Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ծնողներու բարկութեան, կարճատեւ բռնկումներուն կամ սխալ պահուածքի դրսեւորումները անջնջելի հետք կը ձգեն երեխաներու հոգեկերտուածքին վրայ, սակայն մանկավարժները կը պնդեն, որ ամենաթողութիւնը եւ զիջումը նոյնպէս սարսափելի հետեւանքներ կրնան ունենալ` մեծցնելով կամակոր, անինքնավստահ, անպատասխանատու եւ եսակեդրոն զաւակներ:
Որո՞նք են մանկավարժներու կարծիքով ոչ դաստիարակչական 5 սխալները:
– 1 –
Դուք «Կը Յանձնուիք» Ձեր Զաւկին Կամակորութիւններուն
Օրինակ` եթէ ձեր երեխան կը պնդէ, որ ուրիշ գաւաթով կ՛ուզէ խմել կաթը եւ ոչ` ձեր տուածով, դուք անմիջապէս կը կատարէք անոր պահանջը` մերժելու եւ բացատրելու փոխարէն: Դուք կը վախնաք, որ ան լալու սկսի եւ կամ մերժէ կաթը խմել:
– 2 –
Դուք Տեւաբար Կ՛արդարացնէք »Չէ Որ Ան Երեխայ Է»
Եթէ դուք այս խօսքերով հրապարակաւ կ՛արդարացնէք ձեր երեխան, այսպիսով կը քաջալերէք, որ ան շարունակէ եւ կրկնէ իր սխալ արարքները եւ երբեք պատասխանատու չզգայ կատարուածներուն համար:
– 3 –
Դուք Չէք Արտօներ, Որ Ուրիշներ Քննադատեն Ձեր Երեխան
Մեր օրերուն գրեթէ անհնար է, որ ուսուցիչները քննադատեն ձեր երեխաներուն իրենց ոչ պատշաճ վարքի համար, որովհետեւ ծնողները անձնական վիրաւորանքի կ՛առնեն, եւ նոյնիսկ չեն փորձեր պարզաբանել կամ հասկնալ իրավիճակը:
Նման վերաբերմունքով ծնողները կը քաջալերեն իրենց զաւակներուն անպատասխանատու պահուածքը:
– 4 –
Դուք Չափազանց Հոգատարութիւն Կը Ցուցաբերէք
Դուք հակուած էք չափէն աւելի գուրգուրալու ձեր երեխային` ստորադասելով ձեր սեփական կեանքն ու հաճոյքները երեխաներու պահանջներուն եւ քմահաճոյքներուն: Դուք չէք կրնար տալ այն, ինչ որ կ՛ուզեն, երբ որ կ՛ուզեն. այսպիսով կը խաթարէք ձեր կեանքը եւ միւս կողմէ կը մղէք, որ ձեր երեխան կախեալ ըլլայ ձեզմէ:
– 5 –
Դուք Կը Բաւարարէք Ձեր Զաւկին Բոլոր Պահանջները
Այո՛, մէկէ աւելի նուէրներ, յաճախակի պտոյտներ. ելեկտրոնային խաղերու անսահմանափակ ժամեր…
Ամէն բան չափի մէջ լաւ է. դուք եթէ առանց առիթի շռայլօրէն բաւարարէք ձեր զաւկին պահանջները, անոնք կը վարժուին կարճ ճամբով, դիւրին միջոցներով ամէն ինչի հասնելու գաղափարին: Մինչդեռ կեանքի մէջ կայ անկանխատեսելին, կեանքը հարթ ճանապարհ չէ, պէտք է երեխային սորվեցնել համբերութիւն, համակերպում, զիջում, պայքար…
Հոգեբանական Փորձ
Տղամարդը Կը Գտնուի
Տան Նե՞րսը Թէ՞ Դուրսը
Ուշադիր դիտեցէք նկարը եւ ըսէք, թէ տղամարդը ուր կը գտնուի: Ձեր պատասխանը կ՛օգնէ, որ աւելին իմանաք ձեր մասին:
Ներսը
Եթէ, ձեր կարծիքով, տղամարդը կը գտնուի տան ներսը, դուք խառնուածքով հանգիստ մարդ էք եւ տեւաբար կը խուսափիք վէճերէ ու բախումներէ: Բաւական բարդ բնաւորութիւն ունիք, եւ ոչ բոլորը կը հասկնան ձեզ. այդ պատճառով ալ յաճախ մարդոց ներկայութեան դուք ձեզ վատ կը զգաք: Մարդոց հետ յարաբերելու դժուարութիւն ունիք. կը նախընտրէք առանձնանալ` ձեզ հեռու պահելով հակամարտութիւններէ: Կը գնահատէք բնութիւնը եւ կեանքի տարրական, պարզ հաճոյքները:
***
Դուրսը
Եթէ կը կարծէք, որ տղամարդը կը գտնուի տունէն դուրս, դուք ազնուութիւնն ու անկեղծութիւնը գնահատող անձ էք: Ընդհանրապէս ականջ չէք կախեր, թէ ուրիշներ ի՛նչ կը մտածեն ձեր մասին: Նաեւ չէք սիրեր ուրիշներէն կախեալ ըլլալ, կը սիրէք ամէն ինչ ինքնուրոյն ընել եւ մարդու պարտական չըլլալ: Թէեւ կը գնահատէք բնութիւնը, բայց ձեր տեղը քաղաքն է իր եռուզեռով եւ հեւքոտ կեանքով:
***
Երկու Տարբերակները
Եթէ համոզուած էք, որ տղամարդը տան մէջ է, բայց ոչ բոլորովին տունէն դուրս, դուք իւրայատուկ ստեղծագործ անձ էք: Ձեր առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ սրամտութիւնն է: Մանրամասնութիւններուն շատ ուշադիր էք, կարեկից էք եւ պատրաստ ձեռք երկարելու:
Առողջապահական
Ներքնակիւ Մաքրութեան
Անհրաժեշտութիւնը
Մեր մահճակալներուն ներքնակները տարին առնուազն անգամ մը պէտք է մաքրել քրտինքի հետքերէն, մեռած բջիջներէն եւ պարզ աչքով անտեսանելի «աքարեն»-ներէն ձերբազատելու համար:
Ոչ մաքուր ներքնակ մը կ՛ազդէ թէ՛ մեր առողջութեան եւ թէ՛ քունի որակին վրայ:
Ինչպէ՞ս մաքրել:
Մաղի մը միջոցով պէյքինկ սոտա տարածել ներքնակին ամբողջ մակերեսին: Մէկ-երկու ժամ սպասել, ապա փոշեկուլով մաքրել:
Փոշեզերծուած ներքնակը մաքրել ջուրով լուծուած ճերմակ քացախով կամ տեթոլով: Օգտագործել փափուկ լաթի կտոր մը կամ մաքուր սպունգ մը, որ լաւ քամուած ըլլայ:
գ – Մանրէազերծել
Ներքնակը լաւ չորնալէ ետք անոր վրայ մանրէազերծող սփրէյ մը սփռել:
Տեղին է յիշեցնել, որ այս գործին ձեռնարկելու համար պէտք է ընտրել արեւոտ, պայծառ օր մը եւ աշխատանքի լծուիլ առաւօտ կանուխ, որպէսզի ներքնակը լաւ չորնայ եւ խոնաւ չմնայ: Խոնաւութիւնը աքարեններու բազմացման յարմար միջավայր է:
Լուսաւոր Գաղափարներ
Այսուհետեւ Հաւկիթներու
Տուփերը Մի՛ Թափէք
Տարուան որոշ եղանակներուն կանաչեղէնները թէ՛ առատ եւ թէ՛ աժան կ՛ըլլան: Ահա թէ ի՛նչ կարելի է պատրաստել եւ ինչպէս օգտագործել հաւկիթներու տուփերը` ձմրան եղանակին ձեռքի տակ համեղ, պատրաստ կանաչեղէն ունենալու համար:
Կաղապար մը կարագին աւելցուցէք մանրուած ազատքեղ կամ անանուխ, կամ սամիթ (կամ` ձեր նախասիրած որեւէ խոտը) պատառաքաղով լաւ ճզմեցէք, ապա աւելցուցէք 3 պճեղ ճզմուած սխտոր ու քիչ մը աղ կրկին ճզմելով խառնեցէք, մինչեւ որ միատարր մածուկ մը ստացուի:
Հաւկիթներու տուփը լաւ լուալէ եւ ցամքեցնելէ ետք մածուկը լեցուցէք տուփին փոսիկներուն մէջ, կափարիչը փակեցէք եւ սառցարան փոխադրեցէք:
Այս համեղ պատրաստութիւնը կրնաք օգտագործել դդմաճի, խաշած գետնախնձորի եւ այլ կերակուրներու պատրաստութեան մէջ:
Խոհագիր
Շոմինով Ապուր
Բաղադրիչներ
– 1 տուփ շոմին (կամ` համապատասխան թարմ կամ սառած շոմին)
– 1 մեծ խաշած գետնախնձոր
– Կէսէն մէկ սուրճի գաւաթ (ըստ ճաշակի) կիտրոնի հիւթ
-1 խորանարդ խտացած մսաջուր
-1 պզտիկ տուփ թարմ սեր կամ սուրճի գաւաթ մը մածուն
– Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Բոլոր բաղադրիչները ձեռքի հարիչով խառնել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել:
Եռալէն ետք, ապուրը 5 վայրկեան եւս եփել, կափարիչը փակել եւ ձգել, որ 5 վայրկեան հանգչի:
Մատուցել խրթխրթան հացի հետ:
***
Շոմինին Անհամար
Յատկութիւններէն
– Նիհարնալ փափաքողներու լաւագոյն բարեկամն է: Քիչ ջերմուժ կը պարունակէ, ճարպերը կ՛այրէ եւ յագեցնող է:
– Շնորհիւ հակաօքսիտաններուն` ան կը դանդաղեցնէ մորթին ծերացումը:
– Ա, Սէ եւ Էօ կենսանիւթերուն շնորհիւ կը պայքարի քաղցկեղ փոխադրող բջիջներուն դէմ:
– Կը պահպանէ տեսողութիւնը:
– Կը զօրացնէ ոսկորները:
– Կը դարմանէ արեան տկարութիւնը:
– Կը կանոնաւորէ մարսողական դրութիւնը: