Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երբեւէ մտածե՞ր էք, թէ ինչո՛ւ Կապան-Քաջարան մայրուղիին վրայ գտնուող արջը բանալի կը կրէ իր բերնին մէջ, կամ` ինչո՞ւ Գանձասարի լեռներուն արջի արձան տեղադրուած է…
«Քաջարանի բանալին» յուշարձանը կը գտնուի Սիւնիքի մարզին մէջ, Կապան-Քաջարան մայրուղիի ձախ կողմը, Ողջի գետին աջ ափին: 1976-ին կառուցուած այս հրաշալի ստեղծագործութեան հեղինակն է կապանցի քանդակագործ Մարատ Նուրիջանեանը:
Արջը, որ իր բերնին մէջ բանալի բռնած է, կը խորհրդանշէ Սիւնիքի ժողովուրդը եւ բարեբեր հողը, որուն համար պայքարեր են սիւնեցիները:
Աւանդազրոյցի մը համաձայն, հայոց Արտաւազդ թագաւորը թշնամիներէն պաշտպանուելու համար իր գանձերը կը պահէ լերան մը մէջ եւ այդ վայրը կը կոչէ Գանձասար: Ան գանձերու բանալին կը յանձնէ լեռներու տիրակալ արջին, որ բանալին պիտի փոխանցէր միայն անոնց, որոնք այդ գանձերը պիտի օգտագործէին ի նպաստ ժողովուրդին:
Արջի բերնին մէջ բանալիի մտայղացումը քանդակագործ Մարատ Նուրիջանեանինն է: Անոր խօսքով, «Դա կը լինի մեր երկրամասի գանձերի բանալին: Բանալին արջի բերանից պիտի կախել, որպէսզի ոչ ոք, մեր ժողովուրդից բացի, ոչ մի օտար չհամարձակի խլել մեզնից մեր գանձերի բանալին»:
Երեխայի Դաստիարակութիւն
Նիստուկացի 11 Տարրական Կանոններ
Մանկավարժներու կարծիքով, կան նիստուկացի հետ կապուած 11 տարրական կանոններ, զորս երեխաները պէտք է իմանան եւ գործադրեն:
1.- Բարեւել.- Ամչկոտ երեխաները կը մերժեն բարեւել. նման պարագաներու դիտողութիւնն ու յանդիմանութիւնը նպատակի չեն ծառայեր, նախընտրելի է բացատրել, թէ ինչո՛ւ պէտք է բարեւել, նոյնիսկ եթէ հազիւ 3 տարեկան է ան:
2.- Ընդունիլ Հաճոյախօսութիւնը.- Երբ երեխան դրուատուի իր մէկ լաւ արարքին համար, պէտք է շնորհակալութիւն յայտնէ խօսակիցին` փոխանակ «գիտեմ» ըսելու կամ մօրը փէշերուն ետին պահուըտելու:
3.- Շնորհակալութիւն Յայտնել.- Երեխան շատ կանուխէն պէտք է սորվի շնորհակալութիւն յայտնել. բան մը, որ յաճախ կը մոռնայ, իսկ ծնողքին կը մնայ տեւաբար յիշեցնել եւ պահանջել` անմիջապէս որ երեխան լեզու ելլէ:
4.- Կարգին Սպասել.- Բոլոր կացութիւններուն մէջ երեխան պէտք է վարժուի իր կարգին սպասելու: Տունը, դպրոցը, թէ այլուր ան պէտք է կանուխէն համբերատարութեան վարժուի:
5.- «Խնդրեմ» Ըսել.- Կանուխէն երեխան պէտք է սորվի «խնդրեմ», «հաճիս» ըսել: «Կ՛ուզեմ» անքաղաքավար եւ կոպիտ բառ է, որմէ պէտք է հրաժարի:
6.- Մարզական Ոգի Ունենալ.- Երեխան պէտք է սորվի լաւ խաղալ, շահիլ, բայց նաեւ ընդունիլ պարտութիւնը: Ան պէտք է իմանայ, որ ինք աշխարհի կեդրոնը չէ, ենթադրուած չէ մնայուն ձեւով յաղթելու, հետեւաբար պարտութիւնը ողբերգութեան վերածելը, կռուիլը կամ լալը սխալ հակազդեցութիւններ են:
7.- Դուռը Բռնել.- Երբ երեխան որեւէ տեղ կը մտնէ` տուն, վերելակ, խանութ, պէտք է սորվի դուռը բանալէ ետք զայն բռնել, որպէսզի ետեւէն եկողները եւս մտնեն:
8.- Տարբերութիւնները Ընդունիլ.- Երեխան պէտք է կանուխէն սորվի իրմէ տարբերները ընդունիլ եւ յարգել: Այսպէս, անոնց պէտք է բացատրել, թէ ինչո՛ւ ոմանք սպիտակամորթ են, ուրիշներ` սեւամորթ, ինչո՛ւ ոմանք հաշմանդամ են, ինչո՛ւ ոմանք տարբեր ոճի հագուստներ կը կրեն, կամ տարբեր ձեւով կ՛աղօթեն:
9.- Կիսուիլ Ուրիշին Հետ.- Երեխան պէտք է վարժուի կարգ մը բաներ ուրիշին հետ բաժնեկցելու, օրինակ, խաղալիքները: Եսակեդրոն, անձնասէր երեխան ապագային ընկերային լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ:
10.- Իմանալ Սեղանի Կանոնները.- Երեխան կանուխէն պէտք է սորվի բերանը գոց ուտել, ուտելու պահուն չխօսիլ, արմուկները սեղանին վրայ չդնել եւ այլն…
11.- Մեծերը Յարգել.- Երեխան պէտք է սորվի իրմէ մեծերը յարգել` իր տեղը անոնց զիջելով, օգնելով, անոնց հետ «դուք»-ով խօսելով եւ այլն…
Նորաձեւութեան Աշխարհէն
Վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ նորաձեւութեան տարրերով համեմուած շատ հետաքրքրական ցուցահանդէս մը, որուն հեղինակն էր «Kivera Naynomist» ապրանքանիշի ոճաբան Արեւիկ Սիմոնեանը:
Ոճաբանին խօսքով, ցուցադրութեան գաղափարին հիմքը ոչ թէ հագուստի ցուցադրութիւնն էր, այլ` հայկական մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը:
«Մենք կորցրել ենք մեր մշակութային կոթողները, եկեղեցիները, արցախեան եդեմական հողերը: Մտածում էի` ինչպէ՛ս կարող եմ աշխարհին ցոյց տալ մեր բազմադարեայ մշակոյթը: Գուցէ զարմանալի լինի, թէ ինչպէ՛ս կարող ենք նորաձեւութեան միջոցով մեր ձայնը լսելի դարձնել: Բայց ես հաւատում եմ դրան, որ եթէ ամէն մէկս մեր գործով պայքարենք, ինչ¬որ բան կարող ենք փոխել: Ես կարող էի միայն մշակոյթով ու իմ գործով պայքարել», կ՛ըսէ ոճաբանը:
Ցուցահանդէսը կայացաւ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, ուր դահլիճը բաժնուած էր 8 սրահներու` «Երկինք», «Ծնունդ», «Մկրտութիւն», «Օրհնութիւն», «Մեղսագործութիւն», «Ցաւ», «Կորուստ» եւ «Դատարկութիւն»… Սրահէ սրահ շրջող հանդիսատեսը ոչ միայն ծանօթացաւ Սիմոնեանի վերջին ստեղծագործութիւններուն, որոնք ցուցադրուած էին մանըքեններու վրայ, այլ ցուցահանդէսի ամբողջ տեւողութեան հնչող հոգեւոր երաժշտութիւնը եւ խորհրդաւոր լուսաւորութիւնը աւելի եւս օգնեցին հանդիսատեսին` ներթափանցելու Արեւիկ Սիմոնեանի հոգեվիճակին մէջ:
«Նպատակս հաւաքածոյի հանրայնացումը կամ նոր գաղափարների տարածումը չէր: Իմ նպատակի հիմքում մեր հաւատքն էր: Ուզում էի ցոյց տալ, որ մենք առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք, ու դա պատահական չէ: Ուզում եմ, որ այս ցուցադրութիւնից հանդիսատեսը դուրս գալիս ոչ թէ ասի` «Հետաքրքիր ցուցադրութիւն էր», այլ իրեն հետ տանի ինքն իրեն վերանայելու, արժեւորելու ու մեր ունեցածը գնահատելու գաղափարը», կ՛ըսէ Սիմոնեան:
**
«Kivera» ապրանքանիշի հիմնադիրը 4 տղաներու մայր է եւ շատ լաւ գիտէ խաղաղութեան գինը: Եւ քանի որ հաւաքածոյին գաղափարը ծագեր էր յետպատերազմեան շրջանին, ապա պատերազմի թեման կարելի չէր չընդգրկել այս ցուցահանդէսին մէջ:
«Ես ցանկացել եմ ցոյց տալ ոչ թէ պատերազմը, այլ` մարդու անցնելիք ճանապարհը: Իւրաքանչիւր ցաւ, որ կապուած է կորստի հետ, տանում է քեզանից ինչ-որ մի բան: Ու մենք պէտք է ընտրենք բարին, լինենք մեր եկեղեցու, հաւատքի կողքին եւ կարող ենք շատ մեծ ու լուսաւոր ճանապարհ ունենալ», կ՛եզրափակէ Արեւիկ Սիմոնեան:
Նշենք, որ այս ցուցադրութիւնը պիտի ներկայացուի 7 տարբեր երկիրներու մէջ:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող 5 Հնարքներ
– 1 –
Եթէ տրամադիր չէք թացանի յատուկ պնակներ գնելու, պարզապէս ձեր թացանները մատուցեցէք քափ քէյքի յատուկ ափսէի մը մէջ:
– 2 –
Որպէսզի լուալու ընթացքին ձեր գլխարկը չձեւափոխուի, նախքան մաքրութեան ձեռնարկելը` անոր մէջ ուռած փուչիկ մը տեղաւորեցէք:
– 3 –
Կծու պղպեղին դպչելէ ետք ձեր ձեռքերուն հնդկընկոյզի իւղ քսեցէք, որպէսզի ձեր աչքերը չայրին զանոնք սխալմամբ շփելու պարագային:
– 4 –
Երբ նոր գնուած բոյս մը տուն բերէք, զայն դրէք լուսաւոր տեղ մը եւ առնուազն մէկ շաբաթ չտեղափոխէք զայն:
– 5 –
Առաւօտեան 2 զարթուցիչ լարեցէք, սկիզբը թրթռացողը, յետոյ` լսելին: Թրթռացող զարթուցիչը կ՛օգնէ ձեզի մեղմօրէն արթննալու, իսկ երկրորդ ձայնային ազդանշանը կը հաստատէ, որ դուք լիովին արթուն էք:
Պահքի Խոհագիր
Դդումով Թաթխան
Թաթխան կը նշանակէ հացը մէջը թաթխելու համար նախատեսուած թացան-թանձրուկ, ինչպէս` հըմմոսը, մութապպալը եւ այլն…
Այսօր կը ներկայացնենք դդումով պատրաստուած համեղ թաթխանի բաղադրատոմս մը:
Բաղադրիչներ
– Կէս քիլօ դդում (լուացուած, կեղուըւած եւ խորանարդներու կտրատուած)
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Կէս գաւաթ թահին
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ
Պատրաստութիւն
Դդումը խաշել, քամոցէ անցընել եւ խիւսի վերածել:
Աւելցնել` թահինը, աղը, սխտորը, կիտրոնի հիւթը, քանի մը կաթիլ ջուր եւ ձէթը: Բոլորը միատեղ լաւ խառնել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:
Մատուցել խրթխրթան հացի կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ազատութիւնը
Եւ ա՛յն հասկացայ,
Ո՜վ Ազատութիւն,
Որ կարծեմ շատ ես դու նման աղի.
Երբ քեզ պեղում են`
Հանում ընդերքից,
Իրենց ձեռքերն են մարդիկ կտրատում,
Ինչպէս ապակուց…
Ու երբ լուծւում ես`
Ճիշդ աղի նման
Դու չես երեւում,
Դու համ ես դառնում…
Իսկ եթէ չկաս`
Անհամութիւն է,
Որ եւ կարող է կոչուել բռնութիւն…
Իսկ եթէ չկաս`
Կարող է հոտել
Ե՛ւ թանկ սնունդը,
Որ հոգեւոր է…
Իսկապէս որ դու նման ես աղի:
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Թիֆլիս
1959