Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Միեւնոյն նկարը կրնայ շատ տարբեր մեկնաբանութիւններ ունենալ եւ տարբեր աչքով դիտուիլ իւրաքանչիւրիս կողմէ. իսկ առաջին հերթին տեսածը շատ բան կը բացայայտէ մեր մասին:
Ներարկիչ
Առաջին հերթին ներարկիչ կը տեսնեն այն մարդիկ, որոնք իրադարձութիւնները ողբերգութեան վերածելու, չափազանցելու հակուած են: Դուք ձեր ուշադրութիւնը շատ կը կեդրոնացնէք մանրուքներու վրայ, իրավիճակը իր ամբողջութեան մէջ տեսնելու դժուարութիւն ունիք: Հաւանաբար չափազանց շատ կը վախնաք հիւանդութիւններէն եւ անյաջողութիւններէն:
Հեծիկ
Առաջին հերթին հեծիկ կը տեսնեն հետաքրքրասէր մարդիկ, որոնք հակուած են արկածախնդրութիւններու: Կը սիրէք արկածախնդրութիւններն ու ճամբորդութիւնները: Ստեղծագործ եւ պրպտող միտք ունիք, նորութիւնները` երկիրներ, մշակոյթներ, գիւտեր կը հարստացնեն ձեր մտահորիզոնը:
Կաթիլ
Առաջին հերթին կաթիլ կամ արեան կաթիլ կը տեսնեն ֆոպիաներ եւ բարդութիւններ ունեցող անձերը: Ինքնուրոյն կամ մասնագէտի օգնութեամբ ջանացէք ձերբազատիլ անոնցմէ` ձեր կեանքը աւելի տանելի դարձնելու համար:
Շրջանակ
Առաջին հերթին շրջանակ կը տեսնեն մտածկոտ եւ երազկոտ մարդիկ: Թէեւ ցրուած էք եւ ոչ ուշադիր ձեր շրջապատին, բայց կ՛առանձնանաք ձեր ստեղծագործ մտածողութեամբ, իւրօրինակութեամբ:
Գործնական Խորհուրդներ, Որոնք
Կ՛օգնեն Տնտեսել Հանրախանութէն Ներս
Հանրախանութները ծանօթ են յաճախորդներու սովորութիւններուն, ցանկութիւններուն, մտադրութիւններուն, զորս անոնք հմտօրէն կ՛օգտագործեն իրենց նպատակներուն համար` մարդոց ստիպելով աւելի շատ գնում կատարել ու ծախսել:
Անոնց ծուղակը չիյնալու եւ չխաբուելու համար պէտք է իմանանք` ինչպէ՛ս ճիշդ տնտեսել:
-1-
Նախքան հանրախանութ մեկնիլը` ստուգեցէք, թէ ի՛նչ կայ սառնարանին մէջ, որպէսզի աւելորդ ապրանք չգնէք:
-2-
Որքան գնումներու սայլակը մեծ է, այնքան շատ մթերք գնելու հակամէտ էք: Սայլակ օգտագործեցէք այն պարագային, երբ ամբողջ շաբթուան մը գնում պիտի կատարէք:
-3-
Որոշ յատուկ առաջարկներ կրնան հետաքրքրական թուիլ, բայց մի՛ մոռնաք գնապիտակին վրայի սպառման ժամկէտը ստուգելու: Շատ յաճախ զեղչ կ՛ընեն պիտանելիութեան ժամկէտը աւարտելու մօտ ապրանքներուն վրայ:
-4-
Սուղ, արագ փճացող եւ նուազ գտնուող ապրանքներէն ձերբազատելու համար հանրախանութները զանոնք կը դնեն աչքերու մակարդակով: Հետեւաբար գնումի ժամանակ, նախքան ապրանք ընտրելը պարտադիր նայեցէք անհասանելի դարաններու (շատ ցած կամ բարձր) վրայ ցուցադրուածներուն: Սովորաբար հոն ցուցադրուած կ՛ըլլան թարմ եւ ոչ թանկարժէք մթերքները:
-5-
Ապրանքներու գինին մէջ միշտ ներառուած են ծրարումի եւ գովազդի ծախսերը: Կան շատ մթերքներ, որոնք նուազ գրաւիչ ծրարաւորուած են, բայց որակի իմաստով ոչինչով կը զիջին միւսներուն:
-6-
Խուսափեցէք երեխաներով հանրախանութ երթալէ: Ծնողներուն համար դժուար է զանոնք մերժել… Իսկ աւելորդ ծամոնները, տուրմերը վնասակար քաղցրաւենիքները անիմաստ ծախսի դուռ կը բանան:
-7-
Որքան հազուադէպ հանրախանութ երթաք, այնքան քիչ ապրանք կը գնէք. թելադրելի է շաբաթը մէկ անգամ գնումներ ընել: Այդպէս թէ՛ դրամ կը խնայէք, թէ՛ ժամանակ, մանաւանդ եթէ նախապէս ցանկագրած ըլլաք ձեզի անհրաժեշտ մթերքները:
-8-
Դրամատնային քարտով վճարումը որքան ալ յարմար թուի, մեծ է հաւանականութիւնը, որ մեծ ծախսեր ընէք: Հանրախանութ մեկնելու ատեն որոշ գումար մը վերցուցէք ձեր նախատեսած գնումները կատարելու համար:
-9-
Երբեք անօթի փորով հանրախանութ չուղղուիք: Անօթի վիճակով հակուած էք աւելորդ գնումներ կատարելու:
Հինը Նորի Վերածենք
Խոհանոցի Ոչ Պիտանի Իրեր
Յաճախ, երբ մեծ մաքրութեան կը ձեռնարկենք, հակամէտ ենք շատ մը ոչ պիտանի իրերէ ձերբազատելու կամ զանոնք թափելու:
Հին գրտնակ մը, մետաղեայ գունատած ձագար մը, հին կաթսայէն մնացած կափարիչ մը, մինակ մնացած գինիի բաժակ մը, եւ տակաւին ինչե՜ր կարելի է գտնել խոհանոցին պահարաններուն մէջ:
Բայց եկէք ու տեսէք, թէ վառ երեւակայութեամբ մարդիկ ի՛նչ լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են, եւ թէ` վերոյիշեալ խոհանոցային ոչ պիտանի իրերը վերածած են փոքրիկ գեղօրներու:
Այսպէս, կաթսաներուն կափարիչներն ու գրտնակը կարելի է վերածել կախիչներու, մետաղեայ ձագարները` մոմակալներու, իսկ անտէր մնացած գինիի բաժակը գեղեցիկ բաց ամանի մը փակցնելով` ստանալ պտղաման մը, կամ կարկանդակի ներկայանալի աման մը:
Հետաքրքրական
Դափնիի Տերեւի Թաքուն
Յատկութիւնները
Ամէն տուն իր բոյրը ունի: Կարգ մը տուներ օծանելիք կամ սուրճ կը բուրեն, ուրիշներ` կերակուր… Սակայն կան տուներ, ուր տիրական է թարմութեան եւ մաքրութեան բոյրը: Հնարաւոր է, որ այդ տուներու մարդիկը տեղեակ են այն միջոցի մասին, զոր օգտագործած են հին յոյներն ու հռոմէացիները: Անոնք օգտագործած են դափնիի տերեւը ոչ միայն խոհարարութեան մէջ, այլ նաեւ որպէս միջոց` մաքրելու տարածքը տհաճ հոտերէն եւ խոնաւութենէն: Այսպիսի արդիւնքի հասնելու համար անոնք պարզապէս կ՛այրէին դափնիի տերեւները:
Մինչեւ օրս ալ կայ այն համոզումը, որ դափնիի տերեւ այրելով` կարելի է ձերբազատիլ ոչ միայն անախորժ հոտերէն, այլ նաեւ` կանխարգիլել որոշ հիւանդութիւններ ու բարելաւել ինքնազգացողութիւնը: Ապացուցուած է, որ դափնիի տերեւի հոտը հանգստացնող եւ ցաւազերծող յատկութիւն ունի: Ան կրնայ կանխարգիլել` լուսնոտութեան տագնապները, յաղթահարել ընկճախտը, յոգնածութիւնն ու անքնութիւնը: Պատճառը հետեւեալն է. դափնիի տերեւին պարունակած եթերային իւղերը կը բանան շնչառական խողովակները եւ կը թուլցնեն ամբողջ մարմինը:
Զգալու համար թուլացնող ազդեցութիւնը` պէտք է ամանի մը մէջ վառել դափնիի երկու չոր տերեւ, եւ արդէն 10 վայրկեան ետք անուշ բոյրը կը տարածուի սենեակին մէջ:
Ի դէպ, դափնիի տերեւը կը համարուի մաքրութեան, յաջողութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշ:
Դափնիի Տերեւին Մոգական
Յատկութիւնները
Դափնիի տերեւի մոգական յատկութիւններուն հաւատացեր են յատկապէս հռոմէացիներն ու յոյները:
Անոնք տարբեր ծիսակատարութիւններ կը կիրարկէին իրենց ցանկութիւններուն իրագործման համար: Մինչեւ օրս ալ`
– Որոշ մարդիկ տան մուտքին դափնիի տերեւ կը պահեն` որպէս պահապան:
– Ոմանք իրենց ցանկութիւնը կը գրեն տերեւին վրայ եւ ապա կը վառեն:
– Անքնութենէ տառապողներ դափնիի տերեւ կը դնեն իրենց բարձին տակ` հանգիստ քուն եւ հաճելի երազ ապահովելու համար:
– Ոմանք երեխայի մահճակալին տակ դափնիի տերեւ կը դնեն մանուկը չար աչքերէ եւ չար փորձանքներէ պաշտպանելու համար:
– Շատեր իրենց դրամապանակին մէջ դափնիի տերեւ կը դնեն դրամական յաջողութիւն ապահովելու հաւատքով:
– Ոմանք տան մուտքին փռուած գորգին տակ դափնիի տերեւ կը պահեն` որպէս չարխափան:
Խոհագիր
Քաքաոյով Աղանդեր
Բաղադրիչներ
250 կ փոշի կաթ
300 կ շաքարաւազ
100 կ կարագ
100 մլ ջուր
2-3 ճաշի դգալ քաքաօ
1 պտղունց հիլ (կամ կասիա, կամ վանիլա)
Պատրաստութիւն
Կրակին վրայ ջուրը եւ շաքարը լուծել եւ օշարակի վերածել (եռալէն ետք` 5 վայրկեան):
Տաք օշարակին մէջ աւելցնել կարագը, խառնել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել փոշի կաթն ու քաքաոն, ապա աւելցնել օշարակը եւ լաւ խառնել: Աւելցնել հիլը (կամ փոշի կասիան, կամ վանիլան), շարունակել խառնել: Ստացուած միատարր նիւթը սառնարան փոխադրել եւ ձգել 30-40 վայրկեան:
Պաղած խառնուրդէն գնդակներ ձեւաւորել եւ քաքաոյի մէջ թաթխել:
Ձեւաւորուած գնդակները, քաքաոյի փոխարէն, կարելի է թաթխել հնդկընկոյզի տաշուքի կամ մանրուած ընկոյզի մէջ: Տարբերակները շատ են, նայած` թէ դուք ի՛նչ ունիք ձեռքի տակ:
Ձեւաւորուած եւ զարդարուած գնդակները սառնարանը պահել: Մինչեւ 5 օր անոնք թարմ կը մնան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Գալիքին
Օգնիր ինձ կեանքում ուղիղ ընթանալ,
Եթէ քնած եմ` քնից արթնանալ,
Թէ դուռը բաց է` ի զուր չբանալ,
Եղածով երբեք չհանգստանալ
Եւ չասել, թէ իմ արածն արեցի:
Չասել, թէ ամբողջ սրտով սիրեցի,
Չասել, թէ արդէն փառքին տիրեցի,
Դեռ երգը մտքում` չասել գրեցի,
Դեռ քարը հանքում` չասել կրեցի.
Առանց հիմք` չասել, թէ տուն շինեցի
Եւ վայելում եմ տունս բախտաւոր:
Չթուալ արդար` եղած մեղաւոր,
Մեղաւոր պահին` յանցանքը քաւել,
Քաւելու համար չըղձալ հատուցում
Եւ հատուցումով չհպարտանալ…
Օգնիր ինձ կեանքում ուղիղ ընթանալ…
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ