Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հոգեբաններու կարծիքով, կան մարդկային 4 զգացումներ, որոնք բացասական ազդեցութիւն կը գործեն մեր առողջութեան վրայ եւ կը խանգարեն մեր հոգեկան անդորրութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը:
Ուսումնասիրելով 2000 կամաւորներու 5 տարուան վրայ երկարող վարքն ու առողջական վիճակը` աւստրալիական հետազօտութիւն մը առանձնացուցած է մարդկային չորս զգացումներ, որոնք կը վնասեն մեր առողջութեան:
Նախանձը
Հոգեբաններու եզրակացութիւնները կը վկայեն, որ հարազատներու կամ անծանօթներու մշտապէս նախանձողները աւելի ենթակայ են սրտային հիւանդութիւններու: Անոնց մօտ հիւանդանալու հաւանականութիւնը 2,5 անգամ աւելի է` համեմատած անոնց, որոնք շրջապատին նկատմամբ ունին չէզոք կամ աւելի բարեացակամ վերաբերմունք:
Ագահութիւնը
Մարսողական դրութեան խանգարումները աւելի յաճախակի են այն անձերուն մօտ, որոնք անընդհատ նիւթական եկամուտ ստանալու մղումով կ՛առաջնորդուին: Ագահ մարդիկ յաճախ կը տառապին պուլիմիայէ կամ անորեքսիայէ:
Ինքնաքննադատութիւնը
Հետազօտութեան արդիւնքները կը վկայեն, որ երբ մարդ յաճախ ինքզինք կը մեղադրէ ու կ՛այպանէ, ակամայ կ՛աւելցնէ քաղցկեղով հիւանդանալու եւ հոգեկան խանգարումներէ տառապելու վտանգը:
Խղճահարութիւնը
Սեփական անձի նկատմամբ տեւական խղճահարութիւնը վնասակար է լեարդին: Երբ մարդիկ անընդհատ իրենք զիրենք զոհի կարգավիճակին մէջ կը զգան, անոնց մարմնին մէջ կը բարձրանայ ասեթիլքոլին կոչուած նիւթին քանակը. այս նիւթը ծանօթ է որպէս թուլութեան հորմոն, իսկ անոր բարձրացումը արեան մէջ շաքարի մակարդակի անկում կը պատճառէ:
Կաթի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Կաթը երկրագունդի ամենաշատ օգտագործուող եւ առողջարար մթերքներէն մէկն է: Կիրի բարձր պարունակութեան պատճառով անիկա յանձնարարելի է բոլորին: Բացի կիրէն` կաթը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ կենսանիւթեր, հանքայիններ, ճարպաթթուներ եւ այլն… Այս իսկ պատճառով կաթը կը պահպանէ մեր ոսկորները եւ կը նուազեցնէ օսթէոփորոզի վտանգը, կը վերականգնէ մկանները, կ՛ապահովէ հանգիստ քուն եւ տոկուն ակռաներ, կ՛ամրապնդէ դիմադրողականութեան համակարգը եւ այլն…
Կաթի օգտագործումը բոլորիս ծանօթ է խոհանոցին մէջ` կերակուրներու եւ աղանդերներու պատրաստութեան համար, բայց քիչեր ծանօթ են կաթի օգտագործման այլ տարբերակներուն. եկէ՛ք ծանօթանանք…
1.- Կաթը օգտագործեցէք մելանի եւ պտուղի արատները մաքրելու համար:
Գաղջ կաթի մէջ 1-2 ժամ թրջեցէք արատը, ապա ջուրով ցօղուեցէք եւ լուացքի մեքենայով լուացէք: Թէ՛ մելանի եւ թէ՛ պտուղի արատները պիտի չքանան:
2.- Կաթը օգտագործեցէք ձեր դէմքին շպարը եւ ընդհանրապէս մորթը մաքրելու համար:
Կենսանիւթերով, զինկով եւ փանթոթենիք թթուով հարուստ կաթը հիմնովին կը մաքրէ եւ կը թարմացնէ դէմքին մորթը:
3.- Կաթը օգտագործեցէք ձեր կօշիկներուն կաշիին երկրորդ կեանք մը տալու համար:
Փայլուն կաշին ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնէ իր փայլքը եւ նոյնիսկ կը ճաքճաքի. փափուկ լաթի կտոր մը թաթխեցէք գաղջ կաթի մէջ եւ շփեցէք վնասուած բաժինները: Չորնալէ ետք կաշին փայլեցուցէք փափուկ, չոր կտորով մը:
4.- Կաթը օգտագործեցէք բոյսերը թարմացնելու համար:
Ամրան եղանակի չոր օդն ու բարձր ջերմաստիճանը կը թմրեցնեն բոյսերը: Կիրով, փրոթէինով եւ Պէ. կենսանիւթով հարուստ կաթը կը լուծէ հարցը: Սփռիչ շիշի մէջ հաւասար քանակութեամբ ջուր եւ հեղուկ կաթ լեցուցէք եւ ապա ցօղեցէք ձեր բոյսերը:
5.- Կաթը օգտագործեցէք տան անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար:
Փոքրիկ փոս ամաններու մէջ հեղուկ կաթ լեցուցէք եւ տան տարբեր անկիւնները զետեղեցէք: Անշուշտ ասիկա ժամանակաւոր լուծում է, պէտք է փնտռել ու գտնել գէշ հոտին աղբիւրն ու պատճառը եւ մտածել արմատական լուծումներու մասին:
6.- Կաթը օգտագործեցէք յախճապակեայ սպասները մաքրելու համար:
Ժամանակի ընթացքին յախճապակեայ սպասները գոյն կը փոխեն, անոնց վրայ մակերեսային ճաքեր եւ արատներ կը գոյանան: Այս անպատեհութիւնը դարմանելու համար:
Կաթսայի մը մէջ կաթ եռացուցէք, վնասուած գաւաթը, պնակը կամ սափորը մէջը մխրճեցէք, թեթեւ կրակի վրայ կէս ժամ ձգեցէք եւ ապա ցօղուեցէք: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:
Ձեռային Աշխատանք
Ոչինչով Բան Մը Ստեղծենք
Ձեռային աշխատանքը ոչ միայն կը լեցնէ մեր ժամանակը, այլեւ կը զարգացնէ մեր երեւակայութիւնն ու ստեղծագործ միտքը եւ հոգեկան բաւարարութիւն ու խաղաղութիւն կը պարգեւէ մեզի:
Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք մոմով պատրաստուած 2 զարդեր, որոնց իրագործման համար ծախսալից գնումներ ընելու կարիքը չունիք: Ձեզի անհրաժեշտ են`


– Տափակ, կլոր մոմ մը,
– Սուրճի հատիկներ,
– Ընդեղէնի տեսականի (ինչ որ ձեռքի տակ ունիք),
– Սիրուն պնակ մը, խմիչքի բաժակ մը (ոտքով), կամ պարզապէս` պահածոյի ապակեայ շիշ մը:
Նկարները բաւարար խօսուն են, ձեզի կը մնայ գործի լծուիլ: Յաջողութիւն…
Հետաքրքրական
Պատկերաւոր Խօսքի Մը Պատմութիւնը`
«Աքիլլէսեան Կրունկ»
Դիցաբանութենէն, Աստուածաշունչէն եւ այլ աղբիւրներէ մեզի հասած են բազմաթիւ թեւաւոր խօսքեր, պատկերաւոր արտայայտութիւններ, ասացուածքներ, զորս գրաւոր կամ բանաւոր մեր արտայայտութիւններուն մէջ կ՛օգտագործենք` առանց միշտ ալ իմանալու, թէ անոնք ուրկէ՛ ծագում առած են:
Այսօրուան սիւնակով ծանօթանանք «Աքիլլէսեան կրունկ» (գարշապար) պատկերաւոր արտայայտութեան ծագումին:
Այս արտայայտութիւնը, որ փոխաբերական առումով թոյլ, տկար, խոցելի տեղ կը նշանակէ, ծագած է յունական դիցաբանութենէն: Հոմերոսի «Իլիական»-ի գլխաւոր հերոս Աքիլլէսի մարմնին վրայ մէկ խոցելի կէտ կար` կրունկը:
Կը պատմուի, թէ Աքիլլէսի մայրը` թեթիսը, որդին ձախ կրունկէն բռնելով սուզած է Սթիքս գետին մէջ` զայն անխոցելի եւ անմահ դարձնելու նպատակով: Սակայն անխոցելի Աքիլլէսը կռիւի ժամանակ կրունկէն վիրաւորուելով` կը մեռնի… Հետեւաբար ամէնէն ուժեղ ու անխոցելի մարդն անգամ ունի իր թոյլ, տկար կէսը` աքիլլէսեան կրունկը:
Խոհագիր
Պանանա Պրետ
Պանանա պրետը (պանանի հաց) ամերիկեան աղանդեր է: Ըստ պատմաբաններու, անիկա ամերիկեան խոհանոց մուտք գործած է 1930-ին, Մեծ անկումի օրերուն, երբ մսխումը թոյլատրելի չէր, եւ մարդիկ իրենց ունեցածը չթափելու, ընդհակառակը, օգտագործելու եւ նոր բան մը մէջտեղ բերելու ճիգի մէջ էին:
Համեղ եւ խնայողական ըլլալէ բացի` պանանա պրետ պատրաստելու համար նոյնիսկ ելեկտրական հարիչի կարիք չկայ:
Տարիներու ընթացքին այս աղանդերը տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ, մինչեւ իսկ փետրուար 23-ը հռչակուեցաւ պանանա պրետի ազգային օր:
Բաղադրիչներ
– 4-5 հասուն պանան
– 2 հաւկիթ
– 3 գաւաթ ալիւր
– 1.5 գաւաթ շաքար
– 2/3 գաւաթ հալած կարագ
– Պտղունց մը աղ
– Վանիլլա
– 1 թէյի դգալ սոտա
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 175 ջերմաստիճանով:
Կարագով ծեփել կարկանդակին կաղապարը:
Խորունկ ամանի մը մէջ պատառաքաղով ճզմել պանանները, մինչեւ որ միատարր եւ սահուն խիւսի մը վերածուին, ապա աւելցնել` կարագը, սոտան, աղը, շաքարը 2 զարնուած հաւկիթները, վանիլլան եւ վերջապէս` ալիւրը:
Բոլորը միասին խառնել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի: Զայն պարպել կարագով ծեփուած կաղապարին մէջ եւ եփել 50-60 վայրկեան:
Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ պաղի, ապա կաղապարէն հանել, շերտել եւ մատուցել:
Պանանա պրետի տարբերակները շատ են: Կարելի է բաղադրատոմսին աւելցնել չամիչ, ընկոյզ, տուրմի կտորներ եւ այլն…
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայերուս Թուքը
Դուն խելօք հաշուով վաճառական ես,
Միւլք, փող ու ապրանք, կ՛ասեն, շատ ունես.
Բայց թէ փողէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, փողիդ ալ վըրան:
Քաջ ես, լսել ենք, ինքդ մեծաւոր,
Անուն յաղթողի ունիս փառաւոր.
Բայց թէ թըրէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, թըրիդ ալ վըրան:
Ի վերուստ քանքար քեզի տուած է,
Հեղինակ անունդ աշխարհ փըռուած է.
Բայց թէ գըրչէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, գըրչիդ ալ վըրան:
Հեռատես մըտքով դուն զարդարեցար,
Հըզօր իշխանին սիրելի դարձար.
Բայց թէ մըտքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, մըտքիդ ալ վըրան:
Բանուկ ու ճարտար դուն ունիս ձեռքեր,
Շատ կը յօրինես թանկագին բաներ.
Բայց թէ ձեռքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, ձեռքիդ ալ վըրան:
Երկինք շնորհեցին քեզ լեզու ճարտար,
Քարոզչի ստացար հըռչակ ու հանճար.
Բայց թէ լեզուէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, լեզուիդ ալ վըրան:
Մեծ ուսում առիր, եղար գիտնական,
Գովքովըդ լըցուած է մարդոց բերան.
Թէ ուսումէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, ուսմանդ ալ վըրան:
Կու տամ քեզ պատիւ, կ՛ունենաս դու յարգ,
Ու կը դընեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրրանէդ մինչ ի գերեզման
Միակ ձըգտումըդ լինի Հայաստան:
ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ
(ԳԱՄԱՐ ԳԱԹԻՊԱ)
1878