրայ Կոմիտաս վարդապետը նստած է մօր գորգին վրայ, կողքին` սափորը:

Այս աշխատանքը կատարուած է 1913-ին: Երկու ընկերներ` Կոմիտասն ու Թերլեմեզեանը Կոմիտասի ծննդավայրին մէջ` Քիոթահիա գիւղն էին եւ կը մնային վարձուած վրանի մը մէջ: Հոս երաժիշտը թրքական երգեր կը նոթագրէր: Կարծիք կայ, որ ասիկա միակ նկարն է, որուն համար Կոմիտասը անձամբ բնորդ եղած է:

Գորգը գոյութիւն ունեցած է Կոմիտասի ծնունդէն շատ առաջ. անոր մայրը` Թագուհին, զայն բերած է հայրական տունէն` որպէս օժիտ: Կոմիտաս մայրը կորսնցուցած է, երբ ընդամէնը 6 ամսական էր:

Սափորը կը խորհրդանշէ Կոմիտասին ծննդավայրը` Քիոթահիան: Յախճապակեայ սափորի պատրաստման եղանակը Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղէն իրենց հետ բերած են Կոմիտասի նախնիները:

Ինչ կը վերաբերի յախճապակեայ սափորին, կը պատմուի, որ 1881-ին պատանի Սողոմոնը Գէորգ վարդապետ Դերձակեանի հետ ուղեւորութեան ճամբուն վրայ կանգ կ՛առնէ Էսքիշեհիրի մէջ, Թորոս Աւտալեանի տունը: Աւտալեան կը խնդրէ արտօնել, որպէսզի ինք հոգայ Սողոմոնի ճանապարհածախսը: 1913-ին Կոմիտաս կրկին Էսքիշեհիր էր. կ՛այցելէ Աւտալեանին եւ որպէս երախտիքի նշան` անոր կը նուիրէ սափորը: Աւտալեանն ալ Կոմիտասէն կը խնդրէ, որ զայն փոխանցէ Փարիզ ապրող իր տղուն` Յովնաթանին: Սափորը տարիներ անց կը հասնի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, այնտեղ ալ` Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկ:

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ

Այս հողը ոչ միայն արիւնով է
ձեռք բերուել, այլեւ 25 տարի է
արիւնով էլ պահուում է:
Մեր հողը` մեր պատիւն է: Եթէ
ոեւէ մէկը հնարաւոր է
համարում պատուի մի մասը
թշնամուն յանձնել, ապա դա
ընդամէնը վկայում է տուեալ
անձի պիղծ տեսակի
մասին…

ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>