Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ` Անքնութեան Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

– Միջին հաշուով գիշերը 8 ժամ պէտք է քնանալ:

Սխալ: Չափահասի մը քունի տեւողութիւնը միջին հաշուով 8 ժամ է, սակայն ոմանց մօտ 6 ժամը արդէն բաւարար է կազդուրուած արթննալու համար: Վերջնական եւ կտրուկ չափանիշներ չկան, կարեւորը օրուան ընթացքին հանգիստ եւ առոյգ զգալն է:

***

– Լոյսը կը խանգարէ քունը:

Ճիշդ: Լոյսը կը դանդաղեցնէ մելաթոնին կոչուած հորմոնին գործընթացը, իսկ այս հորմոնը ծանօթ է որպէս քունի հորմոն: Լոյսը նաեւ կ՛աւելցնէ յաճախակի զարթնումի հաւանականութիւնը եւ կը խանգարէ քունի ընթացքը:

***

– Տարիքի հետ մարդու մօտ քունի պահանջը կը պակսի:

Սխալ: Տարիքի հետ քունի ընդհանուր տեւողութիւնն ու պահանջը չեն նուազիր (կամ` շատ քիչ). սակայն քունը կը դառնայ աւելի թեթեւ եւ յաճախակի ընդհատումներով:

***

– Լաւ քնանալու նախապայմանը տաք լոգանքն է:

Սխալ: Նախքան քնանալը` թելադրելի է գաղջ լոգանք առնել, քանի որ տաք լոգանքը կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը, որ իր կարգին կը խանգարէ քունը:

***

– Անքնութիւնը ընկճախտի եւ ծանր մտահոգութեան հետեւանք է:

Ճիշդ: Սակայն ընկճախտն ու ծանր անձկութիւնը միակ պատճառները չեն. հոգեկան ցնցում մը, աղմուկը, որոշ դեղահատեր եւ հիւանդութիւններ եւս քունը խանգարող ազդակներ են:

***

– Ոգելից ըմպելիները կ՛օգնեն քունին:

Սխալ: Թէեւ ալքոլը կ՛օգնէ, որ ենթական թմրի եւ քունի անցնի, սակայն այդ քունը կ՛ըլլայ անորակ եւ յաճախակի ընդհատումներով:

***

– Սմարթֆոնները կը վնասեն քունին:

Ճիշդ: Օրուան ընթացքին, բայց մանաւանդ գիշերը լուսաւոր պաստառներու դիմաց երկար ժամեր անցընելը ոչ միայն կախուածութիւն կը ստեղծեն, այլեւ աւեր կը գործեն մեր ուղեղին ու աչքերուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք արդէն անքնութենէ կը տառապին:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Գիշերը քունի ընթացքին կ՛ընենք տարօրինակ բաներ` առանց անդրադառնալու: Ահա` քանի մը օրինակ.

– Ակռաները կը կճրտենք:
– Կը խօսինք:
– Լորձունք կ՛արտաբերենք:
– Կը խռկանք:
– Փակ կոպերով աչքերը կը շարժենք:
– Կը քալենք:
– Կը ցնցուինք:

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Միեւնոյն նկարը կրնայ շատ տարբեր մեկնաբանութիւններ ունենալ եւ տարբեր աչքով դիտուիլ իւրաքանչիւրիս կողմէ. իսկ առաջին հերթին տեսածը շատ բան կը բացայայտէ մեր մասին:

Ոտքեր

Եթէ առաջին հերթին ոտքեր տեսաք, դուք մշտական շարժման մէջ էք: Յաջողութեան հասնելու լուրջ հեռանկարներ ունիք: Առաջնորդ էք, որ իր ետեւէն կը տանի համակիրներու եւ համախոհներու ամբողջ խումբ մը:

Ազատութեան Արձան

Եթէ առաջին հերթին Ազատութեան արձանը տեսաք, խելացի եւ իմաստուն անձ էք: Ձեր խօսքին մէջ ճշգրտութիւնը տիրական է: Կ՛առաջնորդուիք փաստերով, կը խուսափիք մանրուքներու մէջ մտնելէ: Ձեր նշանաբանն է` «Խօսիլ միայն այն մասին, որուն կարիքը իսկապէս կայ»:

Տաբատ

Եթէ առաջին հերթին տաբատ տեսաք, դուք կ՛ապրիք երկու կեանքով: Այլ խօսքով, կը սիրէք տարբեր դերեր խաղալ: Այս յատկութիւնը ձեզի կ՛օգնէ ձեր կեանքին մէջ, քանի որ այսպիսով երկրպագուներու ամբողջ բանակ մը կ՛ապահովէք: Սակայն զգո՛ւշ, այս «լարախաղացութիւնը» ոտնակոխ չընէ ձեր սկզբունքները:

Ոճաբանին Կարծիքով

 Գոյներու Համադրում

Ֆրանսացի ոճաբան Սոնիա Ռիքիելի կարծիքով, հագուստներուն գոյները համադրելը այնքան ալ դիւրին գործ չէ: Գոյներու սխալ համադրումը կրնայ տանիլ անճաշակութեան, բայց նաեւ` շեշտել մեր մարմնին այս կամ այն թերութիւնը:

Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրէ Ռիքիել` վայելուչ եւ ոճային տեսք ունենալու համար:

Երբե՛ք 3 գոյնէն աւելի չկրել: Երկուքը արդէն բաւարար է, իսկ երրորդը` այո՛, եթէ իսկապէս կարիքը կայ:

Ընտրեցէ՛ք մութ գոյներ` որոշ թերութիւններ ծածկելու համար եւ բաց կամ վառ գոյներ` որոշ առաւելութիւններ շեշտելու համար: Օրինակ` եթէ շեշտուած կոնք ունիք, հագէք մութ լազուարթ ճինզ կամ սեւ տաբատ, իսկ վերնաշապիկի համար ընտրեցէք բաց գոյնի տարբերակ մը:

Ստորեւ` գոյներու համադրումի հետաքրքրական տարբերակներ.

– Վարդագոյնին հետ շատ լաւ կը համադրուին` սրճագոյնը, մոխրագոյնը եւ ձիթապտուղի կանաչը:
– Կարմիրին հետ` կապոյտը, մոխրագոյնը, կանաչը:
– Սրճագոյնին հետ` դեղինը, բաց կապոյտը, կանաչը:
– Նարնջագոյնին հետ` մոխրագոյնը, մութ կանաչը, սրճագոյնը:
– Դեղինին հետ` կարմիրը, սրճագոյնը, կապոյտը, մոխրագոյնը:
– Կանաչին հետ` նարնջագոյնը, սրճագոյնը, պէժը:
– Մանիշակագոյնին հետ` պէժը, բաց դեղինը, մոխրագոյնը:
– Թիւրքուազին հետ` ֆուշիան, կարմիրը, պէժը, սրճագոյնը:
– Լազուարթին հետ` պէժը, բաց դեղինը, մոխրագոյնը:
– Սեւին հետ` ճերմակը, ոսկեգոյնը, եւ վառ գոյները:

5 Իրեր, Զորս Կարելի Չէ Օգտագործել
Գնելէ Անմիջապէս Ետք

Շատ հաճելի է նոր գնուած հագուստին պիտակը հանելը եւ անմիջապէս զայն հագնիլը, կամ` նոր գնուած փափուկ անձեռոցը ծրարէն հանելն ու լոգանքի մտնելը: Սակայն հաճելին պէտք է մէկ կողմ ձգել եւ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ կարգ մը իրեր կարելի չէ օգտագործել գնելէ անմիջապէս ետք:

1.- Հագուստ

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ ձեր գնած հագուստը ձեզմէ առաջ քանինե՜ր փորձած են` հագուստին վրայ ձգելով տեսակաւոր մանրէներ: Նաեւ տեղեա՞կ էք, որ հագուստին կտորին գործուածքին համար օգտագործուած ներկերը կրնան մորթային հիւանդութիւններ յառաջացնել: Հետեւաբար շուկայէն վերադարձին կ՛արժէ արագ լոգանք մը առնել, իսկ նոր հագուստը լուալէ ետք կրել միայն…

2.- Կօշիկ

Հագուստին նման` կօշիկն ալ շա՜տ շատեր փորձած են ձեզմէ առաջ: Հետեւաբար տուն գալէ ետք անպայման լուացէք ձեր ոտքերը, իսկ կօշիկին ներսի բաժինը մաքրեցէք հականեխող թաց թաշկինակով: Եթէ նախօրօք որոշած էք կօշիկ գնել, ձեզի հետ զոյգ մը գուլպայ վերցուցէք ձեր ոտքերը մասամբ պաշտպանելու համար:

3.- Անձեռոց

Գիտէի՞ք, թէ որպէսզի անձեռոցները փափուկ մնան, զանոնք կը մշակեն յատուկ միջոցներով: Օգտագործուած նիւթերը կը պարունակեն քիմիական տարրեր, որոնք կրնան վնասակար ըլլալ ձեր մաշկին. այնպէս որ, խիստ պարտադիր է նոր գնուած լոգանքի անձեռոցներն ու երեսի սրբիչները լուալ` նախքան գործածելը:

4.- Սառնարան

Անկասկած որ նոր գնուած սառնարանը պէտք է մաքրել` նախքան օգտագործելը. բայց ասիկա միակ պատճառը չէ, որ կարելի չէ զայն անմիջապէս գործածելը: Որեւէ նոր սառնարան շուրջ 8 ժամ կը պահանջէ, որպէսզի անոր մէջի յատուկ հեղուկը համակարգին մէջ հաւասարաչափ բաշխուի:

5.- Թէյաման

Վստահաբար շատեր նկատած են, որ նոր գնուած ելեկտրական թէյամանը որոշ անախորժ հոտ մը կ՛ունենայ, որովհետեւ քիմիական նիւթերով մշակուած կ՛ըլլայ: Կարելի չէ նոր գնուած թէյամանը անմիջապէս օգտագործել: Եթէ նոր թէյաման պիտի գնէք, պայման է, որ նախքան օգտագործելը` մէջը ջուր եռացնէք` 30 կրամ սոտա եւ կէս կիտրոնի հիւթ աւելցնելով:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Հաւկիթի Տուփերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տուէք

Այսուհետեւ հաւկիթի խաւաքարտէ պարապ տուփերը մի՛ թափէք, կրնաք անոնց երկրորդ կեանք մը տալ պարզապէս`

– Սառնարանին դրան վրայ մայոնեզի եւ քեչափի շիշերը դասաւորելու համար,

– Գրենական պիտոյքներ դասաւորելու համար,

– «Լէփ թոփ»¬ին տակ դնելու համար, որպէսզի վերջինը օդ առնէ եւ չտաքնայ:

Ահաւասիկ դիւրին եւ ձրի միջոցներ` ձեր առօրեան դիւրացնելու եւ արագ լուծումներ գտնելու համար:

Խոհագիր

 Քուլուրաքիա
(Յունական Կրկնեփներ)

Բաղադրիչներ (շուրջ 25 կրկնեփի համար)

– 1 գաւաթ առանց աղի կարագ (սենեակի ջերմութեամբ)
– 3/4 գաւաթ շաքար
– 2 հաւկիթ առաւել 1 հաւկիթ կրկնեփները ծեփելու համար
– 2 ապուրի դգալ նարինջի հիւթ
– 1 ապուրի դգալ քոնեաք կամ ուզօ, ուիսքի…
– Վանիլլա
– 1 նարինջի կեղեւի տաշուք
– 4 գաւաթ ալիւր
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Ելեկտրական գործիքով զարնել կարագն ու շաքարը, ապա յաջորդաբար աւելցնել` 2 հաւկիթները, նարինջի հիւթը, քոնեաքը, վանիլլան եւ նարինջի կեղեւի տաշուքը:

Միատարր թանձրուկ մը ստանալէ ետք քիչ¬քիչ աւելցուցէք մաղէ անցած ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը եւ շարունակել զարնելը:

Ստացուած խմորը աշխատանքի սեղանին վրայ փոխադրել եւ ձեւաւորել` ըստ ճաշակի եւ ցանկութեան, ապա երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել եւ 25-30 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան: Մատուցել սուրճի կամ թէյի հետ:

 

****

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Մոլորուած Երազը

Երազում տեսայ, ջահել մի զինուոր,
Վերադառնում էր ռազմի ճակատից.
Խոնաւ աչքերում` կարօտը իր մօր
Եւ սպիները` գունատ ճակատին:
Եկաւ ու բախեց իմ դուռը կամաց.
(Անծանօթ էր ինձ, անյա՛յտ ու օտա՜ր…)
– Մեր տո՜ւնն եմ փնտռում,- ասաց կարկամած,-
Չգիտե՞ս ո՛րն է ճանապարհն իմ տան…
– Ցո՜ւրտ է, նե՛րս արի,- ասացի նրան,-
Նստիր իմ կողքին, կրակը վառեմ,
Աչքերիդ նայեմ, լացից կարմրած,
Իմ կորած եղբօր կարօտը առնեմ:
Բայց նա շուռ եկաւ, կենակին կռթնեց.
– Շնորհակա՜լ եմ, բարի՜ մարդ,- ասաց,-
Ես պիտի գնամ` ծեր մօրս գտնեմ,
Գուցէ մեռնի՜ նա` դարձիս կարօտած…

Ասաաց ու գնա՜ց.

Եւ ես զարթնեցի.
Անձրեւ էր գալիս ձանձրալի՜, բարա՜կ.
Իջել էր մութը մայթին, փողոցին,
Մշուշում սուզել երկինք ու քաղաք:
Մո՜ւթն էր.

եւ մի խե՜ղճ պառաւ մօր երազ,
Ճամբան շփոթած… իմ տո՜ւնն էր մտել…
Իսկ մայրն երեւի փնտռո՜ւմ էր նրան,
Անկարող` քնել ու նրան գտնել…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>