Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Լիբանանի Մէջ Սուրբ Ծնունդի Համեստ Աւանդոյթները` 100 Տարի Առաջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Լիբանանցի ազգագրագէտներու եւ մտաւորականներու վկայութեամբ, անցեալին Լիբանանի մէջ Սուրբ Ծնունդը նուէրներու մրցավազք չէր, ոչ ալ ինքնաշարժի խցանումներ կամ արհեստակար ծառեր` ճոխացուած բազմազան պսպղուն գնդակներով կամ խաղալիքներով: Սուրբ Ծնունդը ո՛չ հնդկահաւն էր, ո՛չ «Կաղանդի կոճղը» (bûche de Noël) եւ հաստատ` ո՛չ ալ Կաղանդ պապան…

Անցեալին Լիբանանի մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնը առաջին հերթին պարզութիւն էր, խոկալու առիթ, աւանդական համեղ հիւրասիրութիւն, բայց ամէնէն առաջ` խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն:

Լիբանանցի գրագէտ Անիս Ֆրէյհայի` «Լիբանանեան գիւղը` մոռցուած մշակոյթ» հատորէն կը քաղենք հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնները.

– Շուրջ հարիւր տարի առաջ Ս. Ծնունդը գլխաւոր տօն չէր քրիստոնեաներուն համար, Զատիկը համարուած էր կարեւորագոյն տօնը, որ ծանօթ էր նաեւ «Մեծ տօն» անունով:

– Տօնածառը մօտակայ անտառէն կտրուած սոճիի ճիւղ մըն էր, զոր կը զարդարէին մանտարինով, ընկոյզներով եւ ժապաւէններով, իսկ լուսաւորելու համար կ՛օգտագործէին իսկական մոմը:

– Իւրաքանչիւր դեկտեմբերի սկիզբը երեխաները կը ցանէին ցորենի հատիկներ, որոնք շուտով կը ծլէին: Ցորենի ընձիւղները` որպէս կեանքի խորհրդանիշ, կը զետեղուէին մսուրին մօտ:

– Գիւղերուն մէջ մեծ ու փոքր անհամբեր կը սպասէին համեղ ճաշին: Համեստ եկամուտ ունեցող գիւղացիները պարբերաբար միս կ՛ուտէին, անոնց ամէնօրեայ սնունդը բաղկացած էր բոյսերէ եւ ընդեղէններէ: Սուրբ Ծննդեան օրը տանտիկինները, նայած` իրենց հնարաւորութիւններուն, կը պատրաստէին լեցուած հաւ կամ աքաղաղ, «քըպպէ», «ֆուէրիխ»` բրինձով կամ ձաւարով եղինձի հետ մատուցելու համար: Ընթրիքի սեղանին շուրջ ընտանիքի անդամները կը հաւաքուէին կէսգիշերային պատարագէն ետք:

– Յիսուսի գալուստը կը նշուէր «մըղլի» աղանդերի մատուցումով: Մինչեւ օրս ալ ընտանիքներու մէջ նոր երեխայի ծնունդը կը նշուի «մըղլի»-ի հիւրասիրութեամբ:

– Որպէս նուէր` երեխաները ծնողներէն կը ստանային քաղցրաւենիք, ընկոյզ եւ նարինջ: Գիւղերուն մէջ նուիրելու, նուէր փոխանակելու սովորութիւն չկար: Արեւմուտքէն եկած այս աւանդոյթը տարածուած էր քաղաքներուն մէջ միայն:

– Ծնունդի նախօրէին բարեկեցիկ ընտանիքները տոպրակները կը լեցնէին քաղցրաւենիքով, չոր միրգերով եւ ընկոյզներով, երեխաները այդ տոպրակները կը զետեղէին ծերերու, այրիներու կամ չքաւորներու դռներուն առջեւ. «Մենք ձեր մասին կը մտածենք» ըսելու ազնիւ արարք մը:

– Անցեալին Սուրբ Ծնունդը հիմնականին մէջ կէս գիշերային պատարագն էր: Երիտասարդները եկեղեցի կը շտապէին զանգը ղօղանջելու եւ հաւատացեալները պատարագի կանչելու համար:

– Գիւղերուն մէջ մարդիկ կը հաւաքուէին եկեղեցւոյ բակը վառած խարոյկին շուրջ, զայն երկար ձողով մը կը խառնէին կայծեր յառաջացնելու համար: Մութ երկինք բարձրացող կայծերը կը խորհրդանշէին Քրիստոսի ծննդեան օրը փայլող աստղը:

– Սուրբ Ծննդեան տօնը առաջին հերթին առիթ էր գիւղացիներուն համար` խաղաղութիւն կնքելու, ներելու, ներուելու եւ հաշտուելու: Իսկ եկեղեցւոյ բակը, հսկայ խարոյկին շուրջ յարմարագոյն վայրն էր հոգիները մաքրելու, չարը վանելու եւ նոր երազանքներ պահելու համար:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

 Ինչպիսի՞ Հեքիաթ Պատմել
3
Տարեկան Երեխային

Բոլոր երեխաներն ալ հեքիաթ կը սիրեն: Հեքիաթը երեխային կեանքին մէջ նոյնքան կարեւորութիւն ունի, որքան` խաղը:

Հեքիաթին միջոցով երեխան կը ծանօթանայ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն, աշխարհի կառուցուածքին, կը ծանօթանայ այնպիսի հասկացողութիւններու, ինչպիսիք են` լաւ ու վատ, չար ու բարի, քաջութիւն, արդարութիւն, յաղթանակ եւ այլն…

Հեքիաթներ լսելով` երեխան ինքզինք կը նոյնացնէ պատմութեան քաջ ու անվախ հերոսին հետ, կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները, կ՛անցնի փորձութիւններու մէջէն եւ անոր հետ կը վայելէ յաղթանակի բերկրանքը:

Հոգեբանին Կարծիքով

Երեխային հեքիաթ պատմելու լաւագոյն տարիքը 3 տարեկանն է: Ասիկա չի նշանակեր, որ աւելի առաջ կարելի չէ երեխային հեքիաթ պատմել: Պարզապէս պէտք է ընտրել համեմատաբար պարզ նիւթեր ունեցող հեքիաթներ, ուր գոյութիւն չունին վախազդու տեսարաններ:

Հեքիաթը պէտք է պատմել զուարճալի ձեւով եւ բարձր տրամադրութեամբ:

Հոգեբանին կարծիքով, 3-4 տարեկան երեխաներուն կարելի է պատմել դասական նիւթով ժողովրդական հեքիաթներ, որոնք պէտք չէ որ երկար ըլլան, այլապէս երեխան կը ձանձրանայ եւ չ՛ուզեր լսել մինչեւ վերջ:

Երեխաները շատ կը սիրեն այն հեքիաթները, որոնք առնուած են իրենց կեանքէն: Հետեւաբար նախընտրելի է հեքիաթ յօրինել, ուր գլխաւոր հերոսը ի՛նքը` երեխան է: Պէտք է զուարճալի ձեւով պատմել հեքիաթը եւ զանց ընել անախորժ կամ վախազդու մանրամասնութիւնները, որպէսզի ան գիշերը մղձաւանջներ չունենայ:

Հեքիաթի միջոցով երեխան կը սորվի այդ երեւակայական աշխարհին մէջ մտածել, գործել: Ան կը սորվի, որ պէտք է ինքնուրոյն յաղթահարել դժուարութիւնները, որ` ուժը ի՛ր մէջ է, եւ կողմնակի օգնութեան դիմելու կարիք չկայ:

Հետեւաբար ամէն երեկոյ հայրիկը կամ մայրիկը պէտք է վերցնեն երեխային հեքիաթ պատմելու պատասխանատու, բայց միաժամանակ հաճելի պարտականութիւնը եւ երեխան չզրկեն այս դաստիարակիչ հաճոյքէն:

Գեղեցկագիտական

Բրինձով Դէմքի Ծեփուկ

Նկատա՞ծ էք, որ ճափոնցի կիները միշտ խնամուած, փայլուն ու ողորկ մորթ ունին: Պարզապէս անոնք կ՛օգտագործեն բրինձով պատրաստուած ծեփուկներ:

Ծեփուկի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.

– 3 ապուրի դգալ բրինձ
– 1 ապուրի դգալ կաթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր

Պատրաստութիւն.

Բրինձը 3-5 վայրկեան եփել, քամոցէ անցընել, բայց եփի ջուրը չթափել:

Եփած բրինձը ցօղուել պաղ ջուրով, աւելցնել կաթը եւ խառնել` մինչեւ որ միատարր  խիւս մը ստացուի: Աւելցնել մեղրը եւ դարձեալ խառնել:

Թանձրուկը քսել մաքուր դէմքին վրայ, ձգել 15-20  վայրկեան, ապա ցօղուել բրնձաջուրով:

Ձեր Պատասխանը Կը Պատմէ Ձեր Մասին

 Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Դժուարութիւններու դիմաց մեզմէ իւրաքանչիւրը կը հակազդէ` նայած իրավիճակին, բնաւորութեան կամ իր անձնական յատկութիւններուն:

Նայեցէ՛ք նկարին եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին. ձեր պատասխանը կ՛օգնէ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կը վարուիք, երբ դժուարութեան մը առջեւ կը գտնուիք:

Եթէ Առաջին Հերթին Հովանոց Տեսաք

Անմիջապէս կը պաշտպանուիք: Դժուար իրավիճակներու դիմաց ամէն ինչ կ՛ընէք, որպէսզի կորուստները նուազագոյնի իջնեն: Կը տագնապիք, կը տխրիք եւ կը փորձէք ժամ առաջ դուրս գալ տհաճ իրավիճակէն: Ոչ մէկ անգամ կը մտածէք ուրիշին օգնութեան դիմելու կամ կարծիք առնելու մասին: Խոչընդոտները կ՛ընկալէք` որպէս ձեր անձին վրայ յարձակում, որուն դուք արժանի չէք:

Եթէ Առաջին Հերթին Քաղաք Տեսաք

Իւրաքանչիւր դժուարութեան պարագային կը դիմէք ուրիշներու օգնութեան: Կ՛աշխուժացնէք ձեր բոլոր կապերը, կը հեռաձայնէք ծանօթներու, ընկերներու, հարազատներու, որոնք կրնան օգնել ձեզի` դուրս գալու դժուար իրավիճակէն: Ձեր դիմագրաւած դժուարութիւնը վերջնականապէս հարթելու համար նաեւ կը դիմէք խորհուրդին բոլոր անոնց, որոնք նմանատիպ հարցեր ունեցած են:

Եթէ Առաջին Հերթին Լուսին Տեսաք

Դժուարութիւններու դիմաց առաջին հերթին կը գործէ ձեր տրամաբանութիւնը: Կը վերլուծէք կատարուածը, կը փորձէք կարելի եղածին չափ շատ տեղեկութիւն հաւաքել եւ քայլ առ քայլ հարթել դժուարութիւնը: Անել դժուարութիւններու դիմաց, որպէս կանոն, մէկ կողմ կը դնէք ձեր զգացումները եւ կ՛առաջնորդուիք միայն տրամաբանութեամբ:

Կարելի է ըսել` խնդիրներ լուծելու մասնագէտ էք:

Խոհագիր

Ստեպղինով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

– 2 ստեպղին (քերոցէ անցընել)
– 1 գաւաթ ալիւր
– 1,5 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– Կէս թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– Քառորդ թէյի դգալ աղ
– 2 հաւկիթ
– 1 գաւաթ շաքար
– Քառորդ թէյի դգալ վանիլլա
– 1 կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– Կէս գաւաթ բուսական ձէթ

Պատրաստութիւն

Ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, սոտան եւ աղը մաղէ անցընել եւ փոս ամանի մը մէջ մէկ կողմ դնել:

Երկրորդ փոս ամանի մը մէջ ելեկտրական գործիքով զարնել հաւկիթները, աւելցնել շաքարը, կիտրոնի տաշուքը, վանիլլան եւ ձէթը` տեւաբար զարնելով: Շատ լաւ զարնուելէ եւ փրփրելէ ետք քիչ-քիչ աւելցնել մաղուած ալիւրը եւ այնուհետեւ խառնել փայտեայ դգալով (կամ սփաչիւլով):

Խառնուրդին աւելցնել քերոցէ անցած ստեպղինը եւ դարձեալ խառնել: Կարկանդակին կաղապարը ծեփել կարագով, քիչ մը ալիւր ցանել եւ խմորը մէջը պարպել:

Եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 45-55 վայրկեան, 180 ջերմաստիճանով:

Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ լաւ պաղի, ապա երեսը փոշի շաքար ցանել ու մատուցել:

Յիշենք Որ…

Ստեպղինը հարուստ է Ա. կենսանիւթով, կը պարունակէ նաեւ Պէ.6, Սէ. կենսանիւթեր, ֆոլաթթու, երկաթ, մանկանեզ, փոթասիոմ, պղինձ եւ այլն…

Այս բանջարեղէնը կը կանխարգիլէ քաղցկեղի յառաջացումը, եւ անոր յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ թոքերու եւ հաստ աղիքի քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը:

Ստեպղինը կը պահպանէ եւ կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ անոր պարունակած պեթա քարոթենը կը կանխարգիլէ բջիջներու ծերացումը:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Անհետ Կորածը

 Ես ինչպէ՜ս ասեմ, թէ ապրո՛ւմ ես դու.
Եւ ինչպէ՜ս ասեմ, թէ դու էլ… չկա՛ս,
Երբ ոչ մէկը,-
ոչ կեա՜նքդ է հաւաստում,
Ոչ էլ եղել է քո մահուան վկա՛ն…
Ո՛չ, երազ չէ սա մի անիրական…
Կարծես երէ՜կ էր օրն այն վշտակիր,
Երբ դու, մեր վիշտը տալով կատակի,
Գնացք նստեցիր` տասնութ տարեկան:
Կռի՜ւ գնացիր ու… էլ ետ չեկա՜ր…
Եւ… (ո՞ւմ հարցնեմ` քեզանից բացի…)
Դարձա՞ր դու արդեօք քսան տարեկան,
Թէ՞… ինչքան կայի՛ր… այնքան մնացի՛ր…
Մահից չէ՛, որ ես գո՜ւթ եմ ակնարկում.
Սակայն ես`
վկա՜ն քո կիսատ կեանքի,
Ե՛ս, վկայ չեղա՛ծ մահիդ ահարկու,
Ի՜նչ հասկանամ այս դաժան կատակից,
Երբ դո՛ւ, քեզ ծնող մօ՛ր համար իսկ ծեր,
Զրո՜յց ես թւում մի անիրական…
Եւ ոչ մահի՛ն է յայտնի քո հասցէն,
Ոչ կեա՛նքը գիտէ շաւիղը քո տան…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>