Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ձեր նկարագրին մասին շատ բան կրնայ բացայայտել ոչ միայն ձեր ձեռագիրը, այլեւ` գծագրութիւնը: Ահա ձեզի` պարզ առաջադրանք մը. թուղթ ու մատիտ առէք եւ ծառ մը գծեցէք, ապա կարդացէք ձեր գծագրութեան արդիւնքը:
– Եթէ ձեր ծառը տերեւաթափ ու մերկ է, հաւանաբար յուզական կեանքի մէջ ունիք հարցեր, դժուարութիւններ, զորս պէտք է դրսեւորէք եւ ապա լուծումներ փնտռէք ու գտնէք անոնց:
* * *
– Եթէ նոր տարուան եղեւին գծեցիք, հոգեկան անկումի եւ յոռետեսութեան նշան է: Ձեզի անհրաժեշտ է դուրս գալ ձեր մեկուսացումէն եւ աւելի աշխուժ կեանք վարել:
* * *
– Եթէ բունին վրայ բիծեր ունեցող ծառ գծեցիք, ձեր դժուարութիւններուն եւ անհանգստութեան պատճառը անցեալի բիծերն են, քանի որ կը դժուարանաք զանոնք ձեր միտքէն հանել:
* * *
– Եթէ ձեր ծառը ունի մեծ, փափուկ գնդակի նման սաղարթ, դուք հասուն անձնաւորութիւն էք. ձեր բանականութեան եւ յոյզերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն կայ: Դուք հաճելի եւ սիրուած անձնաւորութիւն էք:
* * *
– Եթէ կախուած պտուղներով ծառ գծեցիք, դուք զօրաւոր անհատականութեան տէր, խելացի, կարեկից եւ նպատակասլաց անձ էք:
* * *
– Եթէ հաստ բունով եւ կլոր սաղարթով ծառ գծեցիք, դուք շատ ինքնավստահ եւ առողջ դատողութեամբ անձ էք: Միւս կողմէ, սակայն, քիչ մը եսակեդրոն էք, կը սիրէք արտասովոր արարքներ կատարել եւ ատոնցմով յոխորտալ:
Հետաքրքրական
Այս 5 Իրերը Հեռու Պահեցէք
Ձեր Ննջասենեակէն
Չին գիտնականներ վերջերս հրապարակած են այն 5 իրերը, որոնցմէ պէտք է ձերբազատիք, եթէ անոնք կը գտնուին ձեր ննջասենեակին մէջ: Երկար հետազօտութեան մը աւարտին գիտնականները եկած են այն եզրակացութեան, որ ննջասենեակը գտնուող որոշ իրեր թէ՛ կը խանգարեն քունը եւ թէ՛ կը նպաստեն արագ ծերութեան: Եւ այսպէս`
1
Տնային Բոյսերը
Յաճախ կը լսենք, որ սենեկային բոյսերը կը նպաստեն մեր առողջութեան եւ կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը. սակայն, ըստ գիտնականներուն, ասիկա այդքան ալ ճիշդ չէ, քանի որ բոյսերուն մեծամասնութիւնը ֆոթոսենթեզի գործողութիւնը կը կատարէ միայն լոյսի առկայութեան` տարածքը թթուածինով ապահովելով, իսկ գիշերը անոնք ամբողջովին հակառակը կ՛ընեն` կուլ տալով ննջասենեակին ամբողջ թթուածինը: Հետեւաբար ննջասենեակը բոյսեր պահելով` կը վնասէք ձեր առողջութեան եւ քունի որակին:
2
Հեռատեսիլը
Դուք որքան երկար կը նայիք հեռատեսիլին քառանկիւն, լուսաւոր պաստառին, այնքան կը բարձրանայ ձեր քունը խափանելու հաւանականութիւնը: Գիտնականները կը վստահեցնեն, որ բացասաբար կ՛ազդէ քունի հորմոնին` մելանթոնինին վրայ:
3
Բուրաւէտ Մոմերը
Կայ այն սխալ համոզումը, որ ննջասենեակը բուրաւէտ մոմեր եւ նմանատիպ իրեր պահելով կը բարձրանայ տրամադրութիւնը, եւ քունի անցնելու ընթացքը աւելի հեզասահ եւ հաճելի կը դառնայ:
Չինացի գիտնականները կը վստահեցնեն, որ առողջ քուն ունենալու համար անհրաժեշտ է, որքան հնարաւոր է, սենեակին օդը թարմ, մաքուր եւ բնական պահել:
4
Աղմկարար Ժամացոյցը
Ժամացոյցի սլաքներու աշխատանքը, որքան որ ալ մենք չզգանք, կը խանգարէ խոր քունի փուլ անցնելու ընթացքը: Սլաքներուն ձայնը քունի հորմոնի արտադրութեան վրայ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ: Հետեւաբար պէտք է շատ արագ հրաժարիք ննջասենեակը ժամացոյց պահելէ:
5
Գիրքերը Եւ Ամսագրերը
Չին գիտնականները իրենց հետազօտութեան աւարտին կը պնդեն, որ ննջասենեակին մէջ մէկ-երկու գիրքէ եւ ամսաթերթէ աւելի կարելի չէ պահել: Անոնց կարծիքով, գիշերը գիրքերն ու թիզուած ամսաթերթերը կը կլանեն սենեակին փոշին ու մանրէները, եւ ձեր մարմինը քունը վայելելու փոխարէն` կը փորձէ պայքարիլ անոնց դէմ:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
Տան մէջ մեր ձեռքին տակ ունինք իրեր, որոնց կրնանք երկրորդ կեանք մը տալ եւ դիւրացնել մեր առօրեան: Ստորեւ` քանի մը օրինակ.
Անզոյգ կամ ծակած թանձր գուլպայ մը կարելի է վերածել գետնի սրբիչի:
Բաղնիքի վարագոյրի մը հին օղակները կարելի է անցընել պահարանին ձողին եւ դասաւորել քիչ մը ամէն տեղ թափառող գօտիները:
Ժանգոտած, մետաղէ հին քերոցը կարելի է ներկել եւ մէջտեղ մնացած օղերը զոյգել ու կախել:
Հանքային ջուրի կամ պտուղի հիւթի շիշերուն կափարիչները կլու կանի միջոցով կարելի է վերածել թաղարի ծածկոյթի:
Պահածոյի մետաղեայ տուփը կարելի է լուալ, ներկել կամ փափիէ փէնով ծածկել եւ կափարիչէն կախել մժեղները հեռացնող քաթոլը:
Խոհագիր
Գետնախնձորով Ձուածեղ
Բաղադրիչներ
3 գետնախնձոր
2 սոխ
40 սլ կաթ
2 հաւկիթ
4 ապուրի դգալ ալիւր
1 ապուրի դգալ թթխմոր
բուսական ձէթ
կանաչ սոխ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Գետնախնձորները կեղուել եւ քերոցէ անցընել, վրան աւելցնել մանրուած սոխը, ալիւրը, թթխմորը եւ լաւ խառնել:
Հաւկիթներուն ճերմկուցները ելեկտրական գործիքով զարնել, մինչեւ որ պնդանան: Ամանի մը մէջ խառնել դեղնուցները, կաթը, աղն ու սեւ պղպեղը. քիչ-քիչ աւելցնել ճերմկուցները եւ փայտեայ դգալով զգուշութեամբ խառնել, ապա խառնուրդը աւելցնել քերած գետնախնձորի, սոխի եւ ալիւրի խառնուրդին:
Ստացուած միատարր թանձրուկէն փոքրիկ շերեփով մը բաժիններ առնել եւ երկու երեսով` 2-3 վայրկեան տապկել տաք ձէթին մէջ:
Մատուցել գաղջ կամ պաղ, երեսը մանրուած կանաչ սոխով զարդարելով:
Հաւկիթ Ուտելու
3 Համոզիչ Պատճառներ
1).- Հաւկիթը հարուստ է Պէ2, Պէ12, Ա եւ Էօ. կենսանիւթերով, ինչպէս նաեւ` զինկ, ֆոսֆոր, երկաթ եւ այլ հանքայիններով: Ասոնց շնորհիւ հաւկիթը կը նպաստէ կարմիր գնդիկներու արտադրութեան, կը պաշտպանէ աչքերը եւ մարմնին առողջ բջիջները, կ՛օգնէ երեխաներու առողջ աճին: Հաւկիթը նաեւ կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը, ոսկորներն ու ակռաները եւ, վերջապէս, կը կանխարգիլէ քաղցկեղի որոշ տեսակներ:
2) Հաւկիթը կը վայելէ քոլեսթերոլ պարունակելու գէշ համբաւը: Best Health Magի կարծիքով, առաւօտեան խաշած հաւկիթ մը ուտելը յագեցնող է, հետեւաբար նիհարնալու սննդականոնի հետեւողներուն համար յարմար ուտելիք մը` փորձութեան չենթարկուելու եւ չգիրնալու համար:
3) Բժշկական լուրջ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ պատանութեան եւ չափահաս տարիքին հետեւողականօրէն հաւկիթ կերած պարմանուհիներն ու երիտասարդուհիները որոշ տոկոսով պաշտպանուած են ստինքի քաղցկեղէ, դեղնուցին պարունակած choline նիւթին շնորհիւ:
******
Ջրվէժի Մը Պատմութիւնը
Ջրահարսի Վարսերը
Ջերմուկ քաղաքը Հայաստանի ամենագեղատեսիլ հանգստավայրերէն մէկն է. ան հարուստ է ոչ միայն հանքային աղբիւրներով, այլեւ` տեսարժան վայրերով եւ աւանդազրոյցներով:
Ջերմուկի Ջրվէժի Աւանդազրոյցը
Կը պատմուի, որ ջրվէժի վերի հատուածին, ուղղաձիգ ժայռերու վրայ կը գտնուէր իշխանի մը ամրոցը: Իշխանը ունէր շատ գեղեցիկ աղջիկ մը, որուն ձեռքը խնդրելու կու գային գեղեցիկ երիտասարդներ աշխարհի տարբեր կողմերէն: Գեղեցկուհին կը մերժէր բոլորը, քանի որ սիրահարած էր քաջարի ու գեղեցիկ երիտասարդի մը` հովիւի տղու մը:
Աղջիկը ամէն օր, կէս գիշերէն ետք, իր ննջարանի պատուհանէն երկար պարան մը ձոր կը նետէր, որպէսզի հովիւի տղան վեր բարձրանար: Օր մըն ալ իշխանը կը գտնէ պարանը, եւ գաղտնիքը կը պարզուի: Զայրոյթի պահուն հայրը կ՛անիծէ աղջիկը` ըսելով. «Եթէ անգամ մըն ալ հանդիպիս հովիւի տղուն, ջրահարս դառնաս եւ ջուրէն երբեք դուրս չգաս»:
Աղջիկը սիրեցեալին օգնելու համար, որպէսզի դղեակ բարձրանայ, պարանի փոխարէն, բարձունքէն վար կը կախէ իր երկար վարսերը: Նոյն պահուն կ՛իրականանայ հօր անէծքը, եւ գեղեցկուհին կը դառնայ ջրահարս, իսկ կիրճ թափող անոր գեղեցիկ վարսերը կը վերածուին ջրվէժի, զոր ժողովուրդը կ՛անուանէ «Ջրահարսի վարսեր»:
Հոն ջուրը շատ պաղ է. նոյնիսկ երբ օդի ջերմաստիճանը 30 աստիճանէն բարձր է: Ջրվէժին բարձրութիւնը շուրջ 70 մեթր է, իսկ ջուրը օժտուած է բուժիչ յատկութիւններով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ծնուել Եմ
Ես ծնուել եմ նրա համար,
Որ մօր սրտում կարօտ դառնամ
Եւ սպասուող որդու նման
Հեռուներից վերադառնամ.
Ես ծնուել եմ նրա համար,
Որ ցաւածին մխիթարեմ.
Ջահելների հարսանիքին
Ձեռքիս գինի` զուարթ պարեմ.
Նորածնի բերնով ճչամ
Ու մօր բերնով ասեմ «նանիկ».
Տուն երազող զոյգի համար
Դառնամ սիրոյ համեստ տանիք.
Եթէ շուրջս խաւար լինի`
Մարդկանց համար փայլատակեմ,
Հասակով մէկ փռուեմ գետին`
Վհատութեան ճամբան փակեմ…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Օրեր առաջ (24 յունուար 1924 ) Պարոյր Սեւակի ծննդեան օրն էր: Բոլորիս սիրելի բանաստեղծը պիտի դառնար 98 տարեկան: