Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեան հեղինակն է բոլորիս սիրելի շատ մը արձաններու, ինչպէս` «Անուշ եւ Սարօ», Մարտիրոս Սարեանի յուշարձան, «Կարաբալա», «Տագնապ» խմբաքանդակ, Վազգէն Սարգսեանի յուշարձան (որ այժմ ոչնչացուած է Շուշիի մէջ) եւ այլն…
Տարիներ առաջ հարցազրոյցի մը առիթով քանդակագործը շեշտած է կնոջ կերպարով քանդակներու բացակայութիւնը, ըսենք սակաւութիւնը` Հայաստանի մէջ: Թոքմաջեանի կարծիքով, այս երեւոյթը պայմանաւորուած է պատուէրներու բացակայութեամբ: Իր օրինակէն մեկնելով` արուեստագէտը խոստովանած է. «Չեմ կարող հսկայական մի քար վերցնել, ամիսներ շարունակ դրա վրայ աշխատել եւ վերջում մտածել` սա ի՞նչ անեմ»:
Կատակելով` Թոքմաջեան եզրափակած է. «Հաւանաբար կնոջ կերպարով արձանները այսօր ո՛չ «վերեւիններին», ո՛չ «ներքեւիններին» չեն հետաքրքրում»:
Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք «Արմենուհի» քանդակը, որ ներկայիս կը գտնուի Երեւանի Սիրահարներու զբօսայգիին մէջ:
Քանդակին հեղինակը Հռիփսիմէ Սիմոնեանն է, որ զայն ստեղծած է 1968-ին: Անիկա մէկ անգամ ցուցադրուած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան ցուցասրահին մէջ, իսկ 2009 թուականին Սիմոնեանին ընտանիքը քանդակը նուիրած է Երեւան քաղաքին:
1,9 մ բարձրութեամբ կաւէ քանդակը օրին մեծ շուքով տեղադրուեցաւ Սիրահարներու զբօսայգիին մէջ` արուեստագէտին զաւակներուն, թոռնիկին, Երեւանի քաղաքապետին եւ Նկարիչներու միութեան նախագահին ներկայութեամբ:
«Սիրահարուած մարդիկ աւելի լաւ են գեղեցկութիւնը գնահատում: Իսկ Սիրահարների զբօսայգի գալիս են սիրահարուածները: Արուեստը պէտք է շփուի շրջապատի հետ, մարդկանց հետ` արուեստանոցում մնալու փոխարէն: Մօրս բոլոր գործերում նրա հոգեկան աշխարհն եմ զգում, ինձ համար հիմա նա ինձ հետ է», յայտնած է քանդակագործին որդին` ճարտարապետ Արծուին Գրիգորեան:
Հետաքրքրական
Ուրկէ՞ Ծագում Առած Է Հեմպըրկըրը
19-րդ դարուն Գերմանիայէն եւ արեւելեան Եւրոպայէն գաղթականներ կը հաւաքուէին Համպուրկ քաղաքը, ուրկէ կը մեկնէին Միացեալ Նահանգներ:
Համպուրկ – Նիւ Եորք նաւային գիծին վրայ կը մատուցուէր յատուկ ուտեստ մը` կովու մանրածոյ, ապխտած միսով, սոխով եւ կսկուծի փոշիով: Միսի այդ «կտորը» այդքան ալ համեղ չէր, բայց երկար ժամանակ պահպանուելու առաւելութիւնը ունէր, իսկ երկու կտոր հացի մէջ` շատ գործնական եւ յարմար էր նաւու վրայ ուտելու համար:
Այսպիսով, 19-րդ դարու դէպի Նոր աշխարհ եւրոպական գաղթի յաջորդած ալիքներուն շնորհիւ է, որ հեմպըրկըրը յաջողութիւն գտաւ ամերիկեան հողին վրայ: Սկիզբը շրջիկ առեւտրականներու կողմէ, Նիւ Եորքի նեղ փողոցներուն մէջ, ձեռքի վրայ վաճառուող հեմպըրկըրը շատ չանցած որդեգրուեցաւ Ուայթ Քասըլ (1921), ՄաքՏոնալտ (1952), Պըրկըր քինկ (1954) արագ սնունդի ցանցերուն կողմէ:
Այնպէս` ինչպէս հաթ-տոկը եւ գերմանական ծագումով այլ ուտեստներ, հեմպըրկըրը եւս բարձր ջերմուժ կը պարունակէ. ան չափազանց յագեցած է իւղերով եւ շաքարով, յատկապէս երբ նկատի առնենք անոր ընկերակցող հացը, պանիրը, թացանները եւ անբաժան տապկուած գետնախնձորը: Ինչ խօսք, եթէ ասոնց միացաւ կազաւորուած, սոտա խմիչքը…
Ամերիկացի երիտասարդութեան սոնքութեան գլխաւոր մեղադրեալներէն հեմպըրկըրը կարելի է «առողջապահական» ուտեստի մը վերածել` հետեւելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.
Ա.- Չչարաշահել անոր սպառումը:
Բ.- Բաւարարուիլ մէկ երես հացով:
Գ.- Տան պայմաններուն մէջ պատրաստել զայն` ընտրելով կարմիր միս:
Դ.- Միսին շերտերը խորովել չկպչող յատակով տապակի մէջ:
Ե.- Հրաժարիլ միսին երեսը զետեղուած պանիրի շերտէն եւ մայոնեզով ու կաղամբով պատրաստուած աղցանէն եւ նախընտրութիւնը տալ լոլիկի եւ հազարի շերտերուն:
Զ.- Հրաժարիլ կողքին մատուցուող տապկուած գետնախնձորէն (եւ կամ բաւարարուիլ 5 կտորով), ինչպէս նաեւ` կազաւորուած խմիչքներէն:
Այս պարագային միայն կրնաք առանց խղճի խայթ ունենալու եւ առանց յանցաւոր զգալու վայելել ձեր սիրելի հեմպըրկըրը:
Խոհանոցի Գաղտնիքներէն
Սխալներ, Որոնցմէ Ձերբազատելու Պարագային
Ձեր Կերակուրները Աւելի Յաջող Կ՛ըլլան
Նոյնիսկ եթէ վարպետ խոհարար չէք, պէտք է իմանաք, որ կան խոհարարական պարզ սխալներ, որոնք կրնան շատ դիւրաւ փճացնել բաղադրատոմսը, ձեզ աւելորդ ժամավաճառ ընել եւ քննադատութիւններու թիրախ դարձնել:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ճաշ պատրաստելու ամենատարածուած սխալներէն օրինակներ:
1
Շատ ընդհանրացած սխալ է եղինձ եփելու ժամանակ բրինձը խառնելը: Այդպիսով բրինձին հատիկները իրարու կը փակչին, եւ եղինձը կը դառնայ մածուկ: Խառնելու մէկ այլ անպատեհութիւնն ալ այն է, որ բրինձի որոշ տեսակներ դգալի հարուածներու տակ կը կոտրտին:
Ճերմակ բրինձը առանց խառնելու պէտք է եփել 15-25 վայրկեան (նայած տեսակին), իսկ շէկ բրինձը 45 վայրկեան` անշուշտ առանց խառնելու:
2
Ժամանակ եւ ջանք խնայելու համար որոշ տնային տնտեսուհիներ սառցարանէն հանուած միսը անմիջապէս եփելու կը սկսին: Նոյնիսկ եթէ միսի կտորը դուրսէն եփած երեւայ, մէջը հում կը մնայ:
Յանձնարարելի է սառցարանէն դուրս բերուած միսը եփելէ առաջ ամբողջ գիշեր մը սառնարանին վարի դարաններէն մէկուն վրայ փոխադրել, որպէսզի անիկա իր սկզբնական վիճակը գտնէ: Այսպիսով եփը աւելի համաչափ, իսկ միսը աւելի հիւթեղ կ՛ըլլայ:
3
Սոխ կտրատելու ատեն աչքերը սովորաբար կ՛արցունքոտին այն պարզ պատճառով, որ մենք սխալ ուղղութեամբ կը կտրատենք զայն: Սոխը պէտք է կտրատել սուր դանակով` հետեւելով անոր մանրաթելերու ուղղութեան, որոնք այն գիծերն են, որոնք կ՛անցնին արմատէն մինչեւ ցօղուն: Ասիկա լաւագոյն ձեւն է սոխ կտրատելու համար: Այս ձեւը կը կոչուի «ժիւլիեն»:
4
Սխալ է այն համոզումը, որ դդմաճի խաշի ջուրին ձէթ աւելցնելով կ՛արգիլենք, որ դդմաճի կտորները իրարու կպչին: Աղը այս դերը շատ լաւ կը կատարէ, մինչդեռ ձէթը կրնայ վնասել բաղադրատոմսին, քանի որ կը դժուարացնէ թացանին կպչունութիւնը դդմաճին վրայ:
5
Շատեր դդմաճի եփի ջուրը կը թափեն, մինչդեռ այդ ջուրով պատրաստուած թացանը հրաշալի թանձրութիւն եւ համ կը հաղորդէ:
6
Շատեր ինքնավստահութենէ մեկնելով, առանց համտեսելու, կը պատրաստեն իրենց կերակուրները: Նոյնիսկ եթէ բաղադրատոմսը հանրածանօթ խոհարարի մը գիրքէն քաղուած է, պատրաստութեան ընթացքին հարկաւոր է առնուազն մէկ անգամ զայն համտեսել` համեմներուն քանակը, եփի աստիճանը ստուգելու համար: Սեղան բերուելէ ետք, վերջին վայրկեանին աւելցուած համեմները կամ բաւարար չեփած կերակուրը քննադատութեան պիտի արժանանայ:
7
Ձէթի իւրաքանչիւր տեսակ ունի իր կիրարկութիւնը: Օրինակ` ձիթապտուղի ձէթը յանձնարարելի չէ տապկոցի համար, մինչդեռ անիկա շատ լաւ կը յարմարի թացաններու եւ հում ուտեստներու պատրաստութեան մէջ: Արեւածաղիկի ձէթը լաւ կը յարմարի տապկոցներու, ինչպէս նաեւ խմորներու պատրաստութեան մէջ: Գրեթէ նոյն յատկութիւնները ունի նաեւ եգիպտացորենի ձէթը: Վերջին երկուքը բարձր ջերմաստիճանի կը դիմանան եւ յանձնարարուած են մասնագէտներու կողմէ:
Խոհագիր
Փուռը Եփած Գետնախնձոր
Շերտուած եւ փուռը եփած գետնախնձորի այս բաղադրատոմսը շուէտական մասնագիտութիւն է եւ կը կոչուի «հասելպեք»: Համեղ եւ ախորժաբեր տեսքով այս գետնախնձորը կարելի է մատուցել մսեղէնի, ինչպէս նաեւ կանաչ աղցանի մը կողքին:
Բաղադրիչներ (4 անձի համար)
– 4 միջակ չափի պիրկ գետնախնձոր
– 4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 – 3 պճեղ սխտոր
– Աղ (նախընտրաբար աղի փաթիլներ)
– Անուշաբոյր խոտաբոյսեր` ուրց, խնկունի (ռոզմերի), թարխուն (էսթրակոն) եւ այլն…
– Սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Գետնախնձորները շատ լաւ լուալ, ի հարկին խոզանակել, ցամքեցնել եւ լայնքին շերտել 2 – 3 միլլիմեթր հաստութեամբ` առանց մինչեւ յատակ հասնելու: Շերտերը իրարմէ պէտք չէ բաժնուին:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել ձիթապտուղի ձէթը, խոտաբոյսերը (ինչ որ ձեռքի տակ ունիք) եւ ճզմուած սխտորը:
Շերտուած գետնախնձորները շարել փուռի ափսէին վրայ, վրձինի մը օգնութեամբ իւրաքանչիւրը առատօրէն ծեփել վերոյիշեալ թացանով, աղել, համեմել եւ շուրջ 40 վայրկեան փուռին մէջ եփել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:
Թացանին բաղադրիչներուն քանակը, ինչպէս նաեւ եփի ժամանակը կախեալ են գետնախնձորներուն տեսակէն եւ չափէն:
Փուռէն հանելէ ետք կարելի է կեռասի մեծութեամբ կարագի կտորներ հալեցնել իւրաքանչիւր գետնախնձորի վրայ եւ զարդարել մանրուած ազատքեղով:
*
* * *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խաբուածները
Մուրացկաններին տուեցինք մեր ձեռքերը եւ
Սրա-նրա առաջ ձեռք մեկնեցինք
Ստրուկներին տուեցինք մեր ոտքերը եւ
Սեփական ոտքով սպանդանոց գնացինք
Անհաւատներին տուեցինք մեր ականջները եւ
Մէկս միւսի ականջին ննջեցեալների աղօթքը մրմնջացինք
Ստորներին տուեցինք մեր աչքերը եւ
Ինչ-որ տեսանք մեր աչքից տեսանք:
ՎԱՀԷ ԱՐՄԷՆ