Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը ուրախ առիթներ են` նուէրներ փոխանակելու, հաճոյք պատճառելու եւ ինչու չէ նուէրի մը ճամբով պատգամ մը փոխանցելու:
Իսկ դուք ի՞նչ կը նուիրէք ձեր սիրելիներուն, նուէրը ի՞նչ կը խորհրդանշէ ձեզի համար եւ, հետեւաբար, ձեր մատուցած նուէրը ի՞նչ կը պատմէ ձեր մասին:
Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն եւ ապա կարդացէք արդիւնքը:
– 1 –
Ձեր Կարծիքով Նուէրը`
ա – Կ՛արտացոլացնէ նուիրողին բնաւորութիւնն ու զգացումները:
բ – Ազնիւ արարք մըն է:
գ – Հաճելի պարտականութիւն մըն է:
– 2 –
Ձեր Մտերիմ Ընկերուհիին Կաղանդի Առիթով Կը Նուիրէք`
ա – Անուշահոտ մը, զոր շատ կը սիրէ:
բ – Վերջին «պեսթ սելլըր» գիրքը:
գ – Տուփ մը տուրմ:
– 3 –
Ձեր Մեծ Մայրիկին Կաղանդի Առիթով Կը Նուիրէք`
ա – Տաքուկ շալ մը:
բ – Ձեր երախտագիտութիւնը եւ սէրը արտայայտող բացիկ մը:
գ – Ս. Ծնունդը խորհրդանշող փոքրիկ գեղօր մը:
– 4 –
Ձեր Նուէրին Ծրարումը Կը Բացայայտէ`
ա – Ձեր սէրն ու գուրգուրանքը:
բ – Ձեր ստեղծագործ ճաշակը:
գ – Ծրարումը երկրորդական է, կարեւորը մէջինն է:
– 5 –
Նուէր Մը Ընտրելու Համար`
ա – Կրնաք օրերով շուկաները թափառիլ:
բ – Կը լսէք ձեր սրտին:
գ – Գինն ու արժէքը կշիռքի վրայ կը դնէք:
– 6 –
Ի՞Նչ Հակազդեցութիւն Կ՛Ակնկալէք Նուէր Ստացող Անձէն
ա – «Սքանչելի է, ուղղակի յուզուած եմ…»:
բ – «Շատ գործնական է»:
գ – «Շնորհակալ եմ»:
Արդիւնք
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, ձեր նուիրած նուէրները կը բացայայտեն ձեր երախտագիտութիւնը` տուեալ անձին նկատմամբ: Հաճոյք պատճառելու համար ոչինչ կը կասեցնէ ձեզ` ո՛չ նուէրին գինը, ո՛չ ալ զայն գտնելու յոգնութիւնը:
***
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ է» է, ձեր ընտրած նուէրները կը խօսին ձեր սիրոյ, գուրգուրանքին եւ համակրանքին մասին, զորս կը փոխանցէք զայն ստացողին: Լաւ դիտող եւ դատող էք, հետեւաբար ձեր նուէրները անտարբեր չեն ձգեր ստացողները:
***
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, կը մեկնիք այն սկզբունքէն, թէ` ինչ որ ձեզի հաճոյք կը պատճառէ, պէտք է ուրախացնէ նաեւ դիմացինը: Հետեւաբար ձեր նուէրներուն ճամբով կը փորձէք փոխանցել այն, ինչ որ ձեզ կը յուզէ, կը հետաքրքրէ կամ կը զարմացնէ: Բայց ուշադի՛ր, ձեր նուէրները միշտ ալ ձեր ակնկալութիւններուն չեն համապատասխաներ:
Առողջապահական
Տօնական Օրերէն Ետք Յաւելեալ
Ծանրութիւն Չկուտակելու Համար…
Ամանոր, Խթում, Ս. Ծնունդ… Տօնական օրերէն ետք շատ շատեր ցաւով կը հաստատեն, որ արդէն 2-3 քիլօ գիրցած են. պատճառը պարզ եւ հասկնալի է, բայց ինչպէ՞ս փորձութեան չմատնուիլ տօնական օրերու համադամ ճաշերուն եւ աղանդերներուն դիմաց:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սննդագէտներու օգտակար եւ գործնական խորհուրդներ` վերոյիշեալ անպատեհութեան առաջքը առնելու համար:
– Մարզանք ըրէ՛ք. պայման չէ մարզասրահ երթալ, պարզապէս քալեցէք: Խանութ երթալու կամ բարեկամուհիի մը այցելելու համար հրաժարեցէ՛ք ինքնաշարժէն եւ նախապատուութիւնը տուէք քալելուն:
– Հրաժարեցէ՛ք վերելակէն: Եթէ ապրանքներով բեռնաւորուած չէք, վերելակ մի՛ գործածէք, պարզապէս ոտքով բարձրացէք:
– Ջուր խմեցէ՛ք: Շատ պարզ է` որքան ջուր խմէք, այնքան ձեր մարմնէն դուրս կը քշէք թունաւոր նիւթերը: Իսկ տօնական ճոխ կերակուրներէն ետք այս գործընթացը կրկնակիօրէն կարեւոր է:
– Խուսափեցէ՛ք աղի կամ քաղցր կրկնեփուկներէն, որոնք որպէս ախորժաբերներ կը մատուցուին խմիչքներու կողքին: Անոնց փոխարէն` նախապատուութիւնը տուէք կտրատուած թարմ բանջարեղէններուն (վարունգ, ծաղկակաղամբ, թարմ պղպեղ, ստեպղին եւ այլն..):
– Որքան հնարաւորին է` հրաժարեցէք ոգելից ըմպելիներէն, փորձեցէք ուիսքին եւ վոտքան փոխարինել գինիով եւ մանաւանդ` բաւարարուիլ 2 բաժակով:
– Թեթեւ բան մը կերէք: Եթէ ընթրիքի ուշ պիտի նստիք, նախընտրելի է, որ ձեր ստամոքսը պարապ չձգէք եւ թեթեւ բան մը` խնձոր մը, խաշած հաւկիթ մը կամ գաւաթ մը մածուն ուտէք:
– Մէ՛կ անգամ լեցուցէք ձեր պնակը եւ մի՛ նորոգէք զայն: Յաճախ աչքն է, որ չի կշտանար, մինչդեռ ստամոքսը արդէն բաւարարուած է:=
– Դանդա՛ղ կերէք եւ երկար ծամեցէք: Ձեր ուղեղին ժամանակ տուէք, որպէսզի արձանագրէ, որ ստամոքսը լեցուն եւ կուշտ է:
– Որքան հնարաւորին է չափաւորեցէք քաղցրաւենիները: Եթէ աղը մարմնին մէջ ջուրի կուտակում կը պատճառէ, շաքարը, իր կարգին, ճարպային բջիջներու կուտակում կը պատճառէ: Քաղցրաւենիները փոխարինեցէք պտուղի աղցաններով կամ պարզապէս սովորական պտուղներով:
– Ճաշի սեղանէն բաժնուելէ ետք կրկին չվերադառնա՛ք, որքան ալ քաշողական թուին աւելցած կերակուրներն ու աղանդերները:
– Ճաշի ժում չջնջէ՛ք: Շատեր յանցանքի զգացումէն մղուած` յաջորդ օրը ծոմ կը պահեն: Սխա՛լ որոշում, քանի որ ճաշի ժում ցատկելով` աւելի կ՛անօթենաք եւ կրկնապատիկ կ՛ուտէք:
Հինը Նորի Վերածենք
Ինչպէ՞ս Երկրորդ Կեանք Տալ
Բրդեայ Հին Քազակի Մը
Երբ ձեր բրդեայ քազակը ժամանակի ընթացքին ձեւափոխուեր, ծակեր կամ տժգուներ է, զայն մի՛ թափէք, իսկ ուրիշին տալէ առաջ եկէ՛ք տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս հին քազակի մը երկրորդ կեանք տուեր են` զայն վերածելով բարձի երեսի, այփետի պայուսակի, ձեռնոցի…
Ինչպէս նկարները կը հաստատեն, զանոնք իրագործելը այդքան ալ դժուար չեն. քիչ մը համբերութիւն, քիչ մը ժամանակ, եւ ձեր բրդեայ քազակը երկրորդ կեանք մը կ՛ապրի ձեզի հետ, ձեր տան մէջ…
Խոհագիր
Տօնական Նախուտեստ
Աստղաձեւ տօնական այս նախուտեստը դիւրին եւ արագ պատրաստուող, բայց նաեւ համեղ ու տօնական սեղանին վայել նախուտեստ է:
Աղի տեսակը կարելի է մատուցել խմիչքի կողքին, իսկ քաղցրը` սուրճի կամ թէյի հետ:
Բաղադրիչներ
– 1/3 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 թէյի դգալ թարմ կամ չոր խնկունի (ռոզմերի)
– 1 թէյի դգալ թարմ կամ չոր օրեկանօ
– 1/2 թէյի դգալ աղ
– 1 ծրար ֆրանսական փեն տը մի (քառակուսի հաց)
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել ձէթը, աղը, օրեկանոն եւ խնկունին:
Ֆրանսական հացի շերտերը դնել խոհանոցի աշխատանքի տախտակին վրայ եւ աստղաձեւ (կամ տօնածառի ձեւով) կաղապարով մը իւրաքանչիւր շերտէն 2 աստղ ձեւաւորել:
Աստղերը շարել փուռի ափսէին մէջ` անոնց յատակին մոմ-թուղթ տարածելէ ետք: Ապա վրձինի մը միջոցով աստղերը երկու երեսով ծեփել ձէթի խառնուրդով:
Նախապէս տաքցուած փուռին մէջ աստղերը եփել 10-12 վայրկեան, մինչեւ որ անոնք ոսկեգոյն դառնան: Եփելու ընթացքին աստղերը մէկ անգամ շրջել, որպէսզի երկու երեսով կարմրին: Մատուցել լաւ պաղելէն ետք:
Փորձառուներու կարծիքով, եթէ ֆրանսական հացը քանի մը օրուան ըլլայ, աւելի դիւրին կը ձեւաւորուի, մինչդեռ շատ թարմ ըլլալու պարագային, կրնայ որոշ դժուարութիւններ յառաջացնել ձեւաւորման ժամանակ:
Եթէ հետաքրքրուած էք նոյն բաղադրատոմսին քաղցր տարբերակով, ձեզի կը մնայ ձէթը փոխարինել հալած կարագով, իսկ խնկունին ու օրեկանոն կասիայով եւ շաքարով:
Ըստ տօնին կամ առիթին, աստղաձեւ կաղապարը կարելի է Վալընթայնին փոխարինել սրտի ձեւով, Զատիկին` հաւկիթի ձեւով եւ այլն…
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Սեղանին Շուրջ Կաղանդի
Այս տարի,
Սեղանին շուրջ Կաղանդի
Բոլորուեցանք ութ հոգի`
Ես ու կինս լռակեաց,
Երկու բաժակ կիսով լի
Եւ չորս պատեր մերկացած
Ութը անձ…
Սպասեցինք ընդերկար,
Որ շնչաւոր մէկը գար,
Զարնէր մեր դուռը ամուր
Եւ սրտալի բարեւ տար:
Սպասեցինք մենք ի զուր
Մեր հիւրերուն, մեր զաւկին,
Ու երբ որ ձայնը զանգին
Մնաց երկար քարացած,
Կինս ըսաւ. «Խմենք, մա՛րդ,
Խմենք կենացը անգին
Մեր սիրելեաց բացակայ»:
Լռութեան մէջ անձկագին
Բաժակը լոկ զրնգաց,
Շրթները լուռ մնացին,
Պատերը` մերկ մեր դիմաց
Եւ չտուին արձագանգ:
Տօնածառը գլխահակ,
Իր լոյսերով ամօթխած,
Նայեցաւ մեզ ու գթաց…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ