Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հեքիաթային լոյսեր, պսպղուն աստղեր, ոսկեզօծ ժանեակներ… Անհնար է Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը պատկերացնել առանց տօնածառի:
Ոմանք, սակայն, զանազան պատճառներով` տեղի, տրամադրութեան կամ ժամանակի անբաւարարութեան, որոշած են հրաժարիլ տօնածառ զարդարելէ: Այս անձերուն ըսենք, որ թէեւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի խորհուրդը մարդուս հոգիին մէջ է եւ ոչ` ձեւականութիւններուն, բայց եւ այնպէս յառաջիկայ տօներուն ուրախութիւնն ու կախարդանքը մեծ չափով կախեալ են տան մէջ ստեղծուած մթնոլորտէն: Հետեւաբար, եթէ տակաւին չէք զարդարած ձեր տօնածառը, զայն փոխարինեցէք այլընտրանքով մը. տեսէք, թէ ստեղծագործ միտքեր ինչե՜ր կ՛առաջարկեն ձեզի:
– Գիրքերով պատրաստուած տօնածառը թէ՛ տեղ չի գրաւեր եւ թէ՛ ծախսալից չէ: Կը մնայ, որ ձեր գրադարանէն ընտրէք քանի մը հանրագիտարան եւ աւելի փոքր չափի մէկ-երկու գիրք, եւ ահա տօնածառին կմախքը արդէն պատրաստ է: Զայն զարդարեցէք ձեր ճաշակով, առանց աւելորդ ծանրաբեռնելու:
***
– Պատին վրայ յարդարուած այս տօնածառը եւս շատ գործնական է, քանի որ երբեք տեղ չի գրաւեր: Ձեզի կը մնայ ընտրել գեղեցիկ, երկար դրասանգ մը (guirlande) զայն հաստատել պատին վրայ եւ ճոխացնել քանի մը կարմիր կամ ոսկեգոյն գնդակներով եւ անշուշտ աստղով մը:
***
– Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք, եթէ ձեր այս տարուան տօնածառը բոլորովին տարբերի մնացեալներէն եւ զայն պատրաստէք ընտանեկան լուսանկարներով…
Այս տարբերակը եւս արագ իրագործելի, ոչ ծախսալից եւ մանաւանդ իւրայատուկ է ու վստահաբար անտարբեր պիտի չձգէ այցելուները:
Տան Յարդարանք
5 Սխալներ, Որոնց Պատճառով Ձեր
Բնակարանը Հնաոճ Եւ Ճնշող Կը Դառնայ
Նախքան յօդուածը կարդալը` ընդունինք, որ «ճաշակներն ու գոյները քննարկելի չեն»: Բայց եւ այնպէս, տան ներքին յարդարանքի ոճաբաններու կարծիքով, մեր բնակարանը աւելի հաճելի, նորաոճ եւ շնչելի կը դառնայ, եթէ խուսափինք կարգ մը սխալներէ: Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 սխալները:
– 1 –
Պատէ Պատ Գրադարաններ
Ներքին յարդարանքի ոճաբաններուն կարծիքով, տան մէջ պատէ պատ գրադարանները մթնոլորտը ճնշիչ կը դարձնեն, յատկապէս, եթէ ցուցադրուած գիրքերուն շարքին կան մեծ թիւով լաթակազմ, հին գիրքեր:
Հետեւաբար ոճաբանները կ՛առաջարկեն այլ տարբերակ մը` հրաժարիլ պատէ պատ գրադարաններէն, նախապատուութիւնը տալ աւելի փոքր տեսակներուն, ցուցադրել գիրքերէն բաժին մը միայն, իսկ դարաններուն վրայ տեղ-տեղ զետեղել գեղօրներ, բոյսի փոքրիկ թաղարներ կամ լուսանկարներու շրջանակներ:
– 2 –
Խճողուած Կօշիկի Դարակաշարեր
Շատերու համար տան մուտքին զետեղուած կօշիկի դարակաշարէ յարմար տեղ է քիչ մը ամէն բան տեղաւորելու համար: Ոճաբաններու կարծիքով, բնակարանի մը մուտքը պէտք է ըլլայ հաճելի եւ հիւրընկալ:
Հետեւաբար անոնք կը թելադրեն հրաժարիլ մեծ դարակաշարերէ, որոնք ժամանակի ընթացքին աղբակոյտի տպաւորութիւն պիտի ձգեն, ի հարկին ընտրել գոց փեղկերով տեսակները եւ կամ բաւարարուիլ փոքր չափի դարակաշարով, ուր շարուած ըլլան ամէնէն գործածական կօշիկները: Չմոռնալ, որ տան մուտքը ամբողջ բնակարանին հայելին է:
– 3 –
Բարձեր Ու Բարձեր…
Ճաշակով ընտրուած եւ կահոյքին համապատասխանող բարձերը կրնան ոճային աքսեսուարներ դառնալ, պայմանաւ որ անոնց թիւը 3-ը չանցնի:
Բազկաթոռները բարձերով խճողելու պարագային, հիւրասենեակը կը դառնայ ճնշիչ եւ աչքին ոչ հաճելի: Հետեւաբար ոճաբանները կը թելադրեն բաւարարուիլ երկու, առաւելագոյնը 3 բարձով, համադրելով կահոյքին ոճին եւ գոյնին հետ:
– 4 –
Ծաւալային, Խճողուած Վարագոյրներ
Ոճաբաններու կարծիքով, պատուհանները ամբողջութեամբ ծածկող ծաւալային թանձր վարագոյրները ճնշող եւ անշնչելի կը դարձնեն բնակարանը, մանաւանդ եթէ հիւրասենեակը այդքան ալ մեծ չէ, իսկ կահոյքն ու վարագոյրները թաւշեայ կամ այլ թանձր կերպասով պատրաստուած են:
Ոճաբաններու կարծիքով, ժամանակն է հրաժարելու լոյսը խափանող, զարդարուն եւ հնաոճ վարագոյրներէն` նախապատուութիւնը տալով թեթեւ շղարշ տեսակներուն, որոնցմէ դուրսի լոյսը հանգիստ ներս կը թափանցէ ու հիւրասենեակը կը դարձնէ աւելի հիւրընկալ ու հաճելի:
– 5 –
Մութ Եւ Նախշաւոր Տարրեր
Թեթեւ փասթել գոյները միշտ աւելի հաճելի ու գեղեցիկ կը դարձնեն սենեակը: Մութ գոյնի պատերը, կամ փափիէ փենով ծածկուած տարբերակները, աւելնալով մռայլ կահոյքի վրայ, ջղագրգիռ կը դարձնեն:
Ոճաբաններու կարծիքով, եթէ միջոցը չունիք պատերը ներկելու, առնուազն առաստաղները ճերմակ ներկեցէք, ընտրեցէք փոքր չափի միագոյն, նորաոճ գորգեր ու կարպետներ եւ կամ ամբողջութեամբ փոխեցէք ձեր կահոյքին կերպասը կամ վարագոյրները` միշտ նախապատուութիւնը տալով փասթել մեղմ գոյներուն:
Ձեռային Աշխատանք
Կոճակներով Պատրաստուած
Տօնածառի Կախազարդեր
Եթէ ձանձրացած էք ձեր տօնածառին կախազարդերէն եւ տրամադիր էք անոնց մէկ մասը փոխարինել նորերով, ձեզի կ՛առաջարկենք սովորական կոճակներով պատրաստուող կախազարդեր, որոնց պատրաստութեան համար ձեզի հարկաւոր են`
– Տարբեր գոյնի եւ չափի կոճակներ,
– Հաստ թել, նախընտրաբար` ոսկեգոյն կամ արծաթագոյն,
– Ժապաւէն,
– Խաւաքարտէ փոքրիկ աստղեր:
Ստորեւ տրուած նկարները բաւարար խօսուն են, ուշադիր նայեցէք եւ ապա գործի անցէք: Եթէ տունը երեխաներ կան, առաջարկեցէք, որ մասնակցին աշխատանքին` կոճակները խմբելով ըստ գոյնի եւ չափի:
Խոհագիր
Պանրախաշ
Պանրախաշը հայկական հնագոյն աւանդական կերակրատեսակներէն է. անիկա ոչ մէկ կապ ունի մեզի ծանօթ խաշին հետ: Շատ համեղ է եւ օգտակար, իսկ ամենակարեւորը` շատ արագ կը պատրաստուի, քիչ բաղադրիչներ կը պահանջէ:
Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ պատրաստուող ձմեռնային այս կերակուրը գիւմրեցիներու մասնագիտութիւնն է. երբ առիթը ներկայանայ, կ՛արժէ զայն ըմբոշխնել Գիւմրիի մէջ:
Պանրախաշը կարելի չէ մէկ ամանի մէջ պատրաստել եւ ապա բաժնել: Իւրաքանչիւր անձ իր ամանին մէջ պէտք է պատրաստէ զայն:
Անհրաժեշտ բաղադրիչներ
– Լաւաշ
– Թել պանիր
– Սոխ
– Կարագ կամ բուսական ձէթ
Բաղադրիչներուն քանակը կախեալ է անձերու թիւէն:
Պատրաստութիւն
Նախապէս չորցուած լաւաշը (լիբանանեանը նոյն դերը կը կատարէ) կտրատել եւ լեցնել ամանին մէջ` որպէս առաջին շերտ: Վրան աւելցնել համաչափօրէն նախապէս թելերու վերածուած պանիրը, ապա կրկին կտրատած լաւաշ, յետոյ` պանիր: Ըստ ցանկութեան, այս հերթականութիւնը քանի մը անգամ կրկնել այնպէս, որ երեսի շերտը լաւաշ ըլլայ: Վերջաւորութեան երեսին աւելցնել նախապէս պատրաստուած սոխարածը, յետոյ այնքան մը եռացած ջուր, որ հացը քիչ մը փափկանայ, բայց ջուրը պէտք չէ որ ծածկէ հացը:
*****
Մեր Մեծերու Ամանորը
Սերգէյ Փարաջանով
Սերգէյ Փարաջանով կը սիրէր Ամանորը դիմաւորել տան մէջ, ընտանիքին անդամներուն հետ: Ան շատ կը սիրէր ու կը գնահատէր գեղեցիկ զարդարուած տօնածառերը: Կը պատմուի, որ նոյնիսկ կալանավայրին մէջ ան կտորէ պարկեր ճարած էր եւ տօնածառ սարքած էր:
Մեծ արուեստագէտին դժբախտաբար վիճակուեր է մէկէ աւելի անգամներ Ամանորը դիմաւորել բանտի ճաղերուն ետեւ…
Խորէն Լեւոնեան
Տաղանդաւոր դերասան Խորէն Լեւոնեանը եւս սիրած է Ամանորը դիմաւորել ընտանիքին հետ: Ան անպայման երեխաներուն հետ կը մասնակցէր տօնածառի յարդարանքի արարողութեան: Դերասանը շատ կը սիրէր նուէրներ գնել ընտանիքին անդամներուն: Անոր թոռը` Արսէն Լեւոնեան, կը պատմէ, որ պապը նուէրները կը դնէր երեխաներու բարձին տակ, եւ չէ պատահած, որ պապիկը այդ սովորութենէն հրաժարի: Դերասանը նաեւ թոռնիկներուն հետ կը մասնակցէր քաղաքին մէջ կազմակերպուող բոլոր տօնական հանդիսութիւններուն:
Աւետիք Իսահակեան
Բանաստեղծը Ամանորը կը համարէր զուտ ընտանեկան տօն եւ զայն կը դիմաւորէր կնոջ եւ երեխաներուն հետ:
Իսկ յունուար 1-ին Վարպետին կ՛այցելէին վեհափառը, Մարտիրոս Սարեանը, Սերօ Խանզադեանը եւ Սիլվա Կապուտիկեանը եւ մեծ խնճոյք կը կազմակերպէին:
Յունուար 2-ին Իսահակեան կ՛այցելէր Յովհաննէս Թումանեանին: Ան շատ կը սիրէր Թումանեաններու տան պատրաստուած վրացական սացիւին:
Բանաստեղծը Ամանորը երբեք տունէն դուրս չէր անցըներ. իսկ Սուրբ Ծնունդի գիշերը կ՛երթար Էջմիածին` ժողովուրդին հանդիպելու եւ շնորհաւորութիւններ փոխանակելու համար:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նոր Տարուան Գիշեր
Թէ աշխարհում փակ դռներ կան,
թող որ բացուեն այս գիշեր,
Ու Նոր տարին նոր խնդութեամբ
թող ներս մտնի այս գիշեր,
Թէ կան դատարկ, համր տներ`
մանկան ճիչով թող լցուեն,
Ով փնտռում է սրտանց մէկին`
յանկարծ գտնի այս գիշեր:
Թէ կան լացող, տխուր աչքեր,
թող ծիծաղեն այս գիշեր,
Կանչող ձեռքերն իրար հասնեն,
հրաշք ապրեն այս գիշեր:
Թէ կան սրտեր` չար նախանձով,
դառնան բարի ու ներող,
Եւ ուրիշի ուրախ կեանքով
խանդավառուեն այս գիշեր:
Թէ մոլորուած անցորդներ կան,
դարձի թող գան այս գիշեր,
Սրբագործուած սիրով մտնեն
իրենց օճախն այս գիշեր,
Թէ կան բախտի փշոտ ճամբէք,
թող ծաղկունքով կանաչեն
Ու երջանիկ սպասումով
բոլորն արբեն այս գիշեր®
Թէ աշխարհում պանդուխտներ կան,
թող տուն դառնան այս գիշեր,
Հայրենական յաւերժութեամբ
ողջագուրուեն այս գիշեր:
ՄԵՏԱՔՍԷ
Այսօր (23 դեկտեմբեր 1923) բանաստեղծուհի Մետաքսէի ծննդեան օրն է:յ