Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ եւ սիրելի Աբովեան փողոցը Երեւանի առաջին փողոցը եղած է: Անիկա կառուցուած է 19-րդ դարու կիսուն եւ օրին կոչուած է Աստաֆեան` Երեւանի նահանգապետ Աստաֆեւի պատուին: Փողոցը կառուցուած էր Belle époque (գեղեցիկ դարաշրջան) ոճի առանձնատուներով:
1889 թուականին փողոցը վերանուանուեցաւ Ալեքսանդրովսկայա` Ալեքսանդր Երրորդի պատուին: Իսկ 1883-ին փողոցը կոչուեցաւ Խաչատուր Աբովեանի անունով եւ մինչեւ օրս այդ անունը կը կրէ:
Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն առաջ Աբովեան փողոցին վրայ կառուցուած էին երկու մեծ եկեղեցիներ` Պօղոս-Պետրոսը եւ Կաթողիկէն: Խորհրդային տարիներուն երկու եկեղեցիները գետնին հաւասարուեցան: Կաթողիկէ եկեղեցիէն մինչեւ օրս մնացած է փոքրիկ մատուռ մը, իսկ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին տեղը կառուցուեցաւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի շէնքը:
Երեւանցիներուն շատ սիրելի այս փողոցին վրայ կան` պատմական շէնքեր, թատերասրահ, համերգասրահ, պանդոկներ, ճաշարաններ, գրախանութներ եւ յուշանուէրի խանութներ:
«Մեզ սփոփում է նրա մայթերի կենդանութիւնը, աշխուժը խռով:
Ասես երակն է աշխարհի հայոց, որ բաբախում է յաւերժ կենդանի:
Մի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց
Շուրթին` անունը մեր Աբովեանի…»:
ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
Եղանակի Պտուղներէն` Քլեմանթինը
Ծագումը
Քլեմանթինին հայրենիքը Ալճերիան է, անիկա մանտարինի եւ նարինջի խառնուրդ է, զայն յայտնաբերած է հայր Քլեմանը եւ իր իսկ անունով կոչուած է քլեմանթին:
20-րդ դարուն յայտնաբերուած այս համեղ եւ սննդարար պտուղը անմիջապէս մշակուեցաւ Քորսիքայի մէջ եւ ապա տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այսօր Սպանիան եւ Մարոքը ամբողջ Եւրոպային քլեմանթին մատակարարողներն են:
Օգտակարութիւնները
Մարմնի դիմադրողականութեան համար
Սէ. կենսանիւթով հարուստ այս համեղ պտուղը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը: Յատկապէս ձմրան, երբ մենք աւելի խոցելի ենք, անիկա մեզ կը պաշտպանէ վարակներէ:
Աչքերու առողջութեան համար
Պեթա-քարոթենով հարուստ քլեմանթինը մեր աչքերուն թիւ մէկ պաշտպանն է, երբ յատկապէս խօսքը կը վերաբերի տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններուն եւ մասնաւորապէս` մաքիւլըր տեճեներէյշընին:
Ոսկորներու ամրութեան համար
Քլեմանթինին պարունակած քարոթենոիտները կը զօրացնեն եւ կը պաշտպանեն ոսկորները: Քարոթենոիտի անբաւարարութիւնը կրնայ օսթէոփորոզ պատճառել: Հետեւաբար քլեմանթինը յանձնարարելի է յատկապէս դաշտանադադարի սեմին գտնուող կիներուն:
Սրտի առողջութեան համար
Քլեմանթինին պարունակած ֆլաւոնոիտները (բուսական նիւթեր) կը պակսեցնեն գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը եւ բնականաբար ենթական կը պաշտպանեն սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
Մորթի կանխահաս ծերացումէ պաշտպանուելու համար
Քլեմանթինը հարուստ է անթիօքսիտաններով: Սէ. եւ Էօ. կենսանիւթերը մորթը կը պաշտպանեն ծերացումէ նաեւ կ՛արգիլեն քաղցկեղային բջիջներու արագ բազմացումը:
Մարմինին անհրաժեշտ հանքայինները ապահովելու համար
Քլեմանթինը հանքայիններու եւ օլիկօ էլէմաններու հանք է: Անիկա կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ փոթասիոմ, նաեւ` կիր, մակնեզիոմ, երկաթ, ֆոսֆոր…
Աղիքներու լաւ գործունէութեան համար
Քլեմանթինը յանձնարարելի է փորկապութիւն, մարսողական դժուարութիւններ ունեցողներուն:
Սառնարանին մէջ քլեմանթինը կարելի է պահել շուրջ 10 օր, իսկ սենեակի ջերմաստիճանով` 6 օր:
Հինը Նորի Վերածենք
Ինչպէ՞ս Երկրորդ Կեանք Մը Տալ
Ճինզերուն
Բոլորս ալ մեր պահարաններուն մէջ ունինք հին, մաշած, անգործածելի ճինզեր, որոնցմէ կը դժուարանանք ձերբազատելու: Եկէք` տեսնենք, թէ ստեղծագործ միտքով եւ վառ երեւակայութեամբ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են այս տաբատներուն` օգտագործելով անոնց զանազան մասերը եւ յատկապէս գրպանները:
Եւ այսպէս`
– Ճինզին ոտքի բաժինէն մաս մը եւ գրպան մը օգտագործելով` կարելի է պատրաստել խմիչք նուիրելու գեղեցիկ ծրար մը:
– Դարձեալ ճինզի ոտքի բաժիններէն կարելի է պատրաստել թաղարի ծածկոյթներ:
– Ճինզին ոտքի բաժինն ու գրպանները օգտագործելով` կարելի է պատրաստել բազկաթոռէ թեւին վրայ դրուող ծածկոց մը, ուր կարելի է տեղաւորել բջիջայինը, ռիմոթ քոնթրոլները կամ այլ իրեր:
– Վերջապէս, ճինզ տաբատին ոտքի բաժինը օգտագործելով` կարելի է պատրաստել կերպընկալ տոպրակները խմբելու եւ տեղադրելու շատ յարմար պարկ մը:
Մանկաբուժին Կարծիքով
Ինչպէ՞ս Ճիշդ Գրկել
Երեխան
Նկատուած է, որ նոյնիսկ փորձառու ծնողներ յաճախ սխալ ձեւով կը գրկեն իրենց երեխան, երբ վերջինս տակաւին ի վիճակի չէ գլուխն ու ողնայարը ինքնուրոյն պաշտպանելու սխալ շարժումներէ: Մինչդեռ չափազանց կարեւոր է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել նորածինը ճիշդ ձեւով գրկելու ցուցմունքներուն` ողնայարի արկածներէ եւ բարդութիւններէ խուսափելու համար:
Ահա, թէ ինչպէ՛ս ճիշդ գրկել երեխան.
ա.- Մինչեւ 4 – 5 ամսական երեխան չի կրնար ինքնուրոյն պահել իր գլուխը, քանի որ վիզի մկանները տակաւին զարգացած չեն ըլլար: Հետեւաբար պէտք չէ երեխան գրկել թեւին տակէն` վիզը բոլորովին անպաշտպան ձգելով: Ճիշդ ձեւը այն է, որ մօր ձեռքերէն մէկը անպայման որպէս յենարան ծառայէ երեխային գլխուն:
բ.- Երեխան յատուկ պարկով շալկելու պարագային, պէտք է ընտրել որակաւոր տեսակը: Պարկը պէտք է ճիշդ ձեւով գրկէ մանուկին մարմինը. անոր ոտքերը երբեք կախ պէտք չէ մնան, քանի որ հետագային ան կրնայ ազդրերու լուրջ բարդութիւն ունենալ:
գ.- Մօր գիրկին մէջ երեխային դէմքն ու գլուխը պէտք է հանգչի մօր ուսին եւ ոչ թէ կուրծքին, որպէսզի ան հանգիստ շնչէ:
դ.- Շատ մը մայրեր երեխան գրկելու ատեն ձեռքերը կը դնեն անոր յետոյքին եւ վիզին տակ, մինչդեռ ճիշդ ձեւը այն է, որ ձեռքերէն մէկը յենարան ծառայէ ոչ թէ յետոյքին, այլ մէջքին, կռնակին:
ե.- Յատկապէս տունէն դուրս գտնուելու պարագային, պէտք չէ երեխան գրկել դէմքը դէպի դուրս, վերահսկելու համար անոր իւրաքանչիւր շարժումը: Ճիշդ ձեւը այն է, որ երեխային դէմքը դարձած ըլլայ դէպի մայրը, գլուխը` մօր ուսերուն եւ մանաւանդ ձեռքերէն մէկը յենարան ծառայէ մանուկին գլխուն:
զ.- Այս վերջին թելադրանքը կը վերաբերի ոչ թէ նորածիններուն, այլ` մինչեւ 5 տարեկան փոքրիկներուն: Յաճախ զանազան պատճառներով երեխան կը մերժէ անկողինէն դուրս գալ, ճամբան քալել եւ այլն, իսկ ծնողները անոր ձեռքը ամուր բռնած` ուժ կը գործադրեն, կը քաշեն ստիպելու համար, որ ան վերջ տայ իր կամակորութեան:
Ասիկա շատ մեծ սխալ է եւ յաճախ կրկնուելու պարագային, արմուկի ու դաստակի յօդային եւ մկանային լուրջ բարդութիւններ կը պատահին:
Խոհագիր
Սմբուկով Փիցցա
Բաղադրիչներ
– Մեծ չափի սմբուկ
– Թարմ լոլիկ (զարդարանքի համար)
– Ռեհանի թարմ տերեւներ (զարդարանքի համար)
– Պանիր (ինչ որ ձեռքի տակ ունիք)
– Ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, խնկածաղիկ (օրեկանօ), սեւ համեմ
– Խոզապուխտի որեւէ տեսակ (պայման չէ)
– Լոլիկով թացան
Պատրաստութիւն
Սմբուկները երկայնքին շերտել 2 սմ հաստութեամբ: Շերտերուն վրայ դանակով թեթեւ ճեղքեր բանալ, ապա զանոնք ծեփել ձիթապտուղի ձէթով, աղել ու համեմել:
Սմբուկի շերտերը ափսէի մէջ շարել եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել 5 – 6 վայրկեան:
Մինչ այդ պատրաստել լոլիկով թացան մը (թարմ լոլիկ, սոխ, սխտոր, աղ, սեւ պղպեղ եւ այլն…):
Փուռէն հանուած սմբուկները ծածկել լոլիկի թացանով, աւելցնել պանիրի շերտեր, լոլիկի կտորներ, երեսը խնկածաղիկ ցանել եւ դարձեալ փուռին մէջ եփել 10 – 12 վայրկեան:
Այս առողջապահական փիցցան կարելի է ճոխացնել ձիթապտուղով, սունկով, խոզապուխտով եւ այլն…
Սմբուկ Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ
– Սմբուկը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ. 32,5 ջերմուժ` 100 կր եփած սմբուկի մէջ:
– Սմբուկը հարուստ է Ա., Պէ. եւ Էօ. կենսանիւթերով:
– Սմբուկը հարուստ է հանքայիններով, ինչպէս` փոթասիոմ, պղինձ, մանկանեզ եւ այլն…
– Սմբուկին հիւթը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլը եւ կը դարմանէ յօդացաւը ու կ՛օգնէ նիհարնալու:
– Քիչ ջերմուժ եւ առատ բնաթել պարունակող սմբուկը յանձնարարելի է շաքարախտաւորներուն:
– Սմբուկը կը կանխարգիլէ սրտանօթային հիւանդութիւնները:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
***
Հայրենիքը
դուրս է հոսում մեր ներսից,
յորդում է դէպի
փողոցները,
ֆէյսպուքները,
կենացները,
սիրուն շապիկները,
գլխարկները…
Մեր ներսում
Հայրենիք չի մնում,
նա հեռանում է դանդաղ,
առանց յետ նայելու,
որովհետեւ նա սէր էր ուզում,
իսկ մենք նրան գցեցինք
փողոցները,
ֆէյսպուքները,
շապիկները,
գլխարկները…
Նա հագաւ այդ հագուստները սիրուն,
հարբեց կենացներով,
ֆէյսպուքներից հաւաքեց
բոլոր լայքերն ու սրտիկները,
բայց մնաց մերկ,
չտաքացաւ,
չժպտաց,
որովհետեւ
Հայրենիքները
միշտ հեռանում են լուռ,
կենացների թէժ պահերին,
երբ սեղանի շուրջ
ոչ ոք չի մնում,
բացի հարբած թամատայից:
ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
14.01.2022