Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ժամանց. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ձեր ենթագիտակցութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի ձեր տեսածին վրայ: Բացայայտեցէք ձեր բնաւորութեան գիծերը` պատասխանելով այս միակ հարցումին. «Ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին»:

Կէտ

Եթէ առաջին հերթին կէտ տեսաք, հաստատակամութիւնն ու աշխատասիրութիւնը ձեր գլխաւոր յատկանիշներն են:

Դուք չափազանց նպատակասլաց մարդ էք, վարժ` միշտ հասնելու ձեր նպատակին: Նաեւ դուք օժտուած էք զօրաւոր անհատականութեամբ եւ առաջնորդական յատկանիշներով:

Աչք

Եթէ առաջին հերթին աչք տեսաք, խորաթափանցութիւնը ձեր գլխաւոր յատկանիշն է: Ձեզ կարելի է անուանել հոգեկան եւ մարդու հոգիի փորձագէտ: Դուք լաւ կը տիրապետէք  մարդոց եւ կրնաք դիւրաւ լեզու գտնել ոեւէ մէկուն հետ: Կազմակերպչական ձեր արժանիքը կրնայ ձեզի հասցնել պատասխանատու պաշտօններու: Ձեր կարծիքը շատեր կը լսեն ու կը գնահատեն:

Սեւ Կերպարանք

Եթէ առաջին հերթին սեւ կերպարանք տեսաք, ցաւօք հոգեպէս յոգնած եւ խոցելի անձ էք: Արդէն ժամանակն է, որ դուք ձեզի հոգ տանիք, հանգստանաք եւ ձեր միտքերը հաւաքէք, այլապէս ջղային խանգարումի թիրախ կրնաք դառնալ:

Հոգեբանին Կարծիքով

Հնարքներ` Աւելի Քիչ Ուտելու Համար

 

Բրիտանացի յայտնի հոգեբան, դասախօս եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Ռիչըրտ Ուայզման մեզի կ՛առաջարկէ աւելի քիչ ուտելու հետաքրքրական հնարքներ. ստորեւ` 5 օրինակներ.

1.- Կերէք փոքր պնակի մէջէն: Տարբեր չափի երկու պնակներու մէջ նոյն քանակութեամբ կերակուրը փոքր պնակին մէջ աւելի շատ կը թուի եւ աւելի աչք կը կշտացնէ, նուազ կը մատնուիք երկրորդ անգամ մը նորոգելու փորձութեան:

2.- Եթէ աջլիկ էք, կերէք ձախով եւ հակառակը: Ըստ բրիտանացի հոգեբանին, ձեր ուտելիքին չափաքանակը 20 տոկոսով կը նուազի:

3.- Գործածեցէք նեղ, երկարավիզ բաժակներ: Առաջին նայուածքով կարճ, լայն բաժակը աւելի քիչ հեղուկ կը պարունակէ, քան` երկար բաժակը: Անշուշտ ատիկա պատրանք է, բայց եւ այնպէս…

4.- Խոհանոցը հայելի զետեղեցէք: Պարզուած է, որ հայելիին առջեւ մարդիկ աւելի գիտակցաբար կը մօտենան ուտելիքին եւ կ՛ընտրեն աւելի առողջապահականը: Պարզուած է նաեւ, որ հայելիին դիմաց մարդիկ կը քաշուին եւ նուազ կ՛ուտեն:

5.- Բրիտանացի հոգեբանը կը թելադրէ ծամոն ծամել ամէն անգամ որ անօթութիւնը կը յայտնուի: Նախընտրութիւնը տալ մրգային յաւելումներով եւ շաքարէ զերծ տեսակներուն:

Դափնիի Տերեւի
Անհամար Բարիքները

Ամերիկայի բնիկ հնդիկները դափնին կը համարէին սուրբ բոյս: Յոյներն ու հռոմէացիները դափնիի տերեւներով պատրաստուած պսակներով կը պատուէին իրենց հերոսներն ու ախոյեանները:

Այսօր արդէն այս բոյսը յաճախ կ՛օգտագործուի դեղերու պատրաստութեան մէջ` իբրեւ ցաւազերծիչ, հակաբորբոքային եւ մանրէասպան միջոց:

Շատերուս տան մէջ դափնիի տերեւները կ՛օգտագործուին կերակուրներու պատրաստութեան մէջ, յատկապէս` մսեղէնները թրծելու եւ եփելու ընթացքին:

Շատեր դափնիի տերեւներ կը զետեղեն ընդեղէններու պարկերուն մէջ` իբրեւ ճճիները հեռու պահող միջոց: Բայց ամենակարեւորը այն է, որ դափնիի տերեւը մաքրող միջոց է` ակնառու արդիւնաւէտութեամբ: Այսինքն` դափնիի տերեւի օգտագործումը դիւրին եւ աժան միջոց է տան մաքրութեան համար:

Պարզուած է, որ այս բոյսը հիանալի ախտահանիչ եւ միջատները վանող զէնք է` յատկապէս ցեցերէ, ուտիճներէ եւ այլ միջատներէ պաշտպանուելու համար:

Դափնիի Տերեւները` Որպէս Հանգստացնող Միջոց

Մեր օրերուն դափնիի տերեւները կ՛օգտագործուին եոկայի սրահներուն, մարձումի սրահներուն եւ առողջարաններուն մէջ: Քիչեր տան մէջ դափնիի տերեւ կը վառեն. անոր հանգստացնող յատկութիւնները ցարդ բոլորին ծանօթ չեն: Եկէ՛ք իմանանք, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, եթէ տան մէջ դափնիի տերեւ վառենք: Այսպէս, խնկամանին կամ մետաղեայ ամանի մը մէջ քանի մը դափնիի տերեւ վառելու պարագային`

– Սենեակը կը լեցուի անուշ բոյրով:
– Սենեակին մէջ կը տիրէ հանգիստ, խաղաղ մթնոլորտ` շնորհիւ վառող տերեւներու բոյրին:
– Սենեակը կը մաքրուի ժխտական ալիքներէն:
– Կը նուազի ընկճախտը, լարուածութիւնը, անձկութիւնը:
– Կ՛ախտահանուի սենեակը եւ կը կորչին անբաղձալի միջատները:

Բժիշկներու կարծիքով, վառած դափնիի հոտը թելադրելի չէ յղի կիներուն, 7 տարեկանէն վար երեխաներուն եւ շնչառական որոշ հիւանդութիւններէ տառապող անձերուն:

Նախապաշարումներ

– Ոմանք իրենց դրամապանակին մէջ դափնիի տերեւ մը կը պահեն` այն հաստատ համոզումով, որ իրենց դրամապանակը միշտ լեցուն պիտի մնայ…
– Նոր գործի դիմողներ կամ ամսականի յաւելում ակնկալողները դափնիի տերեւ կը պահեն իրենց գրպանին կամ պայուսակին մէջ` դրական արդիւնքի ակնկալիքով:
– Ոմանք դափնիի տերեւ կը դնեն իրենց բարձին տակ, եթէ յաջորդ օրը կարեւոր գործի մը պիտի ձեռնարկեն, ճակատագրական որոշում մը պիտի տան կամ դժուար հարց մը պիտի լուծեն…

Պահքի Խոհագիր

 Պասուց Տոլմա

Պասուց տոլման հայկական տօնական սեղաններու զարդն է, ինչպէս նաեւ շատ յարմար եւ առողջապահական ուտելիք մը՝ պահքի շրջանին:

Բաղադրիչներ

Կէս գաւաթ կիսաեփ եւ կեղեւազերծուած սիսեռ
Կէս գաւաթ կիսաեփ կարմիր լուբիա
Կէս գաւաթ կիսաեփ ոսպ
Կէս գաւաթ կիսաեփ բրինձ
Կէս գաւաթ կիսաեփ խոշոր ձաւար
Խոշոր կաղամբ մը
2 հատ մանրուած սոխ
1-2 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս (նայած թանձրութեան)
Կէս գաւաթ մանրուած ազատքեղ
Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
Կէս գաւաթ բուսական ձէթ

Պատրաստութիւն

Ձէթին մէջ տապկել սոխը, մինչեւ թափանցիկ դառնայ:

Աւելցնել լոլիկէ խիւսը եւ բոլոր կիսաեփ ընդեղէնները: Շարունակել տապկել 2-3 վայրկեան:

Վերջապէս աւելցնել մանրուած ազատքեղը, աղն ու պղպեղը: Խառնել, ահա լցոնը պատրաստ է:

Կաղամբի տերեւները մէկիկ-մէկիկ բաժնել եւ եռացող ջուրի մէջ խաշել ու քամոցի մէջ փոխադրել:

Տերեւներուն մէջ միջուկ լեցնել, փաթթել եւ կաթսային մէջ քով-քովի խիտ շարել, ապա երեսը պնակ մը զետեղել:

Աղ-ջուր պատրաստել, լեցնել տոլմաներուն վրայ եւ միջին կրակի վրայ 25-30 վայրկեան եփել:

Մատուցել գաղջ կամ պաղ:

Պասուց տոլմա, ա՛խ թանկ տոլմա,
Լաւ ուտեստ է ամանորեայ,
Որ յատուկ է սոսկ հայերին,
Ու կիսով չափ եւ յոյներին:
Խառնիր իրար հաճար, սիսեռ,
Ոսպ ու լոբի, նաեւ հաճար,
Մի օր եփիր, տասն օր հա կեր:
Շատ համեղ է եւ օգտակար,
Ուրիշ աւել ինչ կայ յարմար:

******

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կաթիլներ

Երդիկներէն
Անհամար երդիկներէն մէկ հատին
Եզրին վրայ կամ ծայրին
Ջուրի կաթիլ մը կը սահի կը հանդիպի ուրիշի մը ու
կ՛ըսէ –
Գիտե՞ս ինչ բան
Քու մէջդ ինչ բան ամէնէն շատ
Ամէնէն շատ կը սիրեմ –
Դուն ոչ մէկուն եւ ոչ մէկուն կը նմանիս…
Տանիքներէն
Բիւրաւոր տանիքներէն
Մէկուն ծայրին կամ եզրին
Ջուրի երկու կաթիլներ – կաթիլներուն պէս բոլոր
Արեւուն նոյն ճառագայթէն նետահար
Ու նորաբաց ծիածանովն արբեցած
Կը միանան իբրեւ պտուկ մը լոյսի
Կը միանան իբրեւ պտուղ երկնածին
Ու միաձոյլ – ծանրացած
Կ՛իյնան հողին երջանկութեան արտասուքի պէս վճիտ
Ու մին կ՛ըսէ միւս կէսին –
Գիտե՞ս ինչ բան ամէնէն շատ
Պիտի ուզեմ յաջորդ անգամ
երբ աշխարհ գամ ու կաթիմ –
Յար եւ նման քեզի նման կաթիլի մը հանդիպիլ…

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>