Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Քիչեր գիտեն, թէ ինչպէ՛ս ծնած է «Ալմաստ» օփերան: Անիկա ստեղծուած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի յաճախակի հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին: Կարդա՛նք, թէ ի՛նչ կը պատմէ Թումանեանին աղջիկը` Նուարդ Թումանեանը այդ նշանաւոր հանդիպման մասին:
«Ալեքսանդր Սպենդիարեանը յաճախ մեր տունը կու գար, երբեմն ճաշի կը մնար, յետոյ երեկոն հայրիկիս հետ կ՛անցընէր:
Սպենդիարեանը հետաքրքրուեցաւ «Անուշ» պոէմով. կ՛ուզէր ձայնագրել: Բայց ծանօթանալէ ետք նիւթը միանգամայն անծանօթ գտաւ: Որոշեցին ամրան միասին Լոռի երթալ: Յետոյ հայրիկը կարդաց «փարվանա»-ն. երաժիշտը հաւնեցաւ եւ աւելի յարմար գտաւ օփերայի համար, բայց նկատեց, որ նիւթը փոքր էր: Հայրիկէս խնդրեց, որ որոշ հատուածներ ընդարձակէ, երգեր աւելցնէ եւ այդպէս իրեն հնարաւորութիւն տայ օփերա գրելու: Հայրիկս կարծես հասկցաւ երաժիշտին ցանկութիւնը եւ կարդաց «թմկաբերդի առումը»:
Սպենդիարեան ուրախացած` տեղէն վեր թռաւ եւ ոգեւորուած սկսաւ սենեակին մէջ ման գալ: Առանձնապէս հաւներ էր նախերգանքը: Ոգեւորուած կը քալէր ու կ՛արտասանէր:
«Հէ՜յ, պարոններ, ականջ առէք թափառական աշուղին…»:
Երկուքով նստած` մինչեւ ուշ գիշեր պոէմը արարներու բաժնեցին, պատկերներ գծեցին:
Հայրիկին ցանկութեամբ օփերան «Գոհար» պիտի կոչուէր` իշխանուհիին անունով, բայց, ինչպէս հետագային Ալեքսանդր Սպենդիարեանը բացատրեր է, երկու ձայնաւորներու` օ-ի եւ ա-ի հարեւանութիւնը խանգարեր էր երաժշտութիւնը գրելու ժամանակ, ուստի «Գոհար»-ը փոխարիներ է այդ անուան հոմանիշ «Ալմաստ» անունով:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…
Մեզ շրջապատող շատ մը իրեր` մուճակ, անուշահոտ, բարձ եւ այլն… ունին պահպանման ժամկէտ եւ անհրաժեշտ է որոշ ժամանակ մը ետք զանոնք փոխարինել նորով մը: Իսկ դուք գիտէ՞ք կարգ մը իրերու պահպանման ժամկէտի տեւողութիւնը. եկէ՛ք` ստուգենք:
– Սանտրը կարելի է յաւիտեան գործածել:
Սխալ: Սանտրը եւ մազի խոզանակը պէտք է տարին անգամ մը նորով փոխարինել, իսկ շաբաթը անգամ մը հիմնական մաքրել տաք օճառ-ջուրով:
– Ակռայի խոզանակը կարելի է օգտագործել, մինչեւ որ մաշի:
Սխալ: Ակռայի խոզանակը մանրէներու իսկական պահեստարան է, զայն նորով մը պէտք է փոխարինել 3 ամիսը անգամ մը:
– Օծանելիքը կարելի է օգտագործել, մինչեւ սրուակին պարպուիլը:
Սխալ: Անուշահոտի մը կեանքը 1-էն 3 տարի է: Եթէ սրուակը բացուած է, նախընտրելի է 2 տարուան ընթացքին գործածել եւ սպառել զայն:
– Անձեռոցները կարելի է օգտագործել, մինչեւ որ մաշին:
Սխալ: Լոգանքի անձեռոցներն ու երեսի սրբիչները մանրէներու բազմացման յարմար միջավայրեր են: Զանոնք պէտք է փոխարինել նորերով` 3 տարին անգամ մը: Նաեւ չմոռնալ, որ ժամանակի ընթացքին անոնք կը կորսնցնեն իրենց որակը:
– Բարձերը պէտք է փոխել 2-3 տարին անգամ մը:
Ճիշդ: Ժամանակի ընթացքին բարձերը կը փոխեն իրենց ձեւը եւ որակը. հետեւաբար զանոնք նորերով պէտք է փոխարինել 2-3 տարին անգամ մը: Չմոռնալ նաեւ, որ անոնք մանրէներու յառաջացման իսկական բոյն են:
– Հողաթափերը անհրաժեշտ է փոխել 6 ամիսը անգամ մը:
Ճիշդ: Հողաթափերը յարմար միջավայր են սնկային վարակներու յառաջացման համար: Զանոնք պէտք է փոխել 6 ամիսը անգամ մը եւ ամիսը անգամ մը լուալ, եթէ հնարաւոր է: Եւ իբրեւ ոսկի կանոն` կարելի չէ ուրիշին հողաթափ հագնիլը կամ անձնական հողաթափերը ուրիշին փոխ տալը:
– Կանացի կրծկալները պէտք է փոխել ամէն տարի:
Սխալ: Կանացի կրծկալը կարելի է գործածել 1-էն 2 տարի, յատկապէս եթէ որակաւոր տեսակի է: Մէկ-երկու տարի ետք կանացի կրծկալը ոչ միայն կը ձեւափոխուի, այլեւ կը կորսնցնէ իր առաձգականութիւնը:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Կիտրոնի Օգտագործումը
Տան Մաքրութեան Մէջ
Եթէ մինչեւ հիմա շուկայէն քիմիական սուղ արժող դեղեր կը գնէիք տան մաքրութեան համար, այսուհետեւ ձեր սառնարանին մէջ ունեցէք մէկ-երկու կիտրոն` մաքրելու, ախտահանելու, հոտերը հեռացնելու համար: Ահա` թէ ինչպէ՛ս…
– 1 –
Հայելին մաքրելու համար հեղուկ փչող-սփռող շիշին մէջ 50 սլ. ջուր եւ 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ լեցուցէք, ցնցեցէք եւ օգտագործեցէք: Լաթի փոխարէն` օգտագործեցէք սովորական թերթը:
– 2 –
Ապակիները մաքրելու համար փչող-սփռող շիշին մէջ լեցուցէք կէս բաժակ ճերմակ քացախ, 1 լիթր ջուր եւ ապուրի 2 դգալ կիտրոնի հիւթ: Բնական միջոց մը` կատարեալ արդիւնքի համար:
– 3 –
Լոգանքի ցնցուղին ծակտիկները կիրի կամ օճառի պատճառով խցուա՞ծ են, փչող-սփռող շիշին մէջ կիտրոնի հիւթ լեցուցէք եւ սրսկեցէք ցնցուղին ծակտիկներուն վրայ. 5 վայրկեան սպասեցէք, ապա բացէք ջուրը եւ պիտի զգաք տարբերութիւնը: Կիտրոնի հիւթը ոչ միայն կը քայքայէ գոյացած կիրը այլեւ կը հականեխէ ցնցուղը:
– 4 –
Խոհանոցի աշխատանքի տախտակը մաքրելու, հոտերը հեռացնելու լաւագոյն եւ ամենաժան միջոցը դարձեալ կիտրոնն է: Կիսուած կիտրոնին վրայ աղ ցանեցէք եւ ամուր շփեցէ՛ք տախտակը: Սպասեցէք առնուազն 10-15 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք: Հականեխուած եւ հոտերէ զերծ տախտակը պատրաստ է օգտագործման:
– 5 –
Հինցած ապունգին երկրորդ կեանք մը տալու եւ թարմացնելու համար զայն ամբողջ գիշեր մը թրջեցէք տաք ջուրով եւ կիտրոնի հիւթով լեցուն ամանի մը մէջ: Յաջորդ օրը ճզմեցէ՛ք սպունգը եւ ձգեցէ՛ք, որ չորնայ, անիկա նորի տեսք պիտի ստանայ:
– 6 –
Սպիտակ շապիկի թեւատակերուն գոյացած դեղին բիծերը մաքրելու համար յաճախ կը դիմէք Օ տը Ժաւելին: Այսուհետեւ թեւատակերու դեղնած բաժինները մաքրելու համար զանոնք շփեցէք 50% ջուր, 50% կիտրոնի հիւթ եւ պտղունց մը սոտայի լուծոյթով:
– 7 –
Ձեր մանրալիքը մաքրելու համար խորունկ ամանի մը մէջ ջուր լեցուցէք, կիտրոնի հիւթ եւ քանի մը կտոր կեղեւ աւելցուցէք եւ աշխատցուցէք: Գոլորշին «կը քակէ» աղտերը, կ՛ախտահանէ եւ հաճելի բոյր կը ձգէ իր ետին:
– 8 –
Խոհանոցի կամ բաղնիքի լուացարանը մաքրելու լաւագոյն միջոցը դարձեալ կիտրոնն է: Կիսուած կիտրոնով մը շփեցէք լուացարանին պատերն ու ծորակները: Այսպիսով, թէ՛ մաքրած, թէ՛ ախտահանած եւ թէ՛ հոտերը հեռացուցած կ՛ըլլաք:
– 9 –
Արդուկին խցուած ծակտիկները մաքրելու եւ գոյացած կիրը քայքայելու համար յատակը շփեցէք կիսուած կիտրոնի կտորով մը, որուն վրայ կերակուրի աղ ցանած ըլլաք, ապա անմիջապէս ցօղուեցէք խոնաւ սպունգով մը եւ չորցուցէք փափուկ լաթով մը:
Ժամանց
Ի՞նչ Դիրքով Կը Բռնէք
Ձեր Բաժակը
Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ընտրեցէք բաժակ բռնելու ձեր տարբերակը, ապա կարդացէք մեկնաբանութիւնը:
Սրամիտ, ընկերական, ճկուն եւ անկեղծ մարդ էք: Ձեր շրջապատը անտարբեր չէ այս բոլոր դրական յատկութիւններու դիմաց: Փնտռուած եւ գնահատուած էք շատերու կողմէ:
Միւս կողմէ` յամառ էք եւ վճռական, ժամանակէն առաջ կ՛աւարտէք ձեզի վստահուած գործերը: Դժուար խնդիրներուն լուծում գտնելու ձիրք ունիք, այս պատճառով ալ ձեզի յաճախ ղեկավարի պաշտօններ կը վստահին:
Տարբերակ թիւ 2
Նպատակասլաց ղեկավար էք: Անկախ եւ վճռական նկարագրի տէր անձնաւորութիւն: Մինչեւ ծայր կը պաշտպանէք ձեր տեսակէտները, երբեք չէք նահանջեր դժուարութիւններուն դիմաց:
Շատեր կ՛ուզեն ձեզի նմանիլ:
Տարբերակ թիւ 3
Մարդիկ կը գնահատեն ձեր բարի եւ ջերմ բնաւորութիւնը: Ուրախութիւն կը բերէք հոն, ուր կը գտնուիք: Ընկերասէր էք եւ շուտ կը մտերմանաք:
Հետաքրքրասէր էք, ստեղծագործ միտք եւ առողջ դատողութիւն ունիք:
Տարբերակ թիւ 4
Ձեր քայլերը միշտ մտածուած եւ տրամաբանական են:
Առիթ չէք տար, որ ձեր զգացումները ղեկավարեն ձեզ: Ձեր խօսքերը կշռուած եւ իմաստալից են: Սակաւախօսութիւնը ձեր բնաւորութեան գլխաւոր կէտն է:
Խոհագիր
Իտալական Կարկանդակ
Ահաւասիկ` դիւրին եւ արագ պատրաստուող, տաք կաթով իտալական կարկանդակի բաղադրատոմս մը:
Բաղադրիչներ`
– 200 կ. ալիւր
– 200 կ. շաքար
– 4 հաւկիթ
– 160 մլ կաթ
– 1 թէյի դգալ թթխմոր
– 80 կ. կարագ
– 1 թէյի դգալ սոտա
– Վանիլլա
Պատրաստութիւն
Հաւկիթն ու շաքարը լաւ զարնել, մինչեւ փրփրին:
Կաթը եւ կարագը կրակին վրայ տաքցնել:
Հաւկիթին եւ շաքարին վրայ յաջորդաբար աւելցնել` ալիւրը, վանիլլան, սոտան եւ թթխմորը` տեւաբար խառնելով, որպէսզի միատարր թանձրուկ մը ստացուի:
Տաք կաթը քիչ-քիչ աւելցնել վերոյիշեալ թանձրուկին եւ շարունակել թել դգալով զարնել, ապա, ստացուած խմորը փոխադրել նախապէս կարագով ծեփուած կաղապարին մէջ եւ շուրջ 35 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ` 180 ջերմաստիճանով:
Փուռէն հանելէ ետք տաք կարկանդակին երեսը փոշի շաքար ցանել եւ պաղելէն ետք մատուցել:
****
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նախանձում Եմ
Ես նախանձում եմ նրանց բոլորին,
Ովքեր ապրում են հաւատով խորին,
Ովքեր լաւ գիտեն, թէ ուր են քայլում,
Ում դէմ են ելնում, ում համար փայլում,
Թէ տրտնջում են` ինչ բանի վրայ,
Թէ քրքջում են` ինչ բանի վրայ,
Ինչո՛ւ են նետւում, ի՛նչ թոհուբոհում,
Յանուն ի՛նչ բանի կեանքերն են զոհում…
Բարի նախանձով նրան եմ յիշում,
Ով չի մոլորւում անթափանց մուժում,
Ով չի վհատւում երկար վերելքից,
Չի յուսահատւում վայրի տարերքից,
Ով ստի հանդէպ բերան չի փակում,
Ով հոտած ջրում ուռկան չի ձգում,
Չի նայում կեանքին իբրեւ բոստանի,
Որտեղից պիտի չաղ բաժին տանի…
Ես նախանձում եմ նրան, վերջապէս,
Անհուն նախանձով նրան եմ յիշում,
Ով հոգում չունի նախանձի նշոյլ.
Ով աչք չի տնկում սուտ փառք ու պատուին
(Ինչպէ՞ս նախանձես այն ճարպիկ կատուին,
Որ մի չաղ պատառ միս է թռցըրել)…
Իսկ ով հատիկն իր հասկ է դարձըրել,
Ով սերմ է ցանել ու բերք է հնձում,
Անբանն է միայն նրան նախանձում…
Բանից պարզուում է,- ես ու իմ հոգին,-
Որ չեմ նախանձում կեանքում ո՜չ ոքի…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ