Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեկոյեան ծնողները անհամբեր կը սպասեն, թէ ե՛րբ իրենց «չարաճճի» երեխան վերջապէս հանգիստ կը պառկի, աչքերը կը փակէ ու քունի կ՛անցնի: Բայց ցաւօք, կ՛անցնի ժամը մը, երկու, իսկ երեխան տակաւին կայտառ կը թռչկոտէ անկողինին մէջ:
Որպէսզի երեխան քնացնելը տաժանակիր աշխատանքի չվերածուի, նախքան անոր անկողին ղրկելը պէտք է մտածել մէկ-երկու հանգիստ խաղերու մասին, որոնք կ՛օգնեն փոքրիկին քնանալ առանց քմայքի, լացի կամ դժգոհութեան:
Խաղի Հետաքրքրական
Տարբերակներ
– Ջուրով խաղալը կը հանդարտեցնէ: Լոգարանին մէջ ջուր լեցուցէք եւ ձեր երեխային տուէք անվնաս իրեր` դոյլ, սպունգ. թող սպունգին միջոցաւ դոյլը ջուրով լեցնէ:
– Թուղթ պատռելը երեխաներուն մեծագոյն հաճոյքներէն մէկն է: Թուղթ պատռելը կը թեթեւցնէ երեխային լարուածութիւնը: Անոր տուէք հին ամսաթերթերու էջեր, եւ միասին զանոնք պատռեցէք` հանգիստ շարժումներով: Վերջապէս անոր արտօնեցէք ցատկռտել պատռած թուղթերու կոյտին վրայ:
– Երեկոյեան երեխային համար ընտրեցէք զուարճալի խաղեր, ուր մրցակցութիւն չկայ: Օրինակ գետինը շարեցէք անվնաս, փափուկ խաղալիքներ, քիչ մը անդին զետեղեցէք լուացքի տաշտ մը եւ անոր սորվեցուցէք, որ փակ աչքերով մէկիկ-մէկիկ հաւաքէ խաղալիքները եւ զանոնք լեցնէ տաշտին մէջ:
Բացի այս խաղերէն, անհրաժեշտ է կարեւորել հետեւեալ կէտերը.
– Երեկոյեան նախընտրելի է անջատել հեռատեսիլը: Անոր արձակած ելեկտրամագնիսական ալիքները կը գրգռեն փոքրիկին ուղեղը եւ կը խանգարեն քունը: Նոյնպէս ալ` երեխայէն հեռու պահել ելեկտրոնային բոլոր տեսակի սարքերը:
– Եթէ երեկոյեան երեխային գիրք կարդալու լաւ սովորութիւնը ունիք, ընտրեցէք այնպիսի պատմութիւններ, որոնց նիւթերը ըլլան բարի ու լաւ աւարտ ունենան:
– Քնանալու պատրաստուող երեխան ամբողջական մութի մէջ մի՛ ձգէք, տկար լոյս մը ապահովութիւն կը ներշնչէ անոր:
– Հանդարտ եւ ժպտերես մաման կամ պապան աւելի դիւրին կը քնացնէ փոքրիկը, քան զայրացած ու ջղագրգիռ հայրիկը կամ մայրիկը:
Առողջապահական
Ի՞նչ Դիրքով Քնանալ, Եթէ…
Մարմնական որոշ ցաւեր աւելի եւս կը շեշտուին, երբ սխալ դիրքով կը պառկիք ու կը փորձէք քունի անցնիլ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք պառկելու հետ կապուած ճիշդ դիրքեր, որոնք ձեզ պիտի ձերբազատեն մարմնական այս կամ այն ցաւէն եւ պիտի օգնեն, որ հանգիստ քնանաք:
1.- Եթէ առտուները կռնակի ցաւով կ՛արթննաք, թելադրելի է, որ կռնակի վրայ պառկիք եւ բարձ մը զետեղէք ձեր ոտքերուն տակ` ձեր մարմնին բնական կորութիւն ձեւաւորելու համար: Եթէ կողմի վրայ պառկող էք, բարձը զետեղեցէք ձեր ոտքերուն միջեւ: Այս դիրքը որդեգրելով` կարճ ժամանակ ետք կ՛ազատիք կռնակի ցաւէն:
2.- Եթէ վիզի ցաւէ կը տառապիք, հրաժարեցէք կողմի վրայ պառկելէ եւ մէկէ աւելի բարձեր գործածելէ: Ջանացէք կռնակի վրայ պառկիլ եւ թեւերուն տակ մէկական բարձ զետեղել:
3.- Եթէ առտուները կ՛արթննաք ուսի ցաւով, դարձեալ կը թելադրուի կռնակին վրայ պառկիլ, որ, ըստ մասնագէտներու, քնանալու ամէնէն առողջ դիրքն է: Փորձեցէք բարձ մը զետեղել ձեր կուրծքին վրայ եւ անոր փաթթուած քնանալ:
4.- Եթէ դժուար քունի կ՛անցնիք կամ գիշերը յաճախ կ՛արթննաք, անջատեցէք ձեր բջիջային հեռախօսն ու համակարգիչը, քնանալէ առնուազն 6 ժամ առաջ հրաժարեցէք քաֆէին պարունակող խմիչքներէն: Նաեւ նուազագոյնի հասցուցէք ալքոլային խմիչքներու օգտագործումը, եւ վերջապէս` ննջասենեակին ջերմաստիճանը 20-ը չանցնի:
Ընթերցելը եւս լաւ տարբերակ է քունի անցնելու համար:
Որակեալ քունի նախապայմաններէն մէկն ալ բարձի ճիշդ ընտրութիւնն է. շատ տափակ կամ շատ թանձր բարձը վիզի, կռնակի եւ ուսի ցաւ կը պատճառէ, քանի որ ողնաշարը կը ձեւափոխուի: Լաւագոյնը միջին լուծումն է. այսինքն ընտրել բարձ մը, որ ողնաշարը հորիզոնական կը պահէ: Մենք անցեալ շաբթուան էջով նաեւ անդրադարձանք բարձի պիտանելիութեան ժամկէտին եւ շեշտեցինք, որ բարձը 2-3 տարին անգամ մը պէտք է փոխարինել նորով մը, քանի որ անիկա ժամանակի ընթացքին կը ձեւափոխուի եւ նպատակի չի ծառայեր:
Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, փետուրէ բարձերը աւելի յաճախ վիզի ցաւ կը պատճառեն, մինչդեռ «լաթեքս» տեսակները հանգիստ քնանալու լաւագոյն տարբերակներն են:
5 Լուսաւոր Գաղափարներ
1.- Կ՛ուզէ՞ք ձեր քափ քէյքերը փոշի շաքարով զարդարել, օգտագործեցէք «տանթել»-ի կտոր մը եւ տեսէք, թէ որքան գեղեցիկ արդիւնքի կը հասնիք:
2.- Գիրքէ քաղուած խոհագիր մը պիտի պատրաստէք, բայց գիրքը աշխատանքի սեղանին վրայ զետեղելու յարմարութիւն չունի՞ք եւ կ՛ուզէք, որ խոհագիրը ամէն գնով ձեր աչքին առջեւ ըլլայ… Օգտագործեցէք փէշի կամ տաբատի մղլակներով օժտուած կախիչ մը եւ ձեր հարցը դիւրաւ կը լուծուի:
3.- Աչքի շպարի մատիտին ծայրը չորցած ու կարծրացա՞ծ է, զայն հրահանի օգնութեամբ տաքցուցէք եւ ձեր հարցը անմիջապէս լուծուած համարեցէք:
4.- Ձեր ձեռքին տակ պզտիկ չափի «զիբլոք» տոպրակ չունի՞ք: Դանակին շեղբը կրակի վրայ տաքցուցէք եւ ապա տոպրակը ուղղահայեաց երկուքի բաժնեցէք: Ահաւասիկ արագ եւ գործնական լուծում մը:
5.- Ձեր բոյսերուն արմատները կը փտի՞ն առատ ջուրին պատճառով, թաղարներուն յատակին մէկ երկու սպունգ զետեղեցէք եւ հարցը կը լուծուի:
Սննդագիտական
Կարեւոր Է Իմանալ
Յաճախ կը լսենք, որ երեկոյեան ընթրիքը պէտք է ըլլայ թեթեւ, յատկապէս եթէ անոր յաջորդող ժամերուն մեր մարմինը շարժումի մէջ պիտի չըլլայ, ու կամաց-կամաց պիտի պատրաստուինք քնանալու: Ծանր ընթրիքը կը յոգնեցնէ մարսողական գործարանները եւ ուղղակիօրէն կ՛ազդէ մեր քունի որակին վրայ:
Իսկ ծանր ընթրիք ըսելով բնականաբար կը հասկնանք տապկոցները, իւղոտ մթերքները, հարուստ թացանները եւ այլն…
Կարեւոր է իմանալ, թէ մեր կերած մթերքներէն իւրաքանչիւրը որքա՛ն ժամանակ կ՛ուզէ մարսուելու համար: Ստորեւ` ցանկը.
– Հում բանջարեղէն 30-40 վայրկեան
– Եփած բանջարեղէն 40 վայրկեան
– Ձուկ 45-60 վայրկեան
– Հաւ 1,5 – 2 ժամ
– Կովու միս 3 ժամ
– Գառնուկի միս 4 ժամ
– Խոզի միս 5 ժամ
– Ձէթով աղցան 1 ժամ
– Պտուղի կամ բանջարեղէնի հիւթ 15 – 20 վայրկեան
– Ջուր անմիջապէս
– Պանրեղէն 2 ժամ
– Ընդեղէն 1,5 – 2 ժամ
– Ընկուզեղէն 3 ժամ
Խոհագիր
Դդումով Նախուտեստ
– 3 – 4 դդում
– 6 պճեղ սխտոր
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած սամիթ (կամ գինձ)
– Սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Բուսական ձէթ` տապկելու համար
Պատրաստութիւն
Դդումները 1.5 սմ հաստութեամբ կլոր կտրատել, երկու երեսով աղել եւ 20-30 վայրկեան սպասել, որպէսզի հիւթը դուրս գայ:
Մաքուր լաթի կամ թուղթէ թանձր թաշկինակի օգնութեամբ ցամքեցնել դդումները, երկու երեսով սեւ եւ կարմիր պղպեղ ցանել եւ քիչ մը ձէթի մէջ երկու կողմով տապկել, ապա փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել ճզմուած սխտորը եւ մանրուած ազատքեղն ու սամիթը (կամ գինձը) եւ դդումներուն ձէթին մէջ խառնուրդը 5 -10 վայրկեան տապկել: Կրակը անջատել, խառնուրդին 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ աւելցնել ու կրկին խառնել:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ շարել տապկուած դդումները, թեթեւօրէն աղել, վրան թափել թացանը եւ մատուցել:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Համեմներ
Այս երկարող, տաք ամրան,
անանուխն ու մանր ծոթրինը քաղեցի –
բուրմունքն անոնց հաճելի
մնաց երկու ափերուս:
Համեմներն այս չորցուելով`
ձմրան ցուրտին, սառերուն`
պիտի համ տան ու բուրմունք
սնունդին մեր կենսական`
յառաջիկայ
կարճ ու մթին օրերուն:
Արդ, ձեռքերուս, մատներուս
պիտի գտնեմ ջերմութիւնը այս ամրան,
դեռ հոտուըտամ
բոյրը թարմ ծոթրինի,
յուշերուն հետ գարուններուն
եւ անշուշտ
ամառներուն երբեմնի,
ապրուած հոն` ծովուն եզրին,
շրջապատուած` անտառներով շոճիի:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ