Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Առհասարակ երեխայի դաստիարակութեան հարցով թէ՛ հօր, թէ՛ մօր դերը շատ կարեւոր է: Այն երեխաները, որոնք հայերուն հետ յարաբերութեան պակաս ունին, հետագային կը բախին շատ լուրջ հարցերու:
Հոգեբաններու կարծիքով, այն երեխաները, որոնք քիչ կը յարաբերին իրենց հայրերուն հետ, աւելի կամակոր, աւելի անինքնավստահ, թուլակամ եւ յաճախ աւելի յարձակողական կը դառնան:
Երեխան հօր բացակայութեան պարագային ինքզինք պաշտպանուած չի զգար: Այդ է պատճառը, որ այն ընտանիքները, ուր հայրը բացակայ է (մահ, ամուսնալուծում կամ այլ պատճառներ), կը փորձեն փոխարինող կերպար մը գտնել, օրինակ` քեռի կամ մեծ հայրիկ: Երեխային համար մայրը դուռն է դէպի յուզական դաշտ, իսկ հայրը` դէպի աշխարհ: Յատկապէս մանչերու պարագային, եթէ դէպի աշխարհ այդ դուռը փակուի, անոնք իրենց կեանքի ընթացքին լուրջ հարցերու կրնան բախիլ:
Նոյն հոգեբաններուն կարծիքով, հայրերուն հետ քիչ յարաբերող երեխաներուն մօտ հնարաւոր է` վախ յառաջանայ հօր նկատմամբ: Եթէ հայրը միշտ յոգնած, խոժոռ դէմքով տուն կը մտնէ, կ՛ընթրէ ու կ՛երթայ քնանալու` առանց երեխային հետ ժամանակ անցնելու, այս երեւոյթը ժամանակի ընթացքին պատճառ կը դառնայ, որ երեխան վախնայ հօրմէն:
Նման հարցերէ խուսափելու համար հոգեբանները հայրերուն խորհուրդ կու տան օրուան մէջ թէկուզ 10 վայրկեան յարաբերիլ, ժամանակ անցընել, մտերմանալ իրենց երեխաներուն հետ: Յարաբերութեան տեւողութիւնը կարեւոր չէ, կարեւորը այն է, որ անիկա ըլլայ որակեալ:
Հայր-զաւակ յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան ջերմ, անկեղծ ու շինիչ: Պէտք է միշտ յիշել, որ երեխային կեանքին մէջ, յատկապէս դեռահասութեան շրջանին, շատ կարեւոր է, որ հայրը ուղղորդող կերպար ըլլայ:
Գեղեցկագիտական
4 Խորհուրդներ` Մազերու
Խնամքին Համար
Ստորեւ կը ներկայացնենք 4 արդիւնաւէտ եւ աժան միջոցներ` փայլուն, առողջ եւ ծաւալուն մազեր ունենալու համար:
-1-
Կանաչ թէյը` փայլուն մազերու համար.- Անթիօքսիտաններով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ կանաչ թէյը իտէալական եւ մազերու ամրացման համար: Անիկա նաեւ կը կարգաւորէ խճճուած մազերը եւ կը կանխարգիլէ հերաթափութիւնը: Որպէսզի մազերը փայլին, պէտք է զանոնք լուալ կանաչ թէյով, եւ քանի մը կաթիլ կիտրոնի խառնուրդով:
-2-
Գարեջուրը մազերուն ծաւալ տալու համար.- Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ գարեջուրը ոչ միայն կը սնուցանէ եւ կ՛ամրացնէ մազերը, այլեւ ծաւալ կու տայ անոնց: Վերջին շափուէնէն ետք մազերը ցօղուել գարեջուրով, որուն նախընտրելի է քանի մը կաթիլ կանաչ կիտրոնի հիւթ աւելցնել:
-3-
Կարմիր սոխը` մազերու ամրացման համար.- Կարմիր սոխին հիւթը ծանօթ է հերաթափութեան դէմ իր արդիւնաւէտութեամբ, քանի որ ան զգալիօրէն կը նպաստէ արեան շրջագայութեան եւ կը սնուցանէ մազերուն արմատները:
Աւելի լաւ արդիւնքի հասնելու համար պէտք է կարմիր սոխին հիւթով մարձել գլխամաշկը, յետոյ սպասել 20 վայրկեան եւ ապա լաւ լուալ: Այս միջոցը կիրարկել շաբաթը անգամ մը:
Գիտէի՞ք, Թէ…
Առողջ մազերու գրաւականներէն մէկը առողջ եւ այլազան սննդառութիւնն է: Ճաշացուցակէն անպակաս պէտք է ըլլան` միսը, ձուկը, հաւկիթը, կանաչ բանջարեղէնները, կարմիր պտուղները եւ ընկուզեղէնը:
Լաւ շնչառութիւն… Զարմանալի՞ է, ո՛չ այնքան, երբ գիտենք, որ լաւ շնչառութիւնը առողջական բազմաթիւ հարցեր կը հարթէ, որոնց կարգին` ընկճախտը: Ընկճախտը քիչ աւեր չի գործեր մեր մարմնին եւ յատկապէս մեր մազերուն, որոնք շատ արագ կը կորսնցնեն իրենց փայլքը, կը դառնան չոր, դժուար կառավարելի ու կը սկսին թափելու: Ճիշդ եւ առողջ շնչառութիւնը կը սկսի քիթէն խորունկ ներշնչումով, որուն կը հետեւի արտաշնչումը` բերանէն:
Մետաքսի վրայ քնանալ… Հետազօտութիւններ հաստատած են, որ մետաքսեայ երեսով բարձի վրայ քնանալը մազերուն համար աւելի առողջապահական է, քանի որ մետաքսը` բաղդատած բամպակին, մեղմօրէն կը շփուի մազերուն հետ եւ վերջինները նուազ կը կոտրտին ու կը թափին:
Ձեռային Աշխատանք
Նարինջ–Մոմակալ
Ի՛նչ Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ` առանց տօնական բոյրի… Որպէսզի ձեր տունը Կաղանդ բուրէ, կարիք չկայ շուկան վաճառուող թանկարժէք, արհեստական բոյրեր գնելու, քանի որ անոնցմէ ոչ մէկը կը հաւասարի տունը պատրաստուածին:
Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք նարինջով պատրաստուած անուշաբոյր մոմակալի պատրաստման եղանակը:
Ձեզի հարկաւոր է
– Նարինջ
– Մեխակի գամեր
– Տափակ, կլոր մոմ մը
Պատրաստութիւն`
Նարինջը գլխատեցէք դանակով. բացուածքը թող համապատասխանէ ձեր կլոր մոմի չափին: Դանակի կամ դգալի օգնութեամբ պտուղէն բաժին մը փորեցէք ու հանեցէք: Փոսիկին մէջ տեղաւորեցէք մոմը եւ ապա մեխակի գամերով եւ ըստ ճաշակի զարդարեցէք նարինջը:
Այս տօնական գեղօրը ոչ միայն պիտի լուսաւորէ ձեր տունը, այլեւ իր տօնական բոյրով պիտի լեցնէ տունը: Հետեւաբար թելադրելի է քանի մը հատ պատրաստել եւ զետեղել տան տարբեր անկիւնները:
Խոհագիր
Ամանորի Կարկանդակ
Երկրին տնտեսական անբարենպաստ վիճակը մեզի կը ստիպէ հրաժարիլ որոշ պերճանքներէ եւ զանոնք փոխարինող տարբերակներու մասին մտածել:
Մեր հայկական աւանդոյթներուն չհամընկնող, բայց եւ այնպէս Ամանոր տօնական սեղանի անհերքելի զարդը համարուող Կաղանդի կոճղը (bûche de Noël) այսօր շատերուն համար անմատչելի պերճանք մըն է, բայց կան զայն փոխարինելու հետաքրքրական տարբերակներ, ինչպէս` հայկական աւանդական գաթան կամ սովորական տօնական կարկանդակները:
Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք տօնական կարկանդակի ոչ միայն համեղ, այլեւ դիւրին եւ արագ պատրաստուող բաղադրատոմս մը:
Անհրաժեշտ բաղադրիչներ
– 2 գաւաթ ալիւր
– 2 գաւաթ շաքար
– 1/4 գաւաթ քաքաօ
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 թէյի դգալ աղ
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– 1 գաւաթ թանձր կաթ
– 1 գաւաթ հալած կարագ
– Վանիլլա
– 3 հաւկիթ
– Փոշի շաքար (զարդարանքի համար)
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել մաղէ անցած 2 գաւաթ ալիւրը, ապա յաջորդաբար աւելցնել շաքարը, մաղէ անցած քաքաոն, աղը, պէյքինկ փաուտըրը, պէյքինկ սոտան, վանիլիան եւ թել դգալով խառնել բոլոր չոր բաղադրիչները:
Միատարր խառնուրդին աւելցնել հեղուկ կաթը, տաք ջուրը եւ դարձեալ խառնել: Ստացուած թանձրուկին աւելցնելով հալած կարագն ու 3 հաւկիթները եւ նոյն դգալով շարունակել խառնել, մինչեւ որ խմորը դառնայ միատարր ու փայլուն:
Կարկանդակի կաղապարը ծեփել կարագով, քիչ մը ալիւր ցանել եւ խմորը մէջը պարպել ու եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ, շուրջ 45 վայրկեան, 200 ջերմաստիճանով:
Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ կարկանդակը լաւ պաղի, ապա երեսը ծածկել թուղթով մը, որուն կեդրոնը պատկերուած ըլլայ տօնածառի կամ ձիւնի փաթիլի կաղապար մը, փոշի շաքար ցանել, թուղթը զգուշութեամբ հանել, եւ ահա կը ստանաք տօնական գեղեցիկ կարկանդակ մը, որ թէ՛ համով եւ թէ՛ տեսքով չի զիջիր շուկան վաճառուող սուղ տարբերակներուն:
*****
Մտածումներ Մեր Մեծերու Կեանքէն
«Կ՛ամչնամ Հացէն»
Անգամ մը գրականագէտ Հայկ Գիւլիքեւխեանը ասուլիսի մը ընթացքին կծու խօսքեր կ՛ըսէ Եղիշէ Չարենցի մասին: Երբ լուրը կը հասնի բանաստեղծին, ան կ՛որոշէ հանդիպիլ եւ պախարակել Գիւլիքեւխեանը: Չարենց գիտէր, որ Աբովեան փողոցը գրականագէտին ամէնօրեայ ճամբան է. կ՛երթայ, կը կանգնի հոն եւ անցորդներուն կը պատմէ եղելութիւնը. «Թող գայ, ըսելիքս կ՛ըսեմ, ամբողջ Երեւանը թող իմանայ»:
Վերջապէս կը յայտնուի Գիւլիքեւխեանը` ձեռքին մատնաքաշ տեսակի հաց մը: Չարենցը երբ կը տեսնէ մատնաքաշը, կարծէք լեզուն կը կապուի, իսկ գրականագէտը սովորականին պէս կը բարեւէ Չարենցին ու կ՛անցնի: Երբ շուրջինները բանաստեղծին կ՛ըսեն` «Խօսքիդ տէրը չեղար», ան կը պատասխանէ. «Հացը խանգարեց զիս: Ես չեմ կրնար թէկուզ մէկ չոր խօսք ըսել այն մարդուն, որուն ձեռքը հաց կայ: Կ՛ամչնամ հացէն»:
Շաբթուան Խօսքը
Մարտիրոս Սարեանի Անժամանցելի
Ամանորեայ Մաղթանքը
Հայ մարդը միշտ Նոր տարին դիմաւորելէ գինու բաժակը առել է ձեռքը, շշնջացել է` խաղաղութիւն աշխարհին: Աշխարհում խաղաղութիւնը երեւի ամէնից շատ հայ ժողովուրդին է պէտք եկել: Դարեր շարունակ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի բախման քառուղիներում ընկած Հայաստանը ասպատակուել է, աւերուել, բաժանուել հզօրների միջեւ, բայց երբ հայ ժողովուրդը խաղաղութեան կարճատեւ պահեր է ունեցել, ստեղծագործել է, կերտել արուեստի հրաշքներ, մարդկային մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը հարստացրել իւր հոգու գեղեցկութիւններով:
… Խաղաղութիւն աշխարհի եւ աշխարհի հետ` Հայաստանին, որ հայ ժողովուրդի ընդերքում եղած ստեղծագործական յորդառատ ուժերը նոր հրաշքներ գործեն, որ առաւել ծաղկի Հայաստանը, իր գրկում հաւաքի աշխարհով մէկ ցրուած իր տարագիր զաւակներին, որ յաւէտ հնչի քաղցր ու սրտաբուխ հայոց լեզուն: