Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Journal of Clinical Microbiology»-ի կողմէ հրատարակուած հետազօտութիւն մը կը հաստատէ, որ լոգանքի համար նախատեսուած սովորական, ցանցաձեւ սպունգը մանրէներու բազմացման լաւագոյն վայրն է:
Մաշկաբան Մեթիու Նայթը դէմ է նման սպունգի օգտագործման եւ կը պնդէ, որ նմանատիպ սպունգները աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն մարմնին, քան` օգուտ:
Մաշկաբանին կարծիքով, մարդիկ լոգանքէն ետք սպունգը կը ձգեն բաղնիքը` խոնաւ եւ տաք միջավայրի մէջ, ուր իսկական վայր է մանրէներու բազմացման: Իսկ մենք ամէն անգամ, որ լոգանքի կը մտնենք եւ կ՛օգտագործենք այդ ցանցաձեւ սպունգները շփելով մեր մարմնի զանազան մասերը, այդ մանրէները կը թափանցեն մեր մարմնի ացքերուն մէջ` պատճառ դառնալով զանազան վարակներու եւ մորթային բորբոքումներու:
Եզրափակելով` Մեթիու Նայթ եւ անոր գործընկերները կը յորդորեն հրաժարիլ նման սպունգներէն, իսկ անոնց փոխարէն օգտագործուող սովորական սպունգն ալ օգտագործել առաւելագոյնը 1 ամիս:
Իսկ եթէ չէք հրաժարիր մեր ցանցաձեւ սպունգէն ապա լոգանքէն ետք մանրակրկիտ լուացէք եւ ցամքեցուցէք զայն ոչ թէ բաղնիքը, այլ բացօթեայ` արեւին տակ:
Բնական Պարարտանիւթեր
Տան Բոյսերուն Համար
Ինչո՞ւ մեծ գումարներ ծախսել շուկան վաճառուող թանկարժէք եւ քիմիական պարարտանիւթերու վրայ, երբ տունը, մեր ձեռքին տակ ունինք բնական եւ աժան պարարտանիւթեր` մեր բոյսերուն աճը եւ արագ ծաղկումը ապահովելու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սենեկային բոյսերու բնական պարարտանիւթեր:
– ՓԱՅՏԻ ՄՈԽԻՐ-ը շատ յարմար է բոյսերու սնուցման եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար: 1 ապուրի դգալի վրայ 1 լիթր տաք ջուր աւելցուցէք եւ լեցուցէք կափարիչով օժտուած շիշի մը մէջ: Սպասեցէք 1 շաբաթ: Շիշը պարբերաբար ցնցեցէք: Այս թուրմով բոյսերը ջրեցէք 10 օրը անգամ մը:
– ՍՈՒՐՃԻ ՄՐՈՒՐ-ը եւս սքանչելի պարարտացուցիչ է, պարբերաբար ապուրի 1-2 դգալ լեցուցէք բոյսի գլխաւոր ցօղունի շուրջ եւ ջրեցէք: Սուրճի մրուրին հոտը նաեւ կը հեռացնէ որոշ թռչող միջատներ եւ որդեր:
– ՀԱՒԿԻԹԻՆ ԿԵՂԵՒ-ը կիրով հարուստ է, իսկ կիրը անհրաժեշտ հանքային մըն է բոյսերուն համար: Հաւկիթին կեղեւը փշրել, ապա փշուրները տարածել բոյսի գլխաւոր ցօղունին շուրջ եւ հողին հետ խառնել:
– ՊԱՆԱՆԻՆ ԿԵՂԵՒ-ը շատ հարուստ է փոթասիոմով, ֆոսֆորով եւ կիրով: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր բոյսերը առողջ աճին ու ծաղկին, պանանի կեղեւը մանր կտրատեցէք եւ թաղեցէք բոյսին գլխաւոր ցօղունին հողին մէջ: Կարելի է նաեւ ջուրի մէջ թրջել պանանի կեղեւները եւ 3 օր վերջ ջուրը օգտագործել բոյսերը ջրելու համար:
ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՆԵՐՈՒ ԵՓԻ ՋՈՒՐԵՐ-ը երբեք չթափէք, ձգեցէք, որ պաղին, ապա ջրեցէք ձեր բոյսերը: Այսպէս, գետնախնձորի, լուբիայի, ստեպղինի, բայց նաեւ դդմաճներու եւ բրինձի եփի ջուրերը չափազանց հարուստ են կենսանիւթերով եւ հանքայիններով: Զանոնք օգտագործելու պարագային վստահ եղէք, որ չափազանց աղի չըլլան:
ԷՓՍՈՄ ԱՂ-ը չափազանց հարուստ է մակնեզիոմով եւ ծծումբով: Բաւարար է, որ 4 լիթր ջուրի մէջ 1 ապուրի դգալ էփսոմ աղ լուծէք եւ պարբերաբար ձեր բոյսերը ջրէք այդ լծոյթով:
Ձեռային Աշխատանք
Սեղանի Զարդեր
Ամառնային բացօթեայ երեկոյեան ընթրիքներն ու հաւաքոյթները չեն ամբողջանար առանց գեղեցիկ ու նրբաճաշակ մոմակալներու:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 4 հետաքրքրական սեղանի մոմակալ¬զարդեր, որոնց պատրաստութիւնը ձեզմէ երկար ժամանակ չի խլեր, իսկ բաղադրիչները առհասարակ ձեռքի տակ գտնուող իրեր են` տափակ, կլոր մոմեր, կիտրոնի շերտեր, ներկայանալի բաժակներ, կասիա, աստղանիսոն, խնձոր, խճաքարեր եւ այլն…




Ներկայացուած չորս նկարներն ալ բաւարար խօսուն են, եւ բացատրութեան չեն կարօտիր: Ընտրեցէք ձեր սրտին խօսողը եւ գործի անցէք` զարմացնելու համար ձեր հիւրերը:
Հետաքրքրական
Պատկերաւոր Խօսքի Մը Պատմութիւնը`
«Սիզիփոսեան Աշխատանք»
Դիցաբանութենէն, Աստուածաշունչէն եւ այլ աղբիւրներէ մեզի հասած են բազմաթիւ թեւաւոր խօսքեր, պատկերաւոր արտայայտութիւններ, ասացուածքներ, զորս գրաւոր կամ բանաւոր մեր արտայայտութիւններուն մէջ կ՛օգտագործենք` առանց միշտ ալ իմանալու, թէ անոնք ուրկէ՛ ծագում առած են:
Այսօրուան սիւնակով ծանօթանանք «Սիզիփոսեան աշխատանք» պատկերաւոր արտայայտութեան ծագումին:
Այս արտայայտութիւնը փոխաբերական առումով տաժանակիր, յոգնեցուցիչ, անվերջ, ապարդիւն աշխատանք կը նշանակէ, ծագած է յունական դիցաբանութենէն:
Կը պատմուի, որ Կորնթոսի թագաւոր Սիզիփոսին իր վայրագութեան եւ դաժանութեան պատճառով աստուածները դատապարտեր էին դժոխքին մէջ հսկայ, ծանր քար մը գլորելով լերան գագաթը բարձրացնել, սակայն քարը տեւաբար դէպի վար կը գլորէր: Այդ ապարդիւն աշխատանքը անդադար կը կրկնուէր:
Խոհագիր
Սեխի Մրգանուշ (Քոմփոթ)
– 2 սեխ
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 100 կ. փոշի շաքար
– Կասիայի փայտիկ մը
– 2 մեխակի գամ
– 1 աստղանիսոն
Պատրաստութիւն
Սեխերը փոքր, խորանարդաձեւ կտրատել, աւելցնել` կիտրոնի հիւթը, կասիան, շաքարը, մեխակի գամերն ու աստղանիսոնը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 10-15 վայրկեան` պարբերաբար խառնելով:
Խառնուրդը կրակին վրայէն վերցնել, հանել կասիան, մեխակի գամերն ու աստղանիսոնը, իսկ մրգանուշը լեցնել ապակեայ բաժակներու մէջ եւ մատուցել գաղջ կամ պաղ:
Սեխ Ուտելու
6 Համոզիչ Պատճառներ
1.- 90 առ հարիւր ջուրով յագեցած սեխը զովանալու եւ ջրազրկումէ պաշտպանուելու յարմարագոյն պտուղն է: Այլ պտուղներու համեմատած` անիկա քիչ շաքար եւ ջերմուժ կը պարունակէ:
2.- Սեխին նարնջագոյն գոյնը անմիջապէս կը յուշէ, որ անիկա քարոթենոիտներով հարուստ պտուղ է եւ հետեւաբար քաղցկեղէ պաշտպանելու յատկութիւն ունի:
3.- Կիրի բաւական բարձր տոկոսով սեխը նաեւ կ՛ամրապնդէ մեր ոսկորները, ակռաներն ու եղունգները` ապահովելով անոնց առողջ աճը:
4.- Ինչպէս քաղցր բանջարեղէններու մեծ մասը (ստեպղին, քաղցր գետնախնձոր…) սեխը եւս հարուստ է պեթա¬քարոթենով` գունանիւթ, որ առանձնայատկութիւն ունի պաշտպանելու մեր յօդերը բորբոքային հիւանդութիւններէ եւ արթրիտէ:
5.- Սեխը օգտակար է մեր տեսողութեան. ան կը պաշտպանէ մեր աչքերուն ցանցաթաղանթը:
6.- Սեխը հարուստ է մանրաթելերով, որոնք կը կանոնաւորեն աղիքներուն աշխատանքը եւ կը բուժեն փորկապութիւնը:
***
Շաբթուան Մտածումը
Ա՛զգ,
Կռուէ՛ ամբողջութեամբը քու միսերուդ:
Եթէ միսերդ ինկան պատառ¬պատառ,
Կռուէ դնդերներո՛վդ, ջիղերո՛վդ, երակներո՛վդ:
Եթէ Պայքարը զանոնք լափեց`
կռուէ ոսկորներո՛վդ:
Եթէ ոսկորներդ փշրուեցան, կռուէ ծուծո՛վդ:
Եթէ ծուծ չմնաց, կռուէ աճիւններո՛վդ:
Եթէ ասոնք ալ տարտղնուեցան, կորսուեցան,
չքացան, այն ատեն կռուէ՛, ազգ,
Հերոսո՛վդ:
ՇԱՀՆՈՒՐ
Երէկ (3 օգոստոս 1903) գրագէտ Շահան Շահնուրի ծննդեան օրն էր: