Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Խնկունիին (հազրեվարդ) մշտադալար եւ անուշաբոյր խոտաբոյս մըն է, որ ծագում առած է Միջերկրական ծովու ափերէն եւ կ՛ախորժի տաք վայրերէն: Խնկունի կարելի է աճեցնել թէ՛ պարտէզը եւ թէ՛ թաղարի մէջ, ան քիչ խնամք պահանջող, բայց իր իւրայատուկ բոյրով եւ համով տարբերուող բոյս է:
Այսօրուան սիւնակով, եկէք, ծանօթանանք տան մէջ խնկունիի օգտագործման հետաքրքրական տարբերակներու:
– Ձիթապտուղի ձէթը համեմելու համար
Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ մէկ բաժակ ձիթապտուղի ձէթ լեցուցէք եւ կրակին վրայ տաքցուցէք այնքան մը, որ հազիւ գաղջ ըլլայ: Խնկունիի լուացուած եւ լաւ ցամքեցուած մէկ-երկու ճիւղ եւ քանի մը պճեղ սխտոր աւելցուցէք ձէթին վրայ եւ առնուազն 20 վայրկեան ձգեցէք, որպէսզի գաղջ ձէթը լաւ ներծծէ խնկունիին ու սխտորին համն ու բոյրը: Պաղելէն ետք ձէթը եւ մէջինները փոխադրեցէք ապակեայ շիշի մը մէջ եւ զայն օգտագործեցէք աղցաններու, մսեղէններու ու ձկնեղէններու պատրաստութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական պակեթ հացի շերտերը համեմելու` նախքան փուռի մէջ խորովելը: Կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշին մէջ այս ձէթը կը դիմանայ 2-3 ամիս, իսկ սառնարանին մէջ` 6 ամիս:
– Ծովու աղը համեմելու համար
Մեր օրերուն շատ ընդհանրացած է մեծ հատիկներով ծովու աղի գործածութիւնը: Այս աղը կարելի է խառնել խնկունիի ասեղնաձեւ տերեւներուն հետ եւ ստանալ անուշաբոյր համեմ մը: Պատրաստութեան համար 3 գաւաթ աղին խառնեցէք մէկ գաւաթ խնկունիի ասեղնաձեւ տերեւները (առանց ցօղուններուն): Խառնուրդը փոխադրեցէք չոր, ապակեայ, լայն բերանով շիշի մը մէջ, կափարիչը փակեցէք եւ առնուազն 2 շաբաթ սպասեցէք նախքան օգտագործելը:
– Կարագը համեմելու համար
Կա՞յ աւելի համեղ բան, քան սխտորով եւ խնկունիով համեմուած կարագը` խորոված հացի շերտերու կամ գետնախնձորի վրայ: Պատրաստելու համար 4 ապուրի դգալ կարագին (սենեակի ջերմաստիճանով) 1 ապուրի դգալ մանրուած թարմ խնկունի, 1 պճեղ ճզմուած սխտոր եւ քիչ մը սեւ համեմ աւելցուցէք, հարիչով կամ պատառաքաղով լաւ ճզմեցէք, մինչեւ որ միատարր խիւս մը ստանաք: Զայն տարածեցէք կերպընկալէ թուղթի վրայ եւ քիչ-քիչ ոլորելով` գլանի ձեւ տուէք եւ սառցարանը փոխադրեցէք: Կարծրանալէ ետք հանեցէք կերպընկալ թուղթը եւ օգտագործեցէք:
– Խմիչքները համեմելու համար
Ամառնային զովացնող խմիչքներուն` ալքոլային թէ պարզ, խնկունին իւրայատուկ բոյր եւ համ կը հաղորդէ: Մենք հակուած ենք անանուխի տերեւներ օգտագործելու, մինչդեռ կարելի է երբեմն զանոնք փոխարինել խնկունիի ճիւղերով:
– Մժեղները հեռու պահելու համար
Գաղտնիք չէ, որ մժեղները չեն ախորժիր խնկունիի հոտէն: Հետեւաբար ապակեայ շիշերու մէջ 3/4 ջուր լեցուցէք, ապա աւելցուցէք կիտրոնի 1-2 շերտ եւ թարմ խնկունիի ճիւղեր: Այս շիշերը աւելի եւս կը գեղեցկանան, եթէ անոնց մէջ մէկական ծփացող մոմ աւելցնէք:
Կենցաղավարական 10 Կանոններ
Կենցաղավարութիւնը պարզ ձեւականութիւն չէ, անիկա բաւական երկար ցանկ մըն է չափանիշներու, որոնք ստեղծուեր են, որպէսզի տարբեր մարդիկ իրենք զիրենք յարմարաւէտ զգան մեր ներկայութեան:
«Կենցաղավարութիւն» բառը թերեւս հնաոճ թուի ոմանց համար. ճիշդ է, որ շատ մը կենցաղավարական կանոններ այսօր ժամանակավրէպ դարձած են, բայց եւ այնպէս ժամանակին հետ այդ կանոններն ալ փոխուած ու զարգացած են:
Ստորեւ կը ներկայացնենք կենցաղավարական 10 կանոններ.
1
Սելֆիներ ընելէ առաջ հարցուցէք ձեր ընկերներուն` արդեօք կ՛ուզե՞ն նկարին մէջ յայտնուիլ. հաւանութիւն տալու պարագային, առիթ տուէք, որպէսզի անոնք պատրաստուին, չէ՞ որ բոլորս ալ կ՛ուզենք լաւ տեսք ունենալ նկարին մէջ:
2
Միշտ անջատեցէք ձեր բջիջայինին ձայնը, երբ կը գտնուիք թատրոնի, շարժապատկերի սրահի, գրադարանի, դասախօսութեան սրահի եւ այլ հաւաքական վայրերու մէջ:
3
Եթէ 5-րդ զանգէն ետք տուեալ անձը չի պատասխաներ ձեր զանգերուն, դուք պէտք է անջատէք ձեր բջիջայինը:
4
Երբ ձեր տունը հիւրեր ունիք, 2-3 վայրկեանէն աւելի մի՛ խօսիք ձեր բջիջայինով: Նաեւ անջատեցէք պատկերասփիւռը եւ հեռու մնացէք ձեր համակարգիչէն:
5
Ձեր տան մէջ երկու անձեր իրարու ծանօթացնելու ատեն, իւրաքանչիւրը ներկայացնելու պահուն պզտիկ տեղեկութիւն մը տուէք անոր մասին. «Ընկերուհիս` Շողերն է, ան անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի է»: Այսպիսով, անծանօթներէն իւրաքանչիւրը կը հասկնայ, թէ ի՛նչ մասնագիտութեամբ անձի հետ գործ ունի եւ զրոյցի համապատասխան նիւթեր կ՛արծարծէ:
6
Ձեր «ինսթակրամ»-ին մէջ «ֆէյսպուք»-ին վրայ օրական 3 նկարէն աւելի մի՛ տեղադրէք: 5 նկար կարելի է, եթէ արձակուրդի էք:
Ձեր յաճախած ճաշարաններուն եւ ճաշակած ուտելիքներուն նկարները համացանցի վրայ տեւաբար ցուցադրելը յաճախ անճաշակութիւն եւ անփափկանկատութիւն կը համարուի:
7
Հասարակական զուգարանէն ելլելէ առաջ բարեկիրթ մարդիկ անպայմանօրէն կը լուան իրենց ձեռքերը: Այսուհանդերձ, զուգարանի մուտքին մի՛ ձեռնուիք հանդիպած ծանօթին:
8
Եթէ շրթներկ կը գործածէք, վստահ եղէք, որ անիկա ձեր բաժակին վրայ անախորժ հետքեր պիտի չձգէ. ի հարկին, նախքան խմելը, ձեր շուրթերը մաքրեցէք թուղթէ թաշկինակով:
9
Տունը աշխատանքի վայրը, թէ այլուր կարելի չէ առանց դուռը զարնելու բանալ ու մտնել:
10
Ճաշարանը ըլլաք, թէ տունը, եթէ ձեր կերակուրի պատառը շա՛տ տաք էր, զայն մի՛ թքէք պնակին կամ անձեռոցին մէջ, պարզապէս ջուր կամ այլ պաղ խմիչք մը խմեցէք: Նոյնքան տգեղ է նաեւ փչելով ուտելը: Պարզապէս սպասեցէք, որ կերակուրը քիչ մը պաղի:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Ինչպէ՞ս Մաքրել Արիւնի Արատները
Թաց Արիւնի Հետքերը Մաքրելու Համար
Երբե՛ք տաք ջուրով չփորձէք մաքրել թաց արիւնի արատները: Տաք ջուրին հետ շփուելով` արիւնը աւելի եւս կը խրուի կտորին հիւսուածքին մէջ, եւ անկարելի կ՛ըլլայ զայն վերացնելը:
Թաց արիւնի բիծը միշտ մաքրեցէք պաղ ջուրով, ի հարկին` հագուստը կամ սաւանը ամբողջ գիշեր մը պաղ ջուրի մէջ թրջելով: Կրնաք նաեւ դիմել հետեւեալ հնարքներուն:
Ա.- Թաց արիւնին վրայ եգիպտացորենի ալիւր ցանեցէք, կրնաք նաեւ սովորական ալիւր կամ երեխաներուն համար օգտագործուող փուտր գործածել: Սպասեցէք, որ ալիւրը ամբողջութեամբ ծծէ արիւնը, ապա խոզանակեցէք:
Բ.- Թաց արիւնը կարելի է մաքրել աղի եւ պաղ ջուրի խառնուրդով: Լաւ թրջեցէք բիծը, սպասեցէք 10 վայրկեան, ապա պաղ ջուրով ցօղուեցէք:
Արիւնի Չոր Հետքերը Մաքրելու Համար
Ա.- Արիւնի չոր բիծը մաքրելու համար օգտագործեցէք ասփիրինը: Ջուրով եւ ասփիրինով թանձրուկ մը պատրաստեցէք եւ զայն տարածեցէք արատին վրայ: Սպասեցէք առնուազն քառորդ ժամ, ապա պաղ ջուրով ցօղուեցէք:
Բ.- Կիտրոնի հիւթ թափեցէք արիւնի արատին վրայ, 5-6 վայրկեան սպասեցէք, ապա ջուրով ցօղուեցէք:
Գ.- Ճերմակ քացախ թափեցէք արիւնի արատին վրայ, 5-10 վայրկեան սպասեցէք, ապա ջուրով ցօղուեցէք:
Ի՞նչ միջոցի ալ դիմէք, միշտ վերջաւորութեան լուացքի մեքենայով լուացէք ձեր հագուստը կամ սաւանը:
Խոհագիր
Ձիթապտուղով Հաց
– 1 գաւաթ կորիզը հանուած ձիթապտուղ (նախընտրաբար` սեւ եւ կանաչ)
– 1 ապուրի դգալ պղպեղի մածուկ (կէս կծու)
– 2 կանաչ սոխ` մանր կտրատուած
– 1/3 գաւաթ ընկոյզ մեծ կտրատուած
– Թարմ կամ փոշի վայրի ծոթրին, օրեկանօ, սուսամբար (ինչ որ ձեռքի տակ ունիք)
– Կարմիր փոշի պղպեղ
– 1 գաւաթ ալիւր
– 3/4 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1/4 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 1/4 գաւաթ նարինջի հիւթ
– Աղ
– 1 հաւկիթի դեղնուց
– Շուշմայ
Պատրաստութիւն
Փոս ամանի մը մէջ խառնել պէյքինկ փաուտըրը եւ աղը: Աւելցնել ձիթապտուղի ձէթը եւ մատներով խառնել, մինչեւ որ փխրուն խմոր մը ստացուի, ապա աւելցնել նարինջի հիւթը եւ շաղել: Ստացուած խմորը գունդի մը վերածել, երեսը ծածկել եւ ձգել, որ հանգչի 30 վայրկեան:
Երկրորդ ամանի մը մէջ պատրաստել միջուկը` խառնելով ձիթապտուղը, սոխը, պղպեղի մածուկը, ընկոյզը, կարմիր փոշի պղպեղը եւ ձեռքի տակ ունեցած թարմ կամ չոր խոտերը:
Խմորը գրտնակել, երեսը տարածել միջուկը, ապա ոլորել` ծայրամասերը լաւ սեղմելով: Խմորին երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել, շուշմայ ցանել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 35 վայրկեան: Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ պաղի, ապա շերտել ու մատուցել:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Չտեսնէի, մեր երդի ծո՛ւխ,
Քեզ կտրուած չտեսնէի:
Ա՜խ, մեր սիւնի ծունկը ծալուած,
Վիզը ծռուած չտեսնէի:
Չտեսնէի բակն` ամայի
Ու դռները` կրնկահան
Եւ գերանը` հասակով մէկ
Գետնին փռուած չտեսնէի:
Ա՜խ, եօթ գոյնի մամուռ հագած
Մեր երկանքի քարի վրայ
Քարմաղի խեմքն ունջը կերած
Ու խարխլուած չտեսնէի:
Խաչիպապի որդու, թոռան,
Թոռն-թոռան օրօրոցի
Փշրանքները նշխար-նշխար`
Փոշում ցրուած չտեսնէի:
Տան երդկալը` ցանկապատի
Ջարդ ու փշուր կողերի մէջ
Եւ բահն անտէր` խոպան մարգի
Հողում խրուած չտեսնէի:
Գայի, ճաքած շրթունքներով
Համբուրէի արցունքդ պաղ,
Ա՜խ, պապերիս ձեռքի սափոր,
Քեզ փշրուած չտեսնէի:
Իմ տնաւեր լաւից լաւեր,
Աչքս փակուէր մի բուռ հողով,
Ձեր այդքան թանկ անունները
Քարին գրուած չտեսնէի:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ